Այսօրուան ընթերցողը՝ վաղուան առաջնորդը

Ընթերցանութիւնը ամէն ինչի մասին որեւէ բան սորվելու միջոց մը կը հանդիսանայ

Ընթերցանութեան կարեւորութիւնը միշտ ալ անհերքելի եղած է, իսկ 21–րդ դարու պահանջներուն և հմտութիւններուն տիրապետելու համար՝ անոր կապուած անհաւատալի օգուտները կենսական են լայնախոխ, զարգացած եւ ժամանակակից հասարակութիւն մը ունենալու համար:

Ընթերցանութիւնը կը զարգացնէ միտքը։ Միտքը մկան մըն է, որ ֆիզիքական վարժութիւններու կարիքը ունի. գրաւոր խօսքը հասկնալը անոր զարգացումը խթանող միջոցներէն մէկն է։

Մենք կ՛ապրինք այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր առկայ է տեղեկատուութեան առատ հոսք, եւ այս հոսքէն օգտուելու լաւագոյն միջոցը ընթերցանութիւնն է։ Այսուհանդերձ, ընթերցելու սովորութիւնը օրէ օր կտրուկ անկում կ՛արձանագրէ, որովհետեւ գիրքերը փոխարինուած են հեռախօսներով, համակարգիչներով եւ tablet-ներով։ Ընդամէնը մէկ-երկու սերունդ առաջ, ուսուցիչներն ու ծնողները կ՛ըսէին՝ «գիրքը լաւագոյն ընկերն է», իսկ այսօր, արհեստագիտութեան այս դարաշրջանին, գիրք կարդալուն տրամադրուած ժամանակը փոխարինուած է վերոյիշեալ սարքերով համացանցի գործածութեամբ։

Հետազօտողներու կարծիքով, այս անկման հիմնական պատճառը գործող կրթական համակարգն ու ուսուցման մեթոտներն են։ Այսօր ալ աշակերտին դիմաց մատչելի գիրքերու լաւ հաւաքածոներ չկան եւ մինչ ժամանակակից արհեստագիտութիւնը բարձրացուցած է գրաճանաչութեան մակարդակը, միեւնոյն  ատեն տկարացուցած է գիրք կարդալու սովորութիւնը։

Առաջնորդը մտածող, դատողութիւնը  զարգացուցած մարդն է։ Առաջնորդ մը դառնալու համար պէտք է  ինքնավստահ ու լաւատեղեակ անձ մը ըլլալ, անձ մը, որ գիտէ քննադատօրէն մտածելով և խնդիրներու լաւագոյն լուծումները գտնելով զարգացնել ինքզինք, միաժամանակ զարգացնելով իր շրջապատը, հասցնելու համար զայն միջմշակութային հաղորդակցութիւններու եւ ժամանակակից աշխարհին յարիր մտածողութեան ատակ ըլլալու մակարդակին։ Ընկերութիւններու մէջ նման յառաջընթաց մը եւ անոր արդիւնքով ձեռք բերուելիք հաւասարակշռութիւնները կու գան մանաւանդ ընթերցանութեան ճամբով։

Ընթերցանութեան միջոցով մենք կը ստանանք նոր գաղափարներ եւ մտքեր, կը քաղենք դասեր, որոնք կը նպաստեն բարելաւելու տարբեր բնոյթի մեր անձնական որակները, կը ծանօթանանք եւ կ՛ուսումնասիրենք զանազան մշակոյթներ և ընկերութիւններ՝ զարգացնելով մեր վերլուծական ունակութիւնը և ստեղծագործական կարողութիւնը։ Ճիշդ այս պատճառով է, որ ընթերցանութեան սովորութիւնը պէտք է զարգացնել դպրոցին թէ տան մէջ՝ մարդուն փոքր տարիքէն։

Ընթերցանութիւնը ամէն ինչի մասին որեւէ բան սորվելու միջոց մը կը հանդիսանայ։ Անիկա  կ՛օգնէ մանուկին նոր յայտնաբերումներ ընելու զինք հետաքրքրող որեւէ թեմայի մասին՝ խթանելով եւ մղելով զինք սուզուելու իր սիրած աշխարհին մէջ, միաժամանակ բացայայտելով այլ հորիզոններ։

Պատկերասփիւռին ու համակարգիչին միջոցով դիտուած պատկերները մանուկին կը ներկայացուին առանց իրմէ որեւէ ջանք պահանջելու։ Մանուկը ինք պատկերացնելու բան մը չունի։ Միւս կողմէ, սակայն, գիրքը, իր բառերով եւ քանի մը գծապատկերներով, կը ստիպէ երեխային գործի լծելու իր միտքը՝ պատկերացնելով, թէ ինչպէս կրնայ կենսաւորել այդ բառերն ու գծապատկերները։ Այս երեւոյթը հրաշքներ կը գործէ՝ զարգացնելով երեւակայութիւնն ու ստեղծագործականութիւնը։

Ընթերցանութինը նաեւ կը բարելաւէ  մէկուն բառապաշարն ու հաղորդակցութիւնը։ Հաճոյքով և առանց  պարտադրանքի մանուկին առջեւ կը բացուի բառերու լայն աշխարհ մը, ինչ որ կը բարելաւէ ինչպէս գրաւոր, այնպէս ալ խօսակցական հաղորդակցութեան ունակութիւնները։

Ընթերցելը նոյնիսկ կ՛օգնէ մանուկին լաւ պատկեր մը ստեղծելու ինքն իր մասին եւ լաւ խաղալու ուրիշներու հետ։ Մանուկը կանուխ տարիքին է որ առաւել դիւրութեամբ կ՛ազդուի, եւ ընթերցանութեան դրական փորձը կ՛օգնէ անոր դրական պատկերացում մը կազմելու ինքն իր մասին․ նոր հասկացութիւններ սորվիլը, հետաքրքրական վայրեր յայտնաբերելը, ուրիշներու դիտանկիւնը հասկնալը բանալին է բազմաշնորհ ինքնապատկեր մը կազմելու, չմոռնալով «լաւ կարդալու» հոգեբանական ինքնագնահատման դրական ազդեցութիւնը։

Ընթերցանութիւնը ոչ միայն մանուկին ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ իր առջեւ դրուած խնդրին վրայ, այլ զայն կը մխրճէ տեղեկութիւններու աշխարհին մէջ՝ բարելաւելով անոր յիշողութիւնը՝ իր կարդացած նիւթին շուրջ։ Եւ երբ մանուկը կը կլանուի ընթերցանութեամբ, ապա այդ մէկը արդէն կ՛օգնէ իրեն հանգստանալու եւ հեռու մնալու ճնշուածութենէ։

Ծնողները ի՞նչ ձեւով կրնան իրենց զաւակները մղել ընթերցանութեան։

Այն, որ ընթերցանութիւնը կարեւոր դերակատարութիւն ունի մանուկի մը դպրոցական յաջողութեան մէջ՝ անվիճելի եւ բոլորիս կողմէ ընդունուած իրականութիւն մըն է եւ թերեւս պատճառներէն մէկը, որ ծնողները մեծապէս հետաքրքրուած են զարգացնելու այս հմտութիւնը իրենց զաւակներուն մէջ։ Կարելի է նշել քանի մը գործնական առաջարկներ, որոնք կրնան օգնել նախադպրոցական տարիքի մանուկներուն եւ դպրոցական տարիքի աշակերտներուն կարդալ սորվելու։

Հարիւրաւոր ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան կարդալուն օգուտները մանուկին մօտ՝ շատ կանուխ տարիքէն։ Գիտական բարձր կոչումներու պէտք չունինք ուրախ եւ խելացի երեխաներ դաստիարակելու համար. հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր ծնողներ յաջողութեամբ կրցած են ընել այդ։ Ինչպէս ծնողներ իրենց  փոքրերուն կը սորվեցնեն դգալով ուտել, բաղնիք երթալ, ձեռքը քթիկէն հեռու պահել, «հաճիս» եւ «շնորհակալ եմ» բառերը գործածել, նոյնպէս եւ կարելի է մանուկին կարդալ սորվեցնել շատ փոքր տարիքէն։ Այս բոլորը կարելի է հաճելիօրէն ուսուցանել կամ ալ վերածել տաժանքի և պարտադրանքի։ Պոռալը, պատժելն ու ճնշելը կրնան միայն հիասթափեցնել երեխան որեւէ բան սորվելու ընթացքին, ընթերցասիրութիւնը՝ ներառեալ:

Գրաճանաչութեան հմտութիւնը զօրացնող միջոց մըն է մանուկին հետ զրուցելը, շարունակաբար խօսիլը մանուկին՝ ամէն ինչի մասին: Իր քթիկին թէ մատիկին, քոյրիկին թէ պապիկին, ուտելիքին թէ քնանալուն՝ որեւէ նիւթի շուրջ լսուած խօսակցութիւնը եւ զանազան ճշգրիտ գործածուած ու հնչուած բառերը միայն ու միայն կ՚օգնեն մանուկին` զարգացնելու լեզուական եւ գրաճանաչութեան կարողութիւնները։

Ծնողներու կողմէ մանկական գիրքեր կարդալը մանուկին՝ կեանքի առաջին ամիսներէն իսկ, ըստ ուսումնասիրութիւններու, կրնայ ամբողջ կեանք մը արդիւնաւէտ ազդեցութիւն ունենալ անոր վրայ, անոր մէջ զարգացնելով ոչ միայն լեզուի կարողութիւններ, այլեւ հետաքրքրասիրութիւն եւ ընթերցումի նկատմամբ սէր եւ յակուածութիւն:

Մանուկները ընթերցասիրութեան ծանօթացնելու հիանալի միջոցներէն մէկն է անոնց իսկ կողմէ յօրինուած «պատմութիւնները» պատմելը՝ իրենց։ Կարելի է այդ պատմութիւնները գրել իրենց համար եւ ապա կարդալ բարձրաձայն՝ մատնանշելով կարդացուած բառերը։ Հետեւողական փորձերով փոքրիկը զարմանալիօրէն կը ճանչնայ իր տեսած կրկնուած բառերը եւ այսպիսով կը կը սկսի կազմել իր բառացանկը։

Տարիքի աճին հետ, երբ մանուկը արդէն կը դառնայ մանկապարտէզի կամ տարրական դասարաններու աշակերտ, լաւ գաղափար մըն է զինք քաջալերելը, որ բարձրաձայն կարդայ, որովհետեւ այդպէս պզտիկը դառնայ աւելի լաւ ընթերցող՝ մանաւանդ երբ ան ունի զինք մտիկ ընող ու քաջալերող ծնող կամ հետեւող։

Երբ ընթերցելը կը դառնայ մեր առօրեային մէկ մասը, եւ ծնողքը կը դառնայ լաւ օրինակ՝ նախ կարդալով ինքն իրեն ու յաճախ զաւակներուն համար, ապա մանուկները կը սորվին սիրել զայն:

Մանուկներուն համար լաւ է օրուան որոշ պահ մը տրամադրել ընթերցանութեան՝ անջատ հեռախօսներէն ու համակարգիչներէն։ Ասոր կրնայ յաջորդել կարդացուածը վերապատկերացնելու կամ վերարտադրելու փորձը։ Երբ իրադարձութիւններու և գաղափարներու շուրջ կը մտածուի ու կը յիշուի, ապա այդ քայլը ընթերցող մանուկը կը տանի դէպի ընթերցանութեան կատարելագործուած ընկալում, որ ինքնին հաստատ քայլ մըն է ինքզինք կատարելագործելու հետագայ աւելի դժուար ու խրթին ընթերցանութիւններուն մէջ։

Վերջապէս, ընթերցանութեան հմտութինը, որ կարելի է զարգացնել նախքան մանուկին դպրոց մուտքը, մեծ ազդեցութիւն ունի անոր դպրոցական ապագայ կեանքին մէջ։ Ընթերցանութեան հետ խնդիրներ ունեցող ուսանողերը կրնան շատ հարցերու առջեւ գտնուիլ տարբեր դասանիւթերու մէջ, ինչպէս գիտութիւն, թուաբանութիւն թէ պատմութիւն, ինչ որ կրնայ յանգեցնել հիասթափութեան, ինքնավստահութեան պակասի եւ վատ գնահատականներու։ Այսուհանդերձ, ընթերցանութեան և ընկալման հետ կապուած դժուարութիւնը կարելի է յաղթահարել կանոնաւոր փորձերով և վարժութիւններով։

Հաճոյքի և տեղեկատուութեան համար կարդալը կը զարգացնէ ընթերցանութեան հետաքրքրութիւնը եւ առիթը կ՚ընծայէ այդ կարողութինը արդիւնաւէտ ձեւով օգտագործելու։ Նախադպրոցական տարիքէն իսկ ծնողներ պէտք է երեխաներուն տրամադրեն ընթերցանութեան նիւթեր, որոնք հետաքրքրութիւն կը յառաջացնեն մանուկին մօտ, ընդլայնելով անոր բնական հետաքրքրութիւնը՝ զինք շրջապատող աշխարհին նկատմամբ։

Խրախուսելով եւ օրինակ դառնալով, տան ազատ ժամերուն ընթերցելով, ծնողներ կարեւոր քայլ մը կ’առնեն իրենց զաւակի ընթերցանութեան զարգացման նպաստելու ճամբուն վրայ, ինչ որ իր կարգին կը նպաստէ պատրաստելու մտաճանաչ, հմուտ, զարգացած եւ վերլուծական մտքով մարդ՝ ապագայ առաջնորդ։

Մասնագիտութեամբ մանկավարժ եւ անգլերէնի ուսուցչուհի, մօտ երեսուն տարուայ ուսուցչական փորձառութեամբ՝ Եւա Գորեսեան (Պէյրութ, Լիբանան) լիբանանահայ մամուլին մէջ ստորագրած է մանկավարժական նիւթերու մասին բազմաթիւ յօդուածներ: Պարգեւատրուած է Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան «Երախտագիտութեան» մետալով:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

1 Comment
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
Աշոտ
Աշոտ
2 years ago

Շնորհակալութիւն

1
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x