42 տարիներու տաղանդաշատ երաժշտագէտ, խմբավար, երգարուեստի մշակ Պօղոս Ապաճեան

Սուրիահայ մշակութային կեանքին մէջ ոսկեայ տառերով պիտի արձանագրուի նաեւ երաժշտագէտ-խմբավար Պօղոս Ապաճեանի անունը, որուն  անկրկնելի ներդրումին (1967-2019) ու վաստակին նուիրուած՝ իբրեւ պատմավաւերագրական մատեան մը կը ներկայացնեմ այս յօդուածը: «Զուարթնոց», «Նարեկացի», «Լուսաւորիչ», «Սպենդիարեան»  երգչախումբերուն, ինչպէս նաեւ՝ «Մեսրոպ Մաշտոց» եւ «Գարուն» մանկապատանեկան- երգչախումբերուն հազարէ աւելի երգիչ-երգչուհիները, մենակատար-մենակատարուհիները եւ դաշնակահար-դաշնակահարուհիները հպարտութեամբ ու խանդաղատանքով պիտի յիշեն իրենց անմոռանալի ելոյթները Պօղոս Ապաճեան խմբավարին հետ»: (Շ.Մ.)

Անգնահատելի է Պօղոս Ապաճեանի ներդրումը հայ երգարուեստի եւ մշակոյթի անդաստանին մէջ:

Պօղոս Ապաճեան ծնած է Հալէպ, 19 Դեկտեմբեր 1939-ին: Հայրը մուսալեռցի՝ Պետրոս Ապաճեան, ծնած է 1907-ին, Եօղուն Օլուք գիւղը:  Մայրը՝ Աղաւնի Վանայեան, արմատներով մուսալեռցի, Եօղուն Օլուք գիւղէն, ծնած է 1918-ին, Փորթ Սաիտ, Եգիպտոս:

1915-ին թուրքերու դէմ իրենց մղած 53-օրեայ հերոսական կռիւներէն ետք, ֆրանսական ռազմանաւերու շնորհիւ մուսալեռցիք կը հասնին Փորթ Սաիտ: Վերահաս բնաջնջումէն հրաշքով կը փրկուին աւելի քան չորս հազար հայեր: մուսալեռցիք 1919-ին կը վերադառնան իրենց գիւղերը: Քսան տարի ետք, Յունիս 1939-ին, հրաման հասած ըլլալով հեռանալու Մուսա լերան 6 գիւղերէն (Քապուսիէ, Եօղուն Օլուք, Խըտըր Պէկ, Հաճի-Հապիպլի, Պիթիաս եւ Վաքըֆ ), գիւղացիները, ինչպէս նաեւ Պետրոսի եւ Աղաւնիի  ընտանիքները պարտադրուած կ’ուղղուին դէպի Րաս-Ըլ- Պասիթ, Սուրիա, ուր մուսալեռցիք մէկ ամիս կ’ապրին տախտակէ տուներու մէջ, ֆրանսացի զինուորներու հսկողութեան տակ:  Սկիզբը որոշուած էր զանոնք Րաս-Ըլ-Պասիթ ձգել, սակայն յետոյ կ’որոշեն Լիբանան փոխադրել: Այդ ձեւով, Յուլիսի վերջաւորութեան, վեց գիւղերու ժողովուրդը այս անգամ ֆրանսական նաւերով կ’ուղուի դէպի Թրիփոլի, ուրկէ Ռայաք, անկէ ալ Այնճար:  Իսկ ոմանք ալ, ինչպէս Ապաճեան եւ Վանայեան ընտանիքները, կ’ուղղուին դէպի Հալէպ՝ Քեսապի ճամբով:  Պետրոս եւ Աղաւնի կ’ամուսնանան Հալէպի մէջ, 1939-ի սկիզբը: Կը բախտաւորուին հինգ զաւակներով՝ Պօղոս, Ժոզէֆ, Արմէն, Մարի եւ Քնարիկ:

Պօղոս Ապաճեան իր նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Ուսումնասիրաց եւ Բեթէլ վարժարաններուն, իսկ երկրորդական ուսումը՝ Հալէպի Ամերիկեան քոլէճին մէջ (Aleppo College), զոր կ’աւարտէ Freshman վկայականով, 1958-ին:

Ձայնամարզութեան (solfège) առաջին ուսուցիչը կ’ըլլայ Վեր. Լութֆի Հայտոսթեան, իսկ Հալէպի Քոլէճի տնօրէն Ուիվըր, որ եղած է միաժամանակ դաշնամուրի ու երաժշտութեան ուսուցիչ, յայտնաբերած է Պօղոսին երաժշտական մեծ ընդունակութիւնը ու քաջալերած զայն:

1959–1965 տարիներուն Ապաճեան կը հետեւի Երեւանի Կոմիտասի անուան Երաժշտանոցի ստեղծագործական, խմբավարական, դաշնակի եւ երաժշտական նիւթերու դասաւանդման ճիւղերուն: 1965-ին կը վկայուի երգչախումբի ղեկավարման եւ երաժշտական նիւթերու դասաւանդման մասնագիտութեան տիտղոսով: Աշակերտած է երաժշտահան փրոֆ. Անուշաւան Տէր Ղեւոնդեանի, խմբավար փրոֆ. Թաթուլ Ալթունեանի, երաժշտահան, անուանի արուեստագէտ Էդուարդ Միրզոյեանի, երաժշտահան Մարտին (Մարտիրոս) Մազմանեանի, երաժշտահան Փրոֆ. Ղազարոս Սարեանի, որ եղած է երաժշտանոցի տնօրէնը իր ուսանողական տարիներուն եւ այլ երաժշտագէտներու:

Դամասկոս

1966-1967 տարիներուն, Ապաճեան կը պաշտօնավարէ Դամասկոսի պետական Երաժշտանոցը՝ դասաւանդելով ձայնամարզութիւն։ Նոյն շրջանին ուսուցիչ է Դամասկոսի Հայ կաթողիկէ «Ալիշան» նախակրթարանին ու «Անարատ Յղութեան Քոյրերու» աղջկանց վարժարանին մէջ:  1966-1967, կարճ շրջանի մը համար խմբավար Պօղոս Ապաճեան կը ղեկավարէ Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Միութեան «Քնար» երգչախումբը, որ հիմնադրուած է 1962-ին Հայր Անդրանիկ Կռանեանի ջանքերով:

Հալէպ

1968–ին Հալէպ վերադառնալով, Ապաճեան արդէն հրաւէր կը ստանայ ղեկավարելու Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ   դպիրներուն խումբը, եւ իր գնահատելի ճիգերով քառաձայն պատարագ մը կը մատուցուի Մայր եկեղեցւոյ մէջ, օրուան առաջնորդական տեղապահ Հոգշ. Տ. Տաթեւ Վարդապետ Սարգիսեանի ներկայութեան:

Զուարթնոց» երգչախումբ

«Զուարթնոց» երգչախումբը կազմուած է Ազգ. Առաջնորդարանին կողմէ եւ առաջին փորձերը սկսած են 1969-ին, Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ դպիրներէն կազմուած խումբով մը, խմբավարութեամբ՝ Պօղոս Ապաճեանի: Իսկ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախմբային միաւորը հիմնուած է 1988-ին:

Մայիս 1969-ին, «Զուարթնոց» երգչախումբը իր առաջին համերգը կը հրամցնէ հալէպահայ հանրութեան, խմբավարութեամբ Պ. Ապաճեանի, դաշամուրի ընկերակցութեամբ Ժիրայր Րէիսեանի. համերգը տեղի կ’ունենայ ՀԲԸՄ-ի սրահին մէջ: Հարկ է նշել, որ դաշնամուրի ընկերակցութիւններով ելոյթ կ’ունենան յաջորդաբար Շաքէ Պտղունի՝ 1970-1974 եւ Նորա Սարգիսեան՝ 1975-1988 տարիներուն:

Ապաճեան սիրայօժար կը խմբավարէ երգչախումբը, զանազան ազգային եւ եկեղեցական հանդիսութիւններուն՝ համագործակցելով բոլոր հայ համայնքներուն հետ:

 Խորէն Ա. կաթողիկոս Բարոյեանի (1963-1983) Հովուապետական այցելութիւնը Բերիոյ Թեմին (Հալէպ եւ շրջակայք), 8 օր (3-11 Դեկտեմբեր 1973)

Նկարը՝ Բերիոյ թեմի Առաջնորդ Գերպ. S. Տաթեւ Ծ. Վրդ. Սարգիսեան եւ Հոգշ. Օշական Վրդ. Չօլոյեան, գաւազանակիր Հոգշ. S. Վահան Վրդ. Պէրպէրեան եւ Ճէզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. S. Խաժակ Վրդ. Յակոբեան, Հոգշ. S. Պետրոս Վրդ. Պէրպէրեան, եւ Զուարթնոց երգչախումբի ղեկավար Պօղոս Ապաճեան, դաշնակահարուհի՝ Շաքէ Պտղունի:  Ա. շարք ձախէն աջ. -Մարալ Լէփէճեան, …, …, …, Շաքէ Պտղունի, Նորա Իւլպէյեան, Քնարիկ Ապաճեան, Անի Գավաֆեան, Ծովիկ Մակարեան, Անի Յովսէփեան, Բ. շարք. – Սոնա Պտղունի, …, Հերմինէ Գալայճեան, Զեփիւռ Պայթարեան (?), Քնարիկ Շիրոզեան, …, …, Մակի Թաթարեան, Սիլվա Թաթարեան, Ծովիկ Աւետիսեան, Լենա Պօղոսեան, Մարտօ Եփրեմեան. Գ. շարք. – Գրիգոր…, Յովհաննէս Ճանեցեան, Աբիկ Գանտիլեան, Սիմոն Լիպարեան, Վահէ Խրիկեան, Սուրէն Աւետեան, Խաչիկ Հաճեան, Մանօ Հասըրճեան, Մովսէս Քէօշկէրեան, Սահակ Ակիլեան, Խաչիկ Ճոզիկեան, Ալեքսան Արապաթլեան, Սարգիս Պալապանեան. Դ շարք. -Կարպիս Գոճանեան, Անդրանիկ Անտոնեան, Վարուժ Գոճանեան, Ժոզէֆ Ապաճեան, Ռաֆֆի Պալապանեան, Սուրէն Պայթարեան, Փիեռ Խուրի, Ստեփան Պայրամեան, Հրայր Յակոբեան, Պատրիկ Չրաքեան, Յարութ Քէչէճեան:

Մանկավարժը

1971-1973, Ապաճեան երաժշտութիւն կը դասաւանդէ ազգային դպրոցներու, Քարէն Եփփէ Ճեմարանին եւ Հայկազեան Վարժարանին մէջ (մանչերու բաժին), Պրն. Փիլիպպոս Դերձակեանի տնօրէնութեան շրջանին եւ Հալէպի Պետական Երաժշտանոցին մէջ, «Մերքէզ Սաքաֆի Ազիզիէ»:

 «Մեսրոպ Մաշտոց» » մանկապատանեկան երգչախումբը

1973-ին կը հիմնուի «Մեսրոպ Մաշտոց» մանկապատանեկան երգչախումբը Հալէպի Ազգային նախակրթարաններու սաներէն կազմուած: Ապաճեան զայն կը ղեկավարէ շուրջ 15 տարի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ Նորա Սարգիսեանի: Այս նուիրական գործին համար կը պարգեւատրուի Սուրբ Մեսրոպ ոսկեայ շքանշանով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Կաթողիկոսին կողմէ:

Հալէպի «Մեսրոպ Մաշտոց» մանկապատանեկան երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Պօղոս Ապաճեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ` Նորա Սարգիսեանի, կը կատարէ աշխարհահռչակ երգչուհի Ֆէյրուզի երգերէն, մենակատարութիւնը Maral Masrian de Torikian-ի: Ելոյթի նկարը՝ Յակոբ Կիւլիմեանի, 1973-1975 թուական: Աղբիւրը՝ Maral Masrian de Torikian-ի դիմագիրքէն:
«Մեսրոպ Մաշտոց» մանկապատանեկան երգչախումբ: Խմբավար՝ Պօղոս Ապաճեան: Մայիս 1986, Հալէպ

Երգի–պարի համոյթը

Ապաճեան նոր ոստումով մը ձեռք կը մեկնէ նաեւ պարի ալ բնագաւառին, իրեն գործակից ունենալով Հայաստան մասնագիտացած պարուսոյց Աբրահամ Կոստանեանը:

1982-ի Յունիսի 5-ին, պարախումբը կ’այցելէ Գամիշլի եւ կ’ունենայ երկու ելոյթ: Որպէս համագաղութային ձեռնարկ, տարուան մեծագոյն իրագործումը կ’ըլլայ երգի եւ պարի 15 հոգինոց երգողներու, պարողներու եւ նուագողներու համոյթին ելոյթը, գործակցութեամբ` «Զուարթնոց» երգչախումբին, ղեկավարութեամբ` Պօղոս Ապաճեանի եւ պարուսոյց Աբրահամ Կոստանեանի:

Երգի–պարի համոյթը 1983-ի 25 Փետրուարէն սկսեալ կ’ունենայ 17 ելոյթներ, բացառիկ յաջողութեամբ: Յաջողութեան արձագանգը կ’ըլլայ այն հրաւէրը, որ կու գայ Արաբական Ծոցի Ապու Տապիի Էմիրութեան Կրթական եւ մշակոյթի նախարարութենէն, որուն սակայն կարելի չըլլար ընթացք տալ զանազան դժուարութիւններու պատճառով: (Զաւէն Սապունճեան, «Գեղարդ» տարեգիրք 1985, Գ. հատոր, էջ 484, 485)

«Զուարթնոց» երգչախումբը իր մասնակցութիւնը կը բերէ ազգային եւ պետական հանդիսութիւններուն, ինչպէս նաեւ քառաձայն պատարագի երգեցողութիւններուն՝ Ս. Քառասուն Մանկանց Եկեղեցւոյ մէջ:

«Լուսաւորիչ» երգչախումբին ելոյթը Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը պետական կրօնքի հռչակման 1700ամեակին առիթով, ինչպէս նաեւ Տէր Զօրի մէջ նոյն խումբով ներկայացուած քառաձայն պատարագը՝ երկու վեհափառներ Գարեգին Բ.ի եւ Արամ Ա.ի վսեմաշուք ներկայութեամբ: Հալէպի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դպրապետ (հանգուցեալ) Հրայր Մանուկեան: Դաշնակահար, նկարիչ (հանգուցեալ) Լեւոն Սապպաղ: Նկարը՝ Talin Magarian Farra դիմագիրքէն

«Նարեկացի« Սենեկային երգչախումբ

Ապաճեան 1983-ին կը հիմնէ Նարեկացի Սենեկային երգչախումբը Վեր. Պարգեւ Աբարդեանի քաջալերանքով: «Նարեկացի» երգչախումբին փորձերը տեղի կ’ունենային Հայ Աւետ. Քրիստոսի եկեղեցւոյ (հիմնուած 1924-ին) աղօթասրահին մէջ, որ նախկին միանձնուհի Քոյր Աննա Հետուիկ Պուլի (Anna Hedwig Büll) դարմանատան շէնքն էր:

26 տարիներու ընթացքին «Նարեկացի» երգչախումբը կը ներկայացնէ բարձրորակ դասական համերգներ՝ յայտագիրին վրայ ունենալով հայկական եւ միջնադարեան երգչախմբային ստեղծագործութիւններ, միջազգային բամաթիւ գործեր. ելոյթներ կ’ունենայ նաեւ Սուրիական պատկերասփիւռէն: «Նարեկացի» երգչախումբը կը մասնակցի «Դամասկոսի Օփերա»ի (պաշտօնապէս՝ Տար ալ-Ասատ մշակոյթի եւ արուեստի համալիր) բացումին, 7 Մայիս 2004-ին):

Վեր. Պ. Աբարդեանի մահէն ետք, «Նարեկացի» երգչախումբին հովանաւորութիւնը կը ստանձնէ Հալէպի թեմի հայ կաթողիկէ առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանը, որուն շնորհիւ «Նարեկացի» երգչախումբը դասական համերգներ կ’ունենայ Զուարթնոց եկեղեցւոյ մէջ, իսկ աշուղական համերգները նոյն եկեղեցւոյ ներքնասրահին եւ ՀԲԸՄ-ի սրահին, ինչպէս նաեւ՝ սուրբծննդեան համերգներ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ: 2008-ին, «Նարեկացի» երգչախումբը կը տօնէ իր 25-ամեակը:

 

«Նարեկացի» երգչախումբ, Էմանուէլ Եկեղեցի (հիմնուած 1852 -ին), Հալէպ, 1985: Նկարները սոփրանօ Hasmig Sanossian-Temizian դիմագիրքէն
Հրաւիրատոմսի նաեւ յայտարարութեան պատճէնները Սոփրանօ Hasmig Sanossian-Temizian դիմագիրքէն

1993 ՀալԷպ. Արմէն Տիգրանեանի «Անուշ» օփերա, «ՆԱՐԵԿԱՑԻ» դասական երգչախումբի խմբավար՝ Պօղոս Ապաճեան, «Անուշ»՝ սոփրանօ Յասմիկ Սանոսեան Թեմիզեան, «Սարօ»՝ Մհեր Մինասեան։ Դաշնամուրի նուագակցութիւն՝ Anna Anaida Grigorian (Ատուրեան)։ Գրառումը՝ Սոփրանօ Hasmig Sanossian-Temizian-ի: Տե՛ս YouTube https://youtu.be/qoqaYvLaGyI

13 Ապրիլ 1997-ին, Հալէպ, տեղի կ’ունենայ Պոլսահայ բանաստեղծ Զահրատի նուիրուած հանդիսութիւն մը, կազմակերպութեամբ՝ Ուրֆայի Վերածնունդ Մշակութային Միութեան (Ատենապետ՝ սրտաբան եւ բանաստեղծ Գէորգ Թեմիզեան):  Յայտագրին մասնակից էր խմբավար Պօղոս Ապաճեանի «ՆԱՐԵԿԱՑԻ» դասական Երգչախումբը: Սոփրանօ Hasmig Sanossian-Temizian դիմագիրքէն:

«Մեսրոպ Մաշտոց»ի շքանշան

1985-ին, Հալէպահայութիւնը յոբելենական հանդիսութեամբ մը կը մեծարէ ու կը գնահատէ Պ. Ապաճեանը, որուն այդ առիթով կը շնորհուի «Մեսրոպ Մաշտոց»ի շքանշանը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ձեռամբ:

«Սպենդիարեան» եւ «Գարուն» երգչախումբեր

1989-ի վերջերը, Ապաճեան կը ստանձնէ ՀԲԸՄ Հ.Ե.Ը-ի «Սպենդիարեան» եւ «Գարուն» մանկապատենական երգչախումբերու խմբավարութիւնն ու ղեկավարութիւնը: Գարուն» Մանկապատանեկան երգչախումբի
դաշնակահարուհին էր տիկին Քնարիկ Սայեղ Քասսիս (1998-2000):

27 Ապրիլ 1997, Հալէպ. «Գարուն» մանկապատանեկան երգչախումբին ելոյթի օրը՝ կազմակերպող «Քեզ Համար Հայաստան-Սուրիահայ Կանանց Յանձնախումբ»ին հետ: Առաջին կարգ, ձախէն աջ՝ Տիկին Էլիզապէթ Պարտագճեան, Թամար Գերպապեան, Օրիորդ Շաքէ Սէթեան, տիկիններ Սեդա Նուպահեաճեան, Արաքսի Պապիկեան, խմբավար Պօղոս Ապաճեան, տիկիններ Ազնիւ Քիրիշեան, Անահիտ Սարեան, Յասմիկ Սանոսեան Թեմիզեան: 2րդ կարգ, ձախէն աջ՝ օրիորդ Ազնիւ Արապեան, երաժշտական ընկերակցութեան պատասխանատու՝ Պերճ Երեցեան (Berj Kassis), Տիկին Ժագլին Գավլաքեան: Նկար եւ տեղեկութիւն՝ Սոփրանօ Hasmig Sanossian-Temizian-ի  դիմագիրքէն:

Դպրաց դասի եւ Միացեալ «Լուսաւորիչ» երգչախումբի ղեկավար

Ապաճեան կը ղեկավարէ նաեւ Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ Եկեղեցւոյ երգչախումբը տօնական օրերուն: Ան կը ղեկավարէ նաեւ Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ դպրաց դասի երգչախումբը, 2000-2009 տարիներուն:

Հայոց ցեղասպանութեան 86-ամեակին առիթով, 24 Ապրիլ 2001-ին, Բերիոյ Թեմի նորագոյն պատմութեան գեղեցիկ էջերէն է՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի շնորհաբաշխ այցելութիւնը Տէր Զօր, ուր խմբավար Պօղոս Ապաճեան կը ղեկավարէ 170 անդամներէ բաղկացած Միացեալ «Լուսաւորիչ» երգչախումբի քառաձայն պատարագը, երկու վեհափառներու ներկայութեան:

Բարձր հովանաւորութեամբ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը պետական կրօնք հռչակելու 1700-ամեակի եզրափակիչ հանդիսութիւնը տեղի կ’ունենայ Շաբաթ, 1 Դեկտեմբեր 2001, երեկոյեան ժամը 9-ին, Հալէպի Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Ներկաներու շարքին էին այլ յարանուանութեանց համայնքապետեր, Թեմի հոգեւորականաց դասը, ՀՀ Դամասկոսի լիազօր դեսպանը, ՀՀ Հալէպի ընդհանուր հիւպատոսը, Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ Սիմոն Լիպարեան, Ազգ. Իշխանութեան Հալէպի թէ շրջաններու կազմերը, հալէպահայ միութիւններու, կրթական օճախներու, քոյր համայնքներու ներկայացուցիչներ եւ հոծ թիւով հանդիսականներ։ Յանուն Բերիոյ Թեմի 1700-ամեակի Կեդրոնական Յանձնախումբին, հանդիսութեան յայտագրին գեղարուեստական բաժինին իր մասնակցութիւնը կը բերէ 170 անդամներէ բաղկացած Միացեալ «Լուսաւորիչ» յոբելինական երգչախումբը, խմբավարութեամբ՝ Պօղոս Ապաճեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝ Սիրան Գումրույեանի:

Հալէպի Պետական Երաժշտանոց, Պետական մրցանակներ

2000-2009 տարիներուն, Ապաճեան կը ղեկավարէ Հալէպի Պետական Երաժշտանոցի Ուսանողական երգչախումբը՝ հայ եւ արաբ երգիչներով (Կոմիտաս, եկեղեցական երգեր, արաբական ժողովրդական երգեր):

2008-ին, Ուսանողական Երգչախումբը կը մասնակցի «Հալէպը իսլամական մշակոյթի մայրաքաղաք» փառատօնի մրցոյթին՝ ներկայացնելով Քրիստոնէական եւ Իսլամական կրօնական խմբերգային կատարումներ. քննիչ յանձնաժողովի գնահատականով, Ապաճեանի ղեկավարած երգչախումբը կը շահի  2009-ի մրցանակը, որ կը յանձնուի Պօղոս Ապաճեանի զաւկին՝ Լեւոն Ապաճեանի:

Ապաճեան 42 տարիներ կը ծառայէ հայ երաժշտական բեմին: Իր համեստ նկարագրով ու երաժշտագէտի հմտութեամբ, ան կը յաջողի իր շուրջ համախմբել մեծ թիւով երաժշտասէր անդամներ, որոնք երկար տարիներ հայ երգարուեստին սպասարկեցին իրենց նրբաճաշակ երգեցողութեամբ:  Ապաճեան 1967-2009 տարիներուն կը ղեկավարէ շուրջ հարիւր պաշտօնական համերգներ՝ 1000-ի շուրջ երգիչներով:

Ապաճեան բացի Հալէպէն, ելոյթներ կ’ունենայ Դամասկոսի, Պէյրութի, Լաթաքիոյ, Գամիշլիի եւ Քեսապի բեմերուն վրայ: Երգչախումբը, իր ղեկավարութեամբ, յայտագրի մէջ ունէր հայ եւ արաբ, դասական եւ ժողովրդական 500-է աւելի երգեր: Երգչախումբը կը կատարէ նաեւ Սալէմ Պալեանի դաշնաւորած արաբական բազմաձայն երգերէն: Դամասկոսի պատկերասփիւռի կայանը իր կատարումները ընդգրկած է իր արխիւներուն մէջ:

Սփիւռքահայ մանկավարժ, բանաստեղծ, արմատներով մուսալեռցի, Ապաճեանի հօրաքրոջ տղուն՝ ֆրանսաբնակ Զուլալ Գազանճեանի (1936-2008) նուիրուած երեկոյթի փորձերը կը տեւեն 3 ամիս: Կիրակի 19 Ապրիլ 2009-ին «Նարեկացի» Երգչախումբի կայանալիք համերգի տոմսերը արդէն տպուած էին, եւ ահա մահուան բօթը կը հասնի երգչախումբին. Պօղոս Ապաճեան Հրաշափառ Յարութեան գիշերը՝ 12 Ապրիլ 2009-ին վաղահաս կը մահանայ: «Նարեկացի» երգչախումբի համերգը օրին կը կայանայ խմբավարութեամբ երգչախումբի անդամ երաժիշտ Պերճ Քասսիսի:

Վաղահաս էր 40 տարիներու վաստակ արձանագրած եւ բեղուն գործունէութիւն ծաւալած վաստակաշատ խմբավարին, հեզահամբոյր նկարագրով մանկավարժին մահը՝ 12 Ապրիլ 2009-ին, Հալէպ, Սուրիա:

Ուրբաթ, 12 Ապրիլ 2019, Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ Եկեղեցւոյ մեր տեղի կ’ունենայ երաժշտական երեկոյ մը ի յիշատակ խմբավար Պօղոս Ապաճեանի, մասնակցութեամբ՝ Նարեկ, Լեւոն Ապաճեանի եւ խումբ մը հանգուցեալին խմբավարած երգչախումբերու անդամներուն:

Իբրեւ երաժշտութեան ուսուցիչ, Պօղոս Ապաճեան կը պաշտօնավարէ Ազգային Հայկազեան վարժարանին եւ Քարին Եփփէ Ճեմարանին մէջ: Ան երկար տարիներ կ’աշխատի Հալէպի պետական երաժշտանոցին մէջ, որպէս ձայնամարզութեան (սոլֆէժ) ուսուցիչ եւ երգչախումբի ղեկավար (1967-2001):

Պօղոս Ապաճեանի արժանաւոր ներկայութիւնը մեծ նպաստ էր Սուրիոյ գաղութի գեղարուեստական կեանքին: Ան բարձր գնահատուած էր ոչ-հայկական շրջանակներէն, ինչպէս նաեւ՝ Հալէպի ու Դամասկոսի պետական երաժշտանոցներէն:

Ապաճեան ամուսնութիւն կնքելով էլատա Սահակեանի հետ, կ’ունենայ մէկ դուստր՝ Սալբի Ապաճեան (ներկայիս Զուիցերիա):

1981-ին, ան իր երկրորդ ամուսնութիւնը կը կնքէ Լենա Քէօթէքլեանի հետ եւ կը բախտաւորուի երկու որդիներով՝ Նարեկ (ծն. 1983, ներկայիս Երեւան) եւ Լեւոն (ծն. 1991, ներկայիս Դամասկոս): Ապաճեան որդիները ժառանգած են իրենց հօր երաժշտական աւանդը. շրջանաւարտ են Դամասկոսի բարձրագոյն երաժշտանոցէն եւ կը վայելեն երաժշտական մասնագիտական դիրք ու համբաւ:

Առ ի տեղեկութիւն – «ՔՆԱՐ» երգչախումբ, Դամասկոս

Հայր Անդրանիկ Կռանեան Դամասկոս ծառայած է 1958-1964 տարիներուն: Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Միութեան «ՔՆԱՐ» երգչախումբը կը հիմնուի 1962-ին, Հայր Անդրանիկ Կռանեանի ջանքերով։ Երգչախումբը կը ներկայացնէ հայ ազգային ու ժողովրդական երգացանկ մը ու կատարած զանազան համերգներ այդ օրերուն, ինչպէս նաեւ՝ ելոյթներ ունեցած է պետական պատկերասփիւռի կայանէն։ Սիրողական այս խումբը, որուն անդամները մինչ այդ մաս կը կազմէին եկեղեցւոյ խումբին, իր կարեւոր ներդրումը կ’ունենայ հայ խմբերգային արուեստը ծանօթացնելու ու սիրցնելու գործին մէջ։

ՀԿՄ-ի յուշամատեանին մէջ նշուած է, որ Կռանեան 1965-ին մասնաւորապէս ժամանած է Դամասկոս՝ «Քնար»ի մասնակցութիւնը ապահովելու Մեծ Եղեռնի 50 ամեակի յուշահանդէսին: 1966-1967 տարիներուն, կարճ շրջանի մը համար խմբավար Պօղոս Ապաճեան կը ղեկավարէ Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Միութեան «Քնար» երգչախումբը:

80-ական թուականներուն խումբը կը վերակազմէ Անթուան Քէշիշեան, եւ սկսած է փայլուն գործունէութեան շրջան մը։

1990-ին Հայ Կաթողիկէ Միութեան վարչութիւնը, որ կը տնօրինէ երգչախումբը, մայր հայրենիքէն կը հրաւիրէ արուեստագէտ Ժիրայր Ալթունեանը տարեկան այցելութիւններով խմբավարելու «Քնար» երգչախումբը: Ան կը մարզէ ու կը ղեկավարէ Քնար երգչախումբը մինչեւ 2001: Ամէն տարի այցելելով Դամասկոս ու աւելի քան մէկ ամիս աշխատելով խումբին հետ, ան կը պատրաստէ տարեկան ելոյթը ու կը ներկայացնէ զանազան համերգներ։ Այս հանգրուանին որպէս օգնական խմբավար ու խումբի ընկերակցող դաշնակահար Շանթ Քէշիշեան կ’ունենայ իր կարեւոր մասնակցութիւնը https://www.facebook.com/shant.keshishian.9

2002 թուականին, նոյնպէս Հայաստանէն կը հրաւիրուի Գայիանէ Պաղտասարեան՝ «Քնար» երգչախումբը մարզելու եւ խմբավարելու: 2003-2015, «Քնար» երգչախումբի խմբավարն էր Շանթ Քէշիշեան: Ներկայիս երգչախումբին գործունէութիւնը դադրած է Սուրիոյ պատերազմի օրերուն արձանագրուած գաղթին պատճառաւ: Երգչախումբի անդամներուն մեծ մասը այլեւս Դամասկոս չեն գտնուիր: Ներկայիս, երգչախումբի անդամներէն փոքր թիւ մը կ’ապահովէ Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը, Կիրակի եւ տօնական օրերը:

Առ ի տեղեկութիւն

Հալէպի Ամերիկեան Քոլէճը (Aleppo College) շարունակութիւնն է Այնթապի մէջ գործած ամերիկեան միսիոնարական քոլէճին։ Ամերիկեան միսիոնարական հաստատութիւնը սուրիական այս քաղաքին մէջ կը հիմնէ սոյն քոլէճը 1920-ական թուականներուն, Այնթապի մեծաթիւ հայերուն Հալէպի հաստատուելէն ետք։ Քոլէճի շրջանաւարտներու շարքին են հանրաճանաչ դէմքեր, ինչպէս՝ Սուրիոյ նախկին նախագահ Նազէմ Քուտսի, սուրիացի հանրայայտ գեղանկարիչ Ֆաթէհ Ալ Մուտտարէս եւ սուրիացի շարժապատկերի նշանաւոր բեմադրիչ եւ արտադրիչ Մուսթաֆա Ալ Աքքատ։

Աղբիւրներ՝

Հարցազրոյցներ՝ Ապաճեան ընտանիքի անդամներուն հետ՝ Սիմոն Լիպարեան, Քնարիկ Լիպարեան Ապաճեան, Ալիս Պաղտասարեան Ապաճեան, Նարեկ Ապաճեան:  

«Գեղարդ» տարեգիրք 1985, Գ հատոր:

Պօղոս Ապաճեան վաստակաւոր խմբավարը, Կարպիս Գոճանեան, 8 Մայիս 2009, Հայրենիք:

Բազմավաստակ Խմբավար Պօղոս Ապաճեան՝ Ոչ Եւս Է  https://asbarez.am

Ծնունդով Հալէպէն՝ Շաքէ Մանկասարեան աւարտած է Քարէն Եփփէ ճեմարանը, ապա Երեւանի Պետական Համալսարանի Ռոմանօ-գերմանական լեզուներու բաժանմունքը (M.A. in Philology) եւ Associate Cambridge School-ը (Diploma in Emotional Intelligence), Տուպայի մէջ (ԱՄԷ). ունի International Examination Diploma at Professional Level for Teachers and Trainers (University of Cambridge): 2011-ին հիմնած է շուրջօրեայ սփռուող RadioAyk առցանց ձայնասփիւռի կայանը, որ կը գործէ մինչ օրս: 2017-էն ի վեր ամէն Կիրակի Հայաստանի Հանրային ռատիոյէն կը սփռուի Շաքէ Մանկասարեանի հեղինակային «Արեւմտահայերէն» հաղորդաշարը, սեփական նախաձեռնութեամբ եւ մտայղացումով: Կ’աշխատակցի նաեւ «Սփիւռքի Ձայն» հաղորդաշարին եւ «Նոր Յառաջ» լրասփիւռին: 2015-էն ի վեր կը գրէ յօդուածներ «Ուիքիփետիա»ի արեւմտահայերէն բաժինին մէջ, հայերէնով կը ներկայացնէ օտար մամուլին մէջ հայ երեւելի անձնաւորութիւններու մասին հրապարակումներ: 2021-ին լոյս տեսաւ իր «Արեւմտահայերէն Հեքիաթներ» հատորը: Պարգեւատրուած է Հ.Հ. Սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի Դեսպան» շքանշանով:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

1 Comment
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
Յասմիկ Սանոսեան Թեմիզեան

1981-1997 խմբավար Պօղոս Ապաճեանի ղեկավարած «Զուարթնոց» եւ «Նարեկացի» երգչախումբերուն, դասական յայտագիրներուն մենակատարը եղած եմ:

1
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x