Վայ այն ժողովրդին, որուն գործիքը արտասուքն ու բողոքն է: Վայ այն ժողովրդին, որ իր դժբախտութիւններուն վրայ կը յենի որպէս իր գոյութեան ապացոյցը:
Լիբանանի մէջ ապրող՝ ներկայ հայ առաքելական եւ հայ կաթողիկէ ընտրողներուն ընդհանուր թիւը աւելի հաւանական է որ ըլլայ 32000-էն 37000-ի միջեւ, քան ընտրացանկերուն մէջ նշուած 106,476-ը:
Այս քերթուած-բանաստեղծութիւններու հատորը կարդալէն ետք է, որ կրցայ ճանչնալ Թադէոս Եսայեանը։ Ճանչցայ զի՛նք, որովհետեւ տեսայ ու հասկցայ իր «սիրտը»։
Եթէ Հայաստանը եւրոպական աշխարհամասին մէկ հատուածը կը կազմէ, եւ եթէ ատիկա առարկայական իրողութիւն մըն է, ապա այդ եւ անորմէ բխող հետեւութիւնները պէտք է պարզապէս ընդունիլ, ամենեւին չհամարելով ոչ առաւելութիւն եւ ոչ ալ թերութիւն:
Կապուտանի լիճը, իրօ՛ք, իրմով կը պայմանաւորէ մինչեւ Կասպից ծովու հարաւային ափը տարածուող բնական սահմանին ուղղութիւնը: Հարաւէն դէպի հիւսիս տարածուած ըլլալով Կոտուրի շղթային զուգահեռ, լիճը Եւրոպայի բնական սահմանը, կը թուի, ակնառու կերպով «կը տեղափոխէ» դէպի արեւելք:
«Փոքր Ասիոյ բարձրաւանդակը Սուրիոյ եւ Միջագետքի դաշտէն բաժնող Տաւրոսի շղթան է որ կը ներկայացնէ Եւրոպայի իրական սահմանը: Փոքր Ասիան Ասիա չէ»
Անատոլիան որեւէ, անգամ նուազագոյն չափով, Հայաստանի մէ՛ջ չէ եւ Հայաստանն ալ Անատոլիայի մէջ չէ՛:
Կը սկսինք հրատարակել լրագրող, խմբագիր, պատմութեան, աշխարհագրութեան եւ լեզուի ուսումնասիրող, նորոգ հանգուցեալ Վարուժան Փամպուխչեանի աշխարհագրագիտական ուսումնասիրութիւնը, հինգ մասերով, ուր ան կը ներկայացնէ տեսութիւն մը, համաձայն որուն, Հայկական բարձրաւանդակը կը ներկայանայ որպէս Հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի մաս:
Փորձենք գնահատել մանուկներուն պարտաճանաչութիւնը, ինքնամղումը, յարատեւութիւնը, հաստատակամութիւնը, ջանքը, աշխատանքը, կեդրոնացումը... որպէսզի անոնք հասնին աւելի կայուն արդիւնքներու:
Արհեստագիտութիւնը կրնայ նպաստել փոքրամասնութիւններու լեզուները հասցնելու աւելի լայն լսարանի մը։ Լեզուական արհեստագիտութեան արագ աճը նոր դռներ կը բանայ այդ լեզուներու պահպանման ու ուսուցման համար` միեւնոյն ատեն այդ խնդիրներուն առնչուող մարտահրաւէրներ ներկայացնելով։
«Առցանց արեւմտահայերէնի պարագային, կեդրոնական դերակատարը օգտատէրերուն՝ հաւաքական գործունէութեամբ արեւմտահայերէն արտադրելու անպաշտօն մեքանիզմներ յառաջացնելու կարողականութիւնն է, որ առաջին հերթին կը հիմնուի ընկերային յարաբերութիւններու վրայ, որոնք գլխաւոր ազդակ են լեզուի մը վերակենդանացման:»
Արազ Գոճայեան դիտել կու տայ, որ Քորոնայի համավարակին ընթացքին ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներուն մէջ Արեւմտահայերէնի գործածութիւնը նշանակելիօրէն մեծցաւ: Այս երեւոյթին մասին իր ծաւալուն յօդուածին երկրորդ մասով, ան լուսարձակի տակ կ՛առնէ փոփոխութիւնը՝ ԵուԹիուպի եւ այլ տարածքներու մէջ:
Արազ Գոճայեան դիտել կու տայ, որ Քորոնայի համավարակին ընթացքին ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներուն մէջ Արեւմտահայերէնի գործածութիւնը նշանակելիօրէն մեծցաւ: Այս երեւոյթին մասին իր ծաւալուն յօդուածին առաջին մասով, ան լուսարձակի տակ կ՛առնէ փոփոխութիւնը՝ Թուիթըրի եւ Ինսթակրամի տարածքներուն մէջ:
«Մարդոցմով զանգուածացած շարժում մը, որ կը գիտակցի իր հաւաքական հզօրութեան իրական չափին, կրնայ արագօրէն հասկանալ, որ խոր տագնապի այս դարաշրջանին մենաշնորհային դրամագլուխը շատ աւելի տկար է, քան կը թուի ըլլալ:»
«Նահանջը տեղի ունեցած է աւ(օ)տարացման ճանապարհով՝ մտածողութեան ու լեզուի աւ(օ)տարման։ Վերադարձը պէտք է ըլլայ նոյն ճանապարհով՝ աւ(օ)տար եզերքէն դարձով դէպի սեփական լեզուն ու լեզուամտածողութիւնը։»
«Մովսէսի էջքը Սինայի լեռէն, ուր ան հանդիպած էր Աստուծոյ եւ անկէ ստացած Տասնաբանեայ պատուիրանները, որ հետը կը բերէր իր ժողովուրդին, այնքան խնդալից ու ցնծագին չդիմաւորուեցաւ, որքան Մեսրոպի մուտքը Հայաստան՝ Հայոց տառերու տախտակը ի ձեռին, եւ հանդիպումը իւրայիններուն հետ»:
Խրախուսելով եւ օրինակ դառնալով, ծնողներ կարեւոր քայլ մը կ'առնեն իրենց զաւակի ընթերցանութեան զարգացման նպաստելու ճամբուն վրայ, ինչ որ իր կարգին կը նպաստէ պատրաստելու հմուտ, զարգացած եւ վերլուծական մտքով մարդ՝ ապագայ առաջնորդ։
Երբ յանձնարարուած տան պարտականութիւնը իր քանակով, ժամանակով եւ նպատակով լաւապէս մշակուած ու կազմակերպուած է՝ ըստ աշակերտին տարիքին, կարիքներուն, ունակութեան եւ հետաքրքրութեան, անպայմանօրէն կ՛ունենայ իր դրական արդիւնքը։
Հմտութիւններու ծանօթանալը եւ զանոնք ձեռք ձգելը աշակերտներուն արդար իրաւունքներն են եւ իբրեւ այդպիսին՝ անոնք պէտք է դառնան դպրոցական համակարգին անբաժան մասը:
«Ընթերցողը սոսկ հայ գրականութեան կարիքը չունի, ան Եւրոպայէն դուրս պատմութիւններու կարիքը ունի, յետգաղութային երկիրներու եւ անոնց մասին պատմութիւններու կարիքը ունի, անհետացող լեզուով պատմութիւններու կարիքը ունի: Սա է միակ իրական ուղին վստահանալու, որ մեզ ազնուօրէն կը ներկայացնեն:»
Նախքան մեթոտի մը ընտրութիւնը, հաւանաբար աւելի ճիշդ կ’ըլլայ, երբ դպրոց մը ունենայ իր կրթական փիլիսոփայութիւնը եւ ճշդէ իր առաքելութիւնը... որոնց հիման վրայ հաւանաբար աւելի դիւրին կ’ըլլայ այլ բաներ ճշդելը:
Միայն առցանց կրթութեան վրայ յոյս դնելը կրնայ խոչընդոտել երեխաներու ամբողջական զարգացումը՝ իր ժխտական հետքը ձգելով անոնց ապագայ մասնագիտական թէ անձնական կեանքին մէջ։
Եթէ մեր կայացուցած որոշումներուն հետեւանքով մեր կեանքն ու միջավայրը կը դառնան աւելի անկանխատեսելի, ապա պէտք է վերատեսութեան ենթարկել մեր մտքերուն մէջ տեղի ունեցող գործընթացները եւ որոշում կայացնելու մեր անհատական մշակոյթը։
Մեր մտածումներուն՝ շարունակական ձեւով ուշադրութիւն դարձնելը լաւագոյն ձեւերէն մէկն է բարելաւելու համար մեր քննական միտքը:
«Քովիտ-19-ի դէմ պայքարի ձախողութիւնները պէտք է նախ եւ առաջ դիտարկել դրամատիրական կարգերու պատճառած մահացու թերացումներուն, շահոյթի կուտակման բացարձակութեան եւ մարդկութեան միասնական ու իրարօգնութեան հրամայական արժէքի անկման շրջագիծին մէջ»: