«Նոր Յառաջ»-ի հարցազրոյցը պատմաբան Արա Սանճեանի հետ. Պատմութիւնը, քաղաքականութիւնը եւ հայ Եկեղեցին (Ա. մաս)

Պատմութիւնը անցեալի ուսումնասիրութիւն չէ միայն։ Յատկապէս ազգային ճգնաժամերու եւ քաղաքական մեծ շրջադարձերու ժամանակ, ան կը դառնայ նաեւ ներկան բացատրելու, ինքնութիւնը վերասահմանելու եւ ապագայի քաղաքական ուղղութիւնները հիմնաւորելու միջոց մը։ Այս իմաստով ուշագրաւ շարք մը հարցեր կը բարձրացնէ պատմաբան Արա Սանճեան «Նոր Յառաջ»-ի խմբագիր Ժիրայր Չոլաքեանի հետ ունեցած ծաւալուն հարցազրոյցի մը մէջ։
Միշիկընի համալսարանի Տիրպորնի մասնաճիւղի Հայագիտական հետազօտութիւններու կեդրոնի տնօրէն Սանճեան հարցազրոյցին մէջ կ՚անդրադառնայ հայագիտութեան եւ պատմագիտութեան ներկայ վիճակին, 2020-ի պատերազմէն ետք պատմութեան շուրջ ստեղծուած քաղաքական բանավէճին, Նիկոլ Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» հասկացողութեան, ազգային պահանջատիրութեան պատմական փոփոխութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ դերին եւ բարեփոխման անհրաժեշտութեան։
Սանճեանի առաջին մտահոգութիւններէն մէկը Հայաստանի պատմագիտութեան մակարդակն է։ Ան կը նկատէ, որ հայագիտութիւնը աշխարհագրականօրէն տարտղնուած եւ բազմաճիւղ ոլորտ մըն է, ուր տարբեր գիտակարգեր նոյն մակարդակին վրայ չեն գտնուիր։ Հայաստանի պարագային, իր գնահատումով, տակաւին զգալի աշխատանք անհրաժեշտ է միջազգային գիտական մակարդակին մօտենալու համար։ Յատկապէս պատմագիտութիւնը, ըստ իրեն, ետ կը մնայ մշակութային մարդաբանութենէն եւ ընկերաբանութենէն։ Ան նաեւ կը շեշտէ, որ բարելաւումը չի կրնար միայն պետական պարտադրանքով իրականանալ. անհրաժեշտ է գիտական միջավայր մը, ուր մասնագէտներն իրենք եւս շարունակաբար իրենց մակարդակը բարձրացնելու անհրաժեշտութիւնը զգան։
Հարցազրոյցին առանցքային բաժինը, սակայն, պատմութեան եւ քաղաքականութեան այսօրուան յարաբերութիւնն է։ Սանճեան կը նկատէ, որ վերջին տասնամեակներուն Հայաստանի մէջ չէ եղած քաղաքական գործիչ մը, որ ներկայ վարչապետին չափ յաճախ պատմութեան յղումներ կատարէ եւ հակադրուի վերջին տասնամեակներուն տարածում գտած պատմագիտական որոշ տեսակէտներու։ Այս երեւոյթը պատմաբանին առջեւ կը դնէ մասնագիտական պարտականութիւն մը՝ քաղաքական յայտարարութիւնները գնահատելու առկայ սկզբնաղբիւրներու եւ ժամանակակից պատմագիտական մեթոդաբանութեան հիման վրայ, այլ ոչ քաղաքական համակրանքով կամ հակակրանքով։
Սանճեանի համար պատմութիւնը երբեք վերջնականօրէն «փակուած» գիտութիւն չէ։ Նոր աղբիւրներ կրնան յայտնուիլ, բայց կը փոխուի նաեւ հասարակութեան հայեացքը անցեալին նկատմամբ։ Հասարակական նոր խումբեր եւ նոր հարցադրումներ պատմութեան մէջ կը տեսնեն բաներ, որոնք նախորդ սերունդները թերեւս չէին տեսներ։ Հետեւաբար պատմութեան վերարժեւորումը ինքնին արտասովոր երեւոյթ չէ։ Խնդիրը կը սկսի այն ժամանակ, երբ պատմութիւնը կը ծառայեցուի այս կամ այն քաղաքական ուղեգիծը հիմնաւորելու նպատակին։
Այսօրուան բանավէճին խորքային պատճառը Սանճեան առաջին հերթին կը տեսնէ 2020-ի ռազմական պարտութեան մէջ։ Ըստ իրեն՝ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան խօսոյթին փոփոխութիւնը 2018-էն մինչեւ այսօր աստիճանական եղած է, իսկ պատերազմը եւ Արցախի հետագայ կորուստը արագացուցած են նախկին ազգային-քաղաքական պատկերացումներու վերանայումը։ Ան կը յիշեցնէ նաեւ, որ հայկական քաղաքական մտածողութիւնը անցեալին եւս փոխուած է արտաքին պայմաններու եւ ուժերու յարաբերակցութեան փոփոխութեան հետեւանքով։
Ուշագրաւ է նաեւ Սանճեանի մերժումը՝ Փաշինեանի պատմագիտական ամբողջ խօսոյթին մէկ ընդհանուր գնահատական տալու։ Ան կը նշէ, որ վարչապետին տեսակէտներուն մէջ կան կէտեր, որոնց համաձայն է, ուրիշներ՝ որոնք նորութիւն չեն, եւ տակաւին ուրիշներ, որոնց հետ համաձայն չէ։ Հետեւաբար, ըստ իրեն, այդ ամբողջ խօսոյթը պէտք է բաժնել առանձին հարցերու եւ իւրաքանչիւրը գնահատել իր փաստական ու պատմագիտական հիմքերով։ Միաժամանակ ան կը շեշտէ, որ այս ամբողջ բանավէճը այսօրուան ձեւով հաւանաբար գոյութիւն պիտի չունենար, եթէ Հայաստանը պատերազմը կորսնցուցած չըլլար։
Այստեղ Սանճեան կը մատնանշէ նաեւ ուրիշ խնդիր մը՝ Հայաստանի հասարակական եւ լրատուական դաշտի խոր բեւեռացումը։ Իր կարծիքով՝ պատմաբանները տակաւին բաւարար մասնագիտական մասնակցութիւն չեն բերեր հանրային բանավէճին, մինչ լրասփիւռները յաճախ իրենց հիւրէն կը սպասեն նախապէս որոշելի «կողմ» կամ «դէմ» դիրքորոշում։ Այդ պայմաններուն մէջ պատմագիտական լուրջ քննարկումը դժուար կը դառնայ, որովհետեւ պատմաբանի աշխատանքը արագ քաղաքական արձագանգ տալ չէ, այլ աղբիւրները քննել, համեմատել եւ միայն ապա եզրակացութեան հասնիլ։
Հարցազրոյցին վերջին մեծ թեման Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին է։ Այստեղ Սանճեանի դիրքորոշումը նոյնքան քննադատական է թէ՛ Եկեղեցւոյ, թէ՛ պետութեան նկատմամբ։ Ան կը պնդէ, որ Եկեղեցին պէտք է ժամանակին հետ քայլ պահէ եւ տասնամեակներէ ի վեր քննարկուող բարեփոխումները վերջապէս լուրջ գործընթացի վերածէ։ Ըստ իրեն՝ հայ մտաւորական կեանքին կեդրոնը վաղուց տեղափոխուած է դէպի աշխարհիկ ոլորտ, մինչ Եկեղեցին ժամանակակից ընկերային, գիտական եւ բարոյական բազմաթիւ հարցերու շուրջ բաւարար գործուն ներկայութիւն չունի։
Միաժամանակ, սակայն, ան կը մերժէ Եկեղեցին պետական իշխանութեան կցորդի վերածելու գաղափարը։ Եկեղեցին, իր դիտարկումով, հայութեան ամենահին եւ ամենաշարունակական կառոյցն է եւ կը գործէ ոչ միայն Հայաստանի, այլ ամբողջ Սփիւռքի մէջ։ Հետեւաբար անոր ապագան չի կրնար սահմանուիլ միայն Հայաստանի օրուան իշխանութեան հետ ունեցած յարաբերութեամբ։ Սանճեան կը խօսի հոգեւոր կրթութեան մակարդակի բարձրացման, եկեղեցական ծառայութեան մէջ կարող անձեր ներգրաւելու, նոյնիսկ կուսակրօնութեան եւ հոգեւորականներու վարչական դերերուն վերաբերող հարցերը բաց քննարկելու անհրաժեշտութեան մասին։
Այս ծաւալուն հարցազրոյցէն թերեւս ամենէն կարեւոր եզրակացութիւնը այն է, որ Սանճեան չ’առաջարկեր անցեալը մերժել՝ նորը ընդունելու համար, ոչ ալ անցեալը անփոփոխ պահել՝ ներկայի դժուար հարցերէն խուսափելու համար։ Ան կը պահանջէ աւելի դժուար բան մը՝ քննել, վերարժեւորել եւ բանավիճիլ՝ առանց պատմութիւնը քաղաքական կարգախօսի վերածելու։
Նոյն պահանջը կարելի է տեսնել նաեւ Եկեղեցւոյ նկատմամբ իր մօտեցումին մէջ. պատմական հաստատութեան մը արժէքը միայն անոր հնութեան մէջ չէ, այլ նաեւ նոր ժամանակներու հարցերուն պատասխանելու կարողութեան։
Այդ իմաստով հարցազրոյցը միայն պատմութեան մասին չէ։ Ան նաեւ հարցադրում մըն է այն մասին, թէ հայութիւնը որքանո՞վ պատրաստ է իր ամենէն նուիրական համարած գաղափարներն ու հաստատութիւնները քննութեան ենթարկելու՝ ոչ թէ զանոնք քանդելու, այլ զանոնք կենսունակ պահելու համար։

Վ.Թ.

Արա Սանճեան՝ Երեւան գտնուելով կը մասնակցէր Մատենադարանին մէջ Հայագիտական միջազգային 3-րդ գիտաժողովին:

«Նոր Յառաջ». Հայագիտութիւնը կարեւոր տեղ կը գրաւէ ձեր մասնագիտութեան մէջ: Ի՞նչ է այսօր հայագիտութեան վիճակը:

Արա Սանճեան – Հայագիտութիւնը շատ լայն հասկացութիւն է, հոն տարատեսակ գիտակարգեր (տիսիփլիններ) կան, բոլորին վիճակը նոյնը չէ եթէ պիտի համեմատենք համաշխարհային միջինին հետ, առաւել եւս բաւական տարտղնուած է աշխարհագրականօրէն։ Հայագիտութեամբ կը զբաղին տարբեր մասնագէտներ տարբեր երկիրներու մէջ։ Իւրաքանչիւր երկրի ներքին պայմանները, միջավայրը, գիտական-համալսարանական մթնոլորտը կ’ազդէ որ շեշտակի տարբերութիւններ ըլլան, երբեմն՝ մօտեցումներու կամ հետաքրքրութիւններու պարագային։ Այս իմաստով կը խուսափիմ մէկ միասնական կարծիք տալէ։ Հայաստանի պարագային, իմ կարծիքս է, որ պէտք չէ խորշիլ եւ ըսել որ շատ ընելիք ունինք, որպէսզի կարենանք մօտենալ միջազգային լաւ մակարդակի։ Կան որոշ փորձեր։ Կայ նաեւ պարտադրանք կառավարութենէն։ Միջազգային գրախօսուող հանդէսներու մէջ տպագրուիլը գրեթէ պարտադիր դարձած է տարբեր գիտնականներու համար, բայց ատիկա միայն մէկ ազդակն է պետութեան ներգրաւման։ Բարելաւումը եթէ միա՛յն վերէն՝ հրահանգով ու պարտադրանքով ըլլայ, արդիւնաւէտ չ՚ըլլար. պէտք է նաեւ ստեղծել այդ մթնոլորտը, ուր գիտնականները իրենք եւս գիտակցին որ ամէն մէկը ինքզինք բարելաւելու պարտականութեան տակ է։ Մենք այսօր կ՚ապրինք շատ մրցունակ աշխարհի մը մէջ, ուր դաժան է մրցակցութեան պայքարը, եւ ան որ չի կրնար ժամանակին հետ քայլ պահել, կը վնասէ։ Այդ իմաստով կ՚ուզեմ որ աւելի մեծ ջանք թափուի ե՛ւ կառավարութեան օժանդակութեամբ, ե՛ւ նաեւ մասնագիտական նախաձեռնութիւններով՝ բարելաւելու այն վիճակը, որ Հայաստանի մէջ կայ։ Կան ի հարկէ բազմաթիւ անհատներ, որոնք կը գիտակցին եւ իրենց կարելին կ՚ընեն։ Կ՚ուզէի որ այդ շրջանակը աւելի լայննայ:

«ՆՅ» – Եթէ աւելի ընդարձակ պատմագիտութեան դաշտը առնենք, վերջապէս հետազօտողներ՝ գիտական հանդէսներու մէջ հրատարակութեան համար պէտք է որոշ համալսարանական, գիտական պատրաստութիւն ունենան: Այսօր Հայաստանի մէջ այդ մարզը, այնպէս ինչպէս որ կը դասաւանդուի, արդեօք ընդունա՞ծ է նորարարութիւնը, փոփոխութիւնը կամ աւելի լայն կարկինով իրականութիւնները չափելու, տեսնելու, թերեւս վերատեսութեան ենթարկելու սովետական շրջանէն մնացած որոշ պատկերացումներ:

Ա. Ս. — Պատմութիւնը՝ այնպէս ինչպէս որ ընդունուած էր սահմանել սովետական ժամանակին, համեմատաբար աւելի թոյլ վիճակի մէջ է հիմա, քան մօտիկ գիտակարգեր, ինչպիսիք են մշակութային մարդաբանութիւնն (Anthropologie culturelle) ու ընկերաբանութիւնը (Sociologie), ուր վիճակը աւելի է պատմութենէն։ Պատմութեան մէջ աշխատանք շատ աւելի պէտք է ըլլայ։ Նախ, ընդունինք որ Հայաստանի մէջ պատմութեան ուսումնասիրութիւնը գերազանցապէս հայոց պատմութեան մասին է. արեւելագէտներու շատ փոքր շրջանակ մը կայ։ Չկան Եւրոպայի պատմութեան մասին հայաստանցի յայտնի մասնագէտներ, որոնք նոր ուսումնասիրութիւններ ընծայեն։ Ալ չեմ խօսիր Ափրիկէի կամ Արեւելեան Ասիոյ մասին գրող մասնագէտներու մասին, որ գրեթէ չունինք։ Պատմագիտութեան մէջ բաւարար աշխատանք չի տարուիր միջազգային միջին մակարդակին շուրջ ապահով տեղ գրաւելու համար։ Հայաստանի պատմաբանները շատ աւելի ընելիք ունին, քան մշակութային մարդաբաններն ու ընկերաբանները, որոնք վերջին տարիներուն բաւական աշխատանք տարած են արդէն։ Այդ երկու գիտակարգերուն մէջ կարծես աւելի կայ այն գիտակցութիւնը, որ իրենցմէ իւրաքանչիւրին մակարդակը պէտք է բարելաւուի։ Յոյսով եմ, որ ատիկա նաեւ աւելի ու աւելի կը տարածուի պատմաբաններու շրջանակին մէջ։

«ՆՅ» – Ներկայիս ակնյայտ է, որ պատմութիւնը առանցքային դեր ունի մեր ինքնութեան սահմանման մէջ: Սակայն այդ ինքնութեան եւ Եկեղեցւոյ դերին ընկալումը կը տարբերի հոգեւորականներու եւ պետական գործիչներու մօտ, մանաւանդ երբ հարցը կը վերաբերի Հայաստանի ապագայ ի տեսլականին եւ յատկապէս դրացիներուն՝ թուրքերուն եւ ազերպայճանցիներուն հետ յարաբերութիւններու զարգացման: Այս պատկերացումներուն մէջ բնականաբար հինէն եկած սպասումները մեծ են եւ այսօր յեղաշրջումի բախումնալի անկիւնադարձ մը հաստատուած է 2020-ի պատերազմով: Որքանո՞վ այսօր ընկերային, տնտեսական, պետական, քաղաքական պահանջը կը պայմանաւորէ նաեւ պատմութեան գիտութեան փոփոխութիւնները:

Ա. Ս. — Պատմութեան ողբերգութիւնը այն է որ իբրեւ գիտութիւն պէտք է նման ըլլայ այլ գիտութիւններու չափանիշերուն։ Բայց սոտիումը կամ նատրիումը, թթուածինը զգացում չունին։ Առաւել եւս, մենք մեր ուզածը կրնանք ընել իրենց հետ մեր գիտական փորձարկումներուն ժամանակ. այնտեղ բարոյական հարցեր չկան։ Երկրորդ, վերջին մի քանի տարիներուն աւելի շեշտուած յղումներ կ՚ըլլան պատմութեան՝ մեր ինքնութիւնը մեկնաբանելու համար, յատկապէս՝ քաղաքական գործիչներէ, բայց նաեւ պարզ անհատներէ, որոնք հասարակական- քաղաքական անցուդարձով կը հետաքրքրուին, թերեւս նոյնիսկ իրենց ազատ ժամանակին մէկ մասը կը տրամադրեն պատմագիտական ուսումնասիրութիւններ կարդալու։ Դժբախտաբար, հայկական իրականութեան մէջ չունինք հանրամատչելի պատմագիտական հանդէս մը, որ շատ լաւ կ՚ըլլար պատմութիւն սիրողները հասու դարձնելու գիտական նորութիւններուն։ Պատմութեան արժեւորման մէջ տարակարծութիւններ մի՛շտ կ՚ըլլան երբոր քաղաքական պայքար կայ, 2020-ի պատերազմը ցնցում մըն էր բոլորիս համար. նոյնիսկ մինչ այդ լաւատես չեղողներն անգամ ցնցուեցան եղած երեւոյթներէն։ Յաջորդեց 2023-ին Արցախի կորուստը, որ ներկայ հանգրուանին կարծես անդառնալի կ՚երեւի, եթէ յանկարծ համաշխարհային, մեր կամքէն անկախ, մեծ ցնցումներ տեղի չունենան։ Բնականաբար ներկայ բանավէճերը, պրկուած վիճակը որ կան Հայաստանի ու հայութեան հասարակական-քաղաքական դաշտին մէջ պիտի նաեւ պատմութեան վրայ ազդեն, որովհետեւ քաղաքական տարբեր կողմերը յաճախ յղումներ կ՚ընեն պատմութեան։ Առաւել, այդ պայքարին մէջ մեծ թափով ընդգրկուած է երկրին գործադիր իշխանութիւնը։
Մենք չենք ունեցած վերջին տասնամեակներուն ոեւէ քաղաքական գործիչ, որ ներկայ վարչապետին չափ պատմութեան յղումներ ընէ եւ վերջին տասնամեակներուն տարածում գտած պատմագիտական տեսակէտներուն հակադրուի: Հոս ի՞նչ պէտք է ըլլայ պատմաբանին գործը. փորձել եղած նիւթին եւ ժամանակակից գիտական մեթոդատանութեան հիմքին վրայ արժեւորել արտայայտուած տարբեր կարծիքները եւ եզրակացնել թէ անոնցմէ որքա՛նը այսօրուան պատմական տուեալներով հիմնաւոր է։ Ինչո՞ւ վերջնական բան չկայ պատմագիտութեան մէջ. որովհետեւ, առաջին, կրնան միշտ նոր նիւթեր յայտնաբերուիլ։ Երկրորդ, մեր հայեացքը, մեր մօտեցումը հանդէպ պատմութեան՝ իբրեւ մարդկութիւն, ժամանակի ընթացքին կը փոխուի։ Հասարակական նոր խումբեր կը մտնեն պատմագիտական բանավէճին մէջ, ինչպէս՝ օրինակ, պատմութիւն գրելու մէջ վերջին տասնամեակներուն կանանց սեռին մեծ մասնակցութիւնը։ Բնականաբար, անոնք իրենց ուրոյն փորձառութիւնը բերին ու պիտի բերեն։ Օր մը կրնայ ըլլալ, ինչպէս արեւմուտքի մէջ արդէն է՛, հայազգի սեռական փոքրամասնութիւնները եւս ունենան իրենց պատմաբանները եւ իրենց իւրայատուկ ձեւով նային պատմութեան, բան մը, որ տակաւին հայ իրականութեան մէջ, եւ արեւելեան հասարակութեան մէջ առհասարակ, շա՜ տ շա՜տ լուսանցքային է։
Փոփոխութիւններ միշտ կան պատմագիտութեան մէջ։ Քաղաքական փոփոխութիւններն աւելի փոքր են քան մեծ, աշխարհայեցողական փոփոխութիւնները, որոնք տեղի կ՚ունենան երկար ժամանակի վրայ։ Բայց քանի որ դեռ հայերս յետպատերազմեան մթնոլորտին մէջ ենք, բնականաբար հիմա քաղաքականին շատ աւելի մեծ դեր կը տրուի, եւ ըստ էութեան, պատմութիւնն այսօր կ՚օգտագործուի, ինչպէս միշտ, ա՛յս կամ ա՛յն քաղաքական ուղեգիծը հիմնաւորելու համար։ Այսինքն, պատմութիւնը կը մեկնաբանուի այնպիսի ձեւով, որ ըլլայ դաշնակիցը առաջարկուող քաղաքական ուղղութեան մը։ Օրինակի համար, սովետական տարիներուն, Իսրայէլ Օրիի պանծացումը իբրեւ հայ-ռուսական բարեկամութեան հիմնադիր, կը հիմնաւորուէր Աշոտ Յովհաննիսեանի մեծ գործով։ Բայց, Սփիւռքի մէջ եղած են պատմաբաններ՝ իրենց աշխարհայեացքով աւելի մօտիկ Հ. Յ. Դաշնակցութեան, որ այդ տարիներուն հարցականի տակ առած են Օրին մեծարելու դիրքորոշումը, ինչպէս՝ Յարութիւն Քիւրտեանը, որ ամբողջ գործ մը գրեց 1950-60-ականներուն՝ հարցականի տակ առնելով Իսրայէլ Օրիի հեղինակած սկզբնաղբիւրներուն արժանահաւատութիւնը։ Կամ երբ Խորհրդային իշխանութիւնը կը պանծացնէր Պաւլիկեան եւ Թոնդրակեան շարժումները, արեւմուտքի մէջ որոշ գրախօսներ քննադատաբար կը մօտենային խորհրդային այդ գործերուն։ Գրախօս մը, կը յիշեմ հայաստանցի հեղինակի մը մասին ընդգծած էր, որ մեր կօշիկը կը փորձէ Էնգէլսի ոտքին յարմարցնել:
Այսինքն, պատմագիտական այդ բանավէճերը յաճախ եղած են, բայց հիմա աւելի ակնառու են, որովհետեւ անմիջական մասնակցութիւնը կը վայելեն երկրի քաղաքական գործադիր իշխանութեան: Այլ իմաստով, բաւական առանձնայատուկ ժամանակաշրջան է եւ ըստ էութեան վարչապետը՝ ինքը նախաձեռնողն է կամ գոնէ այդպէս կ՚երեւի: Խորհրդային Միութեան ժամանակ, Համայնավար կուսակցութեան իրերայաջորդ ղեկավարները Հայաստանի մէջ պէտք է պատմագիտական որոշակի յղումներ ընէին արհեստավարժ պատմաբաններուն, բայց կարեւորագոյն հարցերը աւելի շատ Մոսկուա կ՚որոշուէին եւ Մոսկուայէն կը տարածուէին։ Հայ համայնավարները չէին առաջին նախաձեռնողը՝ այդ հարցը ժողովուրդին ներկայացնելու, բայց բնականաբար իրենց միջամտութիւնը կարեւոր կ’ըլլար եթէ Գիտութիւններու ակադեմիային կամ Համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէին մէջ քննութիւններ ըլլային: Հիմա տարբեր դարաշրջան ենք՝ ուղղակի եթերներով հարցազրոյցներու դարաշրջան, ուր ղեկավարները նախապատրաստուելու աւելի քիչ առիթ ունին, մանաւանդ՝ եթէ իրենք կը կարծեն, որ շահաւէտ է իրենց համար հարցազրոյցներ տալը: Օրինակ, ներկայ վարչապետը, ի տարբերութիւն նախորդ նախագահներուն, շատ աւելի հաճոյքով կ՚երթայ այդ հարցազրոյցներուն, աւելի շատ ժամանակ կը տրամադրէ լրագրողներուն: Խորհրդարանական նոր համակարգը զինք ուղղակի հարցապնդելու առիթ կու տայ. նախագահական համակարգին մէջ ատիկա չկար: Այս ամբողջը ի հարկէ հարցի կարեւոր դառնալուն կը նպաստէ, եւ քանի որ երկրին մէջ պրկուած է վիճակը, տեսակէտները ծայրայեղացուած են: Բնականաբար, պատմութեան շուրջ եղած քննարկումներուն հասարակական մասը պիտի արտացոլէ այդ ծայրայեղականութիւնն ու պրկուածութիւնը:
Գիտնականները պէտք եղած մասնագիտական ձեւով ձեւով չեն մասնակցիր այս բանավէճերուն: Կան գիտնականներ, որոնք ընկերային ցանցերու վրայ կամ լրագրողներուն պատասխանելով կ’արտայայտեն իրենց տեսակէտերը: Բայց քաղաքագիտական բանավէճին զուգահեռ պատմագիտական քննարկումներ, հրապարակային սեմինարներ, հանդէսներու մէջ բանավէճեր չկան: Տակաւին այդ հանգրուանին չենք: Կրնայ ըլլալ, որ եթէ այս հարցը շատ րունակուի, հոն եւս հասնինք: Պիտի նաեւ ընդունինք որ պատմաբանը շատ աւելի ժամանակ կ՚ուզէ, որ կարծիք յայտնէ, քան լրագրող մը, որ հարցում կը հարցնէ եւ քաղաքական գործիչէն պատասխան կը ստանայ: Լաւ պատմաբանը չունի այդ շռայլութիւնը՝ արագօրէն բան մը ըսելու, որովհետեւ ի վերջոյ իր գնահատելու չափանիշերը տարբեր են:

«ՆՅ» – Այս պատմական բեկումը նաեւ հիմնականին մէջ կը պայմանաւորուի երկրի տնտեսական, քաղաքական, դրացիներու հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու, ռազմադաշտի վրայ շրջադարձ եղած պայմաններու մէջ։

Ա. Ս. — Ռազմական պարտութիւնը ես ամէնէն բարձր տեղը կը դնեմ: Սփիւռքի մէջ 60-ական թուականներուն վերադասաւորում մը եղաւ: Պաղ պատերազմի թէժ շրջանը աւարտեցաւ եւ այդ շրջանի հիմնական առանցքը Հայաստանի մէջ խորհրդային իշխանութեան օրինական ըլլալու կամ չըլլալու խնդիրն էր, հետը աշխատիլ փորձելու կամ անոր ընդդիմանալու խնդիրը: Տարբեր պատճառներով, 60-ականներուն, օրակարգը փոխուեցաւ: Նոր առաջնահերթութիւն դարձան՝ յիշել Եղեռնը, պահանջել անոր դատապարտ տումը, պահանջել անպայման որ այդ եղելութիւնը «ցեղասպանութիւն» որա- կուի, այն յոյսով, որ ասոնց ետեւէն պիտի գայ հատուցում: Որոշներ նաեւ յոյս ունէին Թուրքիոյ կողմէ տարածքային զիջումներու հայ ժողովուրդին՝ կա՛մ Խորհրդային Հայաստանին կա՛մ այլ ձեւով:
Երբ Հայաստանը անկախացաւ, պէտք է ընդունինք որ կար որոշ ժամանակահատուած մը՝ Հայոց Համազգային Շարժման ստեղծման ժամանակ՝ Տէր Պետրոսեանի նախագահութեան տարիներուն, երբ օրուան ղեկավարութիւնը որոշ անհանգստութիւն ունէր թէ 60-ականներուն ձեւաւորուած նոր օրակարգին առաջին խնդիրը հակաթուրք պայքարը եղած էր: Յետոյ, երբ Տէր Պետրոսեանը ստիպուեցաւ հրաժարական տալ, մօտ 20 տարի, իրերայաջորդ երկու նախագահներ, այդ սփիւռքեան օրակարգին համընթաց գացին, առնուազն՝ հրապարակայնօրէն: Առանձնապէս իրենք մինչեւ ո՛ւր համոզուած էին այդ առաջնահերթութեան, յստակ չէ, բայց առնուազն նպատակայարմար գտան անոր չհակադրուիլ: Նաեւ Դաշնակցութեան նեցուկին կարեւորութիւն տուին: Դաշնակցութեան նեցուկը ունենալ կը նշանակէր Սփիւռքի մէջ կարեւոր չափով ունենալ մամուլի, լրասփիւռներու համեմատաբար լռութիւնը, եթէ Հայաստանի մէջ կային դատապարտելի կամ քննադատելի կէտեր: Նոր իշխանութիւնները եւս, երբ եկան 2018-ին, վիճակը սկիզբը նոյն ձեւով շարունակուեցաւ: Կար այդ խօսոյթը, որ եթէ նոր պատերազմ ըլլար, մենք ի վիճակի էինք նոր տարածքներ ձեռք ձգելու եւ այլն: Ատոր համար, պատերազմի պարտութիւնը եկաւ որպէս շատ պաղ ցնցուղ մը:
Հետագային, երբ նայինք Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան խօսոյթի փոփոխութեան՝ 2018-էն մինչեւ այսօր, կը տեսնենք, որ իսկապէս լուրջ նահանջ կայ նախապէս հայրենասիրական համարուող պահանջներէն, եւ այդ ընթացքը շատ աստիճանական էր։ Մասամբ, կրնամ ըսել, որ տարբեր հանգրուաններու, Հայաստանի կառավարութիւնը գերագնահատեց իր ուժերը, տուաւ խոստումներ, ըսաւ որ ասիկա կամ անիկա «կարմիր գիծ» է, բայց վերջաւորութեան ստիպուեցաւ ատոնցմէ մէկ առ մէկ հրաժարելու, որովհետեւ տեսաւ որ ինք չի կրնար այլ պետութիւններէ, սկսելով՝ Մոսկուայէն, նոյնիսկ՝ Իրանէն, ատոնց շուրջ աջակցութիւն ստանալ։ Երբ պահը եկաւ, մենք չկրցանք զանոնք համոզել։ 2023-ին, ամբողջ աշխարհը դիտեց Արցախի հայաթափումը։ Առաւել եւս, Համասի յարձակումը՝ Հոկտեմբեր 7-ին ամենամեծ նուէրն էր Իլհամ Ալիեւին, որովհետեւ աշխարհի ուշադրութիւնը շեղեց դէպի շատ աւելի մեծ, արիւնալի ողբերգութիւն մը, որուն քով արցախցիներուն զոհերու քանակը միջազգային հանրութեան շատ աւելի փոքր թուեցաւ՝ ի տարբերութիւն տասնեակ հազարաւորներու, որոնք Կազայի մէջ սպանուեցան։
Այդ է պատճառը, որ իշխանութիւնը եկաւ նոր, համընդգրկուն գաղափարախօսական խօսոյթի մը, որուն նմանները մենք ունեցած ենք, բայց՝ կարճ ժամանակներով, 20-րդ դարուն։ Եղած են ժամանակներ, երբ Հայաստանը նոյնպէս ինքզինք մեն մենակ գտած է թուրքերու դէմ, օրինակ՝ 1918-ին, ինչքա՜ն ալ մեծցնենք Սարդարապատը։ Ըստ էութեան, Պաթումի պայմանագիրը գործադրելը, մինչեւ 1918-ի վերջը՝ օսմանեան բանակներու պարտութիւնը, որ Հոկտեմբեր ամսուան վերջաւորութեան եղաւ, մեր Հայաստանի օրինական, Յովհաննէս Քաջազնունիի գլխաւորած կառավարութեան քա ղաքականութիւնն էր։
Երկրորդ անգամ նոյն կոտրած տաշտակին եւ դառն իրականութեան առջեւ հայութիւնը գտնուեցաւ երկուքուկէս տարի ետք՝ Ալեքսանդրապոլի պայմանագրի օրերուն։ Բայց քանի որ Մոսկուայի խորհրդային իշխանութիւնները օգտուեցան այդ առիթէն եւ Երեւանի մէջ իշխանութենէն հեռացուցին դաշնակցականները, Դաշնակցութիւնը ձեւով մը բեռը չունեցաւ արդարացնելու Ալեքսանդրապոլի մէջ առած իր քայլը։ Այդ շրջանը, եթէ նայինք մամուլին, միա՛յն մօտ մէկ շաբաթ կը տեւէ՝ Սիմոն Վրացեանի վարչապետութեան կարճ շրջանին։ Ալեքսանդրապոլեան այդ խօսոյթին վերադարձ եղաւ եւս 45 օր՝ Փետրուարեան ապստամբութեան օրերուն, բայց Դաշնակցութիւնը անգամ մը եւս պարտուեցաւ։ Անկէ ետք, Դաշնակցութիւնը կրցաւ համեմատաբար ազատ ըլլալ արտասահմանի մէջ եւ՝ իբր աքսորական ուժ, վառ պահել պահանջատիրութեան երազը, քանի որ պետութեան մը սահմանները պահելու, ժողովուրդ մը կուշտ պահելու եւ նման այլ խնդիրներ այլեւս չունէր։
Դաշնակցութեան օրինակը կու տամ, որովհետեւ միա՛կ կազմակերպութիւնն էր Սփիւռքի մէջ, որ կ՚ուզէր ազգային-պահանջատիրական հարցերը ինքնուրոյն լուծել եւ փնտռտուքի մէջ էր. դժգոհ էր ե՛ւ խորհրդայիններէն, ե՛ւ Թուրքիայէն։ Նաե՛ւ կը գիտակցէր, որ երկուքին դէմ միաժամանակ սուր ճօճելը շատ դժուար է։ Ատոր համար Դաշնակցութեան մարտավարութիւնը տատանումներու, դեգերումներու, փոփոխութիւններու քաղաքականութիւն էր։ 1921-88-ին, անոր շեշտադրումը մի քանի անգամ փոխուած է։ Իսկ երբ եղած է այն շեշտադրումը, թէ հիմա՛ աւելի մեծ է Ռուսաստանի վտանգը կամ աւելի հեշտ է խորհրդայիններէն փրկուիլը, մեղմացուած է երաժշտութիւնը Թուրքիոյ նկատմամբ։ Եւ ասիկա նոյնիսկ դաշնակցական հեղինակներն ալ կ՚ընդունին՝ զուսպ կերպով, թէեւ այսօր այդ ժամանակաշրջաններու գրականութիւնը չի վերյիշուիր, վերատպուիր։
Ռամկավարները եւ հնչակեանները այս պատմութենէն դուրս են, որովհետեւ հայերէն ներկայիս տարածուած բառը օգտագործելով, անոնք հայկական արտաքին հարցերը արտապատուիրակած էին Հայաստանի կոմունիստ ղե կավարութեան եւ Մոսկուային, այն համոզումով որ՝ «մենք աւելի հայրենասէր չենք, քան Հայաստանի ղեկավարները. գիտենք, որ Հայաստանի ղեկավարները,— ինչ որ ալ իրենց հակառակորդները ըսեն, մեր երազանքները կը բաժնեն», եւ ատիկա մասամբ թերեւս ճշմարտութիւն էր՝ Խանջեանէն մինչեւ Կարէն Դեմիրճեան, «եւ եթէ յարմար ժամանակը ըլլայ, իրենք այդ ազգային հարցերը արդէն կը բարձրացնեն։ Մեր նպատակը շատ աւելի սահմանափակ է. սփիւռքահայ զանգուածներուն գովերգել Հայաստանը, սէրը վառ պահել Հայաստանի հանդէպ՝ անկախ իր վարչակարգէն»: Մինչ Դաշնակցութիւնը կ՚երթար ու կը զարնէր դռները տարբեր պետութիւններու, ռամկավարներուն ու հնչակեաններուն կապը, ըստ էութեան, միա՛յն Խորհրդային Միութեան հետ էր, յատկապէս՝ խրուշչովեան տարիներէն սկսեալ։ Դաշնակցութեան պարագային, իրենք զարկած են ե՛ւ Մուսոլինիի դուռը, ե՛ւ Հիթլերի դուռը, ե՛ւ Անգլիոյ, ե՛ւ Ֆրանսայի, եւ հետագային՝ ԱՄՆ-ու դռները, երբեմն՝ մասամբ նաե՛ւ Մոսկուայի դուռը, որովհետեւ իրենց քաղաքականութիւնը աւելի գործուն եղած է, աւելի աշխուժ, որովհետեւ իրենք իրենց վրայ վերցուցած էին հայ ժողովուրդի ճակատագրի, դատի հարցը ինքնուրոյն լուծելու խնդիրը։ Այսօր Դաշնակցութիւնը եկած է մօտաւորապէս այն դիրքորոշման, որ քիչ թէ շատ ռամկավար-հնչակեաններունն էր, այսինքն՝ ըստ էութեան, ընդունիլ, որ միակ մեր ընելիքը Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները կառավարելի պահելն է, եւ որ Հայաստանի համար ատիկա չարեաց փոքրագոյնն է։ Ատիկա գուցէ կարենայ նոյնիսկ մեծ օգուտ բերել Հայաստանին։ Այդ իմաստով, այսօր Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը հիմնական քննադատներէն է Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան: Այլեւ, Դաշնակցութեան գոյութիւնը ընդդիմութեան մէջ միաժամանակ մանանայ է Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան համար, որովհետեւ երբ Քաղաքացիական Պայմանագիրի երեսփոխանները խորհրդարանին մէջ կը հակադարձեն իրենց ընդդիմախօսներուն, կը բերեն օրինակներ Դաշնակցութեան անցեալի ըսածներէն եւ ըրածներէն այն ժամանակահատուածներուն, որոնց ակնարկեցի: Եթէ Դաշնակցութիւնը ընդդիմութեան մէջ չըլլար, քաղաքական պայքարի պատմագիտական բանավէճի երեսակը բաւական նեղ սահմանի մէջ կը մնար։
Ես ընդհանուր գնահատական պիտի չտամ Փաշինեանի պատմագիտական մեկնաբանութիւններուն, որովհետեւ ամէն մէկ նախադասութիւն որ ան կ՚ըսէ, առանձին-առանձին պէտք է արժեւորուին։ Բաներ կան Փաշինեանի տեսակէտներուն մէջ, որոնց համաձայն եմ։ Բաներ կան, որոնք առհասարակ նորութիւն չեն, եւ բաներ ալ կան, ուր տեսակէտս տարբեր է։ Վարչապետին պատմագիտական ամբողջ խօսոյթը պէտք է տարբաղադրել տարբեր բաժիններու եւ ըստ այնմ խուսափիլ մէկ, միասնական ընդհանուր գնահատական տալէ։ Բայց պարզ է, որ այս խօսոյթը ընդհանրապէս չէր ծագեր, եթէ հայերս պատերազմը չկորսնցնէինք։

Տեսանիւթին կապն է՝ https://youtu.be/CMIvkCQOSaw

Հարցազրոյցը վարեց՝ ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Շարունակելի

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x