Ինքնաքննադատութեան եւ ինքնասրբագրումի հրամայականը

Պետրոս Մանուկեան

Այս գրութեան նպատակը հայերուս մէջ որպէս ազգ ո՛չ նուաստացման կամ բարոյալքման, ո՛չ ալ ազգային հպարտութեան կորուստի զգացումներ յառաջացնելն է, բայց ազգային մակարդակի վրայ կրնայ ցաւի, ափսոսանքի եւ ինքնաքննադատութեան զգացմուներու տեղիք տալ: Ցաւ զգալը առողջ հայրենասիրութեան եւ ազգային հպարտութեան առկայութեան նշան է: Այս ցաւին բացակայութիւնը մտահոգիչ է, որ կրնայ ազգային գիտակցութեան բացակայութեան մասին վկայել, որովհետեւ ցաւը կեանքի նշան է: Այս յօդուածին նպատակը արժէքներ իմաստազրկել չէ, Այս յօդուածին հիմնական նպատակն է բարձրացնել ազգային իրազեկութիւնը, անշուշտ եթէ անոր պատրաստակամութիւնը կայ:

Նախակրթարանի տարիներուն կը սիրէի հայոց պատմութեան պահը, մանաւանդ անսահման ուրախութեամբ կը լեցուէի, երբ հայերը շարունակ կը յաղթէին: Կը յիշեմ դրուագ մը, երբ հայերը դժուարութիւններու կը հանդիպին, որպէս բացառութիւն, խորամանկ մարտավարութիւն մը կը կիրարկեն թննամիին բերդը մտնելու համար: Սակայն նման բացառութիւններ հազուադէպ են մեր պատմութեան մէջ: Հայերը ընդհանրապէս յաղթած են հայոց պատմութեան դասագիրքերուն մէջ: Հպարտ կը զգայի: Այս բոլորը բնական են մանկութեան տարիներուն: Լաւ է լսել յաղթանակներու պատմութիւններ, որոնք քեզ կը լեցնեն ազգային հպարտութեան զգացումով: Հպարտութիւնը, յաղթանակն ու փառքը հայոց պատմութեան գիրքերը բնորոշ գիծերն են մանուկներուն համար:

Ժխտական ոչինչ կայ հայուն ինքնավստահութիւնը, հպարտութիւնն ու կորովը բարձրացնելու միտող կրթութեան մէջ, այնքան ատեն որ ան կը զարգանայ զուգահեռ մեր աճումին եւ հասունութեան: Այլ խօսքով, սպասելի է որ տարիքին զուգահեռ զարգանայ նաեւ մեր իրապաշտութեան, գործնապաշտութեան եւ քննական մտածողութեան յատկութիւնները: Դրական ու լաւատես աշխարհահայացք ունենալը քաջալերելի երեւոյթ է: Սական, երբ ան կը վերածուի երեւակայութեան ու պատրանքի, ուր մենք կը սկսինք հաւատալ, որ անպարտելի ենք, անթերի եւ կատարեալ, ու կարիք չկայ մեր սխալները տեսնելու եւ աշխատելու անոնց սրբագրութեան վրայ, ճիշդ այդ ժամանակ կը սկսին հարցերը բարդանալ:

Երբ կ’ենթադրենք, որ բարեփոխութեան կամ ինքնասրբագրումի կարիք չունինք, լաւատես ըլլալը թէեւ դրական երեւոյթ է, բայց գործնական, իրապաշտ աշխարհին մէջ միշտ պէտք է ակնկալել վատը եւ նաեւ պատրաստ ըլլալ անոր: Ահա թէ ինչպէ՛ս մենք կրնանք ամրապնդել մեր դիմադրելու կամքը եւ երաշխաւորել մեր ապահովութիւնը: Անսխալական ըլլալու այս մօտեցումը բազմաթիւ հայերու մէջ ստեղծած է չափազանց յամառութեան, կոյր ինքնավստահութեան եւ ծայրայեղ աշխարհահայեացքներու վիճակ մը: Այս ընդգծումը ոչ միայն կը վերաբերի կոյր ինքնավստահութեան, այլ՝ նաեւ յամառ ինքնահաւանութեան, որ դիւրութեամբ կը վերածուի ունայնութեան եւ ունայն փառատենչութեան, իր կարգին յանգելու ճկունութեան եւ հանդուրժողականութեան բացակայութեան:

Նայինք մեր պատմութեան գիրքերուն, մեր քաղաքական կեանքին եւ մեր հաստատութիւններուն: Կրնա՞ք որեւէ տեղ ինքնաքննադատութեան երեւոյթի մը հանդիպիլ: Արդեօ՞ք մենք կ’ընդունինք մեր թերութիւններն ու սխալները: Ի վերջոյ, մենք մարդ ենք: Արդեօ՞ք հայկական սփիւռքի եւ հանրապետութեան մէջ քաղաքական բանավէճը ընդհանրապէս չէ զարգացած մէկը միւսը մեղադրելու վարքագիծով: Նայինք մեր Ազգային ժողովի նիստերուն. հիմնական թեման զիրար մեղադրելն է: Նայինք սփիւռքահայ հրատարակութիւններուն. տասնամեակներ շարունակ միայն զիրար մեղադրած են: Սակայն, այդ բոլոր տարիները, տասնամեակները բաւարար չեն եղած անդրադառնալու, որ գիտական, իրապաշտ եւ առարկայական քննարկումներ անհրաժեշտ են յառաջ երթալու համար:

Այցելեցէք այսօր Երեւանի Օփերայի հրապարակը եւ պիտի նկատէք, որ ամէնէն աշխոյժ մեքենան կռփելու սարքն է: Մարդիկ կարգի կեցած են բռունցքով գնդակը հարուածելու եւ իրենց ուժը ցուցադրելու համար. ենթագիտակցային ինքնազօրութեան խաբկանքի նոյն արտայայտութիւնը: Նկատի առնենք մեր յեղափոխական երգերը, ուր մեր «ֆետայական խումբերը» կը ներկայացուին աւելի զօրաւոր քան օսմանեան բանակը, որ ենթադրաբար սարսափած էր հայու ուժէն: Սակայն մենք ցեղասպանուեցանք, տարագրուեցանք եւ կորսնցուցինք Արեւմտեան Հայաստանը: Բայց եկէք ըլլանք անկեղծ, Այս բոլորէն աւելի քան հարիւր տարի ետք, ի՞նչ փոխուած է մտածելու մեր ձեւին եւ պատմութենէն դասերը քաղելու մեր վարքագիծին մէջ:

«Մենք ամէնէն զօրաւոր բանակը ունինք Անդրկովկասի մէջ», «մեր քաջարի հայ զինուորը կը գերազանցէ վախկոտ թշնամին», «նոր պատերազմ. նոր տարածքներ». այս կարգախօսերը կը կրկնուէին, մինչեւ եկաւ 44-օրեայ պատերազմը, եւ 43 օր շարունակ քարոզեցինք որ մենք յաղթական ենք:

Այս երեւոյթը բացառապէս սահմանափակուած չէ ընդհանրապէս քաղաքական կամ քաղաքական ղեկավարութեան մակարդակներով: Ան խորապէս արմատաւորուած է հայուն բնաւորութեան մէջ՝ թէ՛ Հայաստան ծնած արեւելահայուն, թէ՛ սփիւռքի արեւմտահայուն, թէ՛ հայրենադարձին: Օրինակ, ան սերտօրէն կ’առնչուի լիբանանահայերու մէջ զարգացած «մենք ամէն ինչ գիտենք» յամառ միտումին եւ Հայաստանի մէջ «մենք ամէն ինչ պատկերացուցած էինք» համոզումին:

Հայաստանի մէջ յաճախ կը լսենք քննարկումներ եւ անոնց եզրակացութիւնները, որոնց տէրերը կը պնդեն թէ անոնք հիմնուած են միջազգային չափանիշներով «հաստատուած փաստեր որոնող ուղեցոյցներու վրայ»: Այնուամենայնիւ, ոչ ոք երբեւէ չէ տեսած կամ կարդացած այդ ուղեցոյցները: Բազմաթիւ լիբանանահայեր իրենք զիրենք կը համարեն ռազմագէտներ եւ քաղաքական վերլուծաբաններ: Անոնք կը պնդեն, որ քաջ ծանօթ են ամենամութ գաղտնիքներուն: Անոնք ձեզի կ’ըսեն, թէ Լիբանանի ո՞ր քաղաքական գործիչը CIA, KGB, մասոն, իլիւմինաթի է, կամ նոյնիսկ Տաէշի գործակալ: Անոնք այս նշեալ կազմակերպութիւններուն մասին անքան մանրամասնութիւններ կը պատմեն, կարծէք իրենք ստեղծած ըլլան զանոնք…

Այս բոլորը չենք նշեր պարզապէս քննադատելու սիրոյն, այլ մտահոգիչ երեւոյթ մը ընդգծելու նպատակով, որ լաւապէս կ’արտայատուի նաեւ Վահէ Պէրպէրեանի ներկայացումներէն մէկուն մէջ՝ յամառ «Պարոն Կարպիս» տիպարին ընդմէջէն:

Պէտք է ըլլանք զգոյշ եւ զգոն: Այս յամառ ինքնագնահատանքն ու մտածելակերպը մեզ կ’առաջնորդեն, առաջնորդած են արդէն դէպի քաղաքական տհասութիւն ու տգիտութիւն: Զարմանալի չէ, որ մենք ունինք կազմակերպութիւններու կոյր հետեւորդներ, դիւրութեամբ շահագործուող զանգուածներ, հանդուրժողականութեան պակաս, ծայրայեղականութեան պատրաստակամութիւն եւ քաղաքական ձախաւեր կազմակերպութիւններ ու առաջնորդներ:

Հետեւա՞նքը. հիասթափութիւն, այլամերժութիւն եւ իրարու հետ խօսելու ու զիրար հասկանալու դժուարութիւն…. եւ…այսքան շատ պարտութիւններ ունեցող ժողովուրդ մը:

Առաջին քայլը գիտակցիլն է, որ մենք բազմաթիւ թերութիւններ ունեցող ժողովուրդ ենք, եւ ոչ թէ գիտակցելու սիրոյն, այլ զանոնք սրբագրելու նպատակով:

Չմոռնանք՝ մենք ո՛չ Superman ենք, ո՛չ ալ նմանելու փորձ պէտք է կատարենք….

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x