ՔՆՆԱԿԱՆ ՄԻՏՔ. ՄՇԱԿԵԼԻ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ՈՉ՝ ԱՌԱՆՁՆԱՇՆՈՐՀՈՒՄ

Մեր մտածումներուն՝ շարունակական ձեւով ուշադրութիւն դարձնելը լաւագոյն ձեւերէն մէկն է բարելաւելու համար մեր քննական միտքը:

Մեր հասարակութեան մէջ «ինչո՞ւ» հարցնելու խնդիր կայ, բայց չեմ կարծեր, որ այդ մեր միակ հարցն է. կարծես «որովհետեւ»-ի վերաբերեալ աւելի հարց կայ:

Շատ լսած եմ, եւ վստահ եմ՝ դուք ալ լսած էք, որ կան մարդիկ, որոնք կը փորձեն «լուրեր» փոխանցել. օրինակ՝ «… երկրի նախագահը կարեւոր յայտարարութիւն մը ըրեր է». ասոր դիմաց կ՛արձագանգեն՝ «իրա՞ւ, ի՞նչ յայտարարութիւն»: Լուրը տուողը պարզապէս իր լսած տեղեկութիւնը կը փոխանցէ, իսկ լսողը առանց ծամելու կը կլլէ այդ ու տեղւոյն վրայ կը փակուի նիւթը՝ անգամ մը եւս չբացուելու նպատակով:

Եկէ՛ք հասկնանք. նախագահը ե՞րբ ըրած է յայտարարութիւնը (նո՞ր յայտարարութիւն է, հի՞ն է, մէկ օր առա՞ջ ըրած է, մէկ շաբա՞թ առաջ…). ո՞ւր ըրած է յայտարարութիւնը (ժողովի՞ ընթացքին, հրապարակա՞ւ, ֆէյսպուքի՞ իր էջին միջոցով, twitter-ո՞վ… ). ինչպէ՞ս ըրած է յայտարարութիւնը (գրած եւ կարդացա՞ծ է, բերանացի՞ փոխանցած է, լա՞ւ տրամադրութեամբ փոխանցած է, փոխանցուածը հասկնալի եղա՞ծ է…). վերջապէս՝ ինչո՞ւ ըրած է յայտարարութիւնը (քաղաքական նիւթ մը ուզա՞ծ է արծարծել, ընկերայի՞ն հարց մը, մշակութայի՞ն, միջավայրի՞ հետ կապուած…):

Աւելի պարզ օրինակ մը տամ, որ ամէն օր կարելի է տեսնել մեր շուրջը. անձը կ՛ըսէ իր դրացիին. «… դեղը Անիթան առեր է. շատ լաւ դեղ մըն է եղեր: Դուն ալ նոյն բաները կը զգաս՝ դուն ալ առ նոյնէն»: Դրացին կ՛ըսէ. «անունը կը գրե՞ս եւ ինծի կու տա՞ս հաճիս»:

Ո՞վ ախտաճանաչումը ըրած է: Անիթան բժիշկի գացա՞ծ է: Ո՞վ դեղը նշանակած է: Ինչպէ՞ս պէտք է առնէ դեղը Անիթան: Բոլոր մարմինները նո՞յնն են: Բոլոր պարագաները նոյն ձեւո՞վ կը բուժուին: Թերեւս այդ դեղին հանդէպ «ալերժի»-ի հարց գոյութիւն ունի…

Մեր հասարակութեան «կրաւորական» ձեւով բան մը ընդունիլը հաւանաբար կու գայ քննական միտքի զարգացման պակասէն, եւ այդ մեր դպրոցներուն թերացումն է: Կարելի չէ ակնկալել, որ բոլոր ծնողներուն մօտ քննական միտքը անպայմանօրէն զարգացած ըլլայ: Ուրեմն, դպրոցներու պատասխանատուները դպրոցի ծրագրային համակարգին մէջ պէտք է ներառեն քննական միտքի զարգացման հոլովոյթը եւ շատ մեծ տեղ տրամադրեն ատոր յառաջընթացին համար: Քննական միտքի զարգացումը կը սկսի մանուկ տարիքէն, երբ փոքրիկը տակաւին մանկապարտէզ կը յաճախէ:

Բայց արդեօք ի՞նչ է «քննական միտքը»: Մարդիկ այն մտածումը ունին, որ քննական միտքը «բարձր կարգի մտածողութիւն է», որ կը վերաբերի կարգ մը մարդոց միայն: Այլ մարդիկ քննական միտքին կը մօտենան իբրեւ «անմատչելի մտածողութեան միջոց (գործիք)», զոր քիչեր կրնան օգտագործել: Սակայն, շատ մը տեսաբաններ քննական միտքը կ՛առնեն իբրեւ «մտածողութեան ձեւ»է աւելի բան մը: Անոնք կ՛ըսեն, թէ քննական միտքը «միտքի սովորութիւններ» (habits of thought) են կամ «անհատականութեան վարքային հակուածութիւն» (personality dispositions), եւ անոր բանալին «մեթաճանաչում»-ն է, այսինքն՝ «մտածելը՝ մտածելու մասին»: Անիկա կ’ենթադրէ նաեւ պահպանել միտքին իրազեկուածութիւնը եւ գիտնալ, թէ որեւէ կանխակալ կամ կողմնակալ կարծիք գոյութիւն ունի կամ ոչ:

Մեր մտածումներուն՝ շարունակական ձեւով ուշադրութիւն դարձնելը լաւագոյն ձեւերէն մէկն է բարելաւելու համար մեր քննական միտքը:

Մեր հասարակութեան մէջ կը պակսի նաեւ յանձն առնել բացատրութիւններ ներկայացնելը՝ որեւէ միտքի հիմնաւորումները ներկայացնելու համար: Օրինակ՝ «այսինչը դաւաճան է». ինչո՞ւ դաւաճան է. որովհետեւ դաւաճան է: «Որովհետեւ» բառը օգտագործուած է, բայց առանց իր պարտականութիւնը կատարելու, առանց պատճառը ներկայացնելու:

Քննական միտք ունեցողի մը առաջին personality disposition-ներէն մէկը հետաքրքրասիրութիւնն է, որ կ՛ընդգրկէ այն փափաքը, որ սորվելու սիրոյն կ՛ըլլայ: Այդ կրնայ հիմքը դառնալ, որպէսզի կարենանք բաղդատել որեւէ նոր տեղեկութիւն (որ ներկայացուի մեզի կամ որուն մասին կը կարդանք) հին տեղեկութեան հետ: Հին տեղեկութեան հասնելու համար նախ պէտք է յիշենք կամ վերադառնանք նախկին տեղեկութեան, ստուգենք, որ ճիշդ ինչպէ՞ս տրուած կամ գրուած էր տեղեկութիւնը եւ ապա նորը բաղդատենք հինին հետ (արդեօք նոյն բաները ուրիշ ձեւո՞վ ըսուած են կամ թէ բոլորովին նոր տեղեկութիւն մը աւելցուած է հինին վրայ, արդեօք հերքուա՞ծ է հինը եւ նոր տեղեկութեամբ մը փոխարինուա՞ծ է…):

Հետաքրքրասիրութիւնը կարելի է սերմանել փոքր հասակէն՝ մանուկին սորվեցնելով որակաւոր հարցումներ հարցնել, անդրադառնալով ամէնօրեայ իրադարձութիւններու, սորվեցնելով, որ լսածին կամ կարդացածին մասին անպայման հարցում մը կամ հարցումներ հարցնէ, զայն ծանօթացնելով զանազան ընկերութիւններու եւ մշակոյթներու:

Ճշմարտութեան փնտռտուքը երկրորդ personal disposition-ն է, որ կը նշանակէ անկեղծ ըլլալ հարցապնդումներուդ մէջ: Կրնայ պատահիլ, որ նոր տեղեկութիւնները չհամապատասխանեն բուն կամ նախկին կարծիքիդ եւ ստիպեն քեզ, որ փոխես կարծիքդ: Ուրեմն, պէտք է քաջ ըլլալ հարկ եղած հարցումները հարցնելու, մինչեւ որ հասնիս ճշմարտութեան եւ շարունակական ձեւով գնահատես որեւէ նոր տեղեկութիւն տուեալ նիւթին մասին:

Ճշմարտութեան փնտռտուքը կարելի է սորվեցնել փոքրիկներուն՝ անոնց հետ զրուցելով պատմութեան մը, նկարի մը կամ համացանցէն տեղեկութեան մը մասին քննարկում կատարելով. բացատրելով, որ իրենք պէտք է փնտռեն ճշմարտութիւնը եւ ոչ թէ սպասեն անոր: Պէտք է գիտնան, որ ամէն լսած կամ տեսած բան, որ կը ներկայացուի իբրեւ ճշմարտութիւն, պայման չէ որ իսկական ճշմարտութիւնը ըլլայ: Սորվեցնել, որ պէտք է շարունակեն փնտռտուքը մինչեւ ճշմարտութեան հասնիլը: Անգամ մը, որ փոքրիկը գիտնայ, որ այդ է ճշմարտութիւնը, պէտք է սորվի յստակ ձեւով բացատրել եւ արտայայտել, որ իր շուրջ գտնուողները հասկնան իր տեսակէտը:

Պէտք է սորվեցնել նաեւ, թէ փոքրիկները ինչպէ՞ս պէտք է պաշտպանեն իրենց տեսակէտը, մանաւանդ երբ անոնք իրենց հասակակիցներուն հետ ժամանակ կ՛անցընեն: Փոքրիկները նաեւ պէտք է հասկնան, որ միշտ տեսակէտ փոխելը լաւ բան մը չէ, որ պէտք չէ անմիջապէս փոխել տեսակէտը պարզապէս որովհետեւ հարցում մը հարցուեցաւ իրեն այդ նիւթին մասին:

Ինքնավստահութիւնը այլ disposition մըն է, որով կ՛ակնարկուի լաւ եւ արդար դատողութիւն կատարելն ու հարցերը լուծելու վստահութիւնը ունենալը: Այս ինքնավստահութիւնը երբ չափաւոր չէ, կրնայ արագ որոշումներու յանգեցնել, իսկ ատոր բացակայութիւնը կը նշանակէ քննական միտքի չգոյութիւնը:

Փոքր հասակէն կարելի է փոքրիկին աշխատանքներ ընել սորվեցնել, որպէսզի ինքնավստահութիւնը աւելնայ, եւ ապա գնահատել ըրածը՝ առանց չափազանցութեան: Կարեւոր է գնահատել ոչ թէ փոքրիկին խելացութիւնը, այլ անոր ջանքը, աշխատանքը, կեդրոնացումը, յարատեւութիւնը: Կարեւոր է ծանր քննադատութիւն ընելէ խուսափիլը եւ կեդրոնանալը անոր զօրաւոր, այլ ոչ՝ տկար կէտերուն վրայ:

Վերլուծող ըլլալը հիմնական disposition մըն է հարցապնդող միտքին համար: Վերլուծող կը նշանակէ տրամաբանութիւնը գործածելու գնահատում կատարել եւ փաստեր օգտագործել հարցերը լուծելու համար:

Շատ կարեւոր է, որ փոքր տարիքէն փոքրիկը դիտել եւ դիտարկել սորվի: Այդ մէկը կարելի է զարգացնել շարունակ շուրջը դիտելով, ուշադրութիւն դարձնելով եւ հինգ զգայարանները օգտագործելով:

Համակարգուած (սիսթեմաթիք) ըլլալը կը նշանակէ հարցապնդումներուդ մէջ կեդրոնացած, ժրաջան եւ կազմակերպուած ըլլալ, ինչպէս բժիշկ մը՝ հիւանդութիւն մը ախտաճանաչելու ժամանակ:

Լայնամտութիւնը գիտակցիլն է կանխակալ կամ կողմնակալ կարծիքներու: Կանխակալ կարծիքները կրնան մղել արագ եզրակացութիւններու: Լայնամտութիւնը նաեւ կը նշանակէ ուրիշներու տեսակէտներուն վերաբերեալ հանդուրժողականութիւն ցուցաբերել եւ ինչու չէ՝ նկատի ունենալ այլ կարծիքներ, որ համապատասխան կրնան չըլլալ մեր կարծիքներուն:

Հասունութիւնը որոշումներ տալու ժամանակ առողջամիտ ըլլալն է: Նաեւ հասկնալ, որ եզրակացութիւններու որոշակիութիւնը միշտ ալ երաշխաւորուած չէ: Եւ վերջապէս հասկնալ, որ կարգ մը պարագաներու մէկէ աւելի ճիշդ պատասխաններ կամ լուծումներ կրնան ըլլալ:

Քննական միտքը նպատակաուղղուած է հասնելու լաւագոյն արդիւնքներու՝ որեւէ կացութեան պարագային: Լաւագոյն արդիւնքի հասնիլը կ՛ընդգրկէ հաւաքել եւ տեղեկատւութեան գնահատումը կատարել տարբեր-տարբեր աղբիւրներ օգտագործելով:

Վերը նշուած disposition-ները կարգ մը մարդոց համար չեն միայն: Անոնք գոյութիւն ունին իւրաքանչիւր մարդու մէջ, սակայն կրնան բացայայտուած չըլլալ եւ պարզապէս մշակումի կարօտ ըլլան:

Ուսուցչական երկարամեայ ծառայութիւն կատարած Թամար Աբովեան (Պէյրութ, Լիբանան) մամլոյ ասպարէզ մտած է ձայնասփիւռի դռնէն. աշխատակցած է Պէյրութի «Ռատիօ-Սեւան» կայանին, ուր պատրաստած է մանուկներու «Շողարձակ» յայտագիրը: Փափաքելով մնալ մանուկներու հետ յարաբերութեան աշխարհին մէջ, հեղինակած է չորս մանկական գիրքեր՝ անգլերէն լեզուով: Մանկավարժական եւ հոգեբանական նիւթերով յօդուածներ ստորագրած է hayemnews.com լրատուական կայքէջին մէջ, աւարտած է անհատի հոգեբանական զարգացման վերաբերող շարք մը գիտական դասընթացքներ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x