Գիրքը՝ նուիրելու հաճոյքը եւ բառերու կախարդանքը

Credit: Getty Images/iStockphoto

Ամանոր է շուտով:

Ապրուստի դժուարութիւնները մէկ կողմ ձգած, բոլորս ալ սկսած ենք մտածել, թէ ինչպիսի՛ նուէրներ կրնանք ընտրել մեր սիրելիներուն։ Գերարդիական սարքերէն մինչեւ նորաձեւ իրերը՝ անվերջանալի ընտրութիւններու առջեւ կը գտնուինք, ու այս սպառողական հեւքին մէջ, մենք յաճախ կը մոռնանք ամենէն համեստ թուացող, բայց միաժամանակ ամենէն թանկարժէքն ու մնայունը՝ գիրքը։

Գիրքը, որ ժամանակին ամանորի ամենասիրուած նուէրներն մէկը կը նկատուէր, այսօր կը փոխարինուի անցողակի հաճոյքներով։ Սակայն, Նոր տարուան նախօրեակին կ’արժէ կրկին մտածել, թէ ինչո՞ւ գիրքը պէտք է անպայման իր տեղը գտնէ տօնածառին տակ։

Գիրքը պարզապէս թուղթ ու տպագրութիւն չէ. ան հոգեմտաւոր արժէք է։ Գիրքի էջերուն մէջ թաքնուած է այն ուժը, որ մեզ կը փոխադրէ հեռաւոր աշխարհներ, մեզ կը ներգրաւէ զգայացունց արկածախնդրութիւններու մէջ կամ կը ծանօթացնէ գաղափարներու, որոնք ոչ միայն կրնան փոխել մեր, այլեւ շրջապատին կեանքը։ Վէպ թէ յուշագրութիւն, գեղարուեստական ​​ստեղծագործութիւն թէ բանասիրական աշխատասիրութիւն, բանաստեղծութիւն թէ արձակ, գիրքերվ կարելի է կատարել ճամբորդութիւններ, որոնք այլապէս կարելի չէ պատկերացնել կամ իրականացնել:

Գիրքի ճիշդ ընտրութիւն կատարելը կ’ենթադրէ ըլլալ փափկանկատ նուէրը ստացողին հանդէպ՝ դրսեւորելով հասկացողութիւն անոր հետաքրքրութիւններուն եւ անհատականութեան նկատմամբ։ Ճաշերու գիրք մը կրնայ ուրախացնել սկսնակ խոհարարը կամ ընդհանրապէս խոհանոց սիրողը, արկածախնդրական վէպ մը՝ արկածասէրը, գիտաերեւակայականը՝ որոնող միտքը, կամ բանաստեղծութիւններու ժողովածու մը՝ սիրահարածն ու ընդհանրապէս ռոմանթիքը, իսկ ճատրակի մասին գիրք մը կրնայ հետաքրքրութիւն յառաջացնել ռազմավարական ու քննական մտածողութեան հանդէպ: Գիրքերը բացառիկ յատկութիւն ունին՝ դառնալու իմաստալից եւ անձնական նուէրներ, որոնք մնայուն հետք կը թողուն ստացողին վրայ:

Ի տարբերութիւն բազմաթիւ այլ նուէրներու, որոնք կարճ ժամանակ ետք կը կորսնցնեն իրենց գրաւչութիւնը, գիրքը յարատեւ արժէք ունի. կարելի է զայն վերանայիլ, խնամել եւ նոյնիսկ փոխանցել յաջորդ սերունդներուն: Անոր հետքը կը մնայ մեր սրտերուն ու մտքերուն մէջ, նոյնիսկ վերջին էջը թերթելէն ու գիրքը փակելէն շատ յետոյ (վերջերս կարդացի նման գիրք մը. «The Cedars Whispered», հեղինակ՝ Քրիստին Դանիէլեան):

Գիրքերը միայն պատմութիւններ չեն բովանդակեր: Անոնք ինքզարգացումի եւ ինքնաճանաչման միջոցներ են. կ’ընդլայնեն մեր մտահորիզոնները, կը զարգացնեն մեր ստեղծագործական ոգին եւ կը խթանեն մեր կարեկցանքը՝ աշխարհը տեսնելով ուրիշին աչքերով։ Աշխարհի մը մէջ, ուր խելախօսներն ու համակարգիչները կը գերիշխեն մեր առօրեային ու կը գրաւեն մեր ուշադրութիւնը, գիրք նուիրելը հնարաւորութիւն կու տայ քիչ մը դադար առնելու, հանգստանալու եւ բովանդակալից ու հարստացնող գործունէութեամբ զբաղելու: Արագ ընթացող եւ թուայնացած այս աշխարհին մէջ, մենք յաճախ կը դժուարանանք դանդաղելու եւ կեանքի պարզ հաճոյքները վայելելու։ Գիրքեր նուիրելը կը ծառայէ վերակենդանացնելու ընթերցանութեան հանդէպ սէրն ու անոր պատճառած հաճոյքը, նաեւ՝ միջոց մը վերագտնելու բառերու կախարդանքը…

Այս տարի, տօնական այս օրերուն, եկէ՛ք գիրքը եւ զայն սիրելիի մը նուիրելը վերադարձնենք իրենց արժանաւոր տեղը մեր սովորութիւններուն մէջ։

Եկէ՛ք նուիրենք գիտելիքի, երեւակայութեան եւ ներշնչումի նուէրներ։

Եկէ՛ք գիրքեր նուիրենք։

Եւ կարդա՛նք:

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
1 Comment
Oldest
Newest Most Voted
Գեղամ
Գեղամ
1 year ago

Հավանությո՜ւն:

1
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x