Աշխարհը Փեքինի աչքերով. ի՞նչ աշխարհակարգ կ’ուզէ Շի Ճինփինկ

Չինաստանի մասին շատ բան կը լսենք, բայց շատ քիչ անգամ կը փորձենք աշխարհին նայիլ Չինաստանի աչքերով։ Թայուան, առեւտրական պատերազմ, Ռուսիա, Հարաւային Չինական ծով, «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ», Միացեալ Նահանգներու հետ մրցակցութիւն. այս բոլորը մեզի կը հասնին մեծ մասամբ արեւմտեան լրատուամիջոցներու եւ վերլուծական կեդրոններու մեկնաբանութեամբ։

Բայց ինչպէ՞ս կը տեսնէ ինք՝ Չինաստանը աշխարհը։ Ի՞նչ կը կարծէ նախագահ Շի Ճինփինկ ղեկավարութիւնը ներկայ աշխարհակարգին մասին։ Եւ, ամենէն կարեւորը, ի՞նչ աշխարհ կ’ուզէ անոր փոխարէն։

Այս հարցումներուն հետաքրքրական պատասխաններ կու տայ Աւստրալիոյ Lowy Institute-ի Արեւելեան Ասիոյ հարցերու աւագ գիտաշխատող Ռիչըրտ ՄըքԿրեկորի 2025-ին հրատարակած The World According to Xi Jinping ուսումնասիրութիւնը։ ՄըքԿրեկոր երկար տարիներ եղած է Financial Times-ի Փեքինի եւ Ուաշինկթընի թղթակից եւ Չինաստանի քաղաքական համակարգին նուիրուած քանի մը գիրքերու հեղինակ է։

Սակայն հոս կարեւոր է նշել, որ ՄըքԿրեկոր չինական տեսակէտը ներսէն ներկայացնող հեղինակ մը չէ։ Ան Չինաստանը կը դիտէ արտաքին՝ աւստրալիական եւ ընդհանրապէս արեւմտեան ռազմավարական տեսանկիւնէ։ Ուստի, եթէ իսկապէս կ’ուզենք հասկնալ, թէ Չինաստան ինչպէս կը տեսնէ աշխարհը, ՄըքԿրեկորի վերլուծութեան կողքին պէտք է լսենք նաեւ Փեքինի սեփական խօսքը։

Տէնկ Շիաոփինկի (Deng Xiaoping) Չինաստանէն՝ Շի Ճինփինկի (Xi Jinping) Չինաստանը

Ժամանակ մը Չինաստանի արտաքին քաղաքականութեան նշանաբաններէն մէկը կարելի էր ամփոփել Տէնկ Շիաոփինկի վերագրուող մօտեցումով՝ ուժդ ծածուկ պահէ, Շի Ճինփինկի Չինաստանը այլեւս այդ Չինաստանը չէ։

ՄըքԿրեկորի համաձայն՝ Շի չէ ստեղծած Չինաստանի այսօրուան բոլոր արտաքին քաղաքական ուղղութիւնները։ Միացեալ Նահանգներու հետ մրցակցութիւնը եւ Ռուսիոյ հետ մերձեցումը արդէն սկսած էին իր նախորդներուն օրով։ Բայց Շի զանոնք զգալիօրէն արագացուցած եւ շատ աւելի բացայայտ դարձուցած է։

Փոփոխութեան հիմքը միայն գաղափարական չէ։ Անոր ետին կայ շատ պարզ իրականութիւն մը՝ ուժը։

Տասնամեակներու տնտեսական աճէն ետք, Չինաստան ունի այնպիսի տնտեսական, արհեստագիտական, դիւանագիտական եւ զինուորական միջոցներ, զորս նախապէս չունէր։ ՄըքԿրեկորի հիմնական փաստարկներէն մէկն ալ այս է. Շիի աւելի ինքնավստահ արտաքին քաղաքականութիւնը կարելի չէր ըլլար առանց Չինաստանի տնտեսական եւ զինուորական հզօրացման։

Այսինքն՝ փոխուած չէ միայն Չինաստանի մտածողութիւնը։ Փոխուած է նաեւ այն, ինչ որ Չինաստան կրնայ ընել։

Ամերիկեան աշխարհակարգը՝ Չինաստանի աչքերով

Երկրորդ աշխարհամարտէն ետք ձեւաւորուած միջազգային համակարգին մէջ Միացեալ Նահանգները դարձան տնտեսական, զինուորական եւ քաղաքական գլխաւոր ուժերէն, իսկ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք՝ գերիշխող միակ ուժը։

Չինաստան մեծապէս օգտուեցաւ այդ համակարգէն։ Համաշխարհային առեւտուրը, օտար ներդրումները, արեւմտեան շուկաները եւ արհեստագիտական փոխանցումները վճռական դեր ունեցան անոր տնտեսական վերելքին մէջ։

Բայց օգտուիլ համակարգէ մը չի նշանակեր ընդունիլ անոր գաղափարական հիմքերը։

ՄըքԿրեկորի համաձայն, Չինաստանի համայնավար ղեկավարութիւնը երբեք ամբողջովին չէ ընդունած այն գաղափարը, թէ Միացեալ Նահանգները իրաւունք ունի սահմանելու միջազգային կարգի արժէքները։ Ան այս առումով յատկանշական կը նկատէ 2021-ի Ալասքայի ամերիկեւչինական հանդիպումը, ուր բարձրաստիճան չինացի դիւանագէտ Եանկ Ճիէչէն բացայայտօրէն հակադարձեց ամերիկեան պատուիրակութեան՝ շեշտելով, որ Միացեալ Նահանգները միայն ինքզինք կը ներկայացնէ եւ ամերիկեան արժէքները ինքնաբերաբար միջազգային արժէքներ չեն։

Այս կէտը կարեւոր է Շիի աշխարհայեացքը հասկնալու համար։

Փեքինի պաշտօնական խօսոյթին մէջ աշխարհը պէտք չէ կազմակերպուի այն ենթադրութեամբ, որ քաղաքական մէկ համակարգ կամ քաղաքակրթական մէկ փորձառութիւն իրաւունք ունի իր չափանիշները պարտադրելու միւսներուն։ Չինաստանի պաշտօնական փաստաթուղթերը փոխարէնը կը շեշտեն պետութիւններու ինքնիշխանութիւնը, քաղաքակրթութիւններու բազմազանութիւնը, երկխօսութիւնը եւ տարբեր զարգացման ուղիներու իրաւունքը։

Արեւմտեան ընթերցողին համար այս լեզուն երբեմն կրնայ հնչել իբրեւ ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հարցերէն խուսափելու միջոց։ Չինական տեսանկիւնէն, սակայն, նոյն հարցը կը ներկայացուի բոլորովին տարբեր՝ ո՞վ որոշած է, որ Արեւմուտքի քաղաքական արժէքները համընդհանուր չափանիշ պէտք է ըլլան։

Այս երկու մեկնաբանութիւններուն միջեւ է, որ այսօրուան գաղափարական պայքարին մէկ կարեւոր մասը տեղի կ՚ունենայ։

Զարգացումը՝ ազատութենէն առա՞ջ

Տարբերութիւնը յատկապէս տեսանելի է զարգացման հարցին մէջ։

Արեւմտեան քաղաքական խօսոյթը յաճախ միջազգային կարգը կը կապէ ժողովրդավարութեան, քաղաքական ազատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու։ Չինական պաշտօնական խօսոյթը շատ աւելի մեծ կշիռ կու տայ տնտեսական զարգացման, աղքատութեան նուազեցման, ենթակառոյցներու, կայունութեան եւ պետութեան զարգացման կարողութեան։

ՄըքԿրեկոր այս մէկը կը մեկնաբանէ որպէս ՄԱԿ-ի եւ այլ միջազգային կառոյցներու արժէքային առաջնահերթութիւնները ժողովրդավարութենէն դէպի զարգացում տեղափոխելու չինական փորձ։

Փեքին, բնականաբար, նոյն քաղաքականութիւնը այդպէս չի ներկայացներ։ Իր Global Development Initiative-ը՝ Համաշխարհային զարգացման նախաձեռնութիւնը, ան կը ներկայացնէ իբրեւ ՄԱԿ-ի Կայուն զարգացման նպատակներուն օժանդակող եւ զարգացող երկիրներու կարիքները միջազգային օրակարգի կեդրոն վերադարձնող ծրագիր։ 2026-ի Յուլիսին, Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Ուանկ Եի յայտարարեց, որ նախաձեռնութիւնը հինգ տարուան ընթացքին չինական առաջարկէ վերածուած է միջազգային համագործակցութեան գործող հարթակի։

Հոս հարցը այլեւս միայն Չինաստանի մասին չէ։

Ափրիկէի, Ասիոյ, Լատին Ամերիկայի եւ Միջին Արեւելքի բազմաթիւ երկիրներու համար կամուրջը, նաւահանգիստը, ելեկտրակայանը, երկաթուղին, գործատեղին կամ արհեստագիտական ներդրումը կրնան նոյնքան անմիջական նշանակութիւն ունենալ, որքան քաղաքական համակարգի մասին գաղափարական բանավէճերը։

Չինաստան շատ լաւ հասկցած է այս իրականութիւնը։

Տնտեսութիւնը այլեւս միայն տնտեսութիւն չէ

Սակայն Շիի Չինաստանին մէջ ուրիշ կարեւոր փոփոխութիւն մըն ալ տեղի ունեցած է։

Ժամանակ մը չինացի պաշտօնատարի յաջողութիւնը մեծ չափով կը գնահատուէր իր շրջանին տնտեսական աճով։ ՄըքԿրեկորի բնորոշումով՝ այդ «GDPism»-ը՝ աճ ամէն գնով տրամաբանութիւնը, վերջ գտած է։ Այսօր տնտեսական աճին կողքին, իսկ երբեմն անկէ առաջ, կայ ուրիշ առաջնահերթութիւն մը՝ ազգային անվտանգութիւնը։

Այս պատճառով Շի շարունակ կը շեշտէ տնտեսական եւ արհեստագիտական ինքնաբաւութեան անհրաժեշտութիւնը։

Առաջին հայեացքով հակասութիւն մը կայ։ Չինաստանի վերելքը տեղի ունեցաւ համաշխարհայնացման շնորհիւ, բայց նոյն Չինաստանը այսօր կ՚ուզէ օտար արհեստագիտութենէն եւ ռազմավարական մատակարարումներէն իր կախուածութիւնը նուազեցնել։

Սակայն Շիի ռազմավարական տրամաբանութեան մէջ հակասութիւնը կը նուազի։ Եթէ կիսահաղորդիչներու, ուժանիւթի, սնունդի, հաղորդակցութեան կամ այլ ռազմավարական մարզերու մէջ կախեալ ես մրցակիցէդ, տնտեսական կախուածութիւնը ճգնաժամի ժամանակ կրնայ քաղաքական խոցելիութեան վերածուիլ։

Տնտեսական քաղաքականութիւնը, հետեւաբար, նաեւ ազգային անվտանգութեան քաղաքականութիւն է։

Միաժամանակ պէտք չէ Չինաստանի տնտեսութիւնը ներկայացնել իբրեւ անսահմանափակ աճող ուժ։ ՄըքԿրեկոր ինքն ալ իր եզրակացութեան մէջ հարց կու տայ, թէ տնտեսութիւնը որքան պիտի կարենայ ֆինանսաւորել Շիի զինուորական եւ արտաքին քաղաքական մեծ ձգտումները։ 2025-ին Չինաստանի տնտեսութիւնը, պաշտօնական տուեալներով, աճած է 5 տոկոսով, բայց տարուան ընթացքին եռամսեակային աճը աստիճանաբար դանդաղած է՝ առաջին եռամսեակի 5,4 տոկոսէն մինչեւ չորրորդ եռամսեակի 4,5 տոկոս։

«Համաշխարհային Հարաւ»-ը՝ Չինաստանի մեծ հնարաւորութիւնը

Չինաստանի ռազմավարութեան ամենէն հետաքրքրական կողմերէն մէկը թերեւս այն է, որ ան աշխարհը միայն Ուաշինկթըն–Փեքին մրցակցութեան տեսանկիւնէն չի դիտեր։

Ափրիկէն, Լատին Ամերիկան, Միջին Արեւելքը, Կեդրոնական եւ Հարաւ-արեւելեան Ասիան երկրորդական բեմեր չեն։ Անոնք նոր աշխարհակարգին համար պայքարի կեդրոնական տարածքներ են։

«Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» նախաձեռնութիւնը Չինաստանին տնտեսական եւ արհեստագիտական հսկայական ներկայութիւն տուաւ բազմաթիւ երկիրներու մէջ։ ՄըքԿրեկոր կը նշէ, որ ծրագիրը այսօր նախկին ծաւալը չունի եւ պարտքերու բարդ խնդիրներ ալ ստեղծած է, բայց իր հիմնական նպատակներէն մէկուն հասած է՝ չինական տնտեսական եւ արհեստագիտական ազդեցութիւնը ամրապնդած է արտասահմանի մէջ։ Սակայն Փեքին այսօր աւելի մեծ բան կ’առաջարկէ, քան ճամբաներ եւ նաւահանգիստներ։

Շիի նախաձեռնութիւնները կը խօսին զարգացման, անվտանգութեան, քաղաքակրթութիւններու եւ, 2025-էն ի վեր, նաեւ համաշխարհային կառավարման մասին։ Չինաստանի պաշտօնական ձեւակերպումով՝ այս նախաձեռնութիւնները զիրար կ’ամբողջացնեն. զարգացումը կը ստեղծէ բարգաւաճում, անվտանգութիւնը՝ կայունութիւն, քաղաքակրթութիւններու փոխանակումը՝ վստահութիւն, իսկ կառավարման բարեփոխումը՝ աւելի արդար միջազգային համակարգ։

ՄըքԿրեկոր նոյն երեւոյթին մէջ կը տեսնէ նաեւ ուրիշ նպատակ մը՝ զարգացող աշխարհին մէջ առաջնորդ դիրք գրաւել եւ ամերիկեան ղեկավարութեամբ համակարգին կողքին այլընտրանքային ուժային կեդրոններ ստեղծել։

Ոչ անպայմանօրէն այս Երկու մեկնաբանութիւնները ամբողջովին զիրար բացառեն։

Պետութիւնները կրնան միաժամանակ գաղափարներ ունենալ աշխարհի կազմակերպման մասին եւ այդ գաղափարներուն միջոցով հետապնդել իրենց ազգային շահերը։

Չինաստան բացառութիւն չէ։ Միացեալ Նահանգները՝ նոյնպէս։

Աշխարհը փոխե՞լ, թէ՞ ղեկավարել

Եւ հոս կը հասնինք հիմնական հարցումին։

Չինաստան կ’ուզէ՞ փոխարինել Միացեալ Նահանգները եւ ինք դառնալ աշխարհի գերիշխող ուժը։

Փեքինի պաշտօնական պատասխանը՝ ոչ։ Չինական փաստաթուղթերը կը խօսին բազմակողմանիութեան, ինքնիշխանութեան, փոխադարձ շահու, երկխօսութեան եւ «մարդկութեան ընդհանուր ապագայ ունեցող համայնք» կառուցելու մասին։ Համաշխարհային անվտանգութեան նախաձեռնութիւնը, օրինակ, կը մերժէ «խմբակցային առճակատումը» եւ կը շեշտէ, որ մէկ պետութեան անվտանգութիւնը պէտք չէ կառուցուի ուրիշի անապահովութեան վրայ։

ՄըքԿրեկորի ընթերցումը աւելի կասկածամիտ է։ Ան կը տեսնէ Չինաստան մը, որ կ’ուզէ սահմանափակել ամերիկեան գերակայութիւնը, ամրապնդել իր դիրքը Ասիոյ մէջ, զարգացող աշխարհին մէջ առաջնորդ դեր ստանձնել եւ միջազգային հաստատութիւններու արժէքներն ու առաջնահերթութիւնները վերաձեւել։

Ո՞ր մեկնաբանութիւնը ճիշդ է։ Թերեւս սխալ է կարծել, որ միայն մէկը կրնայ ճիշդ ըլլալ։ Չինաստան կրնայ իսկապէս ուզել աւելի բազմաբեւեռ աշխարհ մը եւ միաժամանակ ուզել այդ աշխարհին մէջ շատ աւելի մեծ չինական ազդեցութիւն։ Ան կրնայ իսկապէս պաշտպանել պետական ինքնիշխանութեան սկզբունքը եւ միաժամանակ անոր միջոցով պաշտպանել իր սեփական քաղաքական համակարգը արտաքին քննադատութենէ։ Ան կրնայ իսկապէս զարգացող երկիրներուն տնտեսական կարելիութիւններ առաջարկել եւ միաժամանակ այդ յարաբերութիւններով իր ռազմավարական դիրքը ամրապնդել։

Մեծ պետութիւններու քաղաքականութիւնը հազուադէպօրէն մէկ շարժառիթ ունի։

Թրամփ–Շի հանդիպումը. տեսութենէն՝ իրական աշխարհ

Այս բոլոր հարցումները շատ աւելի շօշափելի պիտի դառնան Ուաշինկթընի մէջ, 24 Սեպտեմբերին, երբ Տոնըլտ Թրամփ եւ Շի Ճինփինկ պիտի հանդիպին այնպիսի պահու մը, երբ ամերիկեւչինական մրցակցութիւնը այլեւս միայն առեւտուրի, մաքսատուրքերու, արհեստագիտութեան կամ Թայուանի շուրջ չէ։ Ամերիկա–Իրան պատերազմը եւ Հորմուզի նեղուցով նաւարկութեան գրեթէ դադրեցումը Միջին Արեւելքը դարձուցած են նաեւ ամերիկեւչինական յարաբերութիւններու անմիջական հարցերէն մէկը։ Ուաշինկթըն կը փորձէ Փեքինի ազդեցութիւնը օգտագործել՝ Թեհրանը բանակցութեան մղելու եւ Հորմուզի վերաբացման նպաստելու համար, մինչ Չինաստան եւս անմիջական տնտեսական շահ ունի նեղուցի վերաբացումին մէջ, որովհետեւ Միջին Արեւելքի ուժանիւթային հոսքերու խափանումը ուղղակիօրէն կը հարուածէ իր տնտեսութեան։ Սակայն Փեքին միաժամանակ կը պահպանէ Իրանի հետ իր ռազմավարական յարաբերութիւնը եւ կը շեշտէ բանակցութեան, ինքնիշխանութեան ու ռազմական բախումի դադրեցման անհրաժեշտութիւնը։

Այս պատճառով Թրամփ–Շի հանդիպումը գրեթէ կենդանի փորձաքար մը պիտի դառնայ այս յօդուածին հիմնական հարցումին։ Երբ աշխարհի երկու մեծագոյն ուժերէն մէկը միւսէն կ’ակնկալէ միջամտել պատերազմի մը դիւանագիտական լուծումին, ապահովել համաշխարհային ուժանիւթային ճանապարհի վերաբացումը եւ իր ազդեցութիւնը գործածել երրորդ պետութեան վրայ, Չինաստան այլեւս պարզապէս ուրիշներու սահմանած աշխարհակարգին յարմարող երկիր մը չէ։ Բայց նոյնքան հետաքրքրական է, թէ Փեքին ի՛նչ պիտի ընէ այդ ազդեցութեամբ. պիտի գործածէ՞ զայն Ուաշինկթընի հետ գործակցելու համար, թէ՞ պիտի շարունակէ գործել իբրեւ առանձին ուժային կեդրոն, որ թէ՛ Թեհրանի եւ թէ՛ Ուաշինկթընի հետ կրնայ խօսիլ՝ առանց ամբողջովին նոյնանալու կողմերէն որեւէ մէկուն հետ։ Այս իմաստով Թրամփ–Շի գերաստիճանը միայն երկու ղեկավարներուն կամ երկու երկիրներուն չի վերաբերիր։ Ան փոքր, բայց նշանակալից պատկեր մըն է այն բազմաբեւեռ աշխարհին, որուն ձեւաւորման մասին այս ամբողջ յօդուածը կը խօսի։

Ինչո՞ւ մեզի պէտք է հետաքրքրէ

Չինաստանի աշխարհայեացքը հասկնալը չի նշանակեր զայն ընդունիլ։ Բայց նոյնքան վտանգաւոր է զայն հասկնալ միայն ուրիշի աչքերով։

Եթէ աշխարհը իսկապէս կ՚ուղղուի դէպի աւելի բազմաբեւեռ համակարգ, ապա փոքր ժողովուրդներն ու պետութիւնները պէտք է կարենան հասկնալ ոչ միայն Ուաշինկթընի, Փարիզի կամ Պրիւքսէլի լեզուն, այլ նաեւ Փեքինի, Տելհիի, Մոսկուայի, Ռիատի եւ ուժային այլ կեդրոններու մտածողութիւնը։

Չինաստանը հասկնալու համար բաւարար չէ հարցնել, թէ ի՞նչ կ’ընէ Չինաստան։ Պէտք է նաեւ հարցնել՝ ինչո՞ւ կը կարծէ, որ իր ըրածը տրամաբանական է։

Թերեւս Շի Ճինփինկի աշխարհայեացքին ամենակարեւոր գաղափարը այն է, որ աշխարհը, ուր Չինաստան պէտք էր յարմարեր ուրիշներու ստեղծած կանոններուն, աստիճանաբար վերջ կը գտնէ։ Անոր փոխարէն Փեքին կ’ուզէ աշխարհ մը, ուր ինք ալ կը մասնակցի կանոններու սահմանումին։

Արեւմուտքը այդ փոփոխութեան մէջ կրնայ տեսնել վտանգ մը իր ստեղծած միջազգային կարգին համար։ Չինաստան զայն կրնայ ներկայացնել իբրեւ պատմական անհաւասարակշռութեան սրբագրութիւն։ Զարգացող երկիրներէն շատեր իրենց կարգին կրնան անոր մէջ տեսնել թէ՛ նոր կարելիութիւններ, թէ՛ նոր կախուածութիւններ։

Իսկ մեզի կը մնայ չորրորդ կարելիութիւնը՝ փորձել հասկնալ երեքն ալ, նախքան կողմերէն մէկուն պատմութիւնը ամբողջ ճշմարտութիւն ընդունիլը։

Հ.Ա.

«Տարբերակ21»

 

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x