Ճորճ Գազազեան` Նեղոս գետի երաժիշտը

Եգիպտահայ երաժիշտ, երգիչ, երգահան եւ ուտ նուագող մայեսթրօ Ճորճ Գազազեան ծնած է Գահիրէ 25 Յունուար 1953-ին, եգիպտահայ ընտանիքի մը մէջ: Յաճախած է Գալուստեան Ազգային Վարժարանի մանկապարտէզը (տեսնել ստորեւ): Ան կը նկատուի ինքնուս արուեստագէտ մը:

Իր անհատական ոճով եւ թրծուած Եգիպտոսի երաժշտական աւանդոյթներով, Ճորճ Գազազեան իր արուեստը հարստացուցած է նաեւ միջազգային տարբեր աւանդոյթներով եւ մշակոյթներով։ Անոր երաժշտական թռիչքները կարծէք պատասխան կու տան ներքին ձայնի մը, եւ կը ծառայեն իբրեւ միջոց՝ ստեղծելու գոյներու եւ ձայնաստիճաններու բազմազանութիւն ու հարստութիւն:

Անոր ալպոմները կ՛արտայայտեն թափանցիկ պատկերները ուտի արուեստին, իսկ երաժշտութիւնը՝ կը սահմանէ Նեղոս գետի էութիւնը, որպէս Եգիպտոսի հին քաղաքակրթութեան յաւերժութեան խորհրդանիշը:

Ան իր երաժշտական կրթութեան տարիներուն իսկ յայտնաբերած է, որ եգիպտական երաժշտական հանրածանօթ գործիքները գերակատար են, եւ տարիներու ընթացքին ան սիրած է հնչերանգները եւ զանոնք վերածած անհատական իւրահատուկ գոյներու, որոնք միաժամանակ կը ցոլացնեն Եգիպտոսի հնագոյն ու ժամանակակից ոգին:

«Կարեւոր չէ, թէ ինչպէս կը սկսիս, այլ ինչպէս կը զարգացնես». հետեւելով այս սկզբունքին, ան կը դառնայ ազդու ձայն մը երաժշտութեան աշխարհի մէջ, իսկական արուեստագէտ մը եւ ստեղծագործական հանճար:

Ստեղծագործութիւններ

Ճորճ Գազազեան ունի 6 ստեղծագործութիւններ՝ երկար ֆիլմերու երաժշտական յօրինումներ (soundtracks of ‘The Wife of an Important Man’, ‘Hunger’, ‘Conqueror of Time’), ինչպէս նաեւ՝ 9 վաւերագրական ֆիլմերու երաժշտական յօրինումներ, որոնց շարքին՝ Before the Pyramids, Ramses II եւ The Dance of Love:
Ան հրապարակած է աւելի քան 14 ալպոմներ, (Sabil, Sajaya, Al Janoub, Azraq): Իր գեղարուեստական ասպարէզին ընթացքին, Գազազեան բազմաթիւ համերգներով հանդէս եկած է Եգիպտոսի, ամբողջ Եւրոպայի, UCLA Los Angeles-ի եւ Հնդկաստանի մէջ:
2004-ին Ճորճ Գազազեան կը ստեղծէ Ocre ծրագիրը եւ կը համագործակցի ֆիրանսացի շեփորահար Michel Marre-ի եւ հարուածային գործիքներ նուագող (percussionist) Ravi Magnifique-ի հետ։
Ան կը ստեղծէ White Lotus Project-ը 2011-ին՝ գործակցութեամբ ձեռնադաշնակահար Patricia Draeger-ի եւ սաքսոֆոնահար (double bass) քոնթրապաս Luca Sisera-ի եւ հարուածային գործիքի նուագող Chris Brown-ի հետ։ Համերգները տեղի կ’ունենամ Եգիպտոսի եւ Զուիցերիոյ մէջ:

Music for films
The Egyptian Museum, 1979
Temples of Upper Egypt, 1979
The Citadel, 1979
Ramses, The Second Shadi Abdel Salam, 1980
Before The Pyramids Shadi Abdel Salam, 1981
The Third Circle M Zakaria, 1988
Love Dance, Ihab Shaker, 1992
Silent Dialogue, Ali El Ghazouli, 1999
Les Hommes oubliés de la vallée des Rois, Jerome Prieur – France 2002
The Ministry of Culture of RA, Yerevan, 2008

Feature films
Hunger, Ali Badrakhan, 1985
Kaher El Zaman, Kamal El Sheikh, 1986
Wife Of An Important Man, Mohamad Khan, 1988
The Lady Of Cairo, Moumen El Semehi, 1991
Extract Of The Album Sabil In Ruis Blas By Jean Claude Carriere,
France 2003

Ան ելոյթներ ունեցած է աշխարհի ամենէն հեղինակաւոր փառատօներուն մէջ:

Ճորճ Գազազեանի որդին՝ Տիգրան Գազազեան, նոյնպես երգահան է, ուտ նուագող եւ բազմագործիքաւորող։ Ան ծնած է Կիզա, Եգիպտոս, 1987-ին: Հայր եւ որդի՝ Ճորճ եւ Տիգրան համագործակցաբար իրագործած են «Նուռ» ծրագիրը 2017-ին Գահիրէի Օփերայի թատրոնին մէջ եւ 2016-ին՝ Երեւան, Հայաստան:

• Տիգրան Գազազեան եւ քառեակը ելոյթ ունեցած են Երեւանի մէջ, 2022-ին :
• Ճորճ Գազազեանի եւ Տիգրան Գազազեանի ստեղծագործութիւնները կարելի է ունկնդրել հետեւեալ յղումներով.
• jazz 4 oud piano-sabil live Georges Kazazian https://soundcloud.com/moustafa-samir-wagdy/sets/george-kazazian
• Tigrane Kazazian Quartet & Albin Brun | Still Love – Live In Armenia – Oud Player – Composer https://youtu.be/k8X5Tvr9mn0?si=ILFq3LiwC7KnMEGy
• https://youtu.be/QYrosR6xTrc?si=ste6x0Su6MyIyykH Georges Kazazian-London with Nour and Boussy at Rose Issa ‘s Gallery 2013
• https://youtu.be/D3FwEreeo4g?si=EhRI4t632UOPjz4n shamseya
• Georges Kazazian | Tigrane Kazazian | La Danse Du Feu (The Dance Of Fire)
• https://youtu.be/QW_DFJW6u2Q?si=r05nDc6AXbIXquaC
• Blue Tango | Tigrane Kazazian Trio | Live @ The State Philharmonia of Armenia

Ծանօթութիւն

1854–ին, Վանէն գաղթած եւ Եգիպտոս հաստատուած Աղա Կարապետ Գալուստ Գահիրէի մէջ կը հիմնէ վարժարան մը, որ իր անունով կը կոչուի Գալուստեան Վարժարան, ուր յաճախած է նաեւ հայ երգի սոխակը՝ Գոհար Գասպարեան։ 1924-ին, Եգիպտոսի հայազգի վարչապետ Նուպար Փաշա Նուպարեանի որդին՝ Պողոս Նուպար փաշան արդէն հիմնած էր Նուպարեան ազգային վարժարանը։ 2012-ին, նշեալ երկու վարժարանները կը միաւոուին ու կը ստեղծուի Գալուստեան-Նուպարեան ազգային վարժարանը։

Ծնունդով Հալէպէն՝ Շաքէ Մանկասարեան աւարտած է Քարէն Եփփէ ճեմարանը, ապա Երեւանի Պետական Համալսարանի Ռոմանօ-գերմանական լեզուներու բաժանմունքը (M.A. in Philology) եւ Associate Cambridge School-ը (Diploma in Emotional Intelligence), Տուպայի մէջ (ԱՄԷ). ունի International Examination Diploma at Professional Level for Teachers and Trainers (University of Cambridge): 2011-ին հիմնած է շուրջօրեայ սփռուող RadioAyk առցանց ձայնասփիւռի կայանը, որ կը գործէ մինչ օրս: 2017-էն ի վեր ամէն Կիրակի Հայաստանի Հանրային ռատիոյէն կը սփռուի Շաքէ Մանկասարեանի հեղինակային «Արեւմտահայերէն» հաղորդաշարը, սեփական նախաձեռնութեամբ եւ մտայղացումով: Կ’աշխատակցի նաեւ «Սփիւռքի Ձայն» հաղորդաշարին եւ «Նոր Յառաջ» լրասփիւռին: 2015-էն ի վեր կը գրէ յօդուածներ «Ուիքիփետիա»ի արեւմտահայերէն բաժինին մէջ, հայերէնով կը ներկայացնէ օտար մամուլին մէջ հայ երեւելի անձնաւորութիւններու մասին հրապարակումներ: 2021-ին լոյս տեսաւ իր «Արեւմտահայերէն Հեքիաթներ» հատորը: Պարգեւատրուած է Հ.Հ. Սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի Դեսպան» շքանշանով:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

1 Comment
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
Սեդա
Սեդա
6 months ago

գրիչդ անսպառ սիրելի Շաքէ: Շնորհակալութիւն այս տեղեկութեան:

1
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x