Վերջին տարիներուն Լիբանանի մէջ հանրային ամէնէն մտահոգիչ խօսակցութիւններէն մէկը կը վերաբերի քաղցկեղի պարագաներու աննախընթաց աճին: Քաղաքացիներու կասկածները, թէ հիւանդութիւնը վտանգաւոր համեմատութիւններու հասած է, դժբախտաբար զուտ տպաւորութիւններ չեն: Բժշկական եւ համաճարակաբանական տուեալները կը հաստատեն, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ առողջապահական լուրջ աղէտ մը:
Ի՞նչ կը յայտնեն փաստացի տուեալները
«The Lancet» բժշկական հեղինակաւոր հանդէսին հրապարակած «Հիւանդութիւններու համաշխարհային բեռ» (Global Burden of Disease) ուսումնասիրութեան տուեալները ցոյց կու տան, որ 1990-էն 2023 թուականներու միջեւ Լիբանանի մէջ քաղցկեղի պարագաները աճած են 162 առ հարիւրով, իսկ քաղցկեղէ յառաջացած մահացութիւնը՝ 80 առ հարիւրով: Այս ցուցանիշներով երկիրը դարձած է աշխարհի ամէնէն արագ աճ արձանագրող շրջաններէն մէկը: Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (ԱՀԿ) եւ Քաղցկեղի հետազօտութեան միջազգային գործակալութեան (IARC/GLOBOCAN) տուեալներով՝ Միջին Արեւելքի եւ արաբական աշխարհի տարածքին Լիբանան կը գրաւէ առաջին դիրքը:

Եթէ 2008-ին երկրին մէջ արձանագրուած էր տարեկան շուրջ 9308 նոր պարագայ, ապա վերջին տարիներուն այդ թիւը գերազանցած է 13.000-էն 14.000-ը, իսկ նախատեսութիւնները ցոյց կու տան, որ այս թիւը կրնայ հասնիլ տարեկան 20.000-ի:
Հիւանդութեան տարածուած ըլլալու հանգամանքը ունի նաեւ մտահոգիչ այլ առանձնայատկութիւններ.
- Կուրծքի քաղցկեղ. Լիբանանցի կանանց մօտ ախտորոշուած քաղցկեղներու աւելի քան մէկ երրորդը բաժին կ՚իյնայ կուրծքի քաղցկեղին: Միջազգային չափանիշներով անսովոր է, որ հիւանդներուն 40-էն 50 առ հարիւրը 50 տարեկանէն վար են (միջին տարիքը՝ 50–52), մինչդեռ Արեւմտեան Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ ախտորոշման միջին տարիքը կը գերազանցէ 62-ը: Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Բժշկական Կեդրոնի (AUBMC) ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ ժառանգական գործօնները չեն կրնար բացատրել այս երիտասարդ տարիքի ախտորոշումները, ինչ որ ուղղակիօրէն կը մատնանշէ միջավայրին ծանր ազդեցութիւնները:
- Միզապարկի քաղցկեղ. Լիբանանցի տղամարդոց մօտ միզապարկի քաղցկեղի տարածուածութիւնը աշխարհի մէջ կը գրաւէ երկրորդ դիրքը՝ Պելճիքայէն ետք:

Որո՞նք են այս աճին հիմնական պատճառները
Բժիշկներն ու բնապահպանները համակարծիք են, որ այս վիճակը կենսակերպի, միջավայրի թունաւորման եւ պետական կառոյցներու քայքայման բարդ համակցութեան հետեւանք է:
- Ծխախոտի եւ նարկիլէի անվերահսկելի սպառում
Ծխախոտի օգտագործումը կը հանդիսանայ քաղցկեղի հիմնական պատճառներէն մէկը: Չափահաս բնակչութեան շուրջ մէկ երրորդը մշտական ծխող է: Սովորական սիկարէթին կու գայ միանալու նարկիլէի մշակոյթը, որ սխալմամբ կը նկատուի անվնաս: Գիտականօրէն ապացուցուած է, որ մէկ նիստ նարկիլէն մարմնին կը փոխանցէ տասնեակ սիկարէթներու համարժէք թունաւոր նիւթեր եւ ծանր մետաղներ: Ասոր կողքին, Լիբանան ունի Միջերկրականեան աւազանի կին ծխողներու ամէնէն բարձր համեմատութիւններէն մէկը, ինչ որ պատճառ դարձած է թոքերու քաղցկեղի արագ աճին:
Աւելին՝ լիբանանցիներու շուրջ 60 առ հարիւրը ունի ծինային (genetic) յատուկ նախատրամադրուածութիւն (NAT2 slow acetylator), որուն պատճառով լեարդը դժուարութեամբ կը մաքրէ ծխախոտի ծուխէն յառաջացած քաղցկեղածին քիմիական նիւթերը: Այդ նիւթերը կը կուտակուին միզապարկին մէջ՝ յառաջացնելով բջիջային փոխակերպումներ (mutation), ինչ որ կը բացատրէ միզապարկի քաղցկեղի համեմատութեան անբնականոն բարձր մակարդակը:
- Ելեկտրածիներու (մոթորներու) մնայուն ծուխը
Քաղաքացիական պատերազմէն ետք պետական ելեկտրականութեան կազմալուծումը քաղաքները յանձնեց տասնեակ հազարաւոր տիզելային սեփական ելեկտրածիներու տնօրինման: Նախապէս օրական քանի մը ժամ աշխատող այս ելեկտրածիները այժմ կը գործեն օրական 20-էն 24 ժամ՝ բնակարաններու մօտ եւ նեղ փողոցներուն մէջ:
Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի գիտական խումբին ուսումնասիրութիւնները պարզած են, որ քաղաքի օդին մէջ քաղցկեղածին մանրագոյն մասնիկներու () աւելի քան 50 առ հարիւրը կու գայ այս ելեկտրածիներէն: Քաղցկեղածին նիւթերու (PAH) խտութիւնը օդին մէջ կրկնապատկուած է: Տիզելի այրումէն յառաջացած ծուխը ԱՀԿ-ի կողմէ դասակարգուած է իբրեւ բարձրագոյն կարգի քաղցկեղածին: Բժիշկներու գնահատումով՝ միայն այս շարժիչներու արտանետումները քաղաքներու բնակիչներուն համար քաղցկեղի վտանգը բարձրացուցած են շուրջ 50 առ հարիւրով:
Ասոր կը գումարուին հին ինքնաշարժներու արտանետումները, աղբի անկանոն հրկիզումները, եւ 4 Օգոստոս 2020-ի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքով տարածուած թունաւոր փոշին, որուն երկարաժամկէտ բժշկական հետեւանքները այժմ սկսած են ի յայտ գալ:

- Ջուրերու, հողի եւ ուտելիքի թունաւորում
Լիթանի գետի աւազանը, որ երկրին գիւղատնտեսական գլխաւոր զարկերակն է, վերածուած է բաց կոյուղիի: Տարեկան շուրջ 47 միլիոն խորանարդ մեթր կոյուղաջուր, գործարանային քիմիական թափօններ եւ հիւանդանոցային աղբ կը թափին գետին մէջ: Այս թունաւոր ջուրերով ոռոգուած բանջարեղէնն ու պտուղները կը յայտնուին բնակչութեան սեղաններուն վրայ: Պեքաայի այն շրջանները, ուրկէ կ՚անցնի գետը (ինչպէս՝ Պար Էլիասը), դարձած են մարսողական համակարգի եւ արեան քաղցկեղներու ողբերգական օճախներ:
Միւս կողմէ, սահմանային վերահսկողութեան բացակայութեան պատճառով երկիր կը մաքսանենգուին միջազգայնօրէն արգիլուած, խիստ թունաւոր գիւղատնտեսական դեղեր ու պարարտանիւթեր: Այս թոյները անխնայ կը սրսկուին հողերուն վրայ՝ առանց որեւէ անվտանգութեան կանոնի, թունաւորելով հողը, ստորերկրեայ ջուրերը եւ սպառողները: Քաղաքներու ծորակի ջուրին մէջ եւս յայտնաբերուած են վնասակար քիմիական միացութիւններ (THMs), որոնք կը նպաստեն միզապարկի քաղցկեղի աճին:
- Տնտեսական փլուզում, դեղորայքի տագնապ եւ պատերազմ
Հիւանդութեան տարածման զուգահեռ՝ քայքայուած է երկրին բժշկական դիմադրողականութիւնը:
- Ուշացած ախտորոշում. Դրամանիշի արժեզրկման եւ աղքատութեան պատճառով քաղաքացիները չեն կրնար վճարել կանխարգիլիչ քննութիւններու սակերը: Մարդիկ բժիշկի կը դիմեն միայն այն ատեն, երբ ցաւը անտանելի դառնայ: Հիւանդանոցները կը հաղորդեն, որ դէպքերու մեծ մասը կը յայտնաբերուի արդէն յառաջացած եւ անբուժելի (3-րդ եւ 4-րդ) հանգրուաններուն:
- Դեղերու պակաս եւ մաքսանենգութիւն. Պետական նպաստներու դադրեցումով քաղցկեղի հիմնական դեղերը ամիսներով չքացան շուկայէն: Ստեղծուեցաւ սեւ շուկայ մը, ուր յաճախ կը վաճառուին կեղծուած կամ ոչ-պատշաճ պայմաններու մէջ պահուած անորակ դեղեր:
- Պատերազմական աւերածութիւն եւ արտագաղթ. Վերջին պատերազմական գործողութիւնները պատճառ դարձան հարաւային շրջաններու, Պեքաայի եւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններու առողջապահական կեդրոններու փակման կամ կազմալուծման: Քաղցկեղով տառապող տեղահանուած հիւանդները զրկուեցան քիմիաբուժումէ եւ բուժօգնութենէ, իսկ մասնագէտ բժիշկներու եւ բուժքոյրերու արտագաղթը անդամալուծեց երբեմնի յառաջադէմ բժշկական համակարգը:
⁂
Լիբանանի քաղցկեղի տագնապը այլեւս անհատական առողջական խնդիր չէ, այլ ազգային անվտանգութեան եւ հաւաքական գոյատեւման սպառնալիք:
Այս աղէտալի ընթացքը կասեցնելու համար պահանջուած են անյապաղ եւ արմատական քայլեր. պետական ելեկտրականութեան վերականգնում՝ թաղային հազարաւոր շարժիչները անջատելու համար, ծխախոտի եւ նարկիլէի դէմ օրէնքներու (Օրէնք 174) անզիջող գործադրութիւն, Լիթանիի եւ գիւղատնտեսական հողերու անյապաղ մաքրում եւ արգիլուած դեղերու ներածման կասեցում, եւ վերջապէս՝ պետական միջոցներու յատկացում՝ կանխարգիլիչ բժշկութիւնն ու կենսական դեղորայքը բոլոր խաւերուն հասանելի դարձնելու համար:
Առանց այս միջոցառումներուն՝ Լիբանանի բնակչութիւնը պիտի շարունակէ մնալ անօգնական զոհը անտեսանելի, բայց մահացու այս թունաւորման:
«Տարբերակ21»



