Արտերկիր բնակող քաղաքացիներու ընտրելու իրաւունքին շուրջ Հայաստանի մէջ ծաւալած քննարկումները շարժառիթ հանդիսացան լուսարձակի տակ բերելու այս բնագաւառի միջազգային փորձը եւ տեսնելու, թէ Հայաստանի նման՝ իր սահմաններէն դուրս մեծաթիւ բնակչութիւն ունեցող երկիրներ ինչպէ՛ս կարգաւորած են արտերկիր բնակող իրենց քաղաքացիներուն մասնակցութիւնը խորհրդարանական ընտրութիւններուն։ Այս նպատակով փորձեցինք կեդրոնանալ յատկապէս այն երկիրներուն վրայ, որոնց արտերկիր բնակող համայնքները, հայրենիքի բնակչութեան համեմատ, բացառիկ մեծ թիւ կը կազմեն՝ որոշ պարագաներու գերազանցելով զայն։ Թիւով ալ շատ չեն ամէն պարագայի: Քանի մը հատ:
Սակայն երկիրներու միջեւ որեւէ համեմատութիւն կատարելէ առաջ անհրաժեշտ է յստակացնել քանի մը հիմնական հասկացութիւններ։ Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման կազմակերպութեան (OECD) եւ Ժողովրդավարութեան եւ ընտրական օժանդակութեան միջազգային հիմնարկի (International IDEA) գործածած սահմանումները ցոյց կու տան, որ «սփիւռք», «արտերկիր բնակող քաղաքացի», «արտերկիր բնակող ընտրող» եւ «արտերկրէն քուէարկող» նոյն խումբերը չեն։ Երկրի մը սփիւռքը կրնայ ներառել նաեւ երկրորդ, երրորդ կամ յաջորդ սերունդներու ներկայացուցիչներ, որոնք տուեալ երկրի քաղաքացի չեն եւ հետեւաբար անոր ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունք չունին։ Նոյն ձեւով, արտերկիր բնակող բոլոր քաղաքացիները պարտադիր չէ, որ արձանագրուած ընտրողներ ըլլան կամ փաստօրէն մասնակցին ընտրութիւններուն։
Հետեւաբար, ստորեւ ներկայացուած օրինակները ընտրուած են ոչ միայն անոր համար, որ այդ երկիրները մեծ սփիւռք ունին, այլ որովհետեւ անոնց սահմաններէն դուրս ապրող բնակչութեան թիւը բացառիկ մեծ է՝ երկրին մէջ բնակող բնակչութեան համեմատ։ Նպատակը որեւէ համակարգ գնահատել կամ Հայաստանի համար օրինակ առաջարկել չէ, այլ տեսնել, թէ ժողովրդագրական նման կացութեան առջեւ գտնուող տարբեր երկիրներ ինչպիսի՛ ընտրական կարգաւորումներ որդեգրած են եւ ինչպէ՛ս կը գործեն անոնք։
Այս տարբերութիւնը կարեւոր է նաեւ վիճակագրական առումով։ «Սփիւռք» հասկացութիւնը միջազգային միասնական սահմանում չունի։ OECD-ի համաձայն՝ որոշ սահմանումներ կը ներառեն ոչ միայն արտերկիր բնակող քաղաքացիներն ու արտագաղթած անձերը, այլեւ այլ երկրի քաղաքացիութիւն ստացած գաղթականներն ու անոնց արտերկիր ծնած զաւակները՝ անկախ անոնց քաղաքացիութենէն, եթէ անոնք կապ կը պահպանեն իրենց կամ իրենց ծնողներուն ծագման երկրին հետ։ Հետեւաբար սփիւռքի ընդհանուր թիւը ինքնաբերաբար չի ներկայացներ ո՛չ արտերկիր բնակող քաղաքացիներուն եւ ո՛չ ալ ընտրելու իրաւունք ունեցողներուն թիւը։
Արտերկրէն քուէարկութեան տուեալներու International IDEA-ի շտեմարանը համեմատական տուեալներ կը ներկայացնէ աշխարհի 216 երկիրներու եւ տարածքներու մասին։ Համակարգերը տարբեր են. կան երկիրներ, որոնք արտերկրէն քուէարկութիւն չեն նախատեսեր, իսկ ուրիշներ կը գործածեն անձամբ, փոսթով, լիազօրուած անձի միջոցով կամ ելեկտրոնային քուէարկութեան տարբերակներ։
Քապօ Վերտէ
Քապօ Վերտէ արտագաղթի երկար պատմութիւն ունեցող կղզի պետութիւն մըն է։ International IDEA-ի 2025-ի ուսումնասիրութեան համաձայն, անոր սփիւռքը կը գնահատուի հայրենիքի բնակչութեան շուրջ երկու անգամը։ Նոյն աղբիւրին համաձայն, արտերկիր բնակող քաղաքացիները 1991-էն ի վեր կը մասնակցին նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն։
Խորհրդարանական ընտրութիւններուն արտերկիր բնակող քաղաքացիները ունին առանձին ներկայացուցչութիւն։ Քապօ Վերտէի Սահմանադրութիւնը կը սահմանէ, որ ընդհանուր առմամբ վեց երեսփոխան կը ներկայացնեն երկրին սահմաններէն դուրս գտնուող ընտրատարածքները։ Ազգային ժողովը կրնայ ունենալ առաւելագոյնը 72 անդամ։
28 Ապրիլ 2026-ի պաշտօնական տուեալներով՝ երկրին մէջ արձանագրուած էր 347.704 ընտրող, իսկ սփիւռքի ընտրացանկերուն վրայ՝ 72.051։ Ընդհանուր արձանագրուած ընտրողներուն թիւը 419.755 էր։
Ուստի սփիւռքի ընդհանուր բնակչութեան թիւը պէտք չէ շփոթել արտերկիր բնակող արձանագրուած ընտրողներուն թիւին հետ։
Լիբանան
Լիբանանեան մեծ սփիւռքին մասին հրապարակուող գնահատականներուն պարագային եւս անհրաժեշտ է զատել լիբանանեան ծագում ունեցող համաշխարհային բնակչութիւնը Լիբանանի քաղաքացի եւ ընտրելու իրաւունք ունեցող անձերէն։ Սփիւռքի վերոնշեալ լայն սահմանումներուն պատճառով, միայն ծագման վրայ հիմնուած ընդհանուր թիւը ինքնաբերաբար ընտրազանգուածի թիւ չի ներկայացներ։
Լիբանան 2018-ին առաջին անգամ արտերկիր բնակող քաղաքացիներուն կարելիութիւն տուաւ մասնակցելու խորհրդարանական ընտրութիւններուն` իրենց բնակած երկիրներէն։ Այդ ընտրութեան համար արտերկիր արձանագրուած էր 82.970 քաղաքացի, իսկ քուէարկութիւնը կազմակերպուեցաւ 40 երկիրներու մէջ։
2018-ի եւ 2022-ի ընտրութիւններուն արտերկրի ընտրողներուն քուէները հաշուուեցան Լիբանանի իրենց համապատասխան ընտրաշրջաններուն մէջ։ 2017-ի ընտրական օրէնքի 112-րդ յօդուածը նախատեսած էր նաեւ արտերկրի առանձին ընտրաշրջան՝ վեց երեսփոխաններով, սակայն այդ համակարգը չգործադրուեցաւ։
2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն համար, մինչեւ 20 Նոյեմբեր 2025-ի ժամկէտը, արտերկիր բնակող 151.985 լիբանանցիներ արձանագրուած էին։ Ներքին եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնները յայտնած էին, որ դիմումները այնուհետեւ պիտի ստուգուէին եւ բաղդատուէին ընտրացանկերուն հետ։ Սակայն 9 Մարտ 2026-ին Լիբանանի խորհրդարանը որոշեց ընտրութիւնները երկու տարիով յետաձգել՝ խորհրդարանի ներկայ կազմին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելով մինչեւ 2028։
Սամոա
Խաղաղականի Սամոա կղզին եւս ունի արտերկրի մեծ բնակչութիւն։ Միջազգային դրամական ֆոնտի (IMF) 2025-ի ուսումնասիրութեան համաձայն, մշտական արտագաղթը 1990-ի շուրջ 40 առ հարիւրէն հասած էր աւելի քան 60 առ հարիւրի՝ 2020-ին։ Սամոական մեծ համայնքներ հաստատուած են յատկապէս Նոր Զելանտա, Աւստրալիա եւ Ամերիկեան Սամոա։ IMF-ն միաժամանակ կը զգուշացնէ, որ երկիրներու արտագաղթի վիճակագրութեան ուղղակի բաղդատութիւնը դժուար է, որովհետեւ տարբեր երկիրներ տարբեր սահմանումներ եւ չափանիշներ կը գործածեն։
Սամոան 2025-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն արտերկրէն քուէարկութեան համակարգ չունէր։ 2021-էն ետք արտերկրէն քուէարկութիւն մտցնելու ծրագիր կար, սակայն համապատասխան օրինագիծը չէր ընդունուած, երբ 2025-ին խորհրդարանը լուծուեցաւ։ Արտերկիր բնակող քաղաքացիները կրնային առցանց սկսիլ արձանագրութեան գործընթացը, սակայն զայն ամբողջացնելու համար պէտք էր Սամոա վերադառնային՝ կենսաչափական տուեալներ տրամադրելու, իսկ քուէարկութիւնը եւս կը կատարուէր Սամոայի մէջ։
Թոնկա
Թոնկա արշիպեղագոսը եւս արտագաղթի շատ բարձր համեմատութիւն ունեցող երկիր մըն է։ IMF-ի 2025-ի ուսումնասիրութեան համաձայն, Թոնկայի արտագաղթած բնակչութեան թիւը 2024-ին կը համապատասխանէր երկրի բնակչութեան աւելի քան 50 առ հարիւրին, իսկ Թոնկայի սփիւռքը կը գնահատուի երկրին մէջ բնակող թոնկացիներու թիւէն աւելի մեծ։ Արտագաղթի հիմնական ուղղութիւններն են Նոր Զելանտան, Աւստրալիան եւ Միացեալ Նահանգները։
Այս գնահատականը նոր չէ. ՄԱԿ-ին ներկայացուած Թոնկայի պաշտօնական փաստաթուղթ մը եւս կը նշէր, որ կառավարութիւնը ամբողջական ժողովրդագրական տուեալներ չունի սփիւռքին մասին, բայց զայն կը գնահատէր երկրի բնակչութեան չափ կամ անկէ մեծ։
Թոնկայի ընտրական յանձնաժողովին համաձայն՝ ընտրողը պէտք է Թոնկայի քաղաքացի ըլլայ, առնուազն 21 տարեկան եւ իր ընտրաշրջանին մէջ առնուազն երեք ամիս բնակած ըլլայ։ Արձանագրութիւնը կը կատարուի Թոնկայի ընտրական յանձնաժողովին եւ երկրի համապատասխան պետական գրասենեակներուն միջոցաւ։
Թիւերը ի՞նչ կը ներկայացնեն
OECD-ի եւ International IDEA-ի համաձայն, արտերկրի ընտրական մասնակցութիւնը բաղդատելու ժամանակ պէտք է առանձին դիտարկել սփիւռքի ընդհանուր թիւը, արտերկիր բնակող քաղաքացիներուն թիւը, ընտրական իրաւունք ունեցող կամ արձանագրուած քաղաքացիներուն թիւը եւ փաստացի քուէարկողներուն թիւը։
International IDEA-ի ուսումնասիրած ընտրութիւններուն մեծամասնութեան մէջ արտերկրէն տրուած քուէները ընդհանուր քուէներուն 3 առ հարիւրէն պակաս են, յաճախ՝ նոյնիսկ 1 առ հարիւրէն պակաս։ Սակայն պատկերը ամէնուր նոյնը չէ։ International IDEA-ի 2025-ի ուսումնասիրած 210 ընտրութիւններուն մէջ ամենաբարձր բաժինը արձանագրուած էր Մոլտովայի 2024-ի նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլին, երբ արտերկրէն տրուած քուէները կազմած էին ընդհանուրին 19,5 առ հարիւրը։
Քապօ Վերտէ, Լիբանան, Սամոա եւ Թոնկա տարբեր համակարգեր ունին։ Քապօ Վերտէ արտերկրի ընտրողներուն համար ունի առանձին խորհրդարանական ներկայացուցչութիւն։ Լիբանան արտերկրէն քուէարկութիւն գործադրած է՝ քուէները հաշուելով երկրի ընտրաշրջաններուն մէջ, մինչ օրէնքը նախատեսած է նաեւ արտերկրի առանձին ներկայացուցչութիւն։ Սամոա 2025-ին արտերկրէն քուէարկութիւն չէր գործադրեր։ Թոնկայի ընտրական արձանագրութիւնը կապուած է ընտրաշրջանին մէջ բնակութեան։
Այս համակարգերու համեմատութեան համար անհրաժեշտ է, հետեւաբար, յստակեցնել ոչ միայն սփիւռքի գնահատուած մեծութիւնը, այլ նաեւ թէ որո՛նք կը մտնեն այդ գնահատականին մէջ, անոնցմէ քանի՛ն համապատասխան երկրի քաղաքացի է, քանի՛ն ընտրելու իրաւունք ունի, քանի՛ն արձանագրուած է եւ ի՛նչ եղանակով կը հաշուուի անոնց քուէն։
Վ.Թ.



