«Թատրոնը կենդանի պահելու համար հարկաւոր են տոկուն եւ նուիրուած մարդիկ»

«Թատրոնը աշխարհի մէջ այն միակ հաստատութիւնն է, որ կը մեռնի արդէն չորս հազար տարիէ ի վեր եւ երբեք չի մահանար: Զայն կենդանի պահելու համար անհրաժեշտ են տոկուն եւ նուիրուած մարդիկ»:  Այս խօսքերը կը պատկանին ամերիկացի գրագէտ, գրականութեան նոպէլեան մրցանակակիր Ճոն Սթայնպէքի:

Սթայնպէքի այս խօսքերը որքա՛ն կը պատշաճին այսօր լիբանանահայ իրականութեան, որ վերջերս ականատես կ’ըլլայ թատերական կեանքի աշխուժութեան՝ ձեւով մը վերածնունդի, մասնաւորաբար քորոնայի եւ տնտեսական տագնապի պարտադրած…«մահէն» ետք: Փաստօրէն լիբանանահայ թատրոնը կը մերժէ մահանալ շնորհիւ «տոկուն եւ նուիրուած մարդոց»՝ մեր բեմադրիչներուն, դերակատարներուն, բայց մանաւանդ վարագոյրին ետեւ գտնուող ու վարչական ու թեքնիք գործերով զբաղող նուիրեալներուն:

Իսկ գնահատանքի առանձին խօսք լիբանանահայ թատերասէրին, որ լեցուն սրահներով վերակենդանացուց հայ բեմը՝ գիտակցելով անոր կարեւորութեան:

Աշխարհի մը մէջ, ուր այսօր թէեւ կը գերակշռեն արհեսագիտական եւ թուայնացած նորարարութիւնները, թատրոնի եւ թատերախաղերու յարատեւ գրաւչութիւնը փաստօրէն կը շարունակէ հրապուրել հանդիսատեսը: Պէտք չէ մոռնալ, որ բեմը կը ծառայէ իբրեւ անփոխարինելի միջոց մը, որ կը հրամցնէ ժամանցի, դաստիակարակութեան եւ ինքնաճանաչումի իւրայատուկ խառնուրդ մը, թէեւ մեր երիտասարդ բեմադրիչներէն մէկը վերջերս շեշտը կը դնէր ժամանցին վրայ՝ անկախ բովանդակութենէն ու անոր կարեւորութենէն:

Թատրոնը ընդհանրապէս ընդունուած է իբրեւ ժամանցի հարթակ մը, ուր կը դիմէ հանդիսատեսը հեռանալու առօրեայ մտահոգութիւններէն եւ փոխադրուելու դէպի երեւակայութեան աշխարհ:  Թատրոնը կը կախարդէ հանդիսատեսը, որովհետեւ ան միաժամանակ կրնայ ծիծաղ ու խնդուք պատճառել, արցունք, հետաքրքրութիւն եւ հարցադրումներ զարգացնել՝ ստեղծելով ներքին հակազդեցութիւններ, որոնք անհատները խորապէս զիրար կը կապեն մարդկային մակարդակի վրայ: Բեմին վրայ է, որ պատմութիւնները կեանք կ’առնեն՝ խթանելով ընդհանուր փորձառութիւն մը, որ կրնայ ըլլալ թէ՛ խռովիչ, եւ թէ՛ հանգստացնող:

Իր ժամանցային արժէքին կողքին, թատրոնը ունի նաեւ դաստիարակիչ կարեւոր դերակատարութիւն: Թատերախաղերը կը ծառայեն իբրեւ միջոցներ պատմական դէպքերու, մշակութային արժէքներու եւ ընկերային հարցերու քննարկման: Ականատես ըլլալով բեմին վրայ ծաւալուող պատմութիւններուն` հանդիսատեսը պատկերացումներ կ’ունենայ տարբեր տեսակէտներու եւ փորձառութիւններու մասին: Թատրոնը դէմ յանդիման կը դնէ մեզ բարդ թեմաներու՝ խրախուսելով քննական մտածողութիւնը եւ մարդային կարեկցանքը: Կենդանի խաղարկութեան ուժին միջոցով կարելի կը դառնայ ըմբռնել մարդկային էութիւնը, ընկերային խարխափումները եւ մեր կատարած ընտրութիւններուն հետեւանքները: Եւ պէտք չէ զարմանալ, որ ինչո՞ւ ժամանակին, նոյնիսկ լիբանանահայ բեմին վրայ թատերախաղեր յաճախ գրաքննութեան կ’ենթարկուէին ու կ’արգիլուէին:

Թատրոնը միշտ հանդիսացած է միջոց մը արտայայտելու միտքեր, գաղափարներ եւ յոյզեր՝ հանրային միջավայրի ու շրջագիծի մը մէջ: Թատերագիրները, դերասաններն ու բեմադրիչները բեմը կ’օգտագործեն իբրեւ պաստառ մը` անոր վրայ նկարագրելու մարդկային վիճակներ, բացայայտելու ընդհանրական ճշմարտութիւններ եւ գծելու ինքնաճանաչման ուղիներ: Երկխօսութեան, տարբեր միմիքներու եւ երանգաւորուած դերատարութեան ուժը կը ստեղծեն արտայայտութեան այնպիսի խորք մը, որ կարելի է իւրայատուկ կերպով փոխանցուիլ միայն կենդանի թատրոնին միջոցով: Ան յուշարար է մեր ընդհանրական մարդասիրութեան եւ կ’երաշխաւորէ, պէտք է երաշխաւորէ այն հարթակը, ուր նաեւ անտեսուած ու խտրականացուած հարցեր լսելի կը դառնան՝ խթանելով ընկերային համապարփակութիւնն ու յառաջդիմութիւնը:

Կատակերգութիւն, ողբերգութիւն, պատմութիւն թէ քաղաքականութիւն՝ թատրոնը ունի նոյն դերակատարութիւնը հաւաքական կեանքի մէջ, հետեւաբար, եթէ այս օրերուն լիբանանահայ հանդեսատեսին նախասիրութիւնը կ’երթայ կատակերգութեան՝ երբեք հարց չէ:

Թատրոնին վերապահուած է նաեւ այլ պաշտօն մը, որ այս օրերուն նոյնքան կարեւոր է լիբանանահայ հաւաքական կեանքին մէջ: Թատրոնի փորձառութիւնը կը տարածուի նաեւ սրահէն դուրս` ստեղծելով հաւաքական պատկանելիութեան եւ ընդհանուր կապի զգացում մը: Վարագոյրը բացուելէն մինչեւ վերջաւորութեան՝ հաւաքական ու յաճախ յոտնկայս ծափահարութիւնները, թատրոնը քով քովի կը բերէ տարբեր անձեր. կը դառնայ մարդոց հաւաքավայր:  Հերոսներու նուաճումներուն եւ դժբախտութիւններուն ականատես ըլլալու ընդհանուր փորձառութիւնը կը խթանէ հաւաքական կապ մը՝ յառաջացնելով քննարկումներ եւ հաւաքական յիշողութիւններ՝ սկսեալ սրահի աստիճաններուն վրայէն մինչեւ յաջորդող օրերը սալոններու մէջ:

Արդարեւ, աշխարհի մէջ, որ այսօր տարուած է արհեստագիտական եւ թուայնացած նորութիւններով, թատրոնի եւ թատերախաղերու կենդանի փորձառութիւնը աւելի եւս կը շեշտուի մարդկային կեանքին մէջ: Թատրոնը, անցեալ ու ապագայ, կը գերազանցէ ժամանակը եւ կը հրաւիրէ մեզ պահ մը կանգ առնելու, խորհելու եւ զգալու: Ան ժամանցի եւ «պատմութիւն դիտելու» միջոց է, բայց նաեւ ունի դաստիարակիչ առաքելութիւն եւ ինքնաճանաչման խորք:

Բայց ինչպէս Սթայնպէք կ’ըսէ, «զայն կենդանի պահելու համար անհրաժեշտ են տոկուն եւ նուիրուած մարդիկ»: Բարեբախտաբար, լիբանանահայ թատրոնի վերակենդանացումը փաստեց, որ տակաւին ունինք «տոկուն եւ նուիրուած մարդիկ». վարձքը կատար բոլորին:

Իսկ մեր սիրելի ու հաւատարիմ հանդիսատեսներուն, շնորհակալութեան խօսքէն անդին, կը յուշենք ամերիկացի ժամանակակից թատերագիր Լին Նոթէճի (Lynn Nottage) հետեւեալ խօսքը. «թատրոնը հաւաքական աքթ մըն է, որ մարդիկ կը խմբէ մութ սենեակի մը մէջ, ուր անոնք կը կիսեն նոյն պատմութիւնն ու փորձառութիւնը: Ան կը մեկտեղէ մեզ իբրեւ հաւաքականութիւն»:

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

1 Comment
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
Վահան Աւ. Քհնյ. Կոստանեան
Վահան Աւ. Քհնյ. Կոստանեան
10 months ago

Մէծապէս քնահատելի եւ ուրախանալի լուրեր ստանալ Լիբանանահայութեան մասին մանաւանդ այս դժուարին պայմաններուն մէջ։ Աստուած օրհնէ բոլորը եւ պահապան ըլլայ իրենց։

1
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x