«ՆՅ» Հետաքրքրականը Փաշինեանի կամ Քաղաքացիական Պայմանագիրի պարագային այն է, որ իրենք պատմութեան վերընթերցում մը կ՚ընեն եւ ձեւով մը յաջողեցան կերտել նոր յղացք մը՝ «Իրական Հայաստան»-ի յղացքը, որ կ՛ամփոփէ Հայաստանի պատմութեան նոր ընկալում մը եւ քաղաքական ուղեգիծ մը կը սահմանէ՝ բաւարարուիլ այսօրուան Հայաստանի քարտէսով, ընդունիլ սահմանային statu quo-ն: Ուրեմն, պատմաբաններու համար մեկնաբանելու նոր էջ կը բացուի, ժամանակակից պատմութեան կերտումին անդրադառնալու հարկադրանքին տակ կը դնէ զանոնք:
Ա. Ս. — Երկու խնդիր կայ այստեղ։ Պատմագիտութեան մէջ ժանր մը կայ, որ մենք հայ իրականութեան մէջ շատ քիչ ուսումնասիրած ենք. առնուազն այդ մասին հայագիտական որեւէ հրատարակութիւն չկայ, մինչդեռ միջազգային գիտութեան մէջ վաղուց առկայ է։ Շատերը կրնան մինչեւ Նիցչէի գործը տանիլ։ Անկէ աւելի մասնագիտական, պատմաբաններու կողմէ գրուած գործեր ալ կան, թէ ինչպէս տարբեր պատմագիտական երեւոյթներ խորհրդանիշերու կը վերածուին։ Անգլիացիներուն համար՝ Տէօնքերքը (Dunkirk; Donkerque) կամ Պլիցը, միջազգային գետնի վրայ՝ Միւնիխը։ Եթէ ոեւէ մէկուն դէմ կ՚ուզես մինչեւ վերջ պայքարիլ ու զայն ջախջախել՝ Միւնիխը կը յիշես, որպէսզի յստակացնես, թէ կարելի չէ բանակցութիւններու մէջ մտնել ծայրայեղական հակառակորդի հետ։ Մեր իրականութեան մէջ ալ կան խորհրդանիշեր։ Վերջերս կը նայէի Ալեքսանդր Սարուխանի վաղ շրջանի երգիծանկարներուն։ Հոն 1920-ին Կարսի անկումը քանիցս կը յիշատակուի՝ Դաշնակցութիւնը երգիծանքի ենթարկելու համար։ Մինչեւ այսօր եղած են խորհրդանիշերու շուրջ տարբեր մեկնաբանութիւններ, բայց հիմա շատ աւելի բուռն է դրութիւնը, որովհետեւ վարչապետը ինքն իր ամբողջ էութեամբ մտած է հարցին մէջ։
Երկրորդ խնդիրը՝ ժամանակակից քաղաքական գիծի քննարկումն ժեւորումը պատմաբանին առաջնահերթ, մասնագիտական գործը չէ։ Պատմաբանը պէտք է գնահատէ եթէ արտայայտուած տեսակէտները կը համապատասխանեն պատմութեան տրամադրած նիւթերուն։ Կրնան տարբեր պատմաբաններ, տարբեր մեկնաբանութիւններ ներկայացնել։ Այդ պարագային, պէտք է նայիլ անոնցմէ իւրաքանչիւրին լրջութեան եւ մա՛նաւանդ քաղաքականօրէն անկողմնակալ մօտեցումին եւ անոնց տեսակէտներուն արխիւային հիմնաւորումներուն։ Այդ աշխատանքը դեռ չեղաւ Հայաստանի մէջ, եւ չըլլալուն պատճառն ալ թերեւս անիկա է, որ հասարակական դաշտը Հայաստանի մէջ շատ բեւեռացուած է, այսինքն՝ կան չափազանց քիչ լրասփիւռներ, որոնք հետաքրքրուած են տրամադրելու հարթակ՝ առանց իմանալու թէ հիւրը վերջաւորութեան, իր մեկնաբանութեամբ, պիտի կո՞ղմ կամ դէմ ըլլայ իշխանութեան կամ ընդդիմութեան։ Լրասփիւռները սովորաբար կը պահանջեն հետեւողականօրէն կողմ կամ դէմ ըլլալ, որովհետեւ Հայաստանի լրատու դաշտը՝ շատ քիչ բացառութիւններով, աւելի շատ քարոզչութեան միջոց է, քան իր առարկայականութեամբ ընթերցողը իրեն կապելու կամ ընթերցողին գործը դիւրացնելու նպատակ հետապնդող։ Աւանդաբար, համաշխարհային հռչակի տէր թերթեր կան, որոնք՝ կողմ ըլլալով հանդերձ, հեղինակութիւն կը վայելեն, որովհետեւ իրենք լրջօրէն կը ներկայացնեն ու կը մեկնաբանեն տեղեկատւութիւնը, ինչպէս՝ «Լը Մոնտ»-ը, «Նիւ Եորք Թայմզ»-ը կամ «Սի. Էն. Էն.» կայանը։ Հայաստանի պարագային աւելի դժուար է. հայերս աւանդոյթն ալ չունինք:
«ՆՅ» Գլխաւոր այս թեման որ արծարծեցինք, պատմութիւնն է իբր ինքնութեան սահմանումի մեկնակէտ: Եթէ 20 տարի ետք այսօրուան հարցերուն նայինք, ի՞նչն է որ ամէնէն շատ ուշադրութիւն պիտի գրաւէ. բնականաբար՝ պատերազմի ժամանակ պարտութիւնը, տնտեսական գետնի վրայ այդ յեղաշրջումը որ տեղի ունեցաւ, վերջապէս՝ երկիրը շրջափակումի մէջ է, արտագաղթը կայ: Ասոնք առարկայական ձեւով նաեւ կը սահմանեն մեր այսօրուան քաղաքականութիւնը, ընդհանրապէս՝ հասարակութեան այսօրուան իրականութիւնը:
Ա. Ս. – Պարզ օրինակ մը տամ. մենք 19-րդ դարուն՝ աշխարհի շատ մը ժողովուրդներուն նման, ազդուեցանք գերմանական ծագում ունեցող «մշակութային ազգի» (kultanation) գաղափարէն, որ ֆրանսական յեղափոխութիւնը ձեւով մը պետական քաղաքականութեան վերածեց, իսկ Նափոլէոն՝ ձեւով մը, կամայ-ակամայ, իր պատերազմներով, ամբողջ Եւրոպայի մէջ տարածեց՝ Ֆրանսայի կո՛ղմ եւ դէ՛ մ։ Ատկէ ետք, ատիկա հասաւ Օսմանեան կայսրութիւն, Ասիա, Ափրիկէ, լատին ամերիկեան երկիրներ։ Մենք ալ, ի հարկէ՝ իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան, Պարսկաստանի եւ Ռուսաստանի զարգացումներուն մասնակից ժողովուրդ, 19-րդ դարուն ազդուեցանք այդ հոսանքէն։ Անոր մէկ մասը մեր աշխարհիկացումն էր։ Մենք մեզի սկսանք նայիլ իբրեւ աշխարհիկ ժողովուրդ։ Սկսանք հաւատալ, որ մեր նախաքրիստոնէական-հեթանոսական շրջանը նո՛յնքան կարեւոր է եւ մերն է ինչքան քրիստոնէականը, եւ միայն 19- րդ դարու կէսերուն է, որ սկսան հայ հեթանոսութեան մասին ուսումնասիրութիւններ գրել կամ հայոց պատմութեան դասագիրքերուն մէջ առանձին գլուխ զետեղել, ուր կը նկարագրուէին հայ հեթանոսական աստուածները։ Նախորդ հեղինակները՝ Հայր Միքայէլ վրդ. Չամչեան, եւ ապա՝ Հայր Յովսէփ վրդ. Գաթըրճեան այդպէս չէին վարուած։ Պապ թագաւորի նոր մեկնաբանութիւնը – աշխարհիկացման արդիւնք է, ինչպէս նաեւ՝ Վասակ Սիւնին արդարացնելու փորձը՝ իբրեւ այլընտրանք Վարդանի մարտիրոսութեամբ քրիստոնէութեան հաւատքին կառչած մնալուն… Այսպիսի վերընթերցումներ յաճախակի կրնան ըլլալ։ Այդ իմաստով, այսօրուան փոփոխութիւններն ու բանավէճերը նորութիւն չեն։
Հիմա, ինչպէ՞ս ապագայ պատմութիւնը պիտի նայի Փաշինեանին։ Եթէ պատմութիւնը «կանգնեցնենք» այս պահուս՝ երկու խնդիր կայ, իմ կարծիքովս: Մէկը՝ ինքը կրնա՞ր կանխել պատերազմը, տեղի ունենալէն առաջ, եթէ անկեղծ ըլլար ժողովուրդին հետ։ Իմ կարծիքովս՝ չէր կրնար, բայց կրնար ինքզինքը փրկել պատմութեան առջեւ, ինչպէս հիմա շատեր կը կարծեն թէ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը 1998-ին ինքզինք փրկած եղաւ։ Երկրորդ խնդրին պատասխանը, սակայն, շատ երկարաժամկէտ է։ Ես մասնագէտ չեմ զինուորական հարցերու, բայց գիտեմ որ բաւական լուրջ վերափոխումներու խնդիր կայ։ Ես նաեւ մասնագէտ չեմ տնտեսական զարգացման հարցերու, բայց այս իշխանութիւնը դիմացաւ, որովհետեւ տնտեսութիւնը չքայքայուեցաւ։ Այսինքն՝ հազուադէպ է, որ երկիր մը պատերազմի մէջ պարտուի, սակայն անկէ ետք անոր արժոյթը միջազգային հարթակներու վրայ արժեւորուի, մէկ շունչի հաշուով համախառն ներքին արտադրանքը աճ արձանագրէ, եւ աւելին՝ ըստ Միջազգային արժութային հիմնադրամի կանխատեսումներուն, անիկա դառնայ աշխարհի հինգերորդ ամէնէն արագ զարգացող տնտեսութիւնը, որ յաջորդ հնգամեակին, ինչպէս կ՚ ակնկալուի, պիտի բարելաւուի եւս 34 տոկոսով։ Եթէ այլ ցնցումներ չըլլան եւ իսկապէս Հայաստանը շարունակէ զարգանալ, բնականաբար ատիկա դրական պիտի ազդէ Փաշինեանի ապագայ վարկանիշին վրայ։ Անկեղծ ըլլանք. մինչ 2008-էն ետք Ազերպայճանը հսկայական ոստում արձանագրեց եւ մեծապէս առաջ անցաւ Հայաստանէն ու Վրաստանէն, այս վերջինները կը շարունակեն զարգանալ դանդաղ, բայց կայուն քայլերով, ինչ որ Հայաստանի պարագային ակնյայտ է Սերժ Սարգսեանի նախագահութեան տարիներէն ի վեր։ Փաշինեանի ժամանակ, սկզբնական, որակական որոշ ոստում մը եղաւ, երբ քաղաքական իրավիճակը փոխուեցաւ 2018-ին, եւ առայժմ կը շարունակուի ատիկա։ Ենթադրենք, թէ շարունակուեցաւ. միշտ հետագան անցեալը վերարժեւորելու մէջ դեր կը խաղայ։ Այդ դ իմաստով, դեռ Փաշինեանի վճիռը արձակուած չէ, ինչպէս է պարագան որեւէ գործող իշխանութեան ամէնուր։ Ապագայ պատմաբանը Փաշինեանը պիտի արժեւորէ այդ միւս երկու հարցերէն մեկնելով։ Թէ հնարաւո՞ր էր խուսափիլ 2020-2023 թուականներու այդ մեծ փորձանքէն որ մեր գլխուն եկաւ Արցախի կորուստով. ասոր պատասխանը միշտ որոշ չափով թէական պիտի մնայ, որովհետեւ ինչպէ՞ս պիտի փաստես հակառակը։ Բայց, երկրորդին պարագային, եթէ ընկերա-տնտեսական արժէքաւոր փոփոխութիւններ ըլլան եւ մարդոց կենսամակարդակը բարձրանայ գալիք 10-20 տարիներուն ընթացքին, ինչպէս որ կը կանխատեսուի միջազգային մասնագէտներու կողմէ, մարդիկ եւ յաջորդ սերունդի մասնագէտները պիտի գնահատեն կատարուածը։ Յամենայնդէպս, «Արցախը մեր վզին վրայ մեծ քար մըն էր» Փաշինեանի ձեւակերպումը շատ ծանր կը թուի ականջիս։
«ՆՅ» –Կ’ուզէի նաեւ անդրադառնալ Եկեղեցւոյ դերին, քանի որ մեր պատմութեան մէջ կրօնն ու ազգային անցեալը սերտօրէն միահիւսուած են: Այսօր հոգեւորականները կը բողոքեն, որ Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը դուրս մղուած է դպրոցական ծրագրերէն ու դասագիրքերէն: Ի վերջոյ, անոնք հսկայական դեր ունեցած են մեր պատմութեան կերտման մէջ եւ ըստ էութեան՝ անցեալի մեր պատմիչներուն մեծագոյն մասը հոգեւորականներ եղած են:
Ա. Ս. — Մինչեւ 19-րդ դար՝ գերազանցապէս։ Կան մի քանի աշխարհականներ, բայց համաշխարհային ուղղութիւնն ալ այդպէս էր։ Ճիշդ է, որ Եւրոպան աւելի շուտ սկսաւ աշխարհիկացումը, բայց մինչեւ արդի ժամանակաշրջան ընդհանրապէս զարգացած խաւը հոգեւորականներ կ՚ըլլային՝ քուրմեր, քրիս- տոնեայ վարդապետներ ու քահանաներ, մայաներու հոգեւոր առաջնորդներ եւ այլն, որովհետեւ գլխաւորաբար հոգեւորական կեանքին մէջ էր գրագիտութիւնը։ 19-20-րդ դարերուն, աշխարհիկացման հետ յայտնուեցան աշխարհա- կան պատմաբաններ, աշխարհիկ հայագիտական կրթութիւն սկսաւ Ֆրանսայի եւ ռուսական համալսարաններու մէջ։ Նոյնիսկ Մուրատ-Ռափայէլեան դպրոցը հոգեւորականներու կողմէ կ’առաջնորդուէր բայց կ՚ընդունէր աշխարհական ուսանողներ։ Ֆրանսայի եւ ռուսական համալսարաններու մէջ, Խաչատուր Աբովեանը, Ստեփան Նազարեանցը, Ստեփան Ոսկանը արդէն այն սերունդն են, որոնց համալսարանական դասախօսները հոգեւորականներ չէին։
Մեր Եկեղեցին ներկայիս շատ պահպանողական է, եւ երեւի աւանդականօրէն պէտք է պահպանողական ըլլայ։ Անոր դերը ժամանակակից մտաւորական կեանքին մէջ, ըստ էութեան, շա՜ տ շա՜ տ սահմանափակ է։ Մատենադարանի գիտաժողովին ժամանակ 350-ամեակը նշեցինք Հայր Մխիթար վրդ. Սեբաստացիին, դարձեալ հպարտութեամբ նշեցինք այն մեծ դերը, որ Մխիթարեանները ունեցած են, բայց բերուած օրինակները մեծ մասամբ 19-րդ դարէն, առաւելագոյնը՝ 20-րդ դարու սկիզբէն էին։ Սա կը նշանակէ, որ հայ մտաւորական աշխատանքի կշիռը տեղափոխուած է դէպի աշխարհիկ ոլորտ։ Առաւել, մենք այսօր ունինք ժողովուրդ մը, որ բարձր չի գնահատեր հոգեւորականի ասպարէզը։ Մենք ժողովուրդ մըն ենք, որու հոգեւորականները իր մէջէն կը ծնին։ Ուրիշ ազգեր հոգեւորականներ «կը ներածեն», եթէ կարելի է այդպէս ըսել։ Մենք չունինք այդ սովորութիւնը։ Եթէ այսօր ոչ-հայ մը եւ ըսէ թէ կ՚ուզէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ անդամակցիլ, որովհետեւ անոր դաւանանքը իր սրտին շատ կը խօսի, չեմ գիտեր թէ ի՛նչ պատասխան կը ստանայ։
Այդ իմաստով, մեր հոգեւոր դպրոցները իրենց ուսման մակարդակը բարձրացնելու շատ մեծ խնդիր ունին։ Մենք բարձրագոյն հոգեւոր դպրոց չունինք։ Կը հպարտանանք որ քաղկեդոնականութիւնը ժխտեցինք, բայց մեր բոլոր հոգեւորականները ներկայիս քաղկեդոնական համալսարաններ կը յաճախեն, քանի որ ե՛ւ կաթոլիկ ե՛ւ յոյն-ուղղափառ եկեղեցիները քաղկեդոնական են։ Նոյնիսկ աւետարանականները քաղկեդոնականութեան հետ խնդիր չունին, որեւէ ձեւով չեն հակադրուիր Քաղկեդոնի չորրորդ տիեզերական ժողովի որոշումներուն կամ Լեւոն Պապի Տոմարին։ Ուրեմն, հոս եւս ունինք որոշակի հակասութիւն մը։
Ինծի համար կարեւորագոյնը մեր Եկեղեցւոյ բարեփոխման խնդիրն է, որ ուղղակի կապ չունի Պետութիւն-Եկեղեցի փոխյարաբերութիւններուն հետ։ Եկեղեցին պէ՛տք է ժամանակին հետ քայլ պահէ։ Տասնամեակներէ ի վեր կը խօսինք բարեփոխումներու անհրաժեշտութեան մասին, բայց դեռ չունեցանք լուրջ յառաջընթաց։ Կիլիկիոյ կաթողիկոսները ինչքան ալ նախաձեռնող ըլլան այս հարցով, պատմական աւանդոյթը կայ, որ իրենց աթոռը համեմատաբար երկրորդն է Էջմիածնի նկատմամբ։ Առաջին դէմքը Ամենայն հայոց կաթողիկոսն է։ Կիլիկիոյ կաթողիկոսները առանձին նախաձեռնութիւններ չեն կրնար առնել՝ առանց Էջմիածնի համաձայնութեան եւ աջակցութեան։ Ատոր վրայ վերջերս աւելցաւ Հայաստանի Պետութիւն-Եկեղեցի յարաբերութիւններու թնճուկը։ Առաւել, Հայաստանի շատ քաղաքացիներ կը հաւատան, որ իրենց երկիրը աշխարհիկ պետութիւն է եւ կ՚ուզեն սահմանափակել Եկեղեցւոյ իրաւունքները։ Ուրիշներ, սակայն, կը պնդեն շատ պահպանողական, աւանդական տեսակէտը։ Բնականաբար, այս երկու խմբաւորումները իրենց փոխյարաբերութիւնները կարգաւորելու կամ նոր օրէնքներու մշակման ժամանակ խնդիրներու առջեւ պիտի կանգնին։ Բայց, ուշ կամ կանուխ մենք պէտք է ընենք այդ բարեփոխումները։ Պէտք է ընենք յատկապէս այնպիսի տեղերու համար, ինչպէս Ամերիկա, ուր այլատեսակ Եկեղեցիներ շատ կան, որոնք շատ աշխուժ են եւ շատ յաճախ ժամանակակից դառնալու լուրջ աշխատանքներ կը տանին։ Անոնց քով մեր Առաքելական եւ Կաթողիկէ եկեղեցիները կարծես միջնադարէն մնացած գեղեցիկ ցուցանմուշներ ըլլան. ամենալուրջ հարցերը, որոնք կ՚ալեկոծեն քրիստոնեայ այլ Եկեղեցիներ, մեզի համար կարծես թէ գոյութիւն չունին, հակառակ անոր որ մեծ թիւով հայեր կ՚ապրին Ամերիկայի մէջ կամ այլուր՝ որպէս դրացիներ այլ քրիստոնեայ Եկեղեցիներ յաճախող մարդոց։
Հայաստանի մէջ եկեղեցական բարեփոխման վերաբերեալ ճնշումը մեծ չէ, որովհետեւ առհասարակ Հայաստանի մեր ժողովուրդը շատ կրօնամէտ չէ կամ, եթէ է, շատ ձեւական։ Բովանդակային քննարկումներ հաւատքի շուրջ, ընկերային-բարոյական հարցերը կրօնական ըմբռնումով լուծելու շուրջ չկան։ Իսլամական երկիրներու մէջ, քրիստոնեայ եկեղեցիները կրաւորական եղած են՝ ի պաշտօնէ, պարզապէս ինքնութիւնը պահպանելու համար։ Իսլամ չդառնալը եղած է ո՛չ միայն Հայ եկեղեցւոյ, այլ բոլոր քրիստոնեայ եկեղեցիներու գլխաւոր խնդիրը իսլամական աշխարհին մէջ։ Հայ եկեղեցւոյ ժառանգած այս տիպի խնդիրները անկախ են Հայաստանի պետութեան հետ յարաբերութիւններու թնճուկէն։ Անկախ թէ ի՛նչ է Հայաստանի պետութեան այսօրուան ղեկավարին դիրքորոշումը, Եկեղեցին պէտք է ինքը գիտակցի, որ մենք իսկապէս 21-րդ դարու Եկեղեցի ըլլալու խնդիր ունինք։ Կառավարութիւնը եւս պէ՛տք է հասկնայ, որ Եկեղեցին իր գրպանը չի կրնար ըլլալ։ Այստեղ պէտք է շատ յստակ որոշումներ կայացուին, թէ Եկեղեցիին կարգավիճակը ի՛նչ է Հայաստանի մէջ. ան չի կրնար սովորական կազմակերպութեան մը պէս ըլլալ, որովհետեւ մենք իրեն պատմականօրէն որոշակի մենաշնորհ տուած ենք։ Եթէ կուսակցութիւն մը չես սիրեր, կ՚երթաս նոր կուսակցութիւն մը կը բանաս, արգելք չկայ։ Ամերիկայի մէջ այսօր այսպէս է. եթէ չես սիրեր գոյութիւն ունեցող Եկեղեցիները, կրնաս նոր Եկեղեցի մը հիմնել՝ հաւատարիմ մնալով կառավարական մի քանի պայմաններու։ Բայց երբ Հայաստանի մէջ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ պէս առաւելութիւններ ունիս, ատոնց հետ կու գան նաեւ որոշակի պարտաւորութիւններ, որոնք առաջին հերթին Եկեղեցին ինքը պէտք է սահմանէ:
Ես որպէսզի լաւ ուսուցիչ ըլլամ, պէտք է նոյն չափանիշով արժեւորեմ բոլոր աշակերտներս եւ տեսակէտս չպարտադրեմ անոնց։ Եկեղեցին նոյնպէս պէտք է այս հարցերուն լուծումներ գտնէ։ Դիւրին գործ չէ։ Մենք աշխարհով մէկ սփռուած կառոյց մըն ենք, ամենահինը եւ ամենաշարունակականը հայ իրականութեան մէջ է։ Միակ հայկական կառոյցն է Եկեղեցին, որ գրեթէ ամէն տեղ է ուր հայ կայ։ Եկեղեցին աւելի երկարակեաց է սփիւռքեան պայմաններուն մէջ՝ քան քաղաքական ու մշակութային կազմակերպութիւնները։ Ուրեմն Եկեղեցին պէտք է շատ աւելի յարմարող, պատշաճեցնող ըլլայ ինքզինքը, որուն համար շատ լուրջ քննարկումներ պէտք է ըլլան։ Պէտք է լրջօրէն մտածենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք աւելի արժէքաւոր հայեր ընդգրկել եկեղեցական ծառայութեան մէջ։ Ես անոնցմէ եմ, որ եթէ խնդիրը կուսակրօնութիւնը վերացնելն է, կողմ եմ որ լրջօրէն քննարկենք։ Կրնայ ուրիշ լուծում մըն ալ ըլլալ. քահանաներուն դերը լայնացնել Եկեղեցւոյ մէջ, եւ քահանայ ըլլալը արգելք չըլլայ վարչական բարձր պաշտօններ ստանալու։ Եթէ պէտք ըլլայ՝ կարելի է նաեւ հոգեւորականներուն պաշտօնական զգեստները փոփոխութեան ենթարկել։ Այս ամբողջը անհրաժեշտ են, որովհետեւ մեզի կենսունակ Եկեղեցի պէտք է՝ անկախ Հայաստանի օրուան իշխանութեան ղեկավարներու կեցուածքէն։ Այս հարցերը առանձին քննարկման կը կարօտին, ե՛ւ Եկեղեցւոյ հայաստանեան կառոյցին ե՛ւ, ուր որ պէտք է, Հայաստանի պետական հաստատութիւններուն մէջ։ Այսօր Ս. Էջմիածինը ունի ներկայութիւն բազմաթիւ այլ երկիրներու մէջ եւ անոնք եւս հաւասարապէս նոյն եկեղեցւոյ զաւակներն են, ինչպէս հայաստանաբնակ առաքելականները։ Ս. Էջմիածնի վեհափառը բոլորին վեհափառն է, անկախ անկէ թէ Եկեղեցւոյ անդամը ո՛ւր կ՚ապրի։ Խնդիրները՝ ըստ երկիրներու, տարբեր են. անոր համար ալ, լուծումները՝ թէեւ մէկ, միասնական, ընդհանուր հովանոցի տակ, իւրաքանչիւրի պարագան ալ առանձին պէտք է նկատի առնեն։ Երբ Հայաստանի կառավարութեան համախոհներէն ոմանք անուղղակի կ՚ակնարկեն երբեմն, թէ Եկեղեցին պէտք է հայկական պետականութեան կցորդը ըլլայ, պէտք է քիչ մը զգուշ ըլլանք այս հարցով եւ չմոռնանք Եկեղեցւոյ նաե՛ւ աստուածային դերը։ Եթէ քրիստոնեայ ենք, պիտի հաւատանք որ կան դրախտ ու դժոխք, պիտի հաւատանք որ կայ Վերջին դատաստան եւ Եկեղեցւոյ առաջնորդութեամբ պէտք է պատրաստուինք այդ Վերջին դատաստանին։ Եկեղեցւոյ դերը, առաջին հերթին, մեզի այդ օրուան պատրաստելն է։ Ես չեմ կարծեր թէ վերջաւորութեան՝ Վերջին դատաստանին, երբ Աստուծոյ դէմ կանգնինք, Ան մեզի պիտի հարցնէ Հայաստանի մասին, Արցախի մասին։ Ան պիտի հարցնէ թէ աղքատին, ծերին օգնեցի՞նք։ Մենք լայն քննարկումներու անհրաժեշտութիւնը ունինք, բայց չունինք այն հոգեւորականները, որոնք կը գիտակցին եւ կը նախաձեռնեն այսպիսի գործընթացի մը։ Ազգային եկեղեցական ժողովը երեք օրուան ընթացքին այսպիսի հարցեր չի կրնար լուծել. առաւելագոյնը, կրնայ մեկնարկը տալ հարցերու քննարկման եւ տարիներ ետք վերադառնայ եւ հաստատէ ստեղծուած տարբեր յանձնա- խումբերու առաջարկած լուծումները։ Եկեղեցին ի՛նքը պէտք է ունենայ իր փիլիսոփայութիւնը, իր աստուածաբանութիւնը՝ ինչպէ՞ս վերաբերիլ պետու- թիւններուն հետ առհասարակ եւ Հայաստանի ազգային պետութեան հետ մասնաւորաբար, որովհետեւ, ի վերջոյ, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ կեդրոնատեղին Հայաստանի մէջ կը գտնուի։
Շատ բարդ իրավիճակ մըն է։ Անցեալ տարուան քաղաքական բանավէճը վրաս շատ ճնշիչ ազդեցութիւն թողուց, երբ բովանդակութեան որակը տեսայ ե՛ւ եկեղեցական աւագանիին վրայ յարձակողներու խօսոյթներուն, ե՛ւ նոյնքան ալ՝ անոնց պաշտպաններուն։ Պաշտպանները միայն քաղաքական խօսոյթով կը սահմանափակուէին, կարծես անկէ անդին ուրիշ հարց չկար մեր Եկեղեցւոյ մէջ։ Քաղաքականը կարեւոր խնդիր է, բայց միակը չէ. շատ այլ կարեւոր խնդիրներ ալ կան։
Կը յիշեմ տարիներ առաջ, հոգելոյս Զարեհ արք. Ազնաւուրեանը հրաւիրած էին Հայաստանեայց եկեղեցւոյ հայ համալսարանականներու միութիւն՝ Անթիլիասի մէջ։ Նիւթը արհեստական վիժումն էր։ Սրբազանը ներկայացուց միջնադարէն մեզի աւանդուած օրէնքները, որոնք, ի հարկէ դէմ են կեանքի ընդհատման։ Վերջաւորութեան, ան բացատրեց, թէ ո՛ր պահէն յետոյ, երբ արդէն բեղմնաւորուած սաղմը կեանք է, մենք իրաւունք չունինք այդ կեանքին վերջ տալու։ Երիտասարդ բժիշկները ըսին սակայն, որ իրենք ներկայիս վիժման համար որոշ դեղեր կ’առաջարկեն, որ սրբազանին ըսածին համապատասխան չէ։ Սրբազանը շատ անկեղծ ընդունեց, որ մեր Եկեղեցին ինչքա՜ն հեռու մնացած է գիտական նորութիւններէն։ Մենք քանի՞ բժիշկ ունինք մեր Եկեղեցւոյ անդամ։ Հազարաւոր հայ առաքելական բժիշկներ կան: Մեր եկեղեցին չի՞ կրնար անոնցմէ բացատրութիւն խնդրել եւ ապա անոնց հիման վրայ պատասխան մը խմբագրել։ Ապա թէ ոչ պէտք է ժողովուրդին խղճին ձգենք։ Իսկ եթէ չձգենք, պէտք է պատճա՛ռ ըլլայ մեր այդ կեցուածքին համար, պէտք է ուսումնասիրուի միւս Եկեղեցիներուն այս հարցին շուրջ դիրքորոշումները։ Պէտք է կարողանանք պատասխան մը ունենալ, որ որեւէ միջեկեղեցական ժողովի ժամանակ կարենանք մեր ուրոյն տեսակէտը պաշտպանել։ Ուրախ եմ որ կը քննենք աշխարհիկ իշխանաւորներու վարքուբարքն ու արդիւնաւէտութիւնը։ Նոյնը պէտք է նաեւ մեր Եկեղեցւոյ համար, որպէս մեր ամենաշարունակական կառոյցը։
Տեսանիւթին կապն է՝ https://youtu.be/CMIvkCQOSaw
Հարցազրոյցը վարեց՝ ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ



