Պահպանե՛նք, զարգացնե՛նք ու երիտասարդացնե՛նք արեւմտահայերէնը. ահա թէ ինչպէ՛ս

Original graphic: Rupen Janbazian, h-pem editor

Աշխարհացրիւ հայկական սփիւռքին կամ ընդհանրապէս հայութեան համար արեւմտահայերէնի պահպանումն ու զարգացումը պէտք է գերազա՛նց նշանակութիւն ունենան, կամ այդպէ՛ս կ’ակնկալուի առնուազն: Իբրեւ լեզուական եւ մշակութային հարստութիւն` արեւմտահայերէնը առանցքային տարր է հայկական ամուր ինքնութեան պահպանման համար՝ աշխարհի մը մէջ, ուր մշակոյթներու փոխազդեցութեան մնայուն ընթացքը մէկը միւսը կլանելու ենթահողը կը դիւրացնէ: Հակառակ համաշխարհայնացման եւ թուայնացման դարաշրջանի առթած մարտահրաւէրներուն՝ կան համոզիչ պատճառներ ձեռնարկելու արեւմտահայերէնի վերանորոգման եւ վերաժողովրդայնացման, յատկապէս երիտասարդութեան մէջ:

          Լեզուն իբրեւ մշակութային ինքնութեան խորհրդանիշ

Լեզուն բնականօրէն շատ աւելին է, քան պարզապէս հաղորդակցելու միջոց մը. ան կը հանդիսանայ մշակութային ինքնութեան հիմնական բաղադրիչը, եւ իբրեւ այդպիսին՝ արեւմտահայերէնը աշխարհի տարբեր ծայրերուն ապրող հայերուն համար խորքային կապ մը կը ստեղծէ իրենց հարուստ մշակութային ժառանգութեան, նախնիներուն եւ հազարամեակներու անցեալ ունեցող պատմական արմատներուն հետ: Ան կը մարմնաւորէ հայ ժողովուրդին հաւաքական յիշողութիւնը` նպաստելով սփիւռքի գաղութներուն մէջ միութեան եւ պատկանելութեան զգացողութեան ամրապնդումին:

          Աւանդութեանց պահպանման միջոց

Արեւմտահայերէնը խորապէս միահիւսուած է հայկական սովորոյթներուն, ծէսերուն եւ աւանդութիւններուն հետ: Մշակութային բազմաթիւ արտայատութիւններ՝ կրօնական արարողութիւններէն (գրաբարի կողքին այս պարագային) մինչեւ ընտանեկան հաւաքոյթներ, մեծապէս կախեալ են արեւմտահայերէնէն: Պահպանելով զայն՝ սփիւռքահայերը կրնան երաշխաւորել, որ այս սովորոյթներն ու աւանդութիւնները կը փոխանցուին սերունդէ-սերունդ՝ ստեղծելով մշակութային շարունակականութեան զօրաւոր հիմք մը:

          Պատմական կապ ու նշանակութիւնը

Արեւմտահայերէնը պատմական նշանակալի կշիռ ունի, որովհետեւ ոչ միայն ան պարզապէս մեր պապերուն լեզուն է, այլ որոհետեւ նաեւ կը դրսեւորէ ու կը յուշէ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու ապրած դառն փորձառութիւնները, մասնաւո-րաբար՝ ցեղասպանութիւնը: Մինչ մէկ կողմէ կը յիշեցնէ տառապանքը մեր 1,5 միլիոն նահատակներուն, միւս կողմէ ան կը ծառայէ որպէս հայ ժողովուրդի տոկունութեան, վերապրումի եւ գոյատեւման կենդանի վկայութիւնը՝  դարձնելով զայն կարեւոր միջոց մը՝ յիշելու եւ յարգելու բոլոր անոնք, որոնք ջարդուեցան պարզապէս, որ հայ էին: Եղեռնը կարելի է յիշել ու նշել տարբեր լեզուներով, բայց ան շատ բան կը կորսնցնէ իր պատմական համապատասխանութենէն, եթէ դադրի արեւմտահայերէնով ոգեկոչուելէ:

          Կամուրջ մը դէպի Հայաստան ու արեւելահայերէն

Հակառակ ժամանակի ընթացքին ձեւաւորուած լեզուական որոշ տարբերութիւններու` արեւմտահայերէնն ու արեւելահայերէնը հիմնականօրէն կը մնան փոխըմբռնելի: Մասնաւորաբար արեւմտեան կողմն աշխարհի, ուր արեւմտահայախօսութեան նահանջը աւելի զգալի է, պէտք է դիտել տալ, որ արեւմտահայերէն սորվիլ ու խօսիլը կրնայ տարբեր դուռեր բանալ սփիւռքահայերուն համար՝ աւելի դիւրին կապուելու Հայաստանի, գործի ձեռնարկելու եւ ընդհանրապէս բացուելու հայալեզու այլ շրջաններու իրենց հայրենակիցներուն հետ: Ան կրնայ ծառայել իբրեւ ազդու միջոց ու մեկնակէտ սփիւռքահայերու համար, որոնք կ’ուզեն արեւելահայերէն սորվիլ կամ Հայաստան այցելել` խթանելով միասնականութեան զգացումը եւ դիւրացնելով համագործակցութիւնը հայախօս աշխարհի հետ:

*      *

*

            Այժմ պիտի փորձենք ուսումնասիրել արեւմտահայերէնի պահպանութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները եւ ներկայացնել կամ փորձել ներկայացնել հին ու նոր լուծումներ, որոնք կրնան նպաստել մշակութային այս կարեւոր արժէքի պաշտպանութեան, պահմանումին  ու զարգացումին: Արհեստագիտական ուժի օգտագործումէն մինչեւ սերունդներու միջեւ երկխօսութեան ու մշակութային գիտակցութեան խթանումը՝ հոս քննարկուած միջոցները  կը հանդիսանան փորձ մը՝  հարթելու արեւմտահայերէնի աշխուժացման ճամբան: Արեւմտահայերէնի  պահպանումը միայն ներդրում մը չէ մշակութային ժառանգութեան մէջ. ան հայ ժողովուրդի յաւերժական ոգիին վկայութիւնն է:

Մեր քննարկումներուն առանցքը պիտի հանդիսանան հայ դպրոցները, լրատուամիջոցները, ծնողները եւ արդիականացած բառարանները, որոնք միասին կը կազմեն սերունդները իրարու կամրջող ու արեւմտահայերէնի պահպանումը երաշխաւորող ներդաշնակ համոյթ մը:

          Դպրոցներու դերը արեւմտահայերէնի պահպանման առաքելութեան մէջ

Լեզուի պահպանման բարդ գործընթացին մէջ կրթական հաստատութիւնները ունին առանցքային դերակատարութիւն, իսկ արեւմտահայերէնի ուսուցման նուիրուած դպրոցները՝ սկզբունքով մեր բոլոր հայկական վարժարանները, մեծ ազդեցութիւն ունին երիտասարդութեան վրայ. հոն է որ հայօրէն կը թրծուի հայ երիտասարդը, այդպէս կը սպասուի: Որպէս լեզուական ժառանգութեան պահապաններ՝ այս դպրոցները կը կրեն ոչ միայն լեզուական հմտութիւններ փոխանցելու, այլեւ մշակոյթի եւ ինքնութեան հետ խոր կապ ստեղծելու պատասխանատուութիւնը:

Անառարկելի է կրթական հաստատութիւններու կարեւոր դերը արեւմտահայերէնի պահպանման առաքելութեան մէջ: Այժմ փորձենք քննարկել, թէ ի՞նչ ռազմավարութիւններ կրնան որդեգրուիլ՝ ապահովելու լեզուին կենսունակութիւնը: Արեւմտահայերէնը ապրելակերպի վերածող լեզուական ծրագիրներէն մինչեւ լեզուին համարկումը ընթացիկ ուսումնական ծրագիրներուն եւ հմուտ ուսուցիչներու պատրաստութենէն մինչեւ մշակութային արտադասարանական միջոցառումներու կազմակերպումը՝ հայ դպրոցները կը մնան կանգնած իբրեւ փարոսներ, որոնք կը լուսաւորեն արեւմտահայերէնի պահպանման ուղին: Կրթութեան միջոցով է, որ այս լեզուին մնայուն աւանդը եւ անոր ընդգրկած կենսունակ մշակոյթը կրնան փոխանցուիլ գալիք սերունդներուն:

Շատ մը դպրոցներ սկսած են անտարբեր մօտեցում ցուցաբերել հայերէնով դասաւանդուած նիւթերուն նկատմամբ, թէեւ հակառակը կը փորձեն ցոյց տալ՝ առարկելով, որ անոնք կը ճնշեն ուսումնական ընթացիկ ծրագրին եւ իմա պետական քննութիւններու յաջողութեան վրայ: Պատրուակէն աւելի` մեծ սուտ մը կարելի է նկատել այս մէկը: Առաջ ալ մեր դպրոցները միշտ հետամուտ եղած են պետական քննութիւններու յաջողութեան եւ միշտ ալ շատ լաւ արդիւնքներ արձանգրած են՝ առանց ոչ մէկ զիջում կատարելու հայերէնի նիւթերէն: Այսօր կեանքի մէջ յաջողած տարեց սերունդներ կան, որոնք բժիշկ են, երկրչափ ու առեւտրական, որոնք ոչ միայն օտար լեզուներու կողքին կը խօսին սահուն արեւմտահայերէն, այլեւ գեղարուեստական մակարդակով ու անսխալ կը գրեն զայն: Այդպէս էր, որովհետեւ հայկական դպրոցները հայերէնը կը նկատէին աշակերտներու կրթութեան եւ մշակութային ինքնութեան վառ եւ իմաստալից մէկ մասը՝ պետական քննութիւններու մէջ յաջողութեան կողքին: Փաստօրէն, հայերէնին յատկացուցած ժամանակն ու ճիգը արգելք չէր ըլլար որ անոնք իրենց պետական ծրագիրը իրագործէին: Այսօր ալ կան նման դպրոցներ, օրինակ Համազգայինի ճեմարանը, որ ոչ մէկ զիջում կը կատարէ հայերէնի իր ծրագիրէն, միւս կողմէ ընդհանրապէս 100%  յաջողութիւն կ’արձանագրէ պետական քննութեանց մէջ: Հայերէնը երբե՛ք արգելք չէ պետական ծրագիրին: Միայն ծուլութեան, անտարբերութեան եւ հաւանաբար առեւտրական նկատարումներով է (պիւտճէի յամեցող դժուարութիւններ) որ հայերէնը սկսած է երկրորդական, երրորդական նկատուիլ մեր դպրոցներուն մէջ: Ծնողները անշուշտ մեծ դեր ունին այս վիճակի ստեղծման մէջ: Կ’անդրադառնանք քիչ ետք:

          Անկրկնելի է հայ ուսուցիչին դերը

Հայերէն նիւթեր դասաւանդող ուսուցիչներու վերորակաւորումը դարձած է կենսական: Անհրաժեշտ է ներդրումներ (օժանդակողներ միշտ կը գտնուին) կատարել արեւմտահայերենին տիրապետող ուսուցիչներու վերապատրաստութեան համար: Լաւ պատրաստուած մանկավարժները կարեւոր են լեզուական հմտութիւնները արդիւնաւէտ փոխանցելու համար: Գիտութեան կողքին հայերէնի հանդէպ կիրք ունենալն ու փոխանցելը պայման է: Անոնք նաեւ կրնան, պէտք է ծառայեն որպէս մշակութային դեսպաններ՝ օգնելով ուսանողներուն գնահատելու լեզուին պատմամշակութային խորքը: Հոս կրնանք փակագիծ մը բանալ եւ նշել անունները, երկար շարք մը, հայ ուսուցիչներու, որոնք գիտութեան կողքին՝ ոգի ու մշակութային գիտակցութիւն ջամբեցին իրենց աշակերտներուն: Այդ օրերուն ալ պետական քննութիւններ կային եւ հայ աշակերտները մեծ յաջողութիւններ կ’արձանագրէին:

          Մշակոյթի եւ լեզուի ակումբներ

Դպրոցները կրնան ստեղծել մշակութային ակումբներ, սեմինարներ եւ ձեռնարկներ, որոնք ազգային մեծ տօներուն կողքին կը նշեն արեւմտահայ սովորութիւնները, տօները եւ աւանդութիւնները: Այս միջոցառումները ո՛չ միայն կը խորացնեն լեզուի եւ մշակոյթի միջեւ կապը, այլեւ հնարաւորութիւն կու տան աշակերտներուն ստեղծելու լեզուական խմբակներ կամ ուսումնական խումբեր: Այս արտադասարանական ակումբները կրնան կեդրոնանալ արեւմտահայերէնի հմտութիւններու կատարելագործման եւ մշակութային քննարկումներու վրայ՝ լեզուն աւելի գրաւիչ եւ բովանդակալից դարձնելու առաջադրանքով: Նոր գիւտ մը չէ այս մեր առաջարկը: Կար ժամանակ, ոչ հեռու անցեալին, երբ ատենամարզանքի պահերը կ’օգտագործուէին այս նպատակով: Ակումբներու առաջարկն ալ նոր չէ. բազմաթիւ դպրոցներ որդեգրած էին այս դրութիւնը, եւ նոյնիսկ արեւմտահայերէնով նշանաւոր պարբերականներ լոյս տեսած են այդ ակումբներուն ճամբով: Ժամանակի սղութիւնը պատրուակ է եւ ծուլութիւն: Գործ մը պակաս:

Եթէ կայ կամքը եւ մանաւանդ պատմական պարտաւորութեան գիտակցութիւնը, դպրոցներու միջոցով արեւմտահայերէնը կը դառնայ աւելին, քան պարզ բառ ու ձայն. ան կը վերածուի ապրելակերպի:

          Արդի լրատուամիջոցները ի սպաս արեւմտահայերէնին

Արեւմտահայերէնը` հայ մշակոյթի եւ ժառանգութեան փարոսը, կը դիմագրաւէ նաեւ արագ զարգացող աշխարհի մարտահրաւէրները, որոնք կրնան վերածուիլ բարիքի, եթէ կարենանք զանոնք լաւապէս օգտագործել: Այս առումով առանցքային է դերը արդի լրատուամիջոցներուն, որոնք ընդհանրապէս կրնան շունչ տալ ու կենսաւորել անհետացման եզրին գտնուող լեզունեը՝ իրարու կապելով սերունդները եւ երաշխաւորելով անոնց կենսունակութիւնը: Լրատուամիջոցները կրնան պաշտպանել նաեւ արեւմտահայերէնը եւ զայն դարձնել այժմէական՝ այսօրուան եւ վաղուան համար:

          Թուայնացած հրատարակութիւններ. Ստեղծել եւ օժանդակել առցանց թերթերու, ամսագրերու եւ արեւմտահայերէնով պլոկներու: Այս հարթակները կը տարածեն լուրեր, պատմութիւններ, յօդուածներ եւ տեսակէտներ՝ ստեղծելով արեւմտահայերէն խօսողներու առցանց հաւաքականութիւն մը` յատկապէս ներգրաւելով երիտասարդութիւնը, որ աւելի վարժ է թուայնացած միջոցներու օգտագործման:

          Ձայնասփիւռը, թուայնացած ձայնային հաղորդումները (podcasts) եւ ընկերային ցանցերը. Ստեղծել արեւմտահայերէն ռատիոկայաններ եւ podcast-ներ` օգտագործելով ձայնի հզօրութիւնը լեզուական ուսուցման համար: Երիտասարդներուն ուղղուած յայտագրերը կրնան լեզուի ուսուցումը դարձնել զուարճալի եւ տեղին: Նաեւ օգտագործել ընկերային ցանցերու հարթակները, ինչպէս՝ YouTube-ը, Instagram-ը եւ TikTok-ը` միացնելու աշխարհով մէկ արեւմտահայերէն խօսողները, լեզուի դասընթացքներ կազմակերպելու, մշակութային արժէքներ փոխանցելու համար՝ միաժամանակ խթանելով մէկ հաւաքականութեան պատկանելու զօրաւոր զգացում մը: Թուայնացման այս դարաշրջանին, լրատուամիջոցները անփոխարինելի դաշնակից են արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան եւ զարգացման՝ կամրջելով սերունդները իրարու  եւ  ենթահող պատրաստելով ապագայի  զարգացման:

Այլ խօսքով՝ լրատուամիջոցները արեւմտահայերէնը կը փոխադրեն թուայնացումի դարաշրջան: Թուայնացած հրատարակութիւնները կը ստեղծեն արեւմտահայերէն խօսողներու առցանց համայնքներ: Ձայնասփիւռը եւ podcast-ները ճիշդ հնչիւններ եւ արտայայտութեան եղանակներ կը հաղորդեն՝ լեզուի ուսուցումը դարձնելով զուարճալի եւ անմիջական: Ընկերային ցանցերու հարթակները կը խթանեն կապերը ամբողջ աշխարհի տարածքին արեւմտահայերէն խօսողներու միջեւ` ստեղծելով համաշխարհային հաւաքականութիւն մը՝ միժամանակ տրամա-դրելով միջոցները լեզուի ուսուցման եւ մշակութային արժէքներու սատարման:

          Ծնողները վճռորոշ դեր ունին

Ծնողները վճռորոշ դեր կը խաղան դպրոցներու եւ լրատուամիջոցներու կողքին արեւմտահայերէնի պահպանման առաքելութեան մէջ: Խորքին մէջ անոնց դերը կը նկատուի հիմքը լեզուի պահպանման ջանքերուն: Ծնողները պարտին ըլլալ առաջին ուսուցիչները երեխայի կեանքին մէջ, առաջին փոխանցողը մշակութային եւ լեզուական ժառանգութեան: Տան մէջ արեւմտահայերէնի քաջալերանքը կ’երաշխաւորէ աշակերտներուն սէրը լեզուին նկատմամբ: Ծնողները իրենք է որ իրենց զաւակներուն պիտի  ծանօթացնեն հայկական սովորութիւնները, աւանդոյթներն ու արժէքները՝ ամրապնդելով լեզուի մշակութային նշանակութիւնը: Լեզուի եւ մշակոյթի այս կապը կենսական նշանակութիւն ունի լեզուի պահպանման համար: Արեւմտահայերէնի նկատմամբ խանդավառութիւն ցուցաբերող ծնողները կրնան իրենց զաւակներուն մէջ լեզուին հանդէպ դրական վերաբերմունք սերմանել:

Ըստ էութեան, ծնողները կը հանդիսանան լեզուի եւ մշակոյթի պահակները ընտանիքին մէջ: Անոնց աշխուժ նուիրուածութիւնը արեւմտահայերէնի տարածման գործին կ’երաշխաւորէ, որ լեզուն պարզապէս դպրոցական պարտականութիւն չըլլայ, այլ ընտանիքի առօրեայ կեանքին կենդանի, շնչառական մէկ մասը:

          Ժամանակակից բառարաններու անհրաժեշտութիւնը

Հայերէնէ օտար լեզուներու բառարանները կարեւոր են լեզու սորվողներու եւ ընդհանրապէս հաղորդակցութեան համար: Սակայն, մեր բառարանները, ընդհանրապէս հին հրատարակութիւններ են եւ չունին հոմանիշներ ու ժամանակակից համապատասխան արտայայտութիւններ: Լեզուն բնականաբար զարգացող վիճակ է եւ երբեմն անհրաժեշտ կը դարձնէ ստեղծագործական յարմարեցումները, մանաւանդ երբ ժամանակակից բառերը չունին իրենց հայերէն համարժէքները: Անծանօթ եզրերու ցանկագրումը իւրաքանչիւրիս կողմէ ինքնին անգնահատելի աշատանք է լեզուի զարգացման համար:

Անհրաժեշտ է որ լեզուի ջատագովները եւ կազմակերպութիւններ համատեղ ճիգ թափեն հայերէն բառարաններու վերաթարմացման եւ մասնաւորաբար արդի եզրերու ընդգրկման առաջադրանքով: Յաճախ, պարզ օրինակի համար, կ’անճրկինք «business» կամ «resource» բառերուն հայերէն հոմանիշ գտնելու, դեռ առանց խօսելու այն անհատնում նոր եզրերուն մասին, որոնք յառաջցած են գիտութեան եւ արհեստագիտութեան զարգացումով, առօրեայ կեանքի թուայնացումով: Ճիշդ է, մենք լեզուի ակադեմիա չունինք, բայց տեղէ մը պէտք է սկսիլ:

Արդիականացած բառարանները անցեալը կը կապեն ներկայի պահանջներուն: Անոնք կ’օգնեն հասկնալու եւ օգտագործելու ժամանակակից արեւմտահայերէնը, որ ժամանակի ընթացքին կը զարգանայ:

Արեւմտահայերէն բառարաններու արդիականացման համար անհրաժեշտ կը նկատուի թուայնացած միջոցներու, ինչպէս՝ կայքէջերու, յաւելումներու (apps) եւ առցանց այլ հարթակներու օգտագործումը: Այս միջոցները ոչ միայն կը դիւրացնեն լեզուական աղբիւրներու աւելի լայն հասանելիութիւնը, այլեւ թոյլ կու տան շարունակական թարմացումներ կատարել՝ քայլ պահելով լեզուական ընդհանուր փոփոխութիւններուն հետ: Թուայնացած հարթակներու օգտագործումով կարելի է արագօրէն որոնել ու գտնել եզրեր, ծանօթանալ հնչիւններուն եւ ուսումնասիրել անոնց օգտագործման եղանակը՝ լեզուն աւելի մատչելի եւ յարմարող դարձնելով ժամանակակից պահանջներուն: Աւելին, արեւմտահայերէնի ջատագովներուն եւ կազմակերպութիւններու միջեւ թուայնացած համագործակցութիւնը կը խթանէ լեզուն հարստացնելու եւ պահպանելու հաւաքական ճիգերը՝ երաշխաւորելով անոր արդիականութիւնն ու կենսունակութիւնը թուայնացման այս դարաշրջանին:

Եզրակացնելով, դպրոցները, լրատուամիջոցները, ծնողները եւ արդիականացած բառարանները միասին կը կազմեն սերունդները կամրջող եւ արեւմտահայերէնի պահպանումը երաշխաւորող ամբողջութիւն մը: Անոնք կը տրամադրեն միջոցները եւ լեզուական աղբիւրները արեւմտահայերէնը ծաղկեցնելու երիտասարդութեան սիրտերուն եւ հայկական սփիւռքի հաւաքական գիտակցութեան մէջ: Իբրեւ լեզուական ժառանգութեան ջահակիրներ՝ անոնք իրենց կարգին կրնան լուսաւորել արեւմտահայերէնի դէպի կենսունակ եւ յարատեւող ապագայ առաջնորդող ուղին:

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

1 Comment
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
Նաճարեան Մովսէս Անդրանիկի
Նաճարեան Մովսէս Անդրանիկի
8 months ago

Ողջունելի է։ Շատ բան կայ ըսելու այդ ուղութեամբ, սկսած քերականական չլուծուած հարցերու շուրջ, մինչեւ այլ լեզուներու բառերու հետ առնչութիւն երը մեր լեզուի հետ, ապա եւ Հայկական Բարձրավանդակի տեղանուններուն առնչութիւնները համաստեղութիւններու հետ, նաեւ մեր վաղնջական հաւատքի անձնաւորութիւններու կապը մեր այսօրուայ հաւատքի հետ, եւայլն։

1
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x