Կը շարունակենք ներակայացնել Հայաստանի մէջ գործող կուսակցութիւնները, դաշինքները եւ խմբակցութիւնները: Մնալով խորհրդարանական ընդդիմութեան ծիրին մէջ՝ կը ներկայացնենք «Պատիւ ունեմ» դաշինքն ու «Հանրապետական» կուսակցութիւնը:
Նաւի Փիլլէյ ծնած է 23 սեպտեմբեր 1941-ին, Հարաւային Ափրիկէի Տըրպըն քաղաքին մէջ, հնդկական ծագումով ընտանիքի մը յարկին տակ։ Ան հասակ առած է ափարթհայտի՝ ցեղային խտրականութեան համակարգի պայմաններուն մէջ:
Արտերկիր բնակող քաղաքացիներու ընտրելու իրաւունքին շուրջ Հայաստանի մէջ ծաւալած քննարկումները շարժառիթ հանդիսացան լուսարձակի տակ բերելու այս բնագաւառի միջազգային փորձը:
Համերգին ընթացքին, գիւղին բնակիչները՝ նկատելով հանդիսատեսին խանդավառութիւնն ու բարձր տրամադրութիւնը, ինչպէս նաեւ ընկերային ցանցերու վրայ տարածուող լուսանկարներն ու տեսանիւթերը, արագօրէն միացան բազմութեան։
Չինաստանի մասին շատ բան կը լսենք, բայց շատ քիչ անգամ կը փորձենք աշխարհին նայիլ Չինաստանի աչքերով։ Թայուան, առեւտրական պատերազմ, Ռուսիա, Հարաւային Չինական ծով, «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ», Միացեալ Նահանգներու հետ մրցակցութիւն:
Աստիճանաբար սկսայ նկատել, որ այդ մշակոյթին հիմքը փոխադարձ յարգանքն է, ազնուութիւնը, զիրար հասկնալու ճիգը եւ, ամենէն կարեւորը, մարդը կանխակալ պատկերացումներու կամ նեղմիտ մեկնաբանութիւններու մէջ չսահմանափակելու մօտեցումը։
«ՆՅ» - «CivilNet»-ը իւրայատուկ տեղ ունի հայաստանեան լրատու դաշտին մէջ, այն իմաստով որ անոր հիմնադրութիւնը Սփիւռք-Հայաստան գործակցութեան արդիւնք է: Արդեօք տնօրէնին սփիւռքահայ ըլլալուն հանգամա՞նքը կը պահպանէ այդ հաւասարակշռութիւնը:
Եթէ ամերիկացի էք, թերեւս արդէն յոգնած էք պատերազմներ կորսնցնելէ։ Ես՝ հաստատ։ Եւ թերեւս դուք հարց տաք. «Ինչո՞ւ այս մէկը շարունակ կը կրկնուի»։ Պատճառը ամերիկեան զինեալ ուժերուն քաջութեան պակասը չէ։
Արուեստական իմացականութեան (ԱԻ) մասին քննարկումները սովորաբար կը սկսին նոյն հարցումով. ի՞նչ կրնայ ընել ան։ Կրնայ արագ գրել։ Կրնայ երկար փաստաթուղթ մը քանի մը երկվայրկեանի մէջ ամփոփել։ Կրնայ հարցազրոյց մը վերծանել, թարգմանել, վերնագիր առաջարկել, տուեալներ վերլուծել, նոյնիսկ՝ պատրաստ գրութեան մը ոճը փոխել։
3 Սեպտեմբերին, Երեւանի Ժամանակակից արուեստի թանգարանին մէջ բացուի լիբանանահայ քոյր եւ եղբայր գեղանկարիչներ Մարալ եւ Ժիրայր Փանոսեաններու «Dream, Art, Yerevan» ցուցահանդէսը։
Կը հպարտանանք որ քաղկեդոնականութիւնը ժխտեցինք, բայց մեր բոլոր հոգեւորականները ներկայիս քաղկեդոնական համալսարաններ կը յաճախեն, քանի որ ե՛ւ կաթոլիկ ե՛ւ յոյն-ուղղափառ եկեղեցիները քաղկեդոնական են։
Միշիկընի համալսարանի Տիրպորնի մասնաճիւղի Հայագիտական հետազօտութիւններու կեդրոնի տնօրէն Սանճեան հարցազրոյցին մէջ կ՚անդրադառնայ...
13 տարիէ ի վեր Ռազմիկ Փանոսեան կը տնօրինէ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը։ Շուտով երրորդ հնգամեայ ծրագիրին սկիզբը պիտի տրուի: Բաւական ընդգրկուն ծրագրեր են։
Ասիկա այս օրերու Հայաստանի մասին խոր ուսումնասիրութիւն մը չէ, այլ պարզապէս տպաւորութիւններու հաւաքածոյ մը՝ վերջերս կատարած այցելութենէս։ Գիտակցաբար խուսափած եմ քաղաքական գնահատականներէ ու վերլուծութիւններէ, յոյս ունենալով, որ այդ մասին ուրիշ առիթով պիտի գրեմ:
Այցելուներու աճող թիւը, օդային նոր կապերը եւ միջազգային ճանաչման ընդլայնումը կը վկայեն, որ Հայաստանի զբօսաշրջութիւնը կը թեւակոխէ զարգացման նոր փուլ մը։ 2026-ը կրնայ դառնալ Հայաստանի միջազգային զբօսաշրջային դիրքի էական ամրապնդման տարի մը։
Վերջին տասնամեակներուն կլկլակը լիբանանեան ընկերային կեանքի գրեթէ անբաժանելի մէկ մասը դարձած է։ Սրճարաններու մէջ, ճաշարաններու մէջ (նաեւ ակումբներու) եւ երբեմն նոյնիսկ ընտանեկան հաւաքներու ընթացքին անիկա կը ներկայանայ որպէս անմեղ ժամանց։
Ստորեւ կը ներկայացնենք ատրպէյճանցի հեղինակ Վասիֆ Հիւսէյնովի տեսակէտը, ինչպէս հրապարակուած է The Liberum առցանց վերլուծական հարթակին մէջ։ Յօդուածը կը ներկայացնէ զուտ հեղինակին գնահատականներն ու մեկնաբանութիւնները։
Յօդուածը կ'եզրակացնէ, որ Սուրիոյ մէջ Ատրպէյճանի աշխուժացումը մաս կը կազմէ աւելի լայն ռազմավարութեան մը, որով ան կը փորձէ ներկայանալ ոչ միայն որպէս յետխորհրդային փոքր պետութիւն մը, այլ որպէս շրջանային դերակատար՝ Կովկասէն անդին։
2024-ին, Գերմանիոյ մէջ կ'արժանանայ հեղինակաւոր Wolfgang Hahn մրցանակին, որ կը տրուի ժամանակակից արուեստի այն ստեղծագործողներուն, որոնք կը վերամշակեն գեղարուեստական լեզուն եւ կը խախտեն պատկերին, պատմութեան ու յիշողութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող պատնէշները։
Յօդուածին ցնցիչ դիտարկումներէն մէկը այն է, թէ աշխարհի 195 երկիրներէն աւելի քան երկու երրորդին մէջ ծնելիութիւնը արդէն իջած է բնակչութեան բնական վերարտադրութեան մակարդակէն վար։ 66 երկիրներու պարագային՝ միջին ծնելիութիւնը աւելի մօտ է մէկ զաւակի, քան երկուքի։
Հորմուզի նեղուցը եւ Թայուանի սահմանագիծը. Թրամփ-Շի բանակցութիւններուն խորքը եւ «Թուկիտիտեսի թակարդը»
Չինաստանի նախագահ Շի Ժինփինկ ակնարկութիւն մը կատարեց յոյն հին պատմաբան եւ զօրավար Թուսիտիտեսի անուան կապուած «Թուսիտիտեսի թակարդ» եզրին։
Երկար ժամանակէ ի վեր, artificial բառը հայերէնի մէջ թարգմանած ենք «արուեստական», հետեւաբար, առնուազն «Տարբերակ» հանդէսի պարագային՝ որոշեցինք artificial Intelligence-ը թարգմանել «Արուեստական բանականութիւն»՝ առանց շատ մտածելու intelligence-ի ճշգրիտ թարգմանութեան մասին:
Artificial բառին ճիշդ հայերէն թարգմանութիւնը «արուեստական» է: Հարցը իմաստային եւ կրօնափիլիսոփայական ծագում ունի: Ինչ որ Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած է կը սեպուէր «բնական» եւ ուրեմն կատարեալ: Արուեստը (եւ մանաւանդ կերպարուեստը) որ կը ձգտէր պատկերել բնութեան կատարելիութիւնը...
Այսօրուան իրավիճակը հասկնալու համար պէտք է հրաժարիլ պատերազմի առաջին օրերու ստեղծած ցնցումին վրայ կեդրոնանալէ՝ օդային ծանր հարուածներ, ենթակառոյցներու քանդում եւ ղեկավարութեան «գլխատում»։ Այս բոլորը կը պատկանին պատերազմի առաջին փուլին։
Պատմականօրէն հայ եկեղեցին եղած է ազգային ինքնութեան հիմնական սիւներէն մէկը՝ լեզուի եւ մշակոյթի կողքին։ Սակայն, ըստ վերջին ուսումնասիրութիւններուն, այս պատկերը զգալիօրէն փոխուած է։
















