
Թիւերը հրապարակած է Հայաստանի Զբօսաշրջութեան կոմիտէն, որ կը վստահեցնէ՝ եթէ ներկայ աճին ընթացքը շարունակուի, ապա տարեվերջին երկիրը պիտի գերազանցէ նաեւ 2025-ին արձանագրուած 2.2 միլիոն զբօսաշրջիկի պատմական ցուցանիշը։
Ռուսիա, Վրաստան եւ Իրան կը պահեն առաջատար դիրքերը

Յունիս ամսուան դրութեամբ, այցելուներուն շուրջ 40 առ հարիւրը Ռուսիայէն էր, 15 առ հարիւրը՝ Վրաստանէն, իսկ 8 առ հարիւրը՝ Իրանէն։
Հայաստանի Զբօսաշրջութեան կոմիտէի Միջազգային համագործակցութեան վարչութեան պետ Սոնա Յովհաննիսեանի համաձայն, այս պատկերին մէջ որոշիչ դեր ունին աշխարհագրական մօտիկութիւնը, պատմական կապերը, դիւրին փոխադրամիջոցները եւ այդ երկիրներուն մէջ բնակող հայկական համայնքները։
«Իրանն ու Վրաստանը Հայաստանի անմիջական դրացիներն են, իսկ Ռուսիոյ հետ ունինք երկարամեայ պատմական յարաբերութիւններ։ Բացի այդ, այս երկիրներէն Հայաստան հասնիլը համեմատաբար դիւրին է, իսկ հայկական սփիւռքի ներկայութիւնն ալ իր ազդեցութիւնը ունի զբօսաշրջային հոսքերուն վրայ»,– կը նշէ ան։
Օդային ուղղակի կապերը կը փոխեն պատկերը

Ամենէն յստակ օրինակը Չինաստանն է։ Ուրումչի-Երեւան ուղղակի թռիչքներու մեկնարկը եւ առանց արտօնագրի մուտքի դրութեան հաստատումը զգալիօրէն բարձրացուցած են չինացի այցելուներուն թիւը։
Նոյն երեւոյթը արձանագրուած է նաեւ Իտալիոյ պարագային, ուր օդային կապերու ընդլայնումը նպաստած է զբօսաշրջային հոսքերու աճին։ Գերմանիոյ պարագային եւս ուղղակի թռիչքներու զարգացումը փոխած է նախորդ տարիներու նուազման միտումը, մինչդեռ Ղազախստանի հետ նոր օդային կապը զգալի աճ արձանագրած է այդ շուկայէն եկող այցելուներուն մէջ։
Զբօսաշրջութեան կոմիտէն նաեւ նկատել կու տայ, որ վերջին շրջանին Հայաստան նկատմամբ աւելի մեծ հետաքրքրութիւն կը սկսի զարգանալ Ապանիոյ, Չեխիոյ, Հոլանտայի եւ Միացեալ Թագաւորութեան զբօսաշրջիկներուն մէջ։
Թէեւ այս շուկաները տակաւին զգալիօրէն կը զիջին Ռուսիոյ ցուցանիշներուն, Լոնտոն-Երեւան ուղղակի թռիչքի գործարկումը նոր ակնկալութիւններ կը ստեղծէ բրիտանական շուկայէն։
Զբօսաշրջային եղանակը կ’երկարի

Սոնա Յովհաննիսեանի համաձայն, վերջին տարիներուն զբօսաշրջային աշխուժ շրջանը աստիճանաբար կ’երկարի, եւ աւելի շատ այցելուներ կ՚ընտրեն Հայաստան գալ նաեւ ձմռան ամիսներուն։ Անոր համաձայն, եթէ տարեսկիզբին արձանագրուած աճը պահպանուի, Հայաստան գրեթէ ամբողջ տարին կրնայ կայուն զբօսաշրջային շարժում ունենալ։
Հայաստան կ’ամրապնդէ իր միջազգային ներկայութիւնը
Զբօսաշրջիկներու թիւին աճը պատահական զարգացում մը չէ։ Հայաստանի Զբօսաշրջութեան կոմիտէն վերջին տարիներուն զգալի ջանքեր կը գործադրէ երկիրը միջազգային զբօսաշրջային շուկային մէջ աւելի տեսանելի դարձնելու ուղղութեամբ։
Կոմիտէի շուկայավարութեան (Marketing) վարչութեան պետ Տիանա Կարապետեանի համաձայն, այս տարի Հայաստանը ազգային տաղաւարներով մասնակցած է Սպանիոյ, Գերմանիոյ, Ռումանիոյ եւ Ռուսիոյ միջազգային զբօսաշրջային ցուցահանդէսներուն։
Մինչեւ տարեվերջ նախատեսուած է մասնակցիլ նաեւ շարք մը միջազգային այլ ցուցահանդէսներու, ուր հայկական զբօսաշրջային ընկերութիւնները կը ներկայացնեն երկրին մշակութային ժառանգութիւնը, խոհանոցը, փառատօները եւ զբօսաշրջային հիմնական ուղղութիւնները։ Ծրագիրներուն մաս կը կազմեն նաեւ ճաշակառութիւններ (tastings), տեղեկատուական նիւթերու բաժանում եւ ծանուցողական տեսանիւթերու ցուցադրութիւն։




