«Զարմանահրաշ Հայ Կիներ». արարման մէջ, կարծրատիպերէն դուրս

Հարցազրոյց համահեղինակ Էլմիրա Այվազեանի հետ

«Անոնց, որոնք կամքը ունին փոխուելու, ընկերային-հասարակական պատնէշներէն անդին մտածելու, իրենց երազանքներու ճամբով երթալու եւ ապրելու հաւասարութեան, արդարութեան եւ ազատութեան մէջ»։  

Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հովանաւորութեամբ այս տարի լոյս տեսան Զարմանահրաշ Հայ Կիներ խորագրեալ մանկական գիրքի արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն տարբերակները: Շուտով անգլերէնն ալ լոյս պիտի տեսնէ: Գիրքի համահեղինակներն են Գայանէ Աղաբալեան եւ Էլմիրա Այվազեան. վերջինիս հետ  լրագրող Շողեր Գառնէշեան-Մխճեանի կատարած հարցազրոյցը կը ներկայացնենք ստորեւ:

—————————————————————————————————————————————–

Հարցում. Ինչպէ՞ս ծնաւ հայ կիներու մասին ուսումնասիրութիւններ կատարելու եւ ապա զանոնք գիրքի մը մէջ համախմբելու գաղափարը: Որքա՞ն ժամանակ խլեց աշխատանքային այս ամբողջ հոլովոյթը: 

Պատասխան . Գաղափարը ծնաւ համալսարանական ուսանող եղած ժամանակ, երբ ընկերուհիս՝ Գայիանէ Աղաբալեան, իր դասերէն մէկուն ընթացքին, առաջին անգամն ըլլալով լսեց Տիանա Աբգարի մասին։ Ոգեւորուած և ներշնչուած այս բացայայտումով, ան Տիանա Աբգարի մասին իր սորված եւ  ստացած տեղեկութիւնները կիսեց իմ եւ մեր միւս ընկերներուն հետ: Անմիջապէս մեր մէջ յառաջացաւ հարցում մը, թէ արդեօք մեր պատմութեան, գրականութեան, գիտութեան մէջ նման ի՞նչ կարկառուն կիներ կան, որոնց մասին բան չենք գիտեր։ Շուտով ունեցանք հայ կիներու հսկայ ցանկ մը, որուն մէջ ընդգրկուած անունները շատ կարեւոր աշխատանք կատարած են իրենց ոլորտին մէջ, եւ հետեւաբար, կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են նաեւ մեր պատմութեան մէջ, սակայն ինչ-ինչ պատճառներով անոնց մասին չենք գիտեր։ Մենք մեծցած ենք սորվելով միայն երկու կիներու մասին. Սօսէ Մայրիկ՝ իբրեւ Սերոբ Աղբիւրի կինը եւ ուսումնասիրած ենք  Սիլվա Կապուտիկեանի այն բանաստեղծութիւնները, որոնք միայն մայրութեան մասին են։

Մինչ այդ, նոյն ատեն իմացած էինք  Good night stories for rebel girls մանկական գիրքին մասին եւ շատ հաւնած էինք անոր  գաղափարը։ Մեզի համար ատիկա եղաւ մեկնակէտ մը որոշելու գրել Good night stories for rebel girls-ի ձեւաչափով մանկական գիրք մը, որ կը պատմէր այն հայ կիներուն մասին, զորս պէտք է ճանչնանք եւ որոնց պատմութիւնները կրնան ոգեշնչել երեխաները, որոնք մեզի նման ունին կամ ունեցած են այդ ներշնչանքին պակասը։

Գիրքին գաղափարը ունենալուն պէս սկսանք աշխատիլ անոր վրայ: Ուսումնասիրական-հետազօտական ու ստեղծագործական աշխատանքները տեւեցին 4 տարի։

Այդ չորս տարիներուն ընթացքին կատարեցինք հսկայական ուսումնասիրական-հետազօտական աշխատանք մը` տեղեկութիւններ բացայայտելու այս կիներուն մասին և վստահ ըլլալու, որ մեր ձեռք ձգած բոլոր տեղեկութիւնները առաւելագոյն չափով ճշգրիտ են։ Աւելցնենք նաեւ, որ մանրակրկիտ աշխատանք կատարած ենք պատմաբաններու, կրթական մասնագէտներու եւ հոգեբաններու հետ` այս տեղեկութիւնները առաւելագոյն չափով հասանելի և մատչելի կերպով մատուցելու մեր թիրախային ընթերցողին։

Գիրքին մէջ ներառնուած տիպարներէն՝ ժամանակակից բոլոր կիներուն հետ ունեցած ենք հարցազրոյցներ, ինչպէս նաեւ պատմութիւններու եւ պատկերազարդումներու հանգրուանին սերտ կապի մէջ եղած ենք անոնց հետ, վստահ ըլլալու, որ ամէն բան նաեւ իրենց համաձայնութեամբ կատարուած ըլլայ:

Իսկ պատմական կիներու պարագային կատարած ենք արխիւային աշխատանք մը` կապ հաստատելով անոնց հարազատներուն եւ կենսագրագէտներուն հետ, որպէսզի այդ պատմութիւններն ու պատկերազարդումները դարձեալ հնարաւոր չափով ըլլան համապատասխան այս կիներուն ինքնութեան։

Հարցում. – Ինչո՞ւ միայն կիներ: Ինչպիսի՞ պատգամ մը կ՛ուզէք փոխանցել: Արդեօք մեր հայ իրականութեան կամ հասարակութեան մէջ տակաւին տիրապետո՞ղ է «հայրիշխանութեան» հասկացողութիւնը եւ արդեօք իբրեւ այդպիսին, ձեր այս նախաձեռնութիւնը «կարծրատիպեր» կոտրելու նպատակի՞ն կը ծառայէ: 

Պատասխան – Շատ փոքր տարիքէն կը սկսինք սորվիլ եւ ուսումնասիրել տղամարդոց մասին, որոնք անշուշտ ունեցած են շատ կարեւոր աշխատանք ու դեր իրենց ոլորտին մէջ։ Միաժամանակ մենք ուղղակի կ՛անտեսենք այն կիները, որոնք նոյնպէս ունեցած են կարեւոր ներդրում և ոչ պակաս արմատական դեր մեր կեանքերուն մէջ, բայց անոնք անտեսուած են եւ գրեթէ ոչ ոք  գիտէ անոնց մասին։ Այսպիսով կը նկատենք, որ մենք ոչ միայն կը կորսնցնենք մեր ժառանգութեան մեծ ու կարեւոր մէկ մասը, այլ նաեւ կ՛ունենանք սերունդներ, որոնք չունին ոեւէ կին ոգեշնչող իտէալ կամ աղբիւր։ Գիրքին մէջ որոշեցինք ներառնել միայն կիներ, որպէսզի բաւարար տեղ տանք ու լուսաբանենք այն կիները, որոնք դարեր շարունակ անտեսուած են եւ որպէսզի նաեւ բացայայտենք այն ժամանակակից կիները, որոնք մինչ այսօր  կը շարունակեն արարել և կոտրել կարծրատիպեր:

Բացի սեռերու շուրջ ձեւաւորուած կարծրատիպերը կոտրելէ, այս գիրքով նաեւ փորձած ենք կոտրել «յաջողութեան» գաղափարին շուրջ ձեւաւորուած կարծրատիպերը։ Գիրքին մէջ յաջողակ համարած ենք ոչ միայն պատմական կիներ, որոնք մեծ ներդրում ունեցած են իրենց ոլորտին մէջ, այլեւ այն կիները, որոնք կ՛ընեն այն ինչ կը սիրեն, հակառակ հասարակութեան ճնշումներուն եւ գոյութիւն ունեցող սահմանափակումներուն (կրնանք թուել քանի մը օրինակ՝ ճանապարհորդ, դհոլահար, հողագործ եւ այլն) ։ Ասիկա նոյնպէս շատ կարեւոր գաղափար մըն էր մեզի համար, որ մարդ կրնայ ըլլալ հասարակութեան շատ կարեւոր անդամ մը եւ ունենալ շատ կարեւոր աշխատանք մը` առանց նոյնիսկ հասնելու գրաւիչ տիտղոսներու կամ հարստութեան։

Այս երկու գաղափարները շատ կարեւոր էին հայրիշխանութեան դէմ պայքարելու համար, եւ կը յուսանք, որ այդ ուղղութեամբ որոշ տեսակէտներ կամ պատգամներ ալ կրցանք փոխանցել մեր ընթերցողին։

Հարցում. Եկէք անդրադառնանք գիրքի բովանդակութեան. նախ խնդրեմ նշեցէք թէ քանի՞ հայ կին կը ներկայացնէք: Կարելի՞ է փակագիծերը բանալ ու ընդլայնուած ձեւով խօսիլ նաեւ ձեր «հերոսներուն» ընտրութեան համար որդեգրուած չափանիշերուն կամ հիմքերուն մասին:

Պատասխան –  Գիրքին հերոսներու ընտրութեան համար ունեցած ենք քանի մը չափանիշեր:

  1. Ընտրուած կիները պէտք է ըլլային հայազգի։ Հակառակ անոր, որ ունինք կիներու առհասարակ ցած ճանաչելիութեան համաշխարհային խնդիր, սակայն նկատած ենք, որ այս խնդիրը շատ աւելի խոր է Հայաստանի եւ հայկական համայնքներուն մէջ։ Քանի որ գիրքը գլխաւորաբար թիրախ ունի հայ ընթերցողները, փորձած ենք կիսել պատմութիւններ, որոնք հնարաւոր չափով մօտ են ընթերցողին իրականութեան։ Ասիկա նաեւ մեզի եւ մեր ընթերցողին հնարաւորութիւն կու տայ ա՛լ աւելի լաւ ճանչնալու մեր ժառանգութիւնն ու ներկան, որոնք առանցքային են մեր զարգացման համար։
  2. Պահած ենք մասնագիտութիւններու բազմազանութիւն։ Փորձած ենք կիսել առաւելագոյնս բազմատեսակ մասնագիտութիւններու տէր կիներու պատմութիւններ, որպէսզի ընթերցողը ունենայ ոգեշնչումի եւ ընտրութեան լայն պատկերացումներ` առանց սահմանափակուելու հասարակութեան կողմէ յառաջ բերուած «լաւ աշխատանքի» բնորոշումներով ։
  3. Ընդգրկած ենք կիներ, որոնք կոտրած են կարծրատիպեր եւ հետեւած են իրենց երազանքին, հակառակ բոլոր ճնշումներուն։ Ասիկա կը վերաբերի թէ՛ պատմական, եւ թէ՛ ժամանակակից կիներուն։

Մեզի համար շատ կարեւոր էր ներառնել նաեւ ժամանակակից կիներ, որպէսզի անոնք ըլլան մեր ընթերցողին հնարաւոր չափով մօտ եւ նաեւ ի վերջոյ սորվինք գնահատել մարդիկը, որոնք դեռ կ՛ապրին եւ կը շարունակեն ստեղծել։

Հակառակ անոր, որ խստօրէն հետեւած ենք վերոյիշեալ կէտերուն, այդուհանդերձ մեր ընտրութիւնը ունեցած է նաեւ ենթակայական տարրեր, եւ կը յուսանք, որ հետագային կարելի կ՛ըլլայ ձեւով մը լուսաբանել նաեւ զարմանահրաշ այլ կիներ։

Հարցում. Ներկայիս ունինք գիրքին հայերէն տարբերակը (արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն առանձին հարատարակութիւններով) եւ մօտ օրէն ան նաեւ լոյս կը տեսնէ անգլերէնով: Որո՞ւն ուղղուած է ան:

Պատասխան.-  Գիրքի գաղափարն ունենալու առաջին իսկ օրէն, անոր կապուած իւրաքանչիւր փոքր մանրամասնութիւն փորձած ենք նախատեսել այնպէս մը, որ գիրքը չընկալուի իբրեւ «գիրք՝ աղջիկներու համար»։ Գիրքին բովանդակութիւնը առանցքային գիտելիք կը փոխանցէ եւ որուն մասին պէտք է իմանան բոլորը` անկախ սեռէն։ Այլ խօսքով՝ որքան ալ կարեւոր, որ բոլորը իմանան տղամարդ գրողներու, արուեստագէտներու, գիտնականներու մասին, նոյնքան կարեւոր է տեղեկանալ կիներու մասին։

Հակառակ անոր, որ մեր նպատակային-թիրախային ընթերցողը 10+ տարեկաններն են եւ գիրքը կը նկատուի մանկական, մեր ներկայացուցած պատմութիւններուն մէջ ամէն մէկ բառ հիմնուած է հաւաստի տեղեկութիւններու վրայ եւ հոն երբեք չկան յօրինուած բաներ` նոյնիսկ գեղարուեստական նպատակներով։ Հետեւաբար, ասիկա կրնայ նաեւ ծառայել իբրեւ հաւաստի տեղեկութիւններու աղբիւր եւ նկատուիլ բացայայտումներով լեցուն ընթերցանութիւն՝ նոյնիսկ մեծերու համար։

Շատ կը կարեւորենք նաեւ գիրքին հասանելիութիւնը թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի հայ համայնքներուն մէջ։ Այս նպատակով գիրքին հրատարակումէն անմիջապէս ետք շրջագայեցանք Հայաստանի տարբեր մարզեր եւ այցելեցինք տարբեր դպրոցներ ու հասարակական կազմակերպութիւններ, որոնց նուիրեցինք գիրքերէն օրինակներ և ունեցանք հանդիպումներ ընթերցողներու հետ։ Գիրքը նաեւ ուղարկեցինք հայ համայնքներ ունեցող  շարք մը երկիրներ, ինչպէս նաեւ` հոն գործող կարեւոր կեդրոններ։ Այս նախաձեռնութիւնները շարունակական պիտի ըլլան եւ կը յուսանք, որ ժամանակի ընթացքին գիրքը աւելի լայն տարածում կը գտնէ։

Հոս կ՛ուզեմ նշել, որ մեզի համար առաջնահերթութիւն մըն  էր նաեւ ունենալ գիրքին արեւմտահայերէն տարբերակը, նախ՝ որպէս յարգանքի տուրք անոր մէջ ընդգրկուած այն կիներուն, որոնց մայրենի լեզուն եղած է ան եւ որպէսզի նաեւ զարգացնենք արեւմտահայերէն գրականությունը։

Հարցում. – Այս իւրայատուկ նախաձեռնութեան իրականացումը ձեր հետ միասին որո՞ւ կը պարտիք: Որո՞ւ հետ կ՛ուզէք կիսուիլ ձեր աշխատանքին արգասիքը եւ որո՞ւ կ՛ուզէք նուիրել զայն:  

Պատասխան .-  Այս գիրքը լոյս պիտի չտեսնէր առանց բազմաթիւ անհատներու աջակցութեան։ Մեր խորին գնահատանքը Գայիանէ Ղազարեանին՝ այս գիրքին պատմութիւններուն մէջ իր ունեցած հսկայական մասնակցութեան համար։ Երախտագիտութեամբ կը յիշատակենք Լիլի Աւետեանը, որ այս արկածախնդրութիւնը սկսաւ մեզի հետ։ Ի խորոց սրտէ շնորհակալութիւն կը  յայտնենք մեր հրաշալի պատկերազարդողներուն՝ Նուշ Պետրոսեանին եւ Արծրուն Գանջալեանին, որոնք ժամերով աշխատեցան մեզի հետ` քննարկելու համար իրենց պատկերազարդումներուն ամէնէն փոքրիկ մանրամասնութիւնները։ Շնորհակալութիւն նաեւ Արմինէ Սահակեանին` պատկերազարդումին իր մասնակցութեան համար։ Շնորհակալ ենք նաեւ Շաղիկ Շահինեան-Արծրունիի արեւմտահայերէնի թարգմանութեան և Մելանի Գլըճեանին՝ սրբագրական աշխատանքին համար։

Շնորհակալ ենք մեր խորհրդատուներուն՝ Տոքթ. Հուրիկ Ադդարեանին եւ Տոքթ. Մելիսսա Պիլալին, որոնց հետ երկու տարի շարունակ տնտղեր-քններ‚ հետազօտեր եւ խմբագրեր ենք իւրաքանչիւր պատմութիւն։ Շնորհակալական խօսք ունինք նաեւ Սիւզան Տաղլեանին, Միմի Ծառուկեա- նին, Տոքթ. Լեռնա Էքմեքճիօղլուին, Տոքթ. Ռոբերտ Սուքիասեանին եւ Տոքթ. Նետա Պեպիրօղլուին՝ իրենց մնայուն աջակցութեան եւ արժէքաւոր արձագանգին համար։ Մեծ շնորհակալութիւն այս գիրքին մէջ ներկայացուած կիներու ընկերներուն, կենսագիրներուն եւ պատմաբաններուն, որոնք մեր զարմանահրաշներուն կեանքին մասին արժէքաւոր մանրամասնութիւններ փոխանցեցին մեզի։

Մեծ ու սրտալի շնորհակալութիւն Քարէն Սմիթին, Հրանուշ Շահնազարեանին եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան՝ իրենց նեցուկին համար եւ մեր բոլոր նուիրատուներուն, որոնց սրտաբուխ մասնակցութեամբ այս գիրքին հրատարակութիւնը կարելի դարձաւ։

Շնորհակալ ենք մեր ընտանիքներուն եւ մեր կեանքի ընկերներուն առաջին օրուընէ մեզի թեւ ու թիկունք ըլլալու համար։

Բայց բոլորէն աւելի եւ բոլորէն առաջ այս գիրքին մէջ ներկայացուած պատմական դէմքերէն իւրաքանչիւրին կ’ըսենք՝ շնորհակալութիւն մեզի ձեր աւանդածին համար, իսկ մեր ժամանակակիցներէն իւրաքանչիւրին կ’ըսենք՝ շնորհակալութիւն այսպիսի օրինակելի կերպարներ ըլլալու համար եւ շնորհակալութիւն, որ արտօնեցիք մեզի Ձեր պատմութիւնները պատմելու։

Իսկ գիրքը կը նուիրենք «Անոնց, որոնք կամքը ունին փոխուելու, ընկերային-հասարակական պատնէշներէն անդին մտածելու, իրենց երազանքներու ճամբով երթալու եւ ապրելու հաւասարութեան, արդարութեան եւ ազատութեան մէջ»։

Հարցում. – Փափաքողները գիրքը ինչպէ՞ս կրնան ձեռք ձգել :

Պատասխան . – Գիրքը այս պահուն հասանելի է Հայաստանի երեք յայտնի գրախանութներու ցանցերով՝ Բուկինիստ, Զանգակ և Էպիգրաֆ։ Գիրքը ձեռք բերելու համար կարելի է նաեւ գրել մեր ընկերային ցանցերու էջերուն՝ https://www.instagram.com/armenianwonderwomen/ եւ մենք կը կազմակերպենք եւ կը կատարենք գիրքին առաքումը։ Յոյսով ենք որ շուտով գիրքը ֆիզիքապէս նաեւ հասանելի կ՛ըլլայ Մ. Նահանգներու եւ Քանատայի մէջ. մենք արդէն իսկ աշխուժօրէն կ՛աշխատինք այդ ուղղութեամբ։

Հարցում.- Ի՞նչ են ձեր ապագայի ծրագիրները: Այս գիրքը շարունակութիւն պիտի ունենա՞յ:

Պատասխան .- Ներկայիս եւ յառաջիկային նոյնպէս մեր նպատակն է շրջագայիլ Հայաստանի մարզերը, հետագային ալ հաւանաբար սփիւռքի համայնքները։ Մարզային այցելութիւններու ժամանակ կը հանդիպինք աշակերտներու, ուսուցիչներու, ծնողներու, գրադարանավարներու եւ համայնքէն ներս աշխուժ գործունէութիւն ծաւալող այլ մարդոց հետ, կ՛ընթերցենք գիրքէն հատուածներ, կը խօսինք անոնց մասին եւ կը քննարկենք։ Որպէս մեր նախաձեռնութեան շարունակութիւն նաեւ կը ծրագրենք խորապէս աշխատիլ մեր կայքին վրայ armenianwonderwomen.com եւ հոն աւելցնել այս չորս տարիներուն ընթացքին մեր հաւաքած բոլոր նիւթերը։ Յոյսով ենք նաեւ որ ապագային առիթ կ՛ունենանք շարունակելու մեր այս աշխատանքը ու գրել գիրքին յաջորդ հատորները։

 

 

Շողեր Գառնէշեան – Մխճեան (Պէյրութ, Լիբանան) մասնագիտութեամբ լրագրող է, ուսանած է Communication Arts (Radio & TV), երկար տարիներ աշխատած է ձայնասփիւռի կայանի մէջ իբրեւ քաղաքական լուրերու համադրող, խմբագրող եւ հաղորդավար։ Մեծ սէր կը տածէ արուեստներու նկատմամբ։ Նախասիրած զբաղումը գրելն է, գրութիւններով հանդէս եկած է գլխաւորաբար ընկերային ցանցերու անձնական էջերէ։ Ամուսնացած է, մայր է երկու զաւակներու։

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x