Ամէն մարդ նպատակ մը կ՛ունենայ իր կեանքին մէջ. նպատակը կրնայ մեծ ըլլալ կամ փոքր: Մարդ անոր կրնայ հասնիլ այլազան ձեւերով:
Փոքրիկները եւս կրնան գտնուիլ իրենց կեանքին նպատակը գտնելու ճամբուն վրայ:
Ուսումնասիրութիւններու համաձայն, նպատակի մը հասնելու կամ յաջողութիւն մը ձեռք ձգելու համար անհրաժեշտ են.
- Կարողութիւնը
Կարողութիւնը կարենալ կատարելն է, որ կ՛ընդգրկէ մեր բոլոր ունեցած գիտելիքները, ձիրքերը, փորձառութիւնը․ այսինքն, բոլոր այն բաները, որ հնարաւորութիւն կու տան մեզի յաջողութեամբ կատարելու եւ մեր նպատակը իրականացնելու:
- Ինքնամղումը
Ինքնամղումը երկու տեսակի է.
ա. պարտաճանաչութիւն
Պարտաճանաչութեան երկու կարեւոր յատկութիւններն են ինքնատիրապետումը կամ ինքնակառավարումը եւ անմիջական գոհունակութիւն զգալու զգացողութիւնը կարենալ յետաձգելը:
բ. հաստատակամութիւն
Պարտաճանաչ մարդը թէ՛ կարողութիւնը ունի եւ թէ՛ կամեցողութիւնը կամ պատրաստակամութիւնը կիրառելու իր ստանձնած պարտականութիւնները եւ պարտաւորութիւնները:
Այն մարդիկը, որոնք պարտաճանաչ են, պատկերացումը կ՛ունենան, որ ի՞նչ պէտք է ընեն, ինչպէ՞ս պէտք է ընեն եւ ապա իրենց մտադրութիւնները գործադրութեան կը դնեն։
Իսկ ի՞նչ է կամեցողութիւնը կամ պատրաստակամութիւնը: Կամեցողութիւնը մղումն է, որ հնարաւորութիւն կու տայ մեզի մեր գիտելիքները եւ ձիրքերը գործողութեան վերածելու, որպէսզի հասնինք մեր փափաքած արդիւնքներուն:
Հետազօտողներ, ուսումնասիրած ըլլալով պարտաճանաչութիւնը աւելի քան 35 տարիներ, եզրակացուցած են, որ պարտաճանաչութիւնը ամէնէն էական կանխատեսիչն է յաջողութեան՝ ակադեմական եւ այլ տեսակի աշխատանքային կատարումներուն մէջ:
Պարտաճանաչ փոքրիկները կամ մարդիկը բարձր նիշեր կը ստանան, ժամանակին կ՛աւարտեն վարժարանը եւ համալսարանը, կը հասնին իրենց աշխատանքային նպատակներուն, յառաջխաղացում կ՛արձանագրեն հաստատութիւններու մէջ, աւելի կը վճարուին, աւելի որակեալ աշխատանքային յարաբերութիւններ կ՛ունենան, աշխատանքի մէջ գոհունակութիւն կը ստանան, ուրախ, առողջ եւ երկարակեաց կեանք կ՛ունենան։
Պարտաճանաչ մարդիկ կ՛ըլլան վստահելի, ինքնամղուած, աշխատասէր, կարգապահ, կազմակերպուած եւ ծրագրաւորող եւ զգոյշ (կը մտածեն նախքան քայլ առնելը)։ Անոնք ուշադրութիւն կը դարձնեն մանրամասնութիւններու, կը շարունակեն սկսուած բանը մինչեւ աւարտին հասցնել, կը ստեղծեն համակարգուած ռազմավարութիւններ, մեթոտիք ձեւով կը շարժին դէպի իրենց նպատակը, ժամանակ կ՛առնեն օրէնքներ սորվելու, կը հետեւին օրէնքներու, կ՛ունենան պարտականութեան զօրաւոր զգացողութիւն, կը ձգտին ճիշդը ընել նոյնիսկ եթէ դիւրին չէ, ժամանակին կը վերջացնեն գործը եւ կը ստուգեն իրենց աշխատանքը, կանուխ կը հասնին հանդիպումներու։
Մարդիկ պարտաճանաչ մարդոց կը նային ու կը վերաբերին իբրեւ վստահութեան արժանի եւ պատասխանատու անձեր:
Ուոլթըր Միշէլ ստեղծած է նշանաւոր «Մարշմէլօ» գիտափորձը (Marshmallow Experiment) 1960ական թուականներուն, փոքրիկներու ինքնատիրապետումի մակարդակը գնահատելու նպատակով :
Միշէլ եւ իր աշխատակիցները կատարած են այս գիտափորձը 600 նախադպրոցականներու վրայ:
Անոնք փոքրիկները երկու խումբի բաժնած են՝ երկու անջատ սենեակներ տրամադրելով անոնց: Սենեակներուն մէջ սեղանի մը վրայ անոնք պնակ մը դրած են եւ պնակին մէջ՝ «մարշմէլօ» (marshmallow) մը: Մէկ խումբին թէքնիքներ եւ մեթոտներ սորվեցուցած են, որ կարենան տիրապետել իրենք զիրենք, ինչպէս նաեւ անմիջական գոհունակութիւն ստանալու իրենց զգացումը յետաձգել: Այլ խօսքով, տեսնելով հանդերձ «մարշմէլօ»ն՝ փոքրիկները մղուած են օգտագործելու այդ «թէքնիք»ները, որ զսպեն իրենք զիրենք եւ սպասեն մինչեւ «մարշմէլօ»ն ուտելու վայրկեանը հասնի: Երկրորդ խումբը ոչինչ սորված է այդ մեթոտներէն: Ապա, երկու խումբերուն յայտնած են, որ անոնք կրնան անմիջապէս ուտել իրենց առջեւ գտնուող մէկ «մարշմէլօ»ն կամ սպասել քիչ մը եւ երկու «մարշմէլօ» ուտել մէկ հատի փոխարէն:
Ի յայտ եկած է, որ այն խումբը, որ թէքնիքներ եւ մեթոտներ սորված է, կրցած է յաւելեալ 15 վայրկեան սպասել եւ 2 «մարշմէլօ» ուտել մէկ հատի փոխարէն, իսկ այն խումբը, որ թէքնիքներ չէր սորված, չէ կրցած տիրապետել ինքզինք, ոչ ալ կրցած է անմիջական գոհունակութիւն ստանալու իր զգացումը յետաձգել եւ, հետեւաբար, անմիջապէս կերած է այդ մէկ «մարշմէլօ»ն:
Ուոլթըր Միշէլ եւ իր աշխատակիցները 600 նախադպրոցականներէն 95-ին հետ շարունակած են ուսումնասիրութիւնները մինչեւ անոնց մեծնալը եւ տեսած են, որ անոնք որոնք ինքնատիրապետում եւ անմիջական գոհունակութիւն ստանալու իրենց զգացումը յետաձգել սորված են կանուխ տարիքին, 210 կէտ աւելի բարձր նիշ ստացած են դպրոցական ունակութիւններու քննութեան (Scholastic Aptitude Test) քան անոնք, որոնք այդ բոլորը չեն սորված։ Նոյն անձերը, իբրեւ չափահասներ, բարձրագոյն կրթութեան հասած են, ունեցած են աւելի առողջ կենցաղ եւ կրցած են խուսափիլ թմրանիւթերու չարաշահումէն:
Տարիներ ետք, Սելեսթ Քիտ եւ իր աշխատակիցները վերամշակած են «Մարշմէլօ» գիտափորձը գիտնալու համար, որ վստահելի եւ ոչ վստահելի միջավայրը որեւէ ձեւով ազդեցութիւն կրնա՞յ ունենալ կամ ոչ:
Սելեսթ Քիտ անօթեւաններու ապաստանարանի մը մէջ իբրեւ կամաւոր մտնելով փորձ մը կատարած է. ան 28 փոքրիկներ բաժնած է երկու խումբերու. Սելեսթ խումբերուն տուած է գծագրական աշխատանք մը եւ գործածուած ներկեր, ըսելով, որ անոնք անմիջապէս կրնան սկսիլ աշխատանքի այդ հին ներկերը օգտագործելով կամ քիչ մը սպասել եւ ներկերու նոր տրցակով մը իրենց աշխատանքը սկսիլ: Քիչ ժամանակ անց, մէկը մտնելով սենեակ առաջին խումբէն ներողութիւն խնդրած է, որ նոր ներկեր չեն մնացած, եւ հետեւաբար, անոնք պէտք է աշխատին հին ներկերով, իսկ երկրորդ խումբին յատկացուցած են խոստացուած նոր ներկերը:
Ապա, Սելեսթ վերադարձած է բուն «մարշմէլօ» գիտափորձին եւ երկու խումբերուն սեղաններուն վրայ դրած է մէկական «մարշմէլօ»: Անոնք, որոնք ոչ վստահելի միջավայրին ենթարկուած էին (խոստացուած նոր ներկերը չստանալու բերումով), անմիջապէս կերած են մէկ «մարշմէլօ»ն, մինչ անոնք, որոնք վստահելի միջավայրի մէջ գտնուած էին (ստանալով իրենց խոստացուածը), կրցած են սպասել եւ կերած են երկու «մարշմէլօ» մէկ հատի փոխարէն:
Սելեսթ եւ իր գործակիցները եզրակացուցած են, որ
1.Ինքնատիրապետումը եւ անմիջական գոհունակութիւն զգալու զգացումները յետաձգել կարենալը երկու յատկութիւններ են պարտաճանաչութեան, որոնք շատ կարեւոր են փոքրիկի մը համար եւ կ’առնչուին կեանքի մէջ դրական արդիւնքներու հասնելուն հետ:
2. Ինքնատիրապետումը եւ անմիջական գոհունակութիւն զգալու զգացումները յետաձգել կարենալը կարելի է ձեռք ձգել սորվելով (մեթոտներով եւ ռազմավարութիւններով):
3. Կարեւոր է կարենալ որոշելը, որ անմիջական գոհունակութիւն զգալու զգացումները յետաձգելը, որոշ վայրկեանի մը համար, արդեօ՞ք հիմնուած է տրամաբանական գնահատականի մը վրայ, այն մասին, որ սպասելը ապագային լաւ բանի մը պիտի յանգեցնէ անհատին համար:
Ուսումնասիրողներ վերջերս եզրակացուցած են, որ ընդհանուր առումով, պարտաճանաչ մարդիկ աւելի հակուած են գոհ եւ բաւարարուած ըլլալու իրենց կեանքով, թերեւս որովհետեւ անոնք կ՛ապրին այնպիսի ձեւով մը, որ կրնան հասնիլ իրենց կեանքի նպատակներուն, միեւնոյն ժամանակ հոգ տանելով իրենց անձին եւ զիրենք շրջապատող անմիջական մարդոց:
Իսկ ի՞նչ կարելի է ըսել հաստատակամութեան մասին։
Հաստատակամութիւնը ինքնամղումի երկրորդ կարեւոր յատկութիւնն է, ինչպէս նշած էի վերը:
Հոգեբան Անժելա Տաքուորթ հաստատակամութիւնը բացատրած է որպէս կիրք եւ յարատեւութիւն՝ դէպի երկարաժամկէտ նպատակ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ռազմական ակադեմիայի նոր ուսանողները պարտադիր կ՛անցնին եօթը շաբաթներ երկարող ֆիզիքական եւ մտային մարտահրաւէրներ ընդգրկող «Beast» անունը կրող քննա-վարժողական ծրագիր մը:
Անժելա Տաքուորթ նոր զինուորներուն ներկայացուցած է տասներկու հարցումներէ բաղկացած հարցաթերթիկ մը, ակադեմիա մտնելուն երկրորդ օրը: Ի յայտ եկած է, որ անոնց պարագային, որոնք բարձր կէտեր ապահոված են այդ հարցումներուն, նաեւ մեծ եղած է հաւանականութիւնը, որ շարունակեն «Beast» ծրագիրը մինչեւ աւարտը: Տաքուորթի պատրաստած հարցաթերթիկին հարցումներու գնահատականը վերածուած է «հաստատակամութեան աստիճանաչափ»ի:
Տաքուորթ նաեւ ուսումնասիրած է այն պարման-պարմանուհիները, որոնք բարձր ցուցանիշներ արձանագրած են Միացեալ Նահանգներու Scripps National Spelling Bee մրցումին` գիտնալու, թէ անոնք նաեւ աւելի բարձր վարկանիշ ապահովա՞ծ են «հաստատակամութեան աստիճանաչափ»ով: Ի յայտ եկած է, որ այո՛: Աւելի հաստատակամ պարման-պարմանուհիները աւե՛լի ժամանակ տրամադրած են սորվելու, ինչ որ անոնց ապահոված է աւելի բարձր վարկանիշ:
Ան եզրակացուցած է, որ հաստատակամութիւնը անմիջականօրէն կապուած չէ IQ-ին, սակայն բարձր փոխկապակցուածութիւն ունի պարտաճանաչութեան հետ:
Հաստատակամ մարդիկ կ՛ըլլան ջանասէր, կայուն եւ յամառ, կ՛ունենան նպատակասլացութիւն եւ ինքնամղում, շուտով կը վերագտնեն իրենք զիրենք որեւէ ձախողութենէ ետք։
Հաստատակամութիւնը կը տարբերի պարտաճանաչութենէն հետեւեալ կէտերու մէջ.
Հաստատակամ մարդիկ կը կեդրոնանան երկարաժամկէտ մէկ նպատակի վրայ, իրենց աչքը պահելով «մրցանակ»ին վրայ: Հաստատակամութիւնը կը նմանի մկանի մը, որ կը կազմաւորուի կեդրոնացած վարժութիւններով: Հաստատակամ մարդիկը մերժելը կամ ըսելը, որ «անոնք չեն կրնար յաջողիլ», կը խթանեն անոնց վճռականութիւնը: Մինչդեռ պարտաճանաչ մարդիկ յաջողութեամբ կ՛ամբողջացնեն իրենց ամէնօրեայ գործերը, իրենց պարտականութիւնները կը կատարեն բարձր չափանիշներով, առանց կեդրոնացած ըլլալու երկարաժամկէտ մէկ նպատակի վրայ:
Չափէն աւելի հաստատակամ ըլլալը անշուշտ ունի իր անպատեհութիւնները: Երբեմն, աւելի բարենպաստ կ՛ըլլայ, որ մեր դրած նպատակը զանց առնենք, եթէ տեսնենք, որ անիկա հասանելի չէ, կամ նոյնը ընենք, երբ տեսնելով կացութեան փոփոխութիւնը, հասկնանք, որ այլեւս այդ նպատակին համար ջանք թափելը անիմաստ է:
Ուսումնասիրութեան մը մէջ ի յայտ եկած է, որ այն մարդիկը, որոնք կրցած են իրենք զիրենք անջատել անհասանելի նպատակներէ եւ փնտռել նոր հասանելի նպատակներ, աւելի ուրախ եղած են, քիչ սթրես ապրած են եւ աւելի կրցած են ինքնատիրապետել իրենք զիրենք:
Եւ որովհետեւ ամէն ինչ մանուկ հասակէն սկսիլը կարեւոր գործօն մըն է, փորձենք գնահատել մանուկներուն պարտաճանաչութիւնը, ինքնամղումը, յարատեւութիւնը, հաստատակամութիւնը, ջանքը, աշխատանքը, կեդրոնացումը… որպէսզի անոնք հասնին աւելի կայուն արդիւնքներու:
