Հալէպեան յուշեր՝ աղտորի թթուն եւ թել պանիրը

Արաքս Փիլաւճեան Խտրլարեան

Արհեստական բանականութեամբ ստեղծուած

(Մանկութենէս պատառիկներ)

Մանկութեանս բացուող պատուհանին նեղ ճաղերէն ներս արշաւեցի, շա՜տ ընելիքներ ունէի մեծ մօրս տունէն ներս։

Ի՜նչ ընեմ, ի՞նչ ընեմ…

Արկածախնդրութիւն՝ անհաշիւ, չարաճճիութիւն՝ անթիւ անհամար։

Մեծ մայրս աղտորի (սումախի) թթու ջուր եփած էր եւ հեղուկը պարպած էր պղինձէ ամաններուն մէջ. տանիքը զարդարած այդ գոց կարմիր բոյսին հոտը եւ տեսքը կը շարժէին հետաքրքրութիւնս եւ ախորժակս։

Օրուան մէջ, մեծ մայրս քանի մը անգամ կը բարձրանար տանիք, կը խառնէր ամաններուն պարունակութիւնը, եւ երբ շուքի պէս հետեւէի քայլերուն եւ պտոյտ մը ընէի տանիքին եզերքները չափելով՝ սարսափած կը պոռար.

– Վա՛ր իջիր, վար, հիմա մամադ քեզ կը փնտռէ։

Իջայ մտազբաղ եւ նոր դաւադրութիւն մը կը յօրինէի։

Բակին գետինը ծալապատիկ նստած, ծրագրեր կը մշակէի. մեծ մայրս տանիք բարձրանալու փայտէ սանդուխը վերցուցած էր, իսկ ինծի համար տանիք չելլելը ահաւոր պատիժ էր։

Տանիքին հրապուրանքը կը մագնիսացնէր, արեւին բոցերէն շիկացած անծեփ քարերը կ՛այրէին գլուխս եւ բոպիկ ոտքերս, իսկ խեղճ մայրս ճարահատ զիս կը կանչէր, սարսափած, զայրացած, երդում կ՛ընէր, որ հօրս պիտի գանգատէր…

Աղտորին ճակատագիրը տնօրինած էի, կը սպասէի յարմար առիթին։

Բակին մէջ հաւաքուած կիները պանիր կ՛եփէին, հաճելի արարողութիւն մըն էր եւ հետաքրքրական, մօտաւորապէս տասը կիներ, թել պանիր կը պատրաստէին, խոշոր պարկերէն կը հանէին պանիրի քառակուսիները, կը դնէին մեծ կաթսաներու մէջ եւ կը խաշէին: Երբ պանիրը հալէր, պարունակութիւնը կը պարպէին քամոցի մը մէջ եւ կը սպասէին որ աւելորդ ջուրը սուզուի, որմէ ետք այդ տաք պանիրը գունդերու կը բաժնէին եւ իւրաքանչիւր կին գունդը երկու ձեռքերուն մէջ արագ շարժումներով կը ճօղեցնէր, յետոյ քանի մը անգամ կը ծափէր եւ բարակ թելերու վերածուած պանիրը կը ոլորէր եւ կը նետէր պաղ ջուրին մէջ։

Իրենք իրենց պանիրներով թող զբաղին եւ շաղակրատեն. կիներուն նիւթ կը պակսի՞։

-Սաթենիկին աղջիկը պիտի նշանուի եղեր, փեսացուն աղջիկտեսի եկեր է, Սաթենիկը առանց ամչնալու թեկնածուին հետ խօսեր է, յետոյ ալ սուրճին մէջ աղ դրեր է շաքարին փոխարէն։

-Հայկանուշին աղջիկը՝ Մաքրուհին, սիրած ունի եղեր, տղան թաղ կու գայ ամէն օր, պատշգամին տակը կը կենայ եւ կը խօսին, անամօ՛թ աղջիկ։

-Մայրանուշին ամուսինը սիրած ունի եղեր, քը՛շ, քը՛շ ըլլայ։

Այս վերջին նիւթը փսփսուքով եւ աչքերով կը փոխանցուէր. ամօ՜թ է, ճահիլներ կան, պատերուն վրայ ճանճ կայ։

Այս արարողութիւնը ժամեր կը տեւէր, պանիրը բամբասանքով կ՛աղուէր, կը համեմուէր, կը զարդարէր մառաններուն մէջ դրուելիք կաւէ կուժերը, «պէրէքէթ» է կ՛ըսէին եւ աղօթքով կը կնքէին կուժերուն բերանները։

Իրենք թող աղօթեն, ես ալ իմ գործովս զբաղիմ։

Մոռցած էին գոյութեանս մասին եւ անհոգ էին, որովհետեւ աստիճանը չկար եւ ես չէի կրնար տանիք բարձրանալ։ Բայց չէին գիտեր, որ նպատակս տկարութիւն չէր ճանչնար։

Հալէպի տուներուն կառուցուածքը շատ չէր տարբերեր բնակիչներուն պարզութենէն, թաղին մէկ ծայրէն միւսը կարելի էր հասնիլ իրարու փակած տանիքներէն. այս հնարքը օգտագործելով հասայ մեծ մօրս տանիքը. հրաշալի համայնապատկեր մը բացուեցաւ աչքերուս դիմաց, պանիրին բուրմունքը տարածուած էր ամէնուր, կիները կը ծափէին ու կ՛աշխատէին, խեղճերը չզգացին, թէ իրենց գլուխներէն հոսող հեղուկը քրտի՞նք էր, թէ՞ երկինքէն տեղացող թթուահամ օրհնութիւն…

Մէկ առ մէկ մկրտեցի զիրենք աղտորի թանձրացած հեղուկով, իսկ վերջին ամանը պարպելէ ետք՝ կայծկլտող աչքերով եւ թաթիկներով հեռացայ, հեռացաւ նաեւ անմեղութեան եւ քաջագործութեան դրուագներէս մէկն ալ, եւ հակառակ դէմքիս վրայ գծագրուող ժպիտին, տխրութեամբ փակեցի պատուհանս։

Արաքս Փիլաւճեան Խտրլարեան

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x