Երկու գոյութենական վտանգ եւ 15 մեծ սպառնալիք. ո՞ւր կ’երթայ մարդկութիւնը մինչեւ 2100 թուական

Աշխարհի ապագային մասին մեր մտահոգութիւնները յաճախ կը կեդրոնանան առանձին խնդիրներու վրայ. պատերազմներ, կլիմայական փոփոխութիւններ, համաճարակներ, տնտեսական անհաւասարութիւն կամ արուեստական իմացականութեան անհակակշիռ զարգացում։ Սովորաբար այս վտանգները կը դիտարկենք իրարմէ անջատ, կարծես իւրաքանչիւրը կարելի ըլլայ դիմագրաւել իրեն յատուկ մօտեցումով կամ որոշումով։ Սակայն իրականութիւնը շատ աւելի բարդ է։ Այս սպառնալիքները կապակցուած են եւ յաճախ կը սրեն զիրար։ Պատերազմ մը կրնայ քանդել առողջապահական համակարգերը, կլիմայական փոփոխութիւնը՝ խորացնել սննդամթերքի պակասը, իսկ տնտեսական անհաւասարութիւնը՝ միլիոնաւոր մարդիկ զրկել կրթութենէ եւ բժշկական խնամքէ։

Այս կապակցուած վտանգները վերջերս ուսումնասիրած է բժշկական հեղինակաւոր The Lancet պարբերականին նախաձեռնութեամբ ստեղծուած միջազգային յանձնաժողով մը։ Անոր գնահատումը, որուն մասին 11 հոկտեմբեր 2026-ին կը տեղեկագրէ բրիտանական The Guardian օրաթերթը, կը բացայայտէ մտահոգիչ պատկեր մը. յառաջիկայ 75 տարիներուն մարդկութեան առողջութեան եւ բարօրութեան կը սպառնան առնուազն 17 մեծ վտանգներ։

Անոնցմէ երկուքը՝ կորիզային պատերազմը եւ արուեստական իմացականութեան չարամիտ օգտագործումը, կրնան նոյնիսկ մարդկութեան գոյութիւնը վտանգել։ Սակայն ուսումնասիրութեան հիմնական թելադրանքը միայն ահազանգելը չէ։ Հետազօտողները կը շեշտեն, որ իւրաքանչիւր սպառնալիքի դիմաց գոյութիւն ունին կանխարգիլման եւ հակազդեցութեան իրատեսական միջոցներ։

Երկու վտանգ, որոնք կրնան սպառնալ մարդկութեան գոյութեան

Յանձնաժողովին համաձայն՝ կորիզային լայնածաւալ պատերազմը եւ արուեստական իմացականութեան չարամիտ օգտագործումը մարդկութեան առջեւ կը դնեն գոյութենական վտանգներ։ Կորիզային պատերազմի պարագային սպառնալիքը չի սահմանափակուիր պայթումներու պատճառած անմիջական աւերով։ Կորիզային լայնածաւալ հակամարտութիւն մը կրնայ մթնոլորտի վերին շերտերուն մէջ տարածել հսկայական քանակութեամբ մասնիկներ, որոնք պիտի սահմանափակեն արեւու ճառագայթներուն հասանելիութիւնը Երկրի մակերեսին։ Ասիկա կրնայ յառաջացնել համաշխարհային ջերմաստիճանի կտրուկ անկում մը, խանգարել երկրագործական արտադրութիւնը եւ պատճառ դառնալ համատարած սովի։ Այս երեւոյթը ծանօթ է «կորիզային ձմեռ» անունով։

Արուեստական իմացականութեան պարագային ուսումնասիրութիւնը մասնաւորաբար կը զգուշացնէ անոր չարամիտ օգտագործումէն, ներառեալ կենսաբանական զէնքերու ստեղծման կամ զարգացման կարելիութենէն։

Հետազօտողները կ’ընդգծեն, որ նման աղէտներու հաւանականութիւնը ցած է, սակայն անոնց հաւանական հետեւանքները այնքան ծանր են, որ կարելի չէ անտեսել զանոնք։

The Lancetի մէջ հրապարակուած մեկնաբանական յօդուածը կը զգուշացնէ, որ եթէ այս վտանգները իրականութիւն դառնան, մարդկութիւնը կրնայ դէմ յանդիման գտնուիլ աղէտալի հետեւանքներու։

Մարդկային առողջութեան սպառնացող 17 վտանգները

Ուսումնասիրութիւնը չի սահմանափակուիր միայն կորիզային զէնքերով եւ արուեստական իմացականութեամբ։ Յանձնաժողովը կը բնորոշէ 17 սպառնալիք, որոնք, մինչեւ 2100 թուականը, կրնան ահաւոր վնաս պատճառել մարդկային առողջութեան։

Կորիզային պատերազմին եւ արուեստական իմացականութեան չարամիտ օգտագործման կողքին, անոնք կ’ընդգրկեն սովորական զինեալ հակամարտութիւնները, կլիմայական փոփոխութիւնը, օդի ապականութիւնը, հակամանրէային դեղերու նկատմամբ դիմադրողականութեան աճը, մանկական թերսնուցումը, միջազգային օժանդակութեան նուազումը, ոգելից ըմպելիներու չափազանց գործածութիւնը, արեան բարձր ճնշումը, եկամուտներու անհաւասարութիւնը, կրթութեան անբաւարար մակարդակը, բնական ծագում ունեցող համաճարակները, գիրութիւնը, հոգեկան առողջութեան խնդիրները, ծխախոտի գործածութիւնը եւ ծերացումը՝ առողջապահական խնդիրներով։

Այս ցանկը ուշագրաւ է նաեւ անով, որ մարդկութեան ապագային սպառնացող վտանգներուն շարքին կը դասէ ոչ միայն պատերազմներն ու համաճարակները, այլեւ կրթութեան պակասը, աղքատութեան հետեւանքները եւ առողջապահական համակարգերուն թերութիւնները։ Այլ խօսքով՝ մարդկութեան ապագան կախեալ չէ միայն, թէ պիտի կարենա՞նք կանխել մեծ աղէտները, այլ կարեւոր է նաեւ անդրադառնալ, թէ այսօր ինչպէ՛ս կը կազմակերպենք մեր հասարակութիւնները։

Ինչպէ՞ս գնահատուած են վտանգները

Յանձնաժողովը իր գնահատումը կատարած է հաշուելով, թէ իւրաքանչիւր սպառնալիք որքան առողջ կեանքի տարիներ կրնայ խլել մարդկութենէն։ Այս նպատակով գործածուած է հանրային առողջապահութեան մէջ ընդունուած չափանիշ մը՝ Disability-Adjusted Life Years (DALYs), որ կը միաւորէ վաղաժամ մահուան եւ հիւանդութեան կամ հաշմանդամութեան հետեւանքով կորսուած առողջ կեանքի տարիները։ Այսինքն՝ գնահատումը չի հաշուեր միայն մահերուն թիւը։ Ան նկատի կ՚առնէ նաեւ այն տարիները, որոնց ընթացքին մարդիկ կ՚ապրին հիւանդութեամբ, հաշմանդամութեամբ կամ առողջական լուրջ սահմանափակումներով։

Յանձնաժողովը «աղէտալի մեծ սպառնալիքներ»ու շարքին դասած է այն վտանգները, որոնք կրնան պատճառել աւելի քան մէկ միլիառ առողջ կեանքի տարուան կուտակային կորուստ։

Ուսումնասիրութեան կարեւոր յատկանիշներէն մէկն ալ այն է, որ հետազօտողները իւրաքանչիւր վտանգի համար քննած են հնարաւոր լուծումներ։ Այսպիսով, անոնց նպատակը միայն ապագայի մռայլ պատկեր մը ներկայացնելը չէ, այլ նաեւ ցոյց տալ, թէ ինչպէս կարելի է այսօր տրուած որոշումներով կանխել զայն:

Կլիմայական տագնապը եւ առողջ կեանքի միլիառաւոր տարիները

Կլիմայական փոփոխութիւնը յանձնաժողովին ուսումնասիրած հիմնական սպառնալիքներէն մէկն է։ Հետազօտողներուն գնահատումով՝ եթէ կարելի ըլլայ համաշխարհային ջերմաստիճանի բարձրացումը սահմանափակել շուրջ 1,8 աստիճանով, փոխանակ թոյլ տալու, որ անիկա հասնի 4,4 աստիճանի, կարելի պիտի ըլլայ կանխել առողջ կեանքի շուրջ 1,89 միլիառ տարուան կորուստ։ Այս տարբերութիւնը ցոյց կու տայ, թէ կլիմայական քաղաքականութիւնը որքան անմիջական առնչութիւն ունի հանրային առողջութեան հետ։

Ջերմաստիճանի բարձրացումը միայն կենսոլորտային հարց չէ։ Անիկա կ’ազդէ սննդամթերքի արտադրութեան, ջուրի հասանելիութեան, վարակիչ հիւանդութիւններու տարածման եւ մարդկային բնակավայրերու անվտանգութեան վրայ։ Հետեւաբար, կլիմայական փոփոխութեան դէմ պայքարը նաեւ մարդկային կեանքի եւ առողջութեան պաշտպանութեան քաղաքականութիւն է։

Միջազգային օժանդակութեան կրճատման ծանր հետեւանքները

Ուսումնասիրութիւնը յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ հարուստ երկիրներու կողմէ միջազգային օժանդակութեան կրճատումներուն։ Վերջին շրջանին, Միացեալ Նահանգներն ու Մեծն Բրիտանիան, ինչպէս նաեւ այլ մեծ նուիրատու պետութիւններ, յայտարարած են արտաքին օժանդակութեան զգալի կրճատումներ։

Յանձնաժողովին գնահատումով՝ միջազգային առողջապահական օժանդակութեան կտրուկ նուազումը կամ համակարգին փլուզումը մինչեւ 2100 թուականը կրնայ պատճառել մինչեւ 1,5 միլիառ առողջ կեանքի տարուան կորուստ։ Այդ կորուստներուն շուրջ 70 առ հարիւրը կրնայ բաժին իյնալ Սահարայէն հարաւ գտնուող ափրիկեան երկիրներուն, ուր մանկական թերսնուցումն ալ արդէն ծանր խնդիր է։

Այս պատկերը կը բացայայտէ համաշխարհային առողջապահութեան հիմնական հակասութիւններէն մէկը. միջազգային քաղաքական որոշումներուն հետեւանքները յաճախ ամենէն ծանր ձեւով կը կրեն այն ժողովուրդները, որոնք այդ որոշումներուն վրայ գրեթէ ազդեցութիւն չունին։

Հարուստ եւ աղքատ երկիրներու տարբեր սպառնալիքները

Յանձնաժողովը կը նկատէ, որ վտանգներուն բնոյթն ու ծանրութիւնը նոյնը չեն աշխարհի բոլոր շրջաններուն մէջ։ Բարձր եկամուտ ունեցող երկիրներուն մէջ առողջ կեանքի տարիներու կորուստին հիմնական պատճառներէն են ոչ-վարակիչ հիւանդութիւնները, մասնաւորաբար գիրութիւնը եւ հոգեկան առողջութեան խնդիրները։

Աւելի ցած եկամուտ ունեցող շրջաններուն մէջ, ընդհակառակը, մեծ ազդեցութիւն ունին կրթութեան անբաւարար մակարդակը, թերսնուցումը եւ առողջապահական ծառայութիւններու սահմանափակ հասանելիութիւնը։

Այս տարբերութիւնները կը նշանակեն, որ համաշխարհային սպառնալիքները դիմագրաւելու համար անհրաժեշտ են թէ՛ միջազգային համագործակցութիւն, թէ՛ տեղական պայմաններուն համապատասխան քաղաքականութիւններ։

Նոյն լուծումը չի կրնար նոյն արդիւնքը տալ աշխարհի բոլոր հասարակութիւններուն մէջ։

Ահազանգէն՝ կանխարգիլման քաղաքականութիւն

Յանձնաժողովը կազմուած է 35 մասնագէտներէ, որոնց գնահատումը ներկայացուեցաւ 11–13 հոկտեմբերին, Պերլինի մէջ գումարուած Առողջապահութեան համաշխարհային գագաթնաժողովին։ Անոր անդամները կը նախատեսեն ամէն տարի թարմացնել ուսումնասիրութիւնը՝ նոր տուեալներու եւ ի յայտ եկող սպառնալիքներու լոյսին տակ։

Յանձնաժողովի համանախագահ, Ուաշինկթընի համալսարանի Առողջապահական չափաբանութեան եւ գնահատման հիմնարկի տնօրէն փրոֆ. Քրիսթոֆըր Մըրէյի համաձայն, այսօրուան ղեկավարներուն որոշումները պիտի ձեւաւորեն յաջորդ սերունդին առողջութիւնն ու բարօրութիւնը։

Մըրէյ կը բացատրէ, որ երբ աշխատանքը սկսած էր երեք տարի առաջ, հետազօտողները կը կարծէին, թէ մարդկութեան առջեւ ծառացած էին երեք հիմնական սպառնալիքներ՝ հակամարտութիւնները, կլիմայական փոփոխութիւնը եւ համաճարակները։ Սակայն ուսումնասիրութիւնը բացայայտած է շատ աւելի լայն եւ բազմազան վտանգներու ամբողջութիւն մը։

Յանձնաժողովի անդամ, Լոնտոնի University College London համալսարանի համաճարակաբանութեան փրոֆեսոր Իպրահիմ Ապուպաքար կը շեշտէ, որ նպատակը հանրութիւնը վախցնել չէ։ Հետազօտողները կ’ուզեն որոշում կայացնողներուն ցոյց տալ, թէ որո՛նք են սպառնալիքները, ի՛նչ տարողութիւն կրնան ունենալ եւ ինչպէ՛ս կարելի է կանխարգիլել կամ մեղմացնել անոնց հետեւանքները։

Մասնագէտները կը յորդորեն կառավարութիւններուն ներդրումներ կատարելու նորարարական արհեստագիտութիւններու մէջ, ամրապնդել առողջապահական համակարգերը եւ զարգացնել վտանգները կանխատեսելու ու կանխարգիլելու կարողութիւնները։

Ապագան կանխորոշուած չէ

Ուսումնասիրութեան ամենակարեւոր եզրակացութիւնը թերեւս այն է, որ մարդկութեան ապագան կանխորոշուած չէ։

Կորիզային պատերազմը, արուեստական իմացականութեան չարաշահումը, կլիմայական փոփոխութիւնը եւ համաշխարհային առողջապահութեան տագնապները անխուսափելի ճակատագիրներ չեն։ Անոնք վտանգներ են, որոնց տարողութիւնը կրնայ մեծնալ կամ նուազիլ՝ կախեալ այսօրուան որոշումներէն։

Մարդկութիւնը այսօր օժտուած է գիտութեամբ, արհեստագիտական միջոցներով եւ միջազգային հաստատութիւններով, որոնց շնորհիւ կարելի է կանխարգիլել բազմաթիւ աղէտներ կամ մեղմացնել անոնց հետեւանքները։ Բայց գիտելիքն ու միջոցները ինքնին բաւարար չեն։ Անհրաժեշտ են նաեւ քաղաքական կամք, միջազգային համագործակցութիւն եւ հեռանկարային ծրագրաւորում։

Ի վերջոյ, հարցումը միայն այն չէ, թէ մարդկութիւնը պիտի գոյատեւէ՞ մինչեւ 2100 թուականը։

Աւելի կարեւոր հարցումը այն է, թէ ինչպիսի՛ աշխարհ մը պիտի փոխանցենք յաջորդ սերունդներուն, եւ արդեօք այսօր պատրաստ ե՞նք ստանձնելու այդ պատասխանատուութիւնը։

Աղբիւր՝ Kat Lay, The Guardian, 11 հոկտեմբեր 2026, հիմնուած The Lancet Commission on 21st Century Global Threats to Health յանձնաժողովի գնահատումին վրայ։

Պատրաստութիւն՝ «Տարբերակ»-ի

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x