Աննա Պողիկեան․ երբ արուեստը կը դառնայ պատմութեան խիղճը

«Աննա Պողիկեան. Աննա Պողիկեանի գործերը պէտք է նայիս»։

Այս նախադասութիւնը շա՜տ լսեցի վերջերս, արուեստի դպրոցիս մէջ դասաւանդող արհեստավարժ նկարիչներու կամ արուեստի մասնգէտներու կողմէ, երբ գործերուս ներկայացման ոճը կը փորձէին վերլուծել, քննարկել, քննադատել։

Թէեւ Աննայի գործերը չէի տեսած, մտածմունքիս մէջ փայլակ մը արձակեց. անոր անունը հետաքրքրութիւնս շարժեց ։ Ժամանակակից արուեստի բնագաւառին մէջ ճանչցուած, հեղինակութիւն եւ կշիռ ունեցող հայ կին արուետագէտ մը, որուն երբե՛ք չեմ հանդիպած։

Առաջին քայլով՝ ընկերային ցանցերը պրպտեցի եւ գտայ «Անուշիկ լոլիկ»-ին, որ ըստ երեւոյթին, Աննային instagram-ի համար որդեգրած  կեղծանունն էր։

Սկսայ հոս-հոն տեղեկութիւններ, նկարներ փնտռել, ընկերային ցանցերու բոլոր անկիւնները պրպտել։

Լուսանկարներուն մէջ, Աննայի դէմքին արտայայտութիւնն ու անոր կերպարը բնորոշող գիծերը միահիւսուած են իր ներաշխարհին, անհնազանդութեան եւ ըմբոստութեան հետ։ Անհնար է չնշմարել ծովածիծառը յիշեցնող արծաթագոյն, խիտ մազերը, մեծ քիթին եւ պեխերուն տակ պահուըտած նրբակերտ բերանը, ինչպէս նաեւ վերին ծնօտին վրայ դեռ հաստատ մնացած միակ ակռան, որ երբեմն, ակամայ, դուրս կը մնայ շրթունքներուն բացուածքէն։

Վիզի գիրութենէն՝ պարարտութենէն ելած փխրուն ձայնին մէջ, սքանչացում արտացոլող աչքերուն խորքին տակաւին կը նշմարուի մանկութեան շող մը, պարզութիւն մը։ Ութսուն տարեկանին իսկ, ան կը պահպանէ աշխարհը թարմ մտքով կարդալու եւ մեկնաբանելու հասունութիւնը, երիտասարդական կորովը եւ վառուող հետաքրքրասիրութեան խայծը։

Ան ծնած է 1946-ին, Գահիրէ բնակող սփիւռքահայ ընտանիքի մը մէջ։

1960-ականներուն, ան կը սկսի յաճախել Գահիրէի Ամերիկեան համալսարանը, քաղաքական գիտութիւն ուսանելու՝ միջազգային քաղաքականութեան, պատմութեան եւ գաղափարական համակարգերու քննական ուսումնասիրութիւններու մէջ մասնագիտանալու նպատակով։

Հետագային, ան կը տեղափոխուի Մոնթրէալ, աւելի ազատամիտ, համարձակ շրջանակներու մէջ մխրճուելու եւ արուեստ ուսանելու համար։ Նախ` կը մտածէ խորանալ երաժշտութեան մէջ, սակայն կը սկսի լսողութեան լուրջ խնդիրներ ունենալ եւ հետեւաբար կ’որոշէ գծել, ներկել եւ քանդակել։

Քոնքորտիա համալսարանէն գեղանկարչութեան վկայական ստանալէ ետք, ան կը սկսի անընդհատ ճամբորդել, տեղափոխուիլ երկրէ երկիր, իր տեղը գտնելու եւ սերտելու, տեսնելու տարբեր մշակոյթներ, առեւտրական պատմութիւն ունեցող քաղաքներ։

Տեղահանուած ընտանիքի մը, ժողովուրդի մը խոցը, մինչեւ վերջ օտար մշակոյթներու, ազգերու հետ ապրելու շարաւոտ գաղափարը եւ անոր բերած հոգեկան եռքը հիմքն է իր գործերուն բովանդակութեան, ուր կ’անդրադառնայ գաղթի, բռնութեան, գաղութատիրութեան եւ ջնջուած պատմական յիշողութիւններու։

Հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին, ան կը նշէ «եթէ չես պատկանիր (տեղի մը կամ խումբի մը) ուրեմն դուն քեզի կը պատկանիս»։

Միջազգային մակարդակի վրայ անոր հռչակը կը տարածուի 2012 թուականին, Documenta 13-ի իր մասնակցութեամբ։

2015-ին, Վենետիկի Պիէննալէին, Աննա Պօղիկեան կը մասնակցի Հայաստանի տաղաւարին, որ կը կրէր «Armenity» խորագիրը եւ կազմակերպուած էր Ս. Ղազար կղզիի Մխիթարեան վանքին մէջ։

Ան կը ներկայացնէ «Անի» խորագրով արուեստի տեղադրական համադրութիւն մը (installation), որ կ’արժեւորէր միջնադարեան հայկական մայրաքաղաք Անիի պատմամշակութային  հարստութիւնն ու աներկիւղ ոգին։

Անոր աշխատանքի ոճը՝ աթոռի մը բազմած, թուղթեր կտրատելով գեղանկարներ, արձաններ շինելու եղանակը, Հէնրի Մաթիսի գործելակերպը կը յիշեցնէ։ Սակայն մինչ Մաթիսի գործերը գեղեցիկը՝ դիւթական ու երանաւէտ աշխարհ մը կը ներկայացնեն, Աննային գործերը կ’արտացոլեն քաղաքական տգեղ իրականութիւնը ։

Վերջերս, Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ բացուեցաւ Աննա Պողիկեանի «Հիւսելու մաշկոյթ» խորագրով անհատական ցուցահանդէսը։ Ասիկա արուեստագէտին առաջին անհատական ցուցահանդէսնն է Հայաստանի մէջ։

Աշխատանքը սկսած է դէպի Հայաստանի հարաւը ճամբորդութենէ մը ետք, գիւղագիտական արխիւներու ուսումնասիրութիւններէ եւ Արցախէն տեղահան եղած կիներու հետ հանդիպումներէ ներշնչուած։

Ան ստեղծած է գծանկարներ, եւ արցախցի գորգագործերու աշխատակցութեան հնարաւորութիւն ընձեռելով՝ հիւսած եւ ցուցադրած են 37 ձեռագործ գորգեր։

Հայկականութեան առնչուող գործերէ հեռանալով, կ’ուզեմ անդրադառնալ Աննայի գլուխ-գործոց «The Chess Game» գործին, ուր ան արխիւներու խորքերէն դուրս կը բերէ եւ արձաններու կը վերածէ տարբեր ժամանակաշրջաններու պատկանող ղեկավարներ, մտաւորականներ գիտնականներ՝ պատկերելով անոնց վարքագիծը, հագուածքի ձեւն ու արտաքին տեսքը, միաժամանակ մատնանշելով անոնց ստեղծած բարդ խնդիրները, որոնք մինչեւ այսօր կը շարունակեն պատուհասել համաշխարհային քաղաքական խաղաղութիւնը։

Anna Boghiguian, The Chess Game, 2022-23. Courtesy the artist. Installation view: Time of Change, The Power Plant Contemporary Art Gallery, Toronto, 2023. Photo: Toni Hafkenscheid.

«The Chess Game»-ին մէջ, Աննա  ճատրակի մե՜ծ խաղատախտակի մը վրայ կը տեղադրէ պատմական դէմքեր, ինչպէս՝ Մարի Անթուանեթը, Նիցչէն, Թոլսթոյը, նացի բժիշկ Արիպերթ Հայմը, նաեւ սովորական, անծանօթ մարդիկ կամ զինուորներ։

Այս դէմքերն են, որ կը վերահսկեն մարդկային ճակատագրի ձեւաւորման գործընթացը։

Թէ՛ քննադատ մտաւորական բարեկարգիչները, թէ՛ քաղաքական լարուածութիւններ, պատերազմներ եւ ցեղասպանութիւններ հրահրողները կանգնած են մէկ ռազմաբեմի վրայ՝ երբեմն իրարու դէմ, երբեմն ալ իրարու հետ։

Պողիկեանի համար պատմութիւնը պարզապէս վաւերաթուղթերու հաւաքածոյ մը չէ, ոչ ալ միայն երէկուան դէպքերուն կը պատկանի, այլ՝ անցողիկ ժամանակի բանականութեան, ամբողջ իրականութեան։ Պատմութեան պէտք է զգոյշ հետեւիլ, զայն ըմբռնել, թերեւս նոյնիսկ հաշուետուութեան կանչել։

2024-ին, ան Գերմանիոյ մէջ կ’արժանանայ հեղինակաւոր Wolfgang Hahn մրցանակին, որ կը տրուի ժամանակակից արուեստի այն ստեղծագործողներուն, որոնք կը վերամշակեն գեղարուեստական լեզուն եւ կը խախտեն պատկերին, պատմութեան ու յիշողութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող պատնէշները։

 

Հրանդ Գալեմքէրեան ծնած է 2002-ին, Լիբանան։ Շրջանաւարտ է Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանէն։ Դպրոցական տարիներուն աշխատակցած է ճեմարանի աշակերտներուն կողմէ հրատարակուող «Ջահակիր» պարբերաթերթին։
Լիբանանի պետական համալսարանին մէջ ուսանած է «Plastic Arts», որ նաեւ կ’ընդգրկէ փիլիսոփայութիւն, քանդակագործութիւն եւ գեղանկարչութիւն։ Ներկայիս ուսումը կը շարունակէ Ֆրանսա, ուր կը հետեւի գեղարուեստի մարզին, Նանթի արուեստից համալսարանին մէջ։

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x