Երբ Պոլիսէն հեռանամ մայրենի լեզուիս կարիքը աւելի զգալի կ'ըլլայ, որովհետեւ օտար մըն եմ, սակայն օտար երկրի մէջ աւելի հարազատ եւ գիտակից եմ ինքնութեանս քան Պոլսոյ մէջ... այլեւս:
Որոնման այս խուլ, մութ ճանապարհին,
մարդը նշոյլ մ՛՛է լոյսի կարօտով տարուած
իր ծնեալ օրէն․․․․
«Բարի լոյս»ը սուրբ
Իր իսկ հարազատ լոյսէն խաթարուած
դիմակով ծածկուած
ծախու է հանուած․․․
Կ՛աղօթեմ, Տէ՜ր, որ ծառերը չմահանան…
Կ՛աղօթեմ, Տէ՜ր, որ սէրերը չմահանան…
Կաթիլներու ջուրին նման
Ճամբաները կարծես կենդանի էջեր են, ուր գրականութիւնը, արուեստը եւ մշակոյթը իրենց բոյրը կը տարածեն քաղաքին իւրաքանչիւր անկիւնը։ Կը մտածես, թէ այս քաղաքը միայն քար ու շէնք չէ, այլ՝ ինքնութեանդ հայելին։
Ժպտեցայ՝
երբ շատեր կը սպասէին
որ անկումս պոռթկում ըլլար։
Աղօթքներուս թեւերով ճախրեցի,
նոր հորիզոններ նուաճեցի,
վշտի ծիծաղը ինծի ընկեր դարձուցի։
Խանդավառութեամբ մտայ առաջին խանութը եւ, նկատելով, որ ոչ ոք հայերէն կը խօսէր վաճառորդին հետ, պարզապէս ըսի՝ «Պատտի քիլօ նուշ» (արաբերէն՝ մէկ քիլօ նուշ կ՚ուզեմ)՝ առանց գիտնալու նուշին արաբերէն չըլլալը։
Օրօրալէն, շորորալէն
Նախշուն թերթը
Աշնան ծովէն
Թելիկ-մելիկ
Դողաց հովէն։
Լուռ արտասուեց
Կը սպասեմ աշնան
Տերեւաթափի
Քնքուշ արեւին։
Քիչ-քիչ կը մարին
Հազար երանգով
Յոյզերս գինով։
Թէեւ դողահար
Հաւատամք՝
Ի մի հայրենիք՝ կոչեալ Հայաստան
Եւ՝
Ի մի Հայութիւն՝ կոչումով յաւերժութիւն։
Հաճի Մարտիրոս կը ծեծէր իր թոռը: Կը պակսէին տուփ մը լուցկի եւ տուփ մը ծխախոտ: Չարաճճի ստահակը զանոնք ծախած ու պտուղ գնած ըլլալու էր:
Վարագոյրը փակուելէ ետք, հանդիսատեսը իր հետ տարաւ երկու մտածում. Երբեմն մարդը կը կորսնցնենք շատ աւելի առաջ, քան՝ անոր ֆիզիքական բացակայութիւնը, իսկ երբ բառերը խամրին՝ սէրը կը մնայ։
Գիրքերը մեր անխոնջ ուսուցիչներն են, որոնք մեզի քայլ առ քայլ կը մօտեցնեն մեր աւելի լաւ տարբերակին։ Գիրք կարդալը հոգիի զրոյցն է աշխարհին հետ, ուր ամէն մէկ բառ արտացոլումն է մեր մտածումներուն:
Պուրճ Համմուտը կը սկսէր մեր ապրած թաղէն երկու փողոց ետեւ գտնուող շոգեկառքի երկաթուղագիծէն եւ կը հասնէր Պուրճ Համմուտի կողքով անցնող Պէյրութ գետի կամուրջին սկիզբը:
Աշնան թռչկան տէրեւներ,
Գունաւորում էք հոգիս․
Ինչպէս որ նա դիւթիւմ էր,
Արեւ դառնում օրերիս:
Ուրկէ՞ եկայ եւ ու՞ր կ՛երթամ․․․
Ես չեմ գիտեր
Անորոշէն դէպ անորո՞շ,
Անսահմանէն դէպ անսահմա՞ն,
Սկիզբէն որ միայն վերջո՞վ կը սահմանուի։
Գրողին սրտառուչ յուշագրութիւնները անմոռանալի օրերու եւ մարդը իսկական մարդ դարձնող աստուածային սիրոյ մասին՝ կը լրացնեն Աստուածաշունչի էջերէն վերցուած ծանօթ եւ ուսանելի սիրային պատմութիւնները:
Դերակատարները ամբողջովին կը գործէին որպէս մէկ ներդաշնակ միաւոր՝ սիմֆոնիք նուագախումբի նման, թէեւ իւրաքանչիւր կերպար իր էութեամբ անջատ հերոս (գործիք) էր։
Կար մեր մանկութեան հռչակաւոր վախը՝ մուկերու սենեակը, որով ոչ միայն մեր մանկութեան ուսուցիչները մեզ կը սպառնային, այլ նաեւ մեր մեծերը, երբեմն ալ դժբախտաբար մեր ծնողները:
Մեղեդի մը քնքուշ, անուշ ու հոգեթով,
Կը շոյէ լարերը հոգիին կենսաթռթիռ,
Շունչը կը դառնայ թեթեւ թռիչքի թով,
Եւ կը ցրէ սէր, հրապոյր ու գորով։
Իբրեւ լոյսի նման ճշմարտութիւն,
Առանձնութիւնս ջերմացնող,
Ժպիտդ միշտ փնտռեցի
Ու չգտայ:
Այս դէպքերէն մէկուն ականատես ու ականջալուր ըլլալով, կը ներկայացնեմ այն մօր պատկերը, որուն զաւակը թիրախ դարձած էր դարանակալ փամփուշտի մը:
Անեթեթի եւ հեգնանքի միջոցով, Վաչէ Ատրունի ոչ միայն կ՚արտացոլէ ճակատագրով մերժուած անհատներու հոգեվիճակը, այլ նաեւ ամբողջ ընկերութեան հոգնածութիւնն ու հոգեմտաւոր դատարկութիւնը։
Մեծ խանդավառութեամբ կարդացի ելեկտրոնագիր «Արարատ» երկօրեայ թերթի 27 Մարտ 2025 թիւը։ Բայց ի՞նչն է յատկանշականը այդ թիւի բովանդակութեան մէջ, որուն ուզեցի անդրադառնալ։ Պատասխանը շատ պարզ է։
ԿԵԱՆՔԸ՝ Ապրում է…
Ապրիլ է պէտք կեանքը՝
ինչպէս աղբիւրը առատ,
ինչպէս ծառը կենարար,
ինչպէս անձրեւը օրհնաբեր։
