Featured - Page 10

Ազնիւ արարք մը

Դարաշրջանի մը մէջ, ուր թափանցիկութիւնն ու հաշուետուութիւնը յաճախ կ’անտեսուին, վերջերս տեղի ունեցաւ ուշագրաւ նախաձեռնութիւն մը, որ հայկական առումով նոր չափանիշներ կը սահմանէ հանրային եւ համայնքային ծառայութիւններու մէջ: Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը ոգեշնչող օրինակ մը հանդիսացաւ՝ լիբանանահայ համայնքին ներկայացնելով  իր գործունէութէան նիւթական եւ բարոյական համապարփակ զեկոյցը (Ուրբաթ, 22 Սեպտեմբեր 2023, «Ազդակ»ի Փիւնիկ սրահ): Թափանցիկութեան այս աննախադէպ նախաձեռնութիւնը ոչ միայն ընդգծելի է իբրեւ երեւոյթ, այլեւ կը ծառայէ իբրեւ հզօր յիշեցում մը այն սկզբունքներուն, որոնք հիմք պէտք է հանդիսանան հասարակական եւ համայնքային գործունէութեան:

Շատերու համար «թափանցիկութիւն» եւ «հաշուետուութիւն» հասկացութիւնները կրնան դիւանակալական դարձուածքներ նկատուիլ, բայց խորքին մէջ անոնք մաս կը կազմեն արդիւնաւէտ եւ պատասխանատու կառավարման էութեան թէ՛ պետական եւ թէ՛ հասարակական ծառայութեան ոլորտներուն մէջ: Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան համար այս սկզբունքները կը նկատուին առաջնահերթ: Անոնք կը հանդիսանան այն հիմնաքարերը, որոնց վրայ կը կառուցի վստահութիւնը, եւ վստահութիւնը բարոյական այն մեծ դրամագլուխն է, որ կը խթանէ բոլորանուէր ծառայութիւնը:

Թափանցիկութիւնը, ըստ էութեան, կը նշանակէ ըլլալ բաց եւ անկեղծ՝ աշխատանքներու, նիւթականի եւ որոշումներու կայացման գործընթացներուն մասին: Այս թափանցիկութիւնը նման է կամուրջի մը, որ կազմակերպութիւնը կը կապէ այն մարդոց, որոնց ծառայութիւններ կը մատուցէ՝ խթանելով մասնակցութեան եւ փոխադարձ յարգանքի զգացումը:

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի նիւթաբարոյական զեկոյցի պարագային, այս թափանցիկութիւնը առիթ տուաւ Լիբանանահայ համայնքին աւելի խոր պատկերացում ունենալու, թէ ինչպէ՛ս կը գործածուին Բաժանմունքին յատկացումները: Զեկոյցը փարատեց որեւէ կասկած կամ սխալ պատկերացում՝ ամրապնդելով վստահութիւնը Հիմնարկութեան եւ համայնքին միջեւ, ուր բազմաթիւ ծրագիրներ կը հովանաւորէ ան:

Հաշուետուութիւնը, միւս կողմէ, կատարուած աշխատանքներուն եւ տրուած որոշումներու գծով պատասխանատուութիւն ստանձնելու ազնիւ արարք մըն է: Հասարակական կազմակերպութիւններու համար հաշուետուութիւն կը նշանակէ պատասխանատուութիւն վերցնել ոչ միայն իրենց յաջողութիւններուն, այլեւ ձախողութիւններուն ու բացթողումներուն համար: Այդ մէկը կը նշանակէ ընդունիլ թերութիւնները եւ գործնապէս բարելաւումներ փնտռրել:

Իր զեկոյցը ներկայացնելով հանրութեան, Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը ցոյց տուաւ իր խոր յանձնառութիւնը հաշուետուութեան նկատմամբ: Ան ինքնակամօրէն զինք լսողները ոչ միայն բաժնեկից դարձուց իր իրագորղումներուն, այլեւ մարտահրաւէրներուն եւ քաղած դասերուն: Բաց ու թափանցիկ ըլլալու այս մակարդակը ոչ միայն հիացում կը յառաջացնէ, այլեւ կ’ամրապնդէ համագործակցութեան եւ կառուցողական աշխատանքի մթնոլորտը Հիմնարկութեան եւ լիբանանահայ համայնքին միջեւ:

Այս նախաձեռնութէան կարեւորութիւնը բնականօրէն կը տարածուի սրահին մէջ զայն լսողներէն անդին: Ան կը ստեղծէ նախընթաց մը եւ կը խրախուսէ համայնքային բոլոր կազմակերպութիւնները՝ ընդունելու թափանցիկութիւնը իբրեւ առաջնորդող սկզբունք: Նման թափանցիկութիւն կը խթանէ պատասխանատուութեան մշակոյթ մը, որ ի վերջոյ միայն օգուտ կրնայ բերել ամբողջ համայնքին: Ազնիւ եւ թափանցիկ աշխատանքը իսկապէս կրնայ փոփոխութիւններ յառաջացնող ազդակ մը հանդիսանալ:

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին թափանցիկութեան նկատմամբ ցուցաբերած այս բծախնդրութիւնը լաւատեսութիւն կը ներշնչէ, որ պղտոր ջուրերու մէջ ընթացող համայնքային ծառայութիւնները փոխեն իրենց ընթացքը եւ անդրադառնան, որ վստահութեան վերականգնումը իսկապէս կրնայ փոփոխութիւններ յառաջացնել հաւաքական կեանքին մէջ:

Այս ուշագրաւ արարքին միջոցով, Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը յոյս կը ներշչէ, որ թափանցիկութիւնն ու հաշուետուողականութիւնը բացառութիւն չեն, այլ՝ կանոն հասարակական ծառայութեան:

Յոյս գտնել յուսահատութեան մէջ` միասնականութեամբ եւ հզօր բանակով միայն

Վերջին իրադարձութիւններուն հետեւանքով, երբ հայկական Արցախը կանգնած է աննախադէպ մարտահրաւէրներու դիմաց, մեր սիրտերը խոցուած են ծանր վիշտով: Բեկումնային նման պահերու, յուսահատութիւն արտայայտելը կրնայ բնական թուիլ, բայց պէտք չէ մոռնալ, որ նոյնիսկ ամենէն խաւար ժամանակներուն՝ միշտ տեղ կարելի է գտնել յոյսի եւ լաւատեսութեան:

Պարտուած ու անիրաւուած կը զգանք, եւ դիւրին չէ նման զգացումի հետ հաշտուիլ, բայց պէտք է ընդունինք՝ պարտաւոր ենք, որ պարտութիւնը պարզապէս վերջ մը չէ, այլ նոր սկիզբ մը կրնայ ըլլալ: Շատ յաճախ, մեր ամենէն դժուար պահերուն է, որ մենք ուժ կը գտնենք մեր մէջ` յամառօրէն պայքարելու եւ վերստին բարձրանալու: Պարտութիւնը մեզի ինքնազննումի եւ իյքնագիտակցութեան անգնահատելի պահեր կրնայ ստեղծել եւ դասեր քաղել անկէ: Ան ստիպողութեան առջեւ կը դնէ բոլորս՝ մտածելու մեր անցեալի ախալներուն մասին եւ որոնելու յաղթանակի նոր ուղիներ:

Պատմութեան էջերը լեցուն են ազգերու ու ժողովուրդներու վիճակուած կացութիւններով, որոնք դէմ յանդիման գտնուած են անիրաւութիւններու, սակայն յաջողած են աւելի զօրաւոր ու տոկուն դուրս գալ անոնցմէ: Հայկական ոգին բացառութիւն չէ: Դարերու փորձութիւններուն եւ անիրաւութեանց դէմ՝ հայերս ցուցաբերած ենք տոկալու եւ վերակառուցելու ուշագրաւ կարողականութիւն մը:

Հայկական ինքնութեան ամենահզօր կողմերէն մէկը, թէեւ պարտադրուած, անոր աշխարհասփիւռ իրավիճակն է: Հետեւաբար, ճգնաժամի ժամանակ հայկական սփիւռքը կենսական դեր կրնայ խաղալ թէ՛ բարոյական եւ թէ՛ նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերելով հայ ժողովուրդի նոր աղէտեալներուն: Սահմաններ ճեղքող հայկական միասնական ոգին պէտք է մնայ անկոտրում, եւ այս միասնականութիւնն է, որ կրնայ մեզ առաջնորդել դէպի աւելի պայծառ ապագայ:

Ժամանակն է, որ սփիւռքի եւ Հայաստանի ամբողջ հայութիւնը համախմբուի իր մէկ ու միակ ապաւէնին՝ հայկական պետականութեան շուրջ: Հայկական պետութեան եւ սփիւռքի միասնականութիւնը ռազմավարական անհրաժեշտութիւն է: Հզօր պետականութիւնը, յատկանշուած արդիւնաւէտ ու արդար կառավարումով, ամուր հաստատութիւններով եւ հզօր բանակով, այն հիմնաքարն է, որմէ կախեալ են մնացեալ բոլոր ձեռքբերումները: Հզօր բանակը կ’երաշխաւորէ ազգային ապահովութիւնը եւ հայ ժողովուրդի շահերը: Աւելին, հայկական սփիւռքի համաշխարհային հսկայական ցանցը աներեւակայելի կարելիութիւններ կը ստեղծէ Հայաստանի՝ ընդլայնելու իր միջազգային ազդեցութիւնն ու հասանելիութիւնը: Սփիւռքահայերը պէտք է համախմբուին Հայաստանի պետութեան շուրջ` ներդնելով իրենց բոլոր միջոցները եւ փորձառութիւնը  միջազգային մակարդակով Հայաստանի դիրքը ամրապնդելու համար:

Զօրաւո՛ր պետութիւն եւ հզօ՛ր բանակ:

Հայաստան եւ սփիւռքը ձեռք ձեռքի միասին կրնան ճամբան հարթել դէպի աւելի պայծառ ապագայ, ուր հայ ազգը ոչ միայն կրնայ ծաղկիլ, այլեւ պարտութիւնը վերածել յաղթանակի:

Երբ մենք կը նաւարկենք մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն մէջէն, մենք պէտք չէ մոռնանք, որ վերականգնումի ճամբան կրնայ հարթուած ըլլալ միա՛յն տոկունութեամբ, վճռականութեամբ եւ անսասա՛ն յոյսով: Մեր հաւաքական ուժը ոչ միայն տոկալու, այլեւ մեր սխալներէն սորվելու եւ հասուննալու կարողութեան մէջ կը կայանայ:

Այն դասերը, զորս պէտք է կը քաղենք այս պարտութենէն, այո՛ պարտութենէն, հիմք պէտք է ծառայեն աւելի զօրաւոր եւ միասնական հայ ժողովուրդ մը կերտելու առաջադրանքին, դիտող, զննող եւ քննարկող միտքով օժտուած հայ մարդը պատրաստելու նպատակին: Հասած է պահը, որ ըլլանք ստեղծագործ լուծումներ որոնող ժողովուրդ մը՝ զիրար դատապարտելու եւ յանցաւորներ փնտռելու անյոյս եղանակին փոխարէն:

Յուսահատութեան դիմաց եկէք յոյսով քալենք դէպի ապագայ: Ճամբան կրնայ դժուա՛ր ըլլալ, բայց երբե՛ք՝ անյաղթահարելի: Մենք միասին կրնանք այս ճգնաժամէն դուրս գալ աւելի՛ զօրաւոր, աւելի՛ համախմբուած եւ աւելի լաւ պատրաստուած ապագային` մանաւանդ հզօր բանակով: Մեր պատմութիւնը մեր տոկունութեան եւ դժուար պահերու վճռականութիւն ցուցաբերելու վկայութիւնն է, եւ մեր ապագան չի կրնար տարբեր ըլլալ:

Մինչ այսօր կը սգանք մեր պատմութեան այս սեւ էջը, չենք կրնար միաժամանակ չտօնել այն ուժը, որ կը բնակի հայ հոգիին մէջ: Մենք կանգնած ենք խաչմերուկի մը դիմաց, եւ մեր այսօրուան ընտրութիւնը կը ձեւաւորէ գալիք սերունդներուն ապագան: Եկէք ընտրենք յոյսը, լաւատեսութիւնը եւ միասնականութիւնը, երբ որոշած ենք շարժիլ առաջ. այս առաքինութիւններուն մէջ է հայու իսկական ուժը:

Խաւարի ժամանակ մենք պէտք է ըլլալնք մեր սեփական լոյսին տէրը: Այդ լոյսը մեր միասնականութիւնն է եւ մեր բանակը, եւ միայն մեր պետութեան շուրջ խմբուած, միաս՛ին մենք կրնան շարժիլ դէպի առաջ, վերակառուցել, բարգաւաճել եւ…նորէն յաղթել:

Հայակական պետականութեան եւ մեր բանակին շուրջ ստեղծուած մեր միասնականութեամբ, մենք անպայմա՛ն կրնանք յաղթել:

Լաւատեսութեան «Պատկեր» մը Պուրճ Համուտի գողտրիկ մէկ անկիւնէն

Թէեւ Պուրճ Համուտը սկսած է կորսնցնել իր երբեմնի հայկական փայլքը, սակայն տակաւին կան այնպիսի գողտրիկ անկիւններ, որոնք ոչ միայն կը յուշեն անցեալի փառքը, այլեւ այցելուները, հայ թէ օտար, կը ներշնչեն իրենց խանդավառ մթնոլորտով եւ յատուկ երանգով։ Նոր Մարաշի եռանդուն փողոցներէն մէկուն խաղաղ անկիւնը կը գտնուի «Պատկեր» ճաշարանն ու մշակոյթի տունը, որ լիբանանահայութեան համար հարազատ հասցէ մը դարձած է 2012-էն ի վեր։

Անցեալ շաբաթ առիթը ունեցայ այցելելու այս եզակի հիւրընկալ վայրը։ Թէեւ արտաքին երեւոյթով միայն ճաշարանի տպաւորութիւնը կը ձգէ, սակայն շեմէն մուտք գործելով, երազային ճամբորդութիւն մը սկսաւ դէպի գեղեցիկ անցեալը։  Բոլորովին տոհմիկ հայկական կահաւորումն ու զարդարանքները զիս հրապուրեցին ու միտքս սաւառնեցաւ դէպի չքնաղ Կիլիկիան։ Մինչ ես խանդավառութեամբ մօտեցայ ճաշարանին կեդրոնը տեղադրուած դաշնամուրին, ուշադրութիւնս գրաւեց պատերուն վրայ շրջանակի մէջ առնուած հայ ընտանեկան հին նկարները։

Քիչ անց, նախօրոք ժամադրուած, մտերիմ զրոյց մը սկսայ ունենալ «Պատկեր»-ի հիմնադիր եւ տնօրէնուհի՝ Օրդ. Արփի Մանկասարեանի հետ, որ զիս հիւրընկալելէ ետք, եռանդով սկսաւ պատմել «Պատկեր»-ի հիմնադրութեան նպատակին ու առաքելութեան մասին՝ անդրադառնալով ներկայիս «Պատկեր»-ի նախաձեռնած յատուկ ծրագիրին, որ կը միտի կաշեգործութեան արհեստը սորվեցնել հայ երիտասարդութեան։

Օրդ. Արփին մեծ խանդավառութեամբ պատմեց, թէ «Պատկեր» ճաշարանն ու մշակոյթի տունը հիմնելուն հիմնական նպատակը եղած է մշակոյթով հարուստ ընտանեկան մթնոլորտը փոխադրել ու ներկայացնել հանրութեան, ինչպէս նաեւ՝ պահպանել հայկական արուեստի ժառանգութիւնը։ «Հետեւաբար անհրաժեշտ էր գտնել վայր մը, որ ունէր բոլոր հնարաւորութիւնները եւ կը ծառայէր «Պատկերի» նպատակին: Առիթը ստեղծուեցաւ Նոր Մարաշի մէջ գտնուող այս շէնքը գնելու, որ այժմ հայկական աւանդութեանց ու հայ մշակոյթի դիմագիծը՝ «Պատկերը» մարմնաւորող հիմնարկ մը դարձած է», ըսաւ Օրդ. Արփի։ Նոյնիսկ ճաշարանի բաժինը կը պահէ հայկական ուտելեղէնի ժառանգութիւնը։ Իսկ հակական պատառին կողքին, այցելուին կը հրամցուին նաեւ հայկական պատմութիւններ։

Մինչ մենք նստած կը զրուցէինք, խումբ մը օտարազգի այցելուներ եկան, որոնք սիրալիր ընդունուեցան «Պատկեր»-ի անձնակազմին կողմէ։ Շատ ուշագրաւ էր այս խումբին ցուցաբերած հետաքրքրքրութիւնը հայկական մշակոյթին հանդէպ։ Անոնք մօտէն կ’ուզէին ծանօթանալ հայկական արժէքներուն։

Օրդ. Արփին յայտնեց, որ «Պատկեր»ը կը կազմակերպէ երաժշտական երեկոներ, ինչպէս նաեւ՝ հայկական տօներու առիթով յատուկ ձեռնարկներ, ինչպէս՝ Սուրբ Սարգիս, Վարդավառ եւ աշնանամուտի ու բեռքահաւաքի մասնաւոր հաւաքոյթ մը, երբ կը հրամցուի աւանդական ղափաման։ Այսպէս՝ վառ կը պահուին հայկական աւանդութիւնները եւ կը փոխանցուին ապագայ սերունդներուն։

Ան մեծ եռանդով ու յուզումով կը պատմէր, թէ ինչպէ՛ս յաջողած է մարտահրաւէրները շրջանցել, հիմնել այս հաստատութիւնը եւ իրականացնել իր մեծերուն երազը. անոր արտասուալից աչքերէն զգալի էր, թէ ինք որքա՛ն կապուած ու կառչած է աւանդութիւն ու մշակոյթ խտացնող այս հաստատութեան։

Խանդավառ զրուցակիցս ապա զիս առաջնորդեց հաստատութեան միւս՝ մշակութային բաժինները։ Պահ մը զգացի թէ կը գտնուիմ փոքրիկ թանգարանի մը մէջ։ Մուտքին կար սենեակ մը, ուր ցուցադրուած էին Մարաշի, Սվազի եւ այլ շրջաններու հին ձեռագործներ, հայկական տիկնիկներ, գորգեր ու բազմաթիւ գիրքեր։ Ապա առաջին յարկ բարձրանալով՝ զիս ներգրաւեցին արձաններն ու հայկական տարազները։ Արուեստ ներշնչող այս հիմնարկին իւրաքանչիւր անկիւնը զետեղուած էին հայկական զարդեր, իսկ պատերը գրաւած էին զանազան պաստառներ։ Օրդ. Արփի ընդգծեց. «Բոլոր անոնք, որոնք ունին ձիրք եւ իրենց ստեղծագործութիւններէն կը ցոլայ հայկական ոգին, «Պատկերը» կը քաջալերէ զանոնք ու կեդրոնը կը դնէ անոնց տրամադրութեան տակ՝ ցուցադրելու ու հանրութեան սեփականութիւնը դարձնելու իրենց արուեստը»:

Անշուշտ մեր զրոյցը չէր կրնար հասնիլ իր աւարտին, առանց անդրադառնալու «Պատկեր»-ի վերջին նախաձեռնութեան՝ վերակենդանացնելու եւ վերաշխուժացնելու կաշեգործութեան արհեստը։ Օրդ. Արփի բացատրեց. «Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք, UNESCO-ն մշակութային եւ ստեղծագործական վերնագրով կոչ մը ուղղած էր պայթումէն վնասուած շրջաններուն մէջ գտնուող հաստատութիւններու եւ անհատներու, որ ներկայանան յատուկ արհեստի մը զարգացման ծրագիրով։ Ընդառաջելով UNESCO-ի այս կոչին, «Պատկեր»ը ներկայացուց այժմ նահանջած կաշեգործութեան վերակենդանացման ու զարգացման ծրագիրի մը համոզիչ թղթածրարը, որ կրցաւ շահիլ UNESCO-ի աջակցութիւնը»:

Երբ հարց տուի թէ ինչո՞ւ կաշեգործութիւն եւ ոչ այլ արհեստ մը, ան դիտել տուաւ թէ արհեստը կարեւոր առանցքներէն մէկն է մշակոյթին, եւ հաստատուելով Լիբանան, հայերը 1930-ական թուականներուն ստեղծած Սուք էլ Էրմէնը, ուր ժողովուրդին մեծամասնութիւնը այս արհեստին ճամբով իր ապրուստը կ’ապահովէր։ Իսկ այս արհեստին կեդրոնը դարձած էր Պուրճ Համուտը, ուր կաշիի մորթին պատրաստութենէն մինչեւ վերջին մշակումը կ’ըլլար այս վայրին մէջ։ Այդպէս է որ, այսօր «Պատկեր» յանձն առած է քով քովի բերելու սորվելու փափաք ունեցող երիտասարդները իբրեւ աշակերտ ու տակաւին գոյատեւող վարպետ արհեստաւորները»։

Վարպետները՝ նախագծողներ (designer), ձեւաւորողներ թէ արհեստաւորներ, իրենց աշխատանոցներուն մէջ պիտի ընդունին  աշակերտները, սորվեցնեն ու փոխանցեն իրենց արհեստին գիտելիքները։ Այս կոչը կը թիրախաւորէ 18-45 տարիքի երիտասարդ – երիտասարդուհիները այն պայմանով որ ըլլան լրջօրէն հետաքրքրուած եւ մարմաջը ունենան ստանձնելու այս ժառանգական ու ստեղծագործական արհեստը։ Անպայման պէտք է յիշեցնել, թէ դասընթացքները բոլորովին անվճար են, իսկ աշակերտներուն եւ վարպետներուն նախատեսուած է գնահատական վճարում մը։ Այս ծրագիրը պիտի երկարի 5 ամիսներու վրայ, որու աւարտին աշակերտները պիտի ստանան UNESCO-էն վաւերացուած յատուկ վկայագիր մը։ Իսկ գոյացած աշխատանքն ու արտադրութեան մէկ մասը պիտի ցուցադրուի «Պատկեր»-ի մշակութային բաժինի մէջ, իսկ միւսը՝ «Union Mark» հաստատութեան մէջ, որ նախապէս «Ապրոյեան»-ի գործարանն էր։ Կը նախատեսուի որ հետագային գործակցելու պատեհութիւններ ստեղծուին վարպետներուն եւ աշկերտներուն միջեւ եւ այսպէս կը սկսի վերակենդանանալ կորսուելու վտանգին մատնուած ժառանգական այս արհեստը։ Այս բոլորին առընթեր, այս արհեստը ամփոփ կերպով տեղեկագրող գրքոյկ մը պիտի պատրաստուի: Այս աշխատանքը պիտի ստանձնեն համալսարանականներ, որոնք արդէն իսկ կ’այցելեն տարբեր հիմնարկներ, ինչպէս «Ազդակ» եւ Լիբանանեան զանազան համալսարաններ, արխիւներէն տեղեկութիւններ հաւաքելու այս նիւթին մասին։

Այցելութեան աւարտին, Օրդ. Արփի ընդգծեց. «մենք պիտի ապրինք եւ ապրեցնենք մեր մշակոյթը, եւ այս մէկը կ’իրականանայ երիտասարդութեան փոխանցելով մեր մշակութային գիտելիքները։ Իսկ երիտասարդութեան կը մնայ հետեւիլ, լաւ սորվիլ եւ չվստահիլ միայն համացանցին։ Սորվիլ ու սորվեցնելը ոչ միայն արուեստ, այլեւ մշակոյթ է, այնպիսի ուժ մը՝ որուն միջոցով կրնանք յաղթահարել ամէն արգելք ու դիմակալել ամէն մարտահրաւէր»։

Հրաժեշտ տալով հեռացայ այս հիւրընկալ հիմնարկէն՝ այն յոյսով, որ ամէն հայ այցելէ այս մշակութային տունն ու ճաշարանը։ Սրտագին մաղթանքներ ու յարատեւ յաջողութիւն «Պատկեր»-ի այս յատուկ նախաձեռնութեան եւ կանաչ ճանապարհ բոլոր մասնակիցներուն։

Պահպանե՛նք, զարգացնե՛նք ու երիտասարդացնե՛նք արեւմտահայերէնը. ահա թէ ինչպէ՛ս

Աշխարհացրիւ հայկական սփիւռքին կամ ընդհանրապէս հայութեան համար արեւմտահայերէնի պահպանումն ու զարգացումը պէտք է գերազա՛նց նշանակութիւն ունենան, կամ այդպէ՛ս կ’ակնկալուի առնուազն: Իբրեւ լեզուական եւ մշակութային հարստութիւն` արեւմտահայերէնը առանցքային տարր է հայկական ամուր ինքնութեան պահպանման համար՝ աշխարհի մը մէջ, ուր մշակոյթներու փոխազդեցութեան մնայուն ընթացքը մէկը միւսը կլանելու ենթահողը կը դիւրացնէ: Հակառակ համաշխարհայնացման եւ թուայնացման դարաշրջանի առթած մարտահրաւէրներուն՝ կան համոզիչ պատճառներ ձեռնարկելու արեւմտահայերէնի վերանորոգման եւ վերաժողովրդայնացման, յատկապէս երիտասարդութեան մէջ:

          Լեզուն իբրեւ մշակութային ինքնութեան խորհրդանիշ

Լեզուն բնականօրէն շատ աւելին է, քան պարզապէս հաղորդակցելու միջոց մը. ան կը հանդիսանայ մշակութային ինքնութեան հիմնական բաղադրիչը, եւ իբրեւ այդպիսին՝ արեւմտահայերէնը աշխարհի տարբեր ծայրերուն ապրող հայերուն համար խորքային կապ մը կը ստեղծէ իրենց հարուստ մշակութային ժառանգութեան, նախնիներուն եւ հազարամեակներու անցեալ ունեցող պատմական արմատներուն հետ: Ան կը մարմնաւորէ հայ ժողովուրդին հաւաքական յիշողութիւնը` նպաստելով սփիւռքի գաղութներուն մէջ միութեան եւ պատկանելութեան զգացողութեան ամրապնդումին:

          Աւանդութեանց պահպանման միջոց

Արեւմտահայերէնը խորապէս միահիւսուած է հայկական սովորոյթներուն, ծէսերուն եւ աւանդութիւններուն հետ: Մշակութային բազմաթիւ արտայատութիւններ՝ կրօնական արարողութիւններէն (գրաբարի կողքին այս պարագային) մինչեւ ընտանեկան հաւաքոյթներ, մեծապէս կախեալ են արեւմտահայերէնէն: Պահպանելով զայն՝ սփիւռքահայերը կրնան երաշխաւորել, որ այս սովորոյթներն ու աւանդութիւնները կը փոխանցուին սերունդէ-սերունդ՝ ստեղծելով մշակութային շարունակականութեան զօրաւոր հիմք մը:

          Պատմական կապ ու նշանակութիւնը

Արեւմտահայերէնը պատմական նշանակալի կշիռ ունի, որովհետեւ ոչ միայն ան պարզապէս մեր պապերուն լեզուն է, այլ որոհետեւ նաեւ կը դրսեւորէ ու կը յուշէ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու ապրած դառն փորձառութիւնները, մասնաւո-րաբար՝ ցեղասպանութիւնը: Մինչ մէկ կողմէ կը յիշեցնէ տառապանքը մեր 1,5 միլիոն նահատակներուն, միւս կողմէ ան կը ծառայէ որպէս հայ ժողովուրդի տոկունութեան, վերապրումի եւ գոյատեւման կենդանի վկայութիւնը՝  դարձնելով զայն կարեւոր միջոց մը՝ յիշելու եւ յարգելու բոլոր անոնք, որոնք ջարդուեցան պարզապէս, որ հայ էին: Եղեռնը կարելի է յիշել ու նշել տարբեր լեզուներով, բայց ան շատ բան կը կորսնցնէ իր պատմական համապատասխանութենէն, եթէ դադրի արեւմտահայերէնով ոգեկոչուելէ:

          Կամուրջ մը դէպի Հայաստան ու արեւելահայերէն

Հակառակ ժամանակի ընթացքին ձեւաւորուած լեզուական որոշ տարբերութիւններու` արեւմտահայերէնն ու արեւելահայերէնը հիմնականօրէն կը մնան փոխըմբռնելի: Մասնաւորաբար արեւմտեան կողմն աշխարհի, ուր արեւմտահայախօսութեան նահանջը աւելի զգալի է, պէտք է դիտել տալ, որ արեւմտահայերէն սորվիլ ու խօսիլը կրնայ տարբեր դուռեր բանալ սփիւռքահայերուն համար՝ աւելի դիւրին կապուելու Հայաստանի, գործի ձեռնարկելու եւ ընդհանրապէս բացուելու հայալեզու այլ շրջաններու իրենց հայրենակիցներուն հետ: Ան կրնայ ծառայել իբրեւ ազդու միջոց ու մեկնակէտ սփիւռքահայերու համար, որոնք կ’ուզեն արեւելահայերէն սորվիլ կամ Հայաստան այցելել` խթանելով միասնականութեան զգացումը եւ դիւրացնելով համագործակցութիւնը հայախօս աշխարհի հետ:

*      *

*

            Այժմ պիտի փորձենք ուսումնասիրել արեւմտահայերէնի պահպանութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները եւ ներկայացնել կամ փորձել ներկայացնել հին ու նոր լուծումներ, որոնք կրնան նպաստել մշակութային այս կարեւոր արժէքի պաշտպանութեան, պահմանումին  ու զարգացումին: Արհեստագիտական ուժի օգտագործումէն մինչեւ սերունդներու միջեւ երկխօսութեան ու մշակութային գիտակցութեան խթանումը՝ հոս քննարկուած միջոցները  կը հանդիսանան փորձ մը՝  հարթելու արեւմտահայերէնի աշխուժացման ճամբան: Արեւմտահայերէնի  պահպանումը միայն ներդրում մը չէ մշակութային ժառանգութեան մէջ. ան հայ ժողովուրդի յաւերժական ոգիին վկայութիւնն է:

Մեր քննարկումներուն առանցքը պիտի հանդիսանան հայ դպրոցները, լրատուամիջոցները, ծնողները եւ արդիականացած բառարանները, որոնք միասին կը կազմեն սերունդները իրարու կամրջող ու արեւմտահայերէնի պահպանումը երաշխաւորող ներդաշնակ համոյթ մը:

          Դպրոցներու դերը արեւմտահայերէնի պահպանման առաքելութեան մէջ

Լեզուի պահպանման բարդ գործընթացին մէջ կրթական հաստատութիւնները ունին առանցքային դերակատարութիւն, իսկ արեւմտահայերէնի ուսուցման նուիրուած դպրոցները՝ սկզբունքով մեր բոլոր հայկական վարժարանները, մեծ ազդեցութիւն ունին երիտասարդութեան վրայ. հոն է որ հայօրէն կը թրծուի հայ երիտասարդը, այդպէս կը սպասուի: Որպէս լեզուական ժառանգութեան պահապաններ՝ այս դպրոցները կը կրեն ոչ միայն լեզուական հմտութիւններ փոխանցելու, այլեւ մշակոյթի եւ ինքնութեան հետ խոր կապ ստեղծելու պատասխանատուութիւնը:

Անառարկելի է կրթական հաստատութիւններու կարեւոր դերը արեւմտահայերէնի պահպանման առաքելութեան մէջ: Այժմ փորձենք քննարկել, թէ ի՞նչ ռազմավարութիւններ կրնան որդեգրուիլ՝ ապահովելու լեզուին կենսունակութիւնը: Արեւմտահայերէնը ապրելակերպի վերածող լեզուական ծրագիրներէն մինչեւ լեզուին համարկումը ընթացիկ ուսումնական ծրագիրներուն եւ հմուտ ուսուցիչներու պատրաստութենէն մինչեւ մշակութային արտադասարանական միջոցառումներու կազմակերպումը՝ հայ դպրոցները կը մնան կանգնած իբրեւ փարոսներ, որոնք կը լուսաւորեն արեւմտահայերէնի պահպանման ուղին: Կրթութեան միջոցով է, որ այս լեզուին մնայուն աւանդը եւ անոր ընդգրկած կենսունակ մշակոյթը կրնան փոխանցուիլ գալիք սերունդներուն:

Շատ մը դպրոցներ սկսած են անտարբեր մօտեցում ցուցաբերել հայերէնով դասաւանդուած նիւթերուն նկատմամբ, թէեւ հակառակը կը փորձեն ցոյց տալ՝ առարկելով, որ անոնք կը ճնշեն ուսումնական ընթացիկ ծրագրին եւ իմա պետական քննութիւններու յաջողութեան վրայ: Պատրուակէն աւելի` մեծ սուտ մը կարելի է նկատել այս մէկը: Առաջ ալ մեր դպրոցները միշտ հետամուտ եղած են պետական քննութիւններու յաջողութեան եւ միշտ ալ շատ լաւ արդիւնքներ արձանգրած են՝ առանց ոչ մէկ զիջում կատարելու հայերէնի նիւթերէն: Այսօր կեանքի մէջ յաջողած տարեց սերունդներ կան, որոնք բժիշկ են, երկրչափ ու առեւտրական, որոնք ոչ միայն օտար լեզուներու կողքին կը խօսին սահուն արեւմտահայերէն, այլեւ գեղարուեստական մակարդակով ու անսխալ կը գրեն զայն: Այդպէս էր, որովհետեւ հայկական դպրոցները հայերէնը կը նկատէին աշակերտներու կրթութեան եւ մշակութային ինքնութեան վառ եւ իմաստալից մէկ մասը՝ պետական քննութիւններու մէջ յաջողութեան կողքին: Փաստօրէն, հայերէնին յատկացուցած ժամանակն ու ճիգը արգելք չէր ըլլար որ անոնք իրենց պետական ծրագիրը իրագործէին: Այսօր ալ կան նման դպրոցներ, օրինակ Համազգայինի ճեմարանը, որ ոչ մէկ զիջում կը կատարէ հայերէնի իր ծրագիրէն, միւս կողմէ ընդհանրապէս 100%  յաջողութիւն կ’արձանագրէ պետական քննութեանց մէջ: Հայերէնը երբե՛ք արգելք չէ պետական ծրագիրին: Միայն ծուլութեան, անտարբերութեան եւ հաւանաբար առեւտրական նկատարումներով է (պիւտճէի յամեցող դժուարութիւններ) որ հայերէնը սկսած է երկրորդական, երրորդական նկատուիլ մեր դպրոցներուն մէջ: Ծնողները անշուշտ մեծ դեր ունին այս վիճակի ստեղծման մէջ: Կ’անդրադառնանք քիչ ետք:

          Անկրկնելի է հայ ուսուցիչին դերը

Հայերէն նիւթեր դասաւանդող ուսուցիչներու վերորակաւորումը դարձած է կենսական: Անհրաժեշտ է ներդրումներ (օժանդակողներ միշտ կը գտնուին) կատարել արեւմտահայերենին տիրապետող ուսուցիչներու վերապատրաստութեան համար: Լաւ պատրաստուած մանկավարժները կարեւոր են լեզուական հմտութիւնները արդիւնաւէտ փոխանցելու համար: Գիտութեան կողքին հայերէնի հանդէպ կիրք ունենալն ու փոխանցելը պայման է: Անոնք նաեւ կրնան, պէտք է ծառայեն որպէս մշակութային դեսպաններ՝ օգնելով ուսանողներուն գնահատելու լեզուին պատմամշակութային խորքը: Հոս կրնանք փակագիծ մը բանալ եւ նշել անունները, երկար շարք մը, հայ ուսուցիչներու, որոնք գիտութեան կողքին՝ ոգի ու մշակութային գիտակցութիւն ջամբեցին իրենց աշակերտներուն: Այդ օրերուն ալ պետական քննութիւններ կային եւ հայ աշակերտները մեծ յաջողութիւններ կ’արձանագրէին:

          Մշակոյթի եւ լեզուի ակումբներ

Դպրոցները կրնան ստեղծել մշակութային ակումբներ, սեմինարներ եւ ձեռնարկներ, որոնք ազգային մեծ տօներուն կողքին կը նշեն արեւմտահայ սովորութիւնները, տօները եւ աւանդութիւնները: Այս միջոցառումները ո՛չ միայն կը խորացնեն լեզուի եւ մշակոյթի միջեւ կապը, այլեւ հնարաւորութիւն կու տան աշակերտներուն ստեղծելու լեզուական խմբակներ կամ ուսումնական խումբեր: Այս արտադասարանական ակումբները կրնան կեդրոնանալ արեւմտահայերէնի հմտութիւններու կատարելագործման եւ մշակութային քննարկումներու վրայ՝ լեզուն աւելի գրաւիչ եւ բովանդակալից դարձնելու առաջադրանքով: Նոր գիւտ մը չէ այս մեր առաջարկը: Կար ժամանակ, ոչ հեռու անցեալին, երբ ատենամարզանքի պահերը կ’օգտագործուէին այս նպատակով: Ակումբներու առաջարկն ալ նոր չէ. բազմաթիւ դպրոցներ որդեգրած էին այս դրութիւնը, եւ նոյնիսկ արեւմտահայերէնով նշանաւոր պարբերականներ լոյս տեսած են այդ ակումբներուն ճամբով: Ժամանակի սղութիւնը պատրուակ է եւ ծուլութիւն: Գործ մը պակաս:

Եթէ կայ կամքը եւ մանաւանդ պատմական պարտաւորութեան գիտակցութիւնը, դպրոցներու միջոցով արեւմտահայերէնը կը դառնայ աւելին, քան պարզ բառ ու ձայն. ան կը վերածուի ապրելակերպի:

          Արդի լրատուամիջոցները ի սպաս արեւմտահայերէնին

Արեւմտահայերէնը` հայ մշակոյթի եւ ժառանգութեան փարոսը, կը դիմագրաւէ նաեւ արագ զարգացող աշխարհի մարտահրաւէրները, որոնք կրնան վերածուիլ բարիքի, եթէ կարենանք զանոնք լաւապէս օգտագործել: Այս առումով առանցքային է դերը արդի լրատուամիջոցներուն, որոնք ընդհանրապէս կրնան շունչ տալ ու կենսաւորել անհետացման եզրին գտնուող լեզունեը՝ իրարու կապելով սերունդները եւ երաշխաւորելով անոնց կենսունակութիւնը: Լրատուամիջոցները կրնան պաշտպանել նաեւ արեւմտահայերէնը եւ զայն դարձնել այժմէական՝ այսօրուան եւ վաղուան համար:

          Թուայնացած հրատարակութիւններ. Ստեղծել եւ օժանդակել առցանց թերթերու, ամսագրերու եւ արեւմտահայերէնով պլոկներու: Այս հարթակները կը տարածեն լուրեր, պատմութիւններ, յօդուածներ եւ տեսակէտներ՝ ստեղծելով արեւմտահայերէն խօսողներու առցանց հաւաքականութիւն մը` յատկապէս ներգրաւելով երիտասարդութիւնը, որ աւելի վարժ է թուայնացած միջոցներու օգտագործման:

          Ձայնասփիւռը, թուայնացած ձայնային հաղորդումները (podcasts) եւ ընկերային ցանցերը. Ստեղծել արեւմտահայերէն ռատիոկայաններ եւ podcast-ներ` օգտագործելով ձայնի հզօրութիւնը լեզուական ուսուցման համար: Երիտասարդներուն ուղղուած յայտագրերը կրնան լեզուի ուսուցումը դարձնել զուարճալի եւ տեղին: Նաեւ օգտագործել ընկերային ցանցերու հարթակները, ինչպէս՝ YouTube-ը, Instagram-ը եւ TikTok-ը` միացնելու աշխարհով մէկ արեւմտահայերէն խօսողները, լեզուի դասընթացքներ կազմակերպելու, մշակութային արժէքներ փոխանցելու համար՝ միաժամանակ խթանելով մէկ հաւաքականութեան պատկանելու զօրաւոր զգացում մը: Թուայնացման այս դարաշրջանին, լրատուամիջոցները անփոխարինելի դաշնակից են արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան եւ զարգացման՝ կամրջելով սերունդները իրարու  եւ  ենթահող պատրաստելով ապագայի  զարգացման:

Այլ խօսքով՝ լրատուամիջոցները արեւմտահայերէնը կը փոխադրեն թուայնացումի դարաշրջան: Թուայնացած հրատարակութիւնները կը ստեղծեն արեւմտահայերէն խօսողներու առցանց համայնքներ: Ձայնասփիւռը եւ podcast-ները ճիշդ հնչիւններ եւ արտայայտութեան եղանակներ կը հաղորդեն՝ լեզուի ուսուցումը դարձնելով զուարճալի եւ անմիջական: Ընկերային ցանցերու հարթակները կը խթանեն կապերը ամբողջ աշխարհի տարածքին արեւմտահայերէն խօսողներու միջեւ` ստեղծելով համաշխարհային հաւաքականութիւն մը՝ միժամանակ տրամա-դրելով միջոցները լեզուի ուսուցման եւ մշակութային արժէքներու սատարման:

          Ծնողները վճռորոշ դեր ունին

Ծնողները վճռորոշ դեր կը խաղան դպրոցներու եւ լրատուամիջոցներու կողքին արեւմտահայերէնի պահպանման առաքելութեան մէջ: Խորքին մէջ անոնց դերը կը նկատուի հիմքը լեզուի պահպանման ջանքերուն: Ծնողները պարտին ըլլալ առաջին ուսուցիչները երեխայի կեանքին մէջ, առաջին փոխանցողը մշակութային եւ լեզուական ժառանգութեան: Տան մէջ արեւմտահայերէնի քաջալերանքը կ’երաշխաւորէ աշակերտներուն սէրը լեզուին նկատմամբ: Ծնողները իրենք է որ իրենց զաւակներուն պիտի  ծանօթացնեն հայկական սովորութիւնները, աւանդոյթներն ու արժէքները՝ ամրապնդելով լեզուի մշակութային նշանակութիւնը: Լեզուի եւ մշակոյթի այս կապը կենսական նշանակութիւն ունի լեզուի պահպանման համար: Արեւմտահայերէնի նկատմամբ խանդավառութիւն ցուցաբերող ծնողները կրնան իրենց զաւակներուն մէջ լեզուին հանդէպ դրական վերաբերմունք սերմանել:

Ըստ էութեան, ծնողները կը հանդիսանան լեզուի եւ մշակոյթի պահակները ընտանիքին մէջ: Անոնց աշխուժ նուիրուածութիւնը արեւմտահայերէնի տարածման գործին կ’երաշխաւորէ, որ լեզուն պարզապէս դպրոցական պարտականութիւն չըլլայ, այլ ընտանիքի առօրեայ կեանքին կենդանի, շնչառական մէկ մասը:

          Ժամանակակից բառարաններու անհրաժեշտութիւնը

Հայերէնէ օտար լեզուներու բառարանները կարեւոր են լեզու սորվողներու եւ ընդհանրապէս հաղորդակցութեան համար: Սակայն, մեր բառարանները, ընդհանրապէս հին հրատարակութիւններ են եւ չունին հոմանիշներ ու ժամանակակից համապատասխան արտայայտութիւններ: Լեզուն բնականաբար զարգացող վիճակ է եւ երբեմն անհրաժեշտ կը դարձնէ ստեղծագործական յարմարեցումները, մանաւանդ երբ ժամանակակից բառերը չունին իրենց հայերէն համարժէքները: Անծանօթ եզրերու ցանկագրումը իւրաքանչիւրիս կողմէ ինքնին անգնահատելի աշատանք է լեզուի զարգացման համար:

Անհրաժեշտ է որ լեզուի ջատագովները եւ կազմակերպութիւններ համատեղ ճիգ թափեն հայերէն բառարաններու վերաթարմացման եւ մասնաւորաբար արդի եզրերու ընդգրկման առաջադրանքով: Յաճախ, պարզ օրինակի համար, կ’անճրկինք «business» կամ «resource» բառերուն հայերէն հոմանիշ գտնելու, դեռ առանց խօսելու այն անհատնում նոր եզրերուն մասին, որոնք յառաջցած են գիտութեան եւ արհեստագիտութեան զարգացումով, առօրեայ կեանքի թուայնացումով: Ճիշդ է, մենք լեզուի ակադեմիա չունինք, բայց տեղէ մը պէտք է սկսիլ:

Արդիականացած բառարանները անցեալը կը կապեն ներկայի պահանջներուն: Անոնք կ’օգնեն հասկնալու եւ օգտագործելու ժամանակակից արեւմտահայերէնը, որ ժամանակի ընթացքին կը զարգանայ:

Արեւմտահայերէն բառարաններու արդիականացման համար անհրաժեշտ կը նկատուի թուայնացած միջոցներու, ինչպէս՝ կայքէջերու, յաւելումներու (apps) եւ առցանց այլ հարթակներու օգտագործումը: Այս միջոցները ոչ միայն կը դիւրացնեն լեզուական աղբիւրներու աւելի լայն հասանելիութիւնը, այլեւ թոյլ կու տան շարունակական թարմացումներ կատարել՝ քայլ պահելով լեզուական ընդհանուր փոփոխութիւններուն հետ: Թուայնացած հարթակներու օգտագործումով կարելի է արագօրէն որոնել ու գտնել եզրեր, ծանօթանալ հնչիւններուն եւ ուսումնասիրել անոնց օգտագործման եղանակը՝ լեզուն աւելի մատչելի եւ յարմարող դարձնելով ժամանակակից պահանջներուն: Աւելին, արեւմտահայերէնի ջատագովներուն եւ կազմակերպութիւններու միջեւ թուայնացած համագործակցութիւնը կը խթանէ լեզուն հարստացնելու եւ պահպանելու հաւաքական ճիգերը՝ երաշխաւորելով անոր արդիականութիւնն ու կենսունակութիւնը թուայնացման այս դարաշրջանին:

Եզրակացնելով, դպրոցները, լրատուամիջոցները, ծնողները եւ արդիականացած բառարանները միասին կը կազմեն սերունդները կամրջող եւ արեւմտահայերէնի պահպանումը երաշխաւորող ամբողջութիւն մը: Անոնք կը տրամադրեն միջոցները եւ լեզուական աղբիւրները արեւմտահայերէնը ծաղկեցնելու երիտասարդութեան սիրտերուն եւ հայկական սփիւռքի հաւաքական գիտակցութեան մէջ: Իբրեւ լեզուական ժառանգութեան ջահակիրներ՝ անոնք իրենց կարգին կրնան լուսաւորել արեւմտահայերէնի դէպի կենսունակ եւ յարատեւող ապագայ առաջնորդող ուղին:

«Ռուսամէտ», «արեւմտամէտ», «հայամէտ». ո՞ր մէկը ընտրել…

Ներկայիս հայ քաղաքական միտքը բացայայտօրէն կ’ապրի  կողմնորոշուելու անորոշութիւն մը: Այս օրերուն, «ռուսամէտ» եւ «արեւմտամէտ» հոսանքները դուրս եկած են քաղաքական շրջանակներէն եւ բաւական կարծրացած են հասարակական կեանքին մէջ, երբ պետական մակարդակի վրայ քննուելիք հարցերը անհատական թէ հաւաքական մակարդակներու վրայ կը կ’արծարծուին «ռուսամէտ» կամ «արեւմտամէտ» տրամաբանութեամբ: Այս երկու խումբերը բացասական կարծիք ունին մէկը միւսին մասին եւ անոնք սովորաբար իրենց նախընտրած ուղղութիւնը կը նկատեն կատարեալ բարիք եւ կը «դիւայնացնեն» դիմացինինը:

Կան նաեւ այս առումով չէզոք, կամ, թերեւս աւելի անորոշ կողմնորոշում ունեցող անհատներ եւ խումբեր: Անոնք սովորաբար իրենք զիրենք կը նկատեն «հայամէտ»՝ մերժելով միւս երկուքը, բայց, տարբերելով միւսներէն, անոնց հայամէտութիւնը  հիմնականօրէն ունի յուզական բնոյթ, իսկ տնտեսական ու քաղաքական ծրագիրերու մասին խօսելու ատեն ակամայ կը թեքին այս կամ այն կողմը:

Իրականութեան մէջ, այս կամ այն կողմնորոշուելու խնդիրը հայ ժողովուրդին մօտ գոյութիւն ունի արդէն շատ երկար ժամանակէ ի վեր: Քաղաքական ինքնորոշման այս երկուութիւնը ոչ թէ ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններու պատճառով է, այլ՝ Հայաստանի աւանդաբար շատ կարեւոր խաչմերուկի վրայ գտնուելու հետեւանք:

Հայերու մօտ կողմնորոշման երկբեւեռութեան զօրաւոր դրսեւորումներու կը հանդիպինք նոյնիսկ ասկէ հազար հինգ հարիւր տարի առաջ, երբ Հայաստանի մէջ իրարու դէմ գրեթէ զինեալ պայքար կը մղէին իարու հանդէպ ատելութեամբ լեցուած հայկական իշխանական տոհմերը: Եւ այն ժամանակ եւս քաղաքական երկբեւեռութեան հարց կար: Եթէ ներկայիս վէճը «Ռուսիա թէ Արեւմուտք» ընտրելու միջեւ է, այդ ժամանակ նոյն հարցը կը դրուէր «Հռոմ թէ Պարթեւստան» աւելի ուշ` «Բիւզանդիոն թէ Պարսկաստան», «արաբներ թէ Բիւզանդիոն» եւ այդպէս շարունակ: Նոյնիսկ եղած են ժամանակներ, երբ ընտրութեան հարց կը դրուէր երկու թրքական կամ թուրքմէնական ցեղերու միջեւ: Յատկանշական է, որ նոյնինքն այդ բոլորը կայացուց հայ ազատագրական առասպելը, որուն ընտրեալները կը փոխուէին ըստ աշխարհաքաղաքական իրադրութեան:

Հոս հարցը ոչ թէ թեկնածուներն են, այլ, ինչպէս արդէն նշուեցաւ քաղաքական ինքնորոշման հայեցակարգը: Լայն քննարկման ժամանակ սովորաբար որպէս պատճառ կը բերուի զինուորական օտար ուժերու անընդհատ ներկայութիւնը Հայկական Լեռնաշխարհին մէջ եւ հայերու` ստիպուած ընտրութիւնը «վատին ու վատագոյնին միջեւ»:

Բայց այդ զինուորական գործօնները միակը ու թերեւս ամենակարեւորը չեն: Ռազմական գործողութիւնները համեմատաբար կարճ ու արագ կ’ընթանան ի տարբերութիւն մշակոյթին ու տնտեսութեան, որոնց կայացումը երկարատեւ ու շարունակական գործընթաց կ’ենթադրէ:

Հայկական Լեռնաշխարհը ո՛չ միայն պարզապէս խաչմերուկ է, այլեւ քաղաքակրթական, սկզբունքային տարբերութիւններու խաչմերուկ: Հայկական Լեռնաշխարհը եղած է (որոշ չափով կը շարունակէ մնալ) այն բաժանարար գիծը, որ իրարմէ անջատած է տարբեր հայեցակարգեր ունեցող պետութիւններ, տարբեր մտածելակերպ, բարոյականութիւն, տնտեսութիւն, աշխարհագրութիւն ունեցող հասարակութիւններ: Եւ երբ արեւմուտքն ու արեւելքը սկսած են ճակատիլ, այդ վիճակին մէջ գտնուող հայ ժողովուրդը ստիպուած եղած բաժնուելու երկու աշխարհներուն միջեւ, միաժամանակ իրարու դէմ հանելով հաւասարաչափ կարելիութիւններ: Ու նոյնիսկ յարաբերական խաղաղութեան ժամանակ, Հայկական Լեռնաշխարհի աշխարհագրականօրէն արեւմտեան ու արեւելեան մասերու բաժուած հատուածները կրած են համապատասխանաբար արեւելքի ու արեւմուտքի ազդեցութիւնները:

387-ին, երբ Հայաստան առաջին անգամ պաշտօնապէս բաժանուեցաւ Արեւմուտքի (Հռոմէական Կայսրութիւն) եւ Արեւելքի (Սասանեան Պարսկաստան) միջեւ, յստակ էր, որ տարածաշրջանը պիտի ենթարկուի քաղաքակրթական ազդեցութեան` աւելի որոշակի սահմաններով, այսինքն տարաբաժանումները աւելի յստակ պիտի ըլլային: Անկէ ետք, Հայաստան բազմաթիւ անգամներ վերաբաժանումներու ենթարկուեցաւ տարբեր ուժերու կողմէ եւ ամէն անգամ հայ ժողովուրդի սահմանային հատուածները աւելիով սկսան կրել իրենց կողմի ուժին ազդեցութիւնը:

Սահմանային բաժանումները նաեւ կը նշանակէին, որ աշխարհը երթալով կը փոքրանար: Այլեւս չկային անծայրածիր աշխարհի մասին պատկերացումներ. աշխարհը կը դառնար յստակ գծուած, չափուած հողակտոր: Աշխարհաքաղաքական գործընթացները ոչ միայն փոքրացուցին աշխարհի անվերջանալիութեան մասին պատկերացումները, այլեւ Հայաստանը: Անցեալ դարերու համեմատաբար մեծ ու լայն տարածաշրջանը փոխարինուած է փոքրիկ հանրապետութեամբ մը, որուն բնակիչները, ենթարկուելով քաղաքակրթութիւններու անըդհատ բախումներուն՝ կ’ենթարկուին անոր ազդեցութեան, որ կը դրսեւորուի կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ:

Երկու աշխարհներու միջեւ յայտնուած հայկական բարդ ու զարմանալի ճակատագիրը լեցուն է հոյակապ եւ աղէտալի էջերով: Կարելի է անվերջ վիճիլ «նախընտրելիներու» եւ «փրկիչներու» մասին, նոյն շրջապտոյտը կրկնել անվերջ, նշել փորձանքները, բայց եւ չմոռնալ, որ այս բոլորին մէջ կայ հաստատուն եւ ամուր երեւոյթ մը, որ իրարու կը կապէ (կը միաւորէ) երկու տարբեր աշխարհներ եւ կը լեցնէ անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող պարապը. այդ հայերն են: Հայերը, ըստ էութեան պատմութեան ընթացքին ունեցած են տաշելու, փափկացնելու, հարուածը թուլացնելու ուժը, եղած են այն զսպանակը, որ թոյլ չէ տուած, որ երկու, իրարու բախող աշխարհները փշրուին հարուածի ուժէն՝ յատկապէս հայկական պետականութիւններու գոյութեան ժամանակ: Թերեւս պէտք է նշել, որ Արտաշէսեաններու, Արշակունիներոպւ, Կուսակալական, Բագրատունեաց ժամանակաշրջաններուն գոյութիւն ունեցած Հայաստանը այն ուժն էր, զոր ճնշելն ու շրջանցելը անկարելի էր եւ զոր պէտք էր հաշուի առնել: Եւ այդ Հայաստանի գոյութիւնը կը զսպէր նաեւ երկու հսկաները: Հայաստան եղած է այն գօտին, սեւի ու սպիտակի միջեւ գտնոուղ այն հատուածը, որ մեղմացուցած է արեւելք-արեւմուտք սկզբունքային տարբերութիւններու ցաւոտ բախումները: Անոր փոխարէն տուժած են հայերը: Այդ ցաւոտ գինը եղած է այն դիրքին եւ նշանակութեան, որ ճակատագրով բաժին ինկած է հայերուն:

Այս բոլորը հարց է, եթէ հայերը չկարողանան վերագտնել իրենց կշիռը եւ դերը տարածաշրջանին մէջ, եւ անփոխարինելի զէնք է, եթէ հայկական պետութիւնը ի վիճակի ըլլայ վերստին դառնալու տարածաշրջանի քաղաքակրթական համադրողը: Այդ մէկը աւելի զօրաւոր զէնք է, քան որեւէ այլ միջոց եւ աւելի կայուն, քան որեւէ համակարգ: Այդ մէկը հայերու վերահսկիչի եւ կարգաւորողի դերն է, զոր հայերը կատարած են միշտ ու յաճախ նաեւ տուժած:

Հայկական զօրաւոր պետութիւնը երաշխիք է երկու աշխարհներու միջեւ չճզմուելու, չքամուելու, քաղաքակրթութիւններու միջեւ միջնորդ ու հաշտարար ըլլալու, սեփական բացառիկութիւնը չկորսցնելու: Հակառակ պարագային, հայերը պիտի շարունակեն ճզմուիլ երկու աշխարհներու միջեւ՝ շարունակաբար փոխելով արեւելք-արեւմուտքի ներկայացուցիչները եւ զերոյի հաւասարեցնելով հայկական ներուժի եւ ներկայութեան դերը սկզբունքներու, մտածելակերպի, հոգեբանութեան ու բարոյականութեան անվերջանալի բախման շրջապտոյտին մէջ:

Ծանօթանանք Հայաստանի մէջ գործող կուսակցութիւններուն եւ դաշինքներուն

Թէեւ քաղաքական ճշգրիտ տեղեկութեան փոխանցումը ընդհանրապէս, ըլլա՛յ ներքին, ըլլա՛յ արտաքին ճակատներու վրայ, գրեթէ անկարելի է անոր բնորոշ յարաբերականութեան պատճառով, սակայն Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գործող հայկական քաղաքական կուսակցութիւնները կանոնաւորաբար դասակարգելու որեւէ փորձ աւելի կը բարդացնէ այս առաքելութիւնը: Հայկական քաղաքական կեանքը պարզապէս կուսակցութիւններու այլազան խառնուրդ է: «Այլազան» եզրը, սակայն, դժուար թէ պատկերացում մը տայ այն մեծ-մեծ  զանգուածին մասին, որոնք կուսակցութիւններ կը կոչուին Հայաստանի մէջ: Եթէ տեղեկութեանց ամբողջացումի եւ դասակարգումի համար դիմենք լրատուամիջոցներուն, աւելի եւս կը բարդանայ Հայաստանի մէջ գործող կուսակցութիւնները ճշդելու եւ զանոնք դասակարգելու աշխատանքը: Կրնամ վստահեցնել, որ այս յօդուածը կրնայ քանի մը տարբերակներ ունենալ, որովհետեւ երբ փորձենք աշխարհահայեացքի եւ ուղեգիծի դասակարգում կատարել, նոյն քաղաքական կուսակցութիւնը կրնայ զետեղուիլ տարբեր վերնագիրներու տակ, երբեմն նոյնիսկ՝ հակասական ուղղութիւններու մէջ:

Այսուհանդերձ, ցանկ մը կազմելու նպատակով պէտք է ձեւ մը որդեգրել: Նախընտրութիւնս կ’երթայ ձախ, կեդրոն (լիպերալներ), աջ կեդրոնամէտ եւ աջ (ազգայնականներ) բնորոշումներուն: Իմ կարծիքովս, աւանդական դասակարգումը գործնական մօտեցում մը չէ եւ միայն կը նպաստէ յաւելեալ շփոթի յառաջացումին: Կրնանք զանոնք բաժնել նաեւ ներքին եւ արտաքին քաղաքական կեանքի մէջ ըստ անոնց դերակատարութեան եւ աշխարհայեացքին:

Ներքին կեանքի մէջ

  • Իշխող կուսակցութիւնը
  • Իբրեւ կառուցողական ընդդիմութիւն ներկայացող կողմեր (մասնաւորաբար արտախորհրդարանական)
  • Բիրտ ընդդիմութիւնը: Այս դասակարգումին տակ ներկայացող կուսակցութիւնները երբեմն հաւասարապէս անհանդուրժող են իրարու նկատմամբ: Զանոնք նաեւ կարելի է բաժանել երկու ենթախումբի.
  • Ընդդիմութիւն խորհրդարանին մէջ
  • Ընդդիմադիր խորհրդարանէն դուրս

Արտաքին քաղաքական առեւելումներ

  • Ուժեր, որոնք կը նկատուին համակիր Ռուսիոյ
  • Ուժեր, որոնք կը նկատուին արեւմտամէտ եւ հակառուս
  • Ուժեր, որոնք իրենք զիրենք կը ներկայացեն իբրեւ ո՛չ արեւմտամէտ, ո՛չ ալ ռուսամէտ

Նախքան կազմելիք ցանկիս վրայ գտնուող քաղաքական կուսակցութիւններու քննարկումը, կ’ուզեմ մատնանշել անսովոր երեւոյթ մը: Նկատի ունենալով, որ Հանրապետութիւնը ունի շուրջ 3 միլիոն ժողովուրդ, ուշագրաւ է այն, թէ աւելի քան 100 խմբակցութիւններ կը պնդեն, որ իրենք կը ներկայացնեն քաղաքական կուսակցութիւն մը եւ դիմած են գրանցման: Մեծ կուսակցութիւններէն ոմանք յաճախ կը նշեն, որ իրենց ընդդիմախօսները հաւանաբար հազիւ 20 գործունեայ անդամ ունին…

Նաեւ, կ’ուզեմ նշել այն հիմնական նկատողութիւններ, զորս քաղած եմ իմ շփումներէս արեւմտահայերու հետ, որոնք Հայաստան վերադարձած են մնայուն բնակութեան համար, եւ ընդհանրապէս սփիւռքահայերէն, ներառեալ՝ Միջին Արեւելքի հայերը, որ սփիւռքահայերը ընդհանրապէս ծանօթ չեն Հայաստանի ներքաղաքական կեանքին եւ հոն գործող քաղաքական կուսակցութիւններուն:

Տակաւին, Հայաստանի մէջ սփիւռքահայերու մեծամասնութեամբ տեղի ուեցած հաւաքներու ընթացքին, նշմարած եմ, որ առաջ կը նետուին քաղաքական առաջադրանքներ, որոնք սփիւռքեան մօտեցումներ են եւ չեն պատշաճիր հայաստանեան իրականութեան: Անհեթեթ է նաեւ այն տեսակէտը, թէ սփիւռքահայ կուսակցութիւնները ներգործոն դերակատարութիւն ունին Հայաստանի մէջ: Ապա ինչպէ՞ս բացատրել աւելի քան 100 կուսակցութիւններու առկայութիւնը եւ ընդհանրապէս ընտրութիւններուն սփիւռքահայ կուսակցութիւններու ստացած այն չնչի՛ն համեմատութիւնները:

Սակայն, շատերը կրնան առարկել այս նկատողութեան: Ճշմարտութիւնը այն է, որ հանրապետութեան մէջ ապրող արեւելահայերուն մեծ տոկոսը նուազագոյն հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ քաղաքական կուսակցութիւններու նկատմամբ: Շատ հաւանաբար, կամ գրեթէ հաստատ, Հայաստանի քաղաքացիներուն շուրջ 85%-ը երբեք չէ անդամագրուած որեւէ կուսակցութեան եւ ուղղակի առնչութիւն չունի անոնց հետ:

Վերադառնալով մեր նիւթին, այս եւ յառաջիկայ յօդուածներով կը սկսինք ներկայացնել Հայաստանի մէջ գործող կուսակցութիւնները:

Իշխող կուսակցութիւնը. «Քաղաքացիական պայմանագիր»

Իշխանութեան հասած է 2018-ին թաւշեայ յեղափոխութեան շնորհիւ:

Անոնք յաճախ կը բնութագրուին իբրեւ populist, նոր-ազատական (neoliberal): Չէզոքներու համար այս կուսակցութիւնը կը նկատուի որպէս ազատական կուսակցութիւն, կեդրոն:

Կուսակցութիւնը ինք յայտարարած է, որ չունի յստակ գաղափարական «իզմ», ուստի իրենք զիրենք չեն նկատեր, օրինակ, «ազգայնական կամ ընկերվարական»: (մանրամասնութեան համար՝ սեղմել)

Քաղաքացիական Պայմանագիր իշխող կուսակցութիւնը Հայաստանի Ազգային Ժողովին մէջ մեծամասնութիւն ապահոված է 7-րդ եւ 8-րդ երեսփոխանական ընդհանուր ընտրութիւններուն՝ վերանկախացումէն ետք: (Պաշտօնական կայքէջը՝ հոս)

Ընտրութիւններ

Ընտրութիւն Դաշինք Ձայներ % Աթոռներ +/– Դիրք Կառավարութիւն
2018 «Իմ Քայլը» 884,456 70.43 82 / 132  77  առաջին Կառավարութիւն
2021 Առանձին 688,761 53.95 71 / 107  11  առաջին Կառավարութիւն

 Խորհրդարանական ընդդիմութիւն

Խորհրդարանական երկու ընդդիմադիր գոյութիւն ունի, հիմնականը «Հայաստան» դաշինքն է, կայ նաեւ «Պատիւ Ունիմ» դաշինքը:

2021-ի ընտրութիւններուն

«Հայաստան» դաշինք 269,481 ձայն 21.11% 29 Աթոռ
«Պատիւ Ունիմ» դաշինք 66,650 ձայն 5.22% 7 Աթոռ

«Հայաստան» դաշինք (մանրամասնութիւնները՝ հոս)

Նախկին նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ այլ խմբակցութիւններու միջեւ դաշինք մը: Այսօր, մեծագոյն ընդդիմութիւնն խորհրդարանին մէջ. ան կը փորձէ բողոքել թէ՛ խորհրդարանին, եւ թէ՛ փողոցներուն մէջ:

Առաջնորդ Ռոբերթ Քոչարեան
Կարգախօս Դէպի ուժեղ Հայաստան
Հիմնադիր Ռոբերթ Քոչարեան

Իշխան Սաղաթելեան (ՀՅԴ)

Վահէ Յակոբեան (ՎՀԿ)

Հիմնադրուած 9 Մայիսի 2021
ՀՀ Ազգային ժողով 29 / 107
Երեւանի աւագանի 0 / 65

Ըստ 20 Յունիս 2021-ին կայացած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն, «Հայաստան» կուսակցութիւններու դաշինքը ստացած է ընդհանուր ձայներու 21.09%-ը, 29 աթոռ, որոնց մէկը ասորական համայնքի ներկայացուցիչ է:

Հայաստան խմբակցութեան ղեկավարն է Սեյրան Օհանեան, քարտուղարը` Արծուիկ Մինասեան:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն (Մանրամասնութիւններ՝ հոս)

ՀՅԴ-ն ընկերվարական կուսակցութիւն է եւ անդամ է Ընկերվար Միջազգայնականին: Ծանօթ է նաեւ իր ազգայնական սկզբունքներով: Ներկայիս մաս կը կազմէ «Հայաստան» դաշինքին: Հայաստանի մէջ զայն կը նկատեն Ռուսիոյ հետ դաշինքի կողմնակից կուսակցութիւն:

Թերթ Ամսագիր «Դրօշակ»
Մետիա
«Երկիր Մետիա»
Հայաստանի Ազգային ժողով 10 / 107
Լիբանանի խորհրդարան 3 / 128
ԼՂՀ Ազգային ժողով 3 / 33
Կայքէջ arfd.am

Պետրոս Մանուկեան

(Շարունակելի)

Արուեստական Իմաստութիւնը (AI)՝ չարի՞ք, կա՞մ բարիք ու ապագայ

Վերջերս ժողովուրդը եւ մասնաւորաբար երիտասարդները հետաքրքրող հիմնական նիւթ դարձած է Artifical Intelligence-ի (Արուեստական Իմաստութեան) հարցը, որ կեանքի բնական ընթացքը արմատական փոփոխութեան կ’ենթարկէ ու կրնայ սպառնալ մեծ թիւով աշխատաւորներու եւ պաշտօնեաներու աշխատազրկման։

Բնականաբար որեւէ նոր գիւտի ընդառաջ կը տիրէ վերապահութիւն, նախազգուշութիւն եւ թերահաւատութիւն, սակայն հետզհետէ տեսնելով անոր անմիջական ներթափանցումը առօրեայ կեանքին մէջ, կ’ընտելանանք ու կ’ընդունինք՝ զայն նկատելով մեր կեանքի անբաժանելի մէկ մասը։ Այսօր Արուեստական իմաստութիւնը այդ կամուրջին սեմին է ու շատ հաւանաբար պիտի ըլլայ այս դարը նկարագրող վերնագիրը։ Այսպիսի այժմէական ու լուրջ հարց մը արժանի է վերլուծման եւ քննարկման։ Մօտէն սերտած ու հետեւած ըլլալով Հելսինքի Համալսարանին կողմէ արուեստական իմաստութեան ծանօթացման շուրջ կազմակերպուած դասընթացքի մը, կ’ուզեմ լուսարձակի տակ առնել զայն ու աւելի մօտէն ծանօթացնել այս «խորհրդաւոր հիւրը», ապագայի փրկարար թէ ջարդարար տարրը՝ անդրադառնալով անոր ծագումին եւ արդէն իսկ ծանօթ ձեւերուն եւ ընթացքին։ Արդեօք իսկապէս ան կը գերազանցէ՞ մարդկային իմաստութիւնն ու կարողութիւնը, թէ՝ պարզապէս չափազանցուած են մտահոգութիւնները ու կը խափանեն անոր առաւելութիւնները։

Արուեստական իմաստութիւնը առաջին անգամ նշուած է անգլիացի Ալէն Թիւրինկ (1912-1954) մաթեմաթիկոսին կողմէ, որ համակարգչային գիտութեան (computer science)-ի հայրը կը նկատուի։ Արուեստական իմաստութեան մէջ անոր ամենայայտնի ներդրումը եղած է «նմանողութեան խաղը» (imitation game) կամ (Turing test)-ը, ուր հարցաքննողը նոյն հարցումը կ’ուղղէ երկու անծանօթ խաղցողներու, որոնցմէ մէկը մարդ է, իսկ միւսը՝ համակարգիչ. երբ ան չկարողանայ զանազանել զանոնք, համակարգիչը յաղթական կու գայ այս քննութեան մէջ։

Մինչ արուեստական իմաստութիւնը ինչպէս իր կոչումը կը վկայէ «արուեստական» է, ոչ մէկ ձեւով չի փոխարիներ մարդ արարածին ապրումներն ու երեւակայութիւնը։ Իսկ թէ ինչպէ՞ս կ’աշխատի, կարելի է ամենապարզ ձեւով բացատրել այս խրթին մեքանիզմը, համակարգչային գիտութեան (computer science)-ի ստորաբաժանումը, որ կ’օգտագործէ տուեալներու գիտութիւնը (data science) եւ կրնայ խորապէս  ուսումնասիրել այս կուտակուած թուային տուեալները (digital data) եւ անոր հիման վրայ կատարելագործել ու հասնիլ վերջնական արդիւնքի։ Երկու յատկութիւններ կը բնորոշեն արուեստական իմաստութիւնը. Առաջին՝ ինքնավարութիւն (autonomy), այսինքն բարդ միջավայրի մէջ աշխատելու կարողութիւն, առանց օգտագործողի մշտական կառավարման ու հետեւողութեան. երկրորդ՝ յարմարութիւն (adaptivity), այսինքն տուեալներէ մեկնելով կատարելագործելու կարողութիւն։

Հարկ է գաղափար մը տալ տուեալի (data)-ի մասին, մեքենայական ուսուցման եւ արուեստական իմաստութեան ամենակարեւոր բաղադրիչը, որ կը վերաբերի այն տեղեկութեան որ վերածուած է ելեկտրոնային ձեւի ու կը դիւրացնէ գիտելիքի մշակումն ու փոխանցումը:  Իսկ այս մէկը կ’արտադրուի գոտաւորման (coding)-ի միջոցաւ, որ կը պահանջէ յատուկ ծրագիր մը (programming language), որ կարողութիւնը ունի մարդկային հրահանգները վերածելու մեքենաներու կողմէ հասկնալի յատուկ հրահանգներու եւ տեղեկութիւններու։

Աւելի յստակ պատկեր մը տալու համար ահա շօշափելի օրինակներ, թէ ինչպէս արուեստական իմաստութիւնը արդէն իսկ թափանցած է մեր առօրեայ կեանքին մէջ։ Ընկերային ցանցերու մէջ դէմքեր ճանաչելու արուեստի հմտութիւնը՝ ինքնապիտակում (face recognition and automatic tagging), նկարներու բովանդակութիւնը փոխելու եւ զանոնք  ներկայացնելու տարբեր ձեւերով, ինչպէս նաեւ (avatar)-ը, որ շինծու կերպարներ են եւ կը կրկնեն մարդկային շարժուձեւերը։

Ասոնց կողքին բազմաթիւ են արհեստագիտութեան (technology) անակնկալ ու անհաւատալի գիւտերը, որոնց ծանօթ ենք գիտական առասպելական (science fiction) ժապաւէններէն եւ մօտ ապագային պիտի բացայայտուին. ինչպիսին են՝ ինքնավար մեքենաներ ու նաւեր (self-driving cars and autonomous ships) եւ բաշխող ռոպոթներ (delivery robots)։

Ուրեմն թէեւ շատ են արուեստական գիտութեան օգուտները եւ մեծ ոստումներ ու խոստումներ կան ապագայի կեանքը բարեփոխելու առումով, ինչպէս վերոյիշեալ օրինակները, կը տեսնենք թէ մենք արդէն անգիտակցաբար կը գործածենք արուեստական գիտութիւնը՝ օգտագործելով համացանցը, համակարգիչը եւ հեռախօսը, որոնք կ’ընդգրկեն արուեստական գիտութեան զանազան ձեւերը։ Սակայն, վերջերս տարբեր երկիրներու մէջ զանազան ասպարէզներու բազմաթիւ պաշտօնեաներ այն մտավախութեան մէջ են, թէ արուեստական իմաստութիւնը մօտ ապագային առաջնահերթութիւն ստանալով պիտի փոխարինէ զիրենք, մանաւանդ որ մեքենաները կրնան 24 ժամ աշխատիլ առանց յոգնելու։ Հետեւաբար զայն նկատած են որպէս մեծագոյն մրցակից ու սպառնալիք, եւ անընդհատ ցոյցեր կը կազմակերպեն պահանջելով աշխատանքային պաշտպանութեան անմիջական ծրագիրներ։ Վերջերս Հոլիուտի դերասանական խումբեր այս հարցով մեծ ցոյցեր կազմակերպեցին Գալիֆորնիոյ մէջ։

Տեղին է նշել թէ այսօր բոլոր յայտնուած մեթոտները կ’իյնան (Narrow Artificial Intelligence)-ի տակ. այսինքն՝ իւրաքանչիւր գործիք կամ ելեկտրոնային մեքենայ կրնայ կատարել միայն մէկ պարտականութիւն։ Օրինակ՝ սպասարկող ռոպոթ մը անկարող է միեւնոյն ժամանակ ինքնաշարժ քշել։ Հետեւաբար (General Artificial Intelligence)-ը կը մնայ հեռու իրագործումէ, ուր մէկ մեքենայ կրնայ բազմաթիւ պարտականութիւններ կատարել ու գերազանցել մարդկային իմաստութիւնն ու կարողութիւնը։

Ներկայիս ընդհանրացած են ChatGPT, Jasper Chat, Bard AI եւ նման այլ հարթակներու (platforms) անուններ, որոնք արուեստական իմաստութեան արդիական, մօտաւորապէս նոյնանման ու ընդհանրացած համակարգի վրայ հիմնուած են եւ մաս կը կազմեն մեր վերը նշած Narrow Artificial Intelligence ընտանիքին։ Օրինակ՝ Chat GPT-ն համակարգչային ծրագրաւորման լեզուի յատուկ գործընթաց մըն է, որ կ’առաջնորդուի AI արհեստագիտութեամբ ու թոյլ կու տայ երկխօսութիւն ստեղծելու մարդոց եւ մեքենաներու միջեւ։ Այս համակարգը կրնայ մարդուն ծառայել եւ օժանդակել տարբեր ոլորտներու եւ զանազան պարտականութիւններու մէջ. ինչպէս՝ նամակագրութիւն, թարգմանութիւն, բժշկական թելադրանքներ, ուսողութեան խրթին հարցումներ լուծելու կարողողութիւն եւ առետրական հետազօտութիւն կատարելու ունակութիւն եւ այլն։

Այսպիսի լուրջ երկսայրի խնդրի մը ընդառաջ է մարդկութիւնը, որուն հետեւանքը միայն ժամանակը ցոյց կու տայ թէ առաւելութիւնները պիտի գերակշռեն կամ անպատեհութիւնները։ Ակնյայտ է թէ մեզի ծանօթ բաւական գործեր հիմնովին փոփոխութեան պիտի ենթարկուին եւ աշխատանքային շուկան պիտի պահանջէ այս ոլորտին մէջ հմտացած պաշտօնեաներ։ Ուստի, անհրաժեշտ է որ կրթական մարմինները շարժին այս ուղղութեամբ եւ դասացուցակներու մէջ աւելցնեն գոտաւորման (coding)-ի յատուկ դասընթացքներ, նոր սերունդը պատրաստելու այս ուղղութեամբ։

Հայկական առարկայական եւ հասանելի երազանքը՝ ՀՀ պետականութիւնը

Ոեւէ անհատ եւ հասարակութիւն ունի իր նպատակներն ու ցանկութիւնները: Ունի նաեւ իր շատ յանդուգն ծրագիրները, որոնց իրականացման մասին մտածելը միայն հաճոյք կը պատճառէ: Այլ խօսքով, ունի երազանք մը կամ երազներ: Եւ այդ երազանքին հետապնդումը երբեմն կը վերածուի ծրագրուած ռազմավարութեան, երբեմն ալ ծիածանին հասնելու ձախող փորձի մը:

Երազանքները տարբեր են: Տարբեր են նաեւ զանոնք փայփայող մարդիկն ու հասարակութիւնները:

Այսօր աշխարհի մէջ կան տարածուած բառակապակցութիւններ, ինչպէս՝ «ամերիկեան երազանք»ը (The American Dream): Ամերիկեան երազանքը ծանօթ է շատերուն. ֆիլմեր կան այդ մասին եւ անոր քարզչութիւնը կը կատարուի մեծ թափով: Ամերիկեան երազանքը տարբեր է իւրաքանչիւրին եւ ըլլալով բաւական անորոշ` կը հետապնդէ ամերիկեան պետութեան ձեռքբերումները քարոզելու եւ Ամերիկա բնակողներու իտէալականացած կեանքը նկարագրելու, փրոփականտելու նպատակ մը: Այդ երազանքը, որ ամերիկացիին համար մէկ բան է, իսկ հոն գացողին համար ուրիշ` հիմնականօրէն կը պահէ իր իմաստը: Ամերիկեան երազանքի յատկանշական օրինակ մըն է իտալացիի մը մասին շրջող առակ-պատմութիւնը:

Իտալացի մը Ամերիկա կ’երթայ: Ան նախ կը սկսի բանուոր կամ մատուցող աշխատիլ, եւ այդ միջոցին՝ նաեւ անգլերէն սորվիլ ու ընտելանալ ամերիկեան ապրելակերպին: Ժամանակի ընթացքին, ան կը ստանայ աշխատելու եւ ապրելու բոլոր իրաւունքները եւ քիչ մըն ալ գումար հաւաքելով, փոքրիկ խանութ մը կը վարձէ եւ կը սկսի հոն իտալական պիցցա վաճառել: Կ’անցնին տարիներ, իտալացին յաջողութեամբ կը շարունակէ աշխատիլ եւ փոքր խանութը կը վերածուի ճաշի մեծ վաճառատան մը: Ան կը ստանայ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիութիւն, կ’ամուսնանայ, զաւակները կ’ուղարկէ ամերիկեան քոլէճ, ան կը վճարէ իր տուրքերը, կը հարստացնէ Ամերիկան եւ եւ կը հարստանայ ինքը:

Միացեալ Նահանգներ մեկնելէ 15 տարի ետք, իտալացին կ’որոշէ իր արձակուրդը անցնել իր հայրենիքին մէջ: Ան կու գայ Իտալիա, նուէրներ կը բերէ իր բարեկամներուն, կը պատմէ, որ տէր է իտալական ճաշի մեծ ցանցի եւ արտադրութեան, թէ իր զաւակներէն մէկը ընդունուած է Հարվըրտ, իսկ միւսը` սկաուտ է, եւ թէ ինքը հարուստ է եւ միտքը հանգիստ:

Այս ամերիկեան երազանքն է: Ամերիկեան երազանք` իտալական ձեւով: Ամերիկան յաջողած է ինքզինք ներկայացնել որպէս երազանքներու երկիր: Բազմաթիւ հայեր, նաեւ Հայաստանի Հանրապետութենէն կը մեկնին Միացեալ Նահանգներ` հարստանալու, աւելի լաւ ապրելու համար: Կ’երթան հայու ամերիկեան երազանքին ետեւէն: Իսկ ո՞րն է հայկական երազանքը: Ինչի՞ մասին կ’երազեն մեր հայրենակիցները Հայաստանի մէջ եւ ի՞նչ կ’երազէ Հայաստանի քաղաքացին ընդհանրապէս:

Հայկական երազանքը այս պահուն բաւական խայտաբղէտ ու անորոշ բան մըն է: Ընդհանուր առմամբ, հիմա երազանք է համահայկական մեծ եւ զօրաւոր, պաշտպանուած պետութիւնը…ըսենք Տիգրան Մեծի կայսերական սահմաններով եւ Կիլիկիան ալ մէջը: Հայկական երազանք է Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հողերու վերադարձը: Արդէն երազանքի նման բան մը դարձած է Արցախի միացումը Հայաստանի Հանրապետութեան: Կար ժամանակ որ երազանք էր պետութիւն ունենալը, աւելի առաջ` թուրքերէն ազատիլը:

Հայկական երազանքը գործնական ըլլալէ հեռու բան մըն է, ուր մեծ տեղ ունի օտարին բաժինը: Մեր երազանքներու Հայաստանը կը հովանաւորեն եւ կը յարգեն աշխարհի հզօր ու մեծ պետութիւնները: Մեր երազանքին մէջ, հայկական Սփիւռքը միացեալ է, իսկ Հայաստանը՝ ֆուտբոլի աշխարհի ախոյեան, ինչպէս նաեւ՝ երազանք է ամիսը 500 տոլար աշխատավարձը, փոքր ինքնաշարժ մը ունենալը, կամ երկու ամիսը անգամ մը նոր կօշիկ գնելը: Ահա՛ այսքա՛ն տարբեր եւ այսքա՛ն անորոշ է Հայկական երազանքը:

Ի տարբերութիւն աշխարհի, հայկական երազանքը չ’ենթադրեր գործնական որեւէ քայլի որդեգրումը: Եթէ թրքական թուրանի մասին երազանքը կ’ենթադրէ գրաւել Կ. Պոլիսէն մինչեւ միջին Ասիա ու այլ տարածքներ, եւ կը փորձեն իրականացնել այդ բոլորը, եթէ ատրպէյճանցիները կ’ուզեն վերագրաւել Արցախը, «վերականգնել Մեծ Ատրպէյճանը» եւ յաջողութիւններ կ’արձանագրեն, եթէ Ռուսիան կ’ուզէ վերգտնել Խորհրդային Միութեան ժամանակի իր հզօրութիւնը եւ հիմա բաւական ծանր քաղաքականութիւն կը վարէ միջին Ասիոյ, Անդրկովկասի մէջ, պատերազմ` Ուքրանիոյ մէջ, եւ այս բոլորը երկրային, այսպէս ասած մտածուած ցանկութիւններ են, ապա հայկական երազանքը շատ մշուշապատ է եւ յարափոփոխ: Հայկական երազանքի պարագային ոչ մէկ գործնական քայլ չ’առնուիր եւ երազանքը մնայուն տեղատուութեան մէջ է:

Անհրաժեշտ է, որ մենք հաւատանք մեր երազանքին: Այդ մէկը կարելի կը դառնայ միայն այն պարագային, երբ մեր երազանքները դառնան աւելի հասկնալի, աւելի պարզ եւ աւելի ձեւակերպուած: Ինչպէս կը նշէր Րաֆֆի իր յօդուածներէն մէկուն մէջ՝ յոյսի երկու տեսակ կայ, մէկը, որ մարդը կը դարձնէ նախանձախնդիր իր ուզածին հասնելու համար եւ միւսը, որ կը մղէ անգործութեան եւ յաւերժ սպասումի, թէ օր մը փրկութիւնը կու գայ տեղէ մը: Րաֆֆի օրինակ է կը բերէ անօթի հաւը, որ երազին մէջ ցորեն կը տեսնէ եւ կը սկսի կտցահարել իր ոտքերը: Նման երազանքով կ’ապրին ոչ միայն անհատներ, այլեւ ամբողջ ժողովուրդներ եւ այդ բոլորը ի վերջոյ հասարակական մտախտի (psychosis) կը յանգի: Այդ յիմարին երազանքն է: Այդ անբնական երազանք է, ինչպէս մէկը օր մը ոսկի կը պահէ հողին մէջ եւ օր մը մենք կը գտնենք այդ ոսկին: Րաֆֆի կ’առաջարկէ ուշադրութիւն դարձնել այն հանգամանքին, որ ծոյլ եւ ճնշուած ժողովուրդներու հեքիաթներուն մէջ ուրիշին պահած ոսկին գտնելու բազմաթիւ օրինակներ կան:

Անհրաժեշտ է, որ հայկական երազանքը ըլլայ աւելի առարկայական, աւելի հասանելի: Անհրաժեշտ է, որ հայկական երազանքը ոչ թէ մնայ անհասանելի բան մը, այլ նաեւ հայերը հաւատան որ այդ մէկը կարելի է իրականացնել օր մը: Անհրաժեշտ է, որ հայկական երազանքը ըլլայ ոչ թէ օտարին կողմէ կամ աստուածային միջնորդութեամբ ստացուող բան մը, այլ այդ երազանքը իրագործողները նոյնինքն մենք ըլլանք: Այդ պատճառով, անհրաժեշտ է նախ եւ առաջ փոխել մեր վերաբերումը պետութեան ու պետական հաստատութիւններու հանդէպ: Երբ սկսինք մեր երազանքին մեկնակէտը նկատել Հայաստանի Հանրապետութիւնը, այդ պահէն սկսեալ հայկական երազանքը կը դառնայ Հայաստանի Հանրապետութեան նպատակ` աւելի մտածուած, աւելի տրամաբանուած ու հաւասարակշռուած, աւելի գործնական:

Դժբախտաբար մեր մօտ ցարդ նախանշաններն անգամ չկան այդ ուղղութեամբ: Նոյնիսկ Արցախեան երկորդ պատերազմէն յետոյ ալ մենք տակաւին կը շարունակենք երգել «ելնենք Սասուն, մտնենք Վան», միաժամանակ չհասկնալով, թէ այդ մէկը որքանով իրական է կամ կարելի: Իսկ գլխաւոր հարցը այն է, որ մենք նոյնիսկ պատկերացում չունինք, թէ ի՞նչ պէտք ընել, որ Արցախը մնայ հայկական, Վանն ու Մուշը կրկին հայկական դառնան:

Այսօր Հայաստան տնտեսական շատ լուրջ խնդիրներ կը դիմագրաւէ եւ նոյնիսկ միջին աշխատավարձով ապրող մարդիկ չեն կրնար ամսական ուտելիքի, ելեկտրականութեան, կազի, վառելանիւթի, վարկերու, հագուստի եւ կօշիկի ծախսերը հոգալ: Եւ այդ պայմաններուն մէջ, երբ այդ նոյն հայը կը սկսի երազել կայսրութեան մասին, արդէն հարց կը յառաջանայ, թէ որքանո՞վ ընդհանրապէս Հայաստանի քաղաքացին մտածուած կը նայի ինքն իրեն եւ իր շրջապատին:

Մէկ կողմէ միջին հայը կ’երազէ կայսրութեան մասին, իսկ միւս կողմէ ան չի կրնար իր սեփական տարրական հարցերը լուծել: Որքանո՞վ իրապաշտ է այս զուգորդութիւնը:

Այսօր հայկական հասարակութեան մէջ իրապաշտ եւ մտածուած վարքագիծը բաւական թոյլ է: Այսօր, տարուած ըլլալով Սեւրով, հայերը կը մոռնան, որ գոյութիւն ունի հայկական պետականութիւն մը եւ այդ պետութիւնը ազգային երազանքը պիտի վերածէ քաղաքական նպատակի: Մենք տակաւին չենք հասած պետական մակարդակի. կը շարունակենք երազել ազգային-հայրենական սկզբունքով, մինչդեռ անհրաժեշտ է այդ բոլորին պետական լրջութիւն տալ:

Այս հարցին մէջ անշուշտ մեծ դեր ունի ընկերային, տնտեսական եւ կենցաղային իրավիճակը: Որքա՛ն հարուստ եւ կուշտ է հասարակութիւնը, այնքա՛ն աւելի վստահ ու համարձակ կը դառնայ ան: Որքա՛ն աւելի զօրաւոր է, այնքա՛ն աւելի ինքնավստահ ու գործնական կը դառնայ եւ այնքա՛ն աւելի գործնական կը դառնան անոր երազներն ու ցանկութիւնները: Եթէ հայ հասարակութիւնը չկարենայ իր կամքը ձուլել հայ պետականութեան ու Հայաստանի Հանրապետութեան շուրջ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը չդարձնէ իր ելակէտային հիմքը, իր ամէն ինչը, հայկական երազանքը կը շարունակէ մնալ բարի, վառ, գունաւոր, ազնիւ, բայց ոչ կիրարկելի ու անկարելի բան մը:

Հայկական «փափուկ ուժը» սփիւռքի մէջ

Յատուկ՝ Տարբերակ21-ին

Վերջերջս հրապարակային քննարկման նիւթ կը դառնայ «փափուկ ուժ» (soft power) եզրը եւ անոր դերակատարութիւնը հայ իրականութեան մէջ: Փափուկ ուժի յղացքը հասկնալու համար բնականօրէն պէտք է դարձնել մետալը, ուր իշխող է «կարծր ուժ»ը (hard power). առանց մէկուն կարելի չէ հասկնալ միւսը:

«Փափուկ ուժ» եւ «կարծր ուժ» հասկացութիւններուն հեղինակը կը հանդիսանայ Հարվըրտ համալսարանի դասախօսներէն քաղաքագէտ Ժոզֆ Նայ (Joseph Nye): Իր 1980-ական թուականներէն սկսեալ առաջադրած գաղափարները բիւրեղացած են, արդէն դասական դարձած «Փափուկ ուժ. համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ յաջողութիւն» (2004) գիրքին մէջ: Նայի այս աշխատութիւնը լայնօրէն և յաճախակի օգտագործուող աղբիւր եւ յղում է, քաղաքական առաջնորդներու եւ դերակատարներու, մամուլի գործիչներու, գիտաշխատողներու եւ բազմաթիւ շահագրգիռ կողմերու համար: Երբեմն նոյնիսկ իր հիմնական պարունակէն դուրս կամ սխալ ձեւով օգտագործուած են Նայի գաղափարները:

Ըստ Նայի սահմանումին, «փափուկ ուժը» կը վերաբերի պետութիւններու կամ երկիրներու ուրիշներու վրայ ազդելու կարողութեան՝ գրաւչութեան եւ համոզումի մեթոտներու, որոնք կը ծագին երկրի մը մշակոյթէն (լայն իմաստով), քաղաքական իտէալներէն եւ քաղաքականութենէն:  Մինչդեռ «կարծր ուժը» կ’ընդգրկէ պարտադրանքի, ռազմական ուժի եւ տնտեսական լծակներու օգտգործումը յատուկ նպատակներու հասնելու կամ երկրի մը նպաստաւոր արդիւնքներ ձեռք ձգելու համար: Նայ կը պնդէ, որ ուժի կիրարութեան երկու ձեւերն ալ վճռորոշ են պետութեան մը արտաքին քաղաքականութեան մէջ, որովհետեւ «փափուկ ուժը» կը խթանէ կայուն յարաբերութիւններն ու ազդեցութիւնը, մինչդեռ «կարծր ուժը» լուծում կը բերէ կարճաժամկէտ նպատակներու բիրտ ուժի գործածութեան միջոցով:

Փափուկ ու կարծր ուժերու կիրարկման աշխարհահայեացքի այս լայն շրջագիծէն անդին՝ եթէ աւելի նեղ դիտանկիւնէ նայինք հայկական կեանքի ներքին դրսեւորումներուն, մանաւանդ իքնութեան վերաբերող մօտեցումներուն, կը տեսնենք որ «հայկական կարծր ուժ» կ’օգտագործուի յատկապէս «դասական» կառոյցներու կողմէ: Հայկական ինքնութիւնը եւ մշակոյթը կը դիտարկուին խիստ ազգայնական կամ պարտադրական (essentialist) մօտեցումով:

Տասնամեակներով, սփիւռքի «աւանդական» կառոյցները իրենց կանոնական մօտեցումները ունեցած են հայկական ինքնութեան մասին եւ ունին իրենց ձեւակերպումները եւ արդարացումները «հայու» սահմանումներուն նկատմամբ: Մէկ կողմէ կայ «կարծր ուժ»ի կիրարութիւն՝ ինքնութեան մասին ենթադրութիւններ եւ «քաղաքականապէս ճիշդ» սահմանումներ, ակնկալութիւններ եւ մեկնաբանութիւններ թէ «ո՞վ է հայը»: Այս «կարծր» մօտեցումը ունի վճռորոշ չափանիշներ. օրինակ՝ հայերէն խօսիլ, հայ «արիւն» ունենալ, ազգին ու հայրենիքին հանդէպ պարտաւորութիւններ ունենալ, եւալյն:

Միւս կողմէ, 21-րդ դարուն, ինքնութեան «փափուկ ուժ»ը տարբեր դրսեւորում ունի: Նոր ինքնորոշուած եւ հաստատուած «հայկական ինքնութիւնները» կը գերակշռեն աշխարհով մէկ սփռուած յետցեղասպանութեան երրորդ եւ չորրորդ սերունդի հայկական շրջանակները: Անոնց շարքին են, օրինակ, ոչ միայն գծիկներով բաժնուած հայերը (ամերիկա-հայ, լիբանանա-հայ, ռուսա-հայ եւ այլն), այլեւ տոկոսային հայերը (կէս, քառորդ, 1/8 հայ եւ այլն) եւ վերջին տարիներուն քննարկուող «իսլամացած հայ» ինքնութեան իրականութիւնը:

Ասոր առընթեր կայ հայկական ինքնութեան պետականակեդրոն սահմանումը հայկական սփիւռքին: Օրինակ՝ Խորհրդային շրջանին, 1976-ին հրատարակուած արմատական արդի բառարանը սփիւռքը կը սահմանէ իբրեւ՝ «Սովետական Հայաստանէն դուրս գտնուող հայաբնակ վայրերու ամբողջութիւնը»: Սփիւռքի ինքնութեան սահմանումին մէջ մեծ դեր կը խաղայ հայկական պետութեան «քաղաքականութիւնը»: Խորհրդային ժամանակներէն սկսեալ եւ Հայաստանի անկախացումէն ի վեր, պետականակեդրոն հասկացութիւնն ու վերաբերումը Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու առանցքը եղած են: Թերեւս կան արդարացի պատճառներ նման քաղաքականութեան համար, սակայն անոր մէջ առկայ է «կարծր ուժի» մօտեցումը:

Իր կարգին, Սփիւռքը ունի իր սեփական ինքնաըմբռնումը կամ ընկալումը, ուր հայկական պետականութիւնը պարտադիր իր ինքնութեան առանցքը չի կազմեր: Հոս է որ հայկական ինքնութեան տարբեր տեսակէտներու բանաձեւումը պետութեան եւ սփիւռքի միջեւ վէճերու դուռ կը բանայ:

Սփիւռքի դերը իբրեւ «փափուկ ուժ»

 Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեանց մէջ, «կարծր ուժը» կրնայ խնդրայարոյց ըլլայ, սակայն ի՞նչ է «հայկական փափուկ ուժը» ընդհանուր առմամբ: Աշխարհը այսօր հայութիւնը ընդհանրապէս կը ճանչնայ իր մշակոյթով, գիտական միտքով եւ ստեղծագործութեամբ, առեւտուրի մարզի յաջողութիւններով եւ դրական այլ յատկանիշներով: Միջազգային մակարդակի վրայ հայերը ծանօթ են, օրինակ՝ երաժշտութեան մէջ իրենց ներդրումով, Կոմիտասով, Արամ Խաչատուրեանով, Ազնաւուրով, Սերժ Թանքեանով: Նոյնքան ճանչցուած են արուեստի եւ մշակոյթի բազմաթիւ բնագաւառներուն մէջ ստեղծագործող տասնեակ հազարաւոր հայերով: Այս մեր փափուկ ուժի կարեւոր մէկ մասն է: Գիտութեան մէջ ունեցած ենք գիտնականներ, որոնք բազմաթիւ յայտնաբերումներ կատարած են տարբեր երկիրներու մէջ: Վերջին այս քանի մը տարիներուն, օրինակ Covid-ի շրջանին, Նուպար Աֆէեանի Moderna-ն պատուաստ տրամադրեց մարդկութեան: Այս նաեւ հայկական փափուկ ուժ է: Նոյնն է business-ի աշխարհին մէջ. Ալեքս Մանուկեան, Գըրգ Գրիգորեան եւ բազմահազար ուրիշներ: Կարճ. սփիւռքի հայերը ընդհանրապէս ճանչցուած են իրենց փափուկ ուժով:

Սփիւռքի փափուկ ուժը սակայն, այսօր կը գտնուի աւելի անհատներու, քան աւանդական կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու ձեռքը: 21-րդ դարուն, որեւէ տեղ կամ երկիր ապրող հայ անհատներ կրնան իրենց փափուկ ուժը օգտագործել կամ ուղղակի կապեր հաստատել Հայաստանի հետ ցանցային միջոցներով:  Անցնող տասնամեակներու ընթացքին աւանդական հաստատութիւններու միջնորդական դերը հետզհետէ նուազած է սփիւռքեան հաւաքական կեանքին մէջ: Բնականաբար, տակաւին կան լոպիիսթական խումբեր կամ կազմակերպութիւններ, սակայն ազդեցութեան աւելի մեծ ներուժը կը գտնուի անհատ հայերու մօտ: Այսուհանդերձ, այսօր առկայ է այս փափուկ ուժը համախմբելու անհրաժեշտութիւնը՝ զայն վերածելով մնայուն եւ համակարգուած կառոյցի, որ կրնայ աւելի մեծ ազդեցութիւն ունենալ եւ բովանդակալից փոփոխութիւններ ստեղծել, որովհետեւ առանց փոփոխութեան ներուժի՝ հաւաքական ուժը բաւարար չէ: Ներկայիս, հակառակ իր ունեցած միջոցներուն եւ կարողականութեան, սփիւռքը ամբողջովին չէ օգտագործած այս հաւաքական ուժը՝ մնայուն եւ հաստատութենական ազդու կառոյց մը ստեղծելու համար:

Թէեւ սփիւռքի հայկական փափուկ ուժը, այսօր կրնայ ուղղակի նպաստել Հայաստանին, սակայն, ինքնաբուխ ջանքերը կրնան երկարատեւ ազդեցութիւն չունենալ եւ յարատեւելու դժուարութիւն կրնան ունենալ առանց պատշաճ համակարգումի: Փաստօրէն, աւանդական կառոյցներները վերանայումի կը կարօտին: Ըստ մեր տասը երկիրներու մէջ կատարած Հայակական Սփիւռքի Հետազօտութեան (ADS), սփիւռքահայերուն երեք քարրորդը այսօր կապ չունի աւանդական հաստատութիւններու հետ: Հետեւաբար՝ անհրաժեշտ է նաեւ ստեղծումը նոր հաստատութիւններու, որոնք կրնան կենսաւորել եւ երկարատեւ նախաձեռնութիւններ կեանքի կոչել: Թէեւ անհատները կրնան գալ, աշխատիլ ու երթալ, սակայն անհատները քով-քովի բերող համակարգուած եւ կայուն կառոյց մը կրնայ երաշխաւորել հայկական փափուկ ուժի յարատեւող ազդեցութիւնը:

Անշուշտ պէտք չէ թերագնահատել աւանդական կառոյցներու կարեւորութիւնը: Յետեղեռնեան շրջանին, սփիւռքի կառոյցները վճռորոշ դեր խաղցան հայկական ինքնութեան պահապանման մէջ՝ մշակոյթի, լեզուի եւ այլ միջոցներով: Սակայն, ապագայի հեռանկարով՝ տասնամեակներ առաջ ստեղծուած այս կառոյցները չեն համապատասխաներ 21-րդ դարու պահանջներուն: Այս պատճառով է որ ձեւով մը անոնք կամաց-կամաց կը կորսնցնեն իրենց գոյութեան իմաստը, կամ՝ մարդիկ կը հեռանան անոնցմէ: Այսօր իբրեւ կարեւոր նիւթ, սփիւռքեան օրակարգի վրայ կը գտնուի նոր կառոյցներու ստեղծումը կամ եղածներուն էական վերափոխումը՝ նոր շունչով եւ ծրագրային նոր մօտեցումներով: Սփիւռքի մէջ սկսած են ի յայտ գալ նոր կառոյցներ ու կազմակերպութիւններ, ուր անհատներ ցանցեր (networks) կը կազմեն ու կ’աշխատին միասին: Սակայն, կարեւոր է անցումային կապի մը ստեղծումը արդէն գոյութիւն ունեցող եւ նոր ստեղծուող կառոյցներուն միջեւ:

Սփիւռքը դէմ յանդիման կը գտնուի նաեւ ղեկավարութեան տագնապի: Վերը նշուած ուսումնասիրութիւններուն մէջ ի յայտ կու գայ, որ տեսիլք ունեցող ղեկավարներու պակաս կայ սփիւռքեան կեանքին մէջ: Իր կարգին,փափուկ ուժը, իր անհատական հունաւորումով հանդերձ, կը դիմագրաւէ գործնական դժուարութիւններ, ինչպէս հեռաւորութիւնները եւ ժամանակը, նաեւ՝ հասարակական յարափոփոխ կեանքը: Ժամանակի սղութիւնը եւ հսկայ տարածքներով սփռուած ըլլալու իրականութիւնը նկատի առնելով, մարդիկ առաջնահերթութիւն կու տան որակաւոր եւ ազդեցիկ աշխատանքներու, միջոցառումներու կամ ձեռնարկութիւններու, որ բնականաբար կ’ազդէ աւանդական կառոյցներու հետ անոնց ներգրաւուածութեան վրայ: Տակաւին, համաշխարհային փոփոխութիւնները, ինչպէս արհեստագիտական յառաջդիմութիւնը եւ զուգահեռ զարգացող եսակեդրոնութիւնը, մեծ ազդեցութիւն ունին սփիւռքեան կեանքին վրայ: Այս բոլորը ազդեցութիւն ունին եւ պէտք է հաշուի առնուին նոր կառոյցներ ձեւաւորելու կամ գոյութիւն ունեցողները բարեփոխելու գործընթացին մէջ:

Կրնայ հարց տրուիլ, թէ այս փափուկ ուժը որքանո՞վ արդիւնաւէտ ու ազդու կրնայ ըլլալ, երբ օրինակ Հայաստան զինուորական յարձակումի մը կամ պատերազմի վտանգին տակ գտնուի: Ինչպէ՞ս կարելի է սփիւռքի փափուկ ուժը արագօրէն զօրաշարժի ենթարկել: Պէտք է ի մտի ունենալ, որ փափուկ ուժը վիճակ մը չէ, որ կարելի է անմիջապէս զօրաշարժի ենթարկել ճգնաժամի մը ժամանակ: Փափուկ ուժը կը պայմնաւորէ նախօրոք ծրագրում եւ հետեւողականութիւն, որովհետեւ կ’ընդգրկէ մշակութային, գիտական, առեւտրական եւ համոզիչ այլ լծակներու օգտագործումը ազդեցութիւն բանեցնելու եւ հանրային կարծիք ձեւաւորելու համար: Փափուկ ուժը արդիւնաւէտ կերպով զօրաշարժի ենթարկելու համար պետութիւնն ու սփիւռքեան կառոյցները պէտք է ժամանակ եւ ջանք ի գործ դնեն մշակութային մեր ժառանգութիւնը, գիտական նուաճումները եւ առեւտրական ներդրումը միջազգային հանրութեան ցոյց տալու եւ անոր սեփականութիւնը դարձնելու համար: Փափուկ ուժի ամուր հիմերը կառուցելով՝ պետութիւն ու հաստատութիւններ դրական դիմագիծ մը կրնան ստեղծել, որ կ’արձագանգէ եւ կ’արդիւնաւորուի ճգնաժամի մը ստեղծումէն առաջ` ներգործելով հանրային կարծիքին վրայ եւ աջակցութիւն ակնկալելով: Արդիւնաւէտ գործի գետինը պէտք է պատրաստ ըլլայ ճգնաժամէն շատ առաջ: Մտածուած, լուրջ եւ ծրագրուած ջանքերը էական են փափուկ ուժի արդիւնաւէտ օգտագործման եւ անհատական կապերէն դուրս, աւելի լայն ծաւալով ազդեցութիւն ունենալու համար:

Փափուկ ուժի կիրարութեան գործընթացը պէտք է ունենայ յստակ պատասխանատուութիւն, նպատակ ու գործունէութեան ծրագիր: Օրինակ` Խորհրդային Հայաստանի մշակութային կապերը սփիւռքի հետ: Խորհրդային Հայաստանէն Լիբանան, Սուրիա եւ սփիւռքեան այլ համայնքներ կ’այցելէին բազմաթիւ երգիչներ, պարախումբեր, թատերախումբեր, բանաստեղծներ, գրողներ ու մշակոյթային գործիչներ: Մեծ ոգեւորութիւն կը յառաջացնէին համայնքայքներու կեանքին մէջ: Նաեւ, Խորհրդային Հայաստանը կը հրատարակէր արեւմտահայերէն գիրքեր եւ զանոնք կ’ուղարկէր սփիւռքի դպրոցներ: Ուստի, երբ ունիս ծրագիր եւ քու արտաքին քաղաքականութեան կամ որեւէ քաղաքականութեան մէջ կը կարեւորես տուեալ գործօնը, ապա զայն պէտք է ընդգրկես քու քաղաքական կամ պետական օրակարգին վրայ: Երկրորդ կարեւոր խնդիրը զայն իրականացնելու միջոցներն ու յարմար մարդուժը գտնելն է, եւ փորձը ցոյց կու տայ, որ նման մօտեցումներն արդիւնք կու տան:

Այսօր, երբ կը քննարկենք հայկական փափուկ ուժի իրավիճակը կամ Հայաստանի յարաբերութիւնները սփիւռքի հետ, սկսելով մշակոյթէն, ակնյայտ կը դառնայ, որ վերջին երեսուն տարիներուն որեւէ լուրջ աշխատանք չէ կատարուած: Իրականութիւնը այն է, որ Հայաստանի պետութիւնը չէ կրցած իր «փափուկ ուժ»ը դրսեւորել եւ կիրարել սփիւռքի մէջ: Սփիւռքն ալ իր հերթին չէ կրցած լրիւ իմաստով իր «փափուկ ուժ»ը օգտագործել իր իսկ հաւաքական կամ համայնքային կարիքներուն համար:

Նիւթական սահմանափակ միջոցներու իրողութիւնը եւ մեր «փոքր ազգ» ըլլալու հանգամանքը մատնանշողներու թիւը շատ է: Բիւր մարտահրաւէրներ վստահաբար կան, հարցը առաջնահերթութիւններու մասին է: Հայաստանի պետութեան համար, սփիւռքի փափուկ ուժի օգտագործումը որքանո՞վ կարեւոր է կամ ռազմավարական ի՞նչ արժէք ունի: Եթէ  ռազմավարական անհրաժեշտութիւն է, ուրեմն պէտք է առաջնահերթութիւն տալ համապարփակ ծրագիրի մը մշակումին եւ ըստ այնմ անդրադառնալ միջոցներու ստեղծման հարցին: Ծրագրումէն առաջ նիւթականի մասին խօսիլը կը խափանէ փոփոխութեան որեւէ նախաձեռնութիւն: Հետեւաբար, կարեւոր է կեդրոնանալ հայեցակարգումին եւ ծրագրումին վրայ՝ իբրեւ նախպայման:

Խառնարանին մէջ

– Շո՛ւտ, շո՛ւտ աճապարենք, հիմա ճամբայ կ’ելլէ հանրաշարժը:

Կը վազենք ու կը յաջողինք նստիլ փոխադրամիջոց, որ մեզի պիտի տանի երկրէ երկիր, քաղաքէ քաղաք մղոններ կտրելով:

Դահիճները ետեւէս կը վազեն, արդեօք կրնա՞ն հասնիլ:

Առօրեայէն կը փախիմ, փախելու եմ: Շուրջս կը նայիմ եւ կը տեսնեմ, որ այս դահիճներէն հեռու շատ աւելի ապահով են օտար ափերը:

Շուրջս լեզուներու խառնարան մըն է, հասկնալի կամ անհասկնալի ձայներ կը հնչեն: Զանազան ազգերէ ժողովուրդներ կը տողանցեն:

Փարիզէն ճամբայ կ’ելլէ հանրաշարժը եւ ճամբայ կ’առնէ դէպի Պելժիկ՝ Պրիւքսէլ: Հանրաշարժին պատուհանէն կը նայիմ եւ ես՝ իմ ցոլացումը կը տեսնեմ: Ո՞վ եմ. ես այն մէկը չեմ, որ ունիմ տեսլական մը, որուն շնորհիւ ուղղութիւնս որոշեցի. սակայն ուղղութիւնները կրնան փոխուիլ արտաքին պատճառներով:

Պրիւքսէլէն կ’անցնինք Կանտ եւ յետոյ Պրուժ քաղաքները: Միջնադարեան պտոյտ մը՝ ուր քաղաքներու հրապարակներուն վրայ կախաղաններ պատրաստուած են. կիներ այրած են իբրեւ ջատուկ, մարդիկ զիրար սուրէ անցուցած են եւ տակաւին տեսակ-տեսակ դէպքեր…: Ինծի ալ ջնջել կը պատրաստուին: Հիացմամբ կը դիտենք մեր շուրջը, յայտնելով իրարու, որ շէնքերը պահեր են, շրջակայքը՝ պահպաներ, սակայն հոգ չէ, թէ բազում մարդոց արիւնը թափած են: Այսպէս կ’ըլլան դահիճները, որոնք ուրիշներուն տուած որոշումները կը գործադրեն եւ յետոյ իրենց երեսի ծածկոյթը կը հանեն ու յանկարծ աչքեր կը մեղմանան. անոնք իբրեւ, թէ այն արիւնարբու դահիճները չեն:

Շուրջս՝ ժխորը կը բարձրանայ: Լեզուներ իրար խառնուած են: Դէպի Բաբելոնի աշտարակը կը ճամբորդե՞նք, թէ… ենք արդէն: Իտալերէն, անգլերէն, սպաներէն, ֆրանսերէն, չինարէն, հայերէն՝ ես եւ ընկերս կը խօսինք, եւ նոյնիսկ թրքերէն կը լսուին: Երբ Պոլիսէն հեռանամ մայրենի լեզուիս կարիքը աւելի զգալի կ’ըլլայ, որովհետեւ օտար մըն եմ, սակայն օտար երկրի մէջ աւելի հարազատ եւ գիտակից եմ ինքնութեանս քան Պոլսոյ մէջ… այլեւս:

Պիտի փափաքէի գիտնալ մէկէ երկուքէ աւելի օտար լեզուներ: Պիտի փափաքէի, որ շուրջիններս գիտնային հայերէնը եւ ես օտարական մը ըլլայի իմ օտար լեզուներով: Քանի մը զբօսաշրջիկներու կը հանդիպիմ քաղաքին մէջ, որոնք արեւելահայերէն կը խօսին: Եթէ բարեւ մը փոխանակէինք իրարու, անոնք պիտի չհասկնային զիս, որոնք ամէն առիթով կ’արտայայտուին, թէ չեն հասկանում արեւմտահայերէնը:

Ո՛չ օտար մըն եմ հոս ոչ ալ՝ քաղաքացի: Ես ի՞նչ եմ, ո՞ւր եմ: Մօնիքը, փորթուկալահայ մըն է, կը խօսի անգլերէն, ֆրանսերէն, սպաներէն, փորթուկալերէն: Սինթիան արժանթինահայ է եւ կը խօսի սպաներէն, Ստեփանը ֆրանսահայ է, կը խօսի ֆրանսերէն, Արէտը Անգլիայէն կու գայ, հայ է, սակայն կը խօսի անգլերէն: Բոլորը հասարակաց լեզու մը ունին եւ այն պահ ասիկա…: Անոնք հայ մայրիկ ու հայրիկէ սերած են եւ կը խօսին հայերէն, սակայն ես օտար մըն եմ եւ հայերէն չեմ խօսիր: Ես՝ հայ մայրիկ ու հայրիկէ սերած եմ, հայ վարժարան յաճախած՝ բնիկ պոլսեցի անհատ մըն եմ ու սա պահուն կը խօսիմ շատ մը օտար լեզուներ բացի հայերէնէն: Պատճա՞ռը: Պատճառը այն է, որ դահիճները մեռցուցին հեւքս, դահիճները արտօնութիւն չտուին, որ ես ըլլամ ինքս: Ես իմ ունեցած հայկական ոգիս փոխանցեմ շուրջիններուս: Դահիճները չեն գիտեր այս զգացումին կարեւորութիւնը, որովհետեւ անոնք չունին այս զգացումը, չեն շաղուըուած այն ոգիով եւ ընդհանրապէս հինցած կը նկատեն զայն:

Ոգին ո՛չ կը հիննայ ոչ ալ կը պակսի. այս զգացումը հարազատ է, կ’ըլլայ ի ծնէ: Դահիճները ո՞վ են. անոնց թիւը վերջերս շատ շատցած է մեր շուրջ: Անոնց սեղանին լեզուն հայերէն չէ. ի՞նչ է, թերեւս ֆրանսերէն կամ անգլերէն կամ թրքերէն: Ինչպէս Պոլսոյ մէջ մեծամասնութեան լեզուն թրքերէնն է եւ լեզուին հետ կը տիրէ նաեւ տեղական ազդեցութիւնը:

Երբ երկիր վերադառնամ, առաջին գործս պիտի ըլլայ արձանագրուիլ օտար լեզուի դասընթացքի, որովհետեւ օտարութիւնը կը տիրէ ամէնուրեք, ի՞նչ հարկ կայ հայերէնին, ի՜նչ հարկ կայ հայու վարժարանին:

Կը հրաժարիմ հայ ըլլալէ, իբրեւ հայերէնի ուսուցչուհի կը հրաժարիմ մայրենի լեզուէ, կը հրաժարիմ ոգիէն, ահա՛ ասոնք են որ կը զգամ Բաբելոնի մէջ, այս վիճակին հասցուցին զիս. պատճա՞ռ… դահիճները կը հետապնդեն. ու հասան կախաղան հանեցին:

Բռնեցէ՛ք, ջնջեցէ՛ք, կտրեցէ՛ք գլուխները:

ԼԵՌՆԱ ԳԱՐԱԳԻՒԹԻՒՔ (Պոլիս)

Մոռցուած նուիրեալներ Լիբանանի մէջ՝ Հայ Երեխաներու Մայր Ms. Martha W. Frearson

Կարօ Տէրունեան

Քիչեր լսած են հայութեան նուիրուած անձնաւորութիւններէն՝ Միս Մարթա Ֆրիրսընի մասին:

Ազնուական ընտանիքի մը զաւակը, ան ծնած է Լոնտոնի արուարձաններէն Չէլսիի մէջ, 31 Յուլիս 1868-ին: 1895ի հայկական ջարդերուն լուրը հազիւ իր ականջներուն հասած, ան կ’որոշէ  անձամբ ուղուիլ հայկական շրջաններ եւ հայ որբերը խնամել: 1897ին նախ զինք կը տեսնենք Մարաշի մէջ, ուր կը ծարայէ իբրեւ Միս Սամընտի օգնական: Միս Մարթա հոն որոշ փորձառութիւն ձեռք կը ձգէ եւ լեզու կը սորվի: Կը հրաւիրուի Այնթապ՝ Մարտին բլուրի որբանոցին պատասխանատուութիւնը ստանձնելու: Ան մաս կը կազմէր (Friends of Armenia) «Հայաստանի Բաերկամներ» անգլիական ընկերակցութեան:

Միս-Մարթա-Ֆրիրսըն

Այս գործը ձեռնհասօրէն կը շարունակէ մինչեւ 1915: Երբ Թուրքիա կ’որոշէ պատերազմին մասնակցիլ, ան կը ստիպուի երկիրը թողուլ ու Եգիպտոս տեղափոխուիլ: Պատերազմին ընթացքին, ան մօտէն կը հետաքրքրուի Եգիպտոս ապաստանած շուրջ 5000ի Ճէպէլ Մուսացիներու եւ այլոց վիճակով՝ մասնաւորաբար գործ հայթայթելով հայ կիներուն:

Զինադադարէն քիչ ետք, Միս Ֆրիրսըն կը վերադառնայ Այնթապ: Շատ չանցած Այնթապի հերոսամարտը կը սկսի, եւ ինք 1920ի ամառը՝  Յունիս 22ին, հայ որբերուն հետ կը փոխադրուի Պէյրութ, եւ քանի մը ամիս յետոյ ալ Լեռնալիբանանի Շիմլան Գիւղը: Հոս երկու հաստատութիւններու՝ որբանոցին եւ ծերանոցին ծանր բեռը կը ստանձնէ քսան երկար տարիներ, որբանոցը՝ իր 300ի մօտ մանուկներով, եւ ծերանոց-անկելանոցը՝ 50ի մօտ ծերունիներով ու որբեւայրիներով: 1940ին, քաղաքական կացութեան պատճառով, ան կը ստիպուի հաստատութիւնը փակել: Երբ Դաշնակից Բանակը Լիբանան մուտք կը գործէ, Միս Ֆրիրսըն անմիջապէս գործի կ’անցնի եւրոպացի իր հայրենակիցներուն օգնելու նախանձախնդրութեամբ: Ռայագի, Պրումանայի ու Ալէյի մէջ ան քանթիններ կը բանայ զինուորներուն համար: Հակառակ իր յառաջացեալ տարիքին (75), երբեմն սպասուհիի մը պէս զովացուցիչ եւ կերակուր կը բաշխէ զինուորներուն:

Քանի մը տարի ետք քանթինները կը գոցէ եւ Պէյրութ կը հաստատուի, սակայն կաթուածը պատճառ կ’ըլլայ որ անշարժանայ եւ անկողնի ծառայէ: Այս միջոցին բարեբախտութիւնը կ’ունենայ վայելելու իր երկու նախկին աղջիկներուն՝ Տիկ. Հայկուհի Քէյվանեանի եւ Օր. Լուսիա Արըգեան խնամքը: Երբ իր հայրենիքը վերադառնալու առաջարկ կը ներկայացուի իրեն, կ’ըսէ. «արեւելիքի մէջ աւելի բաեկամներ ունիմ քան Անգլիոյ մէջ, եւ կը նախնտրեմ կեանքիս վերջին օրերը հոս անցնել»: Միս Ֆրիրսընի այս փափաքին գոհացում կը տրուի: Ան կը մահանայ 8 Փետրուար 1950-ին: Յաջորդ օրը՝ Փետրուար 9ին, հայ եւ տեղացի բարեկամներու հոծ բազմութիւն մը կը փութայ Անկլօ-Ամերիկեան եկեղեցին, վերջին յարգանքը մատուցելու այս մեծ նուիրեալին:

Միս Մարթա Ֆրիրսընի նախկին սաներէն՝ Պ. Պ. Աճէմեան հետեւեալը կ’ըսէ անոր մասին:

«Մեր երկար տարիներու զննութենէն կ’ուզենք մեր տպաւորութիւնները ներկայացնել, վեր առնելով իր նկարագրին յատկանշական գիծերը: Նախ՝ իր տքնաջան աշխատութիւնը շատ ուշագրաւ էր: Գրագիր կամ հաշուակալ չէր պահեր. ինք անձամբ կը կատարէր այդ բոլորը: Իր անձնական գործերէն զատ ամենէն հասարակ գործերն ալ կը զիջանէր ընելու, զոր օրինակ խոհանոցի մէջ աշխատիլ, սենեակները մաքրել, եւն:

Յետոյ, անձնուրաց մէկը ըլլալով՝ կը ջանար նոյն բանին վարժեցնել իր պաշտօնեաներն ու մանուկները: Տարիներով, շաբաթը մէկ անգամ չոր հաց ուտելով, հնդիկ տղայ մը կը խնամէինք հեռաւոր Ասիոյ մէջ: Հայ Աւետ. կարգ մը եկեղեցիներու ծախքին մասնակցած ենք գոնէ մէկ պատուհանը շինել տալու չափ դրամ տալով: Մեր շրջանակի հիւանդանոցներու եւ այլ բարեսիրական հաստատութեանց Ծնունդի նուէրները պաշտօնեաներու եւ մանուկներու կողմէն կը տրամադրուէր»:

Ազունիէի Ազգային Բուժարանին մէկ սենեակը անոր կողմէ նուիրուած է եւ մինչեւ հիմա կը կրէ իր անունը՝ Martha W. Frearson:

Միս Ֆրիրսըն խօսքով ու գործով ազդեցիկ անձնաւորութիւն մըն էր: Որեւէ շրջանակի մէջ իր գաղափարը եւ խօսքը կը յարգուէր: Այնթապի թուրք կառավարիչը եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ ակնածանք ունէին անոր հանդէպ: Երբ անգլիական բանակը Այնթապ կը հասնի, Միս Ֆրիրսըն անմիջապէս բարեկամութիւն կը հաստատէ հրամանատարին հետ՝ յօգուտ հայերուն, ու երբ կը պատրատուէր հեռանալու Կիլիկիայէն, ան կը հեռագրէ Անգլիոյ օրուան վարչապետ Լոյտ Ճորճին՝ խնդրելով, որ անգլիական բանակը Կիլիկիան չպարպէ՝ ի նպաստ հայ բեկորներուն:

Կ’ըսուի որ Միս Ֆրիրսըն շատ կարեւորութիւն կու տար տիսիբլինի. մօրմէն իրեն ժառանգ մնացած էր այդ: Կը պատմէր թէ երեք տարեկան հասակին կանոնաւոր եկեղեցի կ’երթար եւ հոն ամբողջովին լուռ եւ ամենայն հանդարտութեամբ կը նստէր ամբողջ պաշտամունքին տեւողութեան: Օր մը, եկեղեցիին մէջ ոտքերը ասդին անդին շարժելուն համար, մայրը զինք երկու ժամ աթոռի մը վրայ կայնելու դատապարտեր էր: Ան աւելի կարեւորութիւն կու տար կրթութեան քան թէ ուսման: Աշակերտներու մրցանակ տրուելու պահուն աւելի կը ծափահարէր վարքի մէջ բարձր նիշ առնողներուն քան թէ դասերու մէջ յաջողածներուն:

Կարօ Տէրունեան ցոյց կու տայ Martha W. Frearson-ի գերեզմանը

Սակայն Միս Ֆրիրսընի որբանոց պահելու էական նպատկներէն մէկը եղած է «մանուկները աստուածապաշտութեան վարժեցնել եւ զանոնք Տէրոջը խրատովը մեծցնել: Ինքը անձամբ մանուկ տարիքէն (7-8 տարեկան) սկսած էր Տէրը եւ անոր խօսքը սիրել, եւ ջերմապէս կը փափաքէր որ նոյնը ընեն իր խնամքին յանձնուած մանուկները: Ուստի, առտու եւ իրիկուն ընտանեկան աղօթք կ’ըլլար, Ս. Գիրք եւ երգարան ստանալու համար տասնեակ մը սաղմոսներ եւ հարիւրէ աւելի համարներ գոց սորվիլ պէտք էր», կը պատմեն իր հարազատները:

Շուրջ կէս դար, մօտ 2000 հայ որբեր եւ կարօտեալներ կը վայելեն Միս Ֆրիրսընի հոգածութիւնը: Անոր յարկին տակ միաժամանակ պատսպարուողներուն թիւը 150-350ի միջեւ կը տարուբերէր: Ասոնք յաւէտ երախտապարտ են իրեն:

Ան ըսած է. «Կը սիրեմ ձեզ Քրիստոսի սիրով եւ այդ սէրն էր որ զիս պահեց ձեր քով: Թող որ ամէնքս ալ այդ սիրոյն մէջ աճինք: Առաջին տարին որ ձեր քով եկայ, մայրս վախճանեցաւ, հետագայ տարիներու ընթացքին հինգ եղբայրներս եւ հինգ քոյրերս բաժնուեցան ինձմէ: Հիմա ես մինակ մնացեր եմ մեր ընտանիքէն. սակայն մինակ չեմ զգար քանի այս զաւակներս ունիմ իմ շուրջս եւ ձեզ՝ իմ սիրելի բարեկամներս»:

Իմանալով, որ տակաւին Լիբանանի Շիմլան գիւղին մէջ տակաւին կան հետքերը հայ որբանոցին, որոշեցի այցելել այդ գիւղը եւ ձեւով մը «պեղել» այդ հետքերը. չէի գիտեր որ հետաքրքրական անակնկալներ կը սպասէին ինծի:

2019-ին այցելեցի Շիմլան գիւղի քաղապետին, որուն միջոցաւ ծանօթացայ Պր. Ճորճ Ապաճեանին: Ճորճը պատմեց, թէ ինք զաւակն է Մէլքոն Ապաճեանին, որ կնոջը հետ միասին եղած են Այնթապի անգլիական որբանոցին խոհարարն եւ խոհարարուհին եւ ապա Այնթապի հերոսամարտին ընթացքին, կարճ զինադադարի ատեն, որբերուն հետ միասին, 1920–ին, նախ գալով Պէյրութ վրաններու տակ, ետքը փոխադրուած են Շիմլան: Հետագային, Ապաճեանները հիմնած են պանթոկ մը (Hotel Melkon, 1930): Ճորճը ինծի պատմեց ինչ որ կը յիշէր որբանոցին մասին, եւ ըսաւ թէ ներկայիս գիւղին մէջ գտնուած փոքր այգին նախապէս եղած է հայ որբերու գերեզմանը: Քաղաքապետը զիս տեղեկացուց որ մինչեւ այսօր, այդ այգիին պաշտօնական կալուածագիրը Միս Մարթա Ֆրիսրսընի անունով է:

In Loving Memory Martha W. Frearson

Բաւական պրպտումներէ ետք կարողացայ գտնել Միս Մարթայի գերեզմանը: Անոր աճիւնները կը գտնուին Անկլօ-Ամերիկեան գերեզմանատան մէջ եւ իր տապանաքարին վրայ կայ հետեւեալ գրութիւնը.

 

IN LOVING MEMORY
Of
MARTHA W. FREARSON
BORN IN LONDON JULY 31 1868
DIED IN BEIRUT FEB. 8 1950
ERECTED BY HER GRATEFUL
CHILDREN AND HELPLERS
————
THY WORK SHALL BE REWARDED
JER. 31:16
A MOTHER TO ARMENIAN CHILDREN

Միսաք Մանուշեանի պանթէոնականացումը՝ պատմական նոր էջ մը Ֆրանսայի եւ հայութեան համար

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի որոշումով, Բ. աշխարհամարտի Ֆրանսական Դիմադրութեան շարժման հերոսներէն Միսաք Մանուշեանի աճիւնը 21 Փետրուար 2024 -ին d’Ivry-sur-Seine-ի գերեզմանատունէն կը տեղափոխուի ու կը վերամփոփուի Փարիզի պանթէոնին մէջ: Ֆրանսացիք այս արարքը կը կոչեն «պանթէոնականացում», որուն կ’արժանանան ֆրանսացի մեծերը: Փարիզի պանթէոնին մէջ արդէն կը հանգչին Պոտլէրի, Վիքթոր Հիւկոյի, Ժան-Ժաք Ռուսոյի, Էմիլ Զոլայի եւ Մարի Քիւրիի նման մեծեր: «Պանթէոնականացում» շնորհելու իրաւունք ունին միայն Ֆրանսայի նախագահները:

Միսաք Մանուշեան առաջին գաղթական, առաջին հայ եւ առաջին համայնավար ֆրանսացին է, որ կ’արժանանայ նման պատիւի:

Նոյն պանթէոնին մէջ կը վերամփոփուին նաեւ աճիւնները Մանուշեանի կնոջ՝ Մելինէի (առանց «պանթէոնականացուելու» սակայն), որ նոյնպէս մաս կազմած է գերմանացիներու դէմ ֆրանսական ընդյատակեայ դիմադրութեան: Նախագահ Մաքրոնի այս որոշումը պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ 18 Յունիս 2023-ին: Արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 21 Փետրուար 2024-ին՝ Մանուշեանի եւ ընկերներուն գնդակահարութենէն 80 տարի ետք, ճիշդ նոյն օրը։

Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեան

Հայ բանաստեղծ, ֆրանսական դիմադրութեան շարժման մարտիկ, համայնավար կուսակցութեան անդամ եւ Ֆրանսայի ազգային հերոս Միսաք Գէորգ Մանուշեան ծնած է 1 Սեպտեմբեր 1906-ին, Ատիաման, արեւմտեան Հայաստան: Մանուշեանի հայրը կը սպաննուի 1915-ի ցեղասպանութեան ժամանակ, իսկ մայրը կը մահանայ գաղթի ճաբուն վրայ։ Միսաք եւ երկու եղբայրները կը վերապրին։ Միսաքը նախ կը գտնուի Ճիպէյլի որբանոցը (Լիբանան), ապա կը միանայ եղբօրը՝ Կարապետին Ժիւնիի Հայ Ազգային որբանոցը (Լիբանան), որ կ’ըլլայ երկու եղբայրներուն կրթութեան առաջին օթեւանը։ 1925-ին կը տեղափոխուի Ֆրանսա, սկիզբը Մարսէյ, ապա՝ Փարիզ։ 1930-ին Սեմայի հետ կը հրատարակէ «Ջանք» գրական ամսագիրը։ Կ’աշխատի Սիթրոէն գործարանին մէջ: 1937-ին, կը հրապարակէ «Զանգու» շաբաթաթերթը, ուր կը գրէ բանաստեղծութիւններ։  Կնոջը՝ Մելինէ Մանուշեանի հետ կը մասնակցի գերմանացիներու դէմ ֆրանսական ընդյատակեայ դիմադրութեան շարժումին։ 1943-ին Մանուշեանի գլխաւորած խումբը յարձակումներ կը գործէ գերմանական բռնագրաւող ուժերուն դէմ։ 1943 Նոյեմբերին, Մանուշեան կը ձերբակալուի եւ տանջանքներու կ’ենթարկուի, ապա իր խումբին 21 անդամներուն հետ մահապատիժի կ’ենթարկուի։ Յետ մահու, Մանուշեան կը պարգեւատրուի Պատուոյ Լեգէոն շքանշանով։ Մանուշեանի եւ իր խումբին անունով անուանուած են փողոցներ եւ հրապարակներ Փարիզի, Մարսէյի, Վալանսի եւ Երեւանի մէջ։

Այս օրերուն Փարիզէն յատուկ այցելութեամբ Լիբանան կը գտնուի Միսաք Մանուշեանի կնոջ Մելինէի քրոջ՝ Արմէնուհիին թոռը՝ Քաթիա Կիրակոսեան: Ան Լիբանան կը գտնուի Մանուշեանի մասին վաւերագրական ժապաւէնի մը պատրաստութեան ծիրէն ներս՝ նկատի ունենալով, որ Միսաք ու եղբայրները՝ Հայկ ու Կարապետ, երեքը՝ ցեղասպանութենէն ճողոպրած մանուկներ ջարդէն ետք որոշ ատեն գտնուած են Ճիպէյլի եւ Ժիւնիի որբանոցները:

Քաթիա Կիրակոսեան

Քաթիա Կիրակոսեանի հետ մեր հանդիպումը «ԳՈՀԱՐ» գրադարանին մէջ հանդիսացաւ առիթ մը, որ պահ մը փոխադրուինք Մանուշեանի ընտանեկան հարազատ աշխարհը: «Ես մանկութիւնս ապրած եմ Միսաքի պատմութիւններուն մթնոլորտին մէջ, մանաւանդ որ մեծ մայրս՝ Արմէնուհին եւ քոյրը՝ Մելինէն՝ Միսաքին կինը մնայուն կը խօսէին իր մասին: Մելինէն մահացաւ 1989- ին: Մեծ մօրս բարեկամներէն կը յիշեմ Տիրան Ոսկերիչեանը եւ Ռուբէն Մելիքը: Կը հանդիպէի անոնց երբեմն. կը խօսէին Միսաքին մասին: Կամաց-կամաց այս պատմութիւնները դարձան կեանքիս առանցքը եւ ընտանիքս դարձաւ իմ դիցաբանական աշխարհը, իսկ Միսաքն ու Մելինէն իմ կուռքերս», հպարտութեամբ սկսաւ պատմել Քաթիան:

Մանուշեան ամոլին մասին իր ապրումները Քաթիա կը փորձէ շօշափելի իրականութեան վերածել նախ երբ սինեմայի ուսանող իբրեւ զեկոյց կը պատրաստէ վաւերագրական իր առաջին ֆիլմը Միսաքին մասին, ապա 2006-ի Փարիզի մէջ կը կազմակերպէ ցուցահանդէս մը, որ մեծ ընդունելութեան կ’արժանանայ, մանաւանդ որ հոն ներկայացուած կ’ըլլան Մանուշեանի ընտանեկան արխիւներն ու անտիպ նամակները: «Missak» գիրքին հեղինակ Didier Daeninckx երբ մեր տունը այցելեց եւ հոն տեսաւ Միսաքի անտիպ արխիւները, ըսաւ. «Ալի պապայի քարա՞յրն է այս արդեօք», նշեց Քաթիա:

2014-ին, Բ. աշխարհամարտին գերամանացիներու կողմէ գնդակահարուած Մանուշեան խումբի նահատակութեան 70-ամեակին առիթով, երբ օրուան նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ կը յայտարարէր իր կողմէ «պանթէոնականացուած» ցանկին աննունները, ի զարմանս բոլորին, ցանկէն կը բացակայէր Միսաք Մանուշեանի անունը: «Այս առիթով է որ խնդրագիրներու արշաւ մը սկսաւ Էլիզէ պալատին ուղղութեամբ», դիտել տուաւ Քաթիա Կիրակոսեան եւ շարունակեց պատմել. «երկու-երեք տարի առաջ ինծի կապուեցաւ Unité Laïque կազմակերպութեան նախագահ Ճան-Փիեռ Սաքունը եւ առաջարկեց՝ նկատի ունենալով, որ ես ուղղակի առնչակից եմ արշաւին, մաս կազմել այն յանձնախումբին, որ խնդրագիր պիտի ներկայացնէ Էլիզէ պալատ: Սիրով ընդունեցի: Ասկէ քանի մը ամիս առաջ, մեզի կապուեցան Էլիզէ պալատէն եւ հանդիպումի մը հրաւիրեցին նախագահ Մաքրոնի յիշատակումներու խորհրդական Պրունօ Րոժէ-Փէթիի հետ: Սոյն հանդիմումին մանրամասն խօսեցանք Միսաքի խորհրդանշած արժէքներուն, անոր ազատատենչութեան, մարդկայնութեան եւ համայնականութեան մասին եւ շեշտեցինք թէ ինչու կարեւոր է անոր պաթէոնականացումը: Բնականօրէն, անոնք ընդունեցին: Մեզի հրաւիրեցին երկրորդ հանդիպումի մը՝ այս անգամ նախագահ Մաքրոնի հետ: Մէկ ժամ տեւած տեսակցութեան ընթացքին խօսեցանք Միսաքի եւ Մելինէի մասին: Այս տեսակցութեան յաջորդեց 18 Յունիսի նախագահական յայտարարութիւնը եւ Միսաքի պանթէոնականացման որոշումը` 21 Փետրուար 2024-ին»:

«Մեծ եղաւ մեր ուրախութիւնը Միսաքի եւ Մելինէի համար, Ֆրանսայի համար եւ հայութեան համար: Առաջին անգամ ըլլալով գաղթական ֆրանսացի մը, հայ մը կը պանթէոնականացուէր: Բոլոր ֆրանսացիները, բոլոր հայերը, աշխարհի բոլոր ազատատենչերը պէտք է հպարտ զգան Միսաքով եւ Մելինէով: Ազգային խորհրդանիշեր են անոնք», ընդգծեց Քաթիա Կիրակոսեան:

Ինչ կը վերաբերի վաւերագրական ժապաւէնի պատրաստութեան, Քաթիա Կիրակոսեան նշեց, որ շատոնց այդ ծրագիրը ունէր իր մտքին մէջ, բայց կը սպասէր յարմար ու պատեհ առիթին: Ան բացատրեց թէ ուրիշներ ալ ձեռնամուխ են նման ժապաւէնի պատրաստութեան, բայց «իմս ուրիշ պիտի ըլլայ, անձնականացուած պիտի ըլլայ, որովհետեւ ան նաեւ իմ ընտանիքիս պատմութիւնն է: Ես անոնց հետ հասակ առի: Անոնց նուիրումն ու նահատակութեան կամքը կը հոսին երակներուս մէջ», ըսաւ ան:

«Ես շատ հպարտ եմ Միսաքով եւ Մելինէով: Անոնք հաւատքով ընտրեցին իրենց ճամբան եւ երբեք չդաւաճանեցին իրենց սկզբունքներուն: Անոնք նոյնիսկ իրենց զաւակը զոհեցին ազատութեան բագինին, որովհետեւ Մելինէն յղի էր դիմադրութեան կռիւներուն ատեն եւ դժբախտաբար կորսնցուց իր զաւակը, բայց իրենց օրինակով, անոնք կտակ մը, աւանդ մը թողուցին բազմաթիւ զաւակներու՝ սիրելու ազատութիւնը եւ կռուելու անոր սիրոյն», եզրափակեց Քաթիա Կիրակոսեան:

42 տարիներու տաղանդաշատ երաժշտագէտ, խմբավար, երգարուեստի մշակ Պօղոս Ապաճեան

Սուրիահայ մշակութային կեանքին մէջ ոսկեայ տառերով պիտի արձանագրուի նաեւ երաժշտագէտ-խմբավար Պօղոս Ապաճեանի անունը, որուն  անկրկնելի ներդրումին (1967-2019) ու վաստակին նուիրուած՝ իբրեւ պատմավաւերագրական մատեան մը կը ներկայացնեմ այս յօդուածը: «Զուարթնոց», «Նարեկացի», «Լուսաւորիչ», «Սպենդիարեան»  երգչախումբերուն, ինչպէս նաեւ՝ «Մեսրոպ Մաշտոց» եւ «Գարուն» մանկապատանեկան- երգչախումբերուն հազարէ աւելի երգիչ-երգչուհիները, մենակատար-մենակատարուհիները եւ դաշնակահար-դաշնակահարուհիները հպարտութեամբ ու խանդաղատանքով պիտի յիշեն իրենց անմոռանալի ելոյթները Պօղոս Ապաճեան խմբավարին հետ»: (Շ.Մ.)

Անգնահատելի է Պօղոս Ապաճեանի ներդրումը հայ երգարուեստի եւ մշակոյթի անդաստանին մէջ:

Պօղոս Ապաճեան ծնած է Հալէպ, 19 Դեկտեմբեր 1939-ին: Հայրը մուսալեռցի՝ Պետրոս Ապաճեան, ծնած է 1907-ին, Եօղուն Օլուք գիւղը:  Մայրը՝ Աղաւնի Վանայեան, արմատներով մուսալեռցի, Եօղուն Օլուք գիւղէն, ծնած է 1918-ին, Փորթ Սաիտ, Եգիպտոս:

1915-ին թուրքերու դէմ իրենց մղած 53-օրեայ հերոսական կռիւներէն ետք, ֆրանսական ռազմանաւերու շնորհիւ մուսալեռցիք կը հասնին Փորթ Սաիտ: Վերահաս բնաջնջումէն հրաշքով կը փրկուին աւելի քան չորս հազար հայեր: մուսալեռցիք 1919-ին կը վերադառնան իրենց գիւղերը: Քսան տարի ետք, Յունիս 1939-ին, հրաման հասած ըլլալով հեռանալու Մուսա լերան 6 գիւղերէն (Քապուսիէ, Եօղուն Օլուք, Խըտըր Պէկ, Հաճի-Հապիպլի, Պիթիաս եւ Վաքըֆ ), գիւղացիները, ինչպէս նաեւ Պետրոսի եւ Աղաւնիի  ընտանիքները պարտադրուած կ’ուղղուին դէպի Րաս-Ըլ- Պասիթ, Սուրիա, ուր մուսալեռցիք մէկ ամիս կ’ապրին տախտակէ տուներու մէջ, ֆրանսացի զինուորներու հսկողութեան տակ:  Սկիզբը որոշուած էր զանոնք Րաս-Ըլ-Պասիթ ձգել, սակայն յետոյ կ’որոշեն Լիբանան փոխադրել: Այդ ձեւով, Յուլիսի վերջաւորութեան, վեց գիւղերու ժողովուրդը այս անգամ ֆրանսական նաւերով կ’ուղուի դէպի Թրիփոլի, ուրկէ Ռայաք, անկէ ալ Այնճար:  Իսկ ոմանք ալ, ինչպէս Ապաճեան եւ Վանայեան ընտանիքները, կ’ուղղուին դէպի Հալէպ՝ Քեսապի ճամբով:  Պետրոս եւ Աղաւնի կ’ամուսնանան Հալէպի մէջ, 1939-ի սկիզբը: Կը բախտաւորուին հինգ զաւակներով՝ Պօղոս, Ժոզէֆ, Արմէն, Մարի եւ Քնարիկ:

Պօղոս Ապաճեան իր նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Ուսումնասիրաց եւ Բեթէլ վարժարաններուն, իսկ երկրորդական ուսումը՝ Հալէպի Ամերիկեան քոլէճին մէջ (Aleppo College), զոր կ’աւարտէ Freshman վկայականով, 1958-ին:

Ձայնամարզութեան (solfège) առաջին ուսուցիչը կ’ըլլայ Վեր. Լութֆի Հայտոսթեան, իսկ Հալէպի Քոլէճի տնօրէն Ուիվըր, որ եղած է միաժամանակ դաշնամուրի ու երաժշտութեան ուսուցիչ, յայտնաբերած է Պօղոսին երաժշտական մեծ ընդունակութիւնը ու քաջալերած զայն:

1959–1965 տարիներուն Ապաճեան կը հետեւի Երեւանի Կոմիտասի անուան Երաժշտանոցի ստեղծագործական, խմբավարական, դաշնակի եւ երաժշտական նիւթերու դասաւանդման ճիւղերուն: 1965-ին կը վկայուի երգչախումբի ղեկավարման եւ երաժշտական նիւթերու դասաւանդման մասնագիտութեան տիտղոսով: Աշակերտած է երաժշտահան փրոֆ. Անուշաւան Տէր Ղեւոնդեանի, խմբավար փրոֆ. Թաթուլ Ալթունեանի, երաժշտահան, անուանի արուեստագէտ Էդուարդ Միրզոյեանի, երաժշտահան Մարտին (Մարտիրոս) Մազմանեանի, երաժշտահան Փրոֆ. Ղազարոս Սարեանի, որ եղած է երաժշտանոցի տնօրէնը իր ուսանողական տարիներուն եւ այլ երաժշտագէտներու:

Դամասկոս

1966-1967 տարիներուն, Ապաճեան կը պաշտօնավարէ Դամասկոսի պետական Երաժշտանոցը՝ դասաւանդելով ձայնամարզութիւն։ Նոյն շրջանին ուսուցիչ է Դամասկոսի Հայ կաթողիկէ «Ալիշան» նախակրթարանին ու «Անարատ Յղութեան Քոյրերու» աղջկանց վարժարանին մէջ:  1966-1967, կարճ շրջանի մը համար խմբավար Պօղոս Ապաճեան կը ղեկավարէ Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Միութեան «Քնար» երգչախումբը, որ հիմնադրուած է 1962-ին Հայր Անդրանիկ Կռանեանի ջանքերով:

Հալէպ

1968–ին Հալէպ վերադառնալով, Ապաճեան արդէն հրաւէր կը ստանայ ղեկավարելու Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ   դպիրներուն խումբը, եւ իր գնահատելի ճիգերով քառաձայն պատարագ մը կը մատուցուի Մայր եկեղեցւոյ մէջ, օրուան առաջնորդական տեղապահ Հոգշ. Տ. Տաթեւ Վարդապետ Սարգիսեանի ներկայութեան:

Զուարթնոց» երգչախումբ

«Զուարթնոց» երգչախումբը կազմուած է Ազգ. Առաջնորդարանին կողմէ եւ առաջին փորձերը սկսած են 1969-ին, Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ դպիրներէն կազմուած խումբով մը, խմբավարութեամբ՝ Պօղոս Ապաճեանի: Իսկ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախմբային միաւորը հիմնուած է 1988-ին:

Մայիս 1969-ին, «Զուարթնոց» երգչախումբը իր առաջին համերգը կը հրամցնէ հալէպահայ հանրութեան, խմբավարութեամբ Պ. Ապաճեանի, դաշամուրի ընկերակցութեամբ Ժիրայր Րէիսեանի. համերգը տեղի կ’ունենայ ՀԲԸՄ-ի սրահին մէջ: Հարկ է նշել, որ դաշնամուրի ընկերակցութիւններով ելոյթ կ’ունենան յաջորդաբար Շաքէ Պտղունի՝ 1970-1974 եւ Նորա Սարգիսեան՝ 1975-1988 տարիներուն:

Ապաճեան սիրայօժար կը խմբավարէ երգչախումբը, զանազան ազգային եւ եկեղեցական հանդիսութիւններուն՝ համագործակցելով բոլոր հայ համայնքներուն հետ:

 Խորէն Ա. կաթողիկոս Բարոյեանի (1963-1983) Հովուապետական այցելութիւնը Բերիոյ Թեմին (Հալէպ եւ շրջակայք), 8 օր (3-11 Դեկտեմբեր 1973)

Նկարը՝ Բերիոյ թեմի Առաջնորդ Գերպ. S. Տաթեւ Ծ. Վրդ. Սարգիսեան եւ Հոգշ. Օշական Վրդ. Չօլոյեան, գաւազանակիր Հոգշ. S. Վահան Վրդ. Պէրպէրեան եւ Ճէզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. S. Խաժակ Վրդ. Յակոբեան, Հոգշ. S. Պետրոս Վրդ. Պէրպէրեան, եւ Զուարթնոց երգչախումբի ղեկավար Պօղոս Ապաճեան, դաշնակահարուհի՝ Շաքէ Պտղունի:  Ա. շարք ձախէն աջ. -Մարալ Լէփէճեան, …, …, …, Շաքէ Պտղունի, Նորա Իւլպէյեան, Քնարիկ Ապաճեան, Անի Գավաֆեան, Ծովիկ Մակարեան, Անի Յովսէփեան, Բ. շարք. – Սոնա Պտղունի, …, Հերմինէ Գալայճեան, Զեփիւռ Պայթարեան (?), Քնարիկ Շիրոզեան, …, …, Մակի Թաթարեան, Սիլվա Թաթարեան, Ծովիկ Աւետիսեան, Լենա Պօղոսեան, Մարտօ Եփրեմեան. Գ. շարք. – Գրիգոր…, Յովհաննէս Ճանեցեան, Աբիկ Գանտիլեան, Սիմոն Լիպարեան, Վահէ Խրիկեան, Սուրէն Աւետեան, Խաչիկ Հաճեան, Մանօ Հասըրճեան, Մովսէս Քէօշկէրեան, Սահակ Ակիլեան, Խաչիկ Ճոզիկեան, Ալեքսան Արապաթլեան, Սարգիս Պալապանեան. Դ շարք. -Կարպիս Գոճանեան, Անդրանիկ Անտոնեան, Վարուժ Գոճանեան, Ժոզէֆ Ապաճեան, Ռաֆֆի Պալապանեան, Սուրէն Պայթարեան, Փիեռ Խուրի, Ստեփան Պայրամեան, Հրայր Յակոբեան, Պատրիկ Չրաքեան, Յարութ Քէչէճեան:

Մանկավարժը

1971-1973, Ապաճեան երաժշտութիւն կը դասաւանդէ ազգային դպրոցներու, Քարէն Եփփէ Ճեմարանին եւ Հայկազեան Վարժարանին մէջ (մանչերու բաժին), Պրն. Փիլիպպոս Դերձակեանի տնօրէնութեան շրջանին եւ Հալէպի Պետական Երաժշտանոցին մէջ, «Մերքէզ Սաքաֆի Ազիզիէ»:

 «Մեսրոպ Մաշտոց» » մանկապատանեկան երգչախումբը

1973-ին կը հիմնուի «Մեսրոպ Մաշտոց» մանկապատանեկան երգչախումբը Հալէպի Ազգային նախակրթարաններու սաներէն կազմուած: Ապաճեան զայն կը ղեկավարէ շուրջ 15 տարի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ Նորա Սարգիսեանի: Այս նուիրական գործին համար կը պարգեւատրուի Սուրբ Մեսրոպ ոսկեայ շքանշանով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Կաթողիկոսին կողմէ:

Հալէպի «Մեսրոպ Մաշտոց» մանկապատանեկան երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Պօղոս Ապաճեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ` Նորա Սարգիսեանի, կը կատարէ աշխարհահռչակ երգչուհի Ֆէյրուզի երգերէն, մենակատարութիւնը Maral Masrian de Torikian-ի: Ելոյթի նկարը՝ Յակոբ Կիւլիմեանի, 1973-1975 թուական: Աղբիւրը՝ Maral Masrian de Torikian-ի դիմագիրքէն:
«Մեսրոպ Մաշտոց» մանկապատանեկան երգչախումբ: Խմբավար՝ Պօղոս Ապաճեան: Մայիս 1986, Հալէպ

Երգի–պարի համոյթը

Ապաճեան նոր ոստումով մը ձեռք կը մեկնէ նաեւ պարի ալ բնագաւառին, իրեն գործակից ունենալով Հայաստան մասնագիտացած պարուսոյց Աբրահամ Կոստանեանը:

1982-ի Յունիսի 5-ին, պարախումբը կ’այցելէ Գամիշլի եւ կ’ունենայ երկու ելոյթ: Որպէս համագաղութային ձեռնարկ, տարուան մեծագոյն իրագործումը կ’ըլլայ երգի եւ պարի 15 հոգինոց երգողներու, պարողներու եւ նուագողներու համոյթին ելոյթը, գործակցութեամբ` «Զուարթնոց» երգչախումբին, ղեկավարութեամբ` Պօղոս Ապաճեանի եւ պարուսոյց Աբրահամ Կոստանեանի:

Երգի–պարի համոյթը 1983-ի 25 Փետրուարէն սկսեալ կ’ունենայ 17 ելոյթներ, բացառիկ յաջողութեամբ: Յաջողութեան արձագանգը կ’ըլլայ այն հրաւէրը, որ կու գայ Արաբական Ծոցի Ապու Տապիի Էմիրութեան Կրթական եւ մշակոյթի նախարարութենէն, որուն սակայն կարելի չըլլար ընթացք տալ զանազան դժուարութիւններու պատճառով: (Զաւէն Սապունճեան, «Գեղարդ» տարեգիրք 1985, Գ. հատոր, էջ 484, 485)

«Զուարթնոց» երգչախումբը իր մասնակցութիւնը կը բերէ ազգային եւ պետական հանդիսութիւններուն, ինչպէս նաեւ քառաձայն պատարագի երգեցողութիւններուն՝ Ս. Քառասուն Մանկանց Եկեղեցւոյ մէջ:

«Լուսաւորիչ» երգչախումբին ելոյթը Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը պետական կրօնքի հռչակման 1700ամեակին առիթով, ինչպէս նաեւ Տէր Զօրի մէջ նոյն խումբով ներկայացուած քառաձայն պատարագը՝ երկու վեհափառներ Գարեգին Բ.ի եւ Արամ Ա.ի վսեմաշուք ներկայութեամբ: Հալէպի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դպրապետ (հանգուցեալ) Հրայր Մանուկեան: Դաշնակահար, նկարիչ (հանգուցեալ) Լեւոն Սապպաղ: Նկարը՝ Talin Magarian Farra դիմագիրքէն

«Նարեկացի« Սենեկային երգչախումբ

Ապաճեան 1983-ին կը հիմնէ Նարեկացի Սենեկային երգչախումբը Վեր. Պարգեւ Աբարդեանի քաջալերանքով: «Նարեկացի» երգչախումբին փորձերը տեղի կ’ունենային Հայ Աւետ. Քրիստոսի եկեղեցւոյ (հիմնուած 1924-ին) աղօթասրահին մէջ, որ նախկին միանձնուհի Քոյր Աննա Հետուիկ Պուլի (Anna Hedwig Büll) դարմանատան շէնքն էր:

26 տարիներու ընթացքին «Նարեկացի» երգչախումբը կը ներկայացնէ բարձրորակ դասական համերգներ՝ յայտագիրին վրայ ունենալով հայկական եւ միջնադարեան երգչախմբային ստեղծագործութիւններ, միջազգային բամաթիւ գործեր. ելոյթներ կ’ունենայ նաեւ Սուրիական պատկերասփիւռէն: «Նարեկացի» երգչախումբը կը մասնակցի «Դամասկոսի Օփերա»ի (պաշտօնապէս՝ Տար ալ-Ասատ մշակոյթի եւ արուեստի համալիր) բացումին, 7 Մայիս 2004-ին):

Վեր. Պ. Աբարդեանի մահէն ետք, «Նարեկացի» երգչախումբին հովանաւորութիւնը կը ստանձնէ Հալէպի թեմի հայ կաթողիկէ առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանը, որուն շնորհիւ «Նարեկացի» երգչախումբը դասական համերգներ կ’ունենայ Զուարթնոց եկեղեցւոյ մէջ, իսկ աշուղական համերգները նոյն եկեղեցւոյ ներքնասրահին եւ ՀԲԸՄ-ի սրահին, ինչպէս նաեւ՝ սուրբծննդեան համերգներ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ: 2008-ին, «Նարեկացի» երգչախումբը կը տօնէ իր 25-ամեակը:

 

«Նարեկացի» երգչախումբ, Էմանուէլ Եկեղեցի (հիմնուած 1852 -ին), Հալէպ, 1985: Նկարները սոփրանօ Hasmig Sanossian-Temizian դիմագիրքէն
Հրաւիրատոմսի նաեւ յայտարարութեան պատճէնները Սոփրանօ Hasmig Sanossian-Temizian դիմագիրքէն

1993 ՀալԷպ. Արմէն Տիգրանեանի «Անուշ» օփերա, «ՆԱՐԵԿԱՑԻ» դասական երգչախումբի խմբավար՝ Պօղոս Ապաճեան, «Անուշ»՝ սոփրանօ Յասմիկ Սանոսեան Թեմիզեան, «Սարօ»՝ Մհեր Մինասեան։ Դաշնամուրի նուագակցութիւն՝ Anna Anaida Grigorian (Ատուրեան)։ Գրառումը՝ Սոփրանօ Hasmig Sanossian-Temizian-ի: Տե՛ս YouTube https://youtu.be/qoqaYvLaGyI

13 Ապրիլ 1997-ին, Հալէպ, տեղի կ’ունենայ Պոլսահայ բանաստեղծ Զահրատի նուիրուած հանդիսութիւն մը, կազմակերպութեամբ՝ Ուրֆայի Վերածնունդ Մշակութային Միութեան (Ատենապետ՝ սրտաբան եւ բանաստեղծ Գէորգ Թեմիզեան):  Յայտագրին մասնակից էր խմբավար Պօղոս Ապաճեանի «ՆԱՐԵԿԱՑԻ» դասական Երգչախումբը: Սոփրանօ Hasmig Sanossian-Temizian դիմագիրքէն:

«Մեսրոպ Մաշտոց»ի շքանշան

1985-ին, Հալէպահայութիւնը յոբելենական հանդիսութեամբ մը կը մեծարէ ու կը գնահատէ Պ. Ապաճեանը, որուն այդ առիթով կը շնորհուի «Մեսրոպ Մաշտոց»ի շքանշանը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ձեռամբ:

«Սպենդիարեան» եւ «Գարուն» երգչախումբեր

1989-ի վերջերը, Ապաճեան կը ստանձնէ ՀԲԸՄ Հ.Ե.Ը-ի «Սպենդիարեան» եւ «Գարուն» մանկապատենական երգչախումբերու խմբավարութիւնն ու ղեկավարութիւնը: Գարուն» Մանկապատանեկան երգչախումբի
դաշնակահարուհին էր տիկին Քնարիկ Սայեղ Քասսիս (1998-2000):

27 Ապրիլ 1997, Հալէպ. «Գարուն» մանկապատանեկան երգչախումբին ելոյթի օրը՝ կազմակերպող «Քեզ Համար Հայաստան-Սուրիահայ Կանանց Յանձնախումբ»ին հետ: Առաջին կարգ, ձախէն աջ՝ Տիկին Էլիզապէթ Պարտագճեան, Թամար Գերպապեան, Օրիորդ Շաքէ Սէթեան, տիկիններ Սեդա Նուպահեաճեան, Արաքսի Պապիկեան, խմբավար Պօղոս Ապաճեան, տիկիններ Ազնիւ Քիրիշեան, Անահիտ Սարեան, Յասմիկ Սանոսեան Թեմիզեան: 2րդ կարգ, ձախէն աջ՝ օրիորդ Ազնիւ Արապեան, երաժշտական ընկերակցութեան պատասխանատու՝ Պերճ Երեցեան (Berj Kassis), Տիկին Ժագլին Գավլաքեան: Նկար եւ տեղեկութիւն՝ Սոփրանօ Hasmig Sanossian-Temizian-ի  դիմագիրքէն:

Դպրաց դասի եւ Միացեալ «Լուսաւորիչ» երգչախումբի ղեկավար

Ապաճեան կը ղեկավարէ նաեւ Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ Եկեղեցւոյ երգչախումբը տօնական օրերուն: Ան կը ղեկավարէ նաեւ Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ դպրաց դասի երգչախումբը, 2000-2009 տարիներուն:

Հայոց ցեղասպանութեան 86-ամեակին առիթով, 24 Ապրիլ 2001-ին, Բերիոյ Թեմի նորագոյն պատմութեան գեղեցիկ էջերէն է՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի շնորհաբաշխ այցելութիւնը Տէր Զօր, ուր խմբավար Պօղոս Ապաճեան կը ղեկավարէ 170 անդամներէ բաղկացած Միացեալ «Լուսաւորիչ» երգչախումբի քառաձայն պատարագը, երկու վեհափառներու ներկայութեան:

Բարձր հովանաւորութեամբ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը պետական կրօնք հռչակելու 1700-ամեակի եզրափակիչ հանդիսութիւնը տեղի կ’ունենայ Շաբաթ, 1 Դեկտեմբեր 2001, երեկոյեան ժամը 9-ին, Հալէպի Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Ներկաներու շարքին էին այլ յարանուանութեանց համայնքապետեր, Թեմի հոգեւորականաց դասը, ՀՀ Դամասկոսի լիազօր դեսպանը, ՀՀ Հալէպի ընդհանուր հիւպատոսը, Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ Սիմոն Լիպարեան, Ազգ. Իշխանութեան Հալէպի թէ շրջաններու կազմերը, հալէպահայ միութիւններու, կրթական օճախներու, քոյր համայնքներու ներկայացուցիչներ եւ հոծ թիւով հանդիսականներ։ Յանուն Բերիոյ Թեմի 1700-ամեակի Կեդրոնական Յանձնախումբին, հանդիսութեան յայտագրին գեղարուեստական բաժինին իր մասնակցութիւնը կը բերէ 170 անդամներէ բաղկացած Միացեալ «Լուսաւորիչ» յոբելինական երգչախումբը, խմբավարութեամբ՝ Պօղոս Ապաճեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝ Սիրան Գումրույեանի:

Հալէպի Պետական Երաժշտանոց, Պետական մրցանակներ

2000-2009 տարիներուն, Ապաճեան կը ղեկավարէ Հալէպի Պետական Երաժշտանոցի Ուսանողական երգչախումբը՝ հայ եւ արաբ երգիչներով (Կոմիտաս, եկեղեցական երգեր, արաբական ժողովրդական երգեր):

2008-ին, Ուսանողական Երգչախումբը կը մասնակցի «Հալէպը իսլամական մշակոյթի մայրաքաղաք» փառատօնի մրցոյթին՝ ներկայացնելով Քրիստոնէական եւ Իսլամական կրօնական խմբերգային կատարումներ. քննիչ յանձնաժողովի գնահատականով, Ապաճեանի ղեկավարած երգչախումբը կը շահի  2009-ի մրցանակը, որ կը յանձնուի Պօղոս Ապաճեանի զաւկին՝ Լեւոն Ապաճեանի:

Ապաճեան 42 տարիներ կը ծառայէ հայ երաժշտական բեմին: Իր համեստ նկարագրով ու երաժշտագէտի հմտութեամբ, ան կը յաջողի իր շուրջ համախմբել մեծ թիւով երաժշտասէր անդամներ, որոնք երկար տարիներ հայ երգարուեստին սպասարկեցին իրենց նրբաճաշակ երգեցողութեամբ:  Ապաճեան 1967-2009 տարիներուն կը ղեկավարէ շուրջ հարիւր պաշտօնական համերգներ՝ 1000-ի շուրջ երգիչներով:

Ապաճեան բացի Հալէպէն, ելոյթներ կ’ունենայ Դամասկոսի, Պէյրութի, Լաթաքիոյ, Գամիշլիի եւ Քեսապի բեմերուն վրայ: Երգչախումբը, իր ղեկավարութեամբ, յայտագրի մէջ ունէր հայ եւ արաբ, դասական եւ ժողովրդական 500-է աւելի երգեր: Երգչախումբը կը կատարէ նաեւ Սալէմ Պալեանի դաշնաւորած արաբական բազմաձայն երգերէն: Դամասկոսի պատկերասփիւռի կայանը իր կատարումները ընդգրկած է իր արխիւներուն մէջ:

Սփիւռքահայ մանկավարժ, բանաստեղծ, արմատներով մուսալեռցի, Ապաճեանի հօրաքրոջ տղուն՝ ֆրանսաբնակ Զուլալ Գազանճեանի (1936-2008) նուիրուած երեկոյթի փորձերը կը տեւեն 3 ամիս: Կիրակի 19 Ապրիլ 2009-ին «Նարեկացի» Երգչախումբի կայանալիք համերգի տոմսերը արդէն տպուած էին, եւ ահա մահուան բօթը կը հասնի երգչախումբին. Պօղոս Ապաճեան Հրաշափառ Յարութեան գիշերը՝ 12 Ապրիլ 2009-ին վաղահաս կը մահանայ: «Նարեկացի» երգչախումբի համերգը օրին կը կայանայ խմբավարութեամբ երգչախումբի անդամ երաժիշտ Պերճ Քասսիսի:

Վաղահաս էր 40 տարիներու վաստակ արձանագրած եւ բեղուն գործունէութիւն ծաւալած վաստակաշատ խմբավարին, հեզահամբոյր նկարագրով մանկավարժին մահը՝ 12 Ապրիլ 2009-ին, Հալէպ, Սուրիա:

Ուրբաթ, 12 Ապրիլ 2019, Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ Եկեղեցւոյ մեր տեղի կ’ունենայ երաժշտական երեկոյ մը ի յիշատակ խմբավար Պօղոս Ապաճեանի, մասնակցութեամբ՝ Նարեկ, Լեւոն Ապաճեանի եւ խումբ մը հանգուցեալին խմբավարած երգչախումբերու անդամներուն:

Իբրեւ երաժշտութեան ուսուցիչ, Պօղոս Ապաճեան կը պաշտօնավարէ Ազգային Հայկազեան վարժարանին եւ Քարին Եփփէ Ճեմարանին մէջ: Ան երկար տարիներ կ’աշխատի Հալէպի պետական երաժշտանոցին մէջ, որպէս ձայնամարզութեան (սոլֆէժ) ուսուցիչ եւ երգչախումբի ղեկավար (1967-2001):

Պօղոս Ապաճեանի արժանաւոր ներկայութիւնը մեծ նպաստ էր Սուրիոյ գաղութի գեղարուեստական կեանքին: Ան բարձր գնահատուած էր ոչ-հայկական շրջանակներէն, ինչպէս նաեւ՝ Հալէպի ու Դամասկոսի պետական երաժշտանոցներէն:

Ապաճեան ամուսնութիւն կնքելով էլատա Սահակեանի հետ, կ’ունենայ մէկ դուստր՝ Սալբի Ապաճեան (ներկայիս Զուիցերիա):

1981-ին, ան իր երկրորդ ամուսնութիւնը կը կնքէ Լենա Քէօթէքլեանի հետ եւ կը բախտաւորուի երկու որդիներով՝ Նարեկ (ծն. 1983, ներկայիս Երեւան) եւ Լեւոն (ծն. 1991, ներկայիս Դամասկոս): Ապաճեան որդիները ժառանգած են իրենց հօր երաժշտական աւանդը. շրջանաւարտ են Դամասկոսի բարձրագոյն երաժշտանոցէն եւ կը վայելեն երաժշտական մասնագիտական դիրք ու համբաւ:

Առ ի տեղեկութիւն – «ՔՆԱՐ» երգչախումբ, Դամասկոս

Հայր Անդրանիկ Կռանեան Դամասկոս ծառայած է 1958-1964 տարիներուն: Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Միութեան «ՔՆԱՐ» երգչախումբը կը հիմնուի 1962-ին, Հայր Անդրանիկ Կռանեանի ջանքերով։ Երգչախումբը կը ներկայացնէ հայ ազգային ու ժողովրդական երգացանկ մը ու կատարած զանազան համերգներ այդ օրերուն, ինչպէս նաեւ՝ ելոյթներ ունեցած է պետական պատկերասփիւռի կայանէն։ Սիրողական այս խումբը, որուն անդամները մինչ այդ մաս կը կազմէին եկեղեցւոյ խումբին, իր կարեւոր ներդրումը կ’ունենայ հայ խմբերգային արուեստը ծանօթացնելու ու սիրցնելու գործին մէջ։

ՀԿՄ-ի յուշամատեանին մէջ նշուած է, որ Կռանեան 1965-ին մասնաւորապէս ժամանած է Դամասկոս՝ «Քնար»ի մասնակցութիւնը ապահովելու Մեծ Եղեռնի 50 ամեակի յուշահանդէսին: 1966-1967 տարիներուն, կարճ շրջանի մը համար խմբավար Պօղոս Ապաճեան կը ղեկավարէ Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Միութեան «Քնար» երգչախումբը:

80-ական թուականներուն խումբը կը վերակազմէ Անթուան Քէշիշեան, եւ սկսած է փայլուն գործունէութեան շրջան մը։

1990-ին Հայ Կաթողիկէ Միութեան վարչութիւնը, որ կը տնօրինէ երգչախումբը, մայր հայրենիքէն կը հրաւիրէ արուեստագէտ Ժիրայր Ալթունեանը տարեկան այցելութիւններով խմբավարելու «Քնար» երգչախումբը: Ան կը մարզէ ու կը ղեկավարէ Քնար երգչախումբը մինչեւ 2001: Ամէն տարի այցելելով Դամասկոս ու աւելի քան մէկ ամիս աշխատելով խումբին հետ, ան կը պատրաստէ տարեկան ելոյթը ու կը ներկայացնէ զանազան համերգներ։ Այս հանգրուանին որպէս օգնական խմբավար ու խումբի ընկերակցող դաշնակահար Շանթ Քէշիշեան կ’ունենայ իր կարեւոր մասնակցութիւնը https://www.facebook.com/shant.keshishian.9

2002 թուականին, նոյնպէս Հայաստանէն կը հրաւիրուի Գայիանէ Պաղտասարեան՝ «Քնար» երգչախումբը մարզելու եւ խմբավարելու: 2003-2015, «Քնար» երգչախումբի խմբավարն էր Շանթ Քէշիշեան: Ներկայիս երգչախումբին գործունէութիւնը դադրած է Սուրիոյ պատերազմի օրերուն արձանագրուած գաղթին պատճառաւ: Երգչախումբի անդամներուն մեծ մասը այլեւս Դամասկոս չեն գտնուիր: Ներկայիս, երգչախումբի անդամներէն փոքր թիւ մը կ’ապահովէ Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը, Կիրակի եւ տօնական օրերը:

Առ ի տեղեկութիւն

Հալէպի Ամերիկեան Քոլէճը (Aleppo College) շարունակութիւնն է Այնթապի մէջ գործած ամերիկեան միսիոնարական քոլէճին։ Ամերիկեան միսիոնարական հաստատութիւնը սուրիական այս քաղաքին մէջ կը հիմնէ սոյն քոլէճը 1920-ական թուականներուն, Այնթապի մեծաթիւ հայերուն Հալէպի հաստատուելէն ետք։ Քոլէճի շրջանաւարտներու շարքին են հանրաճանաչ դէմքեր, ինչպէս՝ Սուրիոյ նախկին նախագահ Նազէմ Քուտսի, սուրիացի հանրայայտ գեղանկարիչ Ֆաթէհ Ալ Մուտտարէս եւ սուրիացի շարժապատկերի նշանաւոր բեմադրիչ եւ արտադրիչ Մուսթաֆա Ալ Աքքատ։

Աղբիւրներ՝

Հարցազրոյցներ՝ Ապաճեան ընտանիքի անդամներուն հետ՝ Սիմոն Լիպարեան, Քնարիկ Լիպարեան Ապաճեան, Ալիս Պաղտասարեան Ապաճեան, Նարեկ Ապաճեան:  

«Գեղարդ» տարեգիրք 1985, Գ հատոր:

Պօղոս Ապաճեան վաստակաւոր խմբավարը, Կարպիս Գոճանեան, 8 Մայիս 2009, Հայրենիք:

Բազմավաստակ Խմբավար Պօղոս Ապաճեան՝ Ոչ Եւս Է  https://asbarez.am

«Թատրոնը կենդանի պահելու համար հարկաւոր են տոկուն եւ նուիրուած մարդիկ»

«Թատրոնը աշխարհի մէջ այն միակ հաստատութիւնն է, որ կը մեռնի արդէն չորս հազար տարիէ ի վեր եւ երբեք չի մահանար: Զայն կենդանի պահելու համար անհրաժեշտ են տոկուն եւ նուիրուած մարդիկ»:  Այս խօսքերը կը պատկանին ամերիկացի գրագէտ, գրականութեան նոպէլեան մրցանակակիր Ճոն Սթայնպէքի:

Սթայնպէքի այս խօսքերը որքա՛ն կը պատշաճին այսօր լիբանանահայ իրականութեան, որ վերջերս ականատես կ’ըլլայ թատերական կեանքի աշխուժութեան՝ ձեւով մը վերածնունդի, մասնաւորաբար քորոնայի եւ տնտեսական տագնապի պարտադրած…«մահէն» ետք: Փաստօրէն լիբանանահայ թատրոնը կը մերժէ մահանալ շնորհիւ «տոկուն եւ նուիրուած մարդոց»՝ մեր բեմադրիչներուն, դերակատարներուն, բայց մանաւանդ վարագոյրին ետեւ գտնուող ու վարչական ու թեքնիք գործերով զբաղող նուիրեալներուն:

Իսկ գնահատանքի առանձին խօսք լիբանանահայ թատերասէրին, որ լեցուն սրահներով վերակենդանացուց հայ բեմը՝ գիտակցելով անոր կարեւորութեան:

Աշխարհի մը մէջ, ուր այսօր թէեւ կը գերակշռեն արհեսագիտական եւ թուայնացած նորարարութիւնները, թատրոնի եւ թատերախաղերու յարատեւ գրաւչութիւնը փաստօրէն կը շարունակէ հրապուրել հանդիսատեսը: Պէտք չէ մոռնալ, որ բեմը կը ծառայէ իբրեւ անփոխարինելի միջոց մը, որ կը հրամցնէ ժամանցի, դաստիակարակութեան եւ ինքնաճանաչումի իւրայատուկ խառնուրդ մը, թէեւ մեր երիտասարդ բեմադրիչներէն մէկը վերջերս շեշտը կը դնէր ժամանցին վրայ՝ անկախ բովանդակութենէն ու անոր կարեւորութենէն:

Թատրոնը ընդհանրապէս ընդունուած է իբրեւ ժամանցի հարթակ մը, ուր կը դիմէ հանդիսատեսը հեռանալու առօրեայ մտահոգութիւններէն եւ փոխադրուելու դէպի երեւակայութեան աշխարհ:  Թատրոնը կը կախարդէ հանդիսատեսը, որովհետեւ ան միաժամանակ կրնայ ծիծաղ ու խնդուք պատճառել, արցունք, հետաքրքրութիւն եւ հարցադրումներ զարգացնել՝ ստեղծելով ներքին հակազդեցութիւններ, որոնք անհատները խորապէս զիրար կը կապեն մարդկային մակարդակի վրայ: Բեմին վրայ է, որ պատմութիւնները կեանք կ’առնեն՝ խթանելով ընդհանուր փորձառութիւն մը, որ կրնայ ըլլալ թէ՛ խռովիչ, եւ թէ՛ հանգստացնող:

Իր ժամանցային արժէքին կողքին, թատրոնը ունի նաեւ դաստիարակիչ կարեւոր դերակատարութիւն: Թատերախաղերը կը ծառայեն իբրեւ միջոցներ պատմական դէպքերու, մշակութային արժէքներու եւ ընկերային հարցերու քննարկման: Ականատես ըլլալով բեմին վրայ ծաւալուող պատմութիւններուն` հանդիսատեսը պատկերացումներ կ’ունենայ տարբեր տեսակէտներու եւ փորձառութիւններու մասին: Թատրոնը դէմ յանդիման կը դնէ մեզ բարդ թեմաներու՝ խրախուսելով քննական մտածողութիւնը եւ մարդային կարեկցանքը: Կենդանի խաղարկութեան ուժին միջոցով կարելի կը դառնայ ըմբռնել մարդկային էութիւնը, ընկերային խարխափումները եւ մեր կատարած ընտրութիւններուն հետեւանքները: Եւ պէտք չէ զարմանալ, որ ինչո՞ւ ժամանակին, նոյնիսկ լիբանանահայ բեմին վրայ թատերախաղեր յաճախ գրաքննութեան կ’ենթարկուէին ու կ’արգիլուէին:

Թատրոնը միշտ հանդիսացած է միջոց մը արտայայտելու միտքեր, գաղափարներ եւ յոյզեր՝ հանրային միջավայրի ու շրջագիծի մը մէջ: Թատերագիրները, դերասաններն ու բեմադրիչները բեմը կ’օգտագործեն իբրեւ պաստառ մը` անոր վրայ նկարագրելու մարդկային վիճակներ, բացայայտելու ընդհանրական ճշմարտութիւններ եւ գծելու ինքնաճանաչման ուղիներ: Երկխօսութեան, տարբեր միմիքներու եւ երանգաւորուած դերատարութեան ուժը կը ստեղծեն արտայայտութեան այնպիսի խորք մը, որ կարելի է իւրայատուկ կերպով փոխանցուիլ միայն կենդանի թատրոնին միջոցով: Ան յուշարար է մեր ընդհանրական մարդասիրութեան եւ կ’երաշխաւորէ, պէտք է երաշխաւորէ այն հարթակը, ուր նաեւ անտեսուած ու խտրականացուած հարցեր լսելի կը դառնան՝ խթանելով ընկերային համապարփակութիւնն ու յառաջդիմութիւնը:

Կատակերգութիւն, ողբերգութիւն, պատմութիւն թէ քաղաքականութիւն՝ թատրոնը ունի նոյն դերակատարութիւնը հաւաքական կեանքի մէջ, հետեւաբար, եթէ այս օրերուն լիբանանահայ հանդեսատեսին նախասիրութիւնը կ’երթայ կատակերգութեան՝ երբեք հարց չէ:

Թատրոնին վերապահուած է նաեւ այլ պաշտօն մը, որ այս օրերուն նոյնքան կարեւոր է լիբանանահայ հաւաքական կեանքին մէջ: Թատրոնի փորձառութիւնը կը տարածուի նաեւ սրահէն դուրս` ստեղծելով հաւաքական պատկանելիութեան եւ ընդհանուր կապի զգացում մը: Վարագոյրը բացուելէն մինչեւ վերջաւորութեան՝ հաւաքական ու յաճախ յոտնկայս ծափահարութիւնները, թատրոնը քով քովի կը բերէ տարբեր անձեր. կը դառնայ մարդոց հաւաքավայր:  Հերոսներու նուաճումներուն եւ դժբախտութիւններուն ականատես ըլլալու ընդհանուր փորձառութիւնը կը խթանէ հաւաքական կապ մը՝ յառաջացնելով քննարկումներ եւ հաւաքական յիշողութիւններ՝ սկսեալ սրահի աստիճաններուն վրայէն մինչեւ յաջորդող օրերը սալոններու մէջ:

Արդարեւ, աշխարհի մէջ, որ այսօր տարուած է արհեստագիտական եւ թուայնացած նորութիւններով, թատրոնի եւ թատերախաղերու կենդանի փորձառութիւնը աւելի եւս կը շեշտուի մարդկային կեանքին մէջ: Թատրոնը, անցեալ ու ապագայ, կը գերազանցէ ժամանակը եւ կը հրաւիրէ մեզ պահ մը կանգ առնելու, խորհելու եւ զգալու: Ան ժամանցի եւ «պատմութիւն դիտելու» միջոց է, բայց նաեւ ունի դաստիարակիչ առաքելութիւն եւ ինքնաճանաչման խորք:

Բայց ինչպէս Սթայնպէք կ’ըսէ, «զայն կենդանի պահելու համար անհրաժեշտ են տոկուն եւ նուիրուած մարդիկ»: Բարեբախտաբար, լիբանանահայ թատրոնի վերակենդանացումը փաստեց, որ տակաւին ունինք «տոկուն եւ նուիրուած մարդիկ». վարձքը կատար բոլորին:

Իսկ մեր սիրելի ու հաւատարիմ հանդիսատեսներուն, շնորհակալութեան խօսքէն անդին, կը յուշենք ամերիկացի ժամանակակից թատերագիր Լին Նոթէճի (Lynn Nottage) հետեւեալ խօսքը. «թատրոնը հաւաքական աքթ մըն է, որ մարդիկ կը խմբէ մութ սենեակի մը մէջ, ուր անոնք կը կիսեն նոյն պատմութիւնն ու փորձառութիւնը: Ան կը մեկտեղէ մեզ իբրեւ հաւաքականութիւն»:

Տօնե՛նք նաեւ մեր մշակոյթը կերտած հայրերուն օրը

Բազմաթիւ են նախաձեռնութիւնները յիշելու եւ գովաբանելու մօր մը անզուգական դերն ու նուիրումը։ Հայրերու համաշխարհային օրուան առթիւ սակայն, անհրաժեշտ է ընդգծել նաեւ հօր մը հիմնական դերը, ինչպէս նաեւ՝ յարգանքի մեր տուրքը մատուցել այն դէմքերուն, որոնք հայոց պատմութեան մէջ արժանաւորապէս նկատուած են հայրեր՝ կերտելով մեր ազգային դիմագիծն ու մշակոյթը։

Հայրը թաքուն հերոս մըն է, որ թէեւ շատ չ’արտայայտեր իր զգացումները, սակայն յաւիտեան իր սրտին մէջ կը պահէ իր հոգեհատոր զաւակները ու կը փորձէ լաւագոյնս տալ անոնց եւ լաւագոյն կեանքն ու ապագան ստեղծել անոնց համար։ Այո՛, շատ ճիշդ է թէ հայրը տան սիւնն է, բայց ան նաեւ ընտանիքին զրահն է, որ իր յանդգնութեամբ կը պայքարի ու կը զոհուի զայն պաշտպանելու ամէն տեսակ պատուհասէ ու վտանգէ։ Ան իր կեանքի փորձառութենէն մեկնելով, կը փոխանցէ ցուցմունքներ, խրատներ ու պատգամներ, որոնք մեծ դեր կ’ունենան ձեւաւորելու զաւակին անհատականութիւնը։

Երեխայի մը համար իր անմիջական ընտանիքը կը կազմէ իր միակ շրջանակը, ուր մեծնալով իր հօր կամ մօր տիպարը օրինակ կ’առնէ եւ ամէն ճիգ կը թափէ անոնց նմանելու։ Նոյնն է պարագան մշակոյթին, որ իր բոլոր յատկութիւններով կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ եւ կը կերտէ ժողովուրդի մը նկարագիրն ու ապագան։ Մշակոյթի մը հիմնական գործօններն են լեզուն, կրօնքը, պատմութիւնը եւ արուեստները, եւ իւրաքանչիւր ճիւղ ունի իր հիմնադիրն ու մշակը, իր ՀԱՅՐԸ:

Հայկ Նահապետը թէեւ կը յիշուի առասպելական դրուագներով, սակայն ան հայ ազգատոհմի իսկական նախաՀԱՅՐՆ է` ծոռը Նոյ նահապետին եւ հայ ազգի անուան ծագումը կապուած է անոր։ Հայկ նահապետի ազատատենչ ու անկախ ոգին որդեգրած ենք ազգովին ու կը գոյատեւենք։

Կարելի չէ հայ մշակոյթը կերտած հայրերը յիշել առանց նշելու Մովսէս Խորենացին՝ մեր պատմաՀԱՅՐԸ։ Ան 5-րդ դարու ամենայայտնի եւ բազմավաստակ դէմքերէն է, որուն աշխատանքը պատահական չէ, այլ ամբողջ կեանքի մը նուիրումն է հայ ժողովուրդի պատմագրութեան գործին։ Առանց պատմութեան ազգ մը կը դառնայ դիւրաբեկ եւ այլասէր, սակայն շնորհիւ Խորենացիի ազգանուէր աշխատանքին, հայութեան առիթ ընծայուած է ծանօթանալու իր հսկայ անցեալին եւ հետեւելու հերոսներու օրինակին։

Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ թէեւ բազմաթիւ են յիշատակելի հոգեւոր հայրերը եւ մեծ է անոց թողած հոգեկան ժառանգութիւնը, սակայն կ’արժէ յիշել երկու անուններ, որոնք հիմնական առաջնորդները կը նկատուին հայոց հաւատքին։ Մենք հայերս հպարտ ենք որպէս քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօնք ընդունած առաջին ազգ, շնորհիւ Գրիգոր Լուսաւորիչի, որ քրիստոնէութեան հիմնաքարը դրաւ եւ լուսաւորեց ողջ հայ ազգը, ու դարձաւ անոր առաջին ՀԱՅՐապետը: Հոս նաեւ յիշատակելի է Վարդան Մամիկոնեանի ցուցաբերած հաւատարմութիւնը քրիստոնէութեան հանդէպ, որ ամրապնդեց հայոց հաւատքը։ Հետեւաբար, եթէ Գրիգոր Լուսաւորիչ սիւնն է հայոց հաւատքին, ապա Վարդան Մամիկոնեան` անոր խարիսխը։

Անտարակոյս լեզուն մշակոյթի մը հիմնական գործօններէն է։ Եթէ մենք այսօր կը վայելենք ինքնուրոյն գիր ու գրականութիւն, զայն կը պարտինք Մեսրոպ Մաշտոցի, որ հարստացուց մեր մայրենին եւ դարձաւ ՀԱՅՐԸ մեր գրաւոր գրականութեան:

Երաժշտութիւնը կը նկատուի մշակոյթը բնորոշող արուեստի հիմնական տարրերէն մէկը, ուստի տեղին է նշել Կոմիտաս վարդապետի անզուգական դերը, որ ոչ միայն յօրինած է երաժշտութիւն ու շարականներ, այլեւ հսկայական աշխատանք տարած է հաւաքելու  ժողովրդական տոհմիկ երգեր։ Շնորհիւ Կոմիտասի, անմահացած են մեր հազարամեայ մեղեդիները, հետեւաբար ան կոչուած է հայ երաժշտութեան ՀԱՅՐԸ եւ փրկարարը։

Երբ համաշխարհակայացման ալիքները կը սպառնան մեր ազգային ինքնութեան, իւրաքանչիւր հայու պարտականութիւնն է պահել հայկական արժէքները ու ապրիլ որպէս հազարամեայ հայ ազգի հարուստ մշակոյթի ժառանգորդ։

Կը շնորհաւորեմ բոլոր հայրերը իրենց տօնին առթիւ։ Հազար փառք անոնց հերոսական ջանքերուն։

 

Պատասխան ազերի սուտերուն՝ Աղուանքը Ազրպէյճան չէ

Ազրպէյճանցիներուն կողմէ վերջերս անհիմն փորձ կը կատարուի իւրացնելու տարածաշրջանին քանի մը հազարամեայ պատմութիւնը: Անոնք նաեւ փորձ կը կատարեն սեփականացնելու Աղուանք (Ալպանիա) անունը եւ զայն կը փորձեն «թարգմանել» որպէս Ազրպէյճան: Միաժամանկ, անոնք կը փորձեն իրենց ազերի անունը ներկայացնել իբրեւ տարածաշրջանին մէջ հնագոյն ազգերէն մէկը:

Իսկ ի՞նչ կը նշանակեն Աղուանք եւ Ազրպէյճան անունները:

Ալպանիա անուան արմատին մէջ «alp», «alb» բառը կրնանք հասկնալ կելտական (Celtic) «լեռ», «բարձր» իմաստով ու բաղդատել լեռնային մակերեւոյթ ունեցող եւ հին ժամանակ նոյնացուած «Ալպանիա» կոչուող Սկովտիոյ, Իտալիոյ «Ալպեան» լեռներուն եւ Պալքաններու արեւմտեան շրջանին մէջ գտնուող նոյնանուն «Ալպանիա» երկիրին հետ: «Ալպանիա» տեղանունը բացատրուած է նաեւ որպէս «լեռներու երկիր»:

Պատմաբան Բ. Ուլուբաբեան երկրին անուանադիրներ կը համարէ Կովկաս հասած կելտերը եւ անունը կը կապէ Եղիշէ պատմիչի յիշատակած հոնական ցեղերէն մէկուն՝ խայլանտուրներուն՝ վերջինս մեկնաբանելով կելտական «highlander» նշանակութեամբ:

«Ալպանիա» անուան մէկ ուրիշ, բոլորովին այլ մեկնաբանութիւն  կ՛առաջարկէ  խորհրդային ազրպէյճանցի պատմագէտ եւ լեզուաբան Յ․ Յոսիֆով, ենթադրելով, որ նշուած տեղանունին սկիզբը պատմականօրէն եղած է հնչեղ «Հ» հնչիւնը, որուն պատճառով ան նախապէս «hal» ցեղային անուան եւ «ba» ու «n» վերջածանցներու միացման բերումով հնչած է «halban» ձեւով. ան ի վերջոյ անուան ծագումը կը կապէ «halb» ցեղային անունին եւ տեղանունը կը մեկնաբանէ որպէս «hal»-երու երկիր՝ Հալպանիա-Ալպանիա։

Յունահռոմէական «Ալպանիա» տեղանունը յառաջացած է հայերէն «Աղուանք» բառէն եւ գործածուած է որպէս աշխարհագրական անուանում՝ ցոյց տալով հարաւի մէջ՝ Կուր գետի, հիւսիսը՝ կովկասեան գլխաւոր լեռնաշղթայի, արեւելքը՝ Կասպից ծովու, արեւմուտքը՝ Ալազան գետի միջեւ ինկած տարածքը:

Հայերէն «Աղուանք» տեղանունին ստուգաբանութեամբ առաջինը զբաղած է Խորենացին: Անուան հիմքին մէջ դնելով զուտ հայկական «ալու», «աղու», այսինքն ՝ «դուրեկան», «քաղցր», «անոյշ», «համեղ» բառը՝ ան կը գտնէ, որ երկրամասը իր «Աղուանք» անուանումը ստացած է այդ տարածքը ժառանգած Հայկ Նահապետի սերունդներէն՝ Սիսակի մեղմ ու հաճելի, «աղու» բնաւորութեան պատճառով:

Մասնագիտական գրականութէան մէջ աւելի տարածուած է այն կարծիքը, ըստ որուն հայերէն «Աղուանք» անուանումը յունահռոմէական «Ալպանիա» անուան տառադարձումն է հայերէնի օրէնքներուն համապատասխան՝ անոր հայացուած ձեւը: Հ. Սվազեան կը նշէ, որ տեղանունին հիմքը կազմող «աղու» կամ «ալու» բառերն իրենց նշանակութեամբ կը բնութագրեն երկիրը իր բարենպաստ, մեղմ ու դուրեկան կլիմայական պայմաններով, որոնց մասին այդքան շատ կը գրեն հնագոյն եւ հին հայկական ու արաբական աղբիւրները:

Հիմք ունենալով «աղու» բառը՝ երկրին անուան միւս բաղադրիչը կ՛ըլլայ «անք» մասնիկը, որ ամենայն հաւանականութեամբ հայերէնի մէջ ծանօթ «էանք» («է»-ի անկումով) յոգնակերտ վերջածանցն է եւ «աղու» բառին հետ կազմած է «Աղու+/է/անք-Աղուանք» տեղանունը: Նշուած վերջածանցը, աւելնալով բառի հիմքին, ցոյց կու տայ մարդոց պատկանելիութիւնը որեւէ խումբի, տոհմի, բնակութեան վայրի կամ երկրի:

Հ. Սվազեանի կարծիքով, խնդրոյ առարկայ անունը կը նշանակէ «աղու երկրի մարդիկ», «հաճելի, դուրեկան բնաւորութիւն ունեցող երկրի բնակիչներ»: Ծագում առնելով որպէս մարդկանց որեւէ խումբի բնակութեան վայրը ցոյց տուող անուանում մը՝ ան աստիճանաբար ձեռք կը բերէ տեղանունի նշանակութիւն եւ կը սկսի արտայայտել որոշակի աշխարհագրական տարածք մը՝ Աղուանից երկիրը: Հետեւաբար «Աղուանք» տեղանունը չունի ցեղային ծագում: Այս մէկը չափազանց կարեւոր նրբութիւն է, որ ազրպէյճանցիները հաշուի չեն առած իրենց կեղծիքները տարածելու ատեն:

Ուսումնասիրելով «Աղուանք» անուան բացատրութիւնը, Բ. Յարութիւնեան զայն կը մեկնաբանէ որպէս «արգաւանդ դաշտի երկիր» (Ուտիք անունը կը նշանակէ «հովիտներ», Արցախն ալ՝ «Քամիոտ անտառ»):

Արեւելեան Անդրկովկասի մէջ շատ աւելի ուշ յայտնուած թրքական ցեղերու լեզուին միջոցով կատարուած ստուգաբանութիւնները կամայական են եւ չունին գիտական հիմնաւորում:

Իսկ ինչ կը վերաբերի յստակօրէն «Ազրպէյճան» անուան ստուգաբանութեան, ապա կրնանք ըսել, որ մեծահամբաւ գիտնական Ահմատ Քասրաուի Թավրիզի կը գրէ. «Այս անունը արդէն 2000 տարի առաջ Իրանի ամենայայտնի աշխարհագրական անուններէն մէկն էր, եւ իւրաքանչիւր ժամանակաշրջանի, կը զուգորդուէր շարք մը կարեւոր պատմական դէպքերու հետ»:

Անունը «Ազարպայճան», «Ատարպայկան» եւ «Ատրապակտան» տարբերակներով տարածուած էր պարսկերէն գրականութեան մէջ: Ֆիրտուսի իր բանաստեղծութեան մէջ կը գրէր. «Մէկ ամբողջ ամիս Ատարպատկանի մէջ կանգ առած էին շահերն ու ազատականները»:

Արաբները կը գործածէին «Ազարպէյճան», իսկ հայկական աղբիւրներուն մէջ կը յիշատակուին «Ազրբէյջան» եւ «Ատրպատական» տարբերակներով, հին պահլաւերէնին մէջ՝ «Աթուրբադական» անուանումով:

Յոյն պատմիչ եւ աշխարհագրագէտ Ստրաբոնը եւս ձգած է տեղեկութիւններ այդ անուան մասին՝ Ալեքսանդր Մակեդոնացիի արշաւանքները եւ Աքեմենեան տէրութեան անկումը նկարագրած ատեն: Ստրաբոն կը պատմէ, որ երբ Մակեդոնացին տիրացաւ Իրանին, «Աթուրփաթ» անունով զօրապետ մը ըմբոստացաւ Ատարպայկանի մէջ եւ չձգեց, որ այն տարածքը, որ Մարաստան երկիրի մէկ մասն էր եւ Փոքր Մետիա կը կոչուէր, իյնայ յոյներու տիրապետութեան տակ եւ այնուհետեւ այդ երկրամասը կոչուեցաւ «Աթուրփաթկան»:

Նոյն Քասրաուին՝ ստուգաբանելով «Աթուր» բառը, զայն կը համարէ «Ազար», այսինքն կրակ, իսկ «փաթ» բառն ալ ունի «պահապան» իմաստը, իսկ «կան»-ը իրանական լեզուին մէջ տեղանունի վերջածանց է:

Այսպիսով, այն երկիրը, որ «Աթուրփաթ» անուանումը ստացաւ, նախ «Աթուրփաթկան», հետագային «Ազարպատկան» անունը ձեռք բերաւ: Քանի որ արաբները չէին կրնար «կ» տառը արտասանել, «կ»-ն փոխուեցաւ «ճ»-ի, եւ յիշեալ երկիրը կոչուեցաւ «Ազարպէյճան», ուստի «Ազարպայկան» անունը արտասանուեցաւ «Ազարպայճան» կամ «Ազրպէյճան», որ մինչեւ օրս գործածութեան մէջ է:

Ազրպէյճանական բոլոր պնդումները այս առումով խիստ հակագիտական եւ անհեթեթ են, մինչդեռ իրականութիւնը մեր աչքին առջեւ է:

Ամէն ինչ շատ աւելի պարզ է, քան կարելի է պատկերացնել:

Թալին Լատոյեան-Զալալ. «Տօնեցէք ձեր զաւակներուն իւրաքանչիւր յառաջացումը, եթէ նոյնիսկ փոքր են անոնք»

ՆԱԽԱԲԱՆ. «Մայր կայ, մա՛յր ալ կայ…»

Մարդ արարածը իր գոյութէնէն ի վեր, այլ սովորութիւններու կողքին, զարգացուցած է «փառաբանութեան» գաղափարը: Ան գլխաւորաբար երկրպագած ու փառաբանած է այն էակները  կամ ազդեցիկ ուժերը, որոնք մեծ ներգործութիւն ունեցած են իր կեանքին եւ առօրեային մէջ՝ սկսեալ Արարիչէն (նախախնամութենէն) մինչեւ գերակայութիւնները, անցնելով մայր բնութենէն մինչեւ չաստուածները,  հասնելով իր ծնունդին հիմնական աղբիւրը՝ մայրը, կամ իր գլխաւոր պաշտպանը՝ հայրը եւ ապա իր գոյութեան իմաստն ու շարունակականութեան գրաւականը՝  զաւակը (երեխան)…:

Եւ այսպէս ժամանակին հետ զարգանալով փառաբանութեան գաղափարը ունեցած է տարբեր դրսեւորումներ, ինչպէս օրինակ՝ մեր կեանքը զարդարող տօները, որոնք այլազան եւ բազմաբնոյթ տօնախմբութիւններ ըլլալէ անդին, շատ յաճախ նաեւ առիթներ են երկրպագութեան, երախտագիտութեան, շնորհակալութեան…:

Ինչպէս գիտենք, բոլոր ժողովուրդներուն մօտ ալ այդ տօներէն ոմանք յատուկ են, իսկ ուրիշներ ընդհանրական, ինչպէս՝ մայրերու, հայրերու ու մանուկներու տօները, որոնք թեէւ աշխարհի զանազան ժողովուրդներու եւ ազգերու կողմէ կը նշուին տարբեր թուականներով եւ սովորութիւններով, այսուհանդերձ իրենց մէջ կը պարունակեն հասարակաց կէտեր եւ հետեւաբար նաեւ` միեւնոյն ընկալումը կամ ըմբռնումը:

Օրինակ մը տալու համար նշենք, որ հայերը «Մայրու տօն»ը կը նշեն Մայիսին եւ այդ նպատակով ալ ամբողջ ամիսը նուիրած են մայրերուն:

Այս առիթով, գրէթէ ամէն տեղ, կը կազմակերպուին յատուկ տօնակատարութիւններ, տարբեր ձեռնարկներ, ինչպէս նաեւ` անհատական-ընտանեկան հաւաքներ, ուր բոլորը միաբերան կը փառաբանեն մայրը` վեր առնելով անոր անձնազոհութիւնը, նուիրուածութիւնը, սէրը, հոգատարութիւնը, գուրգուրանքը, ծառայութիւնը…. եւ ծաղկեփունջ ու այլ տեսակի պարգեւներ նուիրելով,  կը «պատուեն» զայն` փոխարէնը ստանալով խղճի անհուն հանգստութիւն եւ կարեւոր պարտականութիւն մը՝ «ճիտին պարտքը» կատարած ըլլալու ինքնաբաւութիւն..

Արդէն իսկ աւանդական դարձած այս հանդիսութիւնները սակայն, արդեօք ինչպէ՞ս կը բնորոշեն «մայրը» եւ ինչպէ՞ս կը կատարեն այդ էակին սահմանումը: Արդեօք «մօր» մասին սովորաբար հնչած շռայլ գովեստները կամ զանոնք զատորորոշող յատկանիշները կրնա՞ն վերաբերիլ առհասարակ  բոլոր մայրերուն, թէ կան տակաւին մայրեր, որոնք դուրս կը մնան մեր այդ «սահմանափակ» միտքերէն ու մտածումներէն: Մեր ճշդած չափանիշերէն դուրս ու որոշ չափով «տարբեր» եղող մայրեր արդեօք մոռացութեան չե՞ն մատնուիր:

Մօր մասին մեր դասական ձեւակերպումներուն մէջ արդեօք նկատի կ՛առնուի՞ն հաշմանդամ կամ յատուկ կարիքներու տէր մայրերը, յատուկ կարիքներ ունեցող զաւակներու մայրերը, զաւակ  կորսնցուցած, հիւանդ զաւակ խնամած կամ հիւանդութենէ տառապած մայրերը, ամուսին կորսնցուցած ու իրենց տան ու ընտանիքին բեռը իրենց ուսերուն շալկած մայրերը, երկար ատեն մայրանալու անբացատրելի երազով ապրած, սակայն զայն երբեք չիրագործած «Մայրերը»։ Նոյնիսկ մեծ մայրերը՝ որոնց դերը այսօր՝  մեր ժամանակներուն, յատուկ կարեւորութեամբ ընդգծուած է մեր ընկերութեան մէջ, հոգեւոր ու խորհրդանշական ներկայութենէ մը զանոնք վերածելով զաւակներու դաստիարակութեան եւ խնամքի գործոն անդամի, մանաւանդ աշխատող մայրերու պարագային։ Մայրերու տօնին առիթով արդեօք կարելի չէ՞ նաեւ յիշել հարազատ զաւակ չունեցած, սակայն ընտանիքի բոլոր անդամներուն իսկական մայր եղած էակները՝ ըլլան անոնք մօրաքոյր, հօրաքոյր, քոյր․․․կամ ալ իբրեւ «Մայր»՝ հաւաքականութիւններ առաջնորդած, որբախնամ առաքելութեան մէջ ներգրաւուած ու բարեսիրական արարքներով մայրական ծառայութիւն մատուցած նուիրեալները։

Այս օրերուն, երբ «մայրերէն» ետք կը նշուին նաեւ «հայրերու» եւ «երեխաներու» նուիրուած տօները` հարկ կը զգանք նախ եւ առաջ մտածելու եւ յիշելու ճակատագրի եւ պայմաններու բերումով իրենց կեանքը «տարբեր» ձեւով  ապրող էակները, որոնք իրենց ապրած ամէնօրեայ տառապանքներով ու դժուարութիւններով հանդերձ կը փորձեն լուսաւորել մեր կեանքը եւ իրենց սեփական օրինակով փայփայել յոյսը, որ շատերու մօտ երբեմն ակամայ չքացած է:

Լրագրող Շողեր Գառնէշեան-Մխճեան իր «Մայր կայ, մա՛յր ալ կայ…» շարքով կ՛անդրադառնայ երկու «տարբեր» մայրերու, որոնք իրենց իւրայատուկ եւ ուսանելի օրինակով շատ բան ունին տալիք մեր ընկերութեան:

Թամար Ինճէեան Թաշճեանէն (https://wp.me/pd909i-ltx) ետք, ստորեւ  ծանօթանանք Թալին Լատոյեան Զալալին, անոր հետ կատարուած հարցազրոյցին ընդմէջէն:

«Բալենին մեզի համար սիրոյ եւ համբերութեան հրաւէր է: Ան մեզի համար պարզութեան, անմեղութեան, անկեղծութեան, մաքուր սրտի եւ գեղեցկութեան տիպար է: Իր նայուածքներովը կը խօսի, աչուկներով կը հաղորդակցի եւ ժպիտով կը հաստատէ ուրախութիւնը: Մեզ միացնողն է Բալենին, մեզ  բոլորս իրար կապողն ու ամրացնողը»:

1/ Ընկերային Գիտութիւններու մասնագէտ էք եւ երկար տարիներ աշխատած էք ընկերային ծառայութեան եւ համայնքային բարգաւաճման ծրագիրներու վրայ: Ասոնց կողքին սակայն, հեղինակած էք նաեւ երկու գիրքեր՝ «Բալենին»  եւ «Բալը եւ Բիթը»: Երբ առաջին անգամ ըլլալով գիտցաք ձեր երեխային պարագան, ինչպէ՞ս ընկալեցիք այդ բոլորը: Ինչպիսի՞ դժուար ճանապարհէ մը անցաք: Կրնա՞ք վերյիշել այդ ժամանակաշրջանի մտորումներն ու զգացումները: Անոնց մէջ պոռթկում կա՞ր:

 Այո, նախ «Բալենին» գիրքը գրեցի 2015-ին, երբ առջինեկ զաւակս՝ Բալենին ունեցայ: Այս գիրքը գրեցի իբրեւ ինքզինքիս օգնելու եւ կազդուրուելու միջոց, արտայայտելու դժուարութիւններս եւ ապրումներս իբրեւ բոլորովին տարբեր փորձառութեամբ առաջին անգամ մայր եղող կին մը: Պարզացնելու համար ապրածս՝ որեւէ կնկայ պէս որ զաւակ կը սպասէ, երազներ, ծրագիրներ կամ տեսիլքներ կ՛ունենայ եւ ապա բոլորովին տարբեր իրականութիւն մը քեզ կ՛ապտակէ, ուշքի կը բերէ: Երբ յղութեանս վերջին շաբաթներուն մէջ էի, ես ուզեցի բժիշկէս, որ 3րդ էքոկրաֆի-echography մը ընենք, որպէսզի տեսնենք թէ աղջիկս որքան կը կշռէ եւայլն, մանաւանդ որ ան պէտք է դարձած ըլլար, բայց այդ չէր պարագան: Հոս՝ Գանատա, միայն երկու էքոկրաֆի-echography կ՛ընեն ամբողջ յղութեան ընթացքին: Ուրեմն, յղութեանս ամբողջ ընթացքին ամէն բան շատ լաւ էր եւ հեզասահ: Յանկարծ երբ ներկայացանք ամուսինիս հետ 3-րդ էքոկրաֆի-echography-ին, յղութեանս 36րդ շաբթուան ընթացքին, բժիշկը  ըսաւ որ սխալ բան կը տեսնէ եւ մանրամասն հրատապ քննութիւններ անհրաժեշտ կը գտնէ: Ձեզի կը ձգեմ որ պատկերացնէք ամուսինիս եւ իմ ներաշխարհը, զգացումները եւ հակազդեցութիւնները…

Քանի մը օր ետք կանչուեցայ մանրամասն քննութիւններու, եւ ինծի բացատրեցին որ բժշկական պարագայ մըն է, ուր ուղեղին այն մասը, որ կը կապէ աջ եւ ձախ կողմերը, չէ կազմուած՝ agenesis of the corpus callosum: Բացատրեցին նաեւ որ կան մարդիկ, որոնք այս պարագան ունենալով հանդերձ բնական կեանք կ՛ապրին եւ յանկարծ պատահմամբ եթէ օր մը գլխու նկար ընեն կը գիտակցին, որ այս hամախտանիշը ունին, բայց ուրիշներ կրնան շատ ծանր կարիքներ ունենալ եւ խնամքի կարօտիլ:

Կրնայ ըլլալ այդպէս բացատրեցին, որ յոյսի նշոյլ մը ձգեն… չեմ գիտեր:

Բաւական ծանր լուր մըն էր, որ մեզի անակնկալի դիմաց դրաւ, բայց նաեւ գալիքին անորոշութեան առջեւ: Քանի մը շաբաթէն զաւակս պիտի ծնէր, չէի գիտեր ինչպէ՞ս պիտի ըլլար, ինչ պիտի կարենար ընել կամ չընել…ինչպէ՞ս, ինչո՞ւ, եւ ուրիշ շատ հարցումներ…

Երկու շաբաթ անց, արդէն Բալենին ծնաւ: Գիրկիս մէջ կը գտնուէր անուշիկ բալիկ մը:

Միշտ ուշադիր էինք բոլոր շարժումներուն: Իր տարեկից մանուկներուն նման ամսական զարգացումներուն հետ քայլ չէր պահեր Բալենին, ինչ որ կը մտահոգէր մեզ եւ իր մանկաբուժը: Արդէն 6 ամսական էր, երբ ժէնէթիք-ծինային քնութիւններ ըրինք եւ 1 Ապրիլ 2016-ին, կարծես չար «կատակի» պէս գլխու եւ ջղային համակարգի բժիշկը մեզ կանչեց ախտաճանաչումը յայտնելու: Բալենիին գլխուն մակարդակին վրայ ստեղծուած կացութիւնը հետեւանքն էր ժէնէթիքծինային հազուագիւտ պարագայի մը FoxG1 անունով (որմէ աշխարհի վրայ քանի մը հարիւր պարագայ գոյութիւն ունի միայն): Այս ծինը պատասխանատու էր ուղեղի կազմութեան եւ զարգացման: Գիտցանք նաեւ որ ժառանգական չէր, այլ պատահական:

Ախտաճանաչումը գիտնալը միայն սկիզբն էր. բժիշկը յայտնեց մեզի, որ Բալենին շատ հաւանաբար այդ ծանր կարիքներ ունեցողներու շարքին պիտի ըլլայ: Իւրաքանչիւր հանգրուան դժուարութիւններով, յուսախաբութիւններով եւ երազներու վերացումով լեցուն էր, մեզի եւ մեր ընտանիքներուն եւ մօտիկ պարագաներուն համար: «Ճերմակ սուգ էր» որ կ՛ապրէինք առօրեայ դրութեամբ, բայց Բալենիին մէկ ժպիտը ամէն բան կը մոռցնէր, կարծես վերստին ուժ կու տար, եւ կը պայքարէինք, յոյս կ՛առնէինք. ան Աստուծմէ լոյս եւ ուժ կը բերէր: Իր աչուկներէն արտացոլող սէրը եւ ժպիտը բաւարար էին, որպէսզի մենք միայն դրական եւ  լաւ կողմերը փնտռէինք, գտնելու զանոնք  եւ անոնց կառչած մնալու համար:

Այս բոլորին մէջ, Ընկերային Ծառայութեան մաքիստրոսի համար կը պատրաստուէի: Որոշեցի դադրիլ, կանգ առնել, դադրիլ վազելէ, շնչել, եւ խորունկ շունչ առնե՛լ, նայելու համար թէ ո՞ւր ենք եւ ո՞ւր կ՛երթանք….

Կ՛ուզէի գիրք մը գրել Բալենիին համար, իբրեւ յիշատակ այս բոլոր ապրումներուս: Մտածեցի ինչո՞ւ չէ՛, գիրք մը գրեմ, այս մեր պատմութիւնը գրեմ եւ հրապարակեմ: Կրնայ ըլլալ այս մեր փորձառութիւնը ուրիշին օգնէ եւ չեմ պահեր՝ կը մտածէի, որ հաւանաբար կրնայ նաեւ … ինծի օգնել (եւ օգնե՛ց): Գրելը, պատմելը, բաժնեկցիլը սփոփանք են…ուրեմն, այս բոլոր ապրումներէն ետք էր որ Բալենին գիրքը երեւան եկաւ:

Բալենին գիրքը Վիին (Վահէ) եւ Թիին (Թալին)ին պատմութիւնն է, որ քիչ մը բարեփոխուած է, եւ փոխաբերականն են տիպարները, պատմութիւնը կը պատահի Վիին եւ Թիին պարտէզի ծառերուն միջեւ: Բալի ծառ մը կը տնկեն, բայց ծառը դեղնած եւ հիւանդ կ՛ելլէ. Վին եւ Թին ինչպէ՞ս կ՛ապրին այս բոլորը, օտարներ ինչպէ՞ս կը վարուին Բալենիին հետ եւայլն: Պատմութիւնը տարբեր հարցերու կ՛անդրադառնայ, վախազդեցութիւնը, նեղութիւնը, արտայայտուելու կարեւորութիւնը, զոյգին սէրը եւ սիրոյ զօրութիւնը, միասնութիւնը (միւս ծառերուն), մարդոց կարծիքը յատուկ պէտքեր ունեցող անձերուն նկատմամբ, անոնց վիրաւորական թէ աջակցող նկատառումները եւ տարբեր այլ նիւթեր:

Բալենիին ծնունդէն գրեթէ 3 տարի ետք, Աստուած մեզի երկրորդ զաւակ մը պարգեւեց. զայն Փիթըր կոչեցինք, Փիթըրը մեծցաւ ըլլալով հոգատար, ուշադիր պզտիկ եղբայր Բալենիին: Օր մը, երբ նոր սկսած էր խօսիլ, հարց տուաւ ինծի. «մամա ինչո՞ւ Բալենին գիրք ունի, ես չունիմ»: Ուզեցի գրել, Փիթըրին եւ Բալենիին միջեւ գոյութիւն ունեցող ամուր կապին մասին, անշահախնդիր սիրոյ մասին: եւ 2021ին գրեցի երկրորդ մանկական գիրքս` «Բիթն ու Բալը» իսկական տիպարներով, իրական եղելութիւններու վրայ հիմնուած:

2/ Ի՞նչպէս կը բնորոշես Բալենիին եւ Փիթըրին յարաբերութիւնները: Ի՞նչպէս կը բացատրես Փիթըրին ներկայութիւնը Բալենիին կեանքին մէջ եւ հակառակը:

Ինչպէս ըսի արդէն, յատուկ կապ մըն է, յատուկ յարաբերութիւն մը: միշտ կ՛ըսեն չէ՞, որ պզտիկ մը կ՛ընդօրինակէ իր տեսածները, կը սորվի ընել այն ինչ որ կը տեսնէ: Փիթըրը շատ հոգատար եւ փափկանկատ է քրոջը հանդէպ: Ամէն առտու երբ առթննայ Բալենիին կը հարցնէ, ինքն է որ զայն դուրս կը հանէ, որ փոխադրակառքով դպրոց երթայ: Երբ դպրոցէն վերադառնայ տուն,

առաջին բանը Բալենիին մօտենալն է եւ համբուրելը: Փիթըրը գիտէ, թէ ինչն է որ քոյրը կ՛ուրախացնէ եւ կը խնդացնէ: Ան գիտակից է Բալենիին իրականութեան եւ պէտքերուն: Երբ տեղ մը պիտի երթանք ընտանիքով, հարց կուտայ. Բալենին ու՞ր պիտի նստի, ինչպէ՞ս պիտի տանինք զինք: Բալենին ալ կը փնտռէ Փիթըրը, կը սպասէ անոր կատակները, եւ մինչեւ օրս ամէնէն երկար աչքի կեդրոնացումը Փիթըրին վրայ կը սեւեռէ:

Քանի մը շաբաթ առաջ հարց տուի տղեկիս, որ «Ինչպէ՞ս կը տեսնես Բալենին», ըսաւ.-«մամա աչուկներով», ըսի.-«չէ՛ Փիթըր, ի՞նչ կը մտածես իր մասին, ինչպէ՞ս կը գտնես զինք», ըսաւ.- «Մամա իրեն անուշիկ կը տեսնեմ»:

Փոքրերը տարբերութիւնները չեն տեսներ, կը պարզեցնեն, մեծերն են որ տարբերութիւնները կը չափազանցեն:

3/ Այսօր Բալենին ի՞նչ նշանակութիւն ունի ձեզի համար: Ի՞նչ սորվեցուց ձեզի եւ ի՞նչ աւելցուց ձեր կեանքին մէջ:

Բալենին շատ բան սորվեցուց մեզի եւ օրական դրութեամբ կը սորվեցնէ: Ան առաջին հերթին համբերութիւն կը սորվեցնէ: Ամէն օր կը հրաւիրէ մեզ, որ նստինք, դադրեցնենք մեր առօրեայ հեւքն ու վազքը եւ կեդրոնանանք կենսականին վրայ: Եթէ Բալենին չըլլար, ես այսօր չէի ըլլար նոյն անձը, նոյնն է պարագան ամուսինիս, տղուս եւ մեր մօտիկ հարազատներուն:

Բալենին նոր ծնած էր, երբ ամուսինս օր մը ըսաւ.- «Թալ այս պզտիկը պիտի ծնէր, Աստուած մեզի յարմար տեսաւ, եւ մեզ  ընտրեց իբրեւ ծնողք»:

Բալենին մեզի համար սիրոյ եւ համբերութեան հրաւէր է: Ան մեզի համար պարզութեան, անմեղութեան, անկեղծութեան, մաքուր սրտի եւ գեղեցկութեան տիպար է: Իր նայուածքներովը կը խօսի, աչուկներով կը հաղորդակցի եւ ժպիտով կը հաստատէ ուրախութիւնը:

Մեզ միացնողն է Բալենին, մեզ  բոլորս իրար կապողն ու ամրացնողը:

Բալենիին եւ Փիթըրին ծնունդով անձամբ սորվեցայ, որ փառք պէտք է տանք ամէն ինչի համար որ ունինք: Ուրախ ապրելու կամ գոյատեւելու համար պէտք է մեր դիմաց դրուածը ընդունինք եւ կեանքը այդպէս շարունակենք:

Բալենին ինծի սորվեցուց առաւել եւս պայքարիլ: Ինքը մէջս զարգացուց այն միտքը, թէ չկայ բան մը որ առանձին-բնական եւ ինքնին կը տրուի քեզի. պիտի պահանջես, պիտի բացագանչես, որպէսզի ուզածիդ հասնիս, եւ երբեմն եթէ պէտքը կը զգաս պիտի լաս եւ պոռթկաս, որ ինքզինքդ աւելի լաւ զգաս: Շատ պատահած է, եւ տակաւին կը պատահի, որ պայքարիմ իրեն վերաբերող ծառայութիւն մը ստանալու համար: Շատ պատահած է, որ բողոքի նամակ գրած եմ, հեռաձայններ ըրած եմ, որպէսզի,  օրինակի համար,  ժամադրութիւն մը աւելի արագացնեմ կամ շուտով բժիշկ մը տեսնեմ:

4/ Մայիսը հայերուս համար «Մայրերու ամիս է»: Իբրեւ կեանքի նման փորձառութիւն մը ապրած մայր արդեօք այս տօնը ի՞նչ նշանակութիւն ունի քեզի համար: Ի՞նչ մտածումներ կ՛ուզես բաժնել:

Ինծի համար դժուար էր մայրերու տօնը, մանաւանդ սկիզբը, երբ մայրերու տօնին, զաւակս չէր կրնար աչքերուս մէջ նոյնիսկ նայիլ, չէր կրնար մամա ըսել կամ սէրը յայտնել:

Փիթըրին ծնունդով ատիկա բոլորվին փոխուեցաւ. Բալենին ալ, տարուէ տարի, կարողութիւններուն համեմատ, իր արձանագրած յառաջացումներով կ՛ուրախացնէ մեզ:

Մայրերու տօնին առիթով կ՛ուզեմ խօսքս ուղղել մայրերուն եւ անոնց ըսել. տօնեցէք ձեր զաւակներուն իւրաքանչիւր յառաջացումը, եթէ նոյնիսկ փոքր են անոնք կամ ձեր ակնկալութիւններուն համեմատ չեն, ձեր զաւակը մեծ ջանքեր կ՛ընէ հոն հասնելու… առիթը մի կորսնցնէք նշելու, ուրախանալու, գրկելու եւ սիրելու զանոնք :

*********** Թալին Լատոյեան Զալալ ծնած է Պէյրութ, Լիբանան, 1982-ին, Լիբանանի Քաղաքացիական պատերազմի օրերուն։

Երկրորդականի ուսումը ստացած է Մեսրոպեան վարժարանին մէջ, որմէ ետք Ընկերային գիտութիւններու մաքիստրոսի վկայականը ստացած է Քասլիքի Ս. Հոգի- USEK համալսարանէն։

2008-ին Գանատայի Հալիֆաքս քաղաքի՝ St Francis Xavier University-ի մէջ ամբողջացուցած է Համայնքային Բարգաւաճման՝ Community Development-ի

վկայականը։ 2004-էն 2012, գործած է Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկի՝ բարեսիրական կազմակերպութեան մէջ, նախ որպէս երեցներու հարցերով զբաղող ընկերային ծառայող, ապա որպէս Համայնքային Բարգաւաճման ծրագրի համադրող։

2007-ին Լիբանանի մէջ հիմնած է մանկական Տարեդարձներ խանդավառելու և կազմակերպելու «Ուրախ Տարէդարձ« խմբակը։

Տարիներ շարունակ Լիբանանի ՎաՆայ Ձայն ռատիոկայանէն վարած Է մանկական յայտագիրներ։

2011-ին ամուսնացած է Վահէ Զալալին հետ, եւ ունի երկու զաւակ:

2012-ին Մոնթրէալ տեղափոխուելէ ետք, պաշտօնավառած է Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարանին մէջ, որպէս վախազդեցութեան (Bullying) դէմ ծրագիրներ մշակող և նման հարցեր դիմագրաւող փոքրերու և անոնց ծնողներուն հետ զբաղող ծառայող։ Երկու տարիներ համադրած է Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղի մանկական պատմութեան ժամը։

Հոկտեմբեր 2013-ին սկսած է աշխատիլ Ընտանիքի ծառայութեան գրասենեակ՝ Հայ Տունի մէջ, որպէս հոգատարներու ծրագիրի համադրող։

2015-ին սկսած է Ընկերային ծառայութեան մաքիստրոսը Université de Montréal-ի մէջ, ուր սակայն կասեցուցած է զայն լիաժամ մայր և պաշտօնեայ ըլլալուն պատճառով։

2022-ին աւարտած է DESS (Diplôme d’études Supérieures spécialisée) Բարձրագոյն մասնագիտութիւնը UQAM Համալսարանէն, Մտային անկարողութիւններ ունեցող անհատներու եւ անոնց ընտանիքներուն արժեւորման եւ հոգեբանական օժանդակութեան մարզէն ներս:

2021-2022 տարիներուն պաշտօնավարած է Քէպէքի կառավարական ընկերային ծառայութիւններու մտային անկարողութիւններու բաժանմունքին մէջ իբրեւ մասնագիտացած ընկերային ծառայող:

Սեպտեմբեր 2022-էն կը վարէ Հայ Տունի տնօրէնութեան պաշտօնը:

Անոր հետաքրքութիւններն են՝ նկարչութիւն, ընթերցանութիւն եւ Kung-fu: ************

 

Տիեզերական Superman-ը ընդդէմ հայ Սասունցի Դաւիթին

Մշակոյթի եւ յատկապէս ազգային մշակոյթի մէջ յատուկ տեղ ու դեր ունին դիցարանը, առասպելները, հեքիաթները, հերոսապատումները եւ այլն: Այդ բոլորին մէջ կ՛արտացոլուին գերբնական եւ զարմանահրաշ դէպքեր ու հերոսներ, որոնք իրենց մէջ կը կրեն ժողովուրդի մը բնաւորութեան եւ հոգեբանութեան ամենակարեւոր գիծերը, պատմական դէպքերը եւ այլն:

Այսօր, աշխարհի մէջ ամէնէն տարածուած պատումներն ու հերոսները ամերիկեան են ու անոնք «մշակութային համաշխարհային պատերազմ»ին մէջ կը յաղթեն ազգային կերպարներուն:

Superman (գեր-մարդ), Batman (չղջիկ-մարդ), ճոքեր, Հալք, Թոր, Սարդ-մարդ…այս շարքը երկար կարելի է շարունակել: Այս կերպարները հիմնականին մէջ Marvel եւ DC ընկերութիւններուն կողմէ ստեղծուած կերպարներ են, որոնք աշխարհին նախ ներկայացուեցան քոմիքսներու, ապա եւ սինեմայի միջոցով:

Այս կերպարները այսօր աշխարհի մէջ ծանօթ են գրեթէ ամէնուր: Չկայ որեւէ երկիր, ուր մարդիկ տեղեակ չըլլան անոնց մասին, չցուցադրուին ֆիլմերը, կամ չկարդան քոմիքսները:

Superman-ը կու լայ, Superman-ը կը ժպտայ, Superman-ը սիրահարած է, Superman-ը կը զայրանայ: Super-ները պարզեցուած կերպարներ են եւ որքան աւելի նման ըլլան պարզ մարդոց, այնքան աւելի սիրելի են անոնց համար:

Super-հերոսները գեղեցիկ են: Արական սեռի Super-հերոսները մարզուած մարմին ունին, իսկ իգական սեռի Super-հերոսուհիները` սլացիկ: Անոնք բոլորն ալ բազմաթիւ հրաշագործ ունակութիւններ ունին, խելացի են, մարդկային, կարեկցող, խիզախ, մեծահոգի:

Super-հերոսները կը սխալին մարդկայնօրէն եւ մարդիկ պատրաստ են ներելու անոնց բոլոր սխալներն ու վրիպումները: Անոնք գերմարդիկ են ու հասարակ միաժամանակ: Անոնք լրիւ ընկալելի ու հասկնալի են մարդոց: Super-հերոսներուն մասին ամենադիպուկ արտայայտութիւնը կարելի է համարել հետեւեալը. «super-հերոսը աստուած է, որուն կրնաս դպչիլ»: Այդ բոլորը կը մատուցուին որակեալ եւ գրաւիչ ձեւաչափով, գեղեցիկ երաժշտութեամբ:

Ամերիկացիները, ստեղծելով super-հերոսներն ու super-տիեզերքները, ոչ միայն կրցան մշակութային կառավարման հրաշալի գործիք մը ունենալ ողջ աշխարհը ամերիկանացնելու, ամերիկեանը աւելի գրաւիչ ու ցանկալի դարձնելու համար, ոչ միայն միլիառաւոր տոլարներու հասնող տնտեսական գործիքներ ունեցան, այլեւ,  որ աւելի կարեւոր է, ստեղծեցին սեփական առասպելաբանութիւն մը, բանահիւսութիւն ու այն, ինչ որ հին ժողովուրդներուն մօտ կը փոխարինէ պանթէոնը: Ամերիկեան super-հերոսները կարծես անոնց հեթանոսական եւ աւելի ուշ շրջանի քրիստոնէական-մարդասիրական շունչով վերաօծուած սուրբերն ու աստուածները ըլլան:

Ի հակադրութիւն այս բոլորին, հայերը սեփական առասպելաբանութիւն ու դիցարան ունեցած են դեռ քանի մը հազար տարի առաջ: Հայկական առասպելաբանութիւնը ոչինչով կը զիջի ամերիկեան super-տիեզերքներուն: Աւելի՛ն. հայկական կերպարներն ու առասպելները այսպէս ըսած արդարացուած են, այսինքն անոնք ստեղծուած են դարերով, մշակուած, մաքրուած, փոփոխութիւններու ենթարկուած: Հայկական առասպելաբանութեան կերպարները ոչ թէ արուեստականօրէն ձեռք բերած են այս կամ այն յատկութիւններն ու ուժերը, այլ «ստեղծուած են» գաղափարի մը շնորհիւ` ձեւաւորելով իրենց էութիւնը որպէս արդարացուած կերպաներ: Խնդիրը այն է, որ հայերը հայկական առասպելաբանութիւնը չեն կրնար ներկայացնել այնպէս պարզ ու գրաւիչ, ինչպէս ամերիկացիները իրենց super-տիեզերքները:

Եթէ նկատի ունենանք հայկական դիւցազնավէպը՝ «Սասնայ Ծռերը» եւ փորձենք վերլուծել անոր կեդրոնական կերպարներէն Սասունցի Դաւիթը, ապա կը նկատենք, որ Սասունցի Դաւիթի կերպարը ոչ թէ ստեղծուած է մէկ գրողի կամ բեմադրիչի մը կողմէ, այլ ան կը հասնի  մինչեւ նախաքրիստոնէական Հայաստան: Սասունցի Դաւիթին կերպարը կու գայ շատ հինէն, հարստացուած է հայ ժողովուրդի քաղաքական պատմութեան դէպքերով եւ կ՛արտացոլացնէ հայ ժողովուրդին բնորոշ գիծերը: Սասունցի Դաւիթը հայ է իր էութեամբ, իր պահուածքով, իր սխալներով ու առաւելութիւններով: Ան պարզ ժողովուրդին հպարտութեան առարկան է, անոր ամենօրեայ ընկերն ու առաջնորդը:

Ի տարբերութիւն Սասունցի Դաւիթի նման կերպարներուն, ամերիկեան super-հերոսները չունին այդքան մեծ խորութիւն եւ էութիւն: Ամերիկեան super-հերոսները որոշակի պատմական եւ ազգագրական փուլերով անցած չեն: Super-հերոսները ունին հիմնականին մէջ յառաջացման երկու տարբերակ: Առաջին տարբերակով անոնք super-հերոս կը դառնան պատահականութեան շնորհիւ, իսկ երկրորդ տարբերակով ունին ոչ երկրային ծագում. ուրիշ համաստեղութենէ են:

Ամերիկեան այս super-հերոսները ըստ էութեան արուեստականօրէն եւ տարբեր նկատառումներով հապշտապ կառուցուած կերպարներ են: Անոնք ոչ թէ ամերիկացի ժողովուրդին առասպելաբանութենէն դուրս եկած եւ դարաւոր ձեւաւորման ընթացք ապրած են, այլ ստեղծուած են քանի մը տասնամեակի մէջ` անհատ գրողներու կողմէ:

Superman-ը կը ներկայանայ խիստ հաճելի, եւ, որ ամենակարեւորն է, հասկնալի ու մատչելի կերպարով ճիշդ այսօրուայ մարդուն համար: Ան գետնախնձորի չիփսեր կ՛ուտէ, կ՛աշխատի, երբեմն գումարի կարիք կը զգայ, կը սիրահարի, կ՛ընէ այն բոլորը ինչ որ կ՛ընեն կամ կրնան ընել սովորական ամերիկացիները, բայց միաժամանակ ան գրեթէ անխոցելի է, կրնայ սաւառնիլ, աչքերէն այրող ճառագայթներ կը կրակէ, կրնայ թոներով բեռ շալկել: Ան ամէն օր կը շփուի բազմաթիւ պարզ մարդոց հետ, հարցազրոյցներ կու տայ, կը ծիծաղի, երբեմն` կը հայհոյէ: Անոր պահուածքը ամբողջովին հասկնալի եւ սիրելի է պարզ ամերիկացիին համար: Եւ ոչ միայն ամերիկացիին, այլ ժամանակակից աշխարհի բնակիչներուն մեծ մասին համար ընդհանրապէս, քանի որ համաշխարհայնացման այս հանգրուանը հիմնականին մէջ ամերիկեան ձեւաչափով է:

Ի հակադրութիւն Superman-ի, Սասունցի Դաւիթը պատուած է անհասկնալիութեան ու անծանօթութեան փոշիով: Սասունցի Դաւիթին մասին շատ քիչ կը խօսուի այսօր ու զայն գրեթէ չեն ներկայացներ: Սասունցի Դաւիթի մասին շրջանառնող սահմանափակ տեղեկատուութիւն կայ` Սասնայ Ծռեր դիւզազներգութիւնը, Յ. Թումանեանի Սասուցի Դաւիթ պոէմը, խորհրդային տարիներուն նկարահանուած «Ճանապարհ դէպի Սասունցի Դաւիթ» ֆիլմը եւ Սասունցի Դաւիթ գծաշարժանկարը: Սասունցի Դաւիթի մասին ուրիշ բան չունինք: Կոթողական առումով, կայ Սասունցի Դաւիթի հրաշագեղ արձանը Երեւանի Սասունցի Դաւիթի կայարանի հրապարակին վրայ եւ այլն:  Ներկայիս, Հայաստանի մէջ Սասունցի Դաւիթի կերպարը կը մնայ ստուերի մէջ, չի քարոզուիր եւ կամաց-կամաց կը դառնայ խորթ նոր սերունդներու աչքին: Համեմատութեան կարգով կրնանք ըսել, որ այսօր հայ դեռահասները Superman-ի եւ այլ super-ներու մասին տասնեակ անգամներ աւելի շատ բան գիտեն, քան Սասունցի Դաւիթի: Եւ այդ զարմանալի չէ: Եթէ Superman-ին նոյնիսկ կարելի է հանդիպիլ բախտախաղերու եւ սպառողական անարժէք այլ նմանակումներու մէջ, ապա դպրոցական ծրագիրներէն եւ համալսարանական ծրագիրներու հապշտապ մեկնաբանութենէն դուրս,  Սասունցի Դաւիթին մասին ոչինչի կը հանդիպիս: Սասունցի Դաւիթը այսօր մասսայական չէ, տարածման միջոցներ չունի ինչպէս Superman-ը:

Երբ հարց կը տրուի, թէ ի՞նչ բան կը դրդէ հայ դեռահասն ու երիտասարդը աւելի շատ Superman-ը սիրելու եւ ոչ թէ Սասունցի Դաւիթը, մի՞թէ կրօնական հաւատալիքները, ամերիկամէտ ըլլալը. ո՛չ, պարզապէս այլընտրանքի բացակայութիւնը:

Ի՞նչ բան կը հակադրենք մենք ամերիկեան super-տիեզերքին: Մեծ հաշուով` ոչինչ: Մեր Սասունցի Դաւիթը կը շարունակէ մնալ Սասնայ բարբառով խօսող անծանօթ պատանի մը, որուն ճակատագիրին մասին շատ շատերը տեղեակ չեն: Սասունցի Դաւիթը սկսած է օտարանալ նոյնիքն հայերուն: Սասնայ Ծռերը, որ 1964-ին, աշխարհի դիւզազներգութիւններու միջազգային մրցոյթին գրաւած էր առաջին տեղը, այսօր կիսաարհամարհուած ու մոռցուած վիճակի մէջ է: Նոյնը եւ հայկական գրեթէ բոլոր առասպելական հերոսները, պատմութիւնները, պանթէոնը: Մենք մեծ հաշուով զանոնք չենք ճանչնար: Անոնք այսօր մոռացման եզրին են:

Կայուն հասարակութիւնը, կայուն պետութիւնը ունի նաեւ կայուն մշակոյթ: Մենք ունինք հազարամեակներ ապրած եւ կարծրացած ամուր մշակոյթ, առասպելաբանութիւն, դիցարան: Պարզապէս հարկաւոր է թոյլ չտալ, որ անոնք մոռացութեան մատնուին: Հայ մշակոյթը եւ հայոց առասպելաբանութիւնը մասնաւորապէս, այն հզօրագոյն կռուանն է, որ մեզ կ՛առանձնացնէ աշխարհի մէջ բոլորէն, մեզի ցոյց կու տայ մերը` հայկականը, եւ մեզ կը պահէ հայ:

Միայն պէտք է գտնել ու որդեգրել զայն ժողովրդականացնելու ու աւելի սիրելի դարձնելու այժմէական միջոցները:

 

Թամար Ինճէեան – Թաշճեան. «Կամքս եւ մտքիս ուժը յաղթեցին ֆիզիքական տկարութեանս»։

ՆԱԽԱԲԱՆ. «Մայր կայ, մա՛յր ալ կայ…»

Մարդ արարածը իր գոյութէնէն ի վեր, այլ սովորութիւններու կողքին, զարգացուցած է «փառաբանութեան» գաղափարը: Ան գլխաւորաբար երկրպագած ու փառաբանած է այն էակները  կամ ազդեցիկ ուժերը, որոնք մեծ ներգործութիւն ունեցած են իր կեանքին եւ առօրեային մէջ՝ սկսեալ Արարիչէն (նախախնամութենէն) մինչեւ գերակայութիւնները, անցնելով մայր բնութենէն մինչեւ չաստուածները,  հասնելով իր ծնունդին հիմնական աղբիւրը՝ մայրը, կամ իր գլխաւոր պաշտպանը՝ հայրը եւ ապա իր գոյութեան իմաստն ու շարունակականութեան գրաւականը՝  զաւակը (երեխան)…:

Եւ այսպէս ժամանակին հետ զարգանալով փառաբանութեան գաղափարը ունեցած է տարբեր դրսեւորումներ, ինչպէս օրինակ՝ մեր կեանքը զարդարող տօները, որոնք այլազան եւ բազմաբնոյթ տօնախմբութիւններ ըլլալէ անդին, շատ յաճախ նաեւ առիթներ են երկրպագութեան, երախտագիտութեան, շնորհակալութեան…:

Ինչպէս գիտենք, բոլոր ժողովուրդներուն մօտ ալ այդ տօներէն ոմանք յատուկ են, իսկ ուրիշներ ընդհանրական, ինչպէս՝ մայրերու, հայրերու ու մանուկներու տօները, որոնք թեէւ աշխարհի զանազան ժողովուրդներու եւ ազգերու կողմէ կը նշուին տարբեր թուականներով եւ սովորութիւններով, այսուհանդերձ իրենց մէջ կը պարունակեն հասարակաց կէտեր եւ հետեւաբար նաեւ` միեւնոյն ընկալումը կամ ըմբռնումը:

Օրինակ մը տալու համար նշենք, որ հայերը «Մայրու տօն»ը կը նշեն Մայիսին եւ այդ նպատակով ալ ամբողջ ամիսը նուիրած են մայրերուն:

Այս առիթով, գրէթէ ամէն տեղ, կը կազմակերպուին յատուկ տօնակատարութիւններ, տարբեր ձեռնարկներ, ինչպէս նաեւ` անհատական-ընտանեկան հաւաքներ, ուր բոլորը միաբերան կը փառաբանեն մայրը` վեր առնելով անոր անձնազոհութիւնը, նուիրուածութիւնը, սէրը, հոգատարութիւնը, գուրգուրանքը, ծառայութիւնը…. եւ ծաղկեփունջ ու այլ տեսակի պարգեւներ նուիրելով,  կը «պատուեն» զայն` փոխարէնը ստանալով խղճի անհուն հանգստութիւն եւ կարեւոր պարտականութիւն մը՝ «ճիտին պարտքը» կատարած ըլլալու ինքնաբաւութիւն..

Արդէն իսկ աւանդական դարձած այս հանդիսութիւնները սակայն, արդեօք ինչպէ՞ս կը բնորոշեն «մայրը» եւ ինչպէ՞ս կը կատարեն այդ էակին սահմանումը: Արդեօք «մօր» մասին սովորաբար հնչած շռայլ գովեստները կամ զանոնք զատորորոշող յատկանիշները կրնա՞ն վերաբերիլ առհասարակ  բոլոր մայրերուն, թէ կան տակաւին մայրեր, որոնք դուրս կը մնան մեր այդ «սահմանափակ» միտքերէն ու մտածումներէն: Մեր ճշդած չափանիշերէն դուրս ու որոշ չափով «տարբեր» եղող մայրեր արդեօք մոռացութեան չե՞ն մատնուիր:

Մօր մասին մեր դասական ձեւակերպումներուն մէջ արդեօք նկատի կ՛առնուի՞ն հաշմանդամ կամ յատուկ կարիքներու տէր մայրերը, յատուկ կարիքներ ունեցող զաւակներու մայրերը, զաւակ  կորսնցուցած, հիւանդ զաւակ խնամած կամ հիւանդութենէ տառապած մայրերը, ամուսին կորսնցուցած ու իրենց տան ու ընտանիքին բեռը իրենց ուսերուն շալկած մայրերը, երկար ատեն մայրանալու անբացատրելի երազով ապրած, սակայն զայն երբեք չիրագործած «Մայրերը»։ Նոյնիսկ մեծ մայրերը՝ որոնց դերը այսօր՝  մեր ժամանակներուն, յատուկ կարեւորութեամբ ընդգծուած է մեր ընկերութեան մէջ, հոգեւոր ու խորհրդանշական ներկայութենէ մը զանոնք վերածելով զաւակներու դաստիարակութեան եւ խնամքի գործոն անդամի, մանաւանդ աշխատող մայրերու պարագային։ Մայրերու տօնին առիթով արդեօք կարելի չէ՞ նաեւ յիշել հարազատ զաւակ չունեցած, սակայն ընտանիքի բոլոր անդամներուն իսկական մայր եղած էակները՝ ըլլան անոնք մօրաքոյր, հօրաքոյր, քոյր․․․կամ ալ իբրեւ «Մայր»՝ հաւաքականութիւններ առաջնորդած, որբախնամ առաքելութեան մէջ ներգրաւուած ու բարեսիրական արարքներով մայրական ծառայութիւն մատուցած նուիրեալները։

Այս օրերուն, երբ «մայրերէն» ետք կը նշուին նաեւ «հայրերու» եւ «երեխաներու» նուիրուած տօները` հարկ կը զգանք նախ եւ առաջ մտածելու եւ յիշելու ճակատագրի եւ պայմաններու բերումով իրենց կեանքը «տարբեր» ձեւով  ապրող էակները, որոնք իրենց ապրած ամէնօրեայ տառապանքներով ու դժուարութիւններով հանդերձ կը փորձեն լուսաւորել մեր կեանքը եւ իրենց սեփական օրինակով փայփայել յոյսը, որ շատերու մօտ երբեմն ակամայ չքացած է:

Լրագրող Շողեր Գառնէշեան-Մխճեան իր «մայր կայ, մա՛յր ալ կայ…» շարքով կ՛անդրադառնայ երկու «տարբեր» մայրերու, որոնք իրենց իւրայատուկ եւ ուսանելի օրինակով շատ բան ունին տալիք մեր ընկերութեան:

Ստորեւ նախ  ծանօթանանք Թամար Ինճէեան Թաշճեանին:

Թամար Ինճէեան – Թաշճեան. «Կամքս եւ մտքիս ուժը յաղթեցին ֆիզիքական տկարութեանս»։

Թամար Ինճէեան Թաշճեան ծնած է 1970-ին, Այնճար։ Յաճախած է տեղւոյն Ազգ․ «Յառաջ – Գ․ Կիւլպէնկեան» վարժարանը։ Համալսարանական ուսումը ստացած է Լիբանանի Պետական Համալսարանին մէջ (Զահլէ), տիրանալով Պսակաւոր Արուեստից վկայականի՝ անգլերէն լեզուի ուսուցում եւ թարգմանութիւն (English literature teaching and translation) մասնագիտութեամբ։

Թամար համալսարանի դասախօսին եւ դասընկերներուն հետ:

Թամար Ինճէեան- Թաշճեան ունի առողջական յատուկ կացութիւն մը, որ կը բնութագրուի իբրեւ «Սերեպրըլ Փալսի»Cerebral  Palsy: Այս հիւանդութիւնը  ի ծնէ է եւ կը պատճառէ քալելու դժուարութիւն-կաղութիւն։

Թամարը՝ Յովհաննէս եւ Ալիս Ինճէեաններու 4րդ՝ կրտսերագոյն զաւակն է, որ նաեւ ունեցած է իրմէ մեծ երկու եղբայրներ եւ քոյր մը:

«Կազմաւորմանս վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցած են եղբայրս եւ քոյրս, որոնք երկուքն ալ մահացած են: Եղբայրս՝ Պետիկ Ինճէեան (ծնողքիս անդրանիկ զաւակը) եղած է ազգային-գաղափարական դաստիարակութեամբ կերտուած գործունեայ կուսակցական-միութենական  երիտասարդ մը՝ անդամակցելով Հ.Յ.Դ Լ.Ե.Մ.-ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի: Ան նաեւ եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մարզիկ (ֆութպոլիստ) եւ մարզիչ: Հայ Դատի հետապնդման ճամբուն վրայ Միջազգային ընտանիքի ուշադրութիւնը գրաւելու եւ Թուրքիան զգաստութեան հրաւիրելու նպատակով ծրագրուած «զինեալ պայքար»-ի ծիրէն ներս գործուղղուած է Ֆրանսա, զինեալ գործողութիւն մը կատարելու համար Փարիզի թրքական դեսպանատան դէմ: Ան սակայն ռումբի պատրաստութեան ժամանակ նահատակուած է: Ես շատ փոքր էի այդ ատեն, հազիւ 5 տարեկան, սակայն եղբօրս մասին շատ բան լսած եմ քրոջմէս՝ Անիէն, որ տան միջնեկն էր: Եղբայրս զիս կ՛անուանէր «աղուոր»: Բնաւ չեմ մոռնար եղբօրս որոշումը, որ զիս առաջնորդած էր մանկապարտէզ, ուրկէ ընթացք առաւ կեանքը դիմագրաւելու վճռակամութիւնս, հակառակ ունեցած ֆիզիքական դժուարութիւններուս:

Քոյրս՝ Անի Ինճէեան, իր կարգին, մեծ դեր ունեցած է դաստիարակութեանս եւ կազմաւորմանս մէջ` փորձելով դառնալ հայելի մը, որ կ՛արտացոլայ թէ՛ ազգային եւ թէ՛ մարդկային արժանիքներ: Ան եւս եղած է գործունեայ կուսակցական եւ միութենական անդամ, սակայն չափազանց ծանր տանելով եղբօրս մահը, վարակուած է քաղցկեղէ, որ դժբախտաբար զինք եւս խլեց մեզմէ, երբ 13 տարեկան էի: Անոնց բացակայութիւնը մինչեւ այսօր կը զգամ կեանքիս մէջ»:

Կ՛ուզեմ նաեւ աւելցնել, որ Պետկէն փոքր (Անիէն մեծ) եղբայր մըն ալ ունեցած եմ՝ Մովսէս, որ ծնելէս առաջ մահացած է, որսի ընթացքին պատահած արկածի մը հետեւանքով»:

Թամար Ինճէեան – Թաշճեան հակառակ իր ֆիզիքական դժուարութիւններուն եւ յատուկ կարիքներու տէր անձ մը ըլլալուն ունեցած է նաեւ ծնողքին նեցուկը եւ քաջալերանքը կոտրելու բոլոր արգելքները եւ «կարծրատիպերը» եւ համարկուելու իրմէ «տարբեր» շրջապատին հետ եւ ըլլալու ընկերութեան մէկ «պարզ ու սովորական» անդամը:

«Ծնողներս միշտ քաջալերած են զիս համարկուելու ընկերութեան մէջ։ Անոնք ճիգ չեն խնայած որ կրթութիւն ստանամ եւ նոյնիսկ համալսարան յաճախեմ, որովհետեւ երբ միտքը փայլուն է, ֆիզիքական տկարութիւնը չի կրնար արգելք հանդիսանալ նպատակներու իրագործման»։

Երբ ան Զահլէի Պետական Համալսարանը կը յաճախէր, հայրը՝ ամէն օր իր ինքնաշարժով զինք Այնճարէն Զահլէ կը տանէր եւ մինչեւ բոլոր դասերը աւարտելը, համալսարանի պահակ – դռնապանին յատուկ սենեակը իրեն կը սպասէր։ 1997-ին համալսարանը աւարած է պատուոյ յիշատակութեամբ, որովհետեւ կը սիրէր սորվիլ եւ միշտ ըլլալ կամքի տէր՝ նպատակներուն հասնելու համար։

Թամար գրասեղանին դիմաց աշխատանքի պահուն:

Խօսելով իր գործի ասպարէզին մասին, Թամար Ինճէեան – Թաշճեան կը նշէ.-«Համալսարանական ուսումս աւարտելէ ետք, երկու տարի աշխատեցայ Այնճարի Հայ Աւետարանական համայնքին հովանիին տակ գործող գիշերօթիկի հիմնարկէն ներս իբրեւ ուսուցչուհի, ապա 19 տարի ծառայեցի Ազգ․ «Յառաջ – Գ․ Կիւլպէնկեան» վարժարանին մէջ իբրեւ օգնական քարտուղարուհի»։

2008-ին կ՛ամուսնանայ Լիբանանի մարաթոնի ախոյեան ՝ մարզիկ Լեւոն Թաշճեանի հետ։ Բնականաբար իրենց պատմութիւնը մեծ աղմուկ կը բարձրացնէ:

Թամար եւ Լեւոն Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ առջեւ:

Ըստ իր պատմածներուն, նոյնիսկ Լիբանանի Թեմի օրուայ առաջնորդ սրբազանը իրեն հարց տուած է, թէ ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ իրենց կեանքը, երբ ինք այդքան «կամաց» կը քալէ, իսկ Լեւոնն ալ «արագ» կը վազէ, իսկ ինք ալ պատասխանած է ըսելով, թէ իրենք այդ մէկը կը համադրեն այսինքն՝ «կամացին» եւ «արագին» միջեւ կը համաձայնին։ Եւ իրաւամբ ալ հետագային սրբազան հայրը եղաւ վկան ու ականատեսը այս  հիանալի հայ ընտանիքին։

Թամար-Լեւոն ամոլը 2013-ին ունեցան եռեակ զաւակներ՝ երկու աղջիկ եւ մէկ մանչ` Անի, Արին եւ Պետօ։

Թամար իր զաւակներուն հետ:

«Մենք ամէն ջանք ըրինք որ անոնք մեծնան հայկական մաքուր ոգիով», կը նշէ ան եւ կ՛աւելցնէ .-

«Երեխաներուս համար վստահաբար դժուար էր տեսնել միւս մայրերէն «տարբեր» մայր մը։ Սակայն իրենք վարժուեցան «իմ» տեսակիս։ Ես ամէն ձեւով կ՛օգնեմ իրենց՝ դասեր, դաստիարակութիւն, խրատ, եւ այլն, բայց երբեմն զերծ կը մնամ ֆիզիքական մեծ ջանքեր պահանջող գործերէ, որոնց մեծ մասին պարտականութիւնը կ՛իյնայ ամուսինիս ուսերուն։ Մեր այս իւրայատուկ դրութիւնը նաեւ որոշ պատասխանատուութիւններ դրած է մեր զաւակներուն վրայ եւ որոնք գիտակից կերպով կ՛ընկալեն այդ բոլորը, եւ բնականաբար ինքնավստահ կը մեծնան։ Մենք ամէն ինչ կը բացատրենք մեր զաւակներուն, կը խօսինք անոնց հետ տարբեր նիւթերու մասին, եւ մանաւանդ զանոնք կը մարզենք դիմագրաւելու կեանքի դժուարութիւնները եւ մանաւանդ լաւը եւ բարին լաւապէս ճանչնալու հմտութիւնները, որպէսզի ի վերջոյ ըլլան տիպար քաղաքացիներ։

Թամար իր ընտանիքին հետ:

Լիբանան ծնած ըլլալով, վստահաբար շատ դժուարութիւններու հանդիպած է կեանքին մէջ։

«Նման երկրի մը մէջ յատուկ կարիքներու տէր անձի մը կամ յատկապէս իմ պարագաս ունեցողներուն համար կացութիւնը կ՛ըլլայ աւելի ծանր, որովհետեւ հանրային համապատասխան փոխադրամիջոցներ չկան, բժշկական որոշ կարելիութիւններու պակաս կայ, նաեւ կան զանազան արգելքներ։

Կրնամ ըսել, որ իմ կամքս եւ մանաւանդ մտքիս ուժը յաղթեցին ֆիզիքական տկարութեանս։ Նաեւ շնորհիւ ծնողքիս, ամուսինիս եւ շրջապատիս, կրցայ գոյատեւել եւ ըլլալ այս ընկերութեան մէջ ընդգրկուած մարդ էակ մը։ Շատ բախտաւոր եմ, որ նաեւ դարձայ մայր մը, որ կը ջանայ իր զաւակները կրթել եւ կերտել որպէս հայ անհատներ», կ՛եզրափակէ ան:

Քննական մտածողութիւնը, ընկերային ցանցերը եւ պայքար կեղծ լուրերու դէմ

«Կը մտածեմ, ուրեմն կա՛մ» նշանաւոր այս խօսքը կը պատկանի ֆրանսացի փիլիսոփայ Ռընէ Տեքարթի: Իր այս հաստատումով, Տեքարթ կ’արտայայտէ հիմնական սկզբունք մը իր փիլիսոփայական հետազօտութեան մէջ՝ գիտելիքի, գոյութեան եւ իրականութեան էութեան մասին: Ան շեշտը կը դնէ թերահաւատութեան վրայ իբրեւ քննական մտածողութեան մեթոտ եւ անհատները կը մղէ կասկածելու ամէն բանի մասին, մինչեւ որ տրամաբանուած պրպտումի եւ վերլուծութեան միջոցով կարելի ըլլայ հասնիլ անհերքելի ճշմարտութիւններու:

Տեքարթ իր փիլիսոփայական հետազօտութիւնը կը սկսի` կասկածելով ամէն ինչի, որ ինք կը հաւատայ թէ ճշմարիտ է, ներառեալ իր զգայարանքները եւ արտաքին աշխարհը: Ան կը կասկածի, թէ արդեօք կրնա՞յ վստահիլ իր սեփական ըմբռնումներուն, որոնք կրնան խաբել զինք: Այսուամենայնիւ, Տեքարթ կը գիտակցի, որ եթէ նոյնիսկ իր զգայարանքները խաբեն զինք, ան չի կրնար կասկածիլ այն իրողութեան, որ ինք կը կասկածի: Այլ խօսքով, նոյնիքն այդ կասկածելու կամ մտածելու արարքը կը վկայէ իր գոյութեան մասին. «կը մտածեմ, ուրեմն կա՛մ»:

Ինչո՞ւ այս յիշեցումը Տեքարթի մտածումներուն մասին:

Ընկերային ցանցերու աճը պատճառ դարձած է տեղեկութեան եւ տեղեկատուութեան աննախընթաց հասանելիութեան, սակայն ան նաեւ թափ տուած է կեղծ լուրերու եւ ապատեղեկատուութեան լայն տարածումին: Այս յօդուածով մենք պիտի փորձենք ուսումնասիրել քննական մտածողութեան կարեւոր դերը՝ թուայնացած աշխարհին մէջ կարենալ նաւարկելու, կեղծ լուրեր բացայայտելու ու անոնց դէմ պայքարելու եւ ընդհանրապէս լրատուական գրագիտութիւնը խթանելու գործին մէջ: Քննական մտածողութիւն զարգացնելով, անհատները կրնան ազդու կերպով նպաստել ապատեղեկատուութեան դէմ պայքարին:

Կանխատրամադրուածութիւն եւ կողմնակալութիւն

Քննական մտածողութիւնը կ’օգնէ մեզի ճանչնալու եւ շրջանցելու կողմնակալ լուրերու թակարդը: Մենք յաճախ կ’ուզենք տեսնել կամ կարդալ լուրեր ու զանոնք մեկնաբանել՝ մեկնելով մեր նախօրոք գոյութիւն ունեցող համոզումներէն կամ նախապաշարումներէն: Մեր ուզածը կ’ուզենք լսել: Ընկերային ցանցերու հարթակներ (դասական մետիան եւս) յաճախ կը ստեղծեն նման միջավայրեր, ուր հրամցուած լուրերը կ’ըլլան համահունչ մեր տեսակէտներուն` ամրապնդելով մեր կողմնակալութիւնը եւ մեզ դարձնելով ենթակայ կեղծ լուրերու, որոնք կը հաստատեն գոյութիւն ունեցող մեր նախատրամադրուած համոզումները: Այս պարագային դժուար թէ կարենանք զանազանել կեղծ լուրը իրաւէն: Շատ յաճախ կը լսենք «ես միայն այս կայքէջին կը հետեւիմ», կամ «միայն այս թերթը կը կարդամ», յաճախ նաեւ մէկը միւսը կը յանդիմանէ. «ուրիշ կայան չգտա՞ր դիտելիք»: Երբ ըլլանք կանխատրամադրուած՝ բնականօրէն նաեւ պիտի հաւատանք, կամ աւելի ճիշդ պիտի ուզենք հաւատալ մեզի հրամցուած կեղծ լուրերուն: Քննական մտածողութիւն զարգացնելով, մենք կրնանք գիտակցիլ մեր կողմնակալութեան, փնտռել տարբեր աղբիւրներ եւ առարկայականօրէն գնահատել փոխանցուած տեղեկութիւնը՝ նուազեցնելով կողմնակալութեան ազդեցութիւնը:

Աղբիւրներու եւ վստահելիութեան գնահատում

Քննական մտածողութիւնը մեզի կը տրամադրէ միջոցները՝ գնահատելու աղբիւրներու արժանահաւատութիւնն ու հաւաստիութիւնը ընկերային ցանցերու այս դարաշրջանին: Կեղծ լուրերը յաճախ կը ծագին չստուգուած կամ կասկածելի աղբիւրներէ, որոնք նախատեսուած են խաբելու կամ նախատրամադրելու ընթերցողը, ակնդիրն ու ունկրդիրը: Քննական մտածողութեան կիրարկումով՝ կրնանք արժեւորել աղբիւրներուն հեղինակութիւնն ու տրամադրած ապացոյցները: Քննական մտածողութեամբ, մենք կրնանք փնտռել հեղինակաւոր աղբիւրներ եւ ստուգել փաստերը՝ ապահովելու տարածուող տեղեկութեան ճշգրտութիւնն ու հաւաստիութիւնը:

Քննական մտածողութիւնը կ’ենթադրէ վերլուծել տեղեկութիւնը կամ փոխանցուած լուրը, կասկածի տակ առնել ենթադրութիւնները, նկատի առնել բազմաթիւ հաւանականութիւնները եւ ըստ այնմ եզրակացնել տրամաբանօրէն: Ընկերային ցանցերու լրատուական աղբիւրները գնահատելու ատեն, պէտք է նկատի առնել հեղինակին անցեալնն ու փորձառութիւնը, անոր հաւանական կողմնակալութիւնը եւ տրամադրած փաստերը: Լուրի մը հաւաստիութիւնը ընդունելու համար՝ շատ կարեւոր է հեղինակութիւնն ու վստահելիութիւնը հարթակին կամ կայքէջին, ուր լուրը կամ տեղեկութիւնը կը տարածուի:

Ընկերային ցանցերու հարթակները կրնան արագօրէն տարածել չստուգուած լուր մը՝ պատճառ դառնալով ապատեղեկատուութեան: Քննական մտածողութիւնը մեզի կարելիութիւն կու տայ քննադատաբար վերլուծելու լուրը՝ բացայայտելով տրամաբանական սխալները եւ անհամապատասխանութիւնները: Կեղծ լուրերը յաճախ կը հիմնուին զգացական կոչերու, զգայականութեան եւ մոլորեցնող փաստերու վրայ` հանրային կարծիքը շեղելու համար: Քննական մտածողութեամբ՝ կրնանք հարցականի տակ առնել վերնագիրները, քննարկել տրուած ապացոյցները եւ փոխանցուած լուրը դիտարկել աւելի լայն շրջագիծի մը մէջ: Այս ձեւով կարելի կ’ըլլայ փաստերը անջատել կարծիքներէն եւ բացայայտել ապակողմնորոշող տեղեկութիւնը: Տակաւին, ստուգուած տեղեկութեան մը բաժնեկցութիւնը ուրիշներու հետ եւ զանոնք մղելու որ նոյնը ընեն, կը նպաստէ աւելի վերահասու եւ հաւաստի թուայնացած միջավայրի մի ստեղծումին:

Լրագրագիտութեան խթանում

Քննական մտածողութիւնը հիմնական դեր կը խաղայ առարկայական նաեւ լրագրագիտութեան խթանումին: Քննական մտածողութեան հմտութիւններ զարգացնելով՝ կրնանք վերծանել լուրերու, ծանուցումներու եւ ընկերային ցանցերու գրառումներուն շարժառիթներն ու հաւանական կողմնակալութիւնը: Այդ ձեւով կը դառնանք տեղեկութեանց եւ լուրերու աւելի խորաթափանց հետեւողներ՝ վստահելի լրագրութիւնը զատորոշելով զգայացունցէն եւ ապակողմնորոշողէն: Քննական մտածողութեան ճամբով լրագրագիտութեան խթանումը կը նպաստէ գիտակից հասարակութեան մը ստեղծումին, որ կասկածով կը մօտենայ հրամցուած լուրերուն եւ ի վերջոյ սուտը, կեղծը կը զանազանէ իրաւէն:

Եզրակացնելու համար, պէտք է ընդունինք, որ քննական մտածողութիւնը կարեւոր զէնք մը կը հանդիսանայ ընկերային ցանցերու եւ դասական մետիայի ճամբով տարածուած կեղծ լուրերուն դէմ:

Վերադառնալով Տեքարթին, ճշմարտութեան հասնելու համար, անհրաժեշտ է կասկածիլ ու հարցադրել, իսկ մէյ մը որ կասկածինք՝ քիչ մը վերլուծելով եւ քիչ մը պրպտելով ու փաստեր գտնելով՝ իրականութիւնը կը դառնայ հասանելի: Անշուշտ քննական մտածողութեան կիրարկումը չի սահմանափակուիր լրատու միջոցներով: Անոր կիրարկումը կարեւոր է նաեւ կրթութեան ու դպրոցներու, քաղաքական կուսակցութիւններու եւ ղեկավարութեան, սեռային, ընկերային ու ցեղային խտրականութեանց, գիտութեանց եւ առօրեայ մեր կեանքի բազմաթիւ այլ ոլորտներուն մէջ:

Լիբանանահայ թատրոնը կը խթանէ մշակութային կեանքին վերակենդանացումը

Հեղինակ՝ Քարէն Բարսեղեան

 Մինչեւ մօտիկ անցեալ,  նոր թատերախաղի մը ներկայացման լուրը լիբանանահայութեան մէջ մեծ խանդավառութիւն կը ստեղծէր, խօսակցութեան նիւթ կը դառնար ու կը քննարկուէր խաղարկութիւնը, նիւթը, բեմայարդարումը, տպաւորութիւնները եւ այլն:  Իսկ մեծ ընդունելութիւն ստացած թատրոնի մը տեւողութիւնը կ’երկարէր քանի մը շաբթուայ եւ նոյնիսկ ամսուայ վրայ: Երբեմն մեծ յաջողութիւն գտած ներկայացումը հրաւէր կը ստանար այլ երկիրերու մէջ հանդէս գալու:

Թէեւ վերջին տարիներուն Լիբանանի մէջ թատրոնը որոշապէս նահանջեց գորոնաժահրի եւ տնտեսական ու քաղաքական տագնապներու պատճառով, որոնք անդամալուծեցին գաղութային կեանքը, իսկ միւս կողմէ նորանոր բազմաթիւ հետաքրքրութիւններ, ինչպէս՝ ընկերային ցանցերը պատճառ դարձան մասնաւորապէս երիտասարդ խաւին մշակութային կեանքէ հեռացման, այսօր խրախուսելի է վերազարթնումի նշաններ տեսնել լիբանանահայ մշակութային կեանքին մէջ:

Երկար ընդմիջումէ ետք, վերջերս ուշագրաւ է տեսնել լիբանանահայ բեմին վերակենդանացումը՝ տարբեր ճաշակներ գոհացնող շարք մը ներկայացումներով. թատերասէր հանրութեան կը հրամցուին տարբեր ճաշակի, իւրայատուկ ոճով և բարձրորակ բեմադրութիւններ։ Արուեստասէր հանրութիւնը այսօր կրնայ իր հոգեկան սնունդի ծարաւը յագեցնել եւ ոգեւորուիլ տեսնելով երիտասարդ տաղանդաւոր արուեստագէտներու նոր իրագործումները, եռանդն ու կորովը։

Ի՞նչ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ այսօր ընդհանրապէս մեր մշակութային եւ մասնաւորաբար թատերական կեանքը: Տնտեսական տագնապ դիմագրաւող եւ առօրեայ բազմաթիւ մտահոգութիւններ ապրող հանրութիւնը որքանո՞վ պիտի ուղղուի դէպի թատերասրահ:

Նման հացումներուն պատասխան գտնելու եւ ընդհանրապէս լիբանանահայ թատրոնի վերածաղկման հեռանկարներուն մասին խօսելու նպատակով, ուղղակի դիմեցինք բեմադրիչներ Յարութ Գնդունիի, Վաչէ Տօնէրեանի, Յակոբ Տէր Ղուկասեանի եւ Սուրէն Խտշեանի, որոնց արտայայտած միտքերը կու տանք ստորեւ:

Յարութ Գնդունի` Լիբանանահայ անհատական «Մհեր Մկրտիչեան»ի անուան թատերախումբի ղեկավար ու բեմադրիչը, ըսաւ. «Ես կը հաւատամ, որ Լիբանանահայութեան մօտ հանդիսատեսի տագնապ չկայ, այնքան ատեն որ որակաւոր, տպաւորիչ եւ նորութիւն բերող հետաքրքրական թատերախաղ մը կը ներկայացուի. անկախ նիւթէն թէ տեսակէն, անպայմանօրէն կը գնահատուի բոլոր տարիքի հանդիսատեսներու կողմէ։ Ես կը ջանամ ամենայն բծախնդրութեամբ ներկայացնել ամէն տեսակի թատրերգութիւններ, ինչպէս`կատակերգութիւն, տրամա թէ օտար լեզուներէ ամձամբ թարգմանած թատերախաղեր։ Այսօր միայն նիւթականն է հրամայականը, որ կ’իշխէ կացութեան վրայ։ Նախապէս ծախսերը հոգալու համար կ’ապաւինէինք ծանուցումներու, սակայն այսօր տնտեսական տագնապին հետեւանքով, բաւական պակսեցան ծանուցումները։ Իսկ անձնական նուիրատուներու օժանդակութիւնը թէեւ որոշ չափով կ’օգնէ  նուազեցնելու նիւթական բեռը, սակայն չի ծածկեր մեր ամբողջական ծախսերը: Հետեւաբար, եթէ պէտք ըլլայ, կը փորձենք անձնական միջոցներով տոկալ յաղթահարելու այս նեղ կացութիւնը, ինչպէս օրինակ կը փորձենք ելոյթներու թիւը նուազեցնել։ Անդին, նկատի առնելով արուեստի ծարաւ հանրութեան պահանջը և անոնց նիւթական դժուարութիւնները, ըստ այնմ մատչելի տոմսեգիներ որոշած ենք, իսկ ներկայ գտնուելու փափաք ունեցող արուեստասէր ուսանողները քաջալարելու յատուկ սակ մը նշանակած ենք։ Կը մնայ ընկերային ցանցերու միջոցով երիտասարդ դերակատարներ ներգրաւելու ճիգը ու զանոնք մարզելու տքնաջան աշխատանքը, որպէսզի միասնաբար կատարելապէս յաջողինք վառ պահելու Լիբանանահայ թատրոնը։»

Տեսարան մը «Մհեր Մկրտիչեան»ի անուան թատերախումբի փորձէն:

«Մհեր Մկրտիչեան»ի անուան թատերախումբը մօտ օրէն կը ներկայացնէ Մարք Քամոլեթթիի “Դուռէ դուռ” կատակերգութիւնը, որ 55 երկրներու մէջ բեմ բարձրացած է “Boeing Boeing” խորագրով (16-17-18 Յունիս):

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Վահրամ Փափազեան թատերախումբի բեմադրիչ Վաչէ Տօներեան. «Թատրոնի պատկերը 70-80-ական թուականներուն բոլորովին տարբեր էր, հետզհետէ սկսաւ փոխուիլ, իսկ այսօր կը գտնուի բոլորովին ուրիշ հանգրուանի մը առջեւ, որ շատ դժուար է ու մտահոգիչ, որովհետեւ մարտահրաւէրները բազմաթիւ են. մասնաւորապէս ֆինանսական հարցերը խիստ կը սպառնան Լիբանանահայ  թատերական կեանքին: Ժողովուրդը ունի կենցաղային դժուարութիւն, միեւնոյն ժամանակ  տարուած է առօրեայ կեանքով ու համացանցով, որ ինքնին համաշխարհային շարժում մըն է եւ լուրջ աշխատանք կը պահանջէ թատերասիրութեան վերադարձնելու հանրութիւնը։ Սակայն, միութենական օժանդակութեամբ հսկայական աշխատանք կը կատարուի վերականգնելու թատրոնը: Տրամադրուած է յատուկ պիւտճէ մը` դասաւորելու եւ ներկայացնելու թատերական գործեր`առանց շահ մը ձեռք ձգելու ակնկալութեան։ Բայց եւ այնպէս պայման է արուեստը գնահատող թատերասէրներու ներկայութիւնը խթանող միջոցառումներ որդեգրել։ Հետեւաբար, ներկայ պայմաններուն առընչուած իրողութեան հետ քայլ պահելով, կը փորձենք աւելի հետաքրքրական ու ժողովրդականութիւն վայելող կատակերգութեան դիմելու և ըստ այնմ տրամադրութիւնները փոխելու։ Նկատի առնելով տնտեսական տագնապին յառաջացուցած վերիվայրումները, հասարակութեան մատչելի սակ մը որոշուած է։ Իսկ դերակատարներու թէ քուլիսի աշխատակիցներու անսակարկ ջանքին փոխարէն, միութիւնը յանձն առած է փոխադրածախսերը հոգալ, սակայն կ’առաջարկեմ նկատի առնուին նաեւ անոնց անձնուէր զոհողութիւնը եւ փոքրիկ պատուեգին մըն ալ տրամադրել»։

Տեսարան մը «Կասկածը Կնոջ Մտքին մէջ» կատակերգութենէն:

Վաչէ Տօներեանի բեմադրութեամբ, ՀԲԸՄ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը կը ներկայացնէ Ժորժ Ֆէյտոյի «Կասկածը Կնոջ Մտքին մէջ» կատակերգութիւնը 26-27-28 Մայիսին, ինչպէս նաեւ՝ 2-4 Յունիսին:

Գասպար Իփեկեան թատերախումբի բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեան. «Հայկական թատրոնը որոշ պարտականութիւն մըն է Լիբանանահայ գաղութը աշխոյժ պահելու։ Այսօր որեւէ ելոյթէ առաջ բեմայարդարման, դիմայարդարման ու զգեստներու ծախսերը հոգալու հեռանկարով կ’ապաւինինք արտերկրի խանդավառ ու թատերասէր անհատական նուիրատուներու թէ միութիւններու օժանդակութեանց։ Իսկ հանրութեան համար ճշդուած են խորհրդանշական չնչին սակեր։ Դերակատարները բոլորը կամաւոր են, որովհետեւ համոզուած են թէ մշակութային գործ մը կը կատարեն. անոնք սիրայօժար ամէն ճիգ կը թափեն եւ իրենց թանկարժէք ժամերը կը տրամադրեն։ Հակառակ անոր որ երիտասարդութիւնը հեռացած է թատրոնէն եւ հանդիսատեսներու թիւը պակսած է, սակայն համոզուած եմ որ թատրոնը այն արուեստն է որ չի մեռնիր, որովհետեւ սրահի մէջ կենդանի ներկայացման ուժն ու հաղորդակցութիւնը ներկայ հանրութեան հետ իւրայատկութիւն մըն է, որ անբաղդատելի է սինեմայի թէ որեւէ ուրիշ արուեստի հետ։ Թատրերգութեան սկզբունքը հետաքրքրական եւ լաւ գործ մը հրամցնելն է, իսկ նիւթը կարելի է անցեալի թէ այժմէական մարդկային զգացումներ արտայայտող ու յուզող հարցեր ներկայացնել։»

 Սուրէն Խտըշեան, Լիբանանահայ անձնական թատերախումբի ղեկավար ու բեմադրիչ. «Անցեալին անձնապէս կը տրամադրէի պէտք եղած պիւտճէն`հոգալու թատրերգական ծախսերը, բայց այսօրուայ պայմաններուն անհրաժեշտ է հովանաւորի մը աջակցութիւնը։ Լիբանանահայ գաղութին թիւը պակսած է, ինչ որ ինքնաբերաբար իր ազդեցութիւնը կը ձգէ թատրոնին վրայ՝ հանդիսատեսներու թիւը  նուազելով։ Համոզուած եմ թէ անպայմանօրէն վարձատրուելու է դերակատարը, ինչպէս նաեւ`քուլիսի բոլոր աշխատակիցները. իրենց ժամանակը տրամադրելուն եւ մշակութային ծառայութեան փոխարէն գնահատուիլը հաճոյք մը կը պատճառէ անոնց, նոյնիսկ եթէ չնչին գումար մըն ալ ըլլայ այդ մէկը։ Այն անձը որ թատրոնը կը սիրէ հրաւիրատոմս չի սպասեր, այլ կ’ուղղուի դէպի տոմսարկղ և խանդավարութիւնը հոնկէ կը սկսի։ Ուստի տոմսեգիները ճշդուած են շատ տրամաբանական չափանիշով։ Թատերական գործը ծաղկեփունջ մըն է, որ կը հրամցուի հանդիսատեսին`անկախ տեսակէն, թէ կատակերգութիւն է, սարսափազդու թէ տրամա,  պէտք է  ըլլայ զուարճալի, գրաւչութիւն ունենալու ու վայելելու հանդիսատեսին արժեւորումը։ Ես կը փափաքիմ աւելի երիտասարդութիւն տեսնել սրահին մէջ, որովհետեւ անոնցմէ պիտի ելլեն նոր դերասաններ ու բեմադրիչներ ու լիբանանահայ թատրոնի շղթան պիտի շարունակուի այս ձեւով։»

Սուրէն Խտըշեան վերջերս բեմադրեց Սիւզըն Հիլի «Սեւազգեստ Կինը» (20-21 Մայիս, Յակոբ Տէր Մելքոնեան Թատերասրահ), իսկ շուտով բեմ կը հանէ Անդրանիկ Ծառուկեանի «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ»ը, 24 Յունիսին, Կիպրոսի մէջ:

Սփիւռքահայութեան բաբախող սիրտն է Լիբանանը. թէեւ ան կ’անցնի մութ փապուղիէ մը, սակայն լոյսը արդէն սկսած է երեւիլ։ Լիբանանահայութեան աշխոյժ եւ ձեռներէց երիտասարդութիւնը հետամուտ է վերականգնելու մշակութային կեանքը։ Մանաւանդ թատրոնի այս օրերու խանդավառութիւնը սրահներէ ներս փաստ մըն է, թէ զարթօնքի նոր շրջան մը կը սկսի լիբանանահայութեան համար։

Վարձքը կատար իրենց մասնակցութիւնը բերող մշակոյթի բոլոր գործիչներուն։

 

 

«Զարմանահրաշ Հայ Կիներ». արարման մէջ, կարծրատիպերէն դուրս

«Անոնց, որոնք կամքը ունին փոխուելու, ընկերային-հասարակական պատնէշներէն անդին մտածելու, իրենց երազանքներու ճամբով երթալու եւ ապրելու հաւասարութեան, արդարութեան եւ ազատութեան մէջ»։  

Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հովանաւորութեամբ այս տարի լոյս տեսան Զարմանահրաշ Հայ Կիներ խորագրեալ մանկական գիրքի արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն տարբերակները: Շուտով անգլերէնն ալ լոյս պիտի տեսնէ: Գիրքի համահեղինակներն են Գայանէ Աղաբալեան եւ Էլմիրա Այվազեան. վերջինիս հետ  լրագրող Շողեր Գառնէշեան-Մխճեանի կատարած հարցազրոյցը կը ներկայացնենք ստորեւ:

—————————————————————————————————————————————–

Հարցում. Ինչպէ՞ս ծնաւ հայ կիներու մասին ուսումնասիրութիւններ կատարելու եւ ապա զանոնք գիրքի մը մէջ համախմբելու գաղափարը: Որքա՞ն ժամանակ խլեց աշխատանքային այս ամբողջ հոլովոյթը: 

Պատասխան . Գաղափարը ծնաւ համալսարանական ուսանող եղած ժամանակ, երբ ընկերուհիս՝ Գայիանէ Աղաբալեան, իր դասերէն մէկուն ընթացքին, առաջին անգամն ըլլալով լսեց Տիանա Աբգարի մասին։ Ոգեւորուած և ներշնչուած այս բացայայտումով, ան Տիանա Աբգարի մասին իր սորված եւ  ստացած տեղեկութիւնները կիսեց իմ եւ մեր միւս ընկերներուն հետ: Անմիջապէս մեր մէջ յառաջացաւ հարցում մը, թէ արդեօք մեր պատմութեան, գրականութեան, գիտութեան մէջ նման ի՞նչ կարկառուն կիներ կան, որոնց մասին բան չենք գիտեր։ Շուտով ունեցանք հայ կիներու հսկայ ցանկ մը, որուն մէջ ընդգրկուած անունները շատ կարեւոր աշխատանք կատարած են իրենց ոլորտին մէջ, եւ հետեւաբար, կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են նաեւ մեր պատմութեան մէջ, սակայն ինչ-ինչ պատճառներով անոնց մասին չենք գիտեր։ Մենք մեծցած ենք սորվելով միայն երկու կիներու մասին. Սօսէ Մայրիկ՝ իբրեւ Սերոբ Աղբիւրի կինը եւ ուսումնասիրած ենք  Սիլվա Կապուտիկեանի այն բանաստեղծութիւնները, որոնք միայն մայրութեան մասին են։

Մինչ այդ, նոյն ատեն իմացած էինք  Good night stories for rebel girls մանկական գիրքին մասին եւ շատ հաւնած էինք անոր  գաղափարը։ Մեզի համար ատիկա եղաւ մեկնակէտ մը որոշելու գրել Good night stories for rebel girls-ի ձեւաչափով մանկական գիրք մը, որ կը պատմէր այն հայ կիներուն մասին, զորս պէտք է ճանչնանք եւ որոնց պատմութիւնները կրնան ոգեշնչել երեխաները, որոնք մեզի նման ունին կամ ունեցած են այդ ներշնչանքին պակասը։

Գիրքին գաղափարը ունենալուն պէս սկսանք աշխատիլ անոր վրայ: Ուսումնասիրական-հետազօտական ու ստեղծագործական աշխատանքները տեւեցին 4 տարի։

Այդ չորս տարիներուն ընթացքին կատարեցինք հսկայական ուսումնասիրական-հետազօտական աշխատանք մը` տեղեկութիւններ բացայայտելու այս կիներուն մասին և վստահ ըլլալու, որ մեր ձեռք ձգած բոլոր տեղեկութիւնները առաւելագոյն չափով ճշգրիտ են։ Աւելցնենք նաեւ, որ մանրակրկիտ աշխատանք կատարած ենք պատմաբաններու, կրթական մասնագէտներու եւ հոգեբաններու հետ` այս տեղեկութիւնները առաւելագոյն չափով հասանելի և մատչելի կերպով մատուցելու մեր թիրախային ընթերցողին։

Գիրքին մէջ ներառնուած տիպարներէն՝ ժամանակակից բոլոր կիներուն հետ ունեցած ենք հարցազրոյցներ, ինչպէս նաեւ պատմութիւններու եւ պատկերազարդումներու հանգրուանին սերտ կապի մէջ եղած ենք անոնց հետ, վստահ ըլլալու, որ ամէն բան նաեւ իրենց համաձայնութեամբ կատարուած ըլլայ:

Իսկ պատմական կիներու պարագային կատարած ենք արխիւային աշխատանք մը` կապ հաստատելով անոնց հարազատներուն եւ կենսագրագէտներուն հետ, որպէսզի այդ պատմութիւններն ու պատկերազարդումները դարձեալ հնարաւոր չափով ըլլան համապատասխան այս կիներուն ինքնութեան։

Հարցում. – Ինչո՞ւ միայն կիներ: Ինչպիսի՞ պատգամ մը կ՛ուզէք փոխանցել: Արդեօք մեր հայ իրականութեան կամ հասարակութեան մէջ տակաւին տիրապետո՞ղ է «հայրիշխանութեան» հասկացողութիւնը եւ արդեօք իբրեւ այդպիսին, ձեր այս նախաձեռնութիւնը «կարծրատիպեր» կոտրելու նպատակի՞ն կը ծառայէ: 

Պատասխան – Շատ փոքր տարիքէն կը սկսինք սորվիլ եւ ուսումնասիրել տղամարդոց մասին, որոնք անշուշտ ունեցած են շատ կարեւոր աշխատանք ու դեր իրենց ոլորտին մէջ։ Միաժամանակ մենք ուղղակի կ՛անտեսենք այն կիները, որոնք նոյնպէս ունեցած են կարեւոր ներդրում և ոչ պակաս արմատական դեր մեր կեանքերուն մէջ, բայց անոնք անտեսուած են եւ գրեթէ ոչ ոք  գիտէ անոնց մասին։ Այսպիսով կը նկատենք, որ մենք ոչ միայն կը կորսնցնենք մեր ժառանգութեան մեծ ու կարեւոր մէկ մասը, այլ նաեւ կ՛ունենանք սերունդներ, որոնք չունին ոեւէ կին ոգեշնչող իտէալ կամ աղբիւր։ Գիրքին մէջ որոշեցինք ներառնել միայն կիներ, որպէսզի բաւարար տեղ տանք ու լուսաբանենք այն կիները, որոնք դարեր շարունակ անտեսուած են եւ որպէսզի նաեւ բացայայտենք այն ժամանակակից կիները, որոնք մինչ այսօր  կը շարունակեն արարել և կոտրել կարծրատիպեր:

Բացի սեռերու շուրջ ձեւաւորուած կարծրատիպերը կոտրելէ, այս գիրքով նաեւ փորձած ենք կոտրել «յաջողութեան» գաղափարին շուրջ ձեւաւորուած կարծրատիպերը։ Գիրքին մէջ յաջողակ համարած ենք ոչ միայն պատմական կիներ, որոնք մեծ ներդրում ունեցած են իրենց ոլորտին մէջ, այլեւ այն կիները, որոնք կ՛ընեն այն ինչ կը սիրեն, հակառակ հասարակութեան ճնշումներուն եւ գոյութիւն ունեցող սահմանափակումներուն (կրնանք թուել քանի մը օրինակ՝ ճանապարհորդ, դհոլահար, հողագործ եւ այլն) ։ Ասիկա նոյնպէս շատ կարեւոր գաղափար մըն էր մեզի համար, որ մարդ կրնայ ըլլալ հասարակութեան շատ կարեւոր անդամ մը եւ ունենալ շատ կարեւոր աշխատանք մը` առանց նոյնիսկ հասնելու գրաւիչ տիտղոսներու կամ հարստութեան։

Այս երկու գաղափարները շատ կարեւոր էին հայրիշխանութեան դէմ պայքարելու համար, եւ կը յուսանք, որ այդ ուղղութեամբ որոշ տեսակէտներ կամ պատգամներ ալ կրցանք փոխանցել մեր ընթերցողին։

Հարցում. Եկէք անդրադառնանք գիրքի բովանդակութեան. նախ խնդրեմ նշեցէք թէ քանի՞ հայ կին կը ներկայացնէք: Կարելի՞ է փակագիծերը բանալ ու ընդլայնուած ձեւով խօսիլ նաեւ ձեր «հերոսներուն» ընտրութեան համար որդեգրուած չափանիշերուն կամ հիմքերուն մասին:

Պատասխան –  Գիրքին հերոսներու ընտրութեան համար ունեցած ենք քանի մը չափանիշեր:

  1. Ընտրուած կիները պէտք է ըլլային հայազգի։ Հակառակ անոր, որ ունինք կիներու առհասարակ ցած ճանաչելիութեան համաշխարհային խնդիր, սակայն նկատած ենք, որ այս խնդիրը շատ աւելի խոր է Հայաստանի եւ հայկական համայնքներուն մէջ։ Քանի որ գիրքը գլխաւորաբար թիրախ ունի հայ ընթերցողները, փորձած ենք կիսել պատմութիւններ, որոնք հնարաւոր չափով մօտ են ընթերցողին իրականութեան։ Ասիկա նաեւ մեզի եւ մեր ընթերցողին հնարաւորութիւն կու տայ ա՛լ աւելի լաւ ճանչնալու մեր ժառանգութիւնն ու ներկան, որոնք առանցքային են մեր զարգացման համար։
  2. Պահած ենք մասնագիտութիւններու բազմազանութիւն։ Փորձած ենք կիսել առաւելագոյնս բազմատեսակ մասնագիտութիւններու տէր կիներու պատմութիւններ, որպէսզի ընթերցողը ունենայ ոգեշնչումի եւ ընտրութեան լայն պատկերացումներ` առանց սահմանափակուելու հասարակութեան կողմէ յառաջ բերուած «լաւ աշխատանքի» բնորոշումներով ։
  3. Ընդգրկած ենք կիներ, որոնք կոտրած են կարծրատիպեր եւ հետեւած են իրենց երազանքին, հակառակ բոլոր ճնշումներուն։ Ասիկա կը վերաբերի թէ՛ պատմական, եւ թէ՛ ժամանակակից կիներուն։

Մեզի համար շատ կարեւոր էր ներառնել նաեւ ժամանակակից կիներ, որպէսզի անոնք ըլլան մեր ընթերցողին հնարաւոր չափով մօտ եւ նաեւ ի վերջոյ սորվինք գնահատել մարդիկը, որոնք դեռ կ՛ապրին եւ կը շարունակեն ստեղծել։

Հակառակ անոր, որ խստօրէն հետեւած ենք վերոյիշեալ կէտերուն, այդուհանդերձ մեր ընտրութիւնը ունեցած է նաեւ ենթակայական տարրեր, եւ կը յուսանք, որ հետագային կարելի կ՛ըլլայ ձեւով մը լուսաբանել նաեւ զարմանահրաշ այլ կիներ։

Հարցում. Ներկայիս ունինք գիրքին հայերէն տարբերակը (արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն առանձին հարատարակութիւններով) եւ մօտ օրէն ան նաեւ լոյս կը տեսնէ անգլերէնով: Որո՞ւն ուղղուած է ան:

Պատասխան.-  Գիրքի գաղափարն ունենալու առաջին իսկ օրէն, անոր կապուած իւրաքանչիւր փոքր մանրամասնութիւն փորձած ենք նախատեսել այնպէս մը, որ գիրքը չընկալուի իբրեւ «գիրք՝ աղջիկներու համար»։ Գիրքին բովանդակութիւնը առանցքային գիտելիք կը փոխանցէ եւ որուն մասին պէտք է իմանան բոլորը` անկախ սեռէն։ Այլ խօսքով՝ որքան ալ կարեւոր, որ բոլորը իմանան տղամարդ գրողներու, արուեստագէտներու, գիտնականներու մասին, նոյնքան կարեւոր է տեղեկանալ կիներու մասին։

Հակառակ անոր, որ մեր նպատակային-թիրախային ընթերցողը 10+ տարեկաններն են եւ գիրքը կը նկատուի մանկական, մեր ներկայացուցած պատմութիւններուն մէջ ամէն մէկ բառ հիմնուած է հաւաստի տեղեկութիւններու վրայ եւ հոն երբեք չկան յօրինուած բաներ` նոյնիսկ գեղարուեստական նպատակներով։ Հետեւաբար, ասիկա կրնայ նաեւ ծառայել իբրեւ հաւաստի տեղեկութիւններու աղբիւր եւ նկատուիլ բացայայտումներով լեցուն ընթերցանութիւն՝ նոյնիսկ մեծերու համար։

Շատ կը կարեւորենք նաեւ գիրքին հասանելիութիւնը թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի հայ համայնքներուն մէջ։ Այս նպատակով գիրքին հրատարակումէն անմիջապէս ետք շրջագայեցանք Հայաստանի տարբեր մարզեր եւ այցելեցինք տարբեր դպրոցներ ու հասարակական կազմակերպութիւններ, որոնց նուիրեցինք գիրքերէն օրինակներ և ունեցանք հանդիպումներ ընթերցողներու հետ։ Գիրքը նաեւ ուղարկեցինք հայ համայնքներ ունեցող  շարք մը երկիրներ, ինչպէս նաեւ` հոն գործող կարեւոր կեդրոններ։ Այս նախաձեռնութիւնները շարունակական պիտի ըլլան եւ կը յուսանք, որ ժամանակի ընթացքին գիրքը աւելի լայն տարածում կը գտնէ։

Հոս կ՛ուզեմ նշել, որ մեզի համար առաջնահերթութիւն մըն  էր նաեւ ունենալ գիրքին արեւմտահայերէն տարբերակը, նախ՝ որպէս յարգանքի տուրք անոր մէջ ընդգրկուած այն կիներուն, որոնց մայրենի լեզուն եղած է ան եւ որպէսզի նաեւ զարգացնենք արեւմտահայերէն գրականությունը։

Հարցում. – Այս իւրայատուկ նախաձեռնութեան իրականացումը ձեր հետ միասին որո՞ւ կը պարտիք: Որո՞ւ հետ կ՛ուզէք կիսուիլ ձեր աշխատանքին արգասիքը եւ որո՞ւ կ՛ուզէք նուիրել զայն:  

Պատասխան .-  Այս գիրքը լոյս պիտի չտեսնէր առանց բազմաթիւ անհատներու աջակցութեան։ Մեր խորին գնահատանքը Գայիանէ Ղազարեանին՝ այս գիրքին պատմութիւններուն մէջ իր ունեցած հսկայական մասնակցութեան համար։ Երախտագիտութեամբ կը յիշատակենք Լիլի Աւետեանը, որ այս արկածախնդրութիւնը սկսաւ մեզի հետ։ Ի խորոց սրտէ շնորհակալութիւն կը  յայտնենք մեր հրաշալի պատկերազարդողներուն՝ Նուշ Պետրոսեանին եւ Արծրուն Գանջալեանին, որոնք ժամերով աշխատեցան մեզի հետ` քննարկելու համար իրենց պատկերազարդումներուն ամէնէն փոքրիկ մանրամասնութիւնները։ Շնորհակալութիւն նաեւ Արմինէ Սահակեանին` պատկերազարդումին իր մասնակցութեան համար։ Շնորհակալ ենք նաեւ Շաղիկ Շահինեան-Արծրունիի արեւմտահայերէնի թարգմանութեան և Մելանի Գլըճեանին՝ սրբագրական աշխատանքին համար։

Շնորհակալ ենք մեր խորհրդատուներուն՝ Տոքթ. Հուրիկ Ադդարեանին եւ Տոքթ. Մելիսսա Պիլալին, որոնց հետ երկու տարի շարունակ տնտղեր-քններ‚ հետազօտեր եւ խմբագրեր ենք իւրաքանչիւր պատմութիւն։ Շնորհակալական խօսք ունինք նաեւ Սիւզան Տաղլեանին, Միմի Ծառուկեա- նին, Տոքթ. Լեռնա Էքմեքճիօղլուին, Տոքթ. Ռոբերտ Սուքիասեանին եւ Տոքթ. Նետա Պեպիրօղլուին՝ իրենց մնայուն աջակցութեան եւ արժէքաւոր արձագանգին համար։ Մեծ շնորհակալութիւն այս գիրքին մէջ ներկայացուած կիներու ընկերներուն, կենսագիրներուն եւ պատմաբաններուն, որոնք մեր զարմանահրաշներուն կեանքին մասին արժէքաւոր մանրամասնութիւններ փոխանցեցին մեզի։

Մեծ ու սրտալի շնորհակալութիւն Քարէն Սմիթին, Հրանուշ Շահնազարեանին եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան՝ իրենց նեցուկին համար եւ մեր բոլոր նուիրատուներուն, որոնց սրտաբուխ մասնակցութեամբ այս գիրքին հրատարակութիւնը կարելի դարձաւ։

Շնորհակալ ենք մեր ընտանիքներուն եւ մեր կեանքի ընկերներուն առաջին օրուընէ մեզի թեւ ու թիկունք ըլլալու համար։

Բայց բոլորէն աւելի եւ բոլորէն առաջ այս գիրքին մէջ ներկայացուած պատմական դէմքերէն իւրաքանչիւրին կ’ըսենք՝ շնորհակալութիւն մեզի ձեր աւանդածին համար, իսկ մեր ժամանակակիցներէն իւրաքանչիւրին կ’ըսենք՝ շնորհակալութիւն այսպիսի օրինակելի կերպարներ ըլլալու համար եւ շնորհակալութիւն, որ արտօնեցիք մեզի Ձեր պատմութիւնները պատմելու։

Իսկ գիրքը կը նուիրենք «Անոնց, որոնք կամքը ունին փոխուելու, ընկերային-հասարակական պատնէշներէն անդին մտածելու, իրենց երազանքներու ճամբով երթալու եւ ապրելու հաւասարութեան, արդարութեան եւ ազատութեան մէջ»։

Հարցում. – Փափաքողները գիրքը ինչպէ՞ս կրնան ձեռք ձգել :

Պատասխան . – Գիրքը այս պահուն հասանելի է Հայաստանի երեք յայտնի գրախանութներու ցանցերով՝ Բուկինիստ, Զանգակ և Էպիգրաֆ։ Գիրքը ձեռք բերելու համար կարելի է նաեւ գրել մեր ընկերային ցանցերու էջերուն՝ https://www.instagram.com/armenianwonderwomen/ եւ մենք կը կազմակերպենք եւ կը կատարենք գիրքին առաքումը։ Յոյսով ենք որ շուտով գիրքը ֆիզիքապէս նաեւ հասանելի կ՛ըլլայ Մ. Նահանգներու եւ Քանատայի մէջ. մենք արդէն իսկ աշխուժօրէն կ՛աշխատինք այդ ուղղութեամբ։

Հարցում.- Ի՞նչ են ձեր ապագայի ծրագիրները: Այս գիրքը շարունակութիւն պիտի ունենա՞յ:

Պատասխան .- Ներկայիս եւ յառաջիկային նոյնպէս մեր նպատակն է շրջագայիլ Հայաստանի մարզերը, հետագային ալ հաւանաբար սփիւռքի համայնքները։ Մարզային այցելութիւններու ժամանակ կը հանդիպինք աշակերտներու, ուսուցիչներու, ծնողներու, գրադարանավարներու եւ համայնքէն ներս աշխուժ գործունէութիւն ծաւալող այլ մարդոց հետ, կ՛ընթերցենք գիրքէն հատուածներ, կը խօսինք անոնց մասին եւ կը քննարկենք։ Որպէս մեր նախաձեռնութեան շարունակութիւն նաեւ կը ծրագրենք խորապէս աշխատիլ մեր կայքին վրայ armenianwonderwomen.com եւ հոն աւելցնել այս չորս տարիներուն ընթացքին մեր հաւաքած բոլոր նիւթերը։ Յոյսով ենք նաեւ որ ապագային առիթ կ՛ունենանք շարունակելու մեր այս աշխատանքը ու գրել գիրքին յաջորդ հատորները։

 

 

Լիբանանեան տնտեսութեան ամբողջական տոլարացումը՝ ժողովրդային խաւերուն պատուհասը

Իբրեւ թէ լիբանանեան թղթոսկիի արագընթաց արժեզրկման հետեւանքները սահմանափակելու եւ մասնաւորաբար շուկայի գիները հակակշռի տակ պահելու համար, կառավարութիւնը որոշում տուաւ տոլարացնելու ապրանքներու մեծ մասին վաճառքը: Երեւութապէս տրամաբանական, բայց խորքին մէջ այս որոշումը ոչ միայն ցոյց կու տար կառավարութեան անճարակութիւնը, բայց մանաւանդ անոր մեղսակցութիւնը վաճառական խաւին հետ: Այսօր, Լիբանանի վաճառականները շատ աւելի խօսք ունին շուկային կառավարման մէջ, քան նոյնիքն կառավարութիւնը: Հետեւաբար՝ տոլարով սղաճ եւ գիներու շահագործում բոլոր մարզերուն մէջ: Ինչպէս բացատրել, որ Լիբանանի մէջ արտադրուած ապրանքներ, ներառեալ դեղեր աւելի սուղ կը ծախուին քան ներածուածները:

Կ’ըսուի որ կարգ մը ապրանքներու գծով եւ վաճառականներու տիրապետութեան տակ, շուկան արդէն տոլարացած է 70 տոկոսով:

Կրթական մարզն ալ շուտով կը միանայ այս արշաւին:

Տնտեսական ի՞նչ անդրադարձ կրնայ ունենալ եթէ հասնինք 100%-ով տոլարացումի:

Լիբանանի տնտեսութեան ամբողջական տոլարացումը կ’ենթադրէ լիբանանեան թղթոսկին փոխարինել ամերիկեան տոլարով, որպէս երկրին պաշտօնական դրամանիշը: Նման որոշում կը նշանակէ, որ բոլոր առուծախները, պայմանագիրները եւ ելեւմտական գործառնութիւնները կը կատարուին ամերիկեան տոլարով, եւ Լիբանանի կեդրոնական դրամատունը կը կորսնցնէ իր վերահսկողութեան եւ հակակշռի իրաւունքը դրամական քաղաքականութեան վրայ:

Ստորեւ՝ ամբողջական տոլարացումի ընդհանուր քանի մը կարելի ազդեցութիւններն ու հետեւանքները:

Պիտի նկատենք որ ամողջական տոլարացման ժխտական հետեւանքները շատ-շատ աւելի են քան դրական քանի մը երեւոյթները:

Կարգ մը դրական ազդեցութիւններ կը նկատուին հետեւեալները.

  1. Կայունութիւն. տոլարացումը կրնայ կարճ տեւողութեամբ կայունութիւն բերել տնտեսութեան` նուազեցնելով թղթոսկիի անկայունութիւնը, որովհետեւ ամերիկեան տոլարը ընդհանուր առմամբ աւելի կայուն է, քան լիբանանեան դրամը: Այս կայունութիւնը կրնայ ներգրաւել օտար ներդրողներ եւ վերականգնել վստահութիւնը ելեւմտական համակարգին նկատմամբ:
  2. Սղաճի հակակշռումը. տոլարացումը կրնայ օգնել հակաշռելու սղաճը` սահմանափակելով նոր դրամ տպելու կառավարութեան կարողութիւնը: Ազգային դրամանիշի բացակայութեան պայմաններուն մէջ, կառավարութիւնը չի կրնար դիմել աւելորդ դրամ ստեղծելու միջոցին, որ սղաճի գլխաւոր պատճառներէն մէկն է:
  1. Գործառնութեանց ծախսերու նուազում. ամբողջական տոլարացումը կրնայ նուազեցնել գործառնութեան մը ծախսերը եւ բազմաթիւ դրամանիշերու հետ գործ ունենալու վտանգները: Տոլարացումը կը դիւրացնէ միջազգային առեւտուրը եւ առեւտրական գործառնութիւնները` վերցնելով մէկ դրամանիշէն միւսը փոխանակալու անհրաժեշտութիւնը:

Ստորեւ՝ ժխտական երեւոյթներու երկար շարքը:

  • Դրամական քաղաքականութեան կորուստ. տոլարացումը կը սահմանափակէ կամ նոյնիսկ կ’արգելակէ դրամավարկային անկախ քաղաքականութիւն վարելու Կեդրոնական դրամատան կարողութիւնը : Լիբանանի կեդրոնական դրամատունը այլեւս չի կրնար ճշդել ու կարգաւորել տոկոսները կամ օգտագործել դրամավարկային այլ միջոցառումներ` տնտեսութեան վրայ ազդելու համար: Հակակշռի այս կորուստը կրնայ սահմանափակել տնտեսական ցնցումներու արձագանգելու կամ տնտեսական աճ խթանող միջոցառումներ որդեգրելու կառավարութեան կարողութիւնը:
  • Տոլարէ կախեալութիւն. ամբողջական տոլարացումի պարագային, Լիբանան մեծապէս կախեալ կ’ըլլայ Միացեալ Նահանգներու կայունութենէն եւ քաղաքական որոշումներէն: Դրամական քաղաքականութեան, դրամանշային արժէքներու կամ տնտեսական պայմաններու փոփոխութիւնները կրնան էապէս ազդել Լիբանանի տնտեսութեան վրայ: Այս կախեալութիւնը կրնայ սահմանափակել տնտեսական անկախ ռազմավարութիւններ հետապնդելու Լիբանանի կարելիութիւնները:
  • Դրամատնային պարտքերու խնդիր. ամբողջական տոլարացման ազդեցութիւնը պետական եւ անձնկան պարտքերու վրայ կը դառնայ կախեալ՝ լիբանանեանէն տոլարի անցումին ընթացքին կատարուած շարք մը կարգադրութիւններէ: Լիբանանեան թղթոսկիով գոյութիւն ունեցող պարտքերը ստիպողաբար պիտի վերածուին տոլարի կամ պիտի վերադասաւորուին, ինչ որ կրնայ ծանր հետեւանքներ ունենալ փոխառուներու եւ փոխատուներու համար:
  • Քաղաքական հետեւանքներ. Ամբողջական տոլարացումը կրնայ քաղաքական հետեւանքներ ունենալ, որովհետեւ այդ մէկը կ’ենթադրէ դրամական հարցերու նկատմամբ ազգային գերիշխանութեան կորուստին: Տնտեսութեան ամբողջական տոլարացման որոշումը կրնայ դուռ բանալ քաղաքական վէճերու:

Ամբողջական տոլարացումը մասնաւորաբար կրնայ ծանր ազդեցութիւն ունենալ Լիբանանի համեստ խաւերուն վրայ: Ահա՛ւասիկ քանի մը հաւանական ազդեցութիւններ.

  1. «Կեանքի» սղութիւն. ամբողջական տոլարացումը կրնայ առաջնորդել կենսական ապրանքներու եւ ծառայութիւններու գիներուն զգալի բարձրացման: Ներածուող ապրանքները, ինչպէս՝ ուտեստեղէնը, դեղորայքը եւ վառելանիւթը կրնան սղիլ, որովհետեւ անոնց գինը տոլարով է: Այս մէկը կրնայ անհամեմատօրէն ազդել աղքատներու վրայ, որոնք իրենց եկամուտին զգալի մասը կը ծախսեն կենսական անհրաժեշտութիւն ունեցող ապրանքներու վրայ:
  2. Աշխատանքի անապահովութիւն. տոլարացումը կրնայ ազդել աշխատանքի շուկային վրայ, մասնաւորաբար այն մարզերուն պարագային, որոնք մեծապէս կ’ապաւինին տեղական արտադրութեան եւ լիբանանեան դրամանիշով պայմանաւորուած աշխատուժին վրայ: Տնտեսական այն մարզերը, որոնք կը դառնան նուազ մրցունակ կամ կը կրճատեն իրենց արտադրողականութիւնը աւելի բարձր ծախսերու պատճառով, կրնան գործաւորներ արձակել, եւ կը սահմանափակուի նոր գործ գտնելու հաւանականութիւնը աղքատներուն համար:
  3. Ընկերային անհաւասարութիւն. ամբողջական տոլարացումը շատ հաւանօրէն կրնայ մեծցնել եկամուտի բացը եւ սրել ընկերային անհաւասարութիւնը: Աղքատները, որոնք սահմանափակ եկամուտներ կամ խնայողութիւններ ունին, կրնան լուրջ դժուարութիւններու հանդիպիլ անցումային փուլը յաղթահարելու եւ մեծապէս տոլարէն կախեալ տնտեսութեան յարմարելու համար: Հարուստները բնականօրէն աւելի դիւրին կը յարմարին կացութեան:
  4. Ընկերային ապահովութեան սահմանափակում. ընկերային ծառայութիւններ (տաման եւ այլ) տրամադրելու կառավարութեան կարողութիւնը մեծապէս կ’ազդուի տոլարացման ստեղծած սահմանափակումներուն հետեւանքով: Պետութեան տարեկան պիւտճէի սահմանափակումները եւ ելեւմտական մարտահրաւէրները բնականօրէն պիտի նուազեցնեն ընկերային ապահովութեան համար անհրաժեշտ գումարները:

Կարեւոր է նշել, որ ամողջական տոլարացումի հետեւանքները կրնան տարբեր ըլլալ երկրէ երկիր, եւ կախեալ են տնտեսական տարբեր հանգամանքներէ, քաղաքականութենէ եւ կառուցուածքային գործօններէ: Կ’արժէ սերտել նաեւ ամբողջական տոլարացում որդեգրած այլ երկիրներու փորձառութիւնները, ինչպէս՝ Էքուատորը կամ Էլ Սալվատորը, որոնք որոշակի պատկերացումներ կրնան տալ, բայց իւրաքանչիւր պարագայ կը մնայ եզակի: