Թոյլատրեցէք ինծի յաւերժապէս քնանալ,
Զի կը բաղձամ սուզուիլ անդունդին մէջ լռութեան,
Թաղել կիրքերըս թէժ ու մարել յուշերուս
Կայծիկները բոսոր: Խուսափիլ կանչերէն,
Որ հաւատքըս շիջող կը խարսխեն սիւնին վրայ
Անթառամ վարդերուն եւ կը յիշեցընեն
Այդ հեքիաթն հնօրեայ, որ պատմըւեր էր ինձ
Անբարբառ պարիկի մ՚յաւերժաձայն շունչով:
Կարօտանքիս ալքէն կը բխին հուր ու թախիծ,
Կու տան անոնք ինծի յաւէտ սէր ու մահիճ.
Սէրը ցօղ մ՚է մաքուր, որ անհատ կը յորդի
Եւ կ՚ոռոգէ ոգեաց շիրիմները ծարաւ:
Երբ գլուխըս դնեմ սիրոյ կապոյտ բարձին,
Թոյլատրեցէք ինծի յաւերժապէս քնանալ:
Գէորգ Տանայեան



