Նոպէլեան մրցանակակիր տնտեսագէտ Տարօն Աճեմօղլու Bloomberg-ի The Mishal Husain Show հաղորդաշարին 30 Հոկտեմբեր 2026-ին տուած հարցազրոյցին մէջ կ՚անդրադառնայ Թուրքիոյ մէջ իր մանկութեան, հայկական ծագումին եւ ընտանիքին չպատմուած անցեալին (հարցազրոյցին կարելի է հետեւիլ այս կապով): Ան կը խօսի նաեւ ազատական ժողովրդավարութեան տագնապին, տնտեսական անհաւասարութեան եւ արհեստագիտական հսկաներու աճող ազդեցութեան մասին։
Հարցազրոյցին շարժառիթը Աճեմօղլուի նոր գիրքն է՝ What Happened to Liberal Democracy: Remaking a Politics of Shared Prosperity («Ի՞նչ պատահեցաւ ազատական ժողովրդավարութեան. վերակերտել հասարակաց բարօրութեան քաղաքականութիւն մը»)։ Սակայն զրոյցը կը բացայայտէ նաեւ Աճեմօղլուի ընտանեկան պատմութեան քիչ ծանօթ մէկ երեսը՝ Հայոց ցեղասպանութեան մասին երկար տարիներ պահպանուած լռութիւնը, ինչպէս նաեւ այն փորձառութիւնները, որոնք նպաստած են անոր գիտական հետաքրքրութիւններուն ձեւաւորման։
Թուրքիոյ մէջ մանկութիւնը եւ հայկական ինքնութիւնը
Աճեմօղլու մեծցած է Թուրքիոյ մէջ եւ տակաւին պատանի էր, երբ 1980-ին տեղի կ’ունենայ զինուորական յեղաշրջումը։ Այդ ատեն ան շուրջ 13 տարեկան էր։ Յեղաշրջումին յաջորդած տարիները կը յատկանշուին քաղաքական ճնշումներով եւ զինուորական ներկայութեամբ, որոնք, իր վկայութեամբ, զգալի ազդեցութիւն ունեցած են իր պատանեկութեան վրայ։
Իբրեւ հայկական փոքրամասնութեան անդամ՝ ան նաեւ կը զգար հայերուն նկատմամբ որոշ շրջանակներու թշնամական վերաբերմունքը։ Կը յիշէ, որ իր հայրը հեռացած էր համալսարանական պաշտօնէն։ Թէեւ ընտանիքը համեմատաբար ապահով տնտեսական պայմաններ ունէր, քաղաքական միջավայրը անտարբեր չէր ձգեր զինք։
Հիւսէյնի այն հարցումին, թէ հայկական ինքնութիւնն ու Թուրքիոյ մէջ ապրած փորձառութիւնները որքանո՛վ ազդած են իր գիտական հետաքրքրութիւններուն վրայ, Աճեմօղլու կը պատասխանէ, որ անոնք որոշ դեր ունեցած են, յատկապէս իր առաջին ուսումնասիրութիւններու ուղղութեան ընտրութեան մէջ։
Բռնատիրութեան, ժողովրդավարութեան, տնտեսական հաստատութիւններու եւ քաղաքական իշխանութեան հետեւանքներուն հանդէպ իր հետաքրքրութիւնը մասամբ կը կապէ այդ տարիներուն։ Ան կը կարծէ, որ իր փորձառութիւնները նպաստած են նաեւ բազմակարծութիւնը եւ տարբերութիւններու համակեցութիւնը արժեւորող ազատական գաղափարներուն հանդէպ իր հետաքրքրութեան։
Հայոց ցեղասպանութիւնը՝ ընտանիքին չպատմուած պատմութիւնը
Հարցազրոյցին անձնական բաժիններէն մէկուն մէջ Միշալ Հիւսէյն կ՚անդրադառնայ Աճեմօղլուի նախնիներուն եւ հարց կու տայ, թէ ականատես եղա՞ծ են քսաներորդ դարու սկիզբի ողբերգական իրադարձութիւններուն։ Աճեմօղլու կը ճշդէ, որ խօսքը իր մեծ ծնողներուն մասին չէ, այլ՝ անոնց ծնողներուն սերունդին։
Երբ հարցավարը կը հետաքրքրուի, թէ այդ անցեալը փոխանցուա՞ծ էր իբրեւ ընտանեկան յիշողութիւն, տնտեսագէտը կը բացատրէ, որ պատասխանը միաժամանակ դրական եւ ժխտական է։
Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը այնքան զգայուն նիւթ էր, որ նոյնիսկ ընտանիքներէն ներս մարդիկ յաճախ չէին խօսեր անոր մասին։ Իր ընտանիքն ալ բացառութիւն չէր։ Աճեմօղլու կը պատմէ, որ ընդհանուր գիտելիքներ ունէր Հայոց ցեղասպանութեան եւ Օսմանեան կայսրութեան այդ ժամանակաշրջանի պատմութեան մասին։ Սակայն չէր գիտեր իր սեփական ընտանիքին պատմութիւնը, մասնաւորաբար՝ թէ ինչպէ՛ս իր նախնիները վերապրած էին աղէտը։ Այդ պատմութիւնը իրեն հասած է շատ աւելի ուշ, երբ ազգականներէն մէկուն հայրը գրի առած է ընտանիքին անցեալը, իսկ գրութիւնը փոխանցուած է իրեն։
Հիւսէյն հարց կու տայ, թէ արդեօ՞ք խօսքը մազապուրծ փրկութեան պատմութեան մը մասին էր։ Աճեմօղլու կը հաստատէ, որ այդպէս էր, սակայն չի մանրամասներ փախուստին հանգամանքները, չի նշեր վայրերը եւ չի նկարագրեր իր նախնիներուն անցած ճանապարհը։
Տնտեսագէտը կը նշէ, որ Օսմանեան կայսրութեան պատմութեան մասին սկսած էր կարդալ պատանեկութեան վերջին տարիներուն։ Բայց իր ընտանիքին պատմութիւնը պարունակող գրութեան ծանօթացած էր միայն 25 տարեկանէն ետք։ Ան դիտել կու տայ, որ այդ պատմութիւնը չափահաս տարիքի մէջ իմանալը իր վրայ այնքան ուժեղ զգացական ազդեցութիւն չէ ունեցած, որքան կրնար ունեցած ըլլալ, եթէ զայն լսած ըլլար տասը տարեկանին։ Այս վկայութիւնը կը բացայայտէ պատմական յիշողութեան փոխանցման կարեւոր մէկ երեսը։ Մարդ կրնայ գիտնալ իր ժողովուրդին պատմութիւնը, բայց միաժամանակ անծանօթ մնալ սեփական ընտանիքին ապրած փորձառութիւններուն։
Աճեմօղլուի պարագային լռութիւնը կապուած էր Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան շուրջ գոյութիւն ունեցող հասարակական եւ քաղաքական զգայունութեան։ Սակայն ընտանիքին պատմութիւնը ամբողջութեամբ չէր կորսուած։ Ան պահպանուած էր գրաւոր վկայութեան մը շնորհիւ եւ տասնամեակներ ետք հասած յաջորդ սերունդին։

Ժողովրդավարութեան տագնապը՝ տնտեսական անհաւասարութեան հետեւանք
Անձնական կեանքէն զրոյցը կ՚անցնի Աճեմօղլուի գիտական եւ քաղաքական հիմնական մտահոգութիւններուն։ Տնտեսագէտին համաձայն՝ ազատական ժողովրդավարութեան այսօրուան տագնապը կարելի չէ բացատրել միայն աջակողմեան ժողովրդահաճոյ շարժումներու վերելքով։ Անոր պատճառներուն մէկ մասը պէտք է փնտռել նաեւ քաղաքական այն ուժերուն մէջ, որոնք տասնամեակներ շարունակ ներկայացած են իբրեւ ժողովրդավարութեան եւ ազատական արժէքներու պաշտպաններ։ Աճեմօղլու մասնաւորաբար կը քննադատէ կեդրոն-ձախ քաղաքական ուժերուն տնտեսական առաջնահերթութիւնները եւ աշխատաւորական խաւերէն անոնց աստիճանական հեռացումը։
Վերջին տասնամեակներուն արդիւնաբերական տնտեսութենէն դէպի գիտելիքի եւ ծառայութիւններու վրայ հիմնուած տնտեսութիւն անցումը հասարակութեան բոլոր խաւերուն համար նոյն արդիւնքները չէ տուած։ Համալսարանական կրթութիւն ստացած քաղաքային խաւերը մեծապէս օգտուած են տնտեսական նոր պայմաններէն, մինչդեռ բազմաթիւ աշխատաւորներ, յատկապէս բարձրագոյն կրթութիւն չունեցողները, բախած են եկամուտներու լճացման, աշխատանքի անապահովութեան եւ իրենց տնտեսական դիրքին տկարացման։
Աճեմօղլու կը մատնանշէ Միացեալ Նահանգներու մէջ համալսարանական կրթութիւն չունեցող տղամարդոց իրական աշխատավարձերուն անկումը՝ իբրեւ տնտեսական այս փոփոխութիւններուն հետեւանքներէն մէկը։ Իր դիտարկումով՝ տնտեսական դժգոհութիւնը ժամանակի ընթացքին վերածուած է նաեւ քաղաքական դժգոհութեան։ Երբ քաղաքացիներու կարեւոր խաւեր կը զգան, որ տնտեսական զարգացումը իրենց կեանքը չի բարելաւեր, անոնց վստահութիւնը ժողովրդավարական հաստատութիւններուն նկատմամբ կը տկարանայ։
Հաւասարութիւն, ինքնութեան քաղաքականութիւն եւ աշխատանքի արժէք
Աճեմօղլուի քննադատութիւնը կը տարածուի նաեւ ինքնութեան քաղաքականութեան որոշ դրսեւորումներուն վրայ։ Այս հասկացութիւնը կը վերաբերի այն քաղաքական մօտեցումներուն, որոնք կը կեդրոնանան մարդոց ազգային, ցեղային, կրօնական, սեռային կամ այլ ինքնութիւններուն վրայ՝ նպատակ ունենալով պաշտպանել անոնց իրաւունքները եւ պայքարիլ խտրականութեան դէմ։ Ան կը պաշտպանէ խտրականութեան դէմ պայքարը եւ հասարակական ներառման անհրաժեշտութիւնը, սակայն վերապահութիւններ ունի բազմազանութեան, հաւասարութեան եւ ներառման որոշ նախաձեռնութիւններու գործադրութեան եղանակներուն նկատմամբ։ Իր կարծիքով՝ երբ նման քաղաքականութիւններ կը պարտադրուին վերէն վար, առանց հասարակութեան տարբեր խաւերուն մտահոգութիւնները նկատի առնելու, անոնք կրնան նոր հակադրութիւններ ստեղծել։ Տնտեսագէտը կը զգուշացնէ, որ մշակութային հարցերու շուրջ քաղաքական պայքարը պէտք չէ երկրորդական դարձնէ աշխատավարձերու, աշխատանքի պայմաններու եւ տնտեսական արդարութեան խնդիրները։
Անոր տնտեսական առաջարկներուն առանցքը աշխատանքի եւ դրամագլուխի միջեւ գոյութիւն ունեցող անհաւասարակշռութիւնը մեղմացնելն է։ Աճեմօղլու կը քննադատէ հարկային այն համակարգերը, որոնք աշխատանքի եկամուտը եւ դրամագլուխէն ստացուած եկամուտը տարբեր ձեւերով կը տնօրինեն՝ երբեմն ընկերութիւններուն համար աւելի շահաւէտ դարձնելով աշխատուժը մեքենաներով փոխարինելը։ Ան կը պաշտպանէ հարկային համակարգի վերանայում մը, որ պիտի նուազեցնէ այս անհաւասարութիւնը եւ պետական եկամուտներու աւելի արդար հիմք ստեղծէ։ Սակայն ան կը շեշտէ, որ տնտեսական քաղաքականութիւնը միայն հարկային փոփոխութիւններով չի կրնար յաջողիլ։ Ժողովրդավարական հասարակութիւնները պէտք է նաեւ վերագտնեն հասարակական արդարութեան, փոխադարձ պարտաւորութեան եւ հաւաքական բարօրութեան գիտակցութիւնը։
Արուեստական իմացականութիւն. ո՞ր ուղղութեամբ կ՚ընթանայ զարգացումը
Հարցազրոյցին կարեւոր բաժիններէն մէկը կը վերաբերի արուեստական իմացականութեան (ԱԻ) զարգացման եւ անոր տնտեսական հետեւանքներուն։ Աճեմօղլու կը զգուշացնէ, որ ԱԻ-ի շուրջ ստեղծուած մեծ ոգեւորութիւնը պէտք չէ շփոթել տնտեսութեան մէջ անոր արդէն իսկ արձանագրած իրական ազդեցութեան հետ։
Թէեւ ԱԻ-ի զրուցավար համակարգերը լայն տարածում գտած են, անոնց ներգրաւումը արտադրական եւ աշխատանքային գործընթացներուն մէջ տակաւին սահմանափակ է՝ բացառութեամբ որոշ ոլորտներու, ինչպէս համակարգչային ծրագրաւորումը։
Սակայն անոր հիմնական մտահոգութիւնը ԱԻ-ի զարգացման ներկայ ուղղութիւնն է։ Աճեմօղլու կը քննադատէ արհեստագիտական մեծ ընկերութիւններուն այն ձգտումը, որ առաջնահերթութիւն կը դարձնէ մարդկային կարողութիւններուն համարժէք կամ զանոնք գերազանցող ընդհանուր նշանակութեան արուեստական իմացականութեան ստեղծումը։ Իր կարծիքով՝ այս նպատակը կը կլանէ հսկայական դրամագլուխ եւ գիտական ներուժ, որոնք կարելի էր օգտագործել աշխատաւորներուն կարողութիւնները զարգացնող, արտադրողականութիւնը բարձրացնող եւ հասարակութեան իրական կարիքներուն ծառայող միջոցներ ստեղծելու համար։
Այս մօտեցումով՝ արհեստագիտական յառաջդիմութիւնը պէտք չէ չափուի միայն մեքենաներուն կարողութիւններով կամ մարդկային աշխատանքը փոխարինելու անոնց հնարաւորութեամբ։ Կարեւոր է նաեւ այն, թէ նոր արհեստագիտութիւնները որքանո՛վ կը նպաստեն աշխատաւորներուն արդիւնաւէտութեան, տնտեսական բարօրութեան եւ հասարակական մասնակցութեան։ Այլ խօսքով՝ Աճեմօղլուի համար հիմնական հարցը միայն այն չէ, թէ ԱԻ-ն որքանո՛վ պիտի զարգանայ, այլ՝ թէ որո՛ւ պիտի ծառայէ այդ զարգացումը։
Արհեստագիտական հսկաները եւ ժողովրդավարական վերահսկողութիւնը
Աճեմօղլու մտահոգութիւն կը յայտնէ նաեւ արհեստագիտական մեծ ընկերութիւններուն ղեկավարներուն աճող հասարակական եւ քաղաքական ազդեցութեան առնչութեամբ։ Ան կը քննադատէ այն երեւոյթը, երբ Իլոն Մասքի, Սէմ Ալթմանի եւ այլ արհեստագիտական գործարարներու յայտարարութիւնները կը ներկայացուին իբրեւ հասարակութեան ապագային վերաբերող հեղինակաւոր ուղեցոյցներ։ Իր կարծիքով՝ լրատուամիջոցները պէտք է աւելի քննադատաբար մօտենան այս գործարարներուն գաղափարներուն եւ խոստումներուն՝ փոխանակ անոնց տրամադրելու հանրային քննարկումը ուղղորդելու առանձնաշնորհեալ դիրք։
Տնտեսագէտին մտահոգութիւնը միայն անհատ ղեկավարներու ազդեցութիւնը չէ։ Հարցը նաեւ այն է, որ հասարակութեան ապագան ձեւաւորող արհեստագիտական որոշումները աստիճանաբար կը կեդրոնանան սահմանափակ թիւով ընկերութիւններու ձեռքը՝ առանց համապատասխան ժողովրդավարական վերահսկողութեան։ Այս մտահոգութիւնը կը տարածուի նաեւ ընկերային ցանցերուն վրայ։ Աճեմօղլու կը քննադատէ անոնց այն հաշուարկային համակարգերը, որոնք առաջնահերթութիւն կու տան օգտատէրերուն ուշադրութիւնը երկար պահող եւ ուժեղ հակազդեցութիւններ յառաջացնող բովանդակութեան։
Ան կը պաշտպանէ նման յանձնարարական համակարգերու գործունէութիւնը սահմանափակելու, նոյնիսկ արգիլելու գաղափարը։ Իր առաջարկը ուղղուած չէ խօսքի ազատութեան դէմ, այլ այն գործելակերպին, որով ընկերային ցանցերը որոշ բովանդակութիւններ կը տարածեն եւ կրնան խորացնել հասարակական բեւեռացումը։
Նոյն տրամաբանութեամբ, ան կը պաշտպանէ քաղաքականութեան վրայ դրամական ազդեցութիւնը սահմանափակելու միջոցներ, ներառեալ ընկերութիւններուն քաղաքական ծախսերը արգիլելու առաջարկը։ Աճեմօղլուի դիտարկումով՝ տնտեսական իշխանութեան կեդրոնացումը, տեղեկատուական միջավայրին վերահսկողութիւնը եւ քաղաքական որոշումներուն վրայ դրամի ազդեցութիւնը կապակցուած խնդիրներ են, որոնք կրնան տկարացնել ժողովրդավարական ներգրաւուածութիւնը։
Ժողովրդավարութեան ապագան՝ հասարակութեան ձեռքը
Հարցազրոյցին տարբեր բաժինները կը միաւորուին հիմնական գաղափարի մը շուրջ. ժողովրդավարութիւնը չի կրնար առողջ մնալ, եթէ տնտեսական եւ քաղաքական իշխանութիւնը շարունակաբար կեդրոնանայ փոքրաթիւ ազդեցիկ անհատներու եւ հաստատութիւններու ձեռքը։
Աճեմօղլուի համար ժողովրդավարութեան վերականգնումը չի սահմանափակուիր ընտրութիւններով կամ քաղաքական ղեկավարներու փոփոխութեամբ։ Անիկա կը պահանջէ վերանայիլ տնտեսական զարգացման նպատակները, աշխատանքի արժէքը, արհեստագիտական նորարարութեան ուղղութիւնը եւ քաղաքացիներուն մասնակցութիւնը հասարակական որոշումներուն։
Անոր առաջարկած այլընտրանքը տնտեսական արդարութեան, հասարակական համախմբումի եւ ժողովրդավարական մասնակցութեան ամրապնդումն է։ Այս տեսանկիւնէն ուշագրաւ կապ մը կարելի է տեսնել Աճեմօղլուի անձնական պատմութեան եւ գիտական մտահոգութիւններուն միջեւ։ Թուրքիոյ մէջ մեծցած հայ պատանիին փորձառութիւնը, քաղաքական ճնշումներու միջավայրը եւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին ընտանեկան լռութիւնը կը ներկայացնեն հասարակութեան մը տարբեր իրականութիւնները, ուր իշխանութեան պայմանները կրնան ազդել ոչ միայն մարդոց առօրեային, այլեւ անոնց խօսելու եւ սեփական պատմութիւնը փոխանցելու հնարաւորութեան վրայ։
Իսկ տնտեսագէտին հետագայ ուսումնասիրութիւնները կը կեդրոնանան աւելի համապարփակ հարցադրումի մը վրայ՝ ինչպէ՞ս կարելի է ստեղծել այնպիսի հաստատութիւններ, որոնք կը սահմանափակեն իշխանութեան կեդրոնացումը եւ քաղաքացիներուն կու տան իրենց հասարակութեան ապագային մասնակցելու իրական հնարաւորութիւն։
Աճեմօղլուի հարցազրոյցէն բխող հիմնական հարցադրումը, հետեւաբար, կը վերաբերի ոչ միայն ժողովրդավարութեան կամ արուեստական իմացականութեան, այլեւ հասարակութեան ապագան որոշելու իրաւունքին։
Արդեօք տնտեսական եւ արհեստագիտական յառաջդիմութիւնը պիտի ծառայէ ամբողջ հասարակութեա՞ն, թէ՞ պիտի շարունակէ հարստութիւնն ու իշխանութիւնը կեդրոնացնել սահմանափակ թիւով մարդոց ձեռքը։
Աճեմօղլուի ներկայացուցած մօտեցումով՝ այս հարցումին պատասխանը պէտք չէ ձգել միայն քաղաքական ղեկավարներուն, տնտեսական վերնախաւին կամ արհեստագիտական հսկաներուն։
Պատրաստեց՝ Վ.Թ.



