Երբ «պահակ» բառը լսեմ, անմիջապէս կը մտաբերեմ մեր թաղին երիտասարդ տղաքն ու հայրերը եւ երբեմն ալ մեծհայրերը, որոնք գիշերները հերթաբար մեր թաղերու պաշտպանութեան գործին լծուած էին: Սակայն ցերեկները թաղին խանութպաններուն կողքին, մեծհայրիկները հոն՝ մայթին վրայ նստած իրենց խաղի ու զրոյցի պահուն, նաեւ մեզ հսկելու պարտականութիւնը ստանձնած էին:
Այս բոլորին կողքին, կային նաեւ ուրիշ պահակներ, որոնց, մենք՝ փոքրերս, լաւ գիտէինք եւ անոնք ալ մեզ լաւապէս կը ճանչնային, թէեւ երբեմն անտեսուած ու լքուած, բայց անոնք միշտ հոն էին իրենց պարտականութեան վրայ: Անոնք մեր թաղի անտուն ու անտէր կատուներն ու շուներն էին: Այո,՛ այդ անասունները, գիտեմ պիտի զարմանաք, բայց այդպէս էր իրողութիւնը: Փոքրերու աչքերով պէտք է դիտել, լաւապէս տեսնելու եւ ընկալելու անցած-դարձածը:
Անտէր էին, բայց բոլորս անոնց տէրերն էինք, որովհետեւ մեզի համար անոնք թափառականներ չէին. անոնք պահապաններ էին, լուռ վկաներ եւ հաւատարիմ ընկերներ։ Այդ կենդանիները մեզ կը ճանչնային. եթէ պատահէր, որ մեր փողոցի խաղի ժամերուն հոն չըլլայինք, մեր թաղի կատուները ինքնաշարժներուն վրայ նստելով դէպի վեր՝ մեր պատշգամները կը դիտէին, իսկ շուները շէնքերուն մուտքին զետեղուած ինքնաշարժներուն տակը կը քնանային բաց աչքերով։
Անոնք կը զատորոշէին մեր ձայները եւ գիտէին մեր առօրեան, նոյնիսկ մեր տրամադրութիւնները։ Շուն մը մեր խաղերու ընթացքին մեր քովէն կը քալէր, մեր գնդակը կը հաւաքէր երբ պատահէր, որ ամուր հարուածի մը պատճառով հեռու տեղ մը հասնէր ան. կարծես գիտէին վտանգը եւ զգոյշ էին որ ո՛չ ոք վնասուի։ Կատուները լուռ մեզի կը հետեւէին՝ իրենց անհետանալու եւ երեւան գալու պահերը ընտրելով կախարդանքի մը պէս. օրինակ, երբ մեր ձայները բարձրանային՝ մէջտեղ կ’ելլէին ու կը մլաւէին, իսկ երբ ուրախ խաղայինք, անոնք ալ հանդրարտ նստած կը մնային իրենց տեղերը։ Երբ օտարներ փողոց մտնէին, կենդանիները իրենք առաջինը կը նկատէին։ Անոնց զգոյշ եւ արթուն ըլլալը մեզ ապահով կը զգացնէր, նաեւ պաշտպանուած՝ զգացում մը, որ այն ատեն տակաւին չէինք կրնար բացատրել, սակայն հիմա լաւ կը հասկնամ, թէ անոնք ոչ միայն մեզ կը հսկէին, այլ նաեւ կը սորվեցնէին զանազանել վտանգը ապահով ըլլալէն եւ զիրար պաշտպանելու յատկութիւնը կը փոխանցէին մեզի:
Մանկութեան տարիներուն, մենք ամբողջ սրտով կը հաւատայինք, թէ այդ կենդանիները մեզ կը պահպանէին եւ մեր մէջ ալ փոխադարձաբար կ’արթննար այդ անասունները կերակրելու եւ խնամելու փափաքն ու պարտականութիւնը։ Բայց այս բոլորէն աւելի կարեւորը այն էր, թէ ի՛նչ սորվեցանք մենք անոնցմէ:
Ամէն անգամ, որ իմ ուտելիքէս բաժին կը հանէի այդ անմեղ ու անվնաս անասունին եւ երբեմն հետս դպրոց տարած ուտելիքէս մաս մը կը պահէի, որ տուն վերադարձի ճամբուն վրայ կերակէի անոնցմէ գոնէ մէկը կամ երկուքը, ես կը սորվէի կարեկցանք, գութ եւ ունեցածս բաժնելու պատրաստակամութիւն՝ մարդկայնական գիծեր, որ ոչ դպրոցը ինծի սորվեցուց եւ ոչ ալ՝ մեր մեծերը: Կ’ըլլային օրեր, երբ վիրաւոր, լքուած ու առանձին մնացած փոքրիկ անասունը ձեռքերուս մէջ ապահով հետս տուն կը բերէի, զինք խնամելու կամ կեանքը փրկելու նպատակով. այսպէ՛ս սորվեցայ գուրգուրանք եւ հոգատարութիւն: Այդ անասուններուն աչքերուն մէջ յստակօրէն կը տեսնէի ամբողջական վստահութիւն՝ վստահութիւն իմ ձեռքերուս, վստահութիւն անձիս հանդէպ: Այսպէս է, որ պատասխանատուութեան կանչը աւելի քան երբեք իմ հոգիիս խորը թափանցեց եւ իմ ինքնութեանս ու իմ ապագայ կերպարիս հիմքերը դրաւ՝ հոն քանդակելով ընկերային շատ մը հմտութիւնները, առանց որոնց ես պիտի չըլլայի ինչ որ այսօր եմ: Նոյնը կ’ընէին նաեւ իմ տարիքիս խաղընկերներէս ու դասընկերներէս շատերը:
Հետաքրքական դրուագ մը այդ օրերէն. օր մը, այսպէս անտէր ու մինակ փոքրիկ կատու մը վերցուցի փողոցէն ու տուն բերի՝ քաջ գիտնալով, որ մայրս պիտի չընդունի այդ անասունը մեր տունէն ներս, ուստի որոշեցի զինք պահել մեր դրացիին տունը: Դրացիին տունը տարիներէ փակ էր եւ տանտիրոջ բացակայութեան մեր հոգատարութեան վստահուած էր: Այդ լուռ բնակարանը մերը դարձաւ, ուր այդ խեղճուկ ու տկար կատուին յատուկ ու ապահով անկիւն մը տուի, պատսպարուելու, ուտելու եւ խմելու համար:
Ամէն օր, դասերէս ետք ներս կը սահէի ծաղիկները ջրելու պատրուակով. զարմանալիօրէն դասերս ու պարտականութիւններս ալ շուտով կ’աւարտէի։ Մի քանի օր ետք արդէն իմ փոքրիկ ընկերս դռան բացուելու ու փակուելու ձայնին վարժուած էր եւ վազելով կը հասնէր զիս դիմաւորելու։ Ժամանակի ընթացքին սկսաւ զիս սպասել դռան մօտ, կարծես ոտնաձայնս գիտէր եւ ժամերը կը հաշուէր։ Կամաց-կամաց ան դողդոջուն ձագուկէ մը վերածուեցաւ սլացիկ ու ինքնավստահ կատուի մը։ Այլեւս անոր ձայնը տունէն դուրս պիտի սկսէր լսուիլ, ի՞նչ ընելու էի. երկար մտածեցի ապա հաշտուեցայ իրականութեան հետ, որ այս փոքրիկ ընկերս պիտի հեռանայ մեր գաղտնի ապաստանարանէն եւ դուրսը իր նմաններուն հետ պիտի վազէ ու խաղայ: Շաբաթները ամիսներու վերածուեցան եւ իմ կատուս մեծցաւ մեր գաղտնիքին զուգահեռ։
Այո, ան սկսաւ ճանչնալ հոտս, սորվիլ ժամերս եւ մտերմանալ յոգնած շունչիս։ Իսկ ես սորվեցայ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ սպասող ունենալ։
Գարնան օր մը, դուռը բացի եւ զինք չգտայ: Շատ չփնտռեցի, որովհետեւ կը սպասէի այդ օրը: Սակայն, ժամանակ մը ետք, ան վերստին երեւցաւ. մեր փողոցի դռան դիմաց նստած էր եւ կարծես չէր մոռցած դպրոցէն վերադառնալու ժամս եւ զիս կը սպասէր: Ներս առի զինք ու կերակրեցի, ապա ան քիչ մը խաղաց ու քնացաւ: Երբ արթնցաւ, դուրս ուզեց ելլել ու գնաց: Ան ալ վարժուած էր դուրսի կեանքին ու գտած էր իր նմանները, բայց չէր մոռցած նաեւ իր առաջին տունը: Օ՜հ այդ առաջին տունը, զոր մարդիկ կը մոռնան, սակայն անասունը՝ ոչ: Օր մըն ալ, զինք գտայ մեր շէնքի մուտքին դիմացը: Կարծես անհամբեր կը սպասէր ժամանումիս. տարբեր էր, անհանգիստ ու յոգնած: Ան շատ արագ կերաւ ու գնաց: Չհասկցայ պատահածը:
Քանի մը օր անհետացաւ։ Կարծեցի, որ դուրսի աշխարհը ընտրած է եւ վերջնականապէս հեռացած մեր թաղէն: Բայց ան նորէն եկաւ։ Հոն էր՝ նոյն տեղը եւ նոյն ժամուն: Անոր մլաւիւնը խոր էր, բայց ես հասկցայ թէ դուրսը դռան դիմացն է ու ներս կ’ուզէ մտնել: Ներս առի զինք. ան զգուշութեամբ եւ դանդաղ քայլերով մտաւ եւ իր բերանով շալկածը ուղղակի իմ ոտքերուս մօտ դրաւ. իր նորածին ձագուկն էր ան։ Ապա վեր ինծի նայեցաւ՝ հանդարտ ու ինքնավստահ։
Թէեւ բազմաթիւ նոր անկիւններ սորված էր ու տեղեր գտած, ան իր ձագը ուզեց ինծի վստահիլ։ Իրեն համար ամենէն ապահով վայրը եւ ամենէն վստահելին ես դարձած էի: Իմ ընկերս մայր դարձած էր եւ իր մայրական բնազդը զինք մղած էր իմ քովս: Այդ լուռ, փոխ առնուած բնակարանին մէջ անբացատրելի զգացումի մը գիտակցութիւնը ունեցայ․ այդ մայր անասունը կը հաւատար, թէ այս վայրը աշխարհի ամենէն ապահով տեղն էր եւ կը հաւատար, թէ ես այդ ապահովութեան երաշխիքն էի։
Այսօր, որպէս մանկավարժ, յստակ կը տեսնեմ, թէ այդ կենդանիները ինչպէս ձեւաւորեցին այն անձը, որ ես դարձայ։ Անոնք սորվեցուցին կարեկցութիւն, հոգատարութիւն, պատասխանատւութիւն եւ պարտականութեան գիտակցութիւն եւ այս բոլորէն վեր սորվեցուցին սիրել եւ իրարու պաշտպանել ինչպէս մայր կատուն իր ձագուկին համար զատեց ամենաապահով վայրը եւ մնաց անոր քով պաշտպանելու զինք: Նաեւ անոնք սորվեցուցին ինքնակարգաւորում։ Շատ երեխաներ ձանձրոյթէն, մինակութենէն կամ բարկութենէն մղուած կը հակին վատ սովորութիւններու։ Կենդանիներու հանդէպ հոգատարութիւնը կը լեցնէ այդ զգացական բացերը։ Անիկա նպատակ կու տայ եւ մանուկին ներքին ուժն ու շարժունութիւնը կը վերուղղէ դաստիարակիչ ու առողջ սովորութիւններով, ոչ թէ քանդումի։ Ուսումնասիրութիւններ նաեւ կ’ըսեն թէ կենդանիներու հոգ տանող երեխաները աւելի հանդարտ, աւելի հաստատ եւ աւելի համբերող կը դառնան ուրիշներու հանդէպ։
Ճիշդ է որ անասունները չեն դատեր, չեն խրատեր. անոնք պարզապէս կը պատասխանեն այն կերպին, որով դուն իրենց հետ կը վարուիս. եւ այդպէս, մեղմօրէն, կը ձեւաւորեն մանուկին անհատականութիւնը։
Հիմա փողոցը այլեւս նոյն տեսքը չունի։ Հոն այլեւս մանուկները ազատ չեն խաղար, սակայն անասունները հոն են եւ պատրաստ սորվեցնելու, ինչպէս մեր մանկութեան ըրին. առանց բառերու անոնք փոխանցեցին դասեր որոնք խոր ու շինիչ արմատներ ձգեցին մեր մէջ:
Այսօր, երբ կը դասաւանդեմ, միայն ակադեմական բովանդակութիւն չեմ փոխանցեր։ Կը սորվեցնեմ բարութիւն, կը սորվեցնեմ հոգատարութիւն, կը սորվեցնեմ տկարներու նկատմամբ կարեկցութիւն ու գութ, քանի որ այդ դասերը կանուխ սորվեցայ, այն թաղին մէջ, ուր կենդանիները պահակ կը կանգնէին, իսկ երեխաները կը սորվէին, թէ ինչ կը նշանակէ մարդ ըլլալ։ Եւ այդ անասունները կրթեցին սիրտս։
Լենա Պօղոսեան



