Յունուար 2026-ի սկիզբը, ի նպաստ Այնճարի Ազգային «Յառաջ» Գալուստ Կիւլպէնկեան Վարժարանի ձեռնարկած դրամահաւաքին, խումբ մը երիտասարդներ, յօժարակամ՝ կազմեցին նուագախումբ մը եւ որդեգրելով «Rock»-ը որպէս երաժշտական ոճ, օրին ունեցան իրենց առաջին ելոյթը: Նկատի ունենալով, որ ելոյթը օգտակար եղած էր թէ՛ դպրոցին եւ թէ՛ գիւղի մթնոլորտին, նուագախումբը որոշեց պահել իր աշխոյժ ոգին ու ստեղծագործական խոյանքը։
Վերջերս, երբ Պէյրութ էի, լսեցի որ այս նուագախումբը կրկին համերգ մը պիտի տայ. փութով հասայ Այնճար՝ ներկայ գտնուելու: Ելոյթը տեղի ուեցաւ 5 Սեպտեմբեր 2026-ին Այնճարի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ փակը: Կ’արժէ նշել, որ կազմակերպողները, այսինքն՝ նուագախումբի անդամները, կը յուսային որ հանդիսատեսներու ընդհանուր թիւը հասնի շուրջ 150-ի:

Համերգի սկիզբը, Գերյ. Հայր Մեսրոպ Թոփալեանը ողջունեց Հանդիսատեսը, արտայայտեց իր յուզմունքը եւ նեկայացուց խումբին անդամները:
Երաժշտական այս խումբին մաս կը կազմէ Սեւադա Անտոնեան, որ իբրեւ կիթառիսդ արդէն ծանօթ անուն մըն է լիբանանահայ երաժշտական շրջանակներուն մէջ։ Ան կը նուագէ «Հեքիաթ» խումբին հետ, որ յայտնի է հայկական աւանդական երգերու ժամանակակից մշակումներով։
Խումբին մաս կը կազմէ նաեւ Դանիէլ Գժտրեան, որ Լիբանանի մէջ ճանչցուած է իր կիթառային եւ երաժշտական բարձրորակ հմտութիւններով։ Ան ելոյթ ունեցած է «Casino du Liban»-ի մէջ՝ Յարութ Ֆազլեանի հետ, որ Լիբանանի ազգային նուագախումբին խմբավարն է։ Դանիէլի ելոյթը մասնաւորապէս տպաւորիչ էր, մանաւանդ իր «Comfortably Numb»-ի կիթառի մենակատարումը, որ ելոյթին յիշատակելի պահերէն մէկը դարձաւ։
Այս կազմին մէջ կային նաեւ Արէն եւ Ալեք Տօներեան եղբայրները, որոնք Այնճարէն չէին, այլ՝ Պէյրութէն։ Երկուքն ալ Լիբանանի ազգային երաժշտանոցի շրջանաւարտներ էին. Արէնը մասնագիտացած էր դաշնամուրի, իսկ Ալեքը՝ ջութակի մէջ։ Եղբայրները նաեւ կշռութային նոր երանգ մը կը բերէին խումբին՝ նուագելով կիթառ եւ պաս կիթառ։ Անոնց ներկայութիւնը ընդլայնեց խումբին երաժշտական դիմագիծը՝ կամուրջ մը ստեղծելով Անճարի տեղական երաժշտական միջավայրին եւ Պէյրութի աւելի լայն երաժշտական շրջանակներուն միջեւ։
Խումբին թմբկահարն էր Ռազմիկ Շաննաքեանը։ Բոլորն ալ հիացումով կը դիտէին ու կը դրուատէին զինք՝ սկսեալ բերանին ծխախոտէն, որ, զարմանալիօրէն, ելոյթին աւարտին տակաւին կը վառէր, մինչեւ իր իւրայատուկ կեցուածքն ու խանդավառ, գրեթէ սանձարձակ ոճը, որով ամբողջ եռանդով կը հարուածէր թմբուկները։

Թէեւ ընտրուած երգերը անգլերէնով ծանօթ ռոք երգեր էին՝ ինչպէս Deep Purple-ի «Smoke on the Water»-ը, The Beatles-ի «Come Together»-ը, Pink Floyd-ի «Time»-ը եւ Eagles-ի «Hotel California»-ն, ժողոխուրդը չի դատեց խումբը որպէս օտարասէր: Ընդհակառակը՝ ձեռնարկը ընկալուեցաւ իբրեւ բազմամշակութայնութիւնը արժեւորող եւ գեղարուեստական տաղանդ ի յայտ բերող նախաձեռնութիւն մը։ Հարկ է նշել նաեւ, որ իր կիթառային մենակատարութեան ընթացքին Դանիէլ «Ain’t No Sunshine»-ը ներկայացուց հայկական երաժշտական համադրումով։
Համերգը փակուեցաւ The Beatles-ի «Hey Jude» երգով, զոր հանդիսատեսն ու խումբը միասնաբար երգեցին։
Երիտասարդներու կազմակերպած նշանակալից ձեռնարկ մը, ուր տարբեր սերունդներու արուեստագէտներու գործակցութենէն ծնունդ առած են նոր որակներ։ Նման ձեռնարկները իսկապէս արժանի են մեր ուշադրութեան ու գնահատանքին, մանաւանդ լիբանանահայ համայնքին մէջ, ուր արհեստավարժ երաժիշտները, յաճախ անտեսուած կամ ըստ արժանւոյն չգնահատուած զգալով, հետզհետէ կը հեռանան համայնքէն կամ ընդհանրապէս կը հրաժարին երաժշտութեամբ զբաղելէ։
Կարեւոր է, որ քիչ մը աւելի ուշադիր ըլլանք, նկատենք մեր շուրջը ծնունդ առնող նախաձեռնութիւնները, խօսինք անոնց մասին եւ, երբ կարելի է, պարզապէս երթանք ու միանանք բազմութեան։
Հրանդ Գալեմքէրեան
Լուսանկարները՝ Նայիրա Ադամեանի



