Featured - Page 9

Հայկական արմատներով աստղեր հնդկական սինամաշխարհին մէջ` Թուլիփ Ժոշի

Թուլիփ Ժոշի՝ մոտէլ է եւ Պոլիուտի դերասանուհի (Պոլիուիտ ամերիկեան Հոլիուտի հնդկական տարբերակն է): Ան ծնած է Մումպայ (Նախկին Պոմպէյ քաղաքը՝ շուրջ 13 միլիոն բնակչութեամբ), Հնդկաստան, Կուճարացի (հնդարիական ժողովուրդ, Հնդկաստանի մէջ շրջան) հնդիկ հօր Քիշոր Ժոշի եւ լիբանանահայ մօր Զապէլ Հայկեանի ընտանիքին մէջ:

Թուլիփ, Jamnabai Narsee Schoo երկրորդական վարժարանը եւ Mithibai College-ի Սնունդի  գիտութեան եւ քիմիագիտութեան բաժանմունքները աւարտելէ ետք, կը մասնակցի Miss India 2000 գեղեցկութեան մրցումին: Թէեւ աւարտական փուլ չի հասնիր, սակայն ան ուշադրութիւնը կը գրաւէ ծանուցումի բազմաթիւ ընկերութիւներու, եւ առ այդ՝ կը մասնակցի շարք մը մեծ վաճառանիշերու ծանուցումներու, ինչպէս՝  (Ponds, Pepsi, Siyaram, BPL, Smirnoff, Tata Sky mobile TV եւ այլն): Դերեր կը ստանձնէ հնդակական եւ շրջանի տարբեր երկիրներու արտադրութեամբ ֆիլմերու մէջ՝ սինեմա եւ պատկերասփիւռ:

Թուլիփ Ժոշի (ձախ կողմ), 2007-ին նկարահանուած «Տոխա» ֆիլմին մէջ, բեմադրութեամբ՝ դերասանուհի Փուժա Պհաթի (Pooja Bhatt – աջ կողմի նկարը), որ նոյնպէս հայկական ծագում ունի իր անգլիահայ մօր կողմէ: Թուլիփ կը խոստանայ հայերէն խօսիլ սորվեցնել Փուժային, որ համամիտ կը գտնուի:

Թուլիփի մայրը Զապէլ Ժոշի-Հայկեան, Մումպայ ապրող վերջին հայը, ծնած է Պէյրութ, Լիբանան: Ան հիւսուածեղէնի վաճառական իր մումպայցի ամուսնոյն կը հանդիպի Պէյրութի մէջ, անոր կատարած արեւտրական այցելութիւններու ընթացքին:

Զապէլ իր ամուսնոյն կը հանդիպի երբ Պէյրութի Քարլթոն պանդոկին մէջ ընդունարանի քարտուղարուհի կ’աշխատէր: Ան կ’ամուսնանայ  23 տարեկանին եւ կը տեղափոխուի Մումպայ, 1972ին. ան սահուն կը խօսի հայերէն, արաբերէն, թրքերէն, անգլերէն, կուճարաթի, հինտի եւ մարաթիերէն:

Զապէլ Ժոշի – Հայկեան իր թոռնիկներուն հետ, իր դուստրին՝ Մոնալիզայի զաւակները:

Ինչպէս գիտենք, հայերը աշխարհով մէկ ափռուած մեծ սփիւռք ունին։ Հնդկահայերը, թէեւ փոքր համայնք, եղած են ծանօթ վաճառականներ եւ ոսկերչական իրերու առեւտրականներ, որոնք հիմնած են եկեղեցիներ, ակումբներ եւ կրթական հաստատութիւններ նաւահանգստային քաղաքներու մէջ, ինչպէս՝ Կալկաթա, Չեննայ եւ Մումպայ:

Թուլիփի քոյրը՝ Մոնալիզան ամուսնացած է դերասան Rajat Bedi–ի հետ, կը բնակի Գանատա իր ամուսնոյն եւ զաւակներուն հետ:

Զապէլ Ժոշի, որուն մեծ հայրը եկեղեցական էր,  միակ հոգաբարձուն է Մումպայի 215-ամեայ Սուրբ Պետրոս Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ, ուր մկրտուած են իր երեք աղջիկները: Ս. Պետրոս եկեղեցին կառուցուած է 1 Հոկտեմբեր  1796-ին. վերակառուցուած՝ 1957-ին, ուր այժմ կը գտնուի նաեւ Արարատի շէնքը, որ կը պահպանուի վարձքերէ գոյացած եկամուտով:

«Աւստրալիայէն արքեպիսկոպոսը եկաւ զիս մկրտելու, եւ նկարներս լոյս տեսան թերթերու մէջ», – կ’ըսէ Զապէլ Ժոշիի դուստրը՝ դերասանուհի Թուլիփ Ժոշի, որ հայ քրիստոնեայ չէ, բայց հաճելի յիշատակներ ունի Մումպայի եկեղեցւոյ մէջ հայ համայնքի հաւաքներուն իր սերտ հանդիպումներէն: Թուլիփ եւ քոյրերը Մոնալիզան ու Սելֆին մկրտուած են Ս. Պետրոս հայկական եկեղեցւոյ մէջ։ Բոլորը կը խօսին սահուն հայերէն եւ սիրահար են հայկական ուտելիքներու:

2011-ին, եկեղեցին կը վերանորոգուի Կալկաթայի հայ համայնքին միջոցներով, սակայն չունի քահանայ եւ հայկական արարողութիւններ։ Քանի մը տարի առաջ, Զապէլ Ժոշի եկեղեցին կը բանայ Ասորի ուղղափառ քրիստոնեաներու համար: «Անոնց կրօնական համոզումները նման է մեր հաւատքին, եւ կարեւոր է, որ եկեղեցին դատարկ չմնայ», – կ’ըսէ Զապէլ Ժոշի:

«Զապէլ Ժոշիի դուստրերէն բացի, Մումպայի մէջ տակաւին կ’ապրին ծագումով հայ քանի մը հոգի, որոնք Հնդկաստան ապաստանած են Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ: Հայերը միշտ հալածուած ժողովուրդ եղած են, մանաւանդ թուրքերուն կողմէ եւ, հետեւաբար, միշտ փախուստի մէջ», –  կը պատմէ լրագրող Marion Arathoon, որուն հօր մեծ հայրը հայ է. ան բնակութիւն հաստատած է Լահոր, Փաքիստան:

Զապէլ Ժոշի Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ մէջ

Պահպանելով իրենց ազգային լեզուն ու մշակոյթը, հայ գաղթականներուն մեծ մասը որդեգրած է Հնդկաստանը իբրեւ հայրենիք՝ նոյնքան ջերմ, որքան Հնդկաստանը ընդունած է զիրենք: «Ես քանի մը անգամ եղած եմ Հայաստան եւ ամէն տարի կ’այցելեմ Պէյրութ, բայց այսօր ես զիս իսկապէս հնդիկ կը նկատեմ»,- կ’ըսէ Զապէլ Ժոշի «Hindustan Times» օրաթերթին, 3 Յուլիս 2011-ին:

Այսօր Մումպայի  հայերուն թիւը նոազած է՝ հասնելով միայն մէկ կնոջ՝ 71-ամեայ Զապէլ Ժոշին, որ իր ժամանակը կը բաժնէ Մումպայի եւ Գանատայի միջեւ, աւագ դուստրի եւ Պէյրութի քրոջ մօտ:

 «Այստեղի հայերը սերտ կապեր ունէին տեղացի բնակիչներուն  հետ եւ երջանիկ էին», – կը նշէ Զապէլ Ժոշի: Երբ Զապէլ կ’իմանայ եկեղեցիին մասին, ինքն ալ կ’երթայ հոն։ «Ընդամէնը 15 հոգի էինք։ Այսպիսով, մենք ամէն Կիրակի կը հաւաքուէինք, կը հանդիպէինք:  Հիմա մարդոց մեծ մասը մահացած է, իսկ միւսները գաղթած են տարբեր երկիրներ»,- կ’ըսէ ան:

Հնդկական ուղղափառ եկեղեցւոյ անդամ Thomas Varughese վերջին 10 տարիներուն հոգ կը տանի եկեղեցւոյ։ «Ան ինծի մեծ հաճոյք կը պատճառէ, ինչպես նաեւ՝ հպարտութիւն հոգւոյս մէջ, եւ կամաւոր աշխատանք կը տանիմ եկեղեցիին մէջ: Թէեւ եկեղեցին մեզի չի պատկանիր, բայց այս եկեղեցին ինծի հոգեպէս կ’ոգեշնչէ»,- կ’ըսէ Թովմաս։ Մօտաւորապէս վեց տարի առաջ կառոյցը վերանորոգուած է (The Indian Express» օրաթերթ, Մումպայ, 2, Մայիս 2019):

Թէեւ առանձին, սակայն Զապէլ Ժոշի պահած է հայկական ժառանգութիւնը, լեզուն եւ մշակոյթը, նոյնիսկ սուրբծննդեան նշումը:

Մումպայ մնացած վերջին հայը` Զապէլ Ժոշի կը բացատրէ, թէ հայերը ինչպէս Սուրբ Ծնունդը կը նշեն ամէն տարի, 6 Յունուարին: Զապէլ Հնդկաստան կը գտնուի կէս դարէ ի վեր, շատ աւելի տարիներ քան իր ծննդավայր երկրին՝ Լիբանանի մէջ: Նկարը Satej Shinde-ի:

Երբ իր ամուսինը ողջ էր, եւ երեք դուստրերը բոլորը միասին կ’ապրէին, Զապէլ ամէն տարի խնճոյք կը կազմակերպէր: «Ամբողջ ընտանիքով կը հաւաքուէինք սեղանի շուրջ եւ հայերէնով սուրբծննդեան երգեր կ’երգէինք։ Մէկ օր առաջ ես մեր տան խոհանոցին մէջ կը պատրաստէի մեր աւանդական սարման՝ միսով ու բրինձով, եւ հայկական այլ ճաշեր: Կը շարէի չիրը, յատկապէս չամիչը, որ մեր Պէյրութի մշակոյթին մաս կը կազմէ, քաղցրաւենիքը եւ փախլաւան, եւ կը տօնէինք տան մէջ»

Ան իր դուստրերուն սորվեցուցած է  սահուն հայերէն խօսիլ։ Երեքն ալ մկրտուած են Սուրբ Պետրոս հայկական առաքելական եկեղեցւոյ մէջ։ 18 Դեկտեմբեր 2022, Sunday mid-day News.com

 Ծանօթագրութիւն.-

2 Մայիս 2019-ին, Մումպայի հայերու 223-ամեայ եկեղեցին իր դռները կը բանայ հնդկական ուղղափառ համայնքին առջեւ, որ նաեւ ծանօթ է որպէս Մալանկարա ուղղափառ ասորական եկեղեցի (Malankara Orthodox Syrian Church)՝ իր կիրակնօրեայ պատարագը կատարելու համար:

Հնդեւրոպական եւ հայերէն համահունչ բառեր

Հայերէնի՝ հնդեւրոպական ուրոյն ճիւղ մը ըլլալը առաջին պաշտպանողը եղաւ գերմանացի լեզուաբան Հայնրիխ Հիւբշմանը, որ ստուար հատոր մը նուիրած է իր այս տեսակէտի պաշտպանութեան: Ստորեւ բերուած յօդուածը այդ վարկածին համահունչ  քանի մը բառերու մէկ համեստ նախաճաշակն է:

  • v > գ

          –vin>գին(ի)

          Գինի հասկացութեան  հնդեւրոպական հնագոյն արտայայտութիւնը եղած է voinio, որու սկիզբի v հնչիւնը գոյատեւած է  բազմաթիւ այլ լեզուներու մէջ, մինչ հայերէնի մէջ ան դարձած է Գ:

            Այսպէս՝ յունարէնը  ջնջած է  զայն ու տուած է oinos[1], լատիներէնի  մէջ  vinum է, իտալերէն ու սպաներէն՝ vino, ֆրանսերէն` vin, գերմաներէն՝ wein,  անգլերէն՝ wine.  ուրեմն  բոլորը  պահած են սկիզբի V-ն:

            –vest> (զ)գեստ

            Յառաջացած է հնդեւրոպական  ves նախաձեւէն, որ տուած է յունարէն esthês, լատիներէն  vestis[2], իտալերէն   vestito, սպաներէն vestido, ֆրանսերէն veste, անգլերէն vest. բոլորը պահած են սկզբնական  բառասկիզբի v-ն, որուն փոխարէն հայերէնը ունի Գ:

            Հայերէնի բառասկիզբի  զ հնչիւնը արմատական չէ:

            Նոյն զ ոչ-արմատական հնչիւնով օժտուած են (զ)անց, (զ)եռուն, (զ)ահանդ, (զ)արգ(անալ) եւ շատ ու շատ ուրիշներ:

            –vorg՛>wergam>գործ

            Հնդեւրոպական այս սկզբնաձեւի v/`      “`w հնչիւնը նախ ինկած է դասական յունարէնի մէջ ու  տուած է ergon: Նորագոյն լեզուներէն  գերմաներէնի մէջ werk  է ան, անգլերէնը՝work, իսկ պարսկերէնը տուած է varz:

            Անցնելով հայերէնին՝ ան կրած է երկու հնչիւնափոխութիւն՝ v>գ  եւ g>ծ. երկրորդը  տեսնել ստորեւ՝ թիւ 2-ի մէջ:

          –vol > գող

            Բառիս ծագումը կը հասնի հնդեւրոպական vol եւ  vold կրկնակ ձեւերուն: Անցնելով հայերէնին ան տուած է երեք ձեւեր գող(տ), գաղ(տ) եւ գեղ(տ):

            Գող(տ), որմէ ունինք գողտուկ:

            Գաղ(տ), որմէ ունինք գաղտնի:

            Գեղ(տ), որմէ ունինք գեղել, այսինքն՝ ծածկել:

            «Սակայն,– նկատել կու տայ Աճառեան,– քոյր լեզուները չեն պահած այս արմատները»: Նորագոյն լեզուներէն զայն կը գտնենք ֆրանսերէնի մէջ՝ vol-voler-voleur,  իտալերէնը զայն կը պահէ միայն involare բային մէջ:

            Անշուշտ ընթերցողը նկատի ունի, որ vol արմատի l հնչիւնը իր կարգին հայերէն տուած է ղ (l>ղ), որ այլապէս ծանօթ երեւոյթ է, օրինակ՝ Luc>Ղուկաս (L>Ղ), Solon>Սողոն (l>ղ):

  1. g > ծ

            Այս հնչիւնափոխութիւնը կը գտնենք հետեւեալ բառերու բաղդատութեամբ.                    –Հնդեւրոպ. aig,  իսկ յունական ayg(os) բառերուն դիմաց  ունինք այծ:

            յունարէն meg(a)-ին դիմաց ունինք մեծ:

            –gen տուած է ծին:

            –gnathos տուած է ծնօտ:

            –ger(on) տուած է ծեր:

            –Ենթադրելի է հնդեւրոպական arg  արմատ մը, որ յունարէն տուած է argurion, լատիներէն argentum, հայերէն արծ(աթ). ասոր          աթ բաղադրիչը բաղդատել երկ-աթ: Նորագոյն լեզուներէն արմատը կը պահեն ֆրանսերէնը` argent, իտալերէնը՝ argento: Սպաներէնը չէ պահած պարզ արմատը, սակայն ունի կարգ մը բաղադրեալ բառեր՝ argentifero-արծաթաբեր,  argentoso-արծաթախառն, argenteo-արծաթափայլ:

            –ֆրանսերէն gen(oux)-ին դիմաց ունինք ծուն(կ):

  1. Բառասկիզբի S-ի կորուստ

            Հայերէնի իւրայատկութիւններէն մէկն ալ եղած է հնդեւրոպական  կարգ մը արմատներու բառասկիզբի S  հնչիւնի թօթափումը:

             –Առ այս առնենք մեր աղ  արմատը:                                                                                           Հնդեւրոպերէնը ունեցած է sal եւ sald  արմատական տարբերակները, ուր երկրորդը օժտուած է d աճականով: Լատիներէնի ու սպաներէնի մէջ  ան   sal է,  ֆրանսերէն՝ sel, իտալերէն՝sale, ռուսերէն՝sol,  գերմաներէն՝ salz,  անգլերէն` salt:

            Ինչպէս կը նկատենք, բոլորն ալ օժտուած են բառասկիզբի  S-ով, բացի յունարէնէն, ուր ան als է, իսկ հայերէն ան երկհնչիւն  աղ (l=ղ)  է՝ ի տարբերութիւն մնացեալ բոլորին, ուր անոնք եռահնչիւն  կամ քառահնչիւն են:

            –Septm>եւթն

          Հնդեւրոպական այս արմատը  յունարէն  տուած է επτά  (eptà), միւսները  պահած են  բառասկիզբի s հնչիւնը. այսպէս,  լատիներէն՝ septem, իտալերէն՝ sette,  ֆրանսերէն՝ sept, ռումաներէն՝septe, գերմաներէն` sieben, անգլերէն՝ seven. վերջին երկուքին մէջ կը գտնենք b>v (b>ւ)  ծանօթ լծակցութիւնը, որուն ակնարկած եմ նախորդ յօդուածովս:   

            Ուրեմն հայերէնը մէկ կողմէ թօթափած է բառասկիզբի  s  հնչիւնը,– թերեւս յունարէնի հետեւողութեամբ,– միւս կողմէ՝ տեղի ունեցած են   p>ւ եւ m>ն հնչիւնափոխութիւնները, որոնց ակնարկած էի նախորդ յօդուածովս: Այսպէս ստացուած  եւթն  աշխարհաբարի մէջ դարձած է եօթն, իսկ սա իր կարգին   հակում ունի դառնալու եօթ:

            –Sarb>արբ

            Հնդեւրոպական վաղեմի  sarb  «խմել» արմատը լատիներէն տուած sorb(eo)՝ s-ով ձեւը, որ տարածուած է բազմաթիւ լեզուներու մէջ (տեսնել ցանկը «Արմատական»-ի մէջ): Որոնց դիմաց հայերէնը ունը արբ, ուր թօթափուած է բառասկիզբի s հնչիւնը:

            –Սկեսուր > կեսուր

          Աճառեան «բնիկ հայերէն» կը կոչէ այս բառը, ուրեմն ժառանգուած է հնդեւրոպերէնէն, ապա կը թուէ  աւելի քան  20  լեզուներ, ուր թափանցած է ան:

            Բառս իր այս ձեւով  կիրարկուած է մեր ողջ մատենագրութեան մէջ եւ առհասարակ այս ձեւով ալ մինչեւ հիմա կը կիրարկուի արեւելահայերէնի մէջ:

            Ուրեմն արեմտահայ աշխարհաբարն է որ թօթափած է անոր բառասկիզի ս հնչիւնը, եւ ան դարձած է կեսուր, որմէ՝ կեսրայր (կեսուրին ամուսինը):

            Ծանօթ.– Արդի լեզուներէն բառասկիզբի s-ը թօթափելու հակամէտ է նաեւ  ֆրանսերէնը, որ  ունի école անգլերէնի school-ին դիմաց եւ  écureuil անգլերէնի squirrel-ին դիմաց: Նոյն ֆրանսերէնը կը վերականգնէ  s-ը  scolaire  ածականին մէջ:

            [email protected]                                                         Արմենակ Եղիայեան 

[1] Դասական յունարէնը չունէր  v հնչիւնը. ուրեմն ան գոհացած է ջնջելով զայն իր բառերուն սկիզբը:

[2] Vestior=զգենուլ,  ագանել, հագնիլ

Մեր հաւաքական կեանքի ժողովրդարավարացման եւ ժողովրդականացման հրամայականը

Բաղդատելով տարբեր պետութիւններ, յատկապէս անոնք, որոնք կը ղեկավարուին ժողովրդավարական կառոյցներով՝ ընդդէմ ամբողջատարական երկիրներու, նոյնիսկ պարզ ակնարկ մը համոզիչ կը դարձնէ այն իրողութիւնը, որ որոշ պետութիւններ, աշխարհագրականօրէն փոքր ըլլալով հանդերձ, բարգաւաճած են եւ յառաջդիմած՝ շնորհիւ ժողովրդավարական սկզբունքներու որդեգրումին: Ժողովրդավարութիւնը անոնց տուած է յստակ առաւելութիւն մը՝ հնարաւորութիւն տալով մրցակցելու աշխարհագրականօրէն աւելի մեծ տարածութիւն ունեցող երկիրներու հետ:

20-րդ եւ 21-րդ դարերու պատմական ակնարկ մը բաւարար է նկատելու ժողովրդավար ընկերութիւններու եւ ամբողջատիրական վարչաձեւերու միջեւ հակադրութիւն մը՝ մասնաւորաբար բարգաւաճման առումով: Ամբողջատիրական ընկերութիւնները, որոնք կը յատկանշուին միանձնեայ կամ փոքր խումբերու ղեկավարութեամբ, հետեւողականօրէն չեն յաջողած յառաջդիմել մասնաւորաբար ընկերատնտեսական եւ արդիւնաբերական մարզերուն մէջ: Նման միջավայրերու մէջ, ուր այլախոհութիւնը արգիլուած է, նորարարութիւնը ճնշուած եւ անհատին ու հաւաքականութիւններու ինքնակատարելագործման ձգտումը խեղդուած, հասարակութիւնները ուշ կամ կանուխ քանդուած են: Կառուցողական քննադատութեան բացակայութիւնը եւ մտաւոր, հոգեւոր եւ բարոյական հնազանդութեան գերակայութիւնը կը խոչընդոտեն ստեղծագործականութեան, մրցակցութեան եւ յաջողատենջութեան (ambition) եռանդի զարգացումը:

Ընդհակառակն, ժողովրդավարութիւնները ծաղկած են ազատ եւ հանդուրժող հաւաքականութիւններու մէջ, ուր հնարաւորութիւն տրուած է մարդոց արտայայտելու իրենց ստեղծագործական կարողութիւնը, ուր քաջալերուած է նորարարութեան եւ նախաձեռնութիւն ոգին: Մրցակցութիւնը կը խթանէ որակներու յայտնաբերումը, նոյնիսկ եթէ թերութիւններ ալ յայտնուին: Ի տարբերութիւն տոկմաթիք վարդապետական համակարգերուն, ուր բացառապէս տիրող են մենաշնորհեալները, առողջ ժողովրդավարութիւնները պարարտ ենթահող կը տրամադրեն հաւաքական յառաջդիմութեան եւ բարգաւաճման համար:

Վերջերս, հայ համայնքներու մէջ շատ կը խօսուի սփիւռքը կազմակերպելու եւ մարդուժ ներգրաւելու կամ պատրաստելու մասին: Մինչ կը գնահատենք ու կը խոնարհինք նման նախաձեռնութիւններու առջեւ, սակայն բացառապէս կարգախօսերու եւ բարի ցանկութիւններու վրայ յոյս դնելը կը նկատենք անբաւարար: Ինչո՞ւ: Մեր կարծիքով, այնքան ատեն որ հայ համայնքները կը կառավարուին աւանդական կառոյցներու միանձեան եւ ընդհանրապէս այլամերժ միտումներով, չեն օժտուած նաեւ հաշուետուութեան համակարգով, իսկ անթափանցիկութիւնը տիրական է, կարելի չէ բարեփոխութիւններ ակնկալել սփիւռքահայ իրականութեան մէջ, բացի եթէ խօսքը կը վերաբերի նոր կառոյցներու ստեղծումին: 

Հաւաքական մեր կառոյցները ընդհանրապէս կը գործեն կարճաժամկէտ ռազմավարութիւններով՝ անհատապաշտական մօտեցումներու ազդեցութեան տակ: Ուսումնասիրելով մեր հաւաքական մտածելակերպը` ակնյայտ կը դառնայ, որ մենք պէտք չէ խուսափինք սեղանի վրայ դնելէ հետեւեալ հարցումը. արդեօ՞ք տրամադիր ենք ընդօրինակելու ժողովրդավարական հաւաքականութիւնները, թէ՞ խօսքով ու երեւակայութեամբ միայն ժողովրդավար ենք: Կեդրոնաձիգ մոտելը, որ թերեւս ազգային առաջադրանքներով ժամանակին յարմար կը նկատուէր տարտղնուած բեկորները համախմբելու նպատակով, այսօր ձեւ փոխած է՝ ազգայինը փոխարինելով կուսակցականութեամբ:

Թէեւ կուսակցական հաւատարմութեան ու մրցակցութեան որոշ դերակատարութիւն մը վերապահուած էր պատմական տարբեր ժամանակաշրջաններու, անոնք սակայն, դարձած ժամանակավրէպ, այսօր կը մնան արմատացած հայկական սփիւռքի կառոյցներուն մէջ: Մտաւորականներ, ոչ պատեհապաշտները անշուշտ, որոնք նախապէս հաւատքով փարած էին այդ ուղղութեան, այսօր սկսած են հեռանալ՝ մերժելով միանձնութեան վարքագիծն ու ընհդհանրապէս այլամերժ կուսակցականութիւնը:

Երկաթեայ հաւատարմութիւն. չենք գիտեր ինչու ենթադրաբար «սփիւռքատէր» այս կազմակերպութիւնները կը պահանջեն իրենց անդամներէն, նոյնիսկ ազատ թռիչք ունեցող մտաւորականներէն: Ղեկավարութեան որոշումները քննարկելը կամ հարցականի տակ առնելը կը նկատուի՝ «ապստամբութիւն գաղափարախօսութեան դէմ»՝ խթանելով լոզունգներով գերակշռուած խաբուսիկ մթնոլորտ մը: Այս վերաբերումը ստեղծած է մտաւորականներու երեք դասակարգում. անոնք, որոնք չեն ուզեր սիսթեմէն դուրս մնալ եւ առնուազն արտայայտութեան բեմ ունենալ (որովհետեւ մետիան ընդհանրապէս կը գտնուի անոնց ձեռքը), անոնք, որոնք կը մնան սիսթեմին մէջ անկէ օգտուելու նպատակով (այս երկու տեսակները ներկայիս կը ներկայացնեն աննշան տոկոս մը), վերջապէս՝ անոնք, որոնք դժգոհ են, մեծամասնութիւն են, ու անյոյս նկատելով իրավիճակը կը հեռանան սիսթեմէն՝ նորը ստեղծելու լուրջ առաջադրութեամբ: Երկրորդ դասակարգին պատկանողները արդէն սկսած են բթանալ՝ յիշեցնելով խորհրդային նոմենկլատուրան, բայց կը շարունակեն օգտուիլ: Առաջինիններուն արգիլուած է յառաջադիմել, իսկ երրորդները կամ արդէն «դուրս» են կառոյցներէն կամ ենթարկուելով կարգապահական միջոցառումներու՝ «դուրս» կը դրուին:

Նոր սերունդը, որ կը մերժէ պատեհապաշտութիւնը, կոյր հնազանդութիւնը, ընտանեկան կապերն ու «ամիրայական» նշանակումները` իբրեւ որոշիչ գործօններ, կորցնցուցած է իր հետաքրքրութիւնը նման խեղաթիւրուած միջավայրի մէջ ներգրաւուելու: Սփիւռքը կառավարել յաւակնող ղեկավարները դէմ յանդիման կը գտնուին կարեւոր հարցումի մը. պատրա՞ստ են անոնք ընդունելու քննադատութիւնը, խթանել հանդուրժողականութիւնը եւ ընդունիլ, որ մեր համայնքները կը պահանջեն թափանցիկութիւն, այլ ոչ թէ եսակեդրոն ու միանձնեայ քաղաքականութեան վրայ հիմնուած որոշումներ կամ հաւատարիմ աջակիցներ՝ զանոնք հասարակական գործիչներ հռչակելով:

Որպէսզի իսկական փոփոխութիւններ տեղի ունենան, առաջնորդները պէտք է պատրաստ ըլլան իրենց համար ցաւալի զոհողութիւններու եւ լուրջ փոխզիջումներու: Մեր հաւաքական կեանքի թերութիւնները խոր են եւ ոչ միայն կը պահանջեն մակերեսային փոփոխութիւններ, այլեւ փոխակերպող վիրահատութիւններ: Քննադատութիւնը կրնայ ցաւ պատճառել, բայց ան կը ծառայէ որպէս զարթնումի կոչ մեր թմրած գիտակցութեան: Երբ մենք կը քննարկենք մարդուժի պատրաստութեան անհրաժեշտութիւնը, եկէք չփնտռենք նոր դեղամիջոցներ կամ բժիշկներ. մենք անոնցմէ բաւականաչափ ունինք: Փոխարէնը, մեզի անհրաժեշտ են վճռական որոշումներ, որուն կը յաջորդեն վճռական քայլեր՝ մեր հաւաքական կեանքին մէջ տիրող ճգնաժամը լուծելու համար:

21 Յունուար 2024, Պէյրութ, Երեւան

«Ամերիկացի»-ն՝ առաջին հայկական ֆիլմը «Օսքարներու»-ի զտեալ ցանկին մէջ (shortlist)

«Օսքարներու»-ի 96-րդ մրցանակաբաշխութեան զտեալ ցանկերուն (shortlist) մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը ներկայացուի հայկական ֆիլմ մը լաւագոյն միջազգային ֆիլմ անուանակարգին մէջ: Հայկական շարժապատկերի պատմութեան մէջ, առաջին անգամն է, որ հայկական ժապաւէն մը կը հասնի «Օսքար»-ի զտեալ ցանկին:

Ֆիլմին հեղինակն է ամերիկահայ բեմադիր, բեմադրիչ ու դերասան Մայքլ Կուրճեան, արտադրութեամբ՝ Արման Նշանեանի:

«Օսքարներու»-ի մրցանակաբաշխութեան թեկնածու ֆիլմերուն վերջնական ցանկը կը յայտարարուի 23 Յունուար 2024 ին, իսկ «Օսքարներու» մրցանակաբաշխութիւնը տեղի կ՚ունենայ 10 Մարտ 2024-ին, Լոս Անճելըսի մէջ:

«Ամերիկացի»-ն հիմնականօրէն նկարահանուած Հայաստանի մէջ տեղական դերասանական կազմի մասնակցութեամբ: «Ամերիկացի»ն նաեւ կը նկատուի փորձ մը վերականգնելու Հայաստանի ֆիլարուեստը, որ որոշ նահանջ արձանագրած է 1991-էն յետոյ:

«Ֆիլմը գոյատեւման եւ տոկունութեան մասին է, եւ հակառակ տիրող մթնոլորտին, ան շատ յուսադրող է եւ զուարճալի», կը յայտնէ Կուրճեան «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան:

Ֆիլմը կը պատմէ ամերիկահայ Չարլիին կեանքը, որ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք, հայրենադարձ կը կատարէ Խորհրդային Հայաստան, բայց կը բանտարկուի իր փողկապին պատճառով: Իր խուցէն Չարլի կը տեսնէ մօտերը գտնուող բնակարանի մը ներսը եւ փոխանորդաբար կեանքը կը շարունակէ հոն գտնուող զոյգին առօրեային ընդմէջէն:

Կաղանդ է, այսօր ալ ի՛մ ուզածը թող ըլլայ…

Բարեւ,

Ես եմ նորէն. Քրիստը:

Բայց ոչ ձեր հիմակուան գիտցած իր քսաններուն երկրորդ կէսը ապրող երիտասարդը։

Ես դպրոցական, միջնակարգ դասարանի Քրիստն եմ։

Կը ներէք որ քիչ մը ուշացումով կը գրեմ: Երկրորդ հազարամեակի առաջին տասնամեակին գրելու ձիրքս տակաւին այդքան չէր զարգացած, սակայն այդ ժամանակուան պատկերները այնպէս մը կը յիշեմ, կարծէք այսօր ըլլան:

Եկած եմ հիմա, տօնական օրերուն, քիչ մը իմ մասին ձեզի պատմելու: Ցոյց տալու, թէ ինչ կը տեսնեմ իմ աչքերով, թէ ի՛նչ կ’անցնի ու կը դառնայ քովս, շուրջս ու մտքիս մէջ:

***

Առտու է. արթնցայ: Չեմ հասկնար ինչու, տօնական օրերուն՝ Նոր Տարուան գիշերուան նախօրեակին, տունը նստած միագոյն նիլիով կողքուած տետրակի մը մէջ գրուած հարցումները կը վերաքաղեմ: Տետրակիս վերը կցած եմ պատկերազարդ «Թոմ անտ ճերի»-ի կպչուկ մը՝ վրան գրած անուն-մականունս, դասարանս, բաժանումս եւ դասանիւթի անունը՝ ընկերային գիտութիւններ (իճթիմաաիաթ):

Քննութիւն մը ունիմ յանձնելիք, եւ ես գալիք օրերու քիչ մը ճաշերը, քիչ մըն ալ պահերը երազելով, վերջին հոգս է թէ պատմութեան էջերուն մէջ ճիշդ ո՛ր թուականին, ո՛ր թագաւորը ինչ ըրաւ: Այդ պատմագիրին գիտնալիքն է, իսկ ես իմ գիտցածը գիտեմ եւ ո՛չ պատմագէտ, ու ոչ ալ պատմաբան մը դառնալու մտադիր եմ: Մէկ բանի համար միայն կը սորվիմ այս բոլորը. քանի ծնողքս կ’ըսեն «Դա՛ս է իշթէ, պիտի ընես»:

Ես ալ քիչ թէ շատ բաներ մը կ’ընեմ եւ գիտնալով որ տակաւին քանի մը օր կայ քննութեան՝ տետրակը մէկդի կը նետեմ, մինչեւ որ մէկը գայ եւ ըսէ «դասի՛դ նստիր այլեւս: Վերաքաղէ՛, պիտի բռնեմ»:

Կ’երթամ սենեակս, անգամ մը եւս պահարանին մէջ Քուէյթէն քեռիիս բերած նոր կօշիկներուս նայելու: Ասոնց հագուելու օրը չեկաւ. մամաս ըսաւ, որ դպրոցի Նոր տարիին նոր-նոր կը հագուիմ Ազիզիէի շուկայէն մօրքուրներուս առած տաբատին եւ գազակին հետ:

Դպրոցի Կաղանդը շատ ալ մեծ նշանակութիւն մը չունի ինծի համար, բացի այն իրականութենէն, որ յաւելեալ արձակուրդի օր մըն է:

Մեզի շատ-շատ ճաշարան մը պիտի տանին, պատառ մը դնեն մեր դիմաց, քիչ մը ցատկեցնեն, պարեցնեն, յետոյ տոպրակ մը պիսքուիթ տան եւ անգամ մը եւս դպրոցի օթօքարներով մեզի ետ տուն հասցնեն: Այդքան ալ հաճելի մթնոլորտ մը չէ այնտեղ տիրողը: Դասակարգային բաժանումներով սեղաններ կը տեսնես. շփացածները կողմ մը նստած, ամչկոտները՝ ուրիշ կողմ: Տեղ մը կրակոտ խառնակիչները հաւաքուած՝ վնաս մը հասցնելու ծրագիր կը մշակեն, տեղ մըն ալ աշխատասէր եւ դասէ զատ ուրիշ բան չընող աշակերտներ Կաղանդի եկած՝ դեռ դասի մասին կը խօսին: Մէյ մըն ալ ոչ դիւրահաղորդ ուսուցչուհի մը կ’ելլէ, բարձրախօսը ձեռքը բռնած կը սաստէ, կը պոռայ, իսկ աղմուկը դադար չի ճանչնար. ամէն տեղ է: Ասոր ի՛նչն է հաճելին. Մէկ բան՝ որ դպրոցը չենք…

Կաղանդ պապա մըն ալ կը բերեն, բաւական տարբեր ու այլանդակ այն կաղանդ պապայէն, զոր յաճախ նկարներուն մէջ կը տեսնեմ: Աւելի դրամատան մը կողոպուտի խմբակի պարագլուխին կը նմանի այդ տոպրակը շալակին դրած վիճակին:

Ամէն տարի քիչ թէ շատ այսպէս կը տօնուի դպրոցի Կաղանդը: Դպրոցի գանձած դրամով Կաղանդի սակով ի՛նչ նուէր պիտի գայ որ… Տրամաբանական չէ մեծ-մեծ բաներ ակնկալելը:

Կաղանդ Պապային տարիներ է արդէն չեմ հաւատար, բայց ըսել չէ որ մարդիկ ինծի նուէրներ բերելէ պէտք է դադրին. դեռ պզտիկ եմ, եւ նուէրը տակաւին կ’ուրախացնէ զիս՝ ով ալ ըլլայ բերողը: Ես եկամուտի մասնաւոր աղբիւր մը չունիմ եւ մէկու մը նուէր չեմ կրնար առնել այս տարիքիս, ուստի զիս աւելի կը հետաքրքրէ այս շրջանին նուէր ստանալը:

Հալէպի քաղաքէն ներս եւ դուրս լեցուն ճաշարաններ կան, որոնցմէ իւրաքանչիւրը երգիչ մը եւ նուագախումբ մը հրաւիրեր է Նոր Տարուան գիշերը: Ընկերներէս, ազգականներէս եւ բարեկամներէս շատեր խումբ մը կազմած եւ այդ ճաշարաններէն մէկն ընտրած պիտի երթան Նոր Տարուան գիշերը այնտեղ անցընելու, իսկ ընտանիքս ընդհանրապէս Նոր Տարին տուներէ դուրս եւ ճաշարաններէ ներս անցընելու սովորութիւն չունի: Չկարծէք նախանձոտ աչքերով կը նայիմ այդ ընկերներուս եւ բարեկամներուս. Ես շատ գոհ եմ այս մեր սովորութեամբ:

Ի՛նչ ընենք դուրսը Կաղանդի գիշերով…

Մեր ընտանիքը մեծ է եւ մեր տոհմածառը բաւական հաստակոճղ ու բազմաճիւղ: Այդ ծառէն ամէն տարի նուազագոյնը մէկ ճիւղ մը նոր ծիլ մը կ’արձակէ, նոր շիւղ մը կը ծաղկի: Մէկը կ’ամուսնանայ՝ հարսանիք կը սարքէ, Մէկը կը ծնի՝ կը կնքեն, մէկուն միտքը նշանուիլ կու գայ, ուրիշին խօսքկապի կարգը կու գայ…

Այդ առիթները ԱՅՍ բոլոր ճաշարաններուն մէջ ԱՅԴ երգիչներով միշտ ալ կան, բայց տան մէջ մարդոց հաւաքի, մթնոլորտի եւ սեղանի ճոխութեամբ օրերը թիւով շատ չեն…

Ուրեմն վստահօրէն կրնամ ըսել, որ ես շատ գոհ եմ որ տունը կ’անցընենք այս գիշերը:

Փողոցն ալ շատ միջոցառումներ, կամ ձեռնարկներ չկան: Քաղաքին հազիւ թէ երկու կամ երեք տեղ տօնածառ մը կանգնեցուցած ըլլան հրապարակի վրայ ու մարդիկ անոնց շուրջբոլորը հաւաքուած՝ մէկ-մէկ կը նկարուին: Ընտանիքս մեզ նկարելու սովորութիւն չռւնի, իսկ իմ «կարճ» մտքէս չ’անցնիր յիշատակներ յաւերժացնելու քայլ մը առնել:

Կը զմայլիմ սակայն տուներու պատշգամներու զարդարանքներուն: Որքա՜ն այլազան ու ճոխ են անոնք: Տան մարդիկ, բոլորն ալ չանջատուող ելեկտրականութեան հոսանքով օժտուած, կը լուսաւորեն իրենց պատշագմները: Երբեմն ամբողջ շէնքի երկարութեամբ կը զարդարուին անոնք: Կը տեսնեմ այնտեղ աստղեր, մսուրներ, հրեշտակներ, կաղանդ պապաներ՝ իրենց եղջերուներով: Մրցանքի մը մասնակցած են կարծէք անոնք եւ այդ մրցանքի մրցակցութեան արդիւնքը կ’ըլլայ քաղաքի փողոցներու ծաղկեցումը, յաւելեալ գեղեցկութեան մը հաղորդումը: Մարդիկ կը սկսին իրարու պատմել, անոնց նիւթին կերը կը դառնան այս բոլորը: Լուր կու տան, թէ այսինչենց շէնքը որքա՜ն գեղեցիկ զարդարած են, եւ միւս խումբի մարդիկ դիտմամբ կ’անցնին հոնկէ՝ տեսնելու եւ դիտելու համար զարդարանքները, երբեմն ալ նկարուելով այնտեղ:

Եկեղեցիներն ալ իրենց բակերը կը զարդարեն, իրենց սրահներուն մէջ մեծ մսուրներ կը շտկեն՝ մարդուս հասակին հասնող արձաններով:

Քաղաքի պատկերներն ու երեւոյթները, որքան ալ աննշան թուին արտերկրացիի մը աչքին, մեզ ուրախացնելու չափ բաւարար են սակայն…

***

Նոր Տարուան գիշերը մեր տունին մէջ ընտանեկան ընթրիք մըն է, ուր հօրենական ազգականներս կ’ըլլան յաճախ մեզի հետ: Այս օրը կ’անցընենք ճաշասենեակը, որ յաճախ պաղ ու անհիւրընկալ միջավայր մըն է սովորական օրերուն: Երկու մասի բաժնուած այդ մեծ սենեակը (ինչպէս ֆրանսացիք կ’ըսեն «սալոն-սալ ա մանժէ»-ն) Կաղանդի օրով վառարանով ջերմացած եւ լեցուած կ’ըլլայ պատանիներուս ճիչով ու ծնողաց ձայնով: Օրակարգը ամէն տարի նոյնն է. հաւաք, ընթրիք, խօսիլ-խնդալ, տէրունական աղօթք, Նոր տարուան գիրկընդախառնում եւ ողջերթ: Կը պատահի տարիներ, երբ պատուոյ հիւրեր կ’ունենանք. Մարդիկ, որոնք Կաղանդը Հալէպ անցընելու կու գան:

Սեղանին վրայ ինծի համար ո՛չ միայն սիրելի, այլ նաեւ գարշելի ամաններ կ’ըլլան, ինչպէս օրինակ աւելի քան շաբաթ մը սառցարանը դրուած այդ ոչխարի ուղեղներն ու հորթի լեզուն…

Այսօ՛ր է նաեւ, երբ մենք՝ ես եւ եղբայրս կը բանանք մեր սենեակի վերջին դարակը, ուր պահուած են աւելի քան տասը օրուան տքնաջան աշխատանքով ամբարուած պայթուցիկներու տեսականին, որ հոսկէ ու հոնկէ, փախստական վաճառականներու խուցերէն առած ենք ու մէյ մըն ալ լսած, որ մութ բանտերու մէջ են այդ մարդիկ…

Լարէ՛, վառէ՛, փախի՛ր…

Բռնէ՛, վառէ՛, նետէ՛…

Բռնէ՛, վառէ՛, կեցի՛ր…

Ամէն մէկը իր ձեւի, ձայնի եւ գոյնի այդ պայթուցիկները ամբողջութեամբ կը սպառենք եւ հաճոյքը կը յորդի մեր ներսիդիէն դուրս…

Այս ամբողջ եուֆորիայով հանդերձ, մեր տան մէջ խաղալիքներու նուէրներ նուիրելու սովորութիւն մը չկայ…

Ամենայն հաւանականութեամբ հագուստեղէն կը գնէ մեզի հօրենական նէնէս։

Այդպէս սկսած էին օր մը այս հաւաքները թերեւս, այդպէս ալ շարունակուեցան տարիներու ընթացքին: Բայց այնքան ալ չեմ նեղուիր այս իրականութեան համար: Տարիներու փորձառութեանս շնորհիւ, հաշիւներէս վերցուցած եմ այլեւս հոս` մեր տան մէջ խաղալիք նուէր ստանալու կարելիութիւնը: Վերջապէս ինչպէ՞ս կարելի է յուսախաբ ըլլալ, եթէ յոյսը ինքնի՛ն չկայ…

Խաղալիքները յետոյ են, աւելի ուշ…

Կէս գիշերուան հրավառութիւններու լոյսին, պայթուցիկներու ձայնին եւ վառօդի հոտին ներքոյ՝ կ’արշաւենք Վիլլաներէն դէպի Քափրի՝ նէնէիս տունը, ուր կեղծ Կաղանդ պապա մը, Նոր Տարուան նախօրեակին մօրքուրներուս եւ քեռիներուս գնած նուէրները յանձնելու պարտականութիւնը կը կատարէ: Ես հո՛ն կը ստանամ խաղալիք նուէրներ եւ անուշեղէնի սեղանին կ’անցնիմ (որովհետեւ ճաշի սեղանի ժամը անցած է, բայց ,-խօսքը մէջերնիս,- խոհանոցէն դեռ կարելի է բաներ կորզել անոնցմէ…)

Մինչեւ լուսաբաց կ’երկարի օրակարգն այստեղ: Յոգնողը կ’երթայ, տոկացողը կը մնայ…

Ես տոկալու բոլոր պատճառները ունիմ, եւ ոչ միայն…

Ունիմ նաե՛ւ յոգնեցնելու յատկութիւններս՝ զզուեցնելու աստիճան, բայց ես գոհ եմ: Ինծի համար կ’ըսեն «ձգէ՛, չոճուխ է», բայց ես իմ ուզածը գիտեմ եւ անկէ անդի, ով ինչ կ’ուզէ՝ թող ըսէ…

 

Կաղանդ է, այսօր ալ ի՛մ ուզածը թող ըլլայ…

 

Պէյրութ, 1 Յունուար 2024

Աշկարայ, ռենկ, նիշան, հիւնար, պեթար բառերը թրքերէն չեն, այլ՝ ……

1.Աշկարայ

            Այս բառը տասնամեակներ առաջ,  երբ թրքախօսութիւնը  շեշտուած էր Պուրճ-Համմուտի մէջ, ունէր  շատ ընթացիկ ու  սովորական կիրարկութիւն մը, յատակապէս թրքախօս շրջանակներու թէ պարագայաբար թրքերէն խօսողներու  միջեւ: Կը նշանակէ յայտնապէս, ակներեւաբար, բացէ ի բաց, ակնյայտ, եւ ամէն ոք  համոզուած էր, որ ան թրքերէն է[1]:

            Շատ տարիներ ետք զարմանքս մեծ եղաւ, երբ  զտարիւն ու թթու արեւմտահայ ու հայկաբան հայր Արսէն Ղազիկեանի «Մի՛ գրէք, այլ գրեցէք» աշխատութեան մէջ հանդիպեցայ անոր  եւ  բնականաբար… գայթակղեցայ:

            Ղազիկեան թրքերէն բառ գործածէ՜,− ըլլալիք բա՞ն է:

            Քանի ոչ մէկ արեւմտահայ արդի բառարանի մէջ գոյութիւն ունի ան, ուստի  պէտք եղաւ դիմել մեծ իրաւարարին՝  Հրաչեայ Աճառեանի «Արմատական»-ին:  

            Եւ  բանէն դուրս եկաւ, որ աշկարայ-ն պարսկերէնէ փոխառութիւն մըն է, որ օրին գոնէ մէկ անգամ  կիրարկած է Վարդանանց հերոսամարտի անմահ պատմիչը՝ Եղիշէն: Ենթադրելի է, որ ան շատ յաճախուած չէ եղած, իսկ երբ 19-րդ դարուն արեւմտահայերէնէնի մաքրման  ծիրէն ներս  պոլսահայերէնէն  կը վտարուէին շուրջ 4.000 թրքերէն բառեր,– աշկարայ-ն իր կարգին դուրս դրուած է, Աճառեանի բանաձեւումով՝ «իբրեւ  գռեհիկ բառ», քանի որ թրքերէն կարծուած է ան:

            Ինչպէս շարունակեց կարծուիլ անկէ ետք ալ՝ մինչեւ մեր օրերը:

            Պարսկերէնի մէջ ան ունեցած է av-āškārā արտասանութիւն մըն ալ, որ դարձած է ափ-աշկարայ, եւ  այս տարբերակը, որ նախորդին սաստկականն է,   նմանապէս   կը լսէինք մեր շուրջը:

            Անշուշտ այս յօդուածին նպատակը  անոր վերականգնումը չէ:

Որքան ալ պարսկերէն ըլլայ ան, եւ մենք սովորաբար  հակադրութիւն ունեցած չըլլանք պարսկերէն բառերու հանդէպ, այսուհանդերձ մեր լեզուն իր բնական ընտրութիւնը կատարած է. մէկ կողմէ՝ անոր յատկացնելով  հազուագիւտ կիրարկութիւն մը մեր մատենագրութեան մէջ, միւս կողմէ՝ անոր  պաշտօնական վտարումով աշխարհաբարի կազմաւորման ընթացքին:

                Ծանօթ._ Բոլորովին տարբեր է կացութիւնը արեւելահայերէնին. աշկարայ-ն  եւ ափաշկարայ-ն մտած են  արեւելահայ բոլոր բառարաններուն մէջ: Եւ զարմանալի չէ, քանի թրքական համախտանիշը (syndrome) ոչ մէկ ատեն գործած է արեւելահայերէնի պարագային, վկայ հետեւեալ կարգի աղաղակող թրքաբանութիւնները՝ խաբար-լուր, չփլախ-մերկ, չախմախ-հրահան[2],  չափալախ-ապտակ[3], չոբան-հովիւ… որոնք «բարբառային» պիտակին տակ տուն-տեղ եղած են  այնտեղ:

  1. Այլ հասարակաց փոխառութիւններ                                

            ***rang, որ կը նշանակէ գոյն. թրքերէնը կ’ըսէ renk, մինչ հայերս կ’ըսենք երանգ:

            Այս բառը աւելի ուշ վերստին փոխառուած է  պարսկա-թրքական արտասանութեամբ, գոնէ բարբառային մակարդակով, օրինակ՝ աչքի առաջ ունենալ Սայաթ-Նովայի հետեւեալ  կիրարկութիւնը, որ միակը չէ.

                                    «Ռանգդ փռանգի ատլաս է,

                                      Զար  ղալամքարի նման իս»…

            Մինչ գրական հայերէնը շարունակած է պահպանել  երանգ  ձեւը:

            Ինչպէս կը տեսնենք,  հայերէնը փոխառեալ բառին սկիզբը աւելցուցած է ձայնաւոր մը՝ ե, որ կը կոչուի աճական:

            Ծանօթ.—Աճականը անիմաստ հնչիւն մըն է, որ երբեմն կ’աւելնայ փոխառեալ  արմատի  մը  սկիզբը կամ վերջը. օրինակ՝ հնդեւրոպական  nomn  արմատը հայերէնի մէջ դարձած է  ա-նուն, իսկ ster արմատը դարձած է ստեր-ջ (ա եւ ջ աճական են):

            ***nišan. թրքերէնը անփոփոխ առած է զայն՝ նիշան  արտասանութեամբ,  մինչ հայերէնը սղած է առաջին ձայնաւորը եւ ըսած է նշան:

            Այս պարագային  նկատելի է հետեւեալը. նիշան բառը պարսկերէնի մէջ կը նշանակէ հետք, դրոշմ, եւ այս իմաստով ալ առած է զայն հայերէնը՝ անոր վրայ հետագայ դարերուն  աւելցնելով  ուրիշ նշանակութիւններ (տե՛ս «Արմատական»), մասնաւորաբար նշանախօսութիւն-ը, որ պարսկերէնի մէջ բացակայ է:

            Թրքերէնի մէջ նիշան-ին առաջնային իմաստն է նշանախօսութիւն-ը, իսկ հետք կամ դրոշմ նշանակութիւնը  նուազ  տիրական է:

            Այս հաշուով թոյլատրելի է մտածել,  որ թրքերէն նիշան-ը իր «նշանախօսութիւն» իմաստը զարգացուցած է ազդեցութեամբը հայերէնին, որ շատ աւելի կանուխ փոխ առած էր այս բառը:

            ***հunar. պարկերէն կ’արտասանուի հունար.  թրքերէնը զայն դարձուցած է hünär, այսինքն քմայնացուցած է  երկու ձանաւորներն ալ (հիւնäր), մինչ հայերէնը իրեն յատուկ նոյն սկզբունքով՝ սղած է առաջին ձայնաւորը ու ըսած է հնար:

            ***betar. թրքերէնը առած է այս բառը՝ միայն քմայնացնելով a ձայնաւորը՝ betär, մինչ հայերէնը զայն դարձուցած է վատթար (bet  արմատը անգլերէնի մէջ bad է, իսկ հայերէն՝ վատ՝ b>վ նչիւնափոխութեամբ, որ շատ սովորական երեւոյթ է):

  1. Յատկանշական է, որ օրին մեծաթիւ հայեր չէին ճանչնար ու չէին կրնար արտասանել հայերէն երանգ, նշան, հնար, վատթար բառերը, սակայն շատ հեշտութեամբ կ’արտասանէին ու կը կիրարկէին  թրքերէն տարբերակները՝ ռենկ,  նիշան, հիւնար,  պեթար, որոնց շատ աւելի վարժ էին անոնք:

            Այս չորսը, ուրեմն,− անշուշտ ուրիշներ ալ,− որոնք շատ հինէն կու գան, իրենց՝

թրքերէնի հետ  նմանողութեամբ հանդերձ,  որեւէ խտրականութեան առարկայ չեն դարձած ու մնացած են աշխարհաբարի մէջ եւս  շնորհիւ իրենց ունեցած շատ    լայն կիրարկութեան: Թրքական  համախտանիշը չէ  հարուածած   զանոնք:

            Ծանօթ._ Հայերէնի ու թրքերէնի պարսկերէնէ հասարակաց փոխառութեանց առնչութեամբ պէտք է գիտնալ հետեւեալը.  թուրքերը պարսկերէնի հետ շփուիլ սկսան 8-րդ դարուն, երբ արաբական արշաւանքներուն դիմադրելու համար պարսիկները կեդրոնական Ասիայէն թուրք վարձկաններու  օգնութեան դիմեցին,–ճիշդ ինչպէս ազերիները կը դիմեն ներկայիս  օտար վարձկաններու,– մինչդեռ հայ-պարսկական շփումները գոյութիւն ունեցած են անյիշելի ժամանակներէ  սկսեալ եւ շատ զարգացած են մասնաւորաբար պարթեւ Արշակունիներու  հարստութեան օրով, որ կը սկսի  Տրդատ Ա.-ի գահակալութեամբ 52-ին (Քե.):

                Այլ խօսքով՝ մեր փոխառութիւնները հազարամեակ մը աւելի հին   են թրքականներէն:

             [email protected]                                                                      Արմենակ Եղիայեան

 

[1] Թրքերէն արդի բառարաններուն մէջ ան  մտած է  aşikar/աշիկար արտասանութեամբ:

[2] Ներկայիս իբրեւ թէ հայացուցած են բառս՝ կրակվառիչ-կրակայրիչ զոյգ անճաշակութիւներով, այն-քան որ… փնտռել կու տան թրքերէն չախմախ-ը:

[3] Քաղած եմ երբեմնի կրթական նախարար Աշոտ Արմէնեանի… բառապաշարէն:

Արուեստական բանականութիւնը (AI) որքանո՞վ պիտի փոխէ մարդն ու մարդկային արժէքները

AI-ը` Արուեստական Բանականութիւնը (ԱԲ) արդէն իսկ իր հաստատ տեղը գրաւած է ժամանակակից աշխարհին մէջ: Անոր ներկայութիւնն ու կիրարկութիւնը զգալի են բազմաթիւ մարզերու մէջ՝ բժշկութենէն մինչեւ արուեստ եւ գիտութիւն: Աւելին, ան արդէն քանի մը տարիէ ի վեր, դարձած է հասանելի պարզ մարդոց, որոնք արուեստական բանականութեան (ԱԲ) միջոցներ ու սարքեր կրնան գործածել կրթութեան, տարբեր տեսակի աշխատանքներու, թարգմանութիւններու, նոյնիսկ ժամանցի ու հաղորդակցութեան համար: ԱԲ արդէն շատոնց միայն չոր գիտական հաշուարկներով չի զբաղիր. ան նոյնիսկ կրնայ ընկերդ դառնալ, որուն հետ կը խօսիս ու տարբեր հարցեր կը քննարկես:

Եւ ճիշդ հոս է, որ կը ծագին բաւական հետաքրքրական հարցեր, որոնք տակաւին պատասխաններ չունին, որովհետեւ ԱԲ-ին ամբողջական ներուժը յայտնի չէ, եւ մենք չենք գիտեր, թէ ի՞նչ աստիճանի նուաճումներու կրնայ հասնիլ, ինչպէս նաեւ չենք գիտեր, թէ արդեօ՞ք մենք ի վիճակի ենք հակակշռի տակ պահելու ԱԲ-ն (AI): Խօսքը անշուշտ չի վերաբերիր գնդացիրներով զինուած ռոպոթներուն, որոնք կը գրաւեն մոլորակը եւ պատերազմ կը սկսի մարդոց դէմ, ինչպէս որ նման նախախատեսութիւններ կը կատարուին ֆիլմերու մէջ, ինչպէս՝ Terminator-ը, կամ Matrix-ը: Խօսքը աւելի մարդկային բնոյթի եւ մարդկային ընկալումներու մասին է, թէ մարդը ինչպէ՞ս պիսի ընկալէ ու որդեգրէ խելացի եւ տեղեկացուած Արուեստական Բանականութիւնը (ԱԲ):

Գաղտնիք չէ, որ մինչեւ այսօր մարդուն համար մեծագոյն հանելուկը նոյնիքն մարդն է, մարդուն հոգեկան աշխարհը: Հակառակ իր գիտաարհեստագիտական զարգացումին, նուաճումներուն, մարդը մինչեւ այսօր չի գիտեր իր պատմութիւնը ամբողջութեամբ, թէեւ կրցած է ճեղքել աթոմին միջուկը, այցելել Լուսին, կը ծրագրէ նուակել Հրատ մոլորակը եւ հասնիլ լոյսի միլիոնաւոր տարիներ հեռու տարածքներ, այնուամենայնիւ բազմաթիւ սովորական հարցեր կը մնան անլուծելի: Մարդը ոչ միայն չէ յաջողած վերացնել իր գոյութեան ընթացքին իրեն ուղեկցող հիւանդութիւնները, պատերազմները, սովը, մահը, այլեւ չէ յաջողած լուծումներ գտնել մարդկային շփումներուն, անհատական յարաբերութիւններու անյատակ խորքին մէջ տեղի ունեցող ու ընդհանրացող ճգնաժամերուն:

Թէեւ փիլիսոփայութիւնը, հոգեբանութիւնը տուած են բազմաթիւ հանճարեղ մասնագէտներ, որոնք այս կամ այն չափով փորձած են բացատրել մարդուն էութիւնը, սակայն տակաւին առկայ են մարդկային բազմաթիւ հարցեր, որոնք ո՛չ միայն լուծուած չեն, այլեւ՝ աւելի սրած եւ բազմաձեւ դարձած: Ոչ ոք եւ ոչինչ այնքան տառապանք չէ պատճառած մարդուն, որքան մարդը ինքը: Եւ այս պարագային շատ հետաքրքրական է, թէ մարդը ինչպէ՞ս պիտի յարաբերի խելացի եւ իրազեկ, արագաշարժ ալկորիթմներու (algorithms) հետ, որոնց հասանելի են ամէն տեսակի բաց տեղեկատուութիւնները: Ինչպէ՞ս մարդը պիտի պայքարի այն ոճիրներուն դէմ, որոնք կրնան կատարուիլ Արուեստական Բանականութեան օգնութեամբ: Եւ ի վերջոյ մարդը ինչպէ՞ս պիտի ընկալէ Արուեստական Բանականութիւնը: Ան պիտի շարունակէ՞ մնալ օգնականի ու մեքանիզմի մակարդակին, թէ այնքա՛ն պիտի բարձրանայ ու այսպէս ըսած «ինքնութիւն ձեռք պիտի բերէ» եւ դառնայ առանձին ցեղ կամ գոյութեան տեսակ (species):

Ամէն օր AI-ը (ԱԲ) աւելի ու աւելի շատ փոփոխութիւններ կը յառաջացնէ մարդու կեանքին մէջ՝ լաւ ու վատ: Ի հարկէ ամէն ինչ կու գայ մարդէն: Ինչպէս կը նշէ ժողովրդական առածը․ «երկաթը յանցաւոր չէ, որ իրմէ թէ՛ աշխատանքային գործիք կը պատրաստեն, թէ՛ զէնք»: Հարցը մարդն է եւ անոր վերաբերումը իր շրջապատին ու իր անձին նկատմամբ:

Խօսելով ԱԲ-ի մասին, կ’արժէ ուշադրութիւն դարձնել բարոյական բազմաթիւ հարցերու, որոնք ուշ կամ կանուխ պիտի պարզուին մեր առջեւ, յատկապէս անհատական մակարդակի վրայ: Գաղտնիք չէ, որ այսօր բազմաթիւ chat-bot-եր կան (համակարգչային ծրագիրներ, որոնք նախատեսուած են խօսակցութիւն յառաջնելու գործածողներուն հետ, յատկապէս համացանցի միջոցով – խմբ.), որոնք հնարաւորութիւն կու տան մարդուն անանուն շփուելու ուրիշներու հետ: Կան նաեւ բազմաթիւ այլ ծրագիրներ, որոնք թոյլ կու տան, որ մարդը շփուի ալկորիթմին հետ այնպէս՝ ինչպէս մարդ մը: Ինչպէս լեզուական, կրթական, այնպէս ալ ժամանցային եւ նոյնիսկ էրոթիք-սեռային chat-bot-եր կան, ուր մարդ կրնայ ընտրել իր զրուցակցին չափանիշները` բառին բուն իմաստով: Կրնայ ընտրել սեռը, կազմուածքը, մորթին գոյնը, խելացութեան աստիճանը, նախընտրութիւնները․․․գրեթէ ամէն ինչ եւ անոր հետ խօսիլ այն թեմայով, որ ինք կը նախընտրէ:

Միշտ ալ հաճելի է շփուիլ հասկցող եւ կարեկցող մէկու մը հետ, յատկապէս մեր առանձնութեան այս դարաշրջանին: Դատելով տուեալներէն, նմանօրինակ ալկորիթմներու հետ «կը շփուին» տասնեակ հազարաւոր մարդիկ եւ անոնց թիւը ամէն օր կ’աճի: Այն պահէն սկսեալ, երբ մարդը նախընտրեց մարդու փոխարէն շփուիլ AI-ի հետ, ան ինքզինք ալկորիթմի հաւասար մակարդակի դասեց: Տակաւին ոչ մեծ տարողութեամբ, բայց արդէն հարց գոյութիւն ունի, թէ «արդեօք AI-ի հետ մտերիմ բնոյթի շփումը կրնա՞յ դաւաճանութիւն նկատուիլ զոյգերու միջեւ»: Որքան ալ հարցը տարօրինակ եւ անբնական կը թուի, ան գոյութիւն ունի: Նոյնիսկ կան պարագաներ, երբ զոյգեր բաժնուած են, որովհետեւ անոնցմէ մէկը միւսը «բռնած» է AI-ի հետ մտերիմ շփման մէջ: Այս մէկը քանի մը բան կրնայ նշանակել:

Առաջինը այն է, որ մենք գործ ունինք  բարոյական հարցերու ու չափանիշներու հետ: Մարդու եւ կենդանիի միջեւ սեռային կապը առողջ երեւոյթ մը չէ: Իսկ արդեօ՞ք առողջ է մարդու եւ ալկորիթմի միջեւ նմանօրինակ շփում մը: Եթէ մարդու եւ AI-ի կապը կրնայ դաւաճանութիւն նկատուիլ, կը նշանակէ թէ AI-ը պարզապէս գործիք մը չէ, որովհետեւ զայն մարդկային մակարդակի վրայ ընկալելով մենք անոր ինքնութիւն կու տանք: Ան ունէր բանականութիւն, իսկ հիմա մենք անոր ինքնութիւն կու տանք: Այդ պարագային, մարդը ինչպէ՞ս պիտի շարունակէ ինքզինք ընկալել: Արդեօ՞ք անհատական շփումը, ընկերային կապերը այս պարագային չեն ենթարուիր ձեւափոխութիւններու եւ մինչեւ ո՞ւր կրնան հասնիլ անոնք: Իսկ եթէ մարդու եւ AI-ի մտերիմ շփումը դաւաճանութիւն չէ, ապա ի՞նչ կոչել զայն: Ինչպէ՞ս սահմանել բնականոնացած բարոյականութիւնը այդ պարագային: Յատկապէս պահպանողական ընկերութիւններու մէջ քանի՞ հոգի կը հանդուրժէ, որ իր զոյգը կամ ամուսինը ալկորիթիմի հետ խօսի այնպէս, ինչպէս իրեն հետ կը խօսի: Տակաւին, չափանիշներէն կախեալ, ալկորիթմը կրնայ «վիրաւորուիլ ու նեղուիլ» եթէ մարդ-զրուցակիցը իրեն հայհոյէ կամ անպարկեշտ առաջարկներ կատարէ:

Փաստը կը մնայ փաստ. մենք կանգնած ենք նոր ու մութ դռան մը առջեւ: Հոն կրնան թաքուած ըլլալ մեր «ֆրէօտեան դեւերը»` աւելի խելացի, նրբանկատ, գայթակղիչ: Եւ գրեթէ վստահ կարելի է ըլլալ, որ ներկայիս մարդը հազիւ թէ կարենայ դիմանալ այդ գայթակղութեան եւ ի վիճակի ըլլայ առողջ դատելու իր ու իր աշխարհին ու անոր արժէքներուն մասին:

AI-ը երթալով աւելի կը զարգանայ: Շատ չանցած, AI-ին հետ ոչ միայն տեսազրոյց ու նամակագրութիւն կարելի է ունենալ, այլեւ հոլոկրաֆիք ու ֆիզիքական ներկայութիւն: Եւ այդ պարագային մենք ստիպուած ենք իրականութեան նայելու եւ անգամ մը եւս փորձել պատասխանել «ով եմ ես» հարցումին:

AI-ի հետ արդէն նկատելի են բարոյական, ընկերային հարցեր, ինչպէս օրինակ աշխատանքի մէջ մարդը ռոպոթով կամ ալկորիթմով փոխարինելու պարագաները: Բացի այն իրողութենէն, որ ալկորիթմը կրնայ աշխատիլ մարդու փոխարէն, ան նաեւ կը նկարէ, կ’երգէ, կը ստեղծագործէ բաւական տպաւորիչ արդիւնքներով: Ի՞նչ պատասխաններ տալ այս պարագային: Արդեօք մարդու ընկալումը մարդու հանդէպ պիտի մնա՞յ հաստատուն մակարդակի, թէ՞ մենք շուտով ականատես պիտի ըլլանք մարդածին մարդու գերակայութեան դարաշրջանի աւարտին ու նոր տեսակի` Արուեստական Ինքնութեան յայտնուելուն, որ իրեն հետ նոր, ու թերեւս, ամբողջովին այլ կարծիք առաջ բերէ կրօնքի, հայրենիքի, ընտանիքի ու մարդու մասին: Եւ ի՞նչ պիտի ընենք, եթէ մեզի առաջարկուին, կամ որ աւելի վատ է, պարտադրուին մարդկային հիմնաքարային սկզբունքներու փոփոխութիւններ: Անոնք պիտի առաջնորդեն անխուսափելի այլասերմա՞ն, թէ՞ ամբողջովին նոր մակարդակի բարեշրջումի, ուր մարդը շատ աւելի քիչ տուեալներով պիտի յիշեցնէ իր պարզագոյն նախնիները: 

ՏՂԵՐՔ ՋԱՆ

Տօնական այս օրերուն
Ծնկաչոք գեղօն Ձեր խնկաբոյր շիրիմներուն

Մայրամուտին գացիք, տղե՛րք՝
            Որ վարդագոյն արշալոյսներ մեզ պարգեւէք․․․

Ձեր կեանքերը հրկիզուցան՝
            Որ ճամբան մեր լուսաւորեն․․․

Ծիծեռանկերը չուեցին
            Որ ձեր նինջը չխանգարեն․․․։
Բայց ձեր նինջը արթնութեան կանչ
Շեփոր է կուռ
            հոգինրուն մեր որոնող։

Բանակ դարձաք անանձնական,
Պահապաններ սուրբ ժառանգին մեր պատմութեան,
Որ մենք դառնանք ձե՛ր երազած ճանապարհի
Յաջորդ «ՄԵՆՔ»ը վեհ, անխորտակ մեծ խորհուրին։

Միւռոնուեցաք արեամբն Հողով
Հոգեհատոր հրաշք տղերք․․․

Գիտցէ՛ք․․․
Գիտէ՜ք՝
Որ զրահուած, մենք միասին,
Պիտի հատենք արահետը մութ պատմութեան
Զայն վերածենք արեւային ճանապարհի՝
            յոյժ ՄէԿՈՒԹԵԱՆ սուրբ խորհուրդի։

Մրրկածուփ ձեր ՄԵ՜ՆՔՈՒԹԵԱՆ երազանքին որպէս փարոս,
Մոլորածին դարձի բերենք
            որ մկրտուին Ձեր սրբազան ոգու շունչով։

Գարնափթիթ ձեր օրերը
            Դեռ չծաղկած գացիք, տղե՛րք։
Բայց տղերք, ջան,
Ձեր նինջը, ո՜չ, մունջ չէ՛ բնաւ,
            Այլ շեփորող վառ արշալոյս
            Լուսապայծառ մեր գոյութեան․․․

Եւ գիտէի՜ք,
Այո՛․ գիտէ՜ք՝
Արշալոյսներ պիտի ծագին
Ու պիտ՛ երթանք մենք միասին
Մեծ երազի՝
            Յաւերժական Մեծ ՅԱՒԵՐԺԻՆ․․․

ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
4, Յունուար, 2024 Թուական, ժամը 11 կ․ա․
Հայկական տոմարի՝ Քաղոց, յամի 4516 Թուական, ժամը Փայլածում։

Արմենակ Եղիայեան. տասը խորհուրդ արդի հայ գրողին

  1. Ձեր յօդուածը երկու համակարգչային էջէ աւելի թող չըլլայ. այլապէս միշտ պիտի վտանգուի անոր ընթերցումը:
  2. Խուսափինք կրաւորական բայերէ՝ ի հաշիւ չէզոք եւ ներգործական բայերու:

Մի՛ ըսէք ու գրէք՝

–Պոլիսը գրաւուեցաւ Սուլթան Ֆաթիհի կողմէ:

Այլ ըսէ՛ք ու գրեցէ՛ք՝

–Սուլթան Ֆաթիհ գրաւեց Պոլիսը:

3. Ենթական չկրկնենք էական բային հետ:

Չըսենք ու չգրենք՝

–Այս խնձորը համով խնձոր է:

Այլ ըսենք ու գրենք՝

–Այս խնձորը համով է:

Կամ՝

–Համով խնձոր է այս:

  1. Խուսափինք անորոշ դերբայէն՝ ի նպաստ բայանուններու:

Մի՛ ըէսք ու գրէք՝

–Նախագահ մը ընտրելը դժուարացաւ:

Այլ ըսէ՛ք ու գրեցէ՛ք՝

–Նախագահի մը ընտրութիւնը դժուարացաւ:

Մի՛ ըսէք ու գրէք՝

–Կողմերը մօտ են  զինադադար կայացնելու(ն):

Այլ ըսէ՛ք  ու գրեցէ՛ք՝

–Կողմերը մօտ են զինադադարի (մը) կայացումին:

 5. Խուսափինք որոշիչ յօդով օժտելէ յատուկ անունները:

Մի՛ ըսէք ու գրէք՝

–Գերմանիան կ’ուզէ, որ Ուքրանիան պարտուի:

Փութինը եւ Էրտողանը համաձայնեցան:

Այլ  ըսէք ու գրեցէք՝

–Գերմանիա կ’ուզէր, որ Ուքրանիա պարտուի:

Փութին եւ Էրտողան համաձայնեցան:

  1. Նախընտրել եզակին յոգնակիէն:

Մի՛ ըսէք ու գրէք՝

–Ան տաբատներ գնեց շուկայէն:

Այլ ըսէ՛ք ու գրեցէ՛ք՝

–Ան տաբատ գնեց շուկայէն:

Մի՛ ըսէք ու գրէք՝

–Թորոսը, Մարկոսը եւ Կիրակոսը այցելութիւններ տուին:

Այլ ըսէ՛ք ու գրեցէ:ք՝

–Թորոսը, Մարկոսը եւ Կիրակոսը այցելութիւն տուին:

Մի ըսէք ու գրէք՝

–Օդանաւերը ժամերով թռիչքներ կատարեցն:

Այլ ըսէք ու գրեցէ՛ք՝

–Օդանաւերը ժամերով թռիչք կատարեցին:

           7. Հոն ուր կարելի է՝ նախընտրել ա յօդակապը ե-էն:

Մի՛ ըսէք ու գրէք՝

այցեգին, այցեգիր, այցետոմս:

Այլ ըսէ՛ք  գրեցէ՛ք՝

այցագին, այցագիր, այցատոմս:

  1. Ել եւ ալ տարբերակներու պարագային միշտ նախընտրել ել-ը՝

ելլել/ելլալ,           գտնել/գտնալ,

մռնչել/մռնչալ,    վրնջել/վրնջալ:

     9. Չհոլովել ինքզինք(ս) դերանունը, որ հայցական է արդէն:

Մի՛ ըսէք ու  գրէք՝

ինքզինքիս-ինքզինքէս-ինքզինքովս…

Այլ ըսէ՛ք ու գրեցէք՝

ես իմ           – ես ինծի     -ես ինձմէ       -ես ինձմով

          –մենք մեզ     -մենք մեր   -մենք մեզի      -մենք մեզմէ       -մենք մեզմով

դուք ձեզ      -դուք ձեր    -դուք ձեզի     -դուք ձեզմէ                  -դուք ձեզմով

   10. Որեւէ օտար յատուկ անունի մէջ,– կը շեշտենք՝ մէ՛ջ,– չգրել է եւ օ տառերը, այլ գրել մի՛միայն ե եւ ո. օրինակ՝ Տը Կոլ, Պոտլեր, Մարսել, Ռոպեր, Լեյեն, Նեմեսիս, Պրոմեթէ եւ այլն՝ յարգելով հանդերձ նման անուններու պատմական ուղղագրութիւնը:

Եւ Տէր  ընդ Ձեզ,  ընդ ամենեսեանդ:

Շնորհաւոր Նոր տարի եւ Սուրբ ծնունդ:

Երջանիկ տարիներ աշխարհին, Հայաստանին, բոլորին ու բոլորիս:

[email protected]                                                                                 Արմենակ Եղիայեան

Տաղանդաշատ դաշնակահարուհի, արաբերէնի եւ արաբական մշակոյթի դասախօս Միմի Մելգոնեան

Տաղանդաշատ տիկին Միմի (Յասմիկ) Մելգոնեանի մասին շատեր կարդացած են հաւանաբար օտար լեզուներով: Ցանկութիւնս էր շնորհալի ու տաղանդաշատ հայուհիին մասին գրել հայերէնով, որ այսօր առաջին անգամ ըլլալով կը հրապարակուի Տարբերակ21 կայքէջին միջոցով:

Ներկայիս ամերիկաբնակ, ծագումով Լիբանանէն տիկին Մելգոնեան Նիւ Եորքի Արաբ Ուսուցիչներու Խորհուրդին նախագահն է (President of New York Arabic Teachers’ Council).

Միմի Մելգոնեան կը դասաւանդէ արաբերէն եւ ֆրանսերէն “Brunswick School” դպրոցին մէջ, Greenwich, Connecticut: Ան մեծ փորձառութիւն ունի ստեղծագործական ձեւերով արաբերէն լեզու եւ մշակոյթ դասաւանդելու դպրոցներու մէջ, ինչպէս նաեւ՝ առցանց:

Ան յաճախ իբրեւ դասախօս կը հրաւիրուի լեզուաբանական խորհրդաժողովներու եւ սեմինարներու Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ:

Ամէն տարի ան իր մասնակցութիւնը կը բերէ Գոլոմպիա համալսարանի Կրթական Մամուլի Ընկերակցութեան Համագումարին (Columbia Scholastic Press Association Convention), որ տեղի կ’ունենայ Նիւ Եորքի մէջ:

Տիկին Միմին պարգեւատրուած է շարք մը տիտղոսներով, ինչպէս՝ Բարի Կամքի Դեսպան (Goodwill Ambassador) Արքանսաս նահանգի պետական քարտուղարին եւ նահանգապետին կողմէ՝ իր ուեցած մեծ ներդրումին համար the Little Rock Sister Cities յանձնաժողովին եւ the IBLA-Little Rock Music երաժշտութեան փառատօնին մէջ։

Յատկանշական է անոր հեղինակած գիրքը՝ «Nightingales» (Սոխակներ), որ կը խօսի սուրիացի գաղթականներու տարբեր կացութիւններուն եւ վիճակներուն մասին, իրական պատմութիւններ՝ որոնք ձեւով մը արձագանգ գտած են իր՝ հեղինակին հոգիին մէջ, որպէս հայկական ջարդէն վերապրած ծնողներու զաւակ:

Միմի պարբերաբար ելոյթներ ունենած է իր հիմնած եռեակին հետ ինչպես նաեւ՝ համագործակցած բազմաթիւ նշանաւոր երաժիշտներու հետ ու համերգներ ուեցած Պէյրութի եւ Միջին Արեւելքի ծանօթ դեսպանատուներուն մէջ: Միմին եւ իր ամուսինը՝ Howard Aibel, պարբերաբար հանդէս կու գան որպէս դաշնամուրային զոյգ. կարելի է ունկնդրել անոնց դաշնամուրային կատարումը հետեւեալ յղումով՝ https://youtu.be/TW8rXpyV5IY?si=FnkQ4S0gXKkCvPvE

28 Փետրուար 2020-ին, Միմի Մելգոնեան եւ ամուսինը Howard Aibel հանդէս եկած են բարեգործական համերգով մը՝ գումար հաւաքելու կոյր դաշնակահարներու դաշնամուրի միջազգային մրցոյթին համար: Թէեւ 84-ամեայ Howard Aibel երեք վիրահատութեան ենթարկուած է եւ դժուարութեամբ կը քալէ, սակայն անոր նուագելու կարողութիւնը կը մնայ բացառիկ:

Կենսագրութիւն

Մեծ յարգանք վայելող եւ բազմատաղանդ դաշնակահարուհի Միմի Մելգոնեան կը տիրապետէ հինգ լեզուներու: Եղած է Լիբանանի Ազգային Բարձրագոյն Երաժշտանոցի (Քոնսերվաթուարի) պատուաւոր փրոֆէսոր, ուր դասաւանդած է 10 տարի։ Իր ուսանողներէն շատերը կրթաթոշակներ ստացած են իրենց ուսումը շարունակելու այնպիսի արուեստագէտներու հետ, ինչպէս՝ Daniel Barenboim and Yo Yo Ma, նաեւ Գերմանիոյ, Զուիցերիոյ, Իտալիոյ, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու երաժշտանոցներուն մէջ:

Մասնագիտանալէ առաջ, ան գերազանցութեամբ աւարտած է Պէյրութի Լիբանանի Ազգային Բարձրագոյն Երաժշտանոցի դաշնամուրի եւ մանկավարժութեան բաժանմունքը: Ան իր ուսումը շարունակած է Փարիզի Conservatoire de Boulogne-Billancourt երաժշտանոցին մէջ, նաեւ՝ բարձր յիշատակութեամբ արժանացած է Հիւսիսային Լոնտոնի Փոլիթեքնիքի ուսողութեան բաժանմունքի HND (Higher National Diploma) վկայականին: Ան արտօնաւոր է Լոնտոնի Ուսողութեան եւ Անոր Կիրառութիւններու Հիմնարկին (IMA):

2017-ին, Օտար Լեզուներու Ուսուցման Ամերիկեան Խորհուրդը (ACTFL) զինք կը պարգեւատրէ Կրթական Արհեստագիտութիւններու Մրցանակով (Educational Technology Award): Սոյն կազմակերպութիւնը կը սատարէ արաբերէնի եւ արաբական մշակոյթի ուսուցման ու տարածման Միացեալ Նահանգներու մէջ: 2018-ին Միմի կ’ընտրուի ACTFL-ի Արաբական Յատուկ Խմբակի (Arabic Special Group – SIG) քարտուղար:

Միմի Մելգոնեանի ամուսնոյն արուեստագէտ Howard Aibel-ի մասին

  • Հիւսիսային Այովա համալսարանի պատուաւոր փրոֆէսոր:
  • «New York Concert Review, Inc.» պարբերականի նախկին հիմնադիրն ու նախագահը www.nyconcertreview.com:
  • Նիւ Եորքի աշխարհահռչակ Ճուլիըրտ դպրոց նախկին օգնական ուսուցիչ տիկին Ռոսինա Լեւինի հետ:
  • Հիւսիսային Գարոլայնա արուեստից վարժարանի դաշնամուրի բաժնի նախկին ղեկավար:

 

Հայը եւ Միամտութեան, Ինքնախաբէութեան ու Ինքնավստահութեան աստուածները

Եթէ հայերը կրկին հեթանոս դառնան, ապա դիցարանին մէջ միայն քանի մը աստուած պիտի ըլլան` Ինքնախաբէութեան, Մեծամտութեան, Միամտութեան եւ Համբերութեան աստուածները: Այս պարագային, ամբողջովին բնական ու հասկնալի կը դառնայ այն բոլորը, որ այսօր կը կատարուի Հայաստանի մէջ, կը վերլուծուի ամէն օր, բայց եւ այդպէս որեւէ գործնական փոփոխութիւն տեղի չ’ունենար:

Քանի մը օրէ ի վեր, լուրեր կը շրջին, թէ Արցախի լուծարք տեղի պիտի չունենայ, որովհետեւ անոր առնչութեամբ իրաւական որեւէ փաստաթուղթ գոյութիւն չունի: Մարդոց մեծ մասը հրճուանքի մէջ է եւ անոնք նոյնիսկ փառք կու տան Աստուծոյ, որ ամէն ինչ այդպէս դասաւորուեց: Շատեր ալ այս լուրը՝ Արցախը չլուծարելու նորութիւնը կը նկատեն զայն վերադարձնելու առաջին քայլը ու կը մեղադրեն անոնք՝ որ չեն ոգեւորուած այս լուրով:

Իսկապէս զարմանալի է որ մարդիկ ընդհանրապէս կը լսեն ու այդ մասին քննարկումներ կը տարածեն, եւ նոյնիսկ կը հաւատան, թէ Արցախը չլուծարելու «պատմական» որոշումը որեւէ արժէք ունի գործնական գետնի վրայ:

Բայց իրականութիւնը այն է, որ անկախ այն իրողութենէն, թէ հոս՝ Երեւանի մէջ ով ի՞նչ կ’ըսէ, ի՞նչ փաստաթուղթ կ’ընդունի կամ չ’ընդունիր, իրականութենէն մէկ կրամ իսկ չի փոխուիր եւ Աստուած ալ բնականաբար կապ չունի: Ի վերջոյ, Արցախը փաստաթուղթերով չանկախացաւ ու չկայացաւ եւ փաստաթուղթով ալ չլուծարուեցաւ:

Արցախի կայացումը կարելի դարձաւ ազատագրական մեծ պայքարով, հազարաւոր զոհերով, զինուորական սերտուած գործողութիւններով եւ տնտեսական ծանրագոյն զոհողութիւններով: Միանգամայն հասկնալի է, որ Արցախի անկումը եւս հետեւանք էր հայկական կողմի թուլութեան` բոլոր առումներով` տնտեսութենէն մինչեւ բանակ, քաղաքականութենէն մինչեւ դիւանագիտութիւն: Նոյնիքն այդ ուժերու մեծ անհաւասարակշռութեան հետեւանքով ալ կործանեցաւ Արցախը: Եւ հիմա, երբ Հայաստանի մէջ ոգեւորութեան ալիք կը բարձրանայ, որ Արցախը պիտի չլուծարուի, լուրջ հարց կը ծագի, թէ այս վերջինները ի՞նչ նկատի ունին:

Արցախի մէջ այսօր հայ գոյութիւն չունի, տէր ու տիրական են ատրպէյճանցիները, հետեւաբար, ինչպէ՞ս պիտի պատահի լուծարումը: Թուղթո՞վ: Ճիշդ հոս է որ կը սկսիս մտածել, որ թերեւս Միամտութեան, Ինքնախաբէութեան, Ինքնավստահութեան աստուածները իրենք են մեզ կառավարողը, այլապէս անկարելի է արթուն ըլլալ եւ միաժամանակ հաւատալ, թէ Արցախի վտարանդի կառավարութեան ստորագրած թուղթը կրնայ որեւէ նշանակութիւն ունենալ: Ի վերջոյ Արցախի վրայ 2020-ին կատարուած յարձակումը զուտ ատրպէյճանական ցանկութիւն չէր: Թուրքիա, Ռուսիա եւ Իսրայէլ գործնապէս մասնակցեցան այդ բոլորին՝ մէկը զօրքով, միւսը՝ զէնքի մատակարարումով, մէկն ալ հայերը խանգարելով: Արեւմուտքը եւս կոչերէն աւելի առաջ չգնաց: Նոյնիսկ Իրանը, որուն տարածքին մէջ նաեւ քանի մը հրթիռներ ինկան, այլապէս նաեւ սպանուեցաւ անոր կորիզային ծրագրին ղեկավարը՝ Մոհսէն Ֆահրիզադէն, յայտարարութիւններէն անդին չգնաց:

Պատերազմը աւարտեցաւ, հաշմուած Արցախը պարբերաբար ենթարկուեցաւ վառելանիւթի սահմանափակումներու, շուրջ մէկ տարի ապրեցաւ ամբողջական շրջափակման մէջ ու կրկին ենթարկուեցաւ ծանր ռմբակոծումի, որմէ ետք անոր աւելի քան 100 հազար բնակչութիւնը ենթարկուեցաւ բռնի տեղահանութեան` ռուս խաղաղապահներու լուռ անգործութեան պայմաններուն մէջ: Այս բոլորէն յետոյ դժուար է մեր բարկութիւնը զսպել, երբ այս ամբողջ ողբերգութեան անարժէք թուղթ մը կը հակադրեն ու կը հաւատան, թէ այդ թուղթը կրնայ որեւէ նշանակութիւն ունենալ:

Անհեթեթ են նաեւ պնդումները, թէ այդ չլուծարման հանգամանքը ունի դիւանագիտական նշանակութիւն մը, որովհետեւ աշխարհի մէջ առնուազն մէկ երկիր այլապէս ալ չճանչցաւ Արցախի անկախութիւնը եւ երկրորդ` դիւանագէտը կը ծառայէ այն նպատակին, որ արձանագրէ տեղի ունեցածը եւ փորձէ առաւելագոյնս յարմար իրադրութիւն ապահովել արդէն եղածը, կամ նոր տեղի ունենալիքը ներկայացնելու եւ արդարացնելու համար: Դիւանագէտը, որուն կը հետեւի ամուր տնտեսութեամբ եւ ուժեղ բանակով կայուն պետութիւն մը կանգնած չէ, չի կրնար իրավիճակ փոխել: Գոնէ այսքանը պիտի հասկնայինք:

Բայց հայերը առանձնայատուկ սէր ունին փաստաթուղթերու, արխիւներու եւ ուշացած որոշումներու հանդէպ: Թէեւ Խրիմեան Հայրիկը տակաւին 1878-ին «երկաթէ ու թուղթէ» շերեփներու մասին խօսելով կը բացատրէր երազանքի ու իրականութեան տարբերութիւնները, բայց հայերը կը շարունակեն ամէն ինչ մէկ կողմ ձգել ու ապրիլ երազանքներով: Սեւրի դաշնագիրը, որ իւրատեսակ թմրադեղ դարձած է վէրքերով լեցուն իրականութիւնը մերժող հայերուն համար, մինչեւ հիմա մեծ ազդեցութիւն ունի ու շատերը կը հաւատան, որ ան իրականութիւն պիտի դառնայ, որովհետեւ արդարութիւնը այդպէս կը պահանջէ: Հայ ժողովուրդը իր գոյութեան ընթացքին այնքան շատ անարդարութիւն ու սրիկայութիւն տեսած է, կը սպասուէր, որ այլեւս երբեք պիտի չհաւատար քաղցր բառերուն եւ կանուխէն զգար փուճ խոստումներուն հոտը: Բայց ոչ, ամենեւին ալ այդպէս չէ: Մենք կը շարունակենք ամենէն ապարզամիտ հրճուանքով իրարու զանազան թուղթեր ցոյց տալ ու հաւատալ, համբերել, անվերջ հաւատալ սեփական ցնորքներուն:

2011-ին Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակագիրը միայն բաւարար էր հասկնալու, որ հայերը վերջնականապէս ամէն կապ կորսնցուցած են իրականութեան հետ: Այդ գոյութիւն չունեցող հանրապետութիւնը «ունի» խորհրդարան, զոր կ’ընտրէ «օնլայն», ունի օրէնսդրութիւն եւ այլն: Եւ հիմա, այլեւս գոյութիւն չունեցող Արցախի Հանրապետութեան վտարանդի կառավարութիւնը եւս կը միանայ հայկական գոյութիւն չունեցող հանրապետութիւններու ցանկին: Ա՞յս է մեր պատկերացուցած պայքարն ու դիւանագիտութիւնը:

Ի՞նչ է այս, եթէ ոչ` ախտանշան: Ի՞նչ պիտի պատահի ապագային: Արդեօ՞ք այլ հարուածի մը մենք պիտի պատասխանենք անհեթեթ հռչակագիրներով: Արդեօ՞ք յաջորդ ճգնաժամը մենք պիտի դիմաւորենք նոր ցնորքներով ու յաջորդ կորուստը պիտի թաղենք նոր ու ալ աւելի մեծ ու անիրական երազանքի մը տակ: Որովհետեւ իրական պետութիւնը ձգած, ամբողջ ժողովուրդ մը կը ձգտի ապրիլ ուժը կորսնցուցած անիրականանալի երազանքով մը:

Իրականութեան զգացումը կորսնցուցած ժողովուրդ մը կրնայ չհասկնալ, չզգալ, չպայքարիլ իրականութեան համար: Ան այլեւս չի հասկնար, թէ որ մէկն է իրականը, որ մէկը՝ ոչ: Ան պարզապէս կրնայ յայտնուիլ մահաքունի մէջ ու շարունակել կորսցնել, աչքերը կապած ընթացիկ, պայմանական «Սեւրի դաշնագրով»: Միաժամանակ բոլորն ալ անբնական հրճուանքի մէջ են, որ բոլոր արցախցիներուն Փարիզի քաղաքապետարանը շնորհած է «փարիզի պատուաւոր քաղաքացիութիւն»: Եւ արդէն իսկ յոխորտանքներ կը լսուին, որ ահա եւ վերջ, շուտով ֆրանսական լեգէոններու ետեւէն քալելով ետ պիտի առնեն Արցախը: Շատեր կարծես մոռցած են ցաւին տարողութիւնը եւ սովամահի նման կուլ կու տան այդ քաղցր բառերը` որպէս անամոքելի ցաւի բալասան:

Կարելի է անվերջ խօսիլ ու օրինակներ բերել, բայց եղածն ալ բաւարար է, եթէ հասկնալու ու գիտակցելու փափաք կայ: Այս պահուն թերեւս արժէքաւոր պիտի ըլլար բոլոր հայերուն ցրուել ֆրանսացի փիլիսոփայ Տենի Տիտըրոյի «Նամակ կոյրերու մասին, ի խրատ տեսողութեամբ օժտուածներուն» աշխատութեան մէկական օրինակ, բայց հազիւ թէ ան հետաքրքրէ ծիածանի ետեւէն վազող ժողովուրդին:

Հետս էիր ու պիտի մնա՛ս միշտ

Հետս էիր. Երբ տակաւին մանուկ էի խանձարուրի մէջ փաթթուած ու կապկապուած եւ կ’արձակէի ճիչերս առաջին։ Քունը կը հրաւիրէիր կոպերուս ու փակել կու տայիր աչքերս` անգամ մը եւս։

Հետս էիր. Երբ դժուարաւ թոթովեցի իմ բառերն առաջին։ Բաց արձակեցիր լեզուս, թռիչք տուիր բառերուս ու քեզմով կրկնեցի ես զանոնք։

Հետս էիր. Երբ մերժեցի պայուսակն ուսս առած մանկապարտէզ երթալ։ Գոյն տուիր անոր պատերուն, կեանք բերիր անոր քարերուն։ Եւ ես, քեզ մտքիս մէջ առած, ամէն օր յաճախեցի այնտեղ։

Հետս էիր. Երբ բառ առ բառ սկսայ կարդալ նախադասութիւնները պատկերազարդ գիրքիս։ Առանց քեզի, ինչպէ՞ս կարդայի ճերմակ թուղթի սեւ գիծերն այդ։

Հետս էիր. Երբ բարդ էր շուրջբոլորս դարձող ամէն բան, դժուար էր հասկնալ զայն։ Դուն էիր Կաղանդն ու Զատիկը, սէրն ու հայրենիքը։

Դուն էիր, որ դասի ընդմիջումներուն պարապ ժամն ու հոգին կը լեցնէիր իմաստաւոր քու ներկայութեամբ։

Եւ մնացիր ինծի հետ եւ սկսայ քեզ ճանչնալ։

Ու ճանչնալով սկսայ քեզ աւելի փնտռել, սիրել, արժեւորել։

Քեզ հետս տարի ամէն տեղ, բայց դուն ամէն տեղ իսկ էիր։

Կու գայիր բնութեան խորերէն եւ անոր մակերեսէն անգամ։ Կը պահանջէիր ականջս, եւ ես կու տայի…

Կու գայիր Սուլող քամիէն, գլգլացող առուէն, մեր տան դիմացի ծառին սօսափող տերեւներէն, կու գայիր էակներէն այդ թռչող, անգամ կու գայիր փողոցի դռներէն ճռճռացող։ Դուն ամէն տեղ էիր եւ ուշադրութիւն կը հայցէիր։

Հետս էիր դուն.

Եկեղեցւոյ գմբեթին տակ` երբ հարազատի մը սուգը կրեցի։

Աղօթքներուս մէջ` երբ առաջին խնդրանքս երկինք բարձրացուցի։

Սրահներէն ներս` ուր բացակայութեանդ անկենդան խաղաղութիւն մը պիտի տիրէր։

Խնճոյքներուն` վարպետօրէն հիւսեցիր ու շաղկապեցիր յիշատակներն անմոռաց։

Դուն կայիր Ժխորին մէջ ու անդորրին…

Կայիր երբ մթագնող երկինքէն կրակէ բեկորներ կը տեղային վիրաւոր քաղաքին վրայ։

Խեղդեցիր աղմկոտ լռութիւնը հոգիներու։

Ամոքեցիր բաց վէրքերը բորբոքող` զերդ բալասան։

Ու եղար տակաւին հետս երբ ապրեցայ իմ սէրն առաջին, եւ յուսախաբութիւններն իմ բոլոր։

Իմաստաւորեցիր ամէն զգացում. յիշել ու մոռնալ տուիր, հրահանգեցիր շինել եւ քանդել, բաժնել ու միացնել, տիրել, ձգել, անտեսել, շրջանցել։ Տուիր ինծի հնարաւորութիւնները բոլոր, բոլոր կարելի բեմագրութիւնները։

Դուն կու գայիր, կը տեւէիր, կը մնայիր։

Մէյ մը օձիքէս կը հանէիր դէպի վեր, մէյ մը ոտքէս կը քաշէիր դէպի վար։

Եւ ես կը հետեւէի, կը հնազանդէի։

Եւ Հոն էիր…

Հոն էիր մայրամուտին եւ արեւածագին` ականջիս մէջ ու մաշկիս վրայ։

Հոն էիր ուրախութեան սահմանները ջնջելու, ցասումի դառնութիւնը քաղցրացնելու։

Հոն էիր պահու որպէս պահանջ։

Հոն էիր որպէս քաղցր յիշատակ։

Հոն էիր որպէս հոգիի սնունդ։

Շաղկապելով ողջ մէկ երկրագունդ։

Հո՛ն էիր, երբ ոչ ոք ու ինչ կար։

Դո՛ւն, անմահակա՛ն մեղեդի, ամոքի՛չ երաժշտութիւն։

Պէյրութ, 17 Դեկտեմբեր 2023

Լուսին Գասպարեան՝ ամերիկահայ գրող եւ հեղինակային ծաղրանկարիչը

Լուսին Գասպարեան ծնած է  ուսուցիչներու, երաժիշտներու, գրողներու եւ արուեստագէտներու հայ ընտանիքի մը մէջ: Ան փոքր տարիքէն ներգրաւուած եղած է Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզիի հայ համայնքին մէջ։ Աւարտած է Նիւ Եորքի համալսարանի Լրագրողներու դպրոցը՝ մասնագիտանալով քաղաքագիտութեան եւ արուեստի ճիւղին մէջ, իսկ յետընթացաւարտ  ուսումը շարունակած է Նիւ Եորքի տեսողական (visual) արուեստի դպրոցին մէջ:

Որպէս ծաղրանկարիչ (cartoonist), Լուսինին նպատակն է լուսաբանել հայկական իրողութիւնները, որոնք համարժէք լուսաբանումներ չեն ստանար համաշխարհային լրատուամիջոցներու մէջ, եւ իր տեսակէտը ներկայացնել ծիծաղելի եւ տարակերպ (paradoxical)  ձեւերով՝ հիմնուելով պատմութեան, ժողովրդական մշակոյթի եւ անձնական փորձի վրայ:

Տակաւին պատանի տարիքին Լուսին կը ներկայացնէ իր նկարած ծաղրանկարը Նիւ Ճըրզիի The Bergen Record թերթին, որպէս ընկերային-հասարակական մեկնաբանութիւն: Խմբագիրները հաւնած են այդ ծաղրանկարը եւ Լուսինէն արտօնութիւնը խնդրած զայն հրապարակելու: Իր համաձայնութիւնը տալով, ան կը ստանայ իր առաջին աշխատավարձը ծաղրանկարի աշխատանքին համար: Այս միջոցին, Լուսին Գասպարեան նաեւ հրապարակագրութեան փորձ ձեռք կը բերէ՝ յօդուածներ գրելով The Armenian Weekly-ին մէջ, որ ամերիկահայ համայնքին սպասարկող անգլիալեզու թերթ մըն է:

Համալսարանի արուեստի բաժանմունքին առաջին տարին ամբողջացնելէ ետք, Լուսինի ծնողքը մտահոգութիւն կ’ապրին, որ իրենց դուստրը «սոված նկարչուհի» մը կրնայ մնալ իր կեանքին ընթացքին, եւ կ’առաջարկեն, որ ան փոխադրուի լրագրութեան բաժանմունքը եւ եթէ աւարտելէն յետոյ փափաք ունենայ արուեստը շարունակելու՝ իրենք յօժար են: Այսպիսով, լրագրութեան բաժանմունքին մէջ, գրող դառնալու Լուսինին ցանկութիւնը կը ձեւաւորուի ու կը հաստատուի:

Համալսարանի տարիներուն,  Լուսին կը ծառայէ որպէս New York University (NYU) հայկական ակումբի նախագահ, եւ, որպէս համալսարանի աւարտական նուէր իր ծնողքին կողմէ ան առիթը կ’ունենայ իր մասնակցութիւնը բերելու Քեսապի ու Սուրիոյ մէջ Land & Culture կազմակերպութեան (LCO) հետ հայկական յուշարձանները վերակառուցելու աշխատանքներուն: Կեանքի փորձն ու աշխատանքային փորձառութիւնը կ’ամրապնդեն  Լուսինին ցանկութիւնը՝ պահպանելու իր նախնիներու հողերն ու մշակոյթը եւ օտարին ուշադրութիւնը հրաւիրելու իր ժողովուրդին ծանր կացութեան վրայ:

Համալսարանը աւարտելէն ետք, Լուսին Գասպարեան կ’աշխատի հրատարակիչներու հետ՝ հրապարակագրելով նոր լոյս տեսած գիրքերու ու հեղինակներու մասին, ինչպէս նաեւ՝ որպէս գրող եւ խմբագիր Նիւ Եորքի շարք մը ամսագիրներուն: Ան աւելի քան 30 տարիէ ի վեր կ’աշխատակցի ամսագրերու, թերթերու եւ կը զբաղի գիրքերով ու առցանց հրատարակչութեամբ:

Ամռան ամիսները, Հայաստանի մէջ Լուսին կը ղեկավարէ  Land & Culture Organization (LCO) յուշարձաններու վերանորոգման կամաւորական խումբերը: Իր Հայաստան կատարած բազմաթիւ ուղեւորութիւններէն մասին Լուսին կը գրէ իր առաջին գիրքը՝ Armenia: A Rugged Land, an Enduring People (Dillon Press/Simon & Schuster.)

Արդարեւ Լուսին իր ժամանակը կը նուիրէ գիրքերու տարածման, գրելու, արուեստով զբաղելու, նաեւ՝ իր ընտանիքին հոգատարութեամբ:

Իր նոր՝ The Greedy Sparrow: An Armenian Tale (Marshall Cavendish), «Ագահ ճնճղուկը. հայկական հեքիաթ» գիրքին հրատարակութիւնը յարգանքի տուրք մըն է իր նախնիներուն՝ վերապատմելով առակ մը, որ սերունդէ սերունդ փոխանցուած էր իր ընտանիքին մէջ:

Լուսին Գասպարեանի հեղինակած Perspectives from Exile «Հեռանկարներ աքսորէն» խորագրով գիրքը կ՛ուսումնասիրէ իր քաղաքական ծաղրանկարները, որոնք կը ներկայացնեն Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջկառավարական յարաբերութիւնները, Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւնը եւ մարդկութեան դէմ աւելի քան հարիւր տարի առաջ կատարուած յանցագործութիւններու յամառ ժխտումը։

«Այո՛, իմ մայրական մեծ մայրս Տէր Զօրի անապատին մէջ յոգնածութիւնէն ու տառապանքէն սովամահ եղած է իր 14-ամեայ դուստրին՝ մեծ մօրս՝ Արմաւէնիի թեւերուն մէջ, որ իր մայրը թաղած է հոն աւազներուն մէջ: Իմ երկու հօրաքոյրները, որոնք այն ժամանակ նորածիններ էին, նոյնպէս սովամահ եղած են, եւ զանոնք աւազներու մէջ թաղած է իրենց մայրը՝ հայրական մեծ մայրս՝ Լուսիան»։ Լուսին Գասպարեան:

 Կենսագրական

Մանկութենէն ի վեր, Լուսին կը զբաղի ամերիկահայ համայնքային կեանքով՝ ուսումնասիրելով հայկական աւանդոյթները։ Լուսին եղած է իր հայկական դպրոցին աւարտական դասարանի հրաժեշտի խօսքը ներկայացնողը, իսկ 14 տարեկանին Հայաստան այցելելու կրթաթոշակ ստացած է։ Այդ ժամանակէն ի վեր Լուսին բազմաթիւ անգամներ  ճամբորդած եւ աշխատած է Հայաստանի մէջ։

Լուսին Նիւ Եորքի համալսարանէն ստացած է Լրագրութեան Պսակաւոր Արուեստի աստիճան՝ միաժամանակ աւարտելով Studio Art and Political Science դասընթացքները: Յետաւարտական վկայականը ստացած է Նիւ Եորքի համալսարանէն՝ մասնագիտանալով ծաղրանկարռութեան մէջ (cartooning):

Ծանօթագրութիւն

Այցելեցէ՛ք Գասպարեանի՝ www.lucinekasbarian.com կայքը:

«ՓԱՆԹՈՒՐՔԻԶՄԻ ԿԱՅՍՐՈՒԹԵԱՆ ՅԱՐՁԱԿՈՂԱՊԱՇՏ ՁԳՏՈՒՄՆԵՐԸ՝ ԵՐԷԿ ԵՒ ԱՅՍՕՐ» գրեց՝ Լուսին Գասպարեան: Անգլերէնէ թարգմանեց՝ Զարմիկ Պօղիկեան https://hairenikweekly.com/?p=53477

The Greedy Sparrow retold by Lucine Kasbarian 

https://youtu.be/lstyfJnvTQM?si=KnNZcMT18UYf93_u

 

Նոր կառոյցներու հրամայականը դասական սփիւռքին մէջ

Յարափոփոխ հայկական սփիւռքի առանցքային մարտահրաւէրներէն մէկն է տարբեր սերունդներու, մասնաւորաբար՝ նորահաս ու տարեց սերունդներու կապը, յարաբերութիւնը, եւ երիտասարդ սերունդին համար կենսունակ տարածքներու՝ միջավայրի, կառոյցներու ստեղծումը: Գաղտնիք չէ, որ հայկական սփիւռքի համայնքային հաստատութիւնները հիմնականօրէն կը կառավարեն հայկական աւանդական կազմակերպութիւնները, որոնք, թէեւ երկար տարիներ դրական ու կարեւոր ներդրում ունեցած են, սակայն այսօր կը նկատուին բաւական հինցած, պահպանողական, փոփոխութիւն մերժող ու փակ, ինչ որ պատճառ կը դառնայ երիտասարդ սերունդի ներգրաւուածութեան նահանջին. անոնք հեռու կը մնան այսպէս կոչուած «ազգային կառոյցներէն»:

Այսօր մեծ բաց մը գոյութիւն ունի երիտասարդ սերունդին եւ «ղեկավար շրջանակներուն» միջեւ՝ ստեղծելով այն տպաւորութիւնը, որ սփիւռքը «անգլուխ» է եւ կորսնցուցած է ինքզինք ղեկավարելու միջոցները ու կը փնտռէ նորը:

Յամեցող եւ հրատապ հարցը, որ այսօր կը ճնշէ մեր հաւաքական կեանքին եւ անոր կենսունակութեան վրայ հետեւեալն է. ինչպէ՞ս կրնայ սփիւռքը ինքը յարմարիլ եւ ստեղծել այնպիտի միջավայր ու կառոյց, որոնք ոչ միայն կը կը ներգրաւեն երիտասարդները, այլեւ զանոնք կը մղեն աշխատանքի եւ ստեղծագործ ղեկավարութեան:

Սփիւռքի մէջ սերունդներու միջեւ բացուած խրամատը վերցնելու համար, այլ առաջադրանքներու կողքին, ղեկավարական համապարփակ կամ ներառական (ներս առնելու, ընդունելու իմաստով) դրութեան մը ստեղծումը դարձած է հրամայական: Մեր հասկացողութեամբ համապարփակ կամ ներառական ղեկավարութեան դրութիւնը այն վիճակն է, ուր կ’ընդունուին եւ կը ծափահարուին բազմազանութիւնն ու բազմակարծութիւնը՝ երաշխաւորելով, որ, այս պարագային երիտասարդ սերունդին ինքնիշխան մտածողութիւնը, ներուժն ու հեռանկարային ներդրումները կը ճանչցուին եւ կը գնահատուին: Այս մէկը կը պայմանաւորէ ստեղծումը այնպիսի միջավայրի մը, ուր բոլորը անխտիր կը զգան լսուած ու գնահատուած, միջավայր մը՝ ուր կը տիրէ համագործակցային, անկեղծ եւ արդարաշունչ մթնոլորտ մը, որ կը խթանէ իր անդամներուն հաւաքական ներուժը եւ կը սատարէ ընդհանուրին յաջողութեան:

Հոս անխուսափելի կը դառնայ հետեւեալ հարցումը. նման միջավայրի ու մթնոլորտի ստեղծման համար պէտք է յառաջացնել նո՞ր կառոյցներ՝ երիտասարդ ու նաեւ անկախ անհատներու նախաձեռնութեամբ, կա՞մ համագործակցութեամը բոլորին՝ առիթ տալ առկայ կառոյցներուն վերանորոգելու իրենք զիրենք եւ սերնդափոխութեան հետ ստեղծելու փոխանցման հանգրուան մը: Մենք կողմնակից ենք համագործակցութեան՝ միաժամանակ դուռը բաց ձգելով անհատական նախաձեռնութիւններուն:

Համագործակցութեան եւ վերանորոգման հեռանկարով, կ’առաջարկենք որդեգրումը գիտելիքներ, հմտութիւններ եւ փորձառութիւն փոխանցող ռազմավարութեան մը, որուն հիմնական տարրերն են ղեկավարներու պատրաստութեան նախաձեռնութիւնները, դերերու փոխանակումները եւ որոշումներու կայացման գործընթացները՝ ապահովելով, որ ղեկավարութիւնը դառնայ հայ հաւաքականութեան մէջ գոյութիւն ունեցող տարբեր տաղանդներու եւ հեռանկարներու արտացոլման միջավայրը:

Սփիւռքահայ երիտասարդ սերունդին արդիականացած եւ բազմաբնոյթ նկարագրին հետ քայլ պահելու համար անհրաժեշտ է հեռանալ աւանդական, անճկուն կազմակերպական կառոյցներէ: Ճկունութեան որդեգրումը առիթ կը ստեղծէ աւելի յարմարող եւ ներառական միջավայրի մը յառաջացումին, ուր հաւաքականութեան բոլոր անդամները, անկախ տարիքէն եւ փորձառութեան չափէն, կրնան իրենց գործուն ներդրումը ունենալ հաւաքական կեանքին մէջ: Որոշումներու կայացման ճկուն եղանակը, իրարու հետ խօսելու դիւրին եւ թափանցիկ ձեւերը, հանրային նախաձեռնութիւններու ազատ ու հրապարակային քննարկումները, անկեղծ համագործակցութեան մթնոլորտը, դերերու եւ պարտականութիւններու բաշխումի ճկունութիւնը, այս բլորորը կը նպաստեն երիտասարդները ներգրաւող աւելի առողջ միջավայրի մը ստեղծումին:

Հայկական սփիւռքի երիտասարդ սերունդին բազմատեսակ հետաքրքրութիւնները նկատի ունենալով, հրամայական կը դառնայ վերաձեւաւորումը համայնքային աշխատելաձեւին` կազմակերպելով ձեռնարկներ, որոնք յատուկ ծրագրուած են գոհացում տալու երիտասարդներու (բնականօրէն խօսքը չի վերաբերիր արդէն իսկ կուսակցականացուած, հաստատուած ու նախապաշարուած տարրերուն) նախասիրութիւններուն, օրինակ՝ մշակութային փառատօներ, արհեստագիտական սեմինարներ, արուեստի հաւաքական ցուցահանդէսներ, մարզական մրցաշարքեր, երաժշտահանդէսներ, լեռնագնացութիւն եւ նմանօրինակ արկածախնդրութիւններ ու կրթական, մանկավարժական նախաձեռնութիւններ: Այսպիսի բազմազանութիւն մը ստեղծելով, սփիւռքահայ գաղութներու մէջ կարելի պիտի ըլլայ ստեղծել ներառական (all-inclusive) միջավայր մը, որ ժամանակակից հետաքրքրութիւններու առնթեր կը դառնայ միջոց մը մշակութային ինքնութեան եւ ազգային հեռանկարներու խթանումին:

Սփիւռքը կենսունակ եւ հայօրէն ապագայատես պահելու համար, կարեւոր է համայնքային նորարարական մշակոյթի ստեղծումը: Այս մէկը կ’ենթադրէ ըլլալ ներգործոն եւ երեւան հանել ու տարածել երիտասարդ սերունդի ճարտարութիւններն ու նախաձեռնութիւնները տարբեր ոլորտներու մէջ, ինչպէս՝ business-ը, արհեստագիտութիւնը եւ արուեստը: Նորարարական կեդրոններու ստեղծումը, ծրագիրերու օժանդակութեան տրամադրումը (պէտք է գնահատել արդէն իսկ կատարողները), յաջողութեան պատմութիւններու հրապարակումն ու տարածումը, յաջողած ձեռնարկութիւններու հետ համագործակցութեան հեշտացումը, նորարարական մրցումներու եւ մրցանակներու կազմակերպումը, կրթական նորարարական նախաձեռնութիւններու իրականացումը եւ համասփիւռքեան ցանցային միջոցառումներու կազմակերպումը յիշեալ ռազմավարութեան կարեւոր տարրերը կրնան հանդիսանալ: Կարելի է դեռ շարքը երկարել, բայց հիմնականը կը մնայ լսել երիտասարդները ու առիթներ ստեղծել անոնց համար:

Կը պատմուի, որ Վերջերս Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած հայ երիտասարդներու մէկ հաւաքին (ողջունելի նախաձեռնութիւն մը), որուն մասնակցած են տարբեր դպրոցներէ եւ շրջանակներէ, ներկաներուն արծարծած մտահոգութիւններէն մէկը եղած է կեդրոնի մը բացակայութիւնը համայնքին մէջ, ուր երիտասարդներ կրնան հանդիպիլ զիրենք հետաքրքրող օրակարգով մը՝ առանց արտաքին միջամտութիւններու: Կը հաւատանք, որ նման կեդրոնի մը ստեղծումը կրնայ կորիզը հանդիսանալ համայնքային վերանորոգ կառոյցներու զարգացման: Երիտասարդական նորաստեղծ կառոյցներու ստեղծումը, թէ՛ ֆիզիքական վայրի, թէ՛ բովանդակութեան եւ թէ՛ ցանցային առումով, դարձած է հրամայական:

Սակայն՝ պարտադիր հարցում մը. ո՞վ պիտի իրականցէ համայնքային կառոյցներու փոխակերպման, վերանորոգման ռազմավարութիւնները: Կը հաւատանք, որ հայկական առկայ կազմակերպութիւններուն եւ երիտասարդական նորաստեղծ կառոյցներուն միջեւ համագործակցութիւնը կրնայ փոփոխութիւններու հզօր մղիչ ուժ մը (քաթալիսթ) հանդիսանալ: Մէկ կողմէ աւանդական կազմակերպութիւններու փորձառու ղեկավարութեան եւ միւս կողմէ նպատակասլաց ու նորարար երիտասարդներու առաջ քշած ապագայատեսիլ հեռանկարներուն միջեւ ընդհանուր տեսլականի եւ փոխըմբռնումի խթանումով կարելի է ներդաշնակ համագործակցութիւն ձեռք բերել՝ աշուշտ միշտ ի մտի ունենալով եւ հաւատալով, որ հատուածական շահերը մէկ կողմ դրուած են ի տես սփիւռքեան համայնքներու կազմալուծման վտանգներուն: Տակաւին, առանցքային դեր կրնան խաղալ այն անհատները, որոնք անկեղծութեամբ կը մօտենան համայնքներու վերանորոգման անհրաժեշտութեան եւ յանձնառու դիրքորոշում ունին սերունդներու մարտահրաւէրները քննարկելու հարցին մէջ:

Փոփոխութիւններու անհրաժեշտութիւնը գործնական ճիգ կը պահանջէ երկու կողմերէն՝ միասնական ճակատով աշխատելու կենսունակ, ներառական եւ սփիւռքեան ապագայատեսիլ համայնքներ ստեղծելու համար: Հաւաքական ճիգերու հաւատացող այս նախաձեռնողները կրնան երաշխաւորել, որ հայկական սփիւռքը ոչ միայն կը յաղթահարէ ժամանակի փորձութիւնը, այլեւ կը բարգաւաճի միջավայրի մը մէջ, որ կ’առաջնորդուի հարցերու առողջ քննարկումով, ուսումնասիրուած ու գիտակցուած որոշումներու կայացումով եւ կենսունակ ապագայի նկատմամբ ընդհանուր յանձնառութեամբ:

Արցախահայութեան օժանդակութիւնը կրկին օրակարգի վրայ կը դնէ «Սփիւռքի կառոյցներու» խնդիրը

Արցախի աղէտը, ինչպէս Եղեռնի աղէտը, տասնամեակներ շարունակ սփիւռքահայութեան վրայ իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ: 44-օրեայ պատերազմէն ետք, Սփիւռքը «հոգեկան կաթուած»ի մատնուեցաւ, ու այդ ողբերգութեան ծանրութեան տակ` վրայ հասաւ արցախահայութեան էթնիք զտումը եւ Արցախի հայաթափումը:

Բայց այսօր հոգեբանութեամբ զբաղելու ժամանակը չէ, այլ անհրաժեշտ է կեդրոնանալ սփիւռքի երկարժամկէտ աջակցութեան ռազմավարութեան վրայ: Ինչպէ՞ս եւ ինչպիսի՞ անմիջական եւ հետեւողական օժանդակութիւն տրամադրել արցախցիներուն, որոնք Հայաստան ապաստանած են:

Այս հարցումները գործնականի վերածելու համար նախ պէտք է հասկնանք թէ ի՞նչ նկատի ունինք երբ «սփիւռք» կ’ըսենք:

Յաճախ կ’ըսուի որ սփիւռքը «հարստութիւն» կամ «ուժ» մըն է Հայաստանի համար, սակայն այս հաստատումը ընդհանուր գաղափար մըն է, որ պէտք է գործնական տարազի մը մէջ դնել ու յստակացնել: Անշուշտ գործնական չէ կառուցային բնորոշում տալ սփիւռքին, որովհետեւ ոչ աշխարհագրական, ոչ քաղաքական, ոչ ընկերային եւ ոչ ալ տնտեսական մէկ ու ամբողջական միաւոր է ան: Իսկ սփիւռքահայութիւնը իր կարգին բազմաշերտ, բազմազան եւ ոչ այնպայման ներդաշնակ վիճակ է:

Այս ըսել չէ որ սփիւռքի կառոյցները կարեւոր չեն: Ընդհակառակն, կառոյցները անհրաժեշտ են համայնք ստեղծելու եւ կենսունակ պահելու առաքելութեան մէջ: Յետցեղասպանութեան շրջանին, հայկական եղեկեցիները (առաքելական, կաթողիկէ, աւետարանական), կուսակցութիւններն ու իրենց ուղեկից կառոյցները, ինչպէս նաեւ՝ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, տասնեակ տարիներով իրնեց հսկայական դերը եւ ներդրումը ունեցած են գաղթական ու սփռուած հայութեան կեանքը վերականգնելու գործընթացին մէջ: Կառուցած են եկեղեցիներ, դպրոցներ, մշակութային, մարզական, ընկերային ծրագիրներ, կեդրոններ եւ հաստատութիւններ: Այսօրուան սփիւռքի երկար կենսագրութիւն ունեցող համայքներու արմատներն ու հիմքերը այս «դասական» կառոյցներն ու  կազմակերպութիւնները դրած են: Անոնք դարէ մը աւելի սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութիւնը կենսունակ պահելու ազդակ եւ վաստակ ունին: Բայց եւ այնպէս, ժամանակին բազմապտուղ այս կազմակերպութիւնները՝ ներկայ կեանքի, տեղական, տարածաշրջանային եւ համաշխարհային հսկայական վերափոխումներու պարունակին մէջ կարծէք կորսնցուցած են իրենց ստեղծագործական ատաղձը եւ հիմնարար նպատակներու իրագործումը:

Սփիւռքի կառոյցները  պետութիւն, երկիր պահելու համար չեն ստեղծուած, այդ կարողականութիւնը չունին եւ ոչ ալ կրնան յաւակնիլ: Կրնան էական եւ ազդու ներդրում ունենալ «հայրենաշինութեան» գործընթացին մէջ, որոշ ճեղքեր, բացեր գոցել այդ մեծ ծրագիրներուն մէջ:

Այսօր երբ սփիւռքի կառոյցներու մասին կը խօսինք, պէտք է յստակեցնենք, թէ ո՞ր կառոյցներուն մասին է խօսքը եւ ի՞նչ կարողականութիւն ունին անոնք: Կառոյցը կը նմանի շէնքին. շէնքը կայ, բայց պիտի նայինք թէ ո՞վ կ’ապրի այդ շէնքին մէջ եւ ի՞նչ կարողութիւն ունի: Հետեւաբար նպատակը եւ բովանդակութիւնը շատ կարեւոր են: Բաւարար չէ ըսել աշխատինք կառոյցներու հետ, պէտք է մանրամասնել, հասկնալ ո՞ր կառոյցին մասին է խօսքը եւ ո՞ր կառոյցը ի՞նչ խնդիր կրնայ լուծել, կամ ի՞նչ հարցի լուծման կրնայ նպաստել: Հայաստանէն դիտուած, ընդհանրապէս սփիւռքը կը պատկերացնեն իբրեւ հսկայ զանգուած մը խմբուած այդ կառոյցներուն շուրջ: Նման հասկացութիւն կամ դիտարկում իրականութեան արտացոլում չէ, ոչ ալ իրապաշտ է:

Ըստ մեր «Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզ» ուսումնասիրութեան (*), տասը երկիրներու մէջ ապրող սփիւռքահայերու 80 տոկոսը ուղղակի կամ անուղղակի առնչութիւն չունի սփիւռքի կառոյցներուն եւ կազմակերպութիւններուն հետ: Դժբախտաբար, գոյութիւն ունեցող կառոյցներու գործունէութիւնը սահմանափակ է այսօր եւ ներկայ պահանջներու համահունչ չէ: Հետեւաբար, կա՛մ պէտք է վերանայուին անոնց գործունէութիւնը եւ հետապնդած նպատակները, կա՛մ նոր կառոյցներ պէտք է ստեղծել սփիւռքի մէջ: Արդէն իսկ առկայ են նոր կառոյցներ, բայց անոնք իւրայատուկ նպատակներ կ’իրագործեն Հայաստանի կամ սփիւռքի մէջ:

Այսօր, բազմաթիւ անհատներ (թէ՛ վերը նշուած 80 տոկոսէն եւ թէ՛ կազմակերպութիւններու առնչուած 20 տոկոսէն) ընդհանրապէս երիտասարդներ արդէն առանց այդ «դասական» կառոյցներու միջնորդութեան, Հայաստանի հետ ուղղակի կապի մէջ են, կ’օգնեն տարբեր ծրագիրներով:

Այս իրականութեան շրջագիծին մէջ, կարելի է հաստատել որ այսօր սփիւռքի հսկայ կարողականութիւնը անհատներու մօտ է թէ՛ անհատ բարերարներու, թէ՛ մասնագէտներու, գիտնականներու, արուեստագէտներու, մտաւորականներու եւ բազմաթիւ մարզերու մէջ ներգրուած արհեստավարժ հայերու միջոցով: Ուրեմն, ինչպէ՞ս օգտագործել այս անհատական ուժը եւ զայն դէպի Հայաստան եւ, իբրեւ այժմէկան խնդիր, օգտագործել Արցախի ժողովուրդին վերականգման հարցերը լուծելու համար: Անտարակոյս, սփիւռքի կարողութիւնները կազմակերպելու եւ այդ նպատակով գործուն կառոյց մը կամ կառոյցներ յառաջացնելու հրամայականը կը յամենայ իբրեւ առանցքային օրակարգ մը տագնապող բոլոր անհատներուն մօտ:

Առաջին հերթին՝ հրամայական է անցեալի սխալներէն խուսափիլ: Ինչպէս նշեցինք, պետութիւն կամ երկիր պահելը սփիւռքի կարողականոթենէն շատ վեր է: Այնսուհանդերձ, սփիւռքահայերը կրնան նպաստել Հայաստանի զարգացման տարբեր մարզերու օժանդակութեան եւ մասնաւորաբար՝ մարդասիրական ջանքերուն: Անցեալի սխալներու կրկնութիւնը կանխելու միտումով —, այսինք մտածել որ սփիւռքը լիարժէք իմաստով կրնայ իր ուժերով Հայաստանին կամ Արցախին նպաստել —,  սփիւռքահայերը պէտք է գործակցին իրենց ապրած երկիրներու համապատասխան իշխանութիւններուն եւ քաղաքացիական կազմակերպութիւններուն հետ՝ յորդորելով, որ կառավարութիւնները եւ հասարակական կազմակերպութիւնները առաջնահերթութիւն տան արցախահութեան մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու առաջադրանքին: Բացի մարդասիրական օժանդակութենէն, սփիւռքահայերը, իրենց երկրի համապատասխան կառավարութիւնները պէտք է խրախուսեն եւ իրենց ճիգերը ուղղեն նաեւ Արցախի ժողովուրդին երկարժամկէտ բարեկեցութեան եւ վերականգնումին, ինչ որ հսկայական միջոցներ կը պահանջէ: Պետութիւններ շատ աւելի մեծ նիւթական եւ այլ միջոցներ ունին քան սփիւռքեան համայնքները: Օրինակ՝ վերջերս Միացեալ Նահանգներու մէջ, Համահայկական Հիմնադրամի թէլէթոնին ամերիկահայութիւնը հազիւ 8.5 միլիոն տոլար կրցաւ հանգանակել: Իսկ պետութիւն մը, ինչպէս Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա կամ Գերմանիա, կրնայ պետական մակարդակով տասնեակ միլիոններ տրամադրել:  Արցախահայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրուն լուծումները թէ՛ ժամանակի եւ թէ՛ միլիոններու կը կարօտին: Խօսքը կը վերաբերի աւելի քան հարիւր հազար հոգիի:

Այս բոլորը կ’ընդգծեն ծրագրումի կարեւորութիւնը: Իսկ ծրագրումի հրամայականը սեղանի վրայ կը դնէ սփիւռքի հնարաւորութիւններու («փափուկ ուժի») օգտագործման անհրաժեշտութիւնը: Այդ ուժերէն մէկը այն է, որ սփիւռքահայերը, որպէս տուեալ երկրի քաղաքացիներ (յատկապէս արեւմտեան երկիրներու մէջ) ունին իրաւունքներ եւ կրնան իրենց պահանջները ներկայացնել իշխանութիւններուն, կառավարութեան կամ խորհրդարանին: Այսինքն, քաղաքացիութեան իրաւունքի լծակները օգտագործել ամենալայն իմաստով:

Անշուշտ պէտք չէ բաւարարուիլ պետական կամ քաղաքական մակարդակով: Նոյնքան կարեւոր է համապատասխան երկիրներու հասարակական կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութիւնը: Օրինակ, եկեղեցին, որ սփիւռքի հիմնական կառոյցներէն մէկն է, իր դերը ունի: Քրիստոնէական աւելի լայն աշխարհին մէջ, բազմաթիւ կաթողիկէ, ուղղափառ եւ աւետարանական եկեղեցիներ մարդասիրական բազմատեսակ ծրագիրներ ունին: Կարելի է համագործակցիլ նաեւ այդ կազմակերպութիւններուն հետ եւ խթանել Հայաստանի տրամադրուած օժանդակութիւնը: Թէեւ Սփիւռքի համայնքներուն մէջ հանգանակութիւնները կենսական են եւ կը կատարուին արդէն, անհրաժեշտ է որդեգրել նոր մօտեցումներ, որ գործօն կերպով կը ներառնեն միջոցներու աւելի լայն շրջանակի օգտագործումը, յատկապէս՝ ոչ հայկական աղբիւրներու եւ կառոյցներու: Նման ներգրաւուածութիւնը էական է ոչ միայն օժանդակելու Արցախի ժողովուրդի վերականգնումին, այլեւ՝ աջակցելու Հայաստանի բարգաւաճաման յառաջիկայ տասնամեակներուն:

Հասած է ժամանակը որ Հայաստանի բարգաւաճման գծով սփիւռքի դերակատարութիւնը տարբեր եւ արդիւնաւէտ հունի մէջ դրուի: Եթէ միայն կոչերով, միայն նպատակներու սահմանումով եւ հեռանկարներու ճշդումով պիտի խօսինք, արդէն ըրեր ենք 30 տարի եւ շատ տեղ չենք հասած: Ժամանակն է, որ այլեւս մոռնանք սեղաններու շուրջ կենացներով Հայաստանի բարգաւաճումը աւետել, եւ իսկական քաղաքական ուղեգիծ մը ճշդել (policy), որ ինչպէ՞ս Հայաստանը կրնայ զարգանալ թէ՛ իբրեւ երկիր եւ թէ՛ իբրեւ պետականութիւն: Այդ կենացներն ու մաղթանքները, նոյնիսկ եթէ հայրենասիրութիւն կ’արտայայտեն, կը մնան զգացական հարթակի վրայ եւ տեղ չեն հասցներ: Ինչպէս նշուեցաւ, պէտք չէ կրկնել անցեալի սխալները: Անհրաժեշտ է բոլոր հարցերը, հայութեան կարողականութիւնը եւ հեռանկարները դնել սեղանի վրայ, վերլուծել, քննարկել միասնաբար (ընդգծելով միասնաբարը) եւ քաղաքականութիւն ու ուղեգիծ ճշդել՝ միշտ ի մտի ունենալով, որ աշխարհը շատ արագ եւ խորքային փոփոխութիւններու կ’ենթարկուի: Կարեւոր է ունենալ եթէ ոչ ճշգրիտ, առնուազն առարկայական պատկերացում մը, թէ յարափոփոխ այս աշխարհին մէջ, Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը ինչպէ՞ս պիտի կարենան գոյատեւել եւ իրականացնել իրենց բարգաւաճումի ծրագիրները:

Անշուշտ խօսքի սահմաններէն անցնելով, պէտք է գործնականացնել այս առաջադրանքները: Նախաձեռնութիւնը պէտք է գայ Հայաստանէն, որովհետեւ ինչպէս ըսինք, սփիւռքը միահամուռ «կառոյց» մը չէ, եւ ոչ միայն Հայաստանի պետութենէն, այլեւ՝ քաղաքացիական, մտաւորական, գիտական եւ տարբեր այլ շրջանակներէ: Աշխատանք պէտք է տարուի ներգրաւելու սփիւռքի արհեստավարժ եւ աքթիվիսթ մարդուժը եւ հնարաւորութիւնները, որոնք մասնագիտութիւններ ու փորձառութիւն ունին: Համագործակցութիւնը պէտք է սկսիլ հայեցակարգէն կամ հիմնական նպատակէն եւ ոչ թէ հարցերը որոշել, ծրագիրներ մշակել եւ յետոյ ըսել՝ ահաւասիկ ասոնք են ծրագիրները, եկէ՛ք աշխատեցէ՛ք: Այսինքն՝ միասնաբար կատարել այդ ամբողջ աշխատանքը՝ ներգրաւելով սփիւռքի ուժը: Եւ հոս դարձեալ պէտք է շեշտել, որ այսօր գործնականօրէն սփիւռքի ուժը անհատներու մէջ է, ոչ թէ կառոյցներու:

Ըստ մեր հաշուարկներուն, սփիւռքահայութեան շուրջ ութսուն տոկոսը այսօր կը գտնուի չորս երկիրներու մէջ: Թէեւ հարիւր երկիրներու մէջ հայեր կ’ապրին, բայց ջախջախիչ մեծամասութիւնը՝ Ռուսական Դաշնութիւն, Միացեալ Նահագներ, Ֆրանսա եւ Վրաստան, եթէ Վրաստանը սփիւռք նկատենք: Այսօր Ռուսիոյ հայութիւնը ընդհանրապէս լուռ է եւ ազդու դերակատարութիւն չունի Հայաստանի կամ Արցախի նկատմամբ, թերեւս հասկնալի պատճառներով…: Կը մնան Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան որպէս կայացած մեծ համայնքներ, ուր հնարաւորութիւններ կան այս հեռանկարներն ու աշխատանքները իրագործելու, այսինքն՝ տեղական պետական եւ հասարակական կառոյցներու հետ համագործակցելով Հայաստանի ի նպաստ ներդրումներ ապահովելու:

Եւ վերջապէս, որքան որ Հայաստանը եւ արցախահայութիւնը պատմական դառն փորձառութեան  խաչմերուկին վրայ են, նոյնքան հայկական Սփիւռքը իր անցեալի եւ ապագայի խաչմերուկին վրայ է:

* https://www.armeniandiasporasurvey.com/

 

Ոճիրը կը շարունակուի. Ատրպէյճան կը զաւթէ նաեւ մեր պատմական յիշողութիւնը

Աւելի քան հինգ հարիւր տարի անցած է այն օրէն, երբ օսմանցիները գրաւեցին Բիւզանդիոնի մայրաքաղաք Կոստանդնուպոլիսը: Հետագային, Կ.Պոլիսը, զոր օսմանցիները վերանուանեցին Իսթամպուլ, երկար ժամանակ Օսմանեան Կայսրութեան մայրաքաղաքն էր: Հիմա ալ Կ.Պոլիս-իսթամպուլը Թուրքիոյ կարեւորագոյն քաղաքներէն մէկն է, բայց ան երբեք չէ ընկալուած որպէս թրքական ծագումով քաղաք մը, ան երբեք չէ ներկայացուած որպէս թրքական մշակոյթի ծնունդ, որպէս օսմանեան ձեռքբերում մը: Կ.Պոլիսը (ես քաղաքը կը կոչեմ իր իսկական անունով) միշտ ալ ընդունուած է որպէս բիւզանդական քաղաք, բիւզանդացիներու քաղաք, բիւզանդական պատմութեան եւ մշակոյթի քաղաք մը: Հիմա ալ քաղաքին մասին խօսելու ատեն, երբե՛ք եւ ոչ ոք չի փորձեր քաղաքին հիմնադրութիւնը ներկայացնել որպէս թրքական, մոնկոլական կամ սարակինոսեան եւ այլն:

Երեք ամիս ալ չէ անցած այն օրէն, երբ տեղի ունեցաւ Արցախի հայերուն բռնագաղթը, բայց ատրպէյճանցիները ամէն կերպով կը փորձեն հայերէն խլել նաեւ պատմական յիշողութիւնը, ջնջել հայերու հետքերն իսկ: Արդէն իսկ կ’աւերեն գերեզմանոցները, արձանները, եկեղեցիները կը ներկայացեն որպէս ուտի կամ աղուանական: Ատրպէյճանցիները թրաքթորներով կը խմբագրեն պատմութիւնը: Այնպէս կը փորձեն ընել, որ քանի մը տասնամեակ յետոյ Արցախի մէջ հայերու գոյութեան հետք չնկատուի եւ տպաւորութիւնը ըլլայ այն, որ հայերը երբեք Արցախ չեն գտնուած: Ատրպէյճանցիներու իրականութեան մէջ հայերը տեղ չունին ո՛չ ապագային, ո՛չ ալ անցեալին մէջ: Ատրպէյճանցիները կը պայքարին պատմութեան դէմ` փորձելով հայերը ջնջել պատմութենէն: Ինքնութեան ատրպէյճանական (ամենակեր) տեսակին մասին առիթ ունեցած եմ խօսելու, ուր նկարագրուած է, թէ ինչպէս կը ներկայացուի ինքնութեան այդ ձեւը եւ այլ յօդուածի մը մէջ անդրադարձած ատրպէյճանական ինքնութեան սինթեթիզմին եւ այն երեւոյթին, որ ատրպէյճացիները հայերու դէմ քաղաքակրթական թշնամանք ունին եւ հայկական իրականութեան կլանման պահանջը կ’ապրին:

Ինքնութեան մասին երբ կը խօսինք եւ կը փորձենք դասակարգել զայն, կ’ընդգծենք պատմական յիշողութիւնը: Եթէ ինքնութեան միւս ցուցիչները՝ լեզու, կրօն, տարածք, աշխարհագրութիւն եւ այլն, կը ներկայացուին որպէս փոփոխութիւններու ենթարկուող երեւոյթներ, այսինքն ժամանակի ընթացքին ժողովուրդի մը աշխարհագրութիւնը, կրօնը, տարածքը, լեզուն կրնան փոփոխութիւններու ենթարկուիլ, ապա պատմական յիշողութիւնը ենթակայ չէ փոփոխութեան: Ան պարզապէս կա՛մ կայ, կա՛մ՝ ոչ: Հիմա ատրպէյճանցիները կը փորձեն ընել այն, որ հայերը չունենան պատմական յիշողութիւն` առնուազն Արցախի մակարդակով: Իսկ այդ մէկը կը նշանակէ, որ յաջողելու պարագային, ատրպէյճանցիները հայերը կը զրկեն իրենց յիշողութենէն ու ապագային հայերը չեն ալ յիշեր, որ Արցախը իրենց հայրենիքին մէկ մասն էր առաջ: Վերստին յիշենք հանճարեղ Էրիք Արթըր Պլերը (Ճորճ Օրուել), որ իր «1984» վէպին մէջ չմաշող միտք մը կ’արտայայտէ. «ով որ կը վերահսկէ անցեալը, կը վերահսկէ ապագան, ով որ կը վերահսկէ ներկան, կը վերահսկէ անցեալը»: Ատրպէյճանցիները հիմա նոյն մօտեցումով կը փորձեն վերահսկել մեր անցեալը, ջնջել ու խմբագրել մեր անցեալը, որպէսզի ապագային մենք նոյնիսկ յիշողութիւն չունենանք: Իսկ պատմութիւնը նախ եւ առաջ յիշողութիւն է՝ վաւերացուած յիշողութիւն: Եթէ մենք կորսնցնենք մեր յիշողութիւնը, ապա կը կորսնցնենք մեր անցեալը եւ անկէ բխող ամէն ինչ: Մենք կը կորսնցնենք մենք զմեզ:

Աշխարհի բոլոր անկիւնները տարածուած հայերը միացնող ամենէն կարեւոր ազդակներն մէկը նոյնինքն պատմական յիշողութիւնն է` համընդհանուր հայրենիքի, ցաւի ու ձեռքբերումներու, համընդհանուր անցեալի մասին: Պատկերացուցէք, թէ ինչ կը պատահի, եթէ հայերը չյիշեն 1915 թուականը: Կը մոռցուի մեծագոյն ոճիր մը եւ աշխարհի չորս ծագերուն ապրող հայերը պարզապէս կապ չեն ունենար իրարու հետ: Պատահական չէ, որ մարդուն համար սարսափելի հիւանդութիւններէն մէկը յիշողութեան կորուստն է: Մարդը, որ չի յիշեր իր անցեալը, իր ապրած կեանքը, չի գիտեր, թէ ինք ով է: Ան չի գիտեր, թէ ինչ պիտի ընէ յաջորդին: Անցեալ չունեցող մարդը չունի նաեւ ապագայ: Ու եթէ անհատի մը համար իրավիճակը իսկապէս ծանր է, ապա որքան աւելի ծանր է ամբողջ ժողովուրդի մը պարագային: Իսկ այդ մէկը ներկայիս կատարուող իրականութիւն է: Այնպէս ինչպէս Նախիջեւանը իւրացուեցաւ, զրկուեցաւ հայերէն ու հայերուն մեծ մասը նոյնիսկ չի ալ յիշեր, թէ Նախիջեւանը ե՞րբ հայաթափուած է, 50 տարի առաջ թէ 100. այլեւս մեր միտքներուն մէջ Նախիջեւանի մասին որեւէ բան գոյութիւն չունի: Կարսի ու Վանի մասին կայ, բայց Նախիջանի մասին՝ ոչինչ: Ատրպէյճանցիները մեր յիշողութենէն պարզապէս ջնջած են Նախիջեւանը: Աւելին, հարցուելու պարագային, հայերուն մեծ մասը պիտի պատասխանէ՝ հաւանաբար 1915-ին:

Ահա, այդպէս կ’աշխատին ատրպէյճանցիները: Այդ է Պաքուի թունաւոր եւ անհանդուրժող ոճը` խլել ուրիշին ոչ միայն հողն ու կեանքը, այլեւ՝ անցեալն ու պատմութիւնը: Պատմութիւնը եղծելու ու կեղծելու գործին մէջ ատրպէյճանցիները նոյնիսկ կը գերազանցեն իրենց աւագ եղբայրը՝ թուրքը: Աշխարհի մէջ շատ քիչ նման օրինակներ կը գտնուին, երբ ակնյայտ աւարառուն կը փորձէ բարոյապէս հիմնաւորել իր ըրածները: Սպանացի տիրակալները (conquistadors), որ ամբողջ աշխարհամաս մը ցեղասպանութեան ենթարկեցին, անգլիացիները, որ գրեթէ բնաջնջեցին այլ աշխարհամասի մը բնակչութիւնը, չփորձեցին սեփականացնել անոնց պատմութիւնը: Աւստրալիան չնկատուեցաւ բրիտանացիներու նախահայրենիքը, ինքաները եւ մայաները չհռչակուեցան հին սպանական քաղաքակրթութիւններ: Իսկ Ատրպէյճանը ոչ միայն Արցախը, այլեւ ամբողջ Հայաստանը կը նկատէ իր հնագոյն հայրենիքը: Հաւանաբար շատեր կարծեն, որ անոնք կատակ կ’ընեն:

Փոքրացող պատմական յիշողութեան հետ, միաժամանկ կը փոքրանայ նաեւ ինքնութիւնը, կը փոքրանայ անձի մը ինքն իր մասին մասին ունեցած կարծիքը, իր սեփական աշխարհին մասին պատկերացումները: Արցախի կորուստը միայն հողի կորուստ չէ, ան բառին բուն իմաստով հայութեան, «հայիզմ»ի մէկ մասին կորուստն է: Յատկապէս, եթէ յիշենք, որ Արցախի թեման եղաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հիմնաքարերէն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութեան իմաստներէն մէկը: Ի՞նչ պիտի պատահի հիմա այդ բոլորին հետ: Արցախի փրկութեան գաղափարով անկախացած Հայաստանի Հանրապետութիւնը այժմ ի՞նչ հայեցակարգով պիտի շարունակէ ապրիլ:

Կը կարծեմ, որ մենք մինչեւ հիմա չենք հասկցած, թէ որու հետ գործ ունինք՝ յանձին ատրպէյճանցիներուն: Մենք չենք պատկերացներ, որ այդ թշնամին դասական նուաճող չէ, այլ նենգ երեւոյթ մը, որ նոյնիսկ պատմութիւնը կը փորձէ գողնալ: Ինչպէ՞ս Արցախի մասին յիշողութիւն չունեցող հայը պիտի պայքարի Արցախի համար: Նախիջեւանը վկայ: Հարցուցէք ոեւէ հայ երիտասարդի, թէ ի՞նչ կը մտածէ Նախիջեւանի մասին, արդեօ՞ք առնուազն քաղաքի մը ու գաւառի մը անուն կու տայ, պատմական որեւէ դէպք կը յիշէ: Գրեթէ ոչ: Որովհետեւ Նախիջեւանը արդէն ջնջուած է մեր յիշողութենէն: Նոյնը կը սպառնայ Արցախին: Աշխարհը բազմաթիւ անարդարութիւններ տարած ու կուլ տուած է: Այս ալ կը տանի, եթէ մենք նոյնքան անհոգ ըլլանք:

«Հեքիաթներ»ը՝ պատմումի ուսուցանող դիտաւորութեամբ

Մանկապատանեկան գրականութեան անդաստանը, մանկական թատրոնը եւ ընդհանրապէս կրթադաստիարակչական եւ մանկավարժական, մատղաշ սերունդին բարեկրթութիւնը ուսուցանող արուեստը հիմնուած է նախ՝ պատմելու, նորութիւններ փոխանցելու, ընդունակութիւններ եւ շնորհքներ պեղելու, տաղանդներու բացայայտումներ կատարելու, երեւակայութիւնը ընդլայնելու, մտածելու հմտութիւնները զարգացնելու հանգրուաններու վրայ, որոնք հիմնուած են ծրագիրներու օգնութեամբ։ Ի վերջոյ հիմնական եւ վերադաս թիրախն է ոգեշնչել, ստեղծագործական հոգին յայտնաբերել, զարգացնել եւ վերելքի մղել ծաղկահասակ տարիքի սերունդին մօտ թաքնուած հոգեմտաւոր արժէքները։ Ահա առանցքային առաջին կիզակէտին՝ պատմումի հիմնաքարին վրայ հաստատուած է դժուարին բայց նպատակաուղղուած ուսուցանելու մարդակենցաղ առաքելութիւնը։

Այս հասողութեամբ է, որ լոյս տեսաւ Շաքէ Մանկասարեանի հեղինակութեամբ պատկերազարդ «Հեքիաթներ»-ու գեղատիպ երկրորդ հատորը հրատարակուած՝ Երեւանի մէջ 2023 թուին։ Հեղինակը չէ շեղած պատմումի ժանրին օժանդակութեամբ ուսուցանելու արուեստին վրայ կեդրոնանալու իր դիտաւորութենէն, նոյն ուղղութիւնը պահելով իր նախորդ «Արեւմտահայերէն Հեքիաթներ»-ու առաջին հատորին մէջ, հրատարակուած՝ Երեւան 2021 թուականին, հատորները լոյս տեսած են Շաքէ եւ Մարք Կրոկըն ամոլին մեկենասութեամբ ։

Բայց երբ պատմում ըսենք, պէտք է հասկնալ նաեւ հեքիաթներու դիտաւորութիւնը,  բարոյախօսութեան նպատակը եւ մանաւանդ ընտրութեան խրատիչ ու թելաթրիչ թիրախը, որոնք հիմնական ուղղութիւններն են, պատմումի դժուարին եւ երբեմն շատ խրթին գործին մէջ։ Այլ խօսքով ինչպիսի հեքիաթներ, թեմաներ, բովանդակութիւններ ընտրել, որոնք պիտի կարողանան այդ մանկավարժական նպատակը, կարդացողին աճման տարիքի ուղղորդումը, տարիքային յանձնարարութիւնները, դաստիարակչական շաւիղը աւելի հեզասահ եւ հրապուրիչ դարձնել։ Առաւել եւս անոնք կը միտին, մեր դեռատի սերունդին, պատանիներուն՝ հոգեբարոյական, կենցաղային, իմացական ներաշխարհը արտացոլելու, ընդարձակելու, զարգացնելու, հարստացնելու եւ գլխաւորաբար ազնուացնելու համար։

Շաքէ Մանկասարեանի «Հեքիաթներ»-ու երկրորդ հատորին մէջ, հեքիաթներու ընտրութեան խնամքը եղած է հնարամիտ, բազմաբովանդակ, այլազանութիւն ներմուծելու, ընթերցող աշակերտին կամ պատանիին հետաքրքրութիւնը արթնցնելու, խթանելու նպատակով, ժամանակակից մանկապատանեկան պահանջները բաւարարելու մտադրութենէն, փոխանցելիք միտքը ճկուն եւ արդիական մoտեցումով ներկայացնելու դիտաւորութենէն։ Այս հատորի արգասիքը ամփոփուած է 9 հեքիաթներու՝ հայ եւ օտար նշանակալից համահանդէսի մը պուրակով եւ պատումներու վտակներով, որոնք միանալով առաջին հատորի 18 հեքիաթներուն հետ, միասնաբար իբրեւ հաւատարիմ ուղեւորներ կը յատկանշուին իրենց՝ պատմողական հաճելիութեամբ, նիւթի մատուցումի կենսունակութեամբ, լեզուական շքեղութեամբ, դիւրըմբռնելիութեամբ, աշխուժութեամբ եւ զուարճութեամբ, իւրաքանչիւրը ունի իր մասնայատուկ բոյրն ու թոյրը, իմաստային նրբերանգները։

Երկրորդ հատորին մէջ յիշուած  վերնագիրներուն ընդմէջէն կարելի է կռահել անոնց բովանդակութիւնը, ինչպէս՝ «Ոսկի Բադը», «Խելացի Նապաստակը», «Ագահ կաթնավաճառը», «Կարմիր ծաղիկը», «Երեք Թիթեռնիկները» «Եղեգնուհին», «Երեք տիկնիկի գաղտնիքը» եւ այլն։ Բնութեան, կենդանական, բուսական, մարդկային եւ երբեմն երազային, առասպելական, տնտեսական եւ այլաբանական խորքով նիւթաբարոյական շեշտադրումներով, պատումներու դրսեւորումներով։

Հատորի հեքիաթներու ընտրութիւնը իրենց մոգական հետաքրքութեամբ եւ գրաւչութեամբ տարածուն եւ ճոխամիտ հորիզոններ կրնան բանալ մեր պատանի ընթերցողներուն դիմաց, որոնք վստահաբար պիտի հարստացնեն նաեւ մեր մանկական գրականութեան պաշարը, ընկալուած հեքիաթներու ժառանգութիւնը:

Շ․ Մանկասարեանի հեքիաթներու երկու հատորներուն մէջ ալ նշմարելի է, դիտումնաւոր հեռատես առաջադրութիւն մը, անոնք չեն կեդրոնացած միայն հայկական իմաստալից հեքիաթներու ընտրութեան վրայ, այլ խօսքով միայն սեփականով չբաւարարուելու միտումով։ Հեղինակը օտար ազգերու հեքիաթներու ընդմէջէն, փորձած է մատուցել անոնց պատմումի մօտեցումները, մտահորիզոնը, իմաստասիրութիւնը, դատողութիւնը, թելադիր միտքը, մշակութային ժառանգութեան այլազանութիւնը։ Իրականութիւն մը, որ հեղինակը համամշակութային շրջագիծով մը, բազմաշերտ հիւսուածքով մը պարուրած է իր պատումները, մանաւանդ կայծակնային փոփոխութիւններով շրջապատուած համասփիւռքեան մեր կեանքի ինչեւիցէ պայմաններուն մէջ ։

Հեքիաթներու երկու հատորներուն մէջ կարելի չէ մոռնալ նաեւ տարուած թարգմանական տաղտկալի վաստակին բարեյաջող արգասիքը, հեղինակը ձեռնհասութեամբ կատարած է թարգմանական խնամատար աշխատանք մը առնչուած՝ ոճի, պատկերացումներու, աշխարհայեացքի, օգտագործած բառամթերքի եւ այլն։

Ակնարկի իսկ չի կարօտիր՝ գեղազարդ, յղկուն ու քնքուշ արեւմտահայերէնի հրապուրիչ պատմումի լեզուն, ամէն մէկ հեքիաթի աւարտին յաւելեալ բացատրողականներով, համեստ բառարանի մը օգնութեամբ օժանդակելու ընթերցողը։ Հեղինակը իր հեքիաթներու լեզուով, ներկայացուցած պատումներով կը հաստատէ մեր ինքնութեան, գոյատեւման անփոխարինելի խարիսխին՝ բիւրեղ մայրենին օգտագործելու եւ անոր կառչած մնալու, ամրապնդելու եւ հզօրացնելու գրաւականը։ Գնահատանքի վայել աշխատանք մը, մանաւանդ գլուխը առած սրարշաւ դէպի համաշխարհայնացում սուրալով եւ բազմալեզու սլացքով վազող մեր այժմու հայ աշխարհին մէջ, նման հայերէն հեքիաթներու հրատարակութիւնը հայեցի դաստիարակութեան հրամայականի գործնականացումին մէկ վկայութիւնն է։

Նշանակալի է նաեւ հեքիաթները արեւմտահայերէնով ներկայացնելու Շ․ Մանկասարեանի աշխատանքը։ Հոս կարելի է ընդգծել երկու հիմնական օգտաշատ նպատակներ՝ նախ դիւրամատչելիութիւնը, նկատի առնելով, որ  որոշ հեքիաթներ գրուած ըլլալով արեւելահայերէնի բարբառային ասոյթներով եւ ասացուածքներով, աւելի դիւրըմբռնելի պիտի դառնան արեւմտահայ պատանիներուն եւ հետաքրքրուող զանգուածներուն համար, իսկ երկրորդը այն է, որ հեղինակը իմանալով արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի լեզուական ընկալումներու փափկութիւնները, ճարտարապէս տիրապետելով նաեւ լեզուի երկու ճիւղաւորումներու լեզուամտածողական նրբութիւնները, իր լաւագոյնը մատուցած է անխախտ պահելով հեքիաթներու խորքը, պատմողական իմաստին ընկալումը, յատկութիւնը եւ որակը։ Բարեհաճոյ եւ օգտաշատ կամրջում մը իրագործելով նոյն լեզուի երկու ճիւղերուն միջեւ։

Ի վերջոյ հայ մայրն է, որ պահ մը պիտի մանկանայ եւ իր համեղ ու արդար մայրական կաթի դիեցումին հետ, այս հեքիաթներու գիրքերը կարդալով, իր զաւակներուն պատմելով, բարոյական սնունդ մը պիտի փոխանցէ, որ պիտի հրաշափոխուի հոգեպարար սնունդի։ Իսկ հայ ուսուցիչն ու ուսուցչուհին, նման հեքիաթներու օժանդակութեամբ եւ պատմելու, բացատրելու, խրախուսելու իրենց տաղանդով պիտի զրնգացնեն մեր մատղաշ սերունդներուն ականջները, պիտի  ազնուացնեն անոնց ներաշխարհը եւ վեհացնեն անոնց հոգեմտաւոր վսեմութիւնը։

Իսկ հայ դպրոցն ու հայկական մշակութային միութիւնները, կեդրոնները, յանձն պիտի առնեն «Հեքիաթներ»-ու եւ նման մանկապատանեկան գեղազմայլ եւ խորիմաստ գիրքերը ներկայացնելու, կարդալու, պատմելու, բացատրելու եւ մանաւանդ պատմումի աշխատանոցներ, մրցոյթներ կազմակերպելու, մեր շուրջ բոլորած մատղաշ սերունդին զարգացման ի խնդիր։ Սատար հանդիսանալով հայ մանկական գրականութեան գոհարները ծանօթացնելու  նոր սերունդին, սրտի մօտեցնելու հոն ամբարուած դաստիարակչական եւ բարոյախօսական խորքը, բացայայտելու անոնց գրական եւ գեղարուեստական արժէքները: Հաւատալով, որ նման ձեռնարկներու ծրագրումը անհրաժեշտութիւն մըն է, ի սէր հայ պատանիներուն եւ մատղաշ սերունդին առաւել հայացումի թիրախին։

Մեր սրտի մաղթանքն է, որ Շաքէ Մանկասարեանի «Հեքիաթներ»-ու այս շարքը շարունակուի, չընդհատուի անոր երթը, նոր եռանդով ու սլացքով տոգորուած տեւականացուի, կենսաւորուի նոր հատորներով, վսեմացնելով մեր հայ նորահասակ սերունդը, որ մեր ազգին ապագայի հիմնական նպատակակէտն է ։

Սրտահաճոյ ընթերցումի մաղթանքերով

Շաքէ Մանկասարեանի «ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ ՀԵՔԻԱԹՆԵՐ» Բ. հատորը

Գրախօսական՝ կամ Նոր Հատորի Մը Ներկայացումը

Երեւան վերջին այցելութեանս, անակնկալ եւ գեղեցիկ նուէր մը ստացայ: Այդ մէկը Շաքէ Մանկասարեանի իր նոր լոյս ընծայած «Արեւմտահայերէն Հեքիաթներ» խորագրով Բ. հատորն էր:

Խորքին մէջ, այս ալ առաջինին նման, արեւմտահայերէնի վերածուած պատշաճ հեքիաթներու հաւաքածոյ մըն է:

Այս օրերուն, երբ մեր կեանքն ալ դարձած է ամէնօրեայ սուր ճակատամարտ, եւ մանրուքներով զբաղելու ատենը շատոնց անցած է, ահա, օտար միջավայրի մէջ ապրող, հայասիրտ տրոփումով եւ հայութեամբ տագնապող, ազգային ալեկոծութիւններով եւ երազանքներով ու մանաւանդ իբրեւ մտայղացող պայծառ միտք՝ յանձին Շաքէ Մանկասարեանի, դարձեալ հայ աշակերտին, կամ աւելի ճիշդ մեր նոր սերունդին կը հրամցնէ իր այս նոր օգտաշատ հրատարակութիւնը:

Մանկասարեան՝ բոլորին ծանօթ առցանց Radio Ayk-ի հիմնադիրն ու հաղորդավարն է, որ միաժամանակ արեւելահայերէնով լոյս տեսած հեքիաթները, արեւմտահայերէնի թարգմանական այս իր նոր աշխատանքով, կու գայ անգամ մը եւս հաստատելու, թէ ինք հայութեան հրապարակէն հեռացող մը չէ եղած երբեք, նոյնիսկ հայրենիքի եւ սփիւռքի մայր էջերէն ալ չէ հեռացած։ Իր մօտ ո՛չ միայն մեծ գուրգուրանքի եւ պաշտամունքի առարկայ է հայ գիրքը, այլեւ, ծանօթացման բաց դաշտ մը ըլլալով հանդերձ, հայ մտքին յատուկ ծաղկուն, բուրումնաւէտ եւ հաճելի պարտէզ մը:

Ու կրկնութեան գնով կ’ուզեմ նաեւ յիշեցնել, որ հեքիաթ «ըսուածը» կարճ պատմութիւն մըն է, որուն  հեղինակը՝ ինք ժողովուրդն է։ Հոն է, որ յստակօրէն  զինք ստեղծող ժողովուրդին կեանքը կ’արտացոլայ բազմազան պատկերներով, չափազանցուած, երեւակայութեամբ, բարիի եւ չարի պայքարներով, իմաստալից եւ բարոյախօս բառերով եւ պատմումով, կախարդական, արկածային եւ կենցաղային բովանդակութեամբ:

Իսկ գալով «ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ ՀԵՔԻԱԹՆԵՐ» այս Բ. հատորին, ըսեմ որ ան 2021-ին Ա. հատորի շարքին կը պատկանի ու բաղկացած է 80 էջերէ,  9 հեքիաթներէ եւ 6 իմաստալից, գունաւոր ու աչքառու գեղեցիկ նկարներէ:

Իսկ 2023-ին լոյս տեսած այս նոր հատորը, իր առաջին էջին վրայ Մանկասարեանի կողմէ ունի շնորհակալագիրի եւ երախտագիտութեան յատուկ բաժին մը, նուիրուած սոյն հրատարակութեան նիւթական օժանդակութեամբ նպաստող եւ հատորին պատրաստութեան ու հրատարակութեան աջակցողներուն՝Զարուհի Քիլէճեանին, Սիրան Գուշեանին եւ Թադէոս եւ Լենա Եսայեաններուն:

Ապա 9 յաջորդական հեքիաթներէն առաջ, իբրեւ գնահատանքի եւ սրտի խօսքերով իրարայաջորդ կերպով գրաւած են փրոֆ. Արա Սայեղի «Հեքիաթները՝ Պատմումի ուսուցանող դիտաւորութեամբ» յօդուած- գնահատականը, Թադէոս Եսայեանի «101 էջ, 18 հեքիաթ, մէկը միւսէն լաւ» խօսքը, եւ Եզնիկ Բալայեանի ու Գէորգ Պետիկեանի սրտի խօսքերը:

Ներկայացուած հեքեաթներն են.-

-«Ագահ Կաթնավաճառն ու Կապիկը»-հնդկական մանկական գրականութենէն

-«Ագահ վաճառականը» – հնդկական գրականութիւն

-«Ամենապիտանի Բանը» Աւետիք Իսահակեանէն

-«Երեք թիթեռնիկներ» -իտալական հեքիաթ

– «Երեք Տիկնիկներու գաղտնիքը»- Սուրէն Քոչարեանի մշակմամբ- հայկական ժողովրդական հեքիաթներու ժողովածուէն

– «Եղեգնուհին»-  Ղազարոս Աղայեանէն

– «Խելացի Նապաստակը»- արեւելեան իրանական

– «Կարմիր Ծաղիկը»- ռուսական հեքիաթ-Յ. Թումանեանի թարգմանութեամբ

– «Ոսկի Բադը»- լեհական հեքիաթ

Արեւմտահայերէինի թագմանուած կամ վերածուած սյս բոլոր հեքիաթները

Ներկայացուած են պարզ եւ իրապաշտ ոճով, մաքուր եւ բոլորին հասկնալի ու մանաւանդ հաճելի լեզուով եւ նկարազարդ էջերով: Նկարներ`որոնք ստեղծագործութիւններն են հմուտ արուեստագէտ Վիգէն Շառոյեանի:

Ու հակառակ անոր որ կը գիտակցինք հեքիաթի օրինակելի պատմութեան եւ դաստիարակիչ դերին, բոլորս ալ լաւատեղեակ ենք արեւմտահայ գրականութեան ցանկին մէջ զգալի բացակայութիւնը մանկական գրականութեան, որուն բաժնէն ներս կ’իյնան նաեւ  հեքիաթագիրները:

Շաքէ Մանկասարեանի այս լուրջ, խոհեմ եւ առողջ մտածողութեամբ տարած  աշխատանքը, կու գայ որոշ չափով այդ հսկայ բացը գոցելու եւ միաժամանակ օրինակ դառնալու, որ գրիչներ այս մասին ալ մտածեն ու աշխատանք տանին զարգացնելով գրական այս սեռը:

Իմ կարգիս, նախ կը շնորհաւորեմ Շաքէ Մանկասարեանի այս յղացման նորութեան եւ լեզուի նրբութեան խոնջէնքը: Անձնապէս, իր ստեղծագործ իրականութիւնը գնահատողներէն մէկն եմ՝ անկասկած: Իր խոհեմ համոզումները, կեցուածքը, հայ կեանքին հետ առնչուող հիմնական երեւոյթներու մասին իր գաղափարները, կու գան ամբողջացնելու իր կենսագրութիւնը եւ մեծապէս գնահատելի դարձնելու իր գրիչը:

Արդ, անկեղծ շեշտով կը մաղթեմ յարատեւութիւն ու կորով, մանաւանդ արեւմտահայ մեր ժառանգութեան ո՛չ միայն իր ստեղծագործ գրիչով տէր դարձող, այլեւ՝ բարգաւաճ պահող իր աշխատանքին, արթուն եւ կենդանի հոգածութեան համար: Գնահատում կատարելը բարերար է եւ քաջալերական: Ուստի`

Վարձքդ կատար, գրիչդ դալար յարգելի հայ մտքի եւ լեզուի կամաւոր մշակ՝ Շաքէ Մանկասարեան:

17 Նոյեմբեր 2023                                                                                            Գէորգ Պետիկեան

Շնորհալի արուեստագէտուհիի մը ստեղծագործական ճանապարհը՝ Սիլվա Յովհաննէսեան

Տարիներ ետք եւ ահա մենք կը հանդիպինք Արաբական Միացեալ Էմիութիւններու մէջ, ուր Սիլվա կը պատրաստուէր դէպի Հալէպ ճամբորդութիւն մը կատարելու՝ իր ծնողքն ու հարազատները տեսնելու երկար տարիներու կարօտով:

Այնքան շատ էին մեր խօսակցութեան նիւթերը, որ ժամանակը կը սահի անզգալաբար: Հետագայ տողերուն մէջ կը ներկայացնեմ մեր զրոյցը, ուր Սիլվա կը պատմէ իր լեցուն կեանքի խայտաբղէտ ոլորտները:

Մարաշի ասեղծնագործութեան հմտութեան դրուագը

Գիտես Շաքէ, – Սիլվա կը պատմէ ,- աւելի քան դար մը առաջ Կիլիկիոյ, Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր քաղաքները, իւրաքանչիւրը ունէր ասեղնագործութեան իր ուրոյն ոճը: Իմ մեծ հայրս ծագումով Մարաշէն էր, եւ իմ դեռահաս տարիքիս մայրս քաջալերեց, որ ես ծանօթանամ Մարաշի ասեղնագործութեան ոճին եւ սորվիմ վարպետ ասեղեղնագործի մը քով: Այն ժամանակ ես մասնաւորապէս չէի սիրեր ասեղնագործութիւնը: Ես աւելի շատ կը նախընտրէի պեղել, թափանցել հօրս՝ գեղեցիկ հայ գրականութեան ընդարձակ գրադարանի գիրքերուն մէջ:

Սիլվա ցոյց կու տայ Մարաշի ասեղնագործութեան մէկ մասը, որ ինք ասեղնագործած է իր պատանեկութեան տարիներուն: Տեսնել վարի նկարը:

Դերձակութեան ծանր օրերը

Սիլվա կը շարունակէ պատմել.- Պատանեկան տարիներուս ալ շատ բծախնդիր էի իմ հագուստի ընտրութեան մէջ, ուստի մայրս ամառուայ ընթացքին զիս կ՛ուղարկէր դերձակներու խանութներ, որ սորվիմ ինչպէս կարել իմ հագուստս: Ես հետեւեցայ կանացի հագուստի դերձակութեան, ձեւագիտութեան եւ նախշերու պատրաստութեան դասընթացներու՝ չհասկնալով, որ Աստուած զիս կը պատրաստէր իմ ապագայիս: Երբ ամուսնոյս եւ երեք զաւակներուս հետ տեղափոխուեցայ Միացեալ Նահանգներ, իմ հմտութիւններս օգնեցին զիս ամէնէն դժուար պահերուն: Ես կ՛աշխատէի տարբեր դերձակներու խանութներու մէջ, ինչպէս նաեւ՝ կը պատրաստէի ծածկոցներ խորաններու համար, զորս կը նուիրէի եկեղեցիներուն։ Ես կ՛աշխատէի երկու դերձակի խանութի մէջ՝ յաճախ տուն բերելով անաւարտ հագուստ եւ երբեմն ալ երկար ժամեր աշխատելով տան եւ աշխատավայրին մէջ: Անկեղծօրէն, ես չէի սիրեր այս ապրելակերպը:

Հայերէնի կամաւոր դասաւանդութիւն

Սիլվա կը շարուակէ.-2005-էն մինչեւ 2010 կամաւոր աշխատած եմ Ֆիլատելֆիոյ տարբեր եկեղեցիներուն մէջ՝ Շաբաթ եւ Կիրակի օրերը հայերէնի դասեր տալով թէ՛ փոքրերուն, թէ՛ չափահասներուն: Բացի անկէ, ես Հայ Օգնութեան Միութեան անդամ եմ 2005 թուականէն ի վեր: Հակառակ իմ ամենօրեայ աշխատանքի ժամերուս եւ տան առօրեայ պարտականութիւններուս, ես իմ ուշ գիշերները նուիրած եմ եկեղեցւոյ խորանի յատուկ բարդ նախշերով ծածկոցներ ստեղծելու՝ օգտագործելով ուլունքագործութեան իմ հմտութիւնները: Այս իմ ձեւս էր երախտագիտութիւնս յայտնելու այն եկեղեցիներուն, որոնք ինծի միշտ օրհնութիւններ բերած են: Ես շարունակած եմ այս կամաւորական աշխատանքը շուրջ ինը տարի 1994-2003՝ ստեղծելով մեծ ծածկոցներ, իւրաքանչիւրը 60″ x 60″ չափերով, որոնց կեդրոնի մէջ ուլունքներով պատկերուած էին հրեշտակները եւ Քրիստոսը: Ես նաեւ պատրաստած եմ երկու շապիկ աւելի փոքր պատկերներով՝ իւրաքանչիւրը 60″ x 10″, ինչպէս՝ աղաւնիները, հրեշտակները, մոմեր եւ խաղողներ: Բացի այդ, ես պատրաստած եմ խորանի չորս ծածկոցներ՝ իւրաքանչիւրը 60″ x 10″, որոնց վրայ պատկերուած են խաղողներ, ինչպես նաեւ երկու փոքր վարագոյրներ՝ իւրաքանչիւրը 40″ x 60″, որոնք զարդարուած են հրեշտակներով:

2006-2017 տարիներուն պատրաստած եմ ու նուիրած քահանաներու համար տարբեր եկեղեցական արարարողութիւններու զգեստներ եւ խաչի թաշկինակներ, շուրջարներ: Ես նաեւ խորանի ծածկոցներ պատրաստած եմ՝ բոլորը ուլունքներով, ամերիկեան եկեղեցւոյ համար, բայց ոչ մէկ նկար ունիմ պահած։

Երազի իրականացում՝ դերձակութեան աշխատանոց

2005-ին ես հիմնեցի Silva’s Expert Tailoring-ը արհեստանոցը՝ իրականացնելով սեփական ասպարէզ մը ստեղծելու իմ երազս՝ թէեւ նախապէս դերձակութիւնը իմ նախասիրութիւնս չէ եղած: 2007-ին հետեւած եմ կալուածներու (real-estate) մասին դասընթացքի, իսկ 2011-ին, ուսումս շարունակած եմ բժշկական օգնութեան դպրոցին մէջ՝ cardiovascular sonography: Յաջողութեամբ աւարտելէ եւ վկայական ստանալէ ետք, նոր աւիւն ու խանդավառութիւն յայտանաբերեցի իմ արհեստիս նկատմամբ եւ այդ պահէն ի վեր կենդրոնացած եմ դերձակութեան վրայ:

Ես երախտապարտ եմ ծնողքիս, որ օգնեցին ինծի դառնալու այնպիսին, ինչպէս եմ այսօր, եւ ես շնորհակալ եմ կեանքի այս ճանապարհորդութեան, որ զիս տարաւ հոն, ուր ես հիմա կը գտնուիմ: Ես անկեղծօրէն կը սիրեմ այն, ինչ կ՛ընեմ եւ նուիրուած եմ իմ յաճախորդներուս լուծումներ տրամադրելու աշխատանքին:

Գեղանկարչութիւնը ստեղծագործական նոր հարթակ

2018-էն ի վեր սկսած եմ թուայնացած գեղանկարչութեամբ զբաղիլ, կը շարունակէ պատմել Սիլվա՝ իմ ստեղծագործական զբաղմումներուս մէկ այլ հարթակ ու ծաւալ աւելցնելով։

2019-ին սկսայ շաբաթը անգամ մը երեկոյեան պահերով յաճախել արուեստից դպրոց, ուր սկսայ նկարել acrylics-ով, ապա անցայ իւղաներկի օգտագործման: Իսկ, վերջերս սկսայ քանդակներու ուրուագծագրութեամբ զբաղիլ: Թէեւ ես շաբաթը մէկ անգամ յաճախող գեղարուեստի ուսանողուհի եմ, բայց արդէն Wayne Art Center -ի անդամ եմ:

Սիլվա Յովհաննէսեանի գեղանկարչական աշխատանքները կարելի է տեսնել ֆէյսպուքի հետագայ յղումով https://www.facebook.com/silva.hovhannesian, ինչպէս նաեւ իսնթիկրամով՝ silva.k.h_art.

Կենսագրական

Սիլվա Յովհաննէսեան իր կրթութիւնը ստացած է Հալէպի տարբեր վարժարաններուն մէջ, մանկապարտէզը՝ Վարդանանաց Ճէզուիթ դպրոց, ապա Սահակեան վարժարան, Ժան Տ՛արք մայրապետներու դպրոց եւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան: Ծնողքը՝ Պօղոս եւ Արփինէ Քրտանեան բախտաւորուած են աշխարհ բերելով երեք դուստր՝ Սիլվա, Լենա եւ Զեփիւռ եւ մէկ մանչ՝ Ալեք:

Ճորճ Գազազեան` Նեղոս գետի երաժիշտը

Եգիպտահայ երաժիշտ, երգիչ, երգահան եւ ուտ նուագող մայեսթրօ Ճորճ Գազազեան ծնած է Գահիրէ 25 Յունուար 1953-ին, եգիպտահայ ընտանիքի մը մէջ: Յաճախած է Գալուստեան Ազգային Վարժարանի մանկապարտէզը (տեսնել ստորեւ): Ան կը նկատուի ինքնուս արուեստագէտ մը:

Իր անհատական ոճով եւ թրծուած Եգիպտոսի երաժշտական աւանդոյթներով, Ճորճ Գազազեան իր արուեստը հարստացուցած է նաեւ միջազգային տարբեր աւանդոյթներով եւ մշակոյթներով։ Անոր երաժշտական թռիչքները կարծէք պատասխան կու տան ներքին ձայնի մը, եւ կը ծառայեն իբրեւ միջոց՝ ստեղծելու գոյներու եւ ձայնաստիճաններու բազմազանութիւն ու հարստութիւն:

Անոր ալպոմները կ՛արտայայտեն թափանցիկ պատկերները ուտի արուեստին, իսկ երաժշտութիւնը՝ կը սահմանէ Նեղոս գետի էութիւնը, որպէս Եգիպտոսի հին քաղաքակրթութեան յաւերժութեան խորհրդանիշը:

Ան իր երաժշտական կրթութեան տարիներուն իսկ յայտնաբերած է, որ եգիպտական երաժշտական հանրածանօթ գործիքները գերակատար են, եւ տարիներու ընթացքին ան սիրած է հնչերանգները եւ զանոնք վերածած անհատական իւրահատուկ գոյներու, որոնք միաժամանակ կը ցոլացնեն Եգիպտոսի հնագոյն ու ժամանակակից ոգին:

«Կարեւոր չէ, թէ ինչպէս կը սկսիս, այլ ինչպէս կը զարգացնես». հետեւելով այս սկզբունքին, ան կը դառնայ ազդու ձայն մը երաժշտութեան աշխարհի մէջ, իսկական արուեստագէտ մը եւ ստեղծագործական հանճար:

Ստեղծագործութիւններ

Ճորճ Գազազեան ունի 6 ստեղծագործութիւններ՝ երկար ֆիլմերու երաժշտական յօրինումներ (soundtracks of ‘The Wife of an Important Man’, ‘Hunger’, ‘Conqueror of Time’), ինչպէս նաեւ՝ 9 վաւերագրական ֆիլմերու երաժշտական յօրինումներ, որոնց շարքին՝ Before the Pyramids, Ramses II եւ The Dance of Love:
Ան հրապարակած է աւելի քան 14 ալպոմներ, (Sabil, Sajaya, Al Janoub, Azraq): Իր գեղարուեստական ասպարէզին ընթացքին, Գազազեան բազմաթիւ համերգներով հանդէս եկած է Եգիպտոսի, ամբողջ Եւրոպայի, UCLA Los Angeles-ի եւ Հնդկաստանի մէջ:
2004-ին Ճորճ Գազազեան կը ստեղծէ Ocre ծրագիրը եւ կը համագործակցի ֆիրանսացի շեփորահար Michel Marre-ի եւ հարուածային գործիքներ նուագող (percussionist) Ravi Magnifique-ի հետ։
Ան կը ստեղծէ White Lotus Project-ը 2011-ին՝ գործակցութեամբ ձեռնադաշնակահար Patricia Draeger-ի եւ սաքսոֆոնահար (double bass) քոնթրապաս Luca Sisera-ի եւ հարուածային գործիքի նուագող Chris Brown-ի հետ։ Համերգները տեղի կ’ունենամ Եգիպտոսի եւ Զուիցերիոյ մէջ:

Music for films
The Egyptian Museum, 1979
Temples of Upper Egypt, 1979
The Citadel, 1979
Ramses, The Second Shadi Abdel Salam, 1980
Before The Pyramids Shadi Abdel Salam, 1981
The Third Circle M Zakaria, 1988
Love Dance, Ihab Shaker, 1992
Silent Dialogue, Ali El Ghazouli, 1999
Les Hommes oubliés de la vallée des Rois, Jerome Prieur – France 2002
The Ministry of Culture of RA, Yerevan, 2008

Feature films
Hunger, Ali Badrakhan, 1985
Kaher El Zaman, Kamal El Sheikh, 1986
Wife Of An Important Man, Mohamad Khan, 1988
The Lady Of Cairo, Moumen El Semehi, 1991
Extract Of The Album Sabil In Ruis Blas By Jean Claude Carriere,
France 2003

Ան ելոյթներ ունեցած է աշխարհի ամենէն հեղինակաւոր փառատօներուն մէջ:

Ճորճ Գազազեանի որդին՝ Տիգրան Գազազեան, նոյնպես երգահան է, ուտ նուագող եւ բազմագործիքաւորող։ Ան ծնած է Կիզա, Եգիպտոս, 1987-ին: Հայր եւ որդի՝ Ճորճ եւ Տիգրան համագործակցաբար իրագործած են «Նուռ» ծրագիրը 2017-ին Գահիրէի Օփերայի թատրոնին մէջ եւ 2016-ին՝ Երեւան, Հայաստան:

• Տիգրան Գազազեան եւ քառեակը ելոյթ ունեցած են Երեւանի մէջ, 2022-ին :
• Ճորճ Գազազեանի եւ Տիգրան Գազազեանի ստեղծագործութիւնները կարելի է ունկնդրել հետեւեալ յղումներով.
• jazz 4 oud piano-sabil live Georges Kazazian https://soundcloud.com/moustafa-samir-wagdy/sets/george-kazazian
• Tigrane Kazazian Quartet & Albin Brun | Still Love – Live In Armenia – Oud Player – Composer https://youtu.be/k8X5Tvr9mn0?si=ILFq3LiwC7KnMEGy
• https://youtu.be/QYrosR6xTrc?si=ste6x0Su6MyIyykH Georges Kazazian-London with Nour and Boussy at Rose Issa ‘s Gallery 2013
• https://youtu.be/D3FwEreeo4g?si=EhRI4t632UOPjz4n shamseya
• Georges Kazazian | Tigrane Kazazian | La Danse Du Feu (The Dance Of Fire)
• https://youtu.be/QW_DFJW6u2Q?si=r05nDc6AXbIXquaC
• Blue Tango | Tigrane Kazazian Trio | Live @ The State Philharmonia of Armenia

Ծանօթութիւն

1854–ին, Վանէն գաղթած եւ Եգիպտոս հաստատուած Աղա Կարապետ Գալուստ Գահիրէի մէջ կը հիմնէ վարժարան մը, որ իր անունով կը կոչուի Գալուստեան Վարժարան, ուր յաճախած է նաեւ հայ երգի սոխակը՝ Գոհար Գասպարեան։ 1924-ին, Եգիպտոսի հայազգի վարչապետ Նուպար Փաշա Նուպարեանի որդին՝ Պողոս Նուպար փաշան արդէն հիմնած էր Նուպարեան ազգային վարժարանը։ 2012-ին, նշեալ երկու վարժարանները կը միաւոուին ու կը ստեղծուի Գալուստեան-Նուպարեան ազգային վարժարանը։

Հազար տարիներու մեր ամէնօրեայ երգը՝ «Առաւօտ լուսոյ»

Այս երկարաշունչ՝ 36 տուննոց կամ 108 տողանի քերթուածը կը հանդիսանայ  Հայ  հոգեւոր մշակոյթի գոհարներէն  մէկը, որ կը պարտինք Ներսէս Շնորհալիի գրիչին (Ժբ. դար): Հազար տարիէ ի վեր ան գրեթէ ամէն օր կ’երգուի մեր եկեղեցիներուն  մէջ՝ անոնց հազարաւոր սպասարկուներուն կողմէ, եւ յուսալի է, որ  այնպէս ալ շարունակուի «ցկատարածն աշխարհի»: Էր երբեմն անով մեր դպրոցականները կը սկսէին իրենց օրը՝ մէկ կողմէ դիմելով  արդար արեգակին՝ խնդրելով անոր լոյսը, միւս կողմէ՝ երկնային Հօր՝ ի խնդիր հոգեւոր բանի բխումին.

            Առաւօտ լուսոյ,                                  Բխո՛ւմն ի Հօրէ,

          Արեգա՛կն արդար,                              Բխեա՛ ի հոգւոյս

          Առ իս լո՛յս ծագեա,                             Բան քեզ ի հաճոյս…

Աբգարեանի իմ ինը տարիներուս անխափան ամէն առաւօտ խմբովին երգած ենք անոր առաջին վեց տուները: Զայն միաժամանակ երգած են Լիբանանի գոնէ Հայ Առաքելական համայնքի այն օրերու՝ աւելի քան քառասուն  դպրոցներու աշակերտները, եւ  հաւանաբար ոչ միայն այստեղ՝ Մայրիներու օրհնեալ երկինքին տակ, ապա նմանապէս ի սփիւռս աշխարհի:

Եւ ոչ միայն դպրոցներու, այլեւ եկեղեցիներու, ուր ժամերգութիւնը կը սկսի հէնց  «Առաւօտ լուսոյ»-ով, եւ կ’երգուին անոր բոլոր  36 տուները:

Մեր կրթական պատասխանատուներու  կայացուցած որոշումներուն ամէնէն առողջն ու ազնիւն էր եղած, որ հայ  դպրոցականը իր օրը սկսէր Արեգական լոյսի եւ Հոգեւոր բանի վսեմ  ու հոգեպարար  աղերսանքով:

Մեզմէ շատեր չէին գոհանար անոր առաջին վեց տուներու իմացութեամբ, այլ կը յաջողէին անգիր ու անթերի սորվելու անոր 36 տուները, ինչպէս էր իմ պարագաս եւ այն օրերեու  խճողուած  դպրաց դասերու   անհամար ընկերներէս շատերուն:

Առ այս՝ դպրոցին պակասը կը լրացնէր եկեղեցին:

Այնուհետեւ ամբողջ կեանքս՝ աւելի քան 70 տարի, «Առաւօտ լուսոյ»-ն  ընկերացած է ինծի՝ դառնալով մէկ  անբաժան մասնիկը էութեանս: Ամէն անգամ ալ հոգեկան անհուն գոհունակութեամբ  կ’արտասանեմ անկէ մերթ պատառիկներ, մերթ ամբողջութիւնը, բառ առ բառ կանգ առնելով անոր պատգամին վրայ, մէկ կողմէ հիանալով այն գերագոյն տաղանդին, որով Շնորհալի երկնած է զայն, միւս կողմէ՝ ամէն անգամ  ալ նոր լոյս մը, նոր շող մը, նոր պատգամ մը յայտնաբերեով  անոր անսպառ խորհուրդներէն՝ միշտ զարմանալով, թէ ինչպէս մինչ այդ չեմ նկատած զայն:

*   *   *

Երբ 1953-ին սկսայ Ճեմարան յաճախել, քիչ մը շփոթած  էի…

Քաղաքաբնակ ընկերներս կա՛մ լսած չէին  «Առաւօտ լուսոյ»-ն,  կա՛մ… չէին յաջողեր երգել անոր նոյնիսկ առաջին չորս տուները, ինչպէս կը պահանջուէր հաստատութեան կողմէ: Ոմանք,  իրենց ձեռքերուն մէջ, թղթիկներու վրայ,  կը կրէին անոր գրաւոր բնագիրը ու տակաւին… եթէ իրապէս մասնակցէին հաւաքական երգեցողութեան, որ կը կատարուէր թիւ 1 շէնքի առաջին յարկի ընդունարանին մէջ՝ անսայթաք հսկողութեամբը տիկին Գոհարի, որուն կից  երբեմն ալ կը յայտնուէր Մուղեղ Իշխանը  կամ տիկին Եոլանտ Աճեմեանը:

Սկսողը կամ «ձայն տուողը»,− ինչպէս կ’անուանէինք զինք,− կ’ըլլար  մեր ընկերներէն Յովսէփ Էսքիճեանը՝ իր բամբ ու ահարկու ձայնով, ապագայ հանրածանօթ  «երդուեալ թարգման»-ը, եւ միւսները, շատ անհամարձակ ու նօսր մասնակցութեամբ, կը հետեւէին  անոր կամ աւելի ճիշդը հետեւիլ կը ձեւացնէին:

Այս բոլորը  ինծի, բայց նաեւ, կ’ենթադրեմ,   Ազգային վարժարաններէ նոր եկողներուն բոլորովին խորթ ու անբացատրելի էին: Սակայն ժամանակի թաւալքին հետ, կրնամ ըսել շատ շուտ, սկսաւ քակուիլ կծիկը եւ վերահասու դարձանք իրողութեան:

*    *    *

Լեւոն Շանթ, որ մեռած էր  մօտաւորապէս տարիուկէս առաջ,  իր օրերուն ամէն աղօթք, ինչպէս նաեւ եկեղեցիի ու կրօնի առնչուած ամէն ակնարկ եւ ուսմունք  խստիւ խափանած, արգիլած էր իր հաստատած  դպրոցին մէջ: Նիւթապաշտ (matérialiste) վարդապետութեան ջերմ հետեւորդ՝ իրեն համար Աստուած-մաստուած նշանակութիւն  ունեցած  չէր. այս ոգիով թրծուած ու կրթուած էին 20 սերունդներ: Իր մահէն ետք է միայն, Սիմոն Վրացեանի օրերուն, որ տնօրէնութիւնը երկչոտ վերադարձ մը կը փորձէր կատարել դէպի մեր ազգային  եկեղեցւոյ  աւանդոյթները:

Մուշեղ Իշխան ամէն վերամուտին յաջորդող օրերուն հերթով կը մտնէր դասարան առ դասարան, ձեռքին «Առաւօտ լուսոյ»-ի եւ «Հայր մեր»-ի գրաւոր բնագրերը,− որովհետեւ ինք եւս  անգիր չէր ճանչնար զանոնք,− ու կը գրէր գրատախտակին վրայ՝ «ասոնք գոց պէտք է սորվիք» մռթմռթալով  քիթին տակէն եւ պարտականութիւն մը կատարած ըլլալու  յաւակնութեամբ՝ առանց մասնաւոր կառչելու իր թելադրանքի ոգիին ու տառին:

Իսկ տարին մէկ անգամ միայն աշակերտները փոքրիկ խումբերով եւ ուսուցիչի մը առաջնորդութեամբ Սուրբ Նշան մայր եկեղեցի կը տարուէին՝ Արեւագալի առաւօտեան արարողութեան ներկայ գտնուելու եւ հաղորդուելու համար անկէ:

Աշակերտները երկինքի արքայութեան  արժանացնելու երրորդ եւ գերագոյն ճիգով մը՝ աւարտական դասարանին կ’ուսուցուէր Օրմանեանի «Հայ եկեղեցին», որ կ’աւանդէր   Կիլիկեան աթոռէն  միաբան մը եւ որմէ… ոչինչ կը հասկնայինք:

Այսքանով ալ ապագայ ճեմարանականը իր հայ քրիստոնեայի բոլոր պարտքերը վճարած եւ հոգին փրկած ըլլալու ըլլալու   խոր գոհունակութիւնը կ’ունենար՝ առանց այնուհետեւ բան մը աւելցնելու  ստացածին վրայ,  եւ   համոզուած, որ երկինքի դռները իր առջեւ լայն բացուած պիտի գտնէ «ի գոչման փողոյն Գաբրիէլի», եւ պիտի  երթայ բազմելու «աջակողմեանն օթեաց դասի»:

Մահուան երկրպագութիւնը Հայաստանի մէջ

Երբ իրականութիւնը չի բաւարարեր մարդը, ան կը փորձէ մխիթարուիլ հոգեւոր արժէքներով: Հոգեւոր պատկերացումները յաճախ ի վիճակի են որեւէ վիճակ իմաստաւորելու եւ նոյնիսկ սուր ցաւը ներկայացնելու որպէս մեծագոյն արժէք:

Աստուած ցաւի եւ տառապանքի միջոցով կը փորձէ մարդու կամքն ու հաւատքը այնպէս, ինչպէս ոսկին կրակով կը փորձեն: «Տառապանքը կ’ազնուացնէ», կ’ըսենք մենք: Փաստօրէն, հայոց պատմութեան բոլոր էջերը լեցուն են ծանր տառապանքներով: Հոգեբաններուն համաձայն, մարդկութիւնը ենթագիտակցաբար կը սրբացնէ իր ցաւը, կ’իմաստաւորէ զայն, որպէսզի կարելի ըլլայ ապրիլ այդ ցաւին հետ, որովհետեւ ան թէ՛ շատ է, թէ՛ անխուսափելի: Ցաւը համատարած է անհատին եւ բոլոր ժողովուրդներուն համար: Եւ եթէ ցաւը չիմաստաւորուի, չսրբացուի, հասարակութիւնները փուլ կու գան, որովհետեւ որեւէ նեղութիւն անիմաստ եւ անտեղի կը թուի, իսկ անոր դիմանալը` անհեթեթ: Եւ քանի որ անիմաստ կը թուի ցաւին դիմանալը, կամ որեւէ բան զոհելը, ապա չկայ նաեւ արժէք, գոյութիւն չունի ոչ մէկ կարեւոր բան, որուն համար կ’արժէ տառապիլ: Եւ նոյնիքն այդ ենթագիտակցական պաշտպանութիւնն ալ մարդը կը մղէ ցաւը ընդունելու եթէ ոչ ուրախութեամբ, ապա առնուազն դիմանալու բաւարարող մտածողութեամբ եւ դատողութիւններով:

Հրեայ պատմաբան Եուվալ Նոյ Հարարի իր «Sapiens. The brief story of humankind» գիրքին մէջ կը պատմէ, թէ ինչպէ՞ս առաջին համաշխարհային պատերազմին Իտալիա կ’ուզէր Աւստրիայէն գրաւել Թրիեսթ եւ Թրենթօ քաղաքները: Այդ քաղաքները գրաւելու համար իտալացիք առաջին յարձակումին ընթացքին կորսնցուցին շուրջ տասնըհինգ հազար հոգի, երկրորդ անգամ` 40 հազարէն աւելի, երրորդ անգամ 60 հազարէն աւելի: Իտալացիք 11 անգամ յարձակեցան այդ քաղաքներուն վրայ ու ձախողեցան` կորսցնելով շուրջ 700 հազար հոգի եւ միլիոնէ աւել վիրաւոր: Եւ ի՞նչ պատասխան պիտի տային իտալացի կառավարիչները իրենց ժողովուրդին: Ինչու՞ համար սպանուած են 700 հազար եւ վիրաւորուած միլիոնէ աւել մարդ: Յանուն սուրբ առաքելութեա՞ն, թէ յանուն իտալացի քաղաքական գործիչներու մեծխօսիկութեան ու կարճատեսութեան: Յանուն արկածախնդրութեա՞ն: Յանուն ոչինչի՞: Հարց կը յառաջանայ, թէ առաջին յարձակումներէն յետոյ ինչո՞ւ չդադրեցան այդ անպտուղ արշաւանքները: Որովհետեւ եթէ դադրեցնէին, կը նշանակէր, որ իրապէս անիմաստ էր զոհել առաջին հարիւր հազարը եւ իտալացի կառավարիչները սկսան խաղամոլի պէս աւելցնել գրաւը՝ յուսալով, որ շահը աւելի մեծ կ’ըլլայ, քան մինչ այդ կորսուածը: Իսկ այդ պարագային, մարդը այլեւս զգօն չէ եւ կը կատարէ ամենէն յիմար սխալները: Ի վերջոյ, իտալացիները շատ սուղ վճարեցին զիրենք կառավարող փոքր խումբի մը ձգտումներուն համար:

Այլ օրինակ մը: Ընկերային ցանցերէն մէկուն մէջ, առակ մը շրջան կ’ընէր, ըստ որուն՝ անցորդ մը կը տեսնէ ծանր բեռան տակ կքած մարդ մը, որ տանջուելով հազիւհազ կը յառաջանար: Անցորդը կը հետաքրքրուի, թէ ինչո՞ւ այդ մարդը այդպէս կը տանջուի, որուն՝ մարդը հպարտօրէն կը պատասխանէ, թէ ինք կը տանջուի, որ իր երեխաները երջանիկ ըլլան: Իր մեծհայրն ալ այդպէս տանջուած էր, որ իր զաւակը երջանիկ ըլլայ, իր հայրը նոյնպէս՝ նման տանջանքով ապրած է, որ ինքը երջանիկ ըլլայ եւ հիմա տանջուելու կարգը իրն է: Անցորդը զարմացած կ’ըսէ, որ ուրեմն այդ մարդուն ամբողջ տոհմին մէջ ոչ մէկը երջանիկ եղած է, որովհետեւ ամէն սերունդ տանջուած է յաջորդին երջանկութեան համար, բայց այդ երջանկութիւնը ամէն պարագայի ալ չէ իրականացած:

Սրբացուող ցաւը որոշ մակարդակի վրայ կրնայ դաժան իրականութիւնը մեղմացնել, իմաստաւորել, նոյնիսկ յուսադրել, բայց միայն որոշ չափով եւ միայն որոշ ժամանակ: Տառապանքն ու ցաւը երջանկութեան աղբիւր չեն: Անոնք ոչ միայն կրնան կամք կոփել, այլեւ` կոտրել զայն: Երկարատեւ տառապանքը կրնայ մարդը դարձնել չար ու դաժան, յուսահատ ու ընկճուած: Եւ ամէնէն վատը այն է, որ երկարատեւ տառապանքը կրնայ այնպիսի էական փոփոխութիւններու պատճառ դառնալ, որ հասարակութեան կամ մարդուն համար ան կը դառնայ բնաւորութեան հիմնական գիծ մը, փիլիսոփայութիւն եւ մտածելակերպ:

Եթէ մեզի համար դիւրին է խօսիլ իտալական ձախողած արշաւանքներուն մասին եւ յստակօրէն ընդգծել անոնց բոլոր սխալները, ապա գրեթէ անկարելի կը դառնայ ընդունիլ Արցախի առնչուած մեր իրականութիւնը: Եւ եթէ խղճահարութեամբ կ’սենք, որ իտալացիները 1 միլիոն 700 հազար կեանք հաշմանդամ դարձուցին ու սպանեցին անպտուղ արկածախնդրութեան մը համար ու բան մըն ալ չստացան ու ստիպուած կը սրբացնեն այդ խելագարութիւնը, եւ որովհետեւ իրականութիւնը չափէն աւելի դաժան կրնայ ըլլալ, անկարելի ծանր է ընդունիլ նման սարսափելի ձախողութիւն մը, ապա կրնա՞նք նոյնը ըսել մեր պարագային: Յանուն ինչի՞ զոհուեցան հազարաւոր հայեր արցախեան առաջին ու երկրորդ պատերազմներուն եւ միջանկեալ կէս-խաղաղութիւն ու կէս-պատերազմ տարիներուն: Յանուն հայրենիքի: Ահա առաջին տրամաբանական պատախանը: Այո՛, այդ առաջին եւ միակ պատասխանն է, որ անվիճելի է: Եւ եթէ մինչ 2020 Նոյեմբեր 9-ը իւրաքանչիւր զոհ կ’ամրացնէր Արցախի հիմերը, ապա Նոյեմբերի 9-էն յետոյ մարդիկ զարհուրած էին եւ իրաւացի վրդովումով հարց կու տային, թէ ապա ինչո՞ւ զոհուեցան մեր զաւակները, եղբայրներն ու հայրերը: Ու վիճակն ալ աւելի ծանրացաւ երբ Սեպտեմբերին, ընդամէնը մէկ շաբաթուան ընթացքին Արցախը լրիւ հայաթափուեցաւ ու կրկին բաձրացաւ անպատասխան հարցը` ինչո՞ւ մենք այսքան տառապանք կրեցինք: Յանուն Արցախի (հայրենիքի): Շա՛տ լաւ: Իսկ ո՞ւր է Արցախը: Իսկ Արցախը չկայ եւ կարելի չէ որեւէ ծնողքի քաղաքական-դիւանագիտական պատասխան տալ, որովհետեւ Արցախի կորուստը ոչ միայն հայրենիքի կորուստի ցաւ է, այլեւ՝ վիրաւորանք մը մեր կրած տառապանքին դիմաց:

Եւ ճիշդ հոս ալ հասարակութիւնը կը սկսի ենթագիտակցաբար փնտռել որեւէ արդարացում, որով գոնէ բարոյական ինչ-ինչ մխիթարութիւն կրնայ ստանալ, քանի որ անտանելի ու անընդունելի կ’ըլլայ մտածել, որ ամբողջ ժողովուրդ մը տասնամեակներով պայքարեցաւ յանուն ոչինչի, որովհետեւ այդ պայքարին վերջնական արդիւնքը եղաւ Արցախի հայաթափումը: Կեղծաւոր են այն բոլորը, որոնք հարցը կը փորձեն բացատրել Իմանուէլ Քանթի մտածողութեամբ, որ կարեւորը ոչ թէ նպատակն է, այլ շարժառիթը, որ եթէ նոյնիսկ մենք կորսնցուցած ենք Արցախը, միեւնոյնն է, մեր զոհերը անիմաստ չեն եղած, որովհետեւ շարժառիթը եղած է արդար ու ազնիւ: Այս պարագային, մեր ոչ միայն շարժառիթը, այլեւ նպատակը է եղած է Արցախի ազատութիւնը, եւ եթէ այսօր Արցախը չկայ, կը նշանակէ, որ տեղ մը կամ ժամանակ մը չափէն աւելի ծանր սխալներ տեղի ունեցած են նման հետեւանք մը ստանալու համար: Իսկ սխալին ընդունումը մեզի համար ինքնաոչնչացման հաւասար երեւոյթ է:

Բայց հայ հասարակութիւնը եթէ հիմա ալ փորձէ շարժիլ «տառապանքը կը սրբացնէ» մտածողութեամբ, ապա ան երբեք պիտի չկարենայ որեւէ արդիւնք արձանագրել, որովհետեւ տառապանքին հանդէպ նման ձգտում ախտաբանական բնորոշում ունի` մազոշիզմ կամ տառապանքի սէրը: Եւ մենք չենք ալ նկատեր, որ տառապանքը հասկնալու եւ վերլուծելու փոխարէն զայն սրբացնելու մղումը մեզ կը վերածէ նման այն մոլեռանդին, որուն ցաւը հաճոյք կը պատճառէ եւ ան ցաւէն զատ ուրիշ զգացում չունի: Այնպէս կը պատահի, որ նոյն ցաւը երկար ժամանակ չի կրնար նոյն սրութիւնը ունենալ եւ միայն ցաւը զգալու ունակ հասարակութիւնը անգիտակցաբար կրնայ աւելցնել ցաւին քանակը, որովհետեւ միայն ցաւն է, որ իրեն կը յուշէ, որ ինքը դեռ ողջ է: Բայց այս արդէն ոչ թէ կեանք է, այլ մահուան երկրպագութեան այլասերած տարբերակ մը: Մենք ոչ թէ կը փորձենք այնպիսի հայրենիք ու պետութիւն մը ունենալ, ուր առաջնահերթ են գիտակցուած կեանքն ու սկզբունքային բարգաւաճումը, այլ առաջնահերթութիւն կու տանք ցաւին ու մահուան՝ յանուն բարձրագոյն արժէքներու` աւելի յամառ քան ճափոնական քամիքազին եւ աւելի մոլեռանդ, քան միջնադարեան մոլեռանդը, որ հաճոյքով իր հայրենակիցը կ’այրէր՝ յանուն Աստուծոյ:

Ի վերջոյ, հայրենիքն ու պետութիւնը հասարակութեան արժեհամակարգին բարձրագոյն տեղերը կը գրաւեն, որոնք կը պաշտպանեն ու կը հովանաւորեն անոր սեփական գործունէութիւնը: Եւ եթէ այդ հայրենիքն ու պետութիւնը միայն ցաւի ու տառապանքի աղբիւր կը հանդիսանան, ապա ժողովուրդը կա՛մ կրնայ օր մը հրաժարիլ այդ արժէքներէն՝ բնազդով դէպի կեանք ձգտելով, կա՛մ ներքին որակական փոփոխութիւններով հայրենիքն ու պետութիւնը խաչ դարձնելով՝ նորհաս սերունդը կը գամէ անոր վրայ:

Պատերազմ, կորուստ, աղէտ եւ…նոյն երազկոտ ու քնաթաթախ հայը

Սեպտեմբերի 19-ի ատրպէյճանական յարձակումը, արցախցիներու զանգուածային, ամբողջական բռնի տեղահանումը մեծ յուզում յառաջացուց Հայաստանի մէջ: Բացի այն երեւոյթէն, որ զգացական տրամադրութիւնները լարուած էին, նաեւ կը շարունակուէր 2020-ի պարտութենէն սկիզբ առած անկումային տրամադրութիւններու աճը: Այնպէս, կարծէք զարմանալի ոչինչ կայ. 2020-ն զինուորական պարտութիւն էր, իսկ 2023-ի բռնագաղթը` Արցախի վերջնական կորուստը:

Բայց կայ երեւոյթ մը, որ աւելի կարեւոր է, քան տուեալ պահու պարտութեան գիտակցումը` պարտութիւնը որպէս համազգային գործունէութեան հետեւանք նկատառումը: Յօդուածի մը մէջ  (տեսնել տարբերակ21-ի «Արցախը՝ փորձաքար. հայ ժողովուրդը ի վիճակի՞ է որեւէ հարց լուծելու, թէ ո՛չ», Օգոստոս 23, 2023, կապը) արծարծած եմ այն հարցը, որ Արցախը փորձաքար է եւ Արցախը պիտի փաստէ, թէ հայ ժողովուրդը նախաձեռնո՞ղ է, թէ՞ ոչ: Արդեօք հայ ժողովուրդը կրնա՞յ ինքն իրեն առանձին որեւէ հարց լուծել, թէ՞ ոչ: Որովհետեւ ըլլայ Արցախը, 44-օրեայ պատերազմը կամ որեւէ այլ երեւոյթ, ան ոչ թէ կը քննարկուի համընդհանուր տրամաբանութեան մը մէջ, այլ կը դիտուի որպէս անկախ երեւոյթ մը, որ չ’առնչուիր անցեալին մէջ տեղի ունեցած դէպքերու: Այնպէս ինչպէս 44 օրեայ պատերազմը չընկալուեցաւ իբրեւ խախտումը տասնամեակներու ընթացքին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առկայ  հաւասարակշռութեան (բոլոր առումներով), նոյնպէս ալ պարտութիւնը ընկալուեցաւ կամ մատուցուեցաւ կա՛մ որպէս հետեւանքը խումբ մը անձերու դաւաճանութեան, կա՛մ պատճառը դաշնակիցներու անտարբերութեան, կա՛մ ալ հետեւանքը զուտ Թուրքիոյ կողմէ ատրպէյճանցիներուն տրամադրած օժանդակութեան: Նոյնը պատահեցաւ Արցախի հայաթափումին, որ ընկալուեցաւ որպէս տեղական աղէտ մը: Ամէն խումբ առաջ քշեց իր վարկածները` ռուս խաղաղապահներու անտարբեր կեցուածքէն մինչեւ միջազգային դաւադրութիւններ, բայց գրեթէ չդիտարկուեցաւ որպէս ընդհանուր շղթայի մը մէկ օղակը: Որովհետեւ եթէ դիտարկուէր համընդհանուր տրամաբանութեան մը մէջ, ապա մեր ընելիքները ուրիշ ուղիով կ’ընթանային: Նոյնիսկ կարեւոր չէ թէ կը յաջողէինք կամ ոչ, որովհետեւ յաջողութիւնը որպէս հետեւանք` արդիւնք է նաեւ բազմաթիւ անկանխատեսելի ու թեքնիք երեւոյթներու, իսկ ընելիքը սեփական մտածողութեան գործնական արտայայտութիւնն է:

Բայց ո՛չ, երբե՛ք: Հայաստանի մէջ ունակ չեղան հասկանալու, որ 2016 Ապրիլէն մինչեւ 2023 Սեպտեմբեր ոչ թէ երկու տարբեր պատերազմ ու մէկ բռնագաղթ տեղի ունեցան, այլ՝ նոյն երեւոյթին տարբեր դրսեւորումները, որոնք իրենց կարգին հետեւանք էին նախկին գործողութիւններու: Տհաճ թէ ոչ, բայց պատմութիւնը միշտ ալ պատճառ-հետեւանք տրամաբանութեամբ կ’ընթանայ: Ամէն ինչ ունի իր յստակ պատճառը եւ իւրաքանչիւր քայլ ունի իր հետեւանքը: Բայց մենք, քանի պատմութիւնը կ’ընդունինք իբրեւ արդէն աւարտած երեւոյթ մը, չենք հասկանար պատճառ-հետեւանք տրամաբանութիւնը եւ կը վերածուինք հասարակութեան մը, որ ոչ միայն ընկերային վարքի չափորոշիչներ, այլեւ՝ վտանգ չափելու միջոց, միաւոր չունի: Պատմութեան նայելով որպէս գեղեցիկ վիպերգութիւն մը, մենք իրականութիւնը կ’ընկալենք ամէն տեսակի դժուարութենէ զերծ երեւոյթ մը, անորոշ հանդարտութիւն պատճառող, թէեւ իւրաքանչիւր օր որ կ’անցնի, գոռալով կը յուշէ, որ իրականութիւնը այդպէս չէ:

Մենք որպէս պետութիւն ու հասարակութիւն կը յամառինք հասկանալու, թէ ի՞նչը լաւ է, ի՞նչը վատ, ո՞ր մէկը վտանգաւոր է, իսկ ինչ բան՝ ապահով, որո՞ւն կ’արժէ վստահի՛լ, իսկ որո՞ւն ո՛չ, եւ այսպէս շարունակ: Մեր պատմութիւնը, որուն իւրաքանչիւր տասնամեակը լեցուն է ցնցող իրադարձութիւններով, մեզի փոխանակ երկրաշարժեր արձանագրող եւ ազդարարող սարքէն աւելի զգայուն դարձնելու, բթացուց մեզ եւ դարձուց անընկալունակ, ու մենք փոխանակ դարերու փորձառութեամբ հասկնալու ամէն բան, սկսանք ոչինչ հասկանալ :

Այլապէս արցախցիները ինչո՞ւ 2020-ի պատերազմէն յետոյ վերադարձան Արցախ: Ի՞նչ էր երաշխիքը, որ պիտի չպատահէր այն, որ պատահեցաւ: Արդեօ՞ք միայն ռուսական երաշխիքը բաւարար էր մեզի: Ինչպէ՞ս կարելի է ոեւէ մէկուն վստահիլ իր սեփական կեանքն ու ապագան, յատկապէս երբ առնուազն մէկ օրինակ չունինք հայոց պատմութեան մէջ, երբ օտարը գալով մեզ պաշտպանած ըլլայ: Մենք կարծես կորսնցուցած ենք համեմատելու եւ գնահատելու ունակութիւնը: Մենք պարզապէս ի վիճակի չենք որեւէ Ա երեւոյթը համեմատելու Բ-ին հետ եւ համապատասխան եզրահանգումներ կատարելու: Այլապէս, ինչպէ՞ս բացատրել այն, որ անընդհատ նոյն բանը կը պատահի հայ ժողովուրդին՝ տարբեր համեմատութիւններով:

Նոյնիսկ այս օրերուն, երբ Հայաստանի մէջ գիտական միտքը պէտք էր հրաբուխի լաւայի պէս եռար` հասկանալու համար, թէ ի վերջոյ ո՞րն է մեր ուղին, ի՞նչ է մեր նպատակը՝ մենք գիտական առումով արձակուրդի մէջ կը գտնուինք: Արցախցիներուն միայն ուտետեղէն, հագուստ եւ կեցութեան վայր տրամադրելը բաւարար չէ: Վաղը Հայաստան կրնայ գտնուիլ նոյն վիճակին մէջ, բայց մենք այլեւս երթալիք տեղ չունինք` ո՛չ գաղթելու, ո՛չ` նահանջելու: Մենք այսօր ոչ թէ պէտք է բաւարարուինք մարդասիրական օժանդակութիւններով, այլ հասկնանք, թէ ի վերջոյ ո՞ւր կ’երթանք, ի՞նչ կ’ուզենք: Բայց մենք կը շարունակենք մոռնալ աղէտը անոր սուր հանգրուանի աւարտէն անմիջապէս ետք եւ վերստին կ’անցնինք խոր քունի:

Մենք կը վերածուինք փիլիսոփայ հասարակութեան մը եւ նոյնիսկ կը կորսնցնենք գործնական ըլլալու սկզբունքները: «Արեմւուտքի մէջ գիտնականներ, արեւելքի մէջ մարգարէներ» ասացուածքին պէտք է աւելցնել «Հայաստանի մէջ երազողներ» բաժինը: Այլապէս, անհնար է բացատրել այն անհոգութիւնն ու մեղմութիւնը, որ մենք ունինք, երբ աղէտները անընդմէջ իրարու կը յաջորդեն: Այս հանդարտութիւնը եւ անհոգութիւնը որ ունինք, գերեզմանային հանգստութիւն է, դիակի անշարժութիւն: Ու մենք կը սպասենք, որ «վաղը լաւ պիտի ըլլայ»: Հայկական այս անհասկնալի լաւատեսութիւնը մեզ կը զրկէ ապրելէն, մեզ անընդհատ կախեալ կը պահէ ուրիշէն՝ բոլորէն ու ամէն բանէ. մեր գիտակցութիւնը կը վերածուի սեւ խոռոչի, ուր սպասումէն բացի այլեւս ոչինչ կայ եւ այդ սպասումը մեզ արդէն իսկ հասցուցած է սարսափելիին: Այդ սպասման մէջ, բացի նոր կորուստէն, ուրիշ բան չկայ. այդ սպասման յաջորդ ու վերջին հանգրուանը գերեզմանն է: Միայն գերեզմանին կը դադրինք սպասելէ եւ յուսալէ:

Րաֆֆի իր յօդուածներէն մէկուն մէջ կը նշէ. «արդարեւ, հոլովական տարիքը ոչինչ չեն ներգործում հայերի տխուր եւ տրտում վիճակի վերա: Պատճառն, որ թէպէտ բնութեան նախասահմանեալ օրէնքներին համաձայն տարիքը փոփոխւում են֊ գնում է հինը, գալիս է նորը, բայց հայերը, անդարդ կենալով իւրեանց գերեզմանական անշարժութեան մէջ, երբեք չեն մտածում փոխել իւրեանց մեռելային դրութիւնը: Հայերը իւրեանց կեանքը չեն չեն համաձայնեցնում տարիների ընթացքի հետ, եւ ժամանակի պիտոյքների հետ: Հայերի համար թէ՛ անցեալը, թէ՛ ներկան, եւ թէ՛ ապառնին ունեն միեւնոյն կորստաբեր նշանակութիւնը»:

Ալիեւը՝ ցեղասպան

Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մօրենօ Օքամպօ, 7 Օգոստոս 2023-ի թուականով հրապարակած է զեկոյց-տեղեկագիր մը, ուր միջազգային օրէնքի փաստերով կը նշէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախ) (կը պահենք տեղեկագրին մէջ նշուած անունումը) շրջափակումը «ցեղասպանութիւն» է: Այսինքն՝ գրեթէ մէկ ամիս առաջ կատարուած դաւադրական յարձակումէն եւ Արցախի ժողովուրդին բռնի տեղահանութենէն, Ալիեւ եւ Ազրպէյճան արդէն կը գտնուէին ցեղասպանական արարքի մէջ, ենթակայ՝ դատի եւ վճիռի:

Այս զեկոյց-տեղեկագիրը կը խորանայ պատմական կնճռով հարցերու, իրաւական քայլերու, միջազգային կառոյցներու արտայայտած մտահոգութիւններուն եւ Լաչինի (Բերձոր) միջանցքի փակման ու Արցախի շրջափակման պայմաններուն մէջ՝ ի վերջոյ յանգելու այն հարցադրում-հաստատումին, որ Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակումը ցեղասպանական արա՞րք մը չէ արդեօք:

Տեղեկագիր-փաստաթուղթը հիմնուելով պատմական տուեալներու, իրաւական հիմքերու եւ միջազգային նախընթացներու վրայ` կը յանգի համոզիչ ու փաստարուած եզրակացութեան մը, թէ առարկայական ու ենթակայական բոլոր տուեալները առկայ են Արցախի շրջափակումը որակելու ցեղասպանութիւն: Տեղեկագիրը  յղումներ կը կատարէ նաեւ միջազգային օրէնսգիտութեան եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի եզրակացութիւններուն՝ Ազրպէյճանի դէմ Հայաստանի Հանրապետութեան բացած դատին, որուն վճիչռը կը պահանջէր Լաչինի (Բերձոր) անցքին անյապաղ վերաբացումը:

Ի լրումն ցեղասպանութեան առարկայական եւ ենթակայական տարրերու վերլուծութեան, տեղեկագիրը կ’ուսումնասիրէ Ալիեւի մտադրութիւնները` ուշադրութիւն հրաւիրելով անոր արարքներուն, յայտարարութիւններու եւ միջազգային իրաւական կանոններու խախտումներուն՝ զանոնք ներկայացնելով իբրեւ ցեղասպանական մտադրութիւն դրսեւորող վարքագիծ մը:

Այս տեղեկագիրը կ’անդրադառնայ նաեւ շրջափակման մասնակից հաւանական մեղսակիցներուն եւ Միջազգային քրէական դատարանին կողմէ նախագահ Ալիեւը դատական հետապնդումի ենթարկելու կարելիութեան, անշուշտ եթէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհրդը նման որոշում ընդունի:

Ինչպէս նշեցինք, այս տեղեկագիրը հրապարակուած է շուրջ ամիս մը առաջ Արցախի ժողովուրդի բռնի տեղահանութենէն:

Արդարեւ, տեղեկագիրը կ’ընդգծէ կանխարգիլման հրատապութիւնը` կոչ ընելով ազդեցիկ երկրիներուն եւ հայկական սփիւռքին արագ գործելու եւ դադարեցնելու աւերումը Արցախին եւ տառապանքները անոր բնակիչներուն: Ան կ’ընդգծէ նաեւ Լաչինի (Բերձորի) միջանցքին վերաբացման եւ մինչեւ 2025-ի Մայիսը, այսինքն՝ ռուս խաղաղապահներու առաքելութեան աւարտը,  տարածքային պահանջներու լուծում գտնելու անհրաժեշտութիւնը՝ հետագայ բռնութիւնները եւ մարդկային կորուստները կանխելու նպատակով: Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մօրենօ Օքամպօ բնականաբար չէր կրնար պատկերացնել, թէ ռուս խաղաղապահներուն առաքելութիւնը պիտի աւարտէր շուտով (անծանօթ-ծանօթ պատճառներով) եւ բռնութիւններ ու մարդկային կորուստներ պիտի արձանագրուէին…

Արցախը պիտի բռնագրաւուէր եւ արցախցիները պիտի տարագրուէին…

Այժմ լուսարձակի տակ կ’առնենք տեղեկագրին այն կէտերը, որոնք Ալիեւը կ’ամբաստանեն ու կը դատապարտեն իբրեւ ցեղապան:

Ալիեւի մտադրութիւններուն վերլուծումը իբրեւ ցեղասպանական արարքի նախաքայլ՝ ըստ տեղեկագրին

  • Տեղեկագիրը կ’ընդգծէ, որ նախագահ Ալիեւի գիտակցուած, կամաւոր եւ թշնամական որոշումները, որոնք կ’անտեսէին Միջազգային քրական դատարանի որոշումները, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերէր Լաչինի անցքի անմիջական վեարբացումին, կ’ենթադրէ Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) հայերը ոչնչացնելու անոր մտադրութիւնը:
  • Տեղեկագիրը կը նշէ, որ նախագահ Ալիեւ ի սկզբանէ ընդունած էր Լեռնային Ղարաբաղի փաստացի ինքնավարութիւնը, սակայն հետագային փոխած է այդ դիրքորոշումը` ցոյց տալով տարածաշրջանին մէջ հայերը ոչնչացնելու իր միտումները:
  • Ան առիթ տուած քաղաքայիններու խափանելու Լաչինի (Բերձոր) միջանցքը, ապա Հայաստանի հետ սահմանային անցարգել ստեղծած եւ, ի վերջոյ, փակած միջանցքը` ծանօթ ըլլալով հանդերձ հետեւանքներուն, զորս Միջազգային քրէական դատարանը նախազգուշացուցած էր:

 Նախագահ Ալիեւի յայտարարութիւնը 1 Օգոստոս 2023-ին

  • Տեղեկագիրը կ’ընդգծէ հարցազրոյցի մը մէջ նախագահ Ալիեւի կատարած մէկ յայտարարութիւնը, ուր ան կը խոստովանէր, որ շրջափակումը մաս կը կազմէ իր պաշտօնական քաղաքականութեան՝ իբրեւ հիմնաւորում նշելով ապրանքներու ենթադրեալ մաքսանենգութեան պարագաներ:
  • Նախագահ Ալիեւի այս յայտարարութիւնը, ըստ տեղեկագրին, կը բացայայտէ անոր ցեղասպանական հաստատ մտադրութիւնը, եւ ան բացայայտօրէն կը մերժէ Միջազգային քրական դատարանի միջանցքը վերաբանալու պարտաւորեցնող որոշումը:
  • Տեղեկագիրը կը նշէ, որ նախագահ Ալիեւի շարժառիթները պէտք է տարբերել անոր մտադրութենէն, մինչ իր արարքները կը դրսւորեն ցեղասպանական յստակ մտադրութիւն մը:

Մեկնելով այս տուեալներէն, Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դասախազը իր տեղեկագրին մէջ կ’առաջադրէ նախագահ Ալիեւը դատի կանչել ցեղասպանութեան ամբաստանութեամբ, որովհետեւ ան կը գտնուի պետական համակարգի մը գլուխը, որ կը հակաշռէ քաղաքական, զինուորական եւ դիւանագիտական բոլոր որոշումները: Շրջափակումին մանակցած այլ անձեր նոյնպէս կրնան դատի կանչուիլ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու ամբաստանութեամբ:

Տեղեկագիրը կարելի ներբռնել այս կապով: