Քննական մտածողութիւնը, ընկերային ցանցերը եւ պայքար կեղծ լուրերու դէմ

Cartoon by Daniel Garcia

«Կը մտածեմ, ուրեմն կա՛մ» նշանաւոր այս խօսքը կը պատկանի ֆրանսացի փիլիսոփայ Ռընէ Տեքարթի: Իր այս հաստատումով, Տեքարթ կ’արտայայտէ հիմնական սկզբունք մը իր փիլիսոփայական հետազօտութեան մէջ՝ գիտելիքի, գոյութեան եւ իրականութեան էութեան մասին: Ան շեշտը կը դնէ թերահաւատութեան վրայ իբրեւ քննական մտածողութեան մեթոտ եւ անհատները կը մղէ կասկածելու ամէն բանի մասին, մինչեւ որ տրամաբանուած պրպտումի եւ վերլուծութեան միջոցով կարելի ըլլայ հասնիլ անհերքելի ճշմարտութիւններու:

Տեքարթ իր փիլիսոփայական հետազօտութիւնը կը սկսի` կասկածելով ամէն ինչի, որ ինք կը հաւատայ թէ ճշմարիտ է, ներառեալ իր զգայարանքները եւ արտաքին աշխարհը: Ան կը կասկածի, թէ արդեօք կրնա՞յ վստահիլ իր սեփական ըմբռնումներուն, որոնք կրնան խաբել զինք: Այսուամենայնիւ, Տեքարթ կը գիտակցի, որ եթէ նոյնիսկ իր զգայարանքները խաբեն զինք, ան չի կրնար կասկածիլ այն իրողութեան, որ ինք կը կասկածի: Այլ խօսքով, նոյնիքն այդ կասկածելու կամ մտածելու արարքը կը վկայէ իր գոյութեան մասին. «կը մտածեմ, ուրեմն կա՛մ»:

Ինչո՞ւ այս յիշեցումը Տեքարթի մտածումներուն մասին:

Ընկերային ցանցերու աճը պատճառ դարձած է տեղեկութեան եւ տեղեկատուութեան աննախընթաց հասանելիութեան, սակայն ան նաեւ թափ տուած է կեղծ լուրերու եւ ապատեղեկատուութեան լայն տարածումին: Այս յօդուածով մենք պիտի փորձենք ուսումնասիրել քննական մտածողութեան կարեւոր դերը՝ թուայնացած աշխարհին մէջ կարենալ նաւարկելու, կեղծ լուրեր բացայայտելու ու անոնց դէմ պայքարելու եւ ընդհանրապէս լրատուական գրագիտութիւնը խթանելու գործին մէջ: Քննական մտածողութիւն զարգացնելով, անհատները կրնան ազդու կերպով նպաստել ապատեղեկատուութեան դէմ պայքարին:

Կանխատրամադրուածութիւն եւ կողմնակալութիւն

Քննական մտածողութիւնը կ’օգնէ մեզի ճանչնալու եւ շրջանցելու կողմնակալ լուրերու թակարդը: Մենք յաճախ կ’ուզենք տեսնել կամ կարդալ լուրեր ու զանոնք մեկնաբանել՝ մեկնելով մեր նախօրոք գոյութիւն ունեցող համոզումներէն կամ նախապաշարումներէն: Մեր ուզածը կ’ուզենք լսել: Ընկերային ցանցերու հարթակներ (դասական մետիան եւս) յաճախ կը ստեղծեն նման միջավայրեր, ուր հրամցուած լուրերը կ’ըլլան համահունչ մեր տեսակէտներուն` ամրապնդելով մեր կողմնակալութիւնը եւ մեզ դարձնելով ենթակայ կեղծ լուրերու, որոնք կը հաստատեն գոյութիւն ունեցող մեր նախատրամադրուած համոզումները: Այս պարագային դժուար թէ կարենանք զանազանել կեղծ լուրը իրաւէն: Շատ յաճախ կը լսենք «ես միայն այս կայքէջին կը հետեւիմ», կամ «միայն այս թերթը կը կարդամ», յաճախ նաեւ մէկը միւսը կը յանդիմանէ. «ուրիշ կայան չգտա՞ր դիտելիք»: Երբ ըլլանք կանխատրամադրուած՝ բնականօրէն նաեւ պիտի հաւատանք, կամ աւելի ճիշդ պիտի ուզենք հաւատալ մեզի հրամցուած կեղծ լուրերուն: Քննական մտածողութիւն զարգացնելով, մենք կրնանք գիտակցիլ մեր կողմնակալութեան, փնտռել տարբեր աղբիւրներ եւ առարկայականօրէն գնահատել փոխանցուած տեղեկութիւնը՝ նուազեցնելով կողմնակալութեան ազդեցութիւնը:

Աղբիւրներու եւ վստահելիութեան գնահատում

Քննական մտածողութիւնը մեզի կը տրամադրէ միջոցները՝ գնահատելու աղբիւրներու արժանահաւատութիւնն ու հաւաստիութիւնը ընկերային ցանցերու այս դարաշրջանին: Կեղծ լուրերը յաճախ կը ծագին չստուգուած կամ կասկածելի աղբիւրներէ, որոնք նախատեսուած են խաբելու կամ նախատրամադրելու ընթերցողը, ակնդիրն ու ունկրդիրը: Քննական մտածողութեան կիրարկումով՝ կրնանք արժեւորել աղբիւրներուն հեղինակութիւնն ու տրամադրած ապացոյցները: Քննական մտածողութեամբ, մենք կրնանք փնտռել հեղինակաւոր աղբիւրներ եւ ստուգել փաստերը՝ ապահովելու տարածուող տեղեկութեան ճշգրտութիւնն ու հաւաստիութիւնը:

Քննական մտածողութիւնը կ’ենթադրէ վերլուծել տեղեկութիւնը կամ փոխանցուած լուրը, կասկածի տակ առնել ենթադրութիւնները, նկատի առնել բազմաթիւ հաւանականութիւնները եւ ըստ այնմ եզրակացնել տրամաբանօրէն: Ընկերային ցանցերու լրատուական աղբիւրները գնահատելու ատեն, պէտք է նկատի առնել հեղինակին անցեալնն ու փորձառութիւնը, անոր հաւանական կողմնակալութիւնը եւ տրամադրած փաստերը: Լուրի մը հաւաստիութիւնը ընդունելու համար՝ շատ կարեւոր է հեղինակութիւնն ու վստահելիութիւնը հարթակին կամ կայքէջին, ուր լուրը կամ տեղեկութիւնը կը տարածուի:

Ընկերային ցանցերու հարթակները կրնան արագօրէն տարածել չստուգուած լուր մը՝ պատճառ դառնալով ապատեղեկատուութեան: Քննական մտածողութիւնը մեզի կարելիութիւն կու տայ քննադատաբար վերլուծելու լուրը՝ բացայայտելով տրամաբանական սխալները եւ անհամապատասխանութիւնները: Կեղծ լուրերը յաճախ կը հիմնուին զգացական կոչերու, զգայականութեան եւ մոլորեցնող փաստերու վրայ` հանրային կարծիքը շեղելու համար: Քննական մտածողութեամբ՝ կրնանք հարցականի տակ առնել վերնագիրները, քննարկել տրուած ապացոյցները եւ փոխանցուած լուրը դիտարկել աւելի լայն շրջագիծի մը մէջ: Այս ձեւով կարելի կ’ըլլայ փաստերը անջատել կարծիքներէն եւ բացայայտել ապակողմնորոշող տեղեկութիւնը: Տակաւին, ստուգուած տեղեկութեան մը բաժնեկցութիւնը ուրիշներու հետ եւ զանոնք մղելու որ նոյնը ընեն, կը նպաստէ աւելի վերահասու եւ հաւաստի թուայնացած միջավայրի մի ստեղծումին:

Լրագրագիտութեան խթանում

Քննական մտածողութիւնը հիմնական դեր կը խաղայ առարկայական նաեւ լրագրագիտութեան խթանումին: Քննական մտածողութեան հմտութիւններ զարգացնելով՝ կրնանք վերծանել լուրերու, ծանուցումներու եւ ընկերային ցանցերու գրառումներուն շարժառիթներն ու հաւանական կողմնակալութիւնը: Այդ ձեւով կը դառնանք տեղեկութեանց եւ լուրերու աւելի խորաթափանց հետեւողներ՝ վստահելի լրագրութիւնը զատորոշելով զգայացունցէն եւ ապակողմնորոշողէն: Քննական մտածողութեան ճամբով լրագրագիտութեան խթանումը կը նպաստէ գիտակից հասարակութեան մը ստեղծումին, որ կասկածով կը մօտենայ հրամցուած լուրերուն եւ ի վերջոյ սուտը, կեղծը կը զանազանէ իրաւէն:

Եզրակացնելու համար, պէտք է ընդունինք, որ քննական մտածողութիւնը կարեւոր զէնք մը կը հանդիսանայ ընկերային ցանցերու եւ դասական մետիայի ճամբով տարածուած կեղծ լուրերուն դէմ:

Վերադառնալով Տեքարթին, ճշմարտութեան հասնելու համար, անհրաժեշտ է կասկածիլ ու հարցադրել, իսկ մէյ մը որ կասկածինք՝ քիչ մը վերլուծելով եւ քիչ մը պրպտելով ու փաստեր գտնելով՝ իրականութիւնը կը դառնայ հասանելի: Անշուշտ քննական մտածողութեան կիրարկումը չի սահմանափակուիր լրատու միջոցներով: Անոր կիրարկումը կարեւոր է նաեւ կրթութեան ու դպրոցներու, քաղաքական կուսակցութիւններու եւ ղեկավարութեան, սեռային, ընկերային ու ցեղային խտրականութեանց, գիտութեանց եւ առօրեայ մեր կեանքի բազմաթիւ այլ ոլորտներուն մէջ:

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

1 Comment
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
Պետրոս Մանուկեան

Ես ընդամենը մի քանի տող կարդացի, վերնագիրը անչափ հետաքրքիր է, նաև այն, ինչ կարդացել եմ, թվում է, թե շատ խելամիտ և հետաքրքիր հոդված է, ես սա անպայման կկարդամ

1
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x