Իր 3 օգոստոս 2024-ի թիւով, անգլիական «The Guardian» թերթը հրապարակած է հարցազրոյց մը թուրք գրագիտուհի Էլիֆ Շաֆաքի հետ: Հարցազրոյցը վարած է Քլէր Արմիսթէտ: «Էլիֆ Շաֆաք. Որպէս գրող Թուրքիոյ մէջ կրնաս յարձակման ենթարկուիլ, դատուիլ եւ բանտարկուիլ» խորագրեալ հարցազրոյցին մէջ, գրագիտուհին կ’անդրադառնայ իր կեանքի հոլովոյթին եւ գրող ըլլալու բարդութիւններուն՝ երկրի մը մէջ, ուր բառերը կրնան վտանգաւոր նկատուիլ: Խորագիրը բարացուցական այս առումով:
Զրոյցը կեդրոնացած է Շաֆաքի վերջին՝ «Երկինքի մէջ գետեր կան» վէպին շուրջ եւ կ’ընդգծէ գրագիտուհիին խոր հաւատքը ստեղծագործութեան ներուժին հանդէպ` արծարծելու արդի ժամանակներու բեւեռացումներն ու տագնապները: Անձրեւի կաթիլի խորհրդանշական ճամբորդութեան միջոցով՝ հին Նինուէէն մինչեւ եզիտիներու ներկայ ցեղասպանութիւնը, Շաֆաք վարպետօրէն կը միահիւսէ անցեալն ու ներկան` ընդգծելով պայքարի յարատեւութիւը ժամանկի թաւալումին հետ՝ ըլլա՛յ կենսոլորտային, ըլլա՛յ մարդկային ճակատներու վրայ:
Շաֆաք, որ հեռացած է Թուրքիայէն եւ այժմ կ’ապրի Լոնտոն, աշխարհահռչակ գրող է եւ ծանօթ իր բեղմնաւոր ստեղծագործութիւններով, որոնք կ’ընդգրկեն թէ՛ գեղարուեստական-վիպական եւ թէ՛ ոչ-վիպական գործեր, ինչպէս՝ յուշագրութիւններ եւ յօդուածներ: Ֆրանսա ծնած եւ Թուրքիոյ մէջ հասակ առած գրագիտուհին խորապէս ազդուած է իր բազմամշակութային դաստիարակութենէն եւ իբրեւ կին՝ թրքական ընկերութեան սեռային խտրականութեան վրայ հիմնուած պահպանողական աւանդոյթներէն եւ հաւասարութեան մասին խօսելու դէմ դրուած արգելքներէն: Արեւելեան եւ արեւմտեան գրական աւանդութիւնները միաձուլելու եզակի ունակութեամբ օժտուած, Շաֆաքի վէպերը բարդ են եւ խառն` յաճախ միաձուլելով բազմաթիւ կերպարներ եւ այնպիսի թեմաներ, որոնք կ’ընդգրկեն ինքնութեան, յիշողութեան եւ աւանդականին ու արդիականութեան միջեւ բախումի մասին հարցեր: Գրելով թէ՛ թրքերէն եւ թէ՛ անգլերէն` ան միջազգային համբաւի տիրացած է իր գրական ստեղծագործական խորքով ու ոճով եւ թապու նկատուած թեմաներու անվախ անդրադարձով, ներառեալ՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը, սեռային խտրականութիւնը եւ փոքրամասնութիւնների պաշտպանութիւնը:
Շաֆաքի ամենէն վիճայարոյց եւ նշանակալից գործերէն մէկը` «Իսթանպուլի բիճը» (The Bastard of Istanbul) (2006) կը խորանայ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան զգայուն եւ Թուրքիոյ մէջ թապու նկատուած, արգիլուած թեմային մէջ: Վէպը կը միահիւսէ թուրք ընտանիքի մը եւ ամերիկահայ ընտանիքի մը կեանքը՝ ուսումնասիրելով յիշողութեան, ժխտումի եւ ինքնութեան մասին թեմաներ՝ պատմական տառապանքի ծիրէն ներս: Այս գործին պատճառով, Շաֆաք Թուրքիոյ մէջ ենթարկուեցաւ քրէական հետապնդումի՝ թրքական քրէական օրէնսգրքի 301-րդ յօդուածին տրամադրութեան համաձայն, որ ցեղասպանութեան նման նիւթերու արծարծումը կը նկատէ «թրքութիւնը անարգող» արարք, թէեւ ան վերջաւորութեան անպարտ հռչակուեցաւ: Այս դէպքը միջազգային ուշադրութիւնը հրաւիրեց Թուրքիոյ մէջ խօսքի ազատութեան առնչուած հարցերուն վրայ եւ աշխարհ Շաֆաքը որդգրեց իբրեւ խիզախ եւ ուշագրաւ ձայն մը ժամանակակից գրականութեան մէջ :
Հակառակ իր դիմագրաւած բոլոր մարտահրաւէրներուն, Շաֆաքի գրականութիւնը տոգորուած է յոյսով: Ան գեղարուեստական գրականութիւնը կ’ընդունի իբրեւ ժողովրդավարական տարածք մը, ուր կնճռոտ հարցերը կարելի է ուսումնասիրել կարեկցութեամբ եւ նրբերանգներով: Աշխարհի մը մէջ, ուր մարդկային խօսոյթը ընդհանրապէս բեւեռացած է, Շաֆաք ջատագով է դանդաղ եւ խոհուն վերլուծումի, զորս կը խրախուսէ գեղարուեստական գրականութիւնը: Անոր հաւատքը պատումներու փոխակերպող ուժին նկատմամբ՝ ինքզինք ուրիշին տեղը դնելու, թէկուզ ընդամէնը քանի մը ժամով, կը դրսեւորէ բեւեռացած այս աշխարհին մէջ իրարհասկացողութեան եւ կարեկցանքի խթանման ու տարածման իր յանձնառութիւնը:
Այս մօտեցումը ուշագրաւ է անոր վէպերուն մէջ, ինչպէս՝ «Իսթանպուլի բիճը», որ կը խօսի պատմական տառապանքի եւ մշակութային հակամարտութիւններու մասին, «10 վայրկեան 38 երկվայրկեան այս տարօրինակ աշխարհին մէջ» (10 Minutes 38 Seconds in This Strange World), որ կը խօսի անիրաւուած անհատներու կեանքին մասին, եւ «Սիրոյ քառասուն կանոնները» (The Forty Rules of Love), որ կ’ուսումնասիրէ սիրոյ, հաւատքի եւ անձնական աճի հատումները մեր կեանքին մէջ: Այս պատմութիւններուն ճամբով, Շաֆաք իր ընթերցողները կը հրաւիրէ նայելու մակերեսէն անդին՝ հարցադրելու, հասկնալու եւ, ի վերջոյ, կապուելու ուրիշներու մարդկայնութեան:
Արդարեւ, «Էլիֆ Շաֆաք. Որպէս գրող Թուրքիոյ մէջ կրնաս յարձակման ենթարկուիլ, դատուիլ եւ բանտարկուիլ» խորագրուած հարցազրոյցին մէջ, Շաֆաք արագ գործի լծուելու պատգամ մը կը փոխանցէ: Ան կ’անդրադառնայ եզիտիներու շարունակուող հալածանքներուն եւ Թուրքիոյ մէջ ամբարտակներու կառուցման հետեւանքով յառաջացած կենսոլորտային աղէտներուն՝ այս խնդիրներուն առաջքը առնելու միջազգային համագործակցութեան կոչ ուղղելով: Անոր կոչը հրաւէր է մեղմելու ուրիշներու տառապանքները, ու չանտեսելու զանոնք:
Շաֆաքի հետ հարցազրոյցը լոյս կը սփռէ քաղաքականապէս խոցելի միջավայրի մէջ գրող ըլլալու դժուարութիւններուն վրայ՝ ընդգծելով հաստատուած կարգերը մերժողներու եւ փոփոխութեան մարտահրաւէր նետողներու առջեւ ծառացած վտանգները:



