Լիբանանեան տնտեսութեան ամբողջական տոլարացումը՝ ժողովրդային խաւերուն պատուհասը

Պատրաստեց՝ Վարուժ Թէնպէլեան

Photo Credit: AP

Իբրեւ թէ լիբանանեան թղթոսկիի արագընթաց արժեզրկման հետեւանքները սահմանափակելու եւ մասնաւորաբար շուկայի գիները հակակշռի տակ պահելու համար, կառավարութիւնը որոշում տուաւ տոլարացնելու ապրանքներու մեծ մասին վաճառքը: Երեւութապէս տրամաբանական, բայց խորքին մէջ այս որոշումը ոչ միայն ցոյց կու տար կառավարութեան անճարակութիւնը, բայց մանաւանդ անոր մեղսակցութիւնը վաճառական խաւին հետ: Այսօր, Լիբանանի վաճառականները շատ աւելի խօսք ունին շուկային կառավարման մէջ, քան նոյնիքն կառավարութիւնը: Հետեւաբար՝ տոլարով սղաճ եւ գիներու շահագործում բոլոր մարզերուն մէջ: Ինչպէս բացատրել, որ Լիբանանի մէջ արտադրուած ապրանքներ, ներառեալ դեղեր աւելի սուղ կը ծախուին քան ներածուածները:

Կ’ըսուի որ կարգ մը ապրանքներու գծով եւ վաճառականներու տիրապետութեան տակ, շուկան արդէն տոլարացած է 70 տոկոսով:

Կրթական մարզն ալ շուտով կը միանայ այս արշաւին:

Տնտեսական ի՞նչ անդրադարձ կրնայ ունենալ եթէ հասնինք 100%-ով տոլարացումի:

Լիբանանի տնտեսութեան ամբողջական տոլարացումը կ’ենթադրէ լիբանանեան թղթոսկին փոխարինել ամերիկեան տոլարով, որպէս երկրին պաշտօնական դրամանիշը: Նման որոշում կը նշանակէ, որ բոլոր առուծախները, պայմանագիրները եւ ելեւմտական գործառնութիւնները կը կատարուին ամերիկեան տոլարով, եւ Լիբանանի կեդրոնական դրամատունը կը կորսնցնէ իր վերահսկողութեան եւ հակակշռի իրաւունքը դրամական քաղաքականութեան վրայ:

Ստորեւ՝ ամբողջական տոլարացումի ընդհանուր քանի մը կարելի ազդեցութիւններն ու հետեւանքները:

Պիտի նկատենք որ ամողջական տոլարացման ժխտական հետեւանքները շատ-շատ աւելի են քան դրական քանի մը երեւոյթները:

Կարգ մը դրական ազդեցութիւններ կը նկատուին հետեւեալները.

  1. Կայունութիւն. տոլարացումը կրնայ կարճ տեւողութեամբ կայունութիւն բերել տնտեսութեան` նուազեցնելով թղթոսկիի անկայունութիւնը, որովհետեւ ամերիկեան տոլարը ընդհանուր առմամբ աւելի կայուն է, քան լիբանանեան դրամը: Այս կայունութիւնը կրնայ ներգրաւել օտար ներդրողներ եւ վերականգնել վստահութիւնը ելեւմտական համակարգին նկատմամբ:
  2. Սղաճի հակակշռումը. տոլարացումը կրնայ օգնել հակաշռելու սղաճը` սահմանափակելով նոր դրամ տպելու կառավարութեան կարողութիւնը: Ազգային դրամանիշի բացակայութեան պայմաններուն մէջ, կառավարութիւնը չի կրնար դիմել աւելորդ դրամ ստեղծելու միջոցին, որ սղաճի գլխաւոր պատճառներէն մէկն է:
  1. Գործառնութեանց ծախսերու նուազում. ամբողջական տոլարացումը կրնայ նուազեցնել գործառնութեան մը ծախսերը եւ բազմաթիւ դրամանիշերու հետ գործ ունենալու վտանգները: Տոլարացումը կը դիւրացնէ միջազգային առեւտուրը եւ առեւտրական գործառնութիւնները` վերցնելով մէկ դրամանիշէն միւսը փոխանակալու անհրաժեշտութիւնը:

Ստորեւ՝ ժխտական երեւոյթներու երկար շարքը:

  • Դրամական քաղաքականութեան կորուստ. տոլարացումը կը սահմանափակէ կամ նոյնիսկ կ’արգելակէ դրամավարկային անկախ քաղաքականութիւն վարելու Կեդրոնական դրամատան կարողութիւնը : Լիբանանի կեդրոնական դրամատունը այլեւս չի կրնար ճշդել ու կարգաւորել տոկոսները կամ օգտագործել դրամավարկային այլ միջոցառումներ` տնտեսութեան վրայ ազդելու համար: Հակակշռի այս կորուստը կրնայ սահմանափակել տնտեսական ցնցումներու արձագանգելու կամ տնտեսական աճ խթանող միջոցառումներ որդեգրելու կառավարութեան կարողութիւնը:
  • Տոլարէ կախեալութիւն. ամբողջական տոլարացումի պարագային, Լիբանան մեծապէս կախեալ կ’ըլլայ Միացեալ Նահանգներու կայունութենէն եւ քաղաքական որոշումներէն: Դրամական քաղաքականութեան, դրամանշային արժէքներու կամ տնտեսական պայմաններու փոփոխութիւնները կրնան էապէս ազդել Լիբանանի տնտեսութեան վրայ: Այս կախեալութիւնը կրնայ սահմանափակել տնտեսական անկախ ռազմավարութիւններ հետապնդելու Լիբանանի կարելիութիւնները:
  • Դրամատնային պարտքերու խնդիր. ամբողջական տոլարացման ազդեցութիւնը պետական եւ անձնկան պարտքերու վրայ կը դառնայ կախեալ՝ լիբանանեանէն տոլարի անցումին ընթացքին կատարուած շարք մը կարգադրութիւններէ: Լիբանանեան թղթոսկիով գոյութիւն ունեցող պարտքերը ստիպողաբար պիտի վերածուին տոլարի կամ պիտի վերադասաւորուին, ինչ որ կրնայ ծանր հետեւանքներ ունենալ փոխառուներու եւ փոխատուներու համար:
  • Քաղաքական հետեւանքներ. Ամբողջական տոլարացումը կրնայ քաղաքական հետեւանքներ ունենալ, որովհետեւ այդ մէկը կ’ենթադրէ դրամական հարցերու նկատմամբ ազգային գերիշխանութեան կորուստին: Տնտեսութեան ամբողջական տոլարացման որոշումը կրնայ դուռ բանալ քաղաքական վէճերու:

Ամբողջական տոլարացումը մասնաւորաբար կրնայ ծանր ազդեցութիւն ունենալ Լիբանանի համեստ խաւերուն վրայ: Ահա՛ւասիկ քանի մը հաւանական ազդեցութիւններ.

  1. «Կեանքի» սղութիւն. ամբողջական տոլարացումը կրնայ առաջնորդել կենսական ապրանքներու եւ ծառայութիւններու գիներուն զգալի բարձրացման: Ներածուող ապրանքները, ինչպէս՝ ուտեստեղէնը, դեղորայքը եւ վառելանիւթը կրնան սղիլ, որովհետեւ անոնց գինը տոլարով է: Այս մէկը կրնայ անհամեմատօրէն ազդել աղքատներու վրայ, որոնք իրենց եկամուտին զգալի մասը կը ծախսեն կենսական անհրաժեշտութիւն ունեցող ապրանքներու վրայ:
  2. Աշխատանքի անապահովութիւն. տոլարացումը կրնայ ազդել աշխատանքի շուկային վրայ, մասնաւորաբար այն մարզերուն պարագային, որոնք մեծապէս կ’ապաւինին տեղական արտադրութեան եւ լիբանանեան դրամանիշով պայմանաւորուած աշխատուժին վրայ: Տնտեսական այն մարզերը, որոնք կը դառնան նուազ մրցունակ կամ կը կրճատեն իրենց արտադրողականութիւնը աւելի բարձր ծախսերու պատճառով, կրնան գործաւորներ արձակել, եւ կը սահմանափակուի նոր գործ գտնելու հաւանականութիւնը աղքատներուն համար:
  3. Ընկերային անհաւասարութիւն. ամբողջական տոլարացումը շատ հաւանօրէն կրնայ մեծցնել եկամուտի բացը եւ սրել ընկերային անհաւասարութիւնը: Աղքատները, որոնք սահմանափակ եկամուտներ կամ խնայողութիւններ ունին, կրնան լուրջ դժուարութիւններու հանդիպիլ անցումային փուլը յաղթահարելու եւ մեծապէս տոլարէն կախեալ տնտեսութեան յարմարելու համար: Հարուստները բնականօրէն աւելի դիւրին կը յարմարին կացութեան:
  4. Ընկերային ապահովութեան սահմանափակում. ընկերային ծառայութիւններ (տաման եւ այլ) տրամադրելու կառավարութեան կարողութիւնը մեծապէս կ’ազդուի տոլարացման ստեղծած սահմանափակումներուն հետեւանքով: Պետութեան տարեկան պիւտճէի սահմանափակումները եւ ելեւմտական մարտահրաւէրները բնականօրէն պիտի նուազեցնեն ընկերային ապահովութեան համար անհրաժեշտ գումարները:

Կարեւոր է նշել, որ ամողջական տոլարացումի հետեւանքները կրնան տարբեր ըլլալ երկրէ երկիր, եւ կախեալ են տնտեսական տարբեր հանգամանքներէ, քաղաքականութենէ եւ կառուցուածքային գործօններէ: Կ’արժէ սերտել նաեւ ամբողջական տոլարացում որդեգրած այլ երկիրներու փորձառութիւնները, ինչպէս՝ Էքուատորը կամ Էլ Սալվատորը, որոնք որոշակի պատկերացումներ կրնան տալ, բայց իւրաքանչիւր պարագայ կը մնայ եզակի:

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x