Առաջին վկայականը. ոստում մը դէպի նոր հորիզոններ

Փառանձեմ Ֆագրաճեան-Տէմիրճեան

Հոկտեմբերի 1-ն է, փոքրիկ աղջնակը մօրը ձեռքէն բռնած, Պուրճ Համուտի հրապարակի լայն պողոտայէն կ’ուղղուի դէպի Արաքս պողոտայ: Շարունակելով կը հատեն Մարաշ պողոտայի խաչմերուկը եւ կանգ կ’առնեն ճամբուն վերջաւորութեան հսկայ շէնքի մը առջեւ, որուն կառոյցը տարբեր էր սովորական բնակելի շէնքերէն. Անոր դուռը աւելի կը նմանէր դարպասի, սովորական դռներէ երկու կամ երեք անգամ աւելի մեծ:

Մայրը ցոյց կու տայ շէնքը եւ կ’ըսէ աղջնակին. «կը տեսնես այս շէնքը, այս պիտի ըլլայ քու դպրոցդ: Այսուհետեւ դուն ամէն օր հոս պիտի գաս եւ շատ գեղեցիկ ու կարեւոր բաներ պիտի սորվիս, պիտի մեծնաս եւ շատ կարեւոր անձ մը պիտի դառնաս»: Աղջնակը կը սկսի մտաբերել, նորութեան մը դիմաց կը գտնուի, դժուար էր հասկնալը: Ի՞նչ է դպրոցը, ինչո՞ւ ես ամէն օր պիտի թողում իմ տաքուկ տունս, մայրս, հայրս, քոյրս, մեծ մայրս, մեծ հայրս, դրացիները, ընկերներս, որոնց հետ ուրախ-զուարթ պահեր կ’անցնենք: Խաղեր կը խաղանք, իրարու կը սորվեցնենք մեր ծնողներէն տեսած կամ լսած նորութիւնները: Ես առանձինս արդէն տան մէջ կը սորվիմ խօսիլ հայերէն, նոյնպէս արաբերէն հեռատեսիլէն: Ի՞նչն են այսքան գեղեցիկ ու կարեւոր բաները, որ զիս իմ ընտանիքէս հեռու պիտի պահեն ամէն օր: Այո՝ պիտի մեծնամ եւ շատ կարեւոր անձ մը պիտի դառնամ, միթէ՞ ես հիմա անկարեւոր եմ բոլորին համար:

Աղջնակին հոգեկանը կը խռովի, բայց անկարող մօրը յայտնելու իր խռովքը, կը փորձէ հետեւիլ անոր՝ մտնելով այդ դարպասէն ներս: Տեսնենք ի՞նչ կը սպասէ իրեն:

Փոքրիկ աղջնակը ես էի, իսկ այդ հսկայ շէնքը Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանն էր, զոր ծնողքս ընտրած էր, որպէս իմ կրթութեանս յենարանս:

Մայրս կը շարունակէր հետս խօսիլ՝ պատմելով թէ՛ շատ պիտի սիրեմ դպրոցս, թէ՛ ուրիշ երեխաներ ալ կը յաճախեն դպրոց ինծի նման, սորվելու եւ կարեւոր անձ մը ըլլալու: Նոր դասընկերներ պիտի ունենամ, բարի ուսուցչուհիներ, որոնք պիտի սորվեցնեն ինծի գրել, կարդալ, արտասանել, երգել…: Այս բոլորը հաճելի կը թուի ինծի, բայց մտքիս մէջ տունէն հեռու մնալու գաղափարը զիս կը տանջէր: Լուռ էի, բայց տխուր:

Ժամանակն էր շէնքի դարպասէն ներս մտնելու, առաջին քայլս դէպի ապագա, կը յիշեմ այսօրուան պէս: Ներս մտանք եւ ուղղուեցանք դէպի ընդարձակ սրահ մը: Աթոռներուն վրայ բազմած էին ինծի նման փոքրիկներ, իրենց մայրերուն ընկերակցութեամբ: Այնտեղ էր նաեւ մեր շէնքի Սեդա «թանթիկ»ը, իր տղան ընկերս՝ Ռաֆֆին եւ քոյրը՝ Նորան:

Գեղադէմ օրիորդ մը հերթով փոքրիկներուն անունները կ’արտասանէր եւ զիրենք ներս կը կանչէր: Բաւական սպասելէ ետք, իմ անունս կանչեց: Ես եւ մայրս ուղղուեցանք յաջորդ սրահը, ուր քանի մը օրիորդներ կային գրասեղաններու ետին: Օրիորդը իքզինք ծանօթացնելով ըսաւ. «ես օրիորդ Մելինէն եմ, ձեզ Տնօրէնին պիտի առաջնորդեմ», մտանք աւելի խորունկ սենեակ մը՝ տնօրէնին սենեակը: Երկարահասակ, գեղադէմ, ակնոցաւոր, լայն ժպիտով մարդ մը մօրս հետ ձեռնուեցաւ, իսկ ինծի «բարի եկար Փառանձեմ» ըսաւ: Նստեցանք մեծ գրասեղանին յարակից կողմը: Այդ օրերուն վարժարանի տնօրէնն էր պրն. Արամ Պուլղուրճեանը: Մօրս հետ մանրամասնութիւններու մասին զրուցելէ ետք, ինծի դառնալով ըսաւ. «շատ պիտի սիրես դպրոցդ, ընկերներդ եւ ուսուցչուհիներդ: Տիկին Զապէլը քեզի լաւ հոգ պիտի տանի»: Չեմ գիտեր ինչպէս, տնօրէնին խօսքը ինծի ապահովութիւն մը ներշնչեց: Շնորհակալութիւն յայտնելով դուրս եկանք տնօրէնին սենեակէն:

Վարժարանի հսկայ շէնքը ունէր նաեւ հսկայ փակ մը, ուրկէ ուղղուեցանք դէպի վարժարանին երկրորդ դարպասը: Դուրս գալով դարպասէն եւ կարճ ճանապարհը կտրելով անցանք յարակից շէնքը: Սանդուխներէն վեր բարձրացած ժամանակ, մայրս ինծի ըսաւ. «հիմա պիտի ծանօթանանք մանկապարտէզի ուսուցչուհիներուդ եւ ընկերներուդ»: Բարձրացանք երրորդ յարկ: Մեզի դիմաւորեց տիկին մը, մազերուն սպիտակ շերտեր ինկած, գլխուն յետին կարկանդակի նման հաւաքած մազերով, գեղեցիկ ժպիտը դէմքին, կարծես մեծ մայրս ըլլար, ինքզինք ծանօթացուց ըսելով, «ես մանկապարտիզպանուհին եմ՝ տիկին Զապել է անունս»: Սրտիս մէջ լոյս մը ծագեցաւ, հանգիստ զգացի անոր հետ: Ան ալ իր կարգին մեզի ծանօթացուց ուսուցչուհիներէն Վիքթորիան, Ժագլինը եւ Սիլվան, որոնք պիտի դասաւանդէին հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն:

Գրենական պիտոյքները, դպրոցական (լազուարթ գոգնոց), մարզական տարազները ձեռքս տալով, մեզ ճամբեցի՝ յաջորդ օրը առաւօտեան ժամը ութին տեսնուելու խոստումով:

Տուն վերադարձանք նոր լուրերով: Տնեցիները անհամբեր կը սպասէին մեզ, ամէն մէկը հարցում մը ունէր եւ կ’ուզէր ոգեւորել զիս յաջորդ օրուան: Քաջալերեցին զիս որ ժրաջան աշակերտի նման պատրաստուիմ եւ ուղղուիմ դէպի դպրոց: Այնպէս ալ եղաւ: Յաջորդ առաւօտ, ես պատրաստ էի սկսելու նոր ուղի մը կեանքիս մէջ: Արդէն իսկ սկսած էի երազներ հիւսել եւ անձկութեամբ կը սպասէի կեանքիս անակնկալներուն…

Այսպէս սկսաւ փոքրիկ աղջնակին զարգացման ուղին, ինչպէս է պարագան իւրաքանչիւր փոքրիկի : Օրը նոր, նոր մթնոլորտ, գիտելիքները նոր կենցաղային, աւանդական, հոգեւոր նիւթերու շուրջ: Ազգային կերպարը նաեւ սկսաւ զարգանալ մէջս: Երկու տարի ետք, երբ փոքր քոյրս Սօսին՝ միացաւ ինծի, ես արդէն դարձայ քրոջս խնամակալը:

Մեր երկուքին տարեդարձին թուականը մօտիկ ըլլալով, այդ տարին, մայրս իր ձեռքով պատրաստած տնական երկու կարկանդակներով ներկայացաւ դպրոց: Ուսուցչուհիները մեզ օրուան թագուհիի նման պարզունակ բայց ճոխ զարդարանքներ հագցուցին, գլուխնիս խաւաքարտէ թագեր զետեղեցին, եւ մեր ընկերներուն ներկայութեան մեր տարեդարձը նշեցինք: Ի՜նչ ուրախ էինք մենք եւ մեր ընկերները՝ բաւարարուած կտոր մը կարկանդակով եւ եռանկիւն «Պոնժիւս» նարինջի հիւթով: Չկային այս օրերու աւելորդ եւ ծախսալից արդուզարդերը, վնասակար քաղցրեղէնները, ոչ ալ օրուան հանդիսավարներ (զորս ներկայիս ամէն փոքրիկ կը ցանկայ ունենալ, անկախ թէ ծնողքը կրնայ անոր ծախսերը հոգալ կամ ոչ: Կարգ մը ծնողներու համար նման բաներ կը դառնան տաժանելի պարտաւորութիւններ, որոնք կարեւոր են քայլ պահելու օրուան հոսանքին հետ, ամենակարեւորը իրենց զաւակները ուրախ պահելու համար): Մենք էինք հանդիսավարներն ու հանդիսատեսները. ուրախ էինք ու գոհունակ:

Յիշողութեանս մէջ է իմ Ծաղիկ դասարանի «Վկայականաց բաշխման» օրը: Հայրս ոգեւորուած ըսաւ. «մեծ վկայական պիտի ստանաս այսօր, երթանք եւ զայն տուն բերենք, մեծ ինքնաշարժով»: Մանուկ ուղեղովս բառացիօրէն հաւատալով կը մտահոգուէի՝ արդեօք որքա՞ն մեծ պիտի ըլլար վկայականը, որ մեծ ինքնաշարժի մը կարիքը կը զգացուէր: Երբ վկայականը ստացայ՝ զարմացայ, փոքր էր չափը. հօրմէս բացատրութիւն պահանջեցի: Ան բացատրեց վկայականին փոխաբերական արժէքին մասին, որն է «քայլ մը յառաջ ընթանալ» զարգացման ճամբուն վրայ:

Վկայականի հանդէսը կատարուեցաւ վարժարանի հսկայ շէնքի հսկայ փակին մէջ, գեղեցիկ բեմի մը վրայ: Հանդիսատեսներու հոծ բազմութիւն մը կը գտնուէր փակին մէջ: Մեզի սիրելի մարդիկ հոն էին՝ դպրոցի հոգաբարձութիւնը, ուսուցիչները, անձնակազմը: Բոլորը անխտիր հրաւիրուած էին վայելելու մեր վկայականաբաշխութեան հանդիսութիւնը: Այն օրերուն, վաճառականութիւն չկար. ամէն հարազատի ներկայութիւնը ձեռնտու էր առանց ծնողները ծանր պարտաւորութեան մատնուելու:

Բողբոջ եւ Կոկոն դասարանները մասնակից եղան իրենց յատուկ թեմաներով, իսկ Ծաղիկ դասարանի թեման՝ նաւավարները, ղեկը իրենց ձեռքին, նաւարկելով երգեցին, արտասանեցին ու պարեցին:

Վկայականը ստանալով՝ անցում կատարեցինք մանկապարտէզէն դէպի նախակրթարանի բաժին:

(Շարունակելի)

Փառանձեմ Ֆագրաճեան-Տէմիրճեան

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x