Նստած առջեւը մութին՝ ես կը փնտռեմ ներքնապէս
Բոլոր բաները մեկնած կամ արտաքսուած այս տեղէն.
Ու ես դարձեալ կ’աղօթեմ խոցուած սրտիս խորունկէն,
Ու յորդորանքըս խոնարհ ես կ’առաքեմ դէպի ձեզ:
Բացէ՛ք դռներն երկնքին, որ մտանեմ դէպի ներս
Լուսամուտէն այդ գաղտուկ, որ կը ծագի ակունքէն
Ու կը տանի դէպ՚ Անդին՝ բարձրանալով սանդուխքէն
Հիւսուած վարսքով նրբական հըրեշտակաց գեղատես:
Թոյլատրեցէք որ պագնեմ ձեռները ձեր սրբազան,
Որ օծանուի իմ հոգին ձեր շնորհքով բուժարար,
Ու դարմանուի վերջապէս իմ տառապանքն հոգեկան:
Յոյսի նշոյլն իմ վերջին դռան սեմին է կանգնած,
Որը պատուար մ’է կարծես՝ ծառցած աչքիս իմ դիմաց,
Որ պիտ’ բացուի անկասկած, երբ որ գոցուին մշտաբար:
Գէորգ Տանայեան
