Հայազգի Տարօն Աճեմօղլու` տնտեսագիտութեան Նոպէլեան մրցանակակիր

14 հոկտեմբերին, Շուէտի թագաւորական գիտութիւններու ակադեմիան յայտարարեց, որ 2024-ի տնտեսագիտութեան Նոպէլեան մրցանակին միաժամանակ կը տիրանան Տարօն Աճեմօղլուն (Աճեմեան), Սայմըն Ճոնսընը եւ Ճէյմս Ռոպինսընը՝ իրենց «հաստատութիւնները ինչպէ՛ս կը ձեւաւորուին եւ կ’ազդեն բարեկեցութեան վրայ» կատարած հետազօտութեան համար: «Այն հասարակութիւններուն մէջ, ուր օրէնքի գերակայութիւնը տկար է եւ հիմնարկները կը շահագործեն բնակչութիւնը, աճ կամ դրական փոփոխութիւն չ’արձանագրուիր: Դափնեկիրներուն հետազօտութիւնը կ՛օգնէ մեզի հասկանալ, թէ՝ ինչո՛ւ», կը նշէ Շուէտի թագաւորական գիտութիւններու ակադեմիայի յայտարարութիւնը:

Երեք տնտեսագէտները կը կիսուին մրցանակին նիւթական պարգեւը՝ 11 միլիոն քրոն (1,1 միլիոն տոլար):

Այսպէսով, Աճեմօղլու կը դառնայ վերջին չորս տարիներուն Նոպէլեան մրցանակ շահած երկրորդ սփիւռքահայը։ 2021ին, բժշկագիտութեան Նոպէլեան մրցանակին արժանացած էր կենսաբան, նեարդաբան լիբանանահայ-ամերիկահայ Արտեմ Փաթափութեանը։

Ո՞վ է Տարօն Աճեմօղլու:

Տարօն Աճեմօղլու ծնած է 1967ին, Պոլիս: Զաւակն է իրաւաբան Գէորգ Աճեմեանի եւ կրթական մշակ ու գրող Իրմա Աճեմեանի (այժմ մահացած), որ շրջան մը վարած է Պոլսոյ Գատըգիւղ շրջանի Արամեան-Ունճուեան վարժարանի տնօրէնութիւնը: Աճեմօղլու նախնական ուսումը կը ստանայ այս վարժարանին մէջ, զոր աւարտելէ ետք, կը յաճախէ եւ 1986ին-ին կ’աւարտէ Պոլսյ Կալաթասարայի վարժարանը, որմէ ետք ուսումը կը շարունակէ Անգլիոյ մէջ, ուր կը հետեւի «Եորք» համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժինին եւ կը վկայուի պսակաւոր արուեստից աստիճանով (BA): Մագիստրոսի (MA) եւ դոկտորական աստիճանները (PhD) կը ստանայ Լոնտոնի տնտեսագիտական համալսարանէն, ուր կը դասաւանդէ նաեւ 1992-1993 թուականներուն:

Ապա կ’անցնի Միացեալ Նահանգներ, ուր 1993-էն սկսեալ կը դասաւանդէ Մասաչուսեցի MIT աշխարհահռչակ համալսարանին մէջ:

2015-ին, ան կը գրաւէ տնտեսագիտական հետազօտութիւններու հրատարակութիւններով զբաղող «RePEc» (Research Papers in Economics) ակադեմական հարթակի հրապարակած տնտեսագէտներու վարկանշային ցանկի առաջին դիրքը եւ կը նկատուի աշխարհի ամենէն ազդեցիկ տնտեսագէտ մտաւորականներէն մէկը՝ ամերիկեան «Ֆորէյն Փոլիսի» պարբերաթերթին բնորոշումով:

2017-ին, ան մեծ հռչակ կը շահի Ճէյմս Ռոպինսընի հետ իր համահեղինակած «Ինչո՞ւ պետութիւններ կը ձախողին» խորագրով գիրքի հրատարակութեան առիթով:

Տարօն Աճեմօղլու այժմ կը կրէ ամերիկեան հպատակութիւն։ Ան սահուն կը տիրապետէ անգլերէնին եւ թրքերէնին եւ մասամբ՝ հայերէնին։ Ան ամուսնացած է MIT-ի ելեկտրաճարտարագիտութեան եւ համակարգչային գիտութեան դասախօսներէն՝ Ասուման «Ասու» Օզտաղլարի հետ, դուստրը՝ Թուրքիոյ նախկին նախարարներէն՝ Իսմայիլ Օզտաղլարի։ 2015-էն ի վեր, անոնք կ’ապրին Մասաչուսեց նահանգի Նիութըն քաղաքը՝ իրենց երկու զաւակներուն՝ Արտայի եւ Արազի հետ:

Աճեմօղլու հեղինակ է ակադեմական հարիւրաւոր աշխատութիւններու: Ան դիտել կու տայ, որ իր հետազօտութիւններուն մեծ մասը կը միտի հասկնալու «աղքատութեան աղբիւրները»: Անոր հետազօտութիւնները կ’ընդգրկեն բազմազան թեմաներ, ներառեալ՝ քաղաքական տնտեսութիւնը, մարդկային դրամագլուխի տեսութիւնը, բարգաւաճման տեսութիւնը, տնտեսական զարգացումը, նորարարութիւնը, աշխատուժի տնտեսագիտութիւնը, եկամուտի եւ աշխատավարձի անհաւասարութիւնը, ցանցային տնտեսագիտութիւն եւ այլն:

2018-ին, շշուկներ շրջան կ’ընեն, թէ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան կը ծրագրէ Աճեմողլուն ներառնել այդ օրերուն կազմուելիք կառավարութեան մէջ: Աճեմողլու զանոնք տարաձայնութիւն կ’որակէ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x