Նարեկ Դուրեան «3033» թուականին. «չկորսնցնել մարդուն մարդկայնութիւնը յառաջդիմութեան անունով»

Նարեկ Դուրեան այն արուեստագէտներէն է, որոնք երբեք չեն խուսափիր սուր հարցադրումներէ։ Հայրենի հանրածանօթ դերասան եւ բեմադրիչ, հեգնա-երգիծական մենախօսութեան վարպետ, Դուրեան տարիներ շարունակ իր հիւմըրին միջոցով կը շօշափէ ազգային, միջազգային եւ ընդհանրապէս մարդկային հարցեր։ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Լիբանանի մէջ ներկայացուած իր վերջին մենախօսութիւնը՝ «3033», չի շեղիր այդ գիծէն՝ միաժամանակ ծիծաղ յառաջացնելով եւ խռովիչ մտորումներ յարուցելով։

«3033»-ի առանցքը ֆեմինիզմն է, կամ աւելի ճիշդ՝ Դուրեանի քննադատական վերաբերումը անոր որոշ ծայրայեղ դրսեւորումներուն։ Ան յստակ կը յայտարարէ, թէ ամբողջովին կողմնակից է կնոջ եւ տղամարդու հաւասարութեան ու ազատագութեան կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ։ Սակայն ան կասկածի տակ կը դնէ այն պահը, երբ հաւասարութիւնը կը սկսի վերածուիլ բնութեան այլափոխումին կամ դերերու արուեստական փոխանակման։

Դուրեանի պատկերացումով՝ կինը գեղեցիկ է, նուրբ, հրապուրիչ, եւ ան կը հաւատայ, որ տղամարդուն համար բնական է կնոջ հանդէպ յարգանք, սէր եւ ասպետական վերաբերում ցուցաբերելը՝ թէ՛ բարոյական, թէ՛ գեղագիտական իմաստով։ Բայց ան զարմանք կը յայտնէ այն մօտեցումներուն նկատմամբ, երբ հաւասարութեան անունով կինը կը վերածուի բռնակալի, իսկ տղամարդէն կը սպասուի՝ ծննդաբերութիւն։ Եթէ հաւասարութիւնը կը նշանակէ իրականութեան աղաւաղում եւ բնութեան ժխտում, ապա, ըստ Դուրեանի, այդ արդէն անհեթեթ է։

Այս հարցադրումները կը ներկայացուէին թատերական մտածուած շրջագիծի մը մէջ։ Դուրեան կը գտնուի դատավարութեան մէջ՝ ենթադրեալ 3033 թուականին, ապագայ աշխարհի մը մէջ, ուր կանայք կ’իշխեն, եւ իր պատկերացումները կնոջ մասին՝ գեղեցկութիւն, ցանկութիւն, ասպետութիւն, համարուած են արգիլուած գաղափարներ։ Մենախօսութիւնը կը ձեւաւորուի որպէս պաշտպանողական խօսք դատարանին մէջ։ Դատաւորին ձայնը կը հնչէ անտեսանելի, իսկ բանտապահը՝ երիտասարդ ու գեղեցիկ կին մը, կը մարմնաւորէ այդ ապագայի իշխանութիւնը։ Ան գործնական է, խիստ, բայց միաժամանակ՝ կարծես զրկուած է գեղեցկութեան եւ նրբութեան զգացումէն։ Այս հակադրութիւնը պատահական չէ, այլ՝ մտահոգիչ։

Դատավարութեան ընթացքին, հանդիսատեսը ինքն է երդուեալ ատեանը։ Դուրեանի անմիջական հաղորդակցութիւնը դահլիճին հետ կը ստեղծէ զուարճալի իրավիճակներ, եւ ծիծաղը կը տիրէ թատերասրահին մէջ։ Սակայն այդ ծիծաղը միայն զուարճանալու համար չէ․ ան միջոց է մտածելու, հարցադրելու։

Մենախօսութեան ընթացքին Դուրեան կը շօշափէ նաեւ մերօրեայ այլ հարցեր՝ համացանցը, բջիջային հեռախօսները, խելախօսները, արհեստական բանականութիւնը։ Ան զանոնք կը նկատէ օգտակար գործիքներ, եթէ օգտագործուին խոհեմաբար։ Հակառակ պարագային, մարդկութիւնը, ըստ Դուրեանի, կը թաւալի դէպի դատարկութիւն եւ մակերեսայնութիւն։ Մարդիկ այլեւս չեն կարդար գիրքեր։ Գիտելիքը կը նահանջէ։ Աշխարհը կը կառավարուի տգէտներու կողմէ, որոնք վտանգաւոր կերպով մօտ են «կարմիր կոճակին» (կորիզային ռումբի)։

Դուրեանի առաջադրանքները պարզ են, բայց խորիմաստ․ կարդացէ՛ք գիրքեր, մնացէ՛ք ասպետական, պահպանեցէ՛ք գեղեցկութիւնը։ Հաւասարութիւնը, ան կը շեշտէ, պէտք չէ նշանակէ նրբութեան, յարգանքի եւ մարդկային խորքի վերացումը։

Մօտ երկու ժամ շարունակ Նարեկ Դուրեան խնդուք պատճառեց, բայց նաեւ մեզ հրաւիրեց ինգնագիտակցութեան։ «3033»-ը ոչ թէ դատավճիռ է ապագային դէմ, այլ զգուշացում՝ չկորսնցնելու մարդուն մարդկայնութիւնը յառաջդիմութեան անունով։

 

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x