Թալին Լատոյեան-Զալալ. «Տօնեցէք ձեր զաւակներուն իւրաքանչիւր յառաջացումը, եթէ նոյնիսկ փոքր են անոնք»

ՆԱԽԱԲԱՆ. «Մայր կայ, մա՛յր ալ կայ…»

Մարդ արարածը իր գոյութէնէն ի վեր, այլ սովորութիւններու կողքին, զարգացուցած է «փառաբանութեան» գաղափարը: Ան գլխաւորաբար երկրպագած ու փառաբանած է այն էակները  կամ ազդեցիկ ուժերը, որոնք մեծ ներգործութիւն ունեցած են իր կեանքին եւ առօրեային մէջ՝ սկսեալ Արարիչէն (նախախնամութենէն) մինչեւ գերակայութիւնները, անցնելով մայր բնութենէն մինչեւ չաստուածները,  հասնելով իր ծնունդին հիմնական աղբիւրը՝ մայրը, կամ իր գլխաւոր պաշտպանը՝ հայրը եւ ապա իր գոյութեան իմաստն ու շարունակականութեան գրաւականը՝  զաւակը (երեխան)…:

Եւ այսպէս ժամանակին հետ զարգանալով փառաբանութեան գաղափարը ունեցած է տարբեր դրսեւորումներ, ինչպէս օրինակ՝ մեր կեանքը զարդարող տօները, որոնք այլազան եւ բազմաբնոյթ տօնախմբութիւններ ըլլալէ անդին, շատ յաճախ նաեւ առիթներ են երկրպագութեան, երախտագիտութեան, շնորհակալութեան…:

Ինչպէս գիտենք, բոլոր ժողովուրդներուն մօտ ալ այդ տօներէն ոմանք յատուկ են, իսկ ուրիշներ ընդհանրական, ինչպէս՝ մայրերու, հայրերու ու մանուկներու տօները, որոնք թեէւ աշխարհի զանազան ժողովուրդներու եւ ազգերու կողմէ կը նշուին տարբեր թուականներով եւ սովորութիւններով, այսուհանդերձ իրենց մէջ կը պարունակեն հասարակաց կէտեր եւ հետեւաբար նաեւ` միեւնոյն ընկալումը կամ ըմբռնումը:

Օրինակ մը տալու համար նշենք, որ հայերը «Մայրու տօն»ը կը նշեն Մայիսին եւ այդ նպատակով ալ ամբողջ ամիսը նուիրած են մայրերուն:

Այս առիթով, գրէթէ ամէն տեղ, կը կազմակերպուին յատուկ տօնակատարութիւններ, տարբեր ձեռնարկներ, ինչպէս նաեւ` անհատական-ընտանեկան հաւաքներ, ուր բոլորը միաբերան կը փառաբանեն մայրը` վեր առնելով անոր անձնազոհութիւնը, նուիրուածութիւնը, սէրը, հոգատարութիւնը, գուրգուրանքը, ծառայութիւնը…. եւ ծաղկեփունջ ու այլ տեսակի պարգեւներ նուիրելով,  կը «պատուեն» զայն` փոխարէնը ստանալով խղճի անհուն հանգստութիւն եւ կարեւոր պարտականութիւն մը՝ «ճիտին պարտքը» կատարած ըլլալու ինքնաբաւութիւն..

Արդէն իսկ աւանդական դարձած այս հանդիսութիւնները սակայն, արդեօք ինչպէ՞ս կը բնորոշեն «մայրը» եւ ինչպէ՞ս կը կատարեն այդ էակին սահմանումը: Արդեօք «մօր» մասին սովորաբար հնչած շռայլ գովեստները կամ զանոնք զատորորոշող յատկանիշները կրնա՞ն վերաբերիլ առհասարակ  բոլոր մայրերուն, թէ կան տակաւին մայրեր, որոնք դուրս կը մնան մեր այդ «սահմանափակ» միտքերէն ու մտածումներէն: Մեր ճշդած չափանիշերէն դուրս ու որոշ չափով «տարբեր» եղող մայրեր արդեօք մոռացութեան չե՞ն մատնուիր:

Մօր մասին մեր դասական ձեւակերպումներուն մէջ արդեօք նկատի կ՛առնուի՞ն հաշմանդամ կամ յատուկ կարիքներու տէր մայրերը, յատուկ կարիքներ ունեցող զաւակներու մայրերը, զաւակ  կորսնցուցած, հիւանդ զաւակ խնամած կամ հիւանդութենէ տառապած մայրերը, ամուսին կորսնցուցած ու իրենց տան ու ընտանիքին բեռը իրենց ուսերուն շալկած մայրերը, երկար ատեն մայրանալու անբացատրելի երազով ապրած, սակայն զայն երբեք չիրագործած «Մայրերը»։ Նոյնիսկ մեծ մայրերը՝ որոնց դերը այսօր՝  մեր ժամանակներուն, յատուկ կարեւորութեամբ ընդգծուած է մեր ընկերութեան մէջ, հոգեւոր ու խորհրդանշական ներկայութենէ մը զանոնք վերածելով զաւակներու դաստիարակութեան եւ խնամքի գործոն անդամի, մանաւանդ աշխատող մայրերու պարագային։ Մայրերու տօնին առիթով արդեօք կարելի չէ՞ նաեւ յիշել հարազատ զաւակ չունեցած, սակայն ընտանիքի բոլոր անդամներուն իսկական մայր եղած էակները՝ ըլլան անոնք մօրաքոյր, հօրաքոյր, քոյր․․․կամ ալ իբրեւ «Մայր»՝ հաւաքականութիւններ առաջնորդած, որբախնամ առաքելութեան մէջ ներգրաւուած ու բարեսիրական արարքներով մայրական ծառայութիւն մատուցած նուիրեալները։

Այս օրերուն, երբ «մայրերէն» ետք կը նշուին նաեւ «հայրերու» եւ «երեխաներու» նուիրուած տօները` հարկ կը զգանք նախ եւ առաջ մտածելու եւ յիշելու ճակատագրի եւ պայմաններու բերումով իրենց կեանքը «տարբեր» ձեւով  ապրող էակները, որոնք իրենց ապրած ամէնօրեայ տառապանքներով ու դժուարութիւններով հանդերձ կը փորձեն լուսաւորել մեր կեանքը եւ իրենց սեփական օրինակով փայփայել յոյսը, որ շատերու մօտ երբեմն ակամայ չքացած է:

Լրագրող Շողեր Գառնէշեան-Մխճեան իր «Մայր կայ, մա՛յր ալ կայ…» շարքով կ՛անդրադառնայ երկու «տարբեր» մայրերու, որոնք իրենց իւրայատուկ եւ ուսանելի օրինակով շատ բան ունին տալիք մեր ընկերութեան:

Թամար Ինճէեան Թաշճեանէն (https://wp.me/pd909i-ltx) ետք, ստորեւ  ծանօթանանք Թալին Լատոյեան Զալալին, անոր հետ կատարուած հարցազրոյցին ընդմէջէն:

«Բալենին մեզի համար սիրոյ եւ համբերութեան հրաւէր է: Ան մեզի համար պարզութեան, անմեղութեան, անկեղծութեան, մաքուր սրտի եւ գեղեցկութեան տիպար է: Իր նայուածքներովը կը խօսի, աչուկներով կը հաղորդակցի եւ ժպիտով կը հաստատէ ուրախութիւնը: Մեզ միացնողն է Բալենին, մեզ  բոլորս իրար կապողն ու ամրացնողը»:

1/ Ընկերային Գիտութիւններու մասնագէտ էք եւ երկար տարիներ աշխատած էք ընկերային ծառայութեան եւ համայնքային բարգաւաճման ծրագիրներու վրայ: Ասոնց կողքին սակայն, հեղինակած էք նաեւ երկու գիրքեր՝ «Բալենին»  եւ «Բալը եւ Բիթը»: Երբ առաջին անգամ ըլլալով գիտցաք ձեր երեխային պարագան, ինչպէ՞ս ընկալեցիք այդ բոլորը: Ինչպիսի՞ դժուար ճանապարհէ մը անցաք: Կրնա՞ք վերյիշել այդ ժամանակաշրջանի մտորումներն ու զգացումները: Անոնց մէջ պոռթկում կա՞ր:

 Այո, նախ «Բալենին» գիրքը գրեցի 2015-ին, երբ առջինեկ զաւակս՝ Բալենին ունեցայ: Այս գիրքը գրեցի իբրեւ ինքզինքիս օգնելու եւ կազդուրուելու միջոց, արտայայտելու դժուարութիւններս եւ ապրումներս իբրեւ բոլորովին տարբեր փորձառութեամբ առաջին անգամ մայր եղող կին մը: Պարզացնելու համար ապրածս՝ որեւէ կնկայ պէս որ զաւակ կը սպասէ, երազներ, ծրագիրներ կամ տեսիլքներ կ՛ունենայ եւ ապա բոլորովին տարբեր իրականութիւն մը քեզ կ՛ապտակէ, ուշքի կը բերէ: Երբ յղութեանս վերջին շաբաթներուն մէջ էի, ես ուզեցի բժիշկէս, որ 3րդ էքոկրաֆի-echography մը ընենք, որպէսզի տեսնենք թէ աղջիկս որքան կը կշռէ եւայլն, մանաւանդ որ ան պէտք է դարձած ըլլար, բայց այդ չէր պարագան: Հոս՝ Գանատա, միայն երկու էքոկրաֆի-echography կ՛ընեն ամբողջ յղութեան ընթացքին: Ուրեմն, յղութեանս ամբողջ ընթացքին ամէն բան շատ լաւ էր եւ հեզասահ: Յանկարծ երբ ներկայացանք ամուսինիս հետ 3-րդ էքոկրաֆի-echography-ին, յղութեանս 36րդ շաբթուան ընթացքին, բժիշկը  ըսաւ որ սխալ բան կը տեսնէ եւ մանրամասն հրատապ քննութիւններ անհրաժեշտ կը գտնէ: Ձեզի կը ձգեմ որ պատկերացնէք ամուսինիս եւ իմ ներաշխարհը, զգացումները եւ հակազդեցութիւնները…

Քանի մը օր ետք կանչուեցայ մանրամասն քննութիւններու, եւ ինծի բացատրեցին որ բժշկական պարագայ մըն է, ուր ուղեղին այն մասը, որ կը կապէ աջ եւ ձախ կողմերը, չէ կազմուած՝ agenesis of the corpus callosum: Բացատրեցին նաեւ որ կան մարդիկ, որոնք այս պարագան ունենալով հանդերձ բնական կեանք կ՛ապրին եւ յանկարծ պատահմամբ եթէ օր մը գլխու նկար ընեն կը գիտակցին, որ այս hամախտանիշը ունին, բայց ուրիշներ կրնան շատ ծանր կարիքներ ունենալ եւ խնամքի կարօտիլ:

Կրնայ ըլլալ այդպէս բացատրեցին, որ յոյսի նշոյլ մը ձգեն… չեմ գիտեր:

Բաւական ծանր լուր մըն էր, որ մեզի անակնկալի դիմաց դրաւ, բայց նաեւ գալիքին անորոշութեան առջեւ: Քանի մը շաբաթէն զաւակս պիտի ծնէր, չէի գիտեր ինչպէ՞ս պիտի ըլլար, ինչ պիտի կարենար ընել կամ չընել…ինչպէ՞ս, ինչո՞ւ, եւ ուրիշ շատ հարցումներ…

Երկու շաբաթ անց, արդէն Բալենին ծնաւ: Գիրկիս մէջ կը գտնուէր անուշիկ բալիկ մը:

Միշտ ուշադիր էինք բոլոր շարժումներուն: Իր տարեկից մանուկներուն նման ամսական զարգացումներուն հետ քայլ չէր պահեր Բալենին, ինչ որ կը մտահոգէր մեզ եւ իր մանկաբուժը: Արդէն 6 ամսական էր, երբ ժէնէթիք-ծինային քնութիւններ ըրինք եւ 1 Ապրիլ 2016-ին, կարծես չար «կատակի» պէս գլխու եւ ջղային համակարգի բժիշկը մեզ կանչեց ախտաճանաչումը յայտնելու: Բալենիին գլխուն մակարդակին վրայ ստեղծուած կացութիւնը հետեւանքն էր ժէնէթիքծինային հազուագիւտ պարագայի մը FoxG1 անունով (որմէ աշխարհի վրայ քանի մը հարիւր պարագայ գոյութիւն ունի միայն): Այս ծինը պատասխանատու էր ուղեղի կազմութեան եւ զարգացման: Գիտցանք նաեւ որ ժառանգական չէր, այլ պատահական:

Ախտաճանաչումը գիտնալը միայն սկիզբն էր. բժիշկը յայտնեց մեզի, որ Բալենին շատ հաւանաբար այդ ծանր կարիքներ ունեցողներու շարքին պիտի ըլլայ: Իւրաքանչիւր հանգրուան դժուարութիւններով, յուսախաբութիւններով եւ երազներու վերացումով լեցուն էր, մեզի եւ մեր ընտանիքներուն եւ մօտիկ պարագաներուն համար: «Ճերմակ սուգ էր» որ կ՛ապրէինք առօրեայ դրութեամբ, բայց Բալենիին մէկ ժպիտը ամէն բան կը մոռցնէր, կարծես վերստին ուժ կու տար, եւ կը պայքարէինք, յոյս կ՛առնէինք. ան Աստուծմէ լոյս եւ ուժ կը բերէր: Իր աչուկներէն արտացոլող սէրը եւ ժպիտը բաւարար էին, որպէսզի մենք միայն դրական եւ  լաւ կողմերը փնտռէինք, գտնելու զանոնք  եւ անոնց կառչած մնալու համար:

Այս բոլորին մէջ, Ընկերային Ծառայութեան մաքիստրոսի համար կը պատրաստուէի: Որոշեցի դադրիլ, կանգ առնել, դադրիլ վազելէ, շնչել, եւ խորունկ շունչ առնե՛լ, նայելու համար թէ ո՞ւր ենք եւ ո՞ւր կ՛երթանք….

Կ՛ուզէի գիրք մը գրել Բալենիին համար, իբրեւ յիշատակ այս բոլոր ապրումներուս: Մտածեցի ինչո՞ւ չէ՛, գիրք մը գրեմ, այս մեր պատմութիւնը գրեմ եւ հրապարակեմ: Կրնայ ըլլալ այս մեր փորձառութիւնը ուրիշին օգնէ եւ չեմ պահեր՝ կը մտածէի, որ հաւանաբար կրնայ նաեւ … ինծի օգնել (եւ օգնե՛ց): Գրելը, պատմելը, բաժնեկցիլը սփոփանք են…ուրեմն, այս բոլոր ապրումներէն ետք էր որ Բալենին գիրքը երեւան եկաւ:

Բալենին գիրքը Վիին (Վահէ) եւ Թիին (Թալին)ին պատմութիւնն է, որ քիչ մը բարեփոխուած է, եւ փոխաբերականն են տիպարները, պատմութիւնը կը պատահի Վիին եւ Թիին պարտէզի ծառերուն միջեւ: Բալի ծառ մը կը տնկեն, բայց ծառը դեղնած եւ հիւանդ կ՛ելլէ. Վին եւ Թին ինչպէ՞ս կ՛ապրին այս բոլորը, օտարներ ինչպէ՞ս կը վարուին Բալենիին հետ եւայլն: Պատմութիւնը տարբեր հարցերու կ՛անդրադառնայ, վախազդեցութիւնը, նեղութիւնը, արտայայտուելու կարեւորութիւնը, զոյգին սէրը եւ սիրոյ զօրութիւնը, միասնութիւնը (միւս ծառերուն), մարդոց կարծիքը յատուկ պէտքեր ունեցող անձերուն նկատմամբ, անոնց վիրաւորական թէ աջակցող նկատառումները եւ տարբեր այլ նիւթեր:

Բալենիին ծնունդէն գրեթէ 3 տարի ետք, Աստուած մեզի երկրորդ զաւակ մը պարգեւեց. զայն Փիթըր կոչեցինք, Փիթըրը մեծցաւ ըլլալով հոգատար, ուշադիր պզտիկ եղբայր Բալենիին: Օր մը, երբ նոր սկսած էր խօսիլ, հարց տուաւ ինծի. «մամա ինչո՞ւ Բալենին գիրք ունի, ես չունիմ»: Ուզեցի գրել, Փիթըրին եւ Բալենիին միջեւ գոյութիւն ունեցող ամուր կապին մասին, անշահախնդիր սիրոյ մասին: եւ 2021ին գրեցի երկրորդ մանկական գիրքս` «Բիթն ու Բալը» իսկական տիպարներով, իրական եղելութիւններու վրայ հիմնուած:

2/ Ի՞նչպէս կը բնորոշես Բալենիին եւ Փիթըրին յարաբերութիւնները: Ի՞նչպէս կը բացատրես Փիթըրին ներկայութիւնը Բալենիին կեանքին մէջ եւ հակառակը:

Ինչպէս ըսի արդէն, յատուկ կապ մըն է, յատուկ յարաբերութիւն մը: միշտ կ՛ըսեն չէ՞, որ պզտիկ մը կ՛ընդօրինակէ իր տեսածները, կը սորվի ընել այն ինչ որ կը տեսնէ: Փիթըրը շատ հոգատար եւ փափկանկատ է քրոջը հանդէպ: Ամէն առտու երբ առթննայ Բալենիին կը հարցնէ, ինքն է որ զայն դուրս կը հանէ, որ փոխադրակառքով դպրոց երթայ: Երբ դպրոցէն վերադառնայ տուն,

առաջին բանը Բալենիին մօտենալն է եւ համբուրելը: Փիթըրը գիտէ, թէ ինչն է որ քոյրը կ՛ուրախացնէ եւ կը խնդացնէ: Ան գիտակից է Բալենիին իրականութեան եւ պէտքերուն: Երբ տեղ մը պիտի երթանք ընտանիքով, հարց կուտայ. Բալենին ու՞ր պիտի նստի, ինչպէ՞ս պիտի տանինք զինք: Բալենին ալ կը փնտռէ Փիթըրը, կը սպասէ անոր կատակները, եւ մինչեւ օրս ամէնէն երկար աչքի կեդրոնացումը Փիթըրին վրայ կը սեւեռէ:

Քանի մը շաբաթ առաջ հարց տուի տղեկիս, որ «Ինչպէ՞ս կը տեսնես Բալենին», ըսաւ.-«մամա աչուկներով», ըսի.-«չէ՛ Փիթըր, ի՞նչ կը մտածես իր մասին, ինչպէ՞ս կը գտնես զինք», ըսաւ.- «Մամա իրեն անուշիկ կը տեսնեմ»:

Փոքրերը տարբերութիւնները չեն տեսներ, կը պարզեցնեն, մեծերն են որ տարբերութիւնները կը չափազանցեն:

3/ Այսօր Բալենին ի՞նչ նշանակութիւն ունի ձեզի համար: Ի՞նչ սորվեցուց ձեզի եւ ի՞նչ աւելցուց ձեր կեանքին մէջ:

Բալենին շատ բան սորվեցուց մեզի եւ օրական դրութեամբ կը սորվեցնէ: Ան առաջին հերթին համբերութիւն կը սորվեցնէ: Ամէն օր կը հրաւիրէ մեզ, որ նստինք, դադրեցնենք մեր առօրեայ հեւքն ու վազքը եւ կեդրոնանանք կենսականին վրայ: Եթէ Բալենին չըլլար, ես այսօր չէի ըլլար նոյն անձը, նոյնն է պարագան ամուսինիս, տղուս եւ մեր մօտիկ հարազատներուն:

Բալենին նոր ծնած էր, երբ ամուսինս օր մը ըսաւ.- «Թալ այս պզտիկը պիտի ծնէր, Աստուած մեզի յարմար տեսաւ, եւ մեզ  ընտրեց իբրեւ ծնողք»:

Բալենին մեզի համար սիրոյ եւ համբերութեան հրաւէր է: Ան մեզի համար պարզութեան, անմեղութեան, անկեղծութեան, մաքուր սրտի եւ գեղեցկութեան տիպար է: Իր նայուածքներովը կը խօսի, աչուկներով կը հաղորդակցի եւ ժպիտով կը հաստատէ ուրախութիւնը:

Մեզ միացնողն է Բալենին, մեզ  բոլորս իրար կապողն ու ամրացնողը:

Բալենիին եւ Փիթըրին ծնունդով անձամբ սորվեցայ, որ փառք պէտք է տանք ամէն ինչի համար որ ունինք: Ուրախ ապրելու կամ գոյատեւելու համար պէտք է մեր դիմաց դրուածը ընդունինք եւ կեանքը այդպէս շարունակենք:

Բալենին ինծի սորվեցուց առաւել եւս պայքարիլ: Ինքը մէջս զարգացուց այն միտքը, թէ չկայ բան մը որ առանձին-բնական եւ ինքնին կը տրուի քեզի. պիտի պահանջես, պիտի բացագանչես, որպէսզի ուզածիդ հասնիս, եւ երբեմն եթէ պէտքը կը զգաս պիտի լաս եւ պոռթկաս, որ ինքզինքդ աւելի լաւ զգաս: Շատ պատահած է, եւ տակաւին կը պատահի, որ պայքարիմ իրեն վերաբերող ծառայութիւն մը ստանալու համար: Շատ պատահած է, որ բողոքի նամակ գրած եմ, հեռաձայններ ըրած եմ, որպէսզի,  օրինակի համար,  ժամադրութիւն մը աւելի արագացնեմ կամ շուտով բժիշկ մը տեսնեմ:

4/ Մայիսը հայերուս համար «Մայրերու ամիս է»: Իբրեւ կեանքի նման փորձառութիւն մը ապրած մայր արդեօք այս տօնը ի՞նչ նշանակութիւն ունի քեզի համար: Ի՞նչ մտածումներ կ՛ուզես բաժնել:

Ինծի համար դժուար էր մայրերու տօնը, մանաւանդ սկիզբը, երբ մայրերու տօնին, զաւակս չէր կրնար աչքերուս մէջ նոյնիսկ նայիլ, չէր կրնար մամա ըսել կամ սէրը յայտնել:

Փիթըրին ծնունդով ատիկա բոլորվին փոխուեցաւ. Բալենին ալ, տարուէ տարի, կարողութիւններուն համեմատ, իր արձանագրած յառաջացումներով կ՛ուրախացնէ մեզ:

Մայրերու տօնին առիթով կ՛ուզեմ խօսքս ուղղել մայրերուն եւ անոնց ըսել. տօնեցէք ձեր զաւակներուն իւրաքանչիւր յառաջացումը, եթէ նոյնիսկ փոքր են անոնք կամ ձեր ակնկալութիւններուն համեմատ չեն, ձեր զաւակը մեծ ջանքեր կ՛ընէ հոն հասնելու… առիթը մի կորսնցնէք նշելու, ուրախանալու, գրկելու եւ սիրելու զանոնք :

*********** Թալին Լատոյեան Զալալ ծնած է Պէյրութ, Լիբանան, 1982-ին, Լիբանանի Քաղաքացիական պատերազմի օրերուն։

Երկրորդականի ուսումը ստացած է Մեսրոպեան վարժարանին մէջ, որմէ ետք Ընկերային գիտութիւններու մաքիստրոսի վկայականը ստացած է Քասլիքի Ս. Հոգի- USEK համալսարանէն։

2008-ին Գանատայի Հալիֆաքս քաղաքի՝ St Francis Xavier University-ի մէջ ամբողջացուցած է Համայնքային Բարգաւաճման՝ Community Development-ի

վկայականը։ 2004-էն 2012, գործած է Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկի՝ բարեսիրական կազմակերպութեան մէջ, նախ որպէս երեցներու հարցերով զբաղող ընկերային ծառայող, ապա որպէս Համայնքային Բարգաւաճման ծրագրի համադրող։

2007-ին Լիբանանի մէջ հիմնած է մանկական Տարեդարձներ խանդավառելու և կազմակերպելու «Ուրախ Տարէդարձ« խմբակը։

Տարիներ շարունակ Լիբանանի ՎաՆայ Ձայն ռատիոկայանէն վարած Է մանկական յայտագիրներ։

2011-ին ամուսնացած է Վահէ Զալալին հետ, եւ ունի երկու զաւակ:

2012-ին Մոնթրէալ տեղափոխուելէ ետք, պաշտօնավառած է Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարանին մէջ, որպէս վախազդեցութեան (Bullying) դէմ ծրագիրներ մշակող և նման հարցեր դիմագրաւող փոքրերու և անոնց ծնողներուն հետ զբաղող ծառայող։ Երկու տարիներ համադրած է Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղի մանկական պատմութեան ժամը։

Հոկտեմբեր 2013-ին սկսած է աշխատիլ Ընտանիքի ծառայութեան գրասենեակ՝ Հայ Տունի մէջ, որպէս հոգատարներու ծրագիրի համադրող։

2015-ին սկսած է Ընկերային ծառայութեան մաքիստրոսը Université de Montréal-ի մէջ, ուր սակայն կասեցուցած է զայն լիաժամ մայր և պաշտօնեայ ըլլալուն պատճառով։

2022-ին աւարտած է DESS (Diplôme d’études Supérieures spécialisée) Բարձրագոյն մասնագիտութիւնը UQAM Համալսարանէն, Մտային անկարողութիւններ ունեցող անհատներու եւ անոնց ընտանիքներուն արժեւորման եւ հոգեբանական օժանդակութեան մարզէն ներս:

2021-2022 տարիներուն պաշտօնավարած է Քէպէքի կառավարական ընկերային ծառայութիւններու մտային անկարողութիւններու բաժանմունքին մէջ իբրեւ մասնագիտացած ընկերային ծառայող:

Սեպտեմբեր 2022-էն կը վարէ Հայ Տունի տնօրէնութեան պաշտօնը:

Անոր հետաքրքութիւններն են՝ նկարչութիւն, ընթերցանութիւն եւ Kung-fu: ************

 

Շողեր Գառնէշեան – Մխճեան (Պէյրութ, Լիբանան) մասնագիտութեամբ լրագրող է, ուսանած է Communication Arts (Radio & TV), երկար տարիներ աշխատած է ձայնասփիւռի կայանի մէջ իբրեւ քաղաքական լուրերու համադրող, խմբագրող եւ հաղորդավար։ Մեծ սէր կը տածէ արուեստներու նկատմամբ։ Նախասիրած զբաղումը գրելն է, գրութիւններով հանդէս եկած է գլխաւորաբար ընկերային ցանցերու անձնական էջերէ։ Ամուսնացած է, մայր է երկու զաւակներու։

ՄԵԿՆԱԲԱՆԷ

Your email address will not be published.