Հայելին

Ամէն առտու
ան կը կանգնի հայելիին դիմաց,
ինչպէս մեղաւոր մը՝
դատաւորին առջեւ՝ լուռ։

Հայելին ոչինչ կ’ըսէ։

Բայց անոր լռութիւնը
երբեմն աւելի ծանր է
քան ամենադաժան բառերը։

Ան կը նայի աչքերուն,
ու կը թուի,
թէ ուրիշ մէկը
ներսէն կը նայի իրեն։

Ո՞վ է ան։

Այն մա՞րդը,
որ տասնամեակներ առաջ
կը կարծէր,
թէ ժամանակը անսպառ էր,
եւ թէ կեանքը
մի՛շտ պիտի սպասէր իրեն։

Թէ՞ այս մէկը,
որ սորվեցաւ ժպտիլ մարդոց,
մինչ իր հոգին
կամաց-կամաց
կը մարէր լուռ։

Հայելին գիտէ
անոր բոլոր լռութիւնները։

Գիտէ
չարտասուած արցունքները,
չըսուած բառերը,
եւ այն վախերը,
որոնք գիշերները
կը մնան անքուն։

Երբեմն ան կը փորձէ
աչքերը հեռացնել անկէ,
լոյսը փոխել,
դէմքը շտկել,
կամ տարիները
քողարկել։

Բայց հայելին
կը սպասէ։

Ան չի մոռնար։

Ամէն կնճիռի տակ
պահուած է
կորսուած օր մը,
չառնուած որոշում մը,
չապրուած կեանք մը,
կամ այն մարդը,
որ կրնար ըլլալ։։

Ու յանկարծ կը հասկնայ՝
մարդը ուրիշներէն աւելի
ինքն իրմէ կը փախչի։

Բայց որքան ալ հեռանայ,
հայելին մի՛շտ հոն է։

Սպասող՝
ինչպէս խիղճը,
ինչպէս յիշողութիւնը,
ինչպէս այն ձայնը,
որ երբե՛ք չի լռեր։

Եւ օր մը,
երբ այլեւս
ոչ մէկ դիմակ մնայ,
հաւանաբար պիտի կարենայ
առանց վախի
նայիլ հայելիին—

եւ ընդունիլ
այն մարդը,
որ ամբողջ կեանք մը
կը սպասէր իրեն։

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x