Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը անցեալ յուլիսին Լիզպոնի մէջ կազմակերպեց «Հաւասարում նորոգ» խորագրեալ ձեռնարկ մը, որ վերածուեցաւ կոչի սփիւռքահայ մտաւորականներուն՝ վերիմաստաւորելու հայկական սփիւռքի ինքնութիւնը՝ 1968-ին գրուած «Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով» Յարութիւն Քիւրքճեանի յօդուածին հետեւողութեամբ:
Այս ձեռնարկէն եւ Քիւրքճեանի անակնկալ մահէն ետք, լոյս տեսաւ Ռազմիկ Փանոսեանի՝ «Յարութիւն Քիւրքճեանի յիշատակին. մտաւորական հսկայ մը» խորագրեալ յօդուածը, որ թարգմանաբար լոյս տեսաւ «տարբերակ»ին մէջ:
Փանոսեանի այս յօդուածը հանդիսացաւ շարժառիթ մը, որ վերստին օրակագի վրայ դրուի ընդհանրապէս սփիւռքահայ ինքնութեան սահմանումի հարցը: Նիւթը բոլորին սեփականութիւնը դարձնելու նպատակով, մաս առ մաս հրատարակեցինք Յարութիւն Քիւրքճեանի «Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով» յօդուածը:
Քիչ անց, Նորայր Էպլիղաթեան արձագանգեց Փանոսեանի յօդուածին՝ «Հայկական սփիւռքը եւ 1960-70-ականներու վերածնունդը» խորագրով իր գրութեամբ, որ նոյնպէս թարգմանաբար լոյս տեսաւ տարբերակ21 հարթակի էջերով, 10 հոկտեմբեր 2024-ին:
Այս բոլորին լոյսին տակ, Կիւլպէնկեանի «Հաւասարում նորոգ» նախաձեռնութեան նոր թափ տալու մտադրութեամբ պատրաստեցինք PDF թղթածրար մը՝ ընդգրկելով Կիւլպէնկեանի ձեռնարկին թղթակցութիւնը, բաժիններ Փանոսեանի յօդուածէն, հատուածներ Էպլիղաթեանի գրութենէն եւ Քիւրքճեանին յօդուածը ամբողջութեամբ:
1968-ին գրուած Քիւրքճեանի «Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով» յօդուածը, ինչպէս Ռազմիկ Փանոսեան կը բնորոշէ, կոչ մըն էր ուղղուած հայկական սփիւռքին՝ վերիմաստաւորելու իր ինքնութիւնը՝ բացուելով աշխարհին, այլ ոչ թէ նահանջելով ու մեկուսանալով «կեթոյին» մէջ:
Յարութիւն Քիւրքճեան, նաեւ իր 68-ի սերնդակիցներուն բերնով, կը պեղէր սփիւռքահայ ինքնութեան ծալքերը եւ կ’ընդգծէր «այլ»ին բացուելու, նոր պայմաններուն յարմարելու անհրաժեշտութիւնը: «Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով» գրութեան հերոսները կը վկայեն, որ աւանդականէն ու աւանդութիւններէն անդին, մարդկային ու համամարդկային նոր արժէքներու միաձուլումը ինքնութեան հետ՝ նոր խորք, երանգ ու թռիչք տուած է իրենց հայկականութեան:
Քիւրքճեանի այս խորհրդածութիւնները, սակայն, շուրջ 60 տարի ետք, թէեւ շեշտակիօրէն այժմէական, կը մնան անպատասխան ու հայկական սփիւռքը կը շարունակէ տուայտիլ անորոշութեան մէջ, գրեթէ անդիմագիծ ու կորսուած՝ անցելապաշտութեան ու պահպանողականութեան, եւ ոչ թէ ձուլումի, այլ ամբողջական օտարացումի միջեւ. հայը կը գաղթէ իր հայութենէն՝ պահպանողական ու անցելապաշտ իր հայութենէն: Յո՞ երթաս ինքնութիւն:
Կիւլպէնկեանի «Հաւասարում նորոգ. սերունդներու զրոյց մը» ձեռնարկը վերստին օրակարգի վրայ կը դնէ ինքնութեան քիւրքճեանական հարցադրումները եւ տեսլապաշտութիւնը:
«Հաւասարում նորոգ»ը բաց հրաւէր է մեր ժամանակի մտաւորականներուն ու գրողներուն՝ սկսելու երկխօսութիւն մը եւ որոնելու գործնական ուղիներ, որոնք յարգելով հանդերձ անցեալը՝ կ’անդրադառնան հայկական ժամանակակից ինքնութեան ճգնաժամին:
Իսկ այս թղթածրարը լոկ յուշարար մըն է այդ հրաւէրին:
Ի յարգանս ուսուցիչիս՝ Յարութիւն Քիւրքճեանի աւանդին:
PDF թղթածրարը ներբեռնել հետագայ կապով:
Կիւլպէնկեանի «Հաւասարում նորոգ. սերունդներու զրոյց մը» ձեռնարկին առիթով

