Թամար Ինճէեան – Թաշճեան. «Կամքս եւ մտքիս ուժը յաղթեցին ֆիզիքական տկարութեանս»։

ՆԱԽԱԲԱՆ. «Մայր կայ, մա՛յր ալ կայ…»

Մարդ արարածը իր գոյութէնէն ի վեր, այլ սովորութիւններու կողքին, զարգացուցած է «փառաբանութեան» գաղափարը: Ան գլխաւորաբար երկրպագած ու փառաբանած է այն էակները  կամ ազդեցիկ ուժերը, որոնք մեծ ներգործութիւն ունեցած են իր կեանքին եւ առօրեային մէջ՝ սկսեալ Արարիչէն (նախախնամութենէն) մինչեւ գերակայութիւնները, անցնելով մայր բնութենէն մինչեւ չաստուածները,  հասնելով իր ծնունդին հիմնական աղբիւրը՝ մայրը, կամ իր գլխաւոր պաշտպանը՝ հայրը եւ ապա իր գոյութեան իմաստն ու շարունակականութեան գրաւականը՝  զաւակը (երեխան)…:

Եւ այսպէս ժամանակին հետ զարգանալով փառաբանութեան գաղափարը ունեցած է տարբեր դրսեւորումներ, ինչպէս օրինակ՝ մեր կեանքը զարդարող տօները, որոնք այլազան եւ բազմաբնոյթ տօնախմբութիւններ ըլլալէ անդին, շատ յաճախ նաեւ առիթներ են երկրպագութեան, երախտագիտութեան, շնորհակալութեան…:

Ինչպէս գիտենք, բոլոր ժողովուրդներուն մօտ ալ այդ տօներէն ոմանք յատուկ են, իսկ ուրիշներ ընդհանրական, ինչպէս՝ մայրերու, հայրերու ու մանուկներու տօները, որոնք թեէւ աշխարհի զանազան ժողովուրդներու եւ ազգերու կողմէ կը նշուին տարբեր թուականներով եւ սովորութիւններով, այսուհանդերձ իրենց մէջ կը պարունակեն հասարակաց կէտեր եւ հետեւաբար նաեւ` միեւնոյն ընկալումը կամ ըմբռնումը:

Օրինակ մը տալու համար նշենք, որ հայերը «Մայրու տօն»ը կը նշեն Մայիսին եւ այդ նպատակով ալ ամբողջ ամիսը նուիրած են մայրերուն:

Այս առիթով, գրէթէ ամէն տեղ, կը կազմակերպուին յատուկ տօնակատարութիւններ, տարբեր ձեռնարկներ, ինչպէս նաեւ` անհատական-ընտանեկան հաւաքներ, ուր բոլորը միաբերան կը փառաբանեն մայրը` վեր առնելով անոր անձնազոհութիւնը, նուիրուածութիւնը, սէրը, հոգատարութիւնը, գուրգուրանքը, ծառայութիւնը…. եւ ծաղկեփունջ ու այլ տեսակի պարգեւներ նուիրելով,  կը «պատուեն» զայն` փոխարէնը ստանալով խղճի անհուն հանգստութիւն եւ կարեւոր պարտականութիւն մը՝ «ճիտին պարտքը» կատարած ըլլալու ինքնաբաւութիւն..

Արդէն իսկ աւանդական դարձած այս հանդիսութիւնները սակայն, արդեօք ինչպէ՞ս կը բնորոշեն «մայրը» եւ ինչպէ՞ս կը կատարեն այդ էակին սահմանումը: Արդեօք «մօր» մասին սովորաբար հնչած շռայլ գովեստները կամ զանոնք զատորորոշող յատկանիշները կրնա՞ն վերաբերիլ առհասարակ  բոլոր մայրերուն, թէ կան տակաւին մայրեր, որոնք դուրս կը մնան մեր այդ «սահմանափակ» միտքերէն ու մտածումներէն: Մեր ճշդած չափանիշերէն դուրս ու որոշ չափով «տարբեր» եղող մայրեր արդեօք մոռացութեան չե՞ն մատնուիր:

Մօր մասին մեր դասական ձեւակերպումներուն մէջ արդեօք նկատի կ՛առնուի՞ն հաշմանդամ կամ յատուկ կարիքներու տէր մայրերը, յատուկ կարիքներ ունեցող զաւակներու մայրերը, զաւակ  կորսնցուցած, հիւանդ զաւակ խնամած կամ հիւանդութենէ տառապած մայրերը, ամուսին կորսնցուցած ու իրենց տան ու ընտանիքին բեռը իրենց ուսերուն շալկած մայրերը, երկար ատեն մայրանալու անբացատրելի երազով ապրած, սակայն զայն երբեք չիրագործած «Մայրերը»։ Նոյնիսկ մեծ մայրերը՝ որոնց դերը այսօր՝  մեր ժամանակներուն, յատուկ կարեւորութեամբ ընդգծուած է մեր ընկերութեան մէջ, հոգեւոր ու խորհրդանշական ներկայութենէ մը զանոնք վերածելով զաւակներու դաստիարակութեան եւ խնամքի գործոն անդամի, մանաւանդ աշխատող մայրերու պարագային։ Մայրերու տօնին առիթով արդեօք կարելի չէ՞ նաեւ յիշել հարազատ զաւակ չունեցած, սակայն ընտանիքի բոլոր անդամներուն իսկական մայր եղած էակները՝ ըլլան անոնք մօրաքոյր, հօրաքոյր, քոյր․․․կամ ալ իբրեւ «Մայր»՝ հաւաքականութիւններ առաջնորդած, որբախնամ առաքելութեան մէջ ներգրաւուած ու բարեսիրական արարքներով մայրական ծառայութիւն մատուցած նուիրեալները։

Այս օրերուն, երբ «մայրերէն» ետք կը նշուին նաեւ «հայրերու» եւ «երեխաներու» նուիրուած տօները` հարկ կը զգանք նախ եւ առաջ մտածելու եւ յիշելու ճակատագրի եւ պայմաններու բերումով իրենց կեանքը «տարբեր» ձեւով  ապրող էակները, որոնք իրենց ապրած ամէնօրեայ տառապանքներով ու դժուարութիւններով հանդերձ կը փորձեն լուսաւորել մեր կեանքը եւ իրենց սեփական օրինակով փայփայել յոյսը, որ շատերու մօտ երբեմն ակամայ չքացած է:

Լրագրող Շողեր Գառնէշեան-Մխճեան իր «մայր կայ, մա՛յր ալ կայ…» շարքով կ՛անդրադառնայ երկու «տարբեր» մայրերու, որոնք իրենց իւրայատուկ եւ ուսանելի օրինակով շատ բան ունին տալիք մեր ընկերութեան:

Ստորեւ նախ  ծանօթանանք Թամար Ինճէեան Թաշճեանին:

Թամար Ինճէեան – Թաշճեան. «Կամքս եւ մտքիս ուժը յաղթեցին ֆիզիքական տկարութեանս»։

Թամար Ինճէեան Թաշճեան ծնած է 1970-ին, Այնճար։ Յաճախած է տեղւոյն Ազգ․ «Յառաջ – Գ․ Կիւլպէնկեան» վարժարանը։ Համալսարանական ուսումը ստացած է Լիբանանի Պետական Համալսարանին մէջ (Զահլէ), տիրանալով Պսակաւոր Արուեստից վկայականի՝ անգլերէն լեզուի ուսուցում եւ թարգմանութիւն (English literature teaching and translation) մասնագիտութեամբ։

Թամար համալսարանի դասախօսին եւ դասընկերներուն հետ:

Թամար Ինճէեան- Թաշճեան ունի առողջական յատուկ կացութիւն մը, որ կը բնութագրուի իբրեւ «Սերեպրըլ Փալսի»Cerebral  Palsy: Այս հիւանդութիւնը  ի ծնէ է եւ կը պատճառէ քալելու դժուարութիւն-կաղութիւն։

Թամարը՝ Յովհաննէս եւ Ալիս Ինճէեաններու 4րդ՝ կրտսերագոյն զաւակն է, որ նաեւ ունեցած է իրմէ մեծ երկու եղբայրներ եւ քոյր մը:

«Կազմաւորմանս վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցած են եղբայրս եւ քոյրս, որոնք երկուքն ալ մահացած են: Եղբայրս՝ Պետիկ Ինճէեան (ծնողքիս անդրանիկ զաւակը) եղած է ազգային-գաղափարական դաստիարակութեամբ կերտուած գործունեայ կուսակցական-միութենական  երիտասարդ մը՝ անդամակցելով Հ.Յ.Դ Լ.Ե.Մ.-ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի: Ան նաեւ եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մարզիկ (ֆութպոլիստ) եւ մարզիչ: Հայ Դատի հետապնդման ճամբուն վրայ Միջազգային ընտանիքի ուշադրութիւնը գրաւելու եւ Թուրքիան զգաստութեան հրաւիրելու նպատակով ծրագրուած «զինեալ պայքար»-ի ծիրէն ներս գործուղղուած է Ֆրանսա, զինեալ գործողութիւն մը կատարելու համար Փարիզի թրքական դեսպանատան դէմ: Ան սակայն ռումբի պատրաստութեան ժամանակ նահատակուած է: Ես շատ փոքր էի այդ ատեն, հազիւ 5 տարեկան, սակայն եղբօրս մասին շատ բան լսած եմ քրոջմէս՝ Անիէն, որ տան միջնեկն էր: Եղբայրս զիս կ՛անուանէր «աղուոր»: Բնաւ չեմ մոռնար եղբօրս որոշումը, որ զիս առաջնորդած էր մանկապարտէզ, ուրկէ ընթացք առաւ կեանքը դիմագրաւելու վճռակամութիւնս, հակառակ ունեցած ֆիզիքական դժուարութիւններուս:

Քոյրս՝ Անի Ինճէեան, իր կարգին, մեծ դեր ունեցած է դաստիարակութեանս եւ կազմաւորմանս մէջ` փորձելով դառնալ հայելի մը, որ կ՛արտացոլայ թէ՛ ազգային եւ թէ՛ մարդկային արժանիքներ: Ան եւս եղած է գործունեայ կուսակցական եւ միութենական անդամ, սակայն չափազանց ծանր տանելով եղբօրս մահը, վարակուած է քաղցկեղէ, որ դժբախտաբար զինք եւս խլեց մեզմէ, երբ 13 տարեկան էի: Անոնց բացակայութիւնը մինչեւ այսօր կը զգամ կեանքիս մէջ»:

Կ՛ուզեմ նաեւ աւելցնել, որ Պետկէն փոքր (Անիէն մեծ) եղբայր մըն ալ ունեցած եմ՝ Մովսէս, որ ծնելէս առաջ մահացած է, որսի ընթացքին պատահած արկածի մը հետեւանքով»:

Թամար Ինճէեան – Թաշճեան հակառակ իր ֆիզիքական դժուարութիւններուն եւ յատուկ կարիքներու տէր անձ մը ըլլալուն ունեցած է նաեւ ծնողքին նեցուկը եւ քաջալերանքը կոտրելու բոլոր արգելքները եւ «կարծրատիպերը» եւ համարկուելու իրմէ «տարբեր» շրջապատին հետ եւ ըլլալու ընկերութեան մէկ «պարզ ու սովորական» անդամը:

«Ծնողներս միշտ քաջալերած են զիս համարկուելու ընկերութեան մէջ։ Անոնք ճիգ չեն խնայած որ կրթութիւն ստանամ եւ նոյնիսկ համալսարան յաճախեմ, որովհետեւ երբ միտքը փայլուն է, ֆիզիքական տկարութիւնը չի կրնար արգելք հանդիսանալ նպատակներու իրագործման»։

Երբ ան Զահլէի Պետական Համալսարանը կը յաճախէր, հայրը՝ ամէն օր իր ինքնաշարժով զինք Այնճարէն Զահլէ կը տանէր եւ մինչեւ բոլոր դասերը աւարտելը, համալսարանի պահակ – դռնապանին յատուկ սենեակը իրեն կը սպասէր։ 1997-ին համալսարանը աւարած է պատուոյ յիշատակութեամբ, որովհետեւ կը սիրէր սորվիլ եւ միշտ ըլլալ կամքի տէր՝ նպատակներուն հասնելու համար։

Թամար գրասեղանին դիմաց աշխատանքի պահուն:

Խօսելով իր գործի ասպարէզին մասին, Թամար Ինճէեան – Թաշճեան կը նշէ.-«Համալսարանական ուսումս աւարտելէ ետք, երկու տարի աշխատեցայ Այնճարի Հայ Աւետարանական համայնքին հովանիին տակ գործող գիշերօթիկի հիմնարկէն ներս իբրեւ ուսուցչուհի, ապա 19 տարի ծառայեցի Ազգ․ «Յառաջ – Գ․ Կիւլպէնկեան» վարժարանին մէջ իբրեւ օգնական քարտուղարուհի»։

2008-ին կ՛ամուսնանայ Լիբանանի մարաթոնի ախոյեան ՝ մարզիկ Լեւոն Թաշճեանի հետ։ Բնականաբար իրենց պատմութիւնը մեծ աղմուկ կը բարձրացնէ:

Թամար եւ Լեւոն Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ առջեւ:

Ըստ իր պատմածներուն, նոյնիսկ Լիբանանի Թեմի օրուայ առաջնորդ սրբազանը իրեն հարց տուած է, թէ ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ իրենց կեանքը, երբ ինք այդքան «կամաց» կը քալէ, իսկ Լեւոնն ալ «արագ» կը վազէ, իսկ ինք ալ պատասխանած է ըսելով, թէ իրենք այդ մէկը կը համադրեն այսինքն՝ «կամացին» եւ «արագին» միջեւ կը համաձայնին։ Եւ իրաւամբ ալ հետագային սրբազան հայրը եղաւ վկան ու ականատեսը այս  հիանալի հայ ընտանիքին։

Թամար-Լեւոն ամոլը 2013-ին ունեցան եռեակ զաւակներ՝ երկու աղջիկ եւ մէկ մանչ` Անի, Արին եւ Պետօ։

Թամար իր զաւակներուն հետ:

«Մենք ամէն ջանք ըրինք որ անոնք մեծնան հայկական մաքուր ոգիով», կը նշէ ան եւ կ՛աւելցնէ .-

«Երեխաներուս համար վստահաբար դժուար էր տեսնել միւս մայրերէն «տարբեր» մայր մը։ Սակայն իրենք վարժուեցան «իմ» տեսակիս։ Ես ամէն ձեւով կ՛օգնեմ իրենց՝ դասեր, դաստիարակութիւն, խրատ, եւ այլն, բայց երբեմն զերծ կը մնամ ֆիզիքական մեծ ջանքեր պահանջող գործերէ, որոնց մեծ մասին պարտականութիւնը կ՛իյնայ ամուսինիս ուսերուն։ Մեր այս իւրայատուկ դրութիւնը նաեւ որոշ պատասխանատուութիւններ դրած է մեր զաւակներուն վրայ եւ որոնք գիտակից կերպով կ՛ընկալեն այդ բոլորը, եւ բնականաբար ինքնավստահ կը մեծնան։ Մենք ամէն ինչ կը բացատրենք մեր զաւակներուն, կը խօսինք անոնց հետ տարբեր նիւթերու մասին, եւ մանաւանդ զանոնք կը մարզենք դիմագրաւելու կեանքի դժուարութիւնները եւ մանաւանդ լաւը եւ բարին լաւապէս ճանչնալու հմտութիւնները, որպէսզի ի վերջոյ ըլլան տիպար քաղաքացիներ։

Թամար իր ընտանիքին հետ:

Լիբանան ծնած ըլլալով, վստահաբար շատ դժուարութիւններու հանդիպած է կեանքին մէջ։

«Նման երկրի մը մէջ յատուկ կարիքներու տէր անձի մը կամ յատկապէս իմ պարագաս ունեցողներուն համար կացութիւնը կ՛ըլլայ աւելի ծանր, որովհետեւ հանրային համապատասխան փոխադրամիջոցներ չկան, բժշկական որոշ կարելիութիւններու պակաս կայ, նաեւ կան զանազան արգելքներ։

Կրնամ ըսել, որ իմ կամքս եւ մանաւանդ մտքիս ուժը յաղթեցին ֆիզիքական տկարութեանս։ Նաեւ շնորհիւ ծնողքիս, ամուսինիս եւ շրջապատիս, կրցայ գոյատեւել եւ ըլլալ այս ընկերութեան մէջ ընդգրկուած մարդ էակ մը։ Շատ բախտաւոր եմ, որ նաեւ դարձայ մայր մը, որ կը ջանայ իր զաւակները կրթել եւ կերտել որպէս հայ անհատներ», կ՛եզրափակէ ան:

Շողեր Գառնէշեան – Մխճեան (Պէյրութ, Լիբանան) մասնագիտութեամբ լրագրող է, ուսանած է Communication Arts (Radio & TV), երկար տարիներ աշխատած է ձայնասփիւռի կայանի մէջ իբրեւ քաղաքական լուրերու համադրող, խմբագրող եւ հաղորդավար։ Մեծ սէր կը տածէ արուեստներու նկատմամբ։ Նախասիրած զբաղումը գրելն է, գրութիւններով հանդէս եկած է գլխաւորաբար ընկերային ցանցերու անձնական էջերէ։ Ամուսնացած է, մայր է երկու զաւակներու։

Subscribe
Տեղեկացում
guest

1 Comment
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
Յակոբ Փանոսեան

Սքանչելի գրութիւն, սքանչելի օրինակ: Ապրիք թէ’ դուն եւ թէ Թամար ինճէեան-թաշճեանը:

1
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x