«Զարմանազան». երբ հայերէնը պարտադրանք չէ, այլ՝ վայելք

Զարմանազանի մասնակիցները բնութեան մէջ՝ խաղերու ընթացքին:

Կիւլպէնկեան Հիմնարկի Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը Արեւմտահայերէնի վերակենդանացումը կը նկատէ իր հիմնական առաջնահերթութիւններէն մէկը։ Այս ծիրէն ներս Հիմնարկը կ’աշխատի լեզուի ուսուցման եւ փոխանցման նոր մօտեցումներու մշակման, ուսուցիչներու պատրաստութեան, կրթական նիւթերու զարգացման, ինչպէս նաեւ ժամանակակից լեզուական եւ թուային գործիքներու ստեղծման ուղղութեամբ։

Այս աշխատանքէն ծնունդ առած է «Զարմանազան»-ը՝ ամառնային ծրագիր մը, որ կը հիմնուի Արեւմտահայերէնի ուսուցման նոր, ոչ-աւանդական եւ աւելի կենսունակ ու ներգրաւող մօտեցումներու վրայ։ Ծրագիրը ստեղծուած է 2016-ին եւ առաջին անգամ իրականացած 2017-ի ամրան՝ ԻՆԱԼՔՕ-ի եւ «Mille et un Mondes» ընկերակցութեան համագործակցութեամբ։

Լեզու եւ մշակոյթ շնչաւորող, վերամշակող, ամառնային ճամբարով մը տարբեր երկիրներէ հայ երիտասարդներ, համայնքներ մէկտեղող ծրագիր մըն է Զարմանազանը։ Ճամբարին հիմնական սկզբունքներէն մէկն է լեզուի պահպանումը՝ արեւմտահայերէնով ամէնօրեայ երեւոյթներու, դէպքերու եւ փիլիսոփայական հարցերու շուրջ քննարկումներ ու խորհրդածութիւններ կատարելու միջոցով։

Հետաքրքրական է տեսնել, թէ տարբեր երկիրներու մէջ ապրող երիտասարդներ, որոնք իրենց առօրեային մէջ հազուադէպօրէն արեւմտահայերէն կը խօսին, ինչպէ՛ս ամբողջ ամիս մը իրարու հետ կը հաղորդակցին ու կ՚արտայայտուին հայերէնով։ Կազմակերպիչներէն կամ խումբերու պատասխանատուներէն՝ ճամբարի ընդհանուր մթնոլորտը համակարգող «ուղեկիցներէն», ոչ ոք կը յանդիմանէր մասնակիցները, եթէ անոնք ակամայ օտար լեզուի մը անցնէին։ «Մաքուր» կամ անթերի հայերէն խօսելու ո՛չ պարտադրանք կար, ո՛չ ալ ճնշում։ Հայերէնը պէտք էր խօսուէր ինքնակամ՝ միաժամանակ գիտակցելով Սփիւռքի իրականութեան մէջ զայն պահպանելու եւ զարգացնելու կարեւորութիւնը։

Մասնակիցներու ստեղծագործական գործերէն մէկը

Այստեղ պէտք է աւելցնել, որ ամբողջ ամիս մը հայերէն խօսելու կամ հայերէնով մտածելու մղիչ ուժը միայն արեւմտահայերէնը կորսնցնելու վտանգը չէր, ոչ ալ ստուերի մէջ մնացած լեզու մը լոյս աշխարհ բերելու ձգտումը, այլ պարզապէս մեր սրտին մօտ  եւ բոլորիս այնքան ծանօթ լեզուի մը տիրապետելու եւ զայն ստեղծագործաբար գործածելու պարզ հաճոյքն ու վայելքն էր։

«Զարմանազան»-ի ընկալումով՝ գաղափարական միօրինակութեան պարտադրանքը, այսինքն՝ նեղ ըմբռնումով «հայեցի» դաստիարակութիւնը, սխալ եւ ժամանակավրէպ մօտեցում է։

Վճռակամ եւ սեփական դատողութեան կարողութեան վստահող երիտասարդները պէտք է համարձակութիւնը ունենան իրե՛նք սահմանելու, թէ ո՞վ է այսօրուան հայը եւ, հետեւաբար, ի՞նչն է «հայավայել»:

«Զարմանազան»-ի մասին լսած էի լիբանանահայ քանի մը ընկերներէ, որոնք նախապէս մասնակցած էին ծրագրին եւ մաս կազմած «Զարմանազան»-ի աշխոյժ եռուզեռին։ Անոնք պատմած էին հոն տիրող հաւասարութեան վրայ հիմնուած ընկերային կեանքին, ինչպէս նաեւ ազատաբարոյ ու լայնախոհ մթնոլորտին մասին, որոնք առաջին հայեացքով թերեւս անսովոր թուէին։

Ուստի, նախքան ճամբար երթալս, արդէն որոշ պատկերացում մը կազմած էի այդ միջավայրին մասին։ Սակայն Լիբանանի ընկերներուս ապրած փորձառութիւնը կիսկատար հասկցած էի։

Ես կ՚երեւակայէի վայր մը, ուր կարելի էր նստիլ խոհեմ մարդու մը հետ, խօսիլ խորունկ կամ անձնական նիւթերու մասին, ժամերով զրուցել եւ թերեւս անսպասելիօրէն խոր կապ մը զգալ աշխարհի միւս ծայրէն եկած անձի մը հետ։ Վայր մը, ուր կարելի էր հանդիպիլ արուեստագէտներու եւ երբեմն նոյնիսկ փափաքիլ ապրիլ այն կեանքը, զոր անոնք կ՚ապրէին։

Սովորական գիշեր մը

Այս էր «Զարմանազան»-ի մասին իմ պատկերացումս՝ տակաւին հոն չհասած։ Բայց երբ վերջապէս հասայ, այդ սկզբնական պատկերացումին կողքին ուրիշ հարց մըն ալ սկսաւ ձեւաւորուիլ մտքիս մէջ. ինչպէ՞ս պէտք էր վարուէի այս միջավայրին մէջ։ Ինչպէ՞ս պէտք էր խօսէի շրջանակիս հետ։ Որո՞նք էին այն արժէքները, զորս պէտք էր հասկնայի, իւրացնէի եւ թերեւս նոյնիսկ մարմնաւորէի։

Աստիճանաբար սկսայ նկատել, որ այդ մշակոյթին հիմքը փոխադարձ յարգանքն է, ազնուութիւնը, զիրար հասկնալու ճիգը եւ, ամենէն կարեւորը, մարդը կանխակալ պատկերացումներու կամ նեղմիտ մեկնաբանութիւններու մէջ չսահմանափակելու մօտեցումը։ Ճամբարի կանոնները պարտադրուած չէին. մասնակիցները կը հասկնային, թէ ինչո՛ւ որոշ ուղեգիծեր անհրաժեշտ էին։

Հայկական շրջանակ մը՝ միջավայր մը, ուր վերջապէս իւրաքանչիւրը կրնար ներկայանալ այնպէս, ինչպէս ինք կը փափաքէր՝ հեռու համայնքներուն պարտադրած պատշաճութեան քառակուսի չափանիշերէն, բարոյախօսական քարոզներէն, կաշկանդող նայուածքներէն եւ բամբասանքի դատափետող ձայներէն։

Հոն հայկական մշակոյթը, որ նախապէս կարծես կլայեկուած ու հարթեցուած էր, կը վերագտնէ իր հարազատ կերպարանքը՝ իր բնական փայլքը, փափկութիւնն ու խորդուբորդութիւնը։

Հարաւ-արեւելքէն դիտուած — Abondance գիւղը

Հո՛ն օրը կը սկսէր թատրոնի, մարզանքի եւ արուեստի առնչուող խաղերով։ Օրուան ընթացքին կը զարգացնէինք ձեռային եւ մտաւոր հմտութիւններ, իսկ օրը կ՚աւարտէինք երգերով ու խաղերով՝ մտերմիկ մթնոլորտ մը ստեղծելով։ Ճամբարի ընթացքին հասկցայ, որ ծրագրին համն ու հոտը միայն «անսպասելի» արուեստագէտի կամ մտաւորականի մը հանդիպիլն ու անկէ ներշնչուիլը չէր, այլ նաեւ՝ տարբեր տարիքի մասնակիցներու հետ թեթեւ զրոյցներ ունենալն էր, ճաշի ընթացքին միամիտ կատակներով լռութիւնը խզելը կամ պարզապէս վայելելը Ապոնտանսի՝ ճամբարը հիւրընկալող գիւղին գեղեցկութիւնը եւ անկէ վերաթարմանալը։

Հրանդ Գալեմքէրեան ծնած է 2002-ին, Լիբանան։ Շրջանաւարտ է Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանէն։ Դպրոցական տարիներուն աշխատակցած է ճեմարանի աշակերտներուն կողմէ հրատարակուող «Ջահակիր» պարբերաթերթին։
Լիբանանի պետական համալսարանին մէջ ուսանած է «Plastic Arts», որ նաեւ կ’ընդգրկէ փիլիսոփայութիւն, քանդակագործութիւն եւ գեղանկարչութիւն։ Ներկայիս ուսումը կը շարունակէ Ֆրանսա, ուր կը հետեւի գեղարուեստի մարզին, Նանթի արուեստից համալսարանին մէջ։

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x