Աշխարհի բնակչութիւնը կրնայ նուազիլ․ ինչո՞ւ

«Ինչո՞ւ ծնելիութիւնը կը նուազի ամէն տեղ եւ միաժամանակ» (Why birth rates are falling everywhere all at once) խորագրեալ յօդուած մը լոյս տեսած է Financial Times օրաթերթի 15 Մայիս 2026-ի թիւին մէջ՝ հեղինակութեամբ անգլիացի տուեալագիտութեան եւ ժողովրդագրական վերլուծութիւններու սիւնակագիր Ճոն Պըրն-Մըրտոքի (John Burn-Murdoch) ։

Յօդուածը կը քննէ մեր ժամանակաշրջանի ամենէն խոր ժողովրդագրական փոփոխութիւններէն մէկը՝ ամբողջ աշխարհի տարածքին ծնելիութեան արագ եւ համատարած անկումը։ Պըրն-Մըրտոք կը փորձէ ցոյց տալ, թէ այս երեւոյթը այլեւս չի բացատրուիր միայն տնտեսական դժուարութիւններով կամ կենսամակարդակի փոփոխութիւններով։ Ըստ անոր, ծնելիութեան տագնապը կապուած է աւելի լայն մշակութային եւ քաղաքակրթական փոփոխութիւններու՝ մասնաւորաբար մարդկային կապերու թուլացման, ընտանիքի կազմաւորման յետաձգման, թուային կեանքին եւ խելախօսերու (smartphones) ու ընկերային ցանցերու աճող ազդեցութեան։ Յօդուածը ծնելիութեան անկումը կը ներկայացնէ ոչ միայն իբրեւ վիճակագրական հարց մը, այլեւ որպէս ժամանակակից մարդկային կեանքի, յարաբերութիւններու եւ ապագայի հանդէպ վստահութեան ճգնաժամի արտայայտութիւն։

Յօդուածին ցնցիչ դիտարկումներէն մէկը այն է, թէ աշխարհի 195 երկիրներէն աւելի քան երկու երրորդին մէջ ծնելիութիւնը արդէն իջած է բնակչութեան բնական վերարտադրութեան մակարդակէն վար։ 66 երկիրներու պարագային՝ միջին ծնելիութիւնը աւելի մօտ է մէկ զաւակի, քան երկուքի։ Այս երեւոյթը այլեւս միայն հարուստ երկիրներու յատուկ չէ։ Մեքսիքոյի, Պրազիլի, Իրանի, Թունուզի եւ Սրի Լանքայի նման երկիրներու մէջ եւս ծնելիութիւնը կտրուկ նահանջ արձանագրած է։

Յօդուածագիրը կը շեշտէ, թէ այս տագնապը միայն տնտեսական բացատրութիւններով հասկնալ այլեւս կարելի չէ։ Թէեւ բնակարանային դժուարութիւնները, աշխատանքի անորոշութիւնը եւ երիտասարդներու տնտեսական խոցելիութիւնը կարեւոր դեր ունին, սակայն վերջին տարիներու կտրուկ անկումը աւելի խոր մշակութային եւ հոգեբանական փոփոխութիւններու կապուած կը թուի։

Յօդուածին հիմնական գաղափարներէն մէկը հետեւեալն է․

«Մեր ժամանակաշրջանի գլխաւոր խնդիրը այլեւս միայն այն չէ, որ ընտանիքները քիչ զաւակ կ՛ունենան, այլ այն, որ ընդհանրապէս աւելի քիչ զոյգեր կը կազմուին»։

Այս մէկը թերեւս ամբողջ յօդուածին ամենէն կարեւոր եզրակացութիւնն է։ Նախորդ տասնամեակներուն ծնելիութիւնը կը նուազէր, որովհետեւ ընտանիքները աւելի քիչ զաւակ կ’ունենային։ Այսօր, սակայն, խնդիրը աւելի խոր է․ մարդիկ աւելի ուշ կամ ընդհանրապէս կը խուսափին երկարատեւ յարաբերութիւններէ, աւելի քիչ կը հանդիպին, աւելի երկար ժամանակ կ’ապրին առանձին եւ աւելի դժուար կը կապուին իրարու։

Պըրն-Մըրտոք նաեւ կը նշէ, թէ ծնելիութեան անկումը յաճախ աւելի ցայտուն կը դառնայ կրթութեան եւ եկամուտի ցած մակարդակ ունեցող խաւերու պարագային, մինչ բարձրագոյն կրթութիւն ունեցողները ընդհանրապէս կը պահպանեն ընտանիքի կազմաւորման կայուն մակարդակ մը: Ընտանիք կազմելը կարծես սկսած է վերածուիլ տեսակ մը ընկերային առանձնաշնորհումի։

Յօդուածը նաեւ կը բացատրէ, թէ մինակութիւնը եւ յուսախաբութիւնը դարձած են ժամանակակից երիտասարդութեան հիմնական փորձառութիւններէն։

«Ծնելիութեան անկումը կ’ընթանայ զուգահեռ առանձնութեան, յուսախաբութեան եւ մարդկային կապերու թուլացման», կը նշէ Պըրն-Մըրտոք:

Ամենէն հետաքրքրական բաժիններէն մէկը կը վերաբերի խելախօսերուն եւ ընկերային ցանցերուն։ Տարբեր հետազօտութիւններու համաձայն, բազմաթիւ երկիրներու մէջ ծնելիութեան կտրուկ անկում արձանագրուած է գրեթէ միաժամանակ, երբ խելախօսերը զանգուածաբար սկսած են մաս կազմել մեր առօրեայ կեանքին։

Յօդուածագիրը կը ներկայացնէ ուսումնասիրութիւններ, ըստ որոնց երիտասարդները այսօր աւելի քիչ ժամանակ կը տրամադրեն մարդկային իրական շփումներու եւ աւելի շատ կ’ապրին թուային միջավայրի մէջ։ Հարաւային Քորէայի մէջ, օրինակ, երիտասարդներու անմիջական ընկերային շփումները երկու տասնամեակի ընթացքին գրեթէ կէսով նուազած են։

Ըստ յօդուածին, խելախօսերը փոխած են ոչ միայն հաղորդակցութեան ձեւը, այլ նաեւ սիրոյ եւ ընտանեկան ակնկալելիքները։

«Instagram-ն ու TikTok-ը երիտասարդներու սպասումները կը կապեն արուեստական պատկերներու՝ փոխելով սիրոյ եւ ընտանեկան յարաբերութիւններու հանդէպ ընկալումները»։

Այս երեւոյթը յատկապէս կը խորացնէ երիտասարդ սերունդներուն մօտ անբաւարարութեան, մեկուսացման եւ զգացական անապահովութեան զգացումները։ Յօդուածը նաեւ կը նշէ, թէ ընկերային ցանցերը յաճախ կը շեշտեն արդէն գոյութիւն ունեցող տնտեսական եւ հոգեբանական ճնշումները՝ ստեղծելով մնայուն անհանգստութեան եւ անկայունութեան մթնոլորտ մը։

Պըրն-Մըրտոք ի վերջոյ կը պնդէ, թէ ծնելիութեան անկումը պարզ ժողովրդագրական հարց մը չէ, այլ ժամանակակից քաղաքակրթութեան աւելի լայն ճգնաժամին մէկ արտայայտութիւնը։ Ըստ անոր, խնդիրը միայն այն չէ, թէ մարդիկ ինչո՞ւ քիչ զաւակ կ’ունենան, այլ այն, թէ ինչո՞ւ մարդիկ ընդհանրապէս աւելի դժուար կը կապուին իրարու եւ աւելի դժուար զոյգ կը կազմեն:

Յօդուածին վերջին եւ ամենէն դիպուկ եզրակացութիւններէն մէկը հետեւեալն է․

«Ժամանակակից աշխարհի հիմնական մարտահրաւէրը միայն ծնելիութիւնը չէ, այլ բաժնուած, մեկուսացած եւ յոգնած սերունդ մը կրկին իրարու մօտեցնելը»։

Այս իմաստով, յօդուածը ծնելիութեան տագնապը կը դիտէ ոչ միայն որպէս վիճակագրական կամ տնտեսական խնդիր, այլ որպէս ժամանակակից մարդկային կեանքի, համայնքային կապերու եւ հոգեբանական առողջութեան խոր ճգնաժամ մը։

Վ.Թ.

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x