«Տարբերակ»-ի ընթերցողները հաւանաբար նկատած են, որ վերջին շրջանին յաճախ կ՚անդրադառնանք արուեստական իմացականութեան (ԱԻ)։ Ինչո՞ւ։ Արդեօք որովհետեւ ան այսօր ամենաշատ քննարկուող նիւթերէ՞ն մէկն է, թէ՞ որովհետեւ կը փորձենք քայլ պահել արհեստագիտական նորաձեւութիւններուն հետ։
Ո՛չ մէկը, ո՛չ ալ միւսը։
Արուեստական իմացականութեան մասին կը գրենք, որովհետեւ համոզուած ենք, որ ան պարզապէս արհեստագիտական նորարարութիւն մը չէ։ Ան արդէն կը փոխէ մեր աշխատելու, սորվելու, մտածելու, ստեղծագործելու եւ հաղորդակցելու ձեւերը։ Եւ այս փոփոխութիւնները կը վերաբերին բոլորիս՝ անկախ մեր տարիքէն, մասնագիտութենէն կամ բնակութեան վայրէն։
Սակայն «Տարբերակ»-ի համար այս հարցը ունի նաեւ ուրիշ, շատ աւելի անմիջական նշանակութիւն մը։ ԱԻ-ի դարաշրջանին ի՞նչ պիտի ըլլայ հայերէնին, յատկապէս արեւմտահայերէնին ճակատագիրը։ Արդեօք մեր լեզուն պիտի կարենա՞յ իր տեղը գտնել նոր արհեստագիտութիւններուն մէջ, թէ՞ աստիճանաբար պիտի դուրս մնայ թուային աշխխարհէն։
Կայ նաեւ կարեւոր այլ պատճառ մը. երիտասարդ սերունդը արդէն մեծ հետաքրքրութեամբ եւ աշխուժութեամբ ներգրաւուած է արուեստական իմացականութեան աշխարհին մէջ։ Երիտասարդները ԱԻ-ն կ՚օգտագործեն սորվելու, տեղեկութիւններ որոնելու, ստեղծագործելու, հաղորդակցելու եւ իրենց առօրեայ խնդիրները լուծելու համար։ Անոնցմէ շատերուն համար ԱԻ-ն այլեւս արտասովոր նորարարութիւն մը չէ, այլ առօրեայ կեանքին մաս կազմող միջոց մը։ Հետեւաբար, եթէ կ՚ուզենք երիտասարդներուն հետ հաղորդակցիլ, հասկնալ անոնց հետաքրքրութիւնները եւ մասնակցիլ անոնց ապագային վերաբերող քննարկումներուն, չենք կրնար անտեսել այս նոր իրականութիւնը։ ԱԻ-ի մասին գրելով՝ «Տարբերակ» կը փորձէ նաեւ սերունդներուն միջեւ երկխօսութեան կամուրջ մը ստեղծել։
Մեզ կը հետաքրքրէ նաեւ ԱԻ-ի ազդեցութիւնը կրթութեան, մշակոյթին, լրագրութեան, գիտութեան, տնտեսութեան եւ մարդկային յարաբերութիւններուն վրայ։ Կը փորձենք հասկնալ ոչ միայն անոր ընձեռած հնարաւորութիւնները, այլեւ վտանգները՝ ապատեղեկատուութենէն մինչեւ մտաւոր ծուլութիւն, ստեղծագործական ինքնուրոյնութեան կորուստ եւ մարդուն որոշումներուն վրայ մեքենաներու աճող ազդեցութիւնը։
Մեր նպատակը ո՛չ արուեստական իմացականութիւնը փառաբանել է, ո՛չ ալ անկէ վախնալ։ Կ՚ուզենք զայն հասկնալ, քննականօրէն գնահատել եւ մեր ընթերցողներուն օգնել, որ իրենք ալ կարենան գիտակից վերաբերմունք մշակել անոր նկատմամբ։
Որովհետեւ ԱԻ-ն միայն ապագայի հարց չէ։ Ան արդէն մեր ներկային մէկ մասն է։
Եւ եթէ մենք չմասնակցինք անոր շուրջ ծաւալող քննարկումներուն, ուրիշներ պիտի որոշեն այն ապագան, ուր մենք ալ պիտի ապրինք։
Ահա թէ ինչո՛ւ «Տարբերակ» կը շարունակէ գրել արուեստական իմացականութեան մասին։ Ո՛չ թէ որովհետեւ ան նորաձեւ նիւթ մըն է, այլ որովհետեւ մեր լեզուին, մշակոյթին եւ հասարակութեան ապագային վերաբերող կարեւորագոյն հարցերէն մէկն է։
«Տարբերակ21»




