Միսաք Մանուշեանի պանթէոնականացումը՝ պատմական նոր էջ մը Ֆրանսայի եւ հայութեան համար

Մանուշեանի խմբակին գնդակահարումը 1944-ին

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի որոշումով, Բ. աշխարհամարտի Ֆրանսական Դիմադրութեան շարժման հերոսներէն Միսաք Մանուշեանի աճիւնը 21 Փետրուար 2024 -ին d’Ivry-sur-Seine-ի գերեզմանատունէն կը տեղափոխուի ու կը վերամփոփուի Փարիզի պանթէոնին մէջ: Ֆրանսացիք այս արարքը կը կոչեն «պանթէոնականացում», որուն կ’արժանանան ֆրանսացի մեծերը: Փարիզի պանթէոնին մէջ արդէն կը հանգչին Պոտլէրի, Վիքթոր Հիւկոյի, Ժան-Ժաք Ռուսոյի, Էմիլ Զոլայի եւ Մարի Քիւրիի նման մեծեր: «Պանթէոնականացում» շնորհելու իրաւունք ունին միայն Ֆրանսայի նախագահները:

Միսաք Մանուշեան առաջին գաղթական, առաջին հայ եւ առաջին համայնավար ֆրանսացին է, որ կ’արժանանայ նման պատիւի:

Նոյն պանթէոնին մէջ կը վերամփոփուին նաեւ աճիւնները Մանուշեանի կնոջ՝ Մելինէի (առանց «պանթէոնականացուելու» սակայն), որ նոյնպէս մաս կազմած է գերմանացիներու դէմ ֆրանսական ընդյատակեայ դիմադրութեան: Նախագահ Մաքրոնի այս որոշումը պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ 18 Յունիս 2023-ին: Արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 21 Փետրուար 2024-ին՝ Մանուշեանի եւ ընկերներուն գնդակահարութենէն 80 տարի ետք, ճիշդ նոյն օրը։

Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեան

Հայ բանաստեղծ, ֆրանսական դիմադրութեան շարժման մարտիկ, համայնավար կուսակցութեան անդամ եւ Ֆրանսայի ազգային հերոս Միսաք Գէորգ Մանուշեան ծնած է 1 Սեպտեմբեր 1906-ին, Ատիաման, արեւմտեան Հայաստան: Մանուշեանի հայրը կը սպաննուի 1915-ի ցեղասպանութեան ժամանակ, իսկ մայրը կը մահանայ գաղթի ճաբուն վրայ։ Միսաք եւ երկու եղբայրները կը վերապրին։ Միսաքը նախ կը գտնուի Ճիպէյլի որբանոցը (Լիբանան), ապա կը միանայ եղբօրը՝ Կարապետին Ժիւնիի Հայ Ազգային որբանոցը (Լիբանան), որ կ’ըլլայ երկու եղբայրներուն կրթութեան առաջին օթեւանը։ 1925-ին կը տեղափոխուի Ֆրանսա, սկիզբը Մարսէյ, ապա՝ Փարիզ։ 1930-ին Սեմայի հետ կը հրատարակէ «Ջանք» գրական ամսագիրը։ Կ’աշխատի Սիթրոէն գործարանին մէջ: 1937-ին, կը հրապարակէ «Զանգու» շաբաթաթերթը, ուր կը գրէ բանաստեղծութիւններ։  Կնոջը՝ Մելինէ Մանուշեանի հետ կը մասնակցի գերմանացիներու դէմ ֆրանսական ընդյատակեայ դիմադրութեան շարժումին։ 1943-ին Մանուշեանի գլխաւորած խումբը յարձակումներ կը գործէ գերմանական բռնագրաւող ուժերուն դէմ։ 1943 Նոյեմբերին, Մանուշեան կը ձերբակալուի եւ տանջանքներու կ’ենթարկուի, ապա իր խումբին 21 անդամներուն հետ մահապատիժի կ’ենթարկուի։ Յետ մահու, Մանուշեան կը պարգեւատրուի Պատուոյ Լեգէոն շքանշանով։ Մանուշեանի եւ իր խումբին անունով անուանուած են փողոցներ եւ հրապարակներ Փարիզի, Մարսէյի, Վալանսի եւ Երեւանի մէջ։

Այս օրերուն Փարիզէն յատուկ այցելութեամբ Լիբանան կը գտնուի Միսաք Մանուշեանի կնոջ Մելինէի քրոջ՝ Արմէնուհիին թոռը՝ Քաթիա Կիրակոսեան: Ան Լիբանան կը գտնուի Մանուշեանի մասին վաւերագրական ժապաւէնի մը պատրաստութեան ծիրէն ներս՝ նկատի ունենալով, որ Միսաք ու եղբայրները՝ Հայկ ու Կարապետ, երեքը՝ ցեղասպանութենէն ճողոպրած մանուկներ ջարդէն ետք որոշ ատեն գտնուած են Ճիպէյլի եւ Ժիւնիի որբանոցները:

Քաթիա Կիրակոսեան

Քաթիա Կիրակոսեանի հետ մեր հանդիպումը «ԳՈՀԱՐ» գրադարանին մէջ հանդիսացաւ առիթ մը, որ պահ մը փոխադրուինք Մանուշեանի ընտանեկան հարազատ աշխարհը: «Ես մանկութիւնս ապրած եմ Միսաքի պատմութիւններուն մթնոլորտին մէջ, մանաւանդ որ մեծ մայրս՝ Արմէնուհին եւ քոյրը՝ Մելինէն՝ Միսաքին կինը մնայուն կը խօսէին իր մասին: Մելինէն մահացաւ 1989- ին: Մեծ մօրս բարեկամներէն կը յիշեմ Տիրան Ոսկերիչեանը եւ Ռուբէն Մելիքը: Կը հանդիպէի անոնց երբեմն. կը խօսէին Միսաքին մասին: Կամաց-կամաց այս պատմութիւնները դարձան կեանքիս առանցքը եւ ընտանիքս դարձաւ իմ դիցաբանական աշխարհը, իսկ Միսաքն ու Մելինէն իմ կուռքերս», հպարտութեամբ սկսաւ պատմել Քաթիան:

Մանուշեան ամոլին մասին իր ապրումները Քաթիա կը փորձէ շօշափելի իրականութեան վերածել նախ երբ սինեմայի ուսանող իբրեւ զեկոյց կը պատրաստէ վաւերագրական իր առաջին ֆիլմը Միսաքին մասին, ապա 2006-ի Փարիզի մէջ կը կազմակերպէ ցուցահանդէս մը, որ մեծ ընդունելութեան կ’արժանանայ, մանաւանդ որ հոն ներկայացուած կ’ըլլան Մանուշեանի ընտանեկան արխիւներն ու անտիպ նամակները: «Missak» գիրքին հեղինակ Didier Daeninckx երբ մեր տունը այցելեց եւ հոն տեսաւ Միսաքի անտիպ արխիւները, ըսաւ. «Ալի պապայի քարա՞յրն է այս արդեօք», նշեց Քաթիա:

2014-ին, Բ. աշխարհամարտին գերամանացիներու կողմէ գնդակահարուած Մանուշեան խումբի նահատակութեան 70-ամեակին առիթով, երբ օրուան նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ կը յայտարարէր իր կողմէ «պանթէոնականացուած» ցանկին աննունները, ի զարմանս բոլորին, ցանկէն կը բացակայէր Միսաք Մանուշեանի անունը: «Այս առիթով է որ խնդրագիրներու արշաւ մը սկսաւ Էլիզէ պալատին ուղղութեամբ», դիտել տուաւ Քաթիա Կիրակոսեան եւ շարունակեց պատմել. «երկու-երեք տարի առաջ ինծի կապուեցաւ Unité Laïque կազմակերպութեան նախագահ Ճան-Փիեռ Սաքունը եւ առաջարկեց՝ նկատի ունենալով, որ ես ուղղակի առնչակից եմ արշաւին, մաս կազմել այն յանձնախումբին, որ խնդրագիր պիտի ներկայացնէ Էլիզէ պալատ: Սիրով ընդունեցի: Ասկէ քանի մը ամիս առաջ, մեզի կապուեցան Էլիզէ պալատէն եւ հանդիպումի մը հրաւիրեցին նախագահ Մաքրոնի յիշատակումներու խորհրդական Պրունօ Րոժէ-Փէթիի հետ: Սոյն հանդիմումին մանրամասն խօսեցանք Միսաքի խորհրդանշած արժէքներուն, անոր ազատատենչութեան, մարդկայնութեան եւ համայնականութեան մասին եւ շեշտեցինք թէ ինչու կարեւոր է անոր պաթէոնականացումը: Բնականօրէն, անոնք ընդունեցին: Մեզի հրաւիրեցին երկրորդ հանդիպումի մը՝ այս անգամ նախագահ Մաքրոնի հետ: Մէկ ժամ տեւած տեսակցութեան ընթացքին խօսեցանք Միսաքի եւ Մելինէի մասին: Այս տեսակցութեան յաջորդեց 18 Յունիսի նախագահական յայտարարութիւնը եւ Միսաքի պանթէոնականացման որոշումը` 21 Փետրուար 2024-ին»:

«Մեծ եղաւ մեր ուրախութիւնը Միսաքի եւ Մելինէի համար, Ֆրանսայի համար եւ հայութեան համար: Առաջին անգամ ըլլալով գաղթական ֆրանսացի մը, հայ մը կը պանթէոնականացուէր: Բոլոր ֆրանսացիները, բոլոր հայերը, աշխարհի բոլոր ազատատենչերը պէտք է հպարտ զգան Միսաքով եւ Մելինէով: Ազգային խորհրդանիշեր են անոնք», ընդգծեց Քաթիա Կիրակոսեան:

Ինչ կը վերաբերի վաւերագրական ժապաւէնի պատրաստութեան, Քաթիա Կիրակոսեան նշեց, որ շատոնց այդ ծրագիրը ունէր իր մտքին մէջ, բայց կը սպասէր յարմար ու պատեհ առիթին: Ան բացատրեց թէ ուրիշներ ալ ձեռնամուխ են նման ժապաւէնի պատրաստութեան, բայց «իմս ուրիշ պիտի ըլլայ, անձնականացուած պիտի ըլլայ, որովհետեւ ան նաեւ իմ ընտանիքիս պատմութիւնն է: Ես անոնց հետ հասակ առի: Անոնց նուիրումն ու նահատակութեան կամքը կը հոսին երակներուս մէջ», ըսաւ ան:

«Ես շատ հպարտ եմ Միսաքով եւ Մելինէով: Անոնք հաւատքով ընտրեցին իրենց ճամբան եւ երբեք չդաւաճանեցին իրենց սկզբունքներուն: Անոնք նոյնիսկ իրենց զաւակը զոհեցին ազատութեան բագինին, որովհետեւ Մելինէն յղի էր դիմադրութեան կռիւներուն ատեն եւ դժբախտաբար կորսնցուց իր զաւակը, բայց իրենց օրինակով, անոնք կտակ մը, աւանդ մը թողուցին բազմաթիւ զաւակներու՝ սիրելու ազատութիւնը եւ կռուելու անոր սիրոյն», եզրափակեց Քաթիա Կիրակոսեան:

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x