Լաւատեսութեան «Պատկեր» մը Պուրճ Համուտի գողտրիկ մէկ անկիւնէն

Քարէն Բարսեղեան

Թէեւ Պուրճ Համուտը սկսած է կորսնցնել իր երբեմնի հայկական փայլքը, սակայն տակաւին կան այնպիսի գողտրիկ անկիւններ, որոնք ոչ միայն կը յուշեն անցեալի փառքը, այլեւ այցելուները, հայ թէ օտար, կը ներշնչեն իրենց խանդավառ մթնոլորտով եւ յատուկ երանգով։ Նոր Մարաշի եռանդուն փողոցներէն մէկուն խաղաղ անկիւնը կը գտնուի «Պատկեր» ճաշարանն ու մշակոյթի տունը, որ լիբանանահայութեան համար հարազատ հասցէ մը դարձած է 2012-էն ի վեր։

Անցեալ շաբաթ առիթը ունեցայ այցելելու այս եզակի հիւրընկալ վայրը։ Թէեւ արտաքին երեւոյթով միայն ճաշարանի տպաւորութիւնը կը ձգէ, սակայն շեմէն մուտք գործելով, երազային ճամբորդութիւն մը սկսաւ դէպի գեղեցիկ անցեալը։  Բոլորովին տոհմիկ հայկական կահաւորումն ու զարդարանքները զիս հրապուրեցին ու միտքս սաւառնեցաւ դէպի չքնաղ Կիլիկիան։ Մինչ ես խանդավառութեամբ մօտեցայ ճաշարանին կեդրոնը տեղադրուած դաշնամուրին, ուշադրութիւնս գրաւեց պատերուն վրայ շրջանակի մէջ առնուած հայ ընտանեկան հին նկարները։

Քիչ անց, նախօրոք ժամադրուած, մտերիմ զրոյց մը սկսայ ունենալ «Պատկեր»-ի հիմնադիր եւ տնօրէնուհի՝ Օրդ. Արփի Մանկասարեանի հետ, որ զիս հիւրընկալելէ ետք, եռանդով սկսաւ պատմել «Պատկեր»-ի հիմնադրութեան նպատակին ու առաքելութեան մասին՝ անդրադառնալով ներկայիս «Պատկեր»-ի նախաձեռնած յատուկ ծրագիրին, որ կը միտի կաշեգործութեան արհեստը սորվեցնել հայ երիտասարդութեան։

Օրդ. Արփին մեծ խանդավառութեամբ պատմեց, թէ «Պատկեր» ճաշարանն ու մշակոյթի տունը հիմնելուն հիմնական նպատակը եղած է մշակոյթով հարուստ ընտանեկան մթնոլորտը փոխադրել ու ներկայացնել հանրութեան, ինչպէս նաեւ՝ պահպանել հայկական արուեստի ժառանգութիւնը։ «Հետեւաբար անհրաժեշտ էր գտնել վայր մը, որ ունէր բոլոր հնարաւորութիւնները եւ կը ծառայէր «Պատկերի» նպատակին: Առիթը ստեղծուեցաւ Նոր Մարաշի մէջ գտնուող այս շէնքը գնելու, որ այժմ հայկական աւանդութեանց ու հայ մշակոյթի դիմագիծը՝ «Պատկերը» մարմնաւորող հիմնարկ մը դարձած է», ըսաւ Օրդ. Արփի։ Նոյնիսկ ճաշարանի բաժինը կը պահէ հայկական ուտելեղէնի ժառանգութիւնը։ Իսկ հակական պատառին կողքին, այցելուին կը հրամցուին նաեւ հայկական պատմութիւններ։

Մինչ մենք նստած կը զրուցէինք, խումբ մը օտարազգի այցելուներ եկան, որոնք սիրալիր ընդունուեցան «Պատկեր»-ի անձնակազմին կողմէ։ Շատ ուշագրաւ էր այս խումբին ցուցաբերած հետաքրքրքրութիւնը հայկական մշակոյթին հանդէպ։ Անոնք մօտէն կ’ուզէին ծանօթանալ հայկական արժէքներուն։

Օրդ. Արփին յայտնեց, որ «Պատկեր»ը կը կազմակերպէ երաժշտական երեկոներ, ինչպէս նաեւ՝ հայկական տօներու առիթով յատուկ ձեռնարկներ, ինչպէս՝ Սուրբ Սարգիս, Վարդավառ եւ աշնանամուտի ու բեռքահաւաքի մասնաւոր հաւաքոյթ մը, երբ կը հրամցուի աւանդական ղափաման։ Այսպէս՝ վառ կը պահուին հայկական աւանդութիւնները եւ կը փոխանցուին ապագայ սերունդներուն։

Ան մեծ եռանդով ու յուզումով կը պատմէր, թէ ինչպէ՛ս յաջողած է մարտահրաւէրները շրջանցել, հիմնել այս հաստատութիւնը եւ իրականացնել իր մեծերուն երազը. անոր արտասուալից աչքերէն զգալի էր, թէ ինք որքա՛ն կապուած ու կառչած է աւանդութիւն ու մշակոյթ խտացնող այս հաստատութեան։

Խանդավառ զրուցակիցս ապա զիս առաջնորդեց հաստատութեան միւս՝ մշակութային բաժինները։ Պահ մը զգացի թէ կը գտնուիմ փոքրիկ թանգարանի մը մէջ։ Մուտքին կար սենեակ մը, ուր ցուցադրուած էին Մարաշի, Սվազի եւ այլ շրջաններու հին ձեռագործներ, հայկական տիկնիկներ, գորգեր ու բազմաթիւ գիրքեր։ Ապա առաջին յարկ բարձրանալով՝ զիս ներգրաւեցին արձաններն ու հայկական տարազները։ Արուեստ ներշնչող այս հիմնարկին իւրաքանչիւր անկիւնը զետեղուած էին հայկական զարդեր, իսկ պատերը գրաւած էին զանազան պաստառներ։ Օրդ. Արփի ընդգծեց. «Բոլոր անոնք, որոնք ունին ձիրք եւ իրենց ստեղծագործութիւններէն կը ցոլայ հայկական ոգին, «Պատկերը» կը քաջալերէ զանոնք ու կեդրոնը կը դնէ անոնց տրամադրութեան տակ՝ ցուցադրելու ու հանրութեան սեփականութիւնը դարձնելու իրենց արուեստը»:

Անշուշտ մեր զրոյցը չէր կրնար հասնիլ իր աւարտին, առանց անդրադառնալու «Պատկեր»-ի վերջին նախաձեռնութեան՝ վերակենդանացնելու եւ վերաշխուժացնելու կաշեգործութեան արհեստը։ Օրդ. Արփի բացատրեց. «Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք, UNESCO-ն մշակութային եւ ստեղծագործական վերնագրով կոչ մը ուղղած էր պայթումէն վնասուած շրջաններուն մէջ գտնուող հաստատութիւններու եւ անհատներու, որ ներկայանան յատուկ արհեստի մը զարգացման ծրագիրով։ Ընդառաջելով UNESCO-ի այս կոչին, «Պատկեր»ը ներկայացուց այժմ նահանջած կաշեգործութեան վերակենդանացման ու զարգացման ծրագիրի մը համոզիչ թղթածրարը, որ կրցաւ շահիլ UNESCO-ի աջակցութիւնը»:

Երբ հարց տուի թէ ինչո՞ւ կաշեգործութիւն եւ ոչ այլ արհեստ մը, ան դիտել տուաւ թէ արհեստը կարեւոր առանցքներէն մէկն է մշակոյթին, եւ հաստատուելով Լիբանան, հայերը 1930-ական թուականներուն ստեղծած Սուք էլ Էրմէնը, ուր ժողովուրդին մեծամասնութիւնը այս արհեստին ճամբով իր ապրուստը կ’ապահովէր։ Իսկ այս արհեստին կեդրոնը դարձած էր Պուրճ Համուտը, ուր կաշիի մորթին պատրաստութենէն մինչեւ վերջին մշակումը կ’ըլլար այս վայրին մէջ։ Այդպէս է որ, այսօր «Պատկեր» յանձն առած է քով քովի բերելու սորվելու փափաք ունեցող երիտասարդները իբրեւ աշակերտ ու տակաւին գոյատեւող վարպետ արհեստաւորները»։

Վարպետները՝ նախագծողներ (designer), ձեւաւորողներ թէ արհեստաւորներ, իրենց աշխատանոցներուն մէջ պիտի ընդունին  աշակերտները, սորվեցնեն ու փոխանցեն իրենց արհեստին գիտելիքները։ Այս կոչը կը թիրախաւորէ 18-45 տարիքի երիտասարդ – երիտասարդուհիները այն պայմանով որ ըլլան լրջօրէն հետաքրքրուած եւ մարմաջը ունենան ստանձնելու այս ժառանգական ու ստեղծագործական արհեստը։ Անպայման պէտք է յիշեցնել, թէ դասընթացքները բոլորովին անվճար են, իսկ աշակերտներուն եւ վարպետներուն նախատեսուած է գնահատական վճարում մը։ Այս ծրագիրը պիտի երկարի 5 ամիսներու վրայ, որու աւարտին աշակերտները պիտի ստանան UNESCO-էն վաւերացուած յատուկ վկայագիր մը։ Իսկ գոյացած աշխատանքն ու արտադրութեան մէկ մասը պիտի ցուցադրուի «Պատկեր»-ի մշակութային բաժինի մէջ, իսկ միւսը՝ «Union Mark» հաստատութեան մէջ, որ նախապէս «Ապրոյեան»-ի գործարանն էր։ Կը նախատեսուի որ հետագային գործակցելու պատեհութիւններ ստեղծուին վարպետներուն եւ աշկերտներուն միջեւ եւ այսպէս կը սկսի վերակենդանանալ կորսուելու վտանգին մատնուած ժառանգական այս արհեստը։ Այս բոլորին առընթեր, այս արհեստը ամփոփ կերպով տեղեկագրող գրքոյկ մը պիտի պատրաստուի: Այս աշխատանքը պիտի ստանձնեն համալսարանականներ, որոնք արդէն իսկ կ’այցելեն տարբեր հիմնարկներ, ինչպէս «Ազդակ» եւ Լիբանանեան զանազան համալսարաններ, արխիւներէն տեղեկութիւններ հաւաքելու այս նիւթին մասին։

Այցելութեան աւարտին, Օրդ. Արփի ընդգծեց. «մենք պիտի ապրինք եւ ապրեցնենք մեր մշակոյթը, եւ այս մէկը կ’իրականանայ երիտասարդութեան փոխանցելով մեր մշակութային գիտելիքները։ Իսկ երիտասարդութեան կը մնայ հետեւիլ, լաւ սորվիլ եւ չվստահիլ միայն համացանցին։ Սորվիլ ու սորվեցնելը ոչ միայն արուեստ, այլեւ մշակոյթ է, այնպիսի ուժ մը՝ որուն միջոցով կրնանք յաղթահարել ամէն արգելք ու դիմակալել ամէն մարտահրաւէր»։

Հրաժեշտ տալով հեռացայ այս հիւրընկալ հիմնարկէն՝ այն յոյսով, որ ամէն հայ այցելէ այս մշակութային տունն ու ճաշարանը։ Սրտագին մաղթանքներ ու յարատեւ յաջողութիւն «Պատկեր»-ի այս յատուկ նախաձեռնութեան եւ կանաչ ճանապարհ բոլոր մասնակիցներուն։

Subscribe
Տեղեկացում
guest

1 Comment
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
Արփի Մանկասարեան
Արփի Մանկասարեան
8 months ago

Հաճելի և դիւրին ընկալելի ոճով գրուած յօդուած մըն է որուն միչոցով շատ ճիշդ ձեւով ներկայացուած է Պատկերն ու իր առաքելութիւնը։
Հարատեւ յաջողութիւն ՏԱՐԲԵՐԱԿ 21֊ի կայքէջին, անոր տնօրէնին և աշխատակիցներուն և շնորհակալութիւն հայ ժողովուրդին մշակութային արժեքները պահպանելու նպատակով ձեր տարած աշխատանքին։

1
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x