Խելագար Պտոյտ

Մարալ Տ.

Բանտարկուած ենք այդ ոգեղէն ոլորտին մէջ,

ուրկէ ելլելը այդքան դառն է …

իսկ մնա՞լը…

անդիմադրելի քաշողականութեամբ

դառնալ նոյն ծիրին մէջ,

որուն կեդրոնը…դո՛ւն ես.

դառնալ այնպէս՝ ինչպէս երկիրը արեւին շուրջ,

լեցուն կեանքով, գեղեցկութեամբ,

նաեւ՝ դաժանութեամբ եւ զրկանքով:

Մօտենալը անհնար է,

հեռանալը…

կորուստ անջրպետին մէջ անհուն,

մթութեան մէջ անտեղեակ:

եւ ես… կը շարունակեմ դառնալ նոյն ծիրին մէջ

մերթ խնդալով, մերթ լալով եւ…հայհոյելով:

Հոկտեմբեր 2025
Մարալ Տ.

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x