Երեւանը՝ եօթը տարի ետք

Վահէ Պերպէրեան

Երեւան. նոյնիսկ պատերը որոշած են աւելի լաւ հագուիլ։ Լուսանկար՝ Քրիսթինա Շիրինեան

Ասիկա այս օրերու Հայաստանի մասին խոր ուսումնասիրութիւն մը չէ, այլ պարզապէս տպաւորութիւններու հաւաքածոյ մը՝ վերջերս կատարած այցելութենէս։ Գիտակցաբար խուսափած եմ քաղաքական գնահատականներէ ու վերլուծութիւններէ, յոյս ունենալով, որ այդ մասին ուրիշ առիթով պիտի գրեմ, երբ ժամանակ ունենամ մարսելու այն անհամար զրոյցները, զորս ունեցայ, եւ քիչ մը աւելի վստահ զգամ մտքերս արտայայտելու։

Վերջին անգամ Հայաստան էի 2019-ին՝ Թաւշեայ յեղափոխութենէն կարճ ժամանակ ետք, երբ ամբողջ երկիրը կարծես վարակիչ լաւատեսութեամբ մը համակուած էր, եւ մարդիկ ապագային կը նայէին վարդագոյն ակնոցներով։

Եօթը տարի ետք, 44-օրեայ պատերազմէն, գրեթէ հինգ հազար երիտասարդներու կորուստէն, աւելի քան 120.000 արցախցիներու գրեթէ սովամահութենէն, Արցախի Հանրապետութեան կորուստէն եւ այն սրտաճմլիկ ազգային նուաստացումէն ետք, որ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայերը խորապէս ցնցեց, Հայաստան հասայ՝ նոյնքան անձկութեամբ, որքան ակնկալութեամբ։

Այդ ակնկալութիւնը կը բխէր այն իրողութենէն, որ երկրին ներկայ վիճակին մասին այնքան տարբեր ու իրարու հակասող կարծիքներ լսած էի՝ թէ՛ այն մարդոցմէ, որոնց դատողութեան կը վստահիմ, եւ թէ՛ ընկերային ցանցերէն, որոնց դատողութեան՝ ոչ։ Այն աստիճան, որ հեռուէն արդար ու հաւասարակշռուած կարծիք կազմելը գրեթէ անկարելի դարձած էր։

Երեւանի մէջ երեք շաբաթ անցընելէ ետք, ահա իմ տպաւորութիւններս։ Զանոնք «տպաւորութիւններ» կը կոչեմ , որովհետեւ երեք շաբաթը չափազանց կարճ ժամանակ է հաստատ եզրակացութիւններու հասնելու, եւ երկիր մը որպէս հիւր այցելելը շատ տարբեր է հոն ապրելէն։

Հետաքրքրական է տեսնել, թէ որքան բան փոխուած է… եւ, բնականաբար, որքան բան ալ նոյնը մնացած է։

Երեւանը տակաւին հակասութիւններու քաղաք մըն է։ Մէկ օրուան մէջ զգացումներդ ամբողջ ծիր մը շրջան կ’ընեն։ Մարդ մը նստած սրճարանի մը առջեւ աքորտէոն կը նուագէ, եւ ջերմութեան ալիք մը կը համակէ քեզ։ Տասը վայրկեան ետք մէկը կը մօտենայ ու կ’ըսէ. «Հերի՛ք է։ Չես գիտեր այդ անիծեալը նուագել։ Գնա՛ տուն, փորձ ըրէ ու նոր եկուր»։

Ահա տասը տպաւորութիւն Երեւանէն՝ եօթը տարի ետք։

Երեւանը աւելի կանուխ կ’արթննայ

Տասը տարի առաջ, երբ երեք ամիս Երեւան մնացի ֆիլմ մը նկարահանելու համար, քաղաքը իրականութեան մէջ չէր արթննար մինչեւ առաւօտեան ժամը տասը։ Այսօր, կեանքի առաջին նշանները կը սկսին արդէն ժամը իննին, իսկ աշխուժութիւնը գրեթէ մինչեւ առաւօտեան ժամը չորս կը շարունակուի։

Առանց երկրորդ անգամ մտածելու կրնաս գիշերը մէկու մը ժամը մէկին հեռաձայնել։ Բայց եթէ առաւօտեան ժամը իննին զանգահարես, աւելի լաւ է նախ ներողութիւն խնդրես, որովհետեւ կրնայ ըլլալ, որ զինք արթնցուցած ըլլաս։

Ժամանակ մը կար, երբ առաւօտեան ժամը տասէն առաջ գաւաթ մը սուրճ գտնելը գրեթէ անկարելի էր։ Այսօր կրնաս առաւօտեան ժամը ութին սրճարան մը մտնել, քրուասան մը պատուիրել, եւ սպասարկողը քեզի չի նայիր այնպէս, կարծես նոր փախած ըլլաս հիւանդանոցի շտապ օգնութեան բաժանմունքէն։

Ոմանք կ’ըսեն, թէ առաւօտները աւելի կանուխ սկսելու պատճառը երթեւեկի անտանելի խճողումն է։ Թերեւս ասիկա նաեւ կը բացատրէ արկածներու մեծ թիւը. վարորդներուն կէսը կարծես տակաւին կիսաքուն կը վարէ։

խճողումը տիրած է քաղաքին

Վերջին անգամ, երբ Երեւան էի, երթեւեկի խճողում գրեթէ գոյութիւն չունէր։ Եթէ քաղաքին կեդրոնէն տասնհինգ վայրկեան հեռու տուն մը գնած ըլլայիր, կրնայիր վստահ ըլլալ, որ իսկապէս տասնհինգ վայրկեան ետք տուն պիտի հասնիս։ Այսօր նոյն ճամբան դիւրութեամբ կրնայ քառասունհինգ վայրկեան տեւել։

Այսօր Երեւանի մէջ ինքնաշարժ վարելը ողիմպիական մարզախաղի վերածուած է։ Մէկ օրուան ընթացքին հինգ արկած տեսայ։ Եւ քանի որ իւրաքանչիւր արկած ժամերով կը սառեցնէ երթեւեկը, մինչ առնչակիցները իրենց ինքնաշարժներուն քով կանգնած կը ծխեն ու կը սպասեն ոստիկանութեան, ապահովագրական ընկերութեան կամ հետզհետէ աճող ազգականներու եւ բարեկամներու խմբակին, ամէն բախում կը վերածուի փոքրիկ խորհրդաժողովի մը, որ աւելի եւս կը վատթարացնէ խճողումը։

Սրճարաններ՝ ամէն քայլափոխի

Երեւանը միշտ ալ սրճարաններու մշակոյթ ունեցած է, բայց այսօր սրճարանները, պիսթրոները եւ ճաշարանները բուսած են ամէն փողոցի ու գրեթէ ամէն անկիւնի վրայ։ Հինգշաբթի գիշեր մը, գրեթէ կէսգիշերին, մեզմէ գրեթէ մէկ ժամ պահանջուեցաւ ճաշելու տեղ գտնելու համար, որովհետեւ բացօթեայ բոլոր սրճարանները լեփ-լեցուն էին։

Սրճարանները Երեւանի կեանքին անբաժանելի մասն են։ Գործարքներ, ընտանեկան հաւաքներ, տարիներու հանդիպումներ, առաջին տեսակցութիւններ, բաժանումներ եւ անոնց միջեւ եղած ամէն բան կը կատարուին սուրճի կամ ընթրիքի սեղանին շուրջ՝ այնպիսի վայրերու մէջ, ուր ծխելը ենթադրաբար արգիլուած է։ Բայց իրականութիւնը այն է, որ սիկարէթը, սիկարը եւ կլկլակը (նարկիլէն) գրեթէ ամէն տեղ ներկայ են։

Ոչ ոք գիտէ, թէ Երեւանի մէջ ճաշարանի մը միջին կեանքը որքան է։ Վարձքերու շարունակական բարձրացումը երբեմն կը ստիպէ, որ նոյնիսկ ամենահաստատուած սրճարանները փակուին։ Բայց անոնց տեղը գրաւելու պատրաստ նոր սրճարան մը կարծես միշտ կայ։

Եթէ օր մը մէկը որոշէ սրճարան մը բանալ ուրիշ սրճարանի մը մէջ, վստահ եմ, որ Երեւանի մէջ ոչ ոք այդ մէկը անսովոր պիտի համարէ։

Քիթը կը վկայէ

Օդի ապականութեան մասնագէտ չեմ, բայց քիթս ինծի կ՚ըսէ, որ վերջին այցելութենէս ի վեր Երեւանի օդին որակը վատթարացած է։ Հասնելուս իսկ օրը քիթիս խոռոչները բորբոքեցան, եւ ստիպուած եղայ հակաալերժիք դեղեր գործածելու, որ կարենայի բնականոն շարունակել օրերս։ Ճիշդ է նաեւ, որ շատ բան պէտք չէ իմ հոտառութիւնս գրգռելու համար։

Խճողումը, ինքնաշարժներու ահռելի թիւը, տիզըլային շարժակներու արտանետումները եւ քաղաքին մէջ կուտակուած փոշին իրենց հետքը ձգած են։ Այս ըսելով հանդերձ, վստահ չեմ, թէ Երեւանի օդը շատ աւելի վատ է, քան Լոս Անճելըսի մշուշապատ օդը, զոր ամէն օր կը շնչեմ։ Բայց կայ մէկ կարեւոր տարբերութիւն. Լոս Անճելըսի մէջ քիթս գրեթէ ամբողջովին կորսնցուցած է իր օգտակարութիւնը։ Այնտեղ ոչինչ կը յիշեցնէ քեզի, որ միլիոնաւոր մարդոց հետ նոյն քաղաքը կը բաժնես։

Երեւանը, ընդհակառակը, կը բուրէ շաուրմայի, պենզինի, շան կղկղանքի, կանաչութեան եւ հարիւրաւոր այլ հոտեր։ Հոտեր, որոնք հոտառութիւնդ կենդանի կը պահեն՝ ամենէն գոյութենական իմաստով։

Յաւելեալ գոյներ

Հայ տղամարդոց սէրը սեւ գոյնին հանդէպ տակաւին չէ մարած, բայց այլ գոյներ վերջապէս սկսած են ներթափանցել անոնց հանդերձարանները։ Չեմ գիտեր ինչո՛ւ, բայց հայ տղամարդը միշտ խոր համոզում ունեցած է, թէ եթէ սեւ չհագնի, զինք լուրջի պիտի չառնեն։ Անոնց կէսը այնպէս կը թուէր, թէ կա՛մ թաղումի կ՚երթային, կա՛մ թիկնապահ դառնալու քննութեան պիտի մասնակցէին։ Այս անգամ, սակայն, այլ գոյներ շատ աւելի տեսանելի էին, մանաւանդ երիտասարդներուն մօտ։

Ինչ կը վերաբերի կիներուն, Երեւանի փողոցները տակաւին կը յիշեցնեն նորաձեւութեան ցուցադրութեան հարթակ մը։ Բոլոր տարիքի կիներ կը քալեն այնպիսի ինքնավստահութեամբ, կարծես անմիջապէս Vogue ամսագրի էջերէն դուրս եկած ըլլան։ Այստեղ բոլորը կ՚ուզեն դիտել, դատել եւ դատուիլ։ Նոյնիսկ զուգարանի թուղթի փաթեթ մը գնելու երթալը կրնայ բաւարար պատճառ ըլլալ պճնուելու եւ գոյութիւնդ հաստատելու։

Գոյութենապաշտ փիլիսոփաները կը հաւատային, թէ մենք ուրիշներու հայեացքին միջոցով գոյութիւն ունինք։

Երեւանի մէջ՝ բոլորը գոյութիւն ունին։

Ապահով Փողոցներ

Հայաստանը միշտ եղած է, եւ տակաւին է, աշխարհի ամենէն ապահով երկիրներէն մէկը։ Լիովին բնական է տեսնել երեխաներ, որոնք կը խաղան փողոցները կամ իրենց «հայաթ»ներուն (բակերուն) մէջ մինչեւ ուշ գիշեր։

Օտարերկրացի բարեկամ մը ունիմ, որուն քոյրը ամուսնացած է հայ ոստիկան մը հետ։ Օր մը ան հարցուց իր աներձագին, թէ այդպիսի փորով ինչպէ՛ս պիտի կարենայ կասկածեալ մը հետապնդել։

Ոստիկանը պատասխանեց.

— Վազելու պէտք չկայ։ Մենք գիտենք, թէ ո՛վ ով է, եւ ո՛ւր կ՚ապրի։

Ասիկա, բնականաբար, չի նշանակեր, թէ մանր յանցագործութիւններ գոյութիւն չունին։ Երկու տարբեր անձերէ լսեցի, որ իրենց բջիջային հեռաձայնները գողցուած էին։ Ես ալ, առիթով մը, վերջին պահուն յաջողեցայ գրպանահատի մը ձեռքէն փրկել իմս։

Յառաջդիմութեան գինը

Անցնող եօթը տարիներուն ընթացքին Հայաստան զգալիօրէն թանկացած է։ Վարձքերը կտրուկ բարձրացած են՝ ռուսերու, ուքրանացիներու, իրանցիներու եւ այլ օտարերկրացիներու հոսքին պատճառով։ Ճաշարաններու գիները այսօր համեմատելի են Քալիֆորնիոյ կամ Հիւսիսային Եւրոպայի գիներուն հետ։

Այս բոլորը ըսելով հանդերձ, այստեղ միջին ամսական եկամուտը շուրջ հինգ հարիւր ամերիկեան տոլար է։ Եթէ բնակարանիդ հարցը արդէն լուծուած է, եւ կարենաս դիմադրել բարձրակարգ ճաշարաններու փորձութեան, կեանքը տակաւին կրնայ լիովին տանելի ըլլալ։ Բժշկական խնխմքն ու հիւանդանոցային ծախսերը համեմատաբար մատչելի կը մնան, տարեկան ինքնաշարժի ապահովագրութիւնը քիչ մը աւելի քան հարիւր տոլար է, իսկ մարդ կրնայ շատ գոհ կեանք մը ունենալ՝ հացով, կարագով, պանիրով, դրախտային լոլիկներով եւ այն պտուղներով, որոնք այդ եղանակին հասած են։

Նոյնը, դժբախտաբար, չի կրնար ըսուիլ շատ մը գիւղերու մասին, ուր մարդիկ տակաւին ամենօրեայ կարիքները հոգալու դժուարութիւն ունին։ Բայց նոյնիսկ հոն ապագային նկատմամբ զարմանալի լաւատեսութիւն մը զգացի։

Կիները՝ ղեկին

Վստահաբար կրնամ ըսել, որ Երեւանի կիները միշտ ալ, իրենց սրամտութեամբ, կրթութեամբ, խելքով, ներկայութեամբ եւ, մանաւանդ, աւելի լաւին ձգտումով, առնուազն յիսուն տարիով առաջ անցած են տղամարդոցմէ։ Այսօր այդ տպաւորութիւնը աւելի եւս խորացած է, թէեւ տղամարդիկ տակաւին կը շարունակեն այն խաղը, թէ իբր իրե՛նք են ղեկավարողները։

Մինչ տղամարդիկ սրճարաններու մէջ սուրճ կը խմեն, իրենց բարակ սիկարէթները կը ծխեն եւ կը խօսին արագ դրամ շահելու միջոցներու մասին, կիները արդէն գործի վրայ են եւ գործերը յառաջ կը տանին։

Պատահական չէ, որ Հայաստանը կիներու աշխատուժի մասնակցութեան ամենաբարձր ցուցանիշներէն մէկը ունի։ Աւելի բարձր, քան Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան եւ շատ մը այլ երկիրներ։

Անկեղծօրէն բաւական հպարտ էի ես ինձմով, երբ կը կարծէի, թէ «կինիշխանութիւն» (gynocracy) բառը ես հնարած եմ։ Յետոյ պարզուեցաւ, որ այդ բառը շատոնց գոյութիւն ունի։

Կանաչ քաղաքը

Չեմ կարծեր, թէ չափազանցած կ’ըլլամ, եթէ ըսեմ, որ Երեւանը աշխարհի ամենականաչ քաղաքներէն մէկն է։ Բնապահպանական իմաստով չեմ ըսեր։ Բառին բուն իմաստով՝ ամենուրեք ծառեր, թուփեր, ծաղիկներ եւ մագլցող բոյսեր կան։

Դժբախտաբար, հայերուն սէրը G-Wagon-ներու եւ BMW-ներու հանդէպ տակաւին աւելի զօրաւոր կը թուի ըլլալ, քան իրենց սէրը բուսականութեան հանդէպ։

Նոր շինարարութիւններ՝ ամենուրեք

Կը թուի, թէ հինին եւ անցեալին հանդէպ նոր յարգանք մը ծնունդ առած է։ Ժամանակ մը կար, երբ Երեւանը կարծես վճռած էր ջնջել խորհրդային ժամանակաշրջանի ամէն հետք եւ զայն փոխարինել ամէն ինչով, զոր «արդիական» կը համարէր։ Իսկ այդ «արդիականը», շատ յաճախ, պարզապէս ճաշակազուրկ էր։

Այսօր, սակայն, անցեալին հանդէպ կարօտը նորաձեւ դարձած է, իսկ հայերու այն տարուածութիւնը, թէ իրենց ճաշակը պէտք է իւրայատուկ երեւի, կարծես աւելի եւս խորացած է։ Թերեւս ասիկա աճող միջին դասակարգին արդիւնքն է։

Վստահ եմ, որ Հայաստանի մէջ ապրող շատ մը ընթերցողներ համաձայն պիտի չըլլան իմ կարգ մը դիտարկումներուս հետ։ Եւ այդ բոլորովին բնական է։ Ի վերջոյ, ինչպէս Քարլ Եունկ կ’ըսէ.

«Ընկալումը արտացոլում է»։

Թերեւս ես պարզապէս յոգնած եմ Լոս Անճելըսէն։ Կամ թերեւս կ’ուզէի վերստին գտնել այն Երեւանը, զոր այս բոլոր տարիներուն կարօտցած էի։

Ինչ ալ ըլլայ պատճառը, արդէն անհամբեր կը սպասեմ յաջորդ այցելութեանս։

Այս բոլորը ընդամէնը իմ տպաւորութիւններս են՝ կարճատեւ այցելութենէ մը ետք։ Ձեր տպաւորութիւնները կրնան բոլորովին տարբեր ըլլալ։

Վահէ Պերպէրեան

Անգլերէնէ թարգմանութիւն՝ «Տարբերակ21»

 

 

 

 

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x