Պէտք է հայ գրականութիւն աւելի շատ թարգմանել

Ազգային փոքրամասնութեան լեզուով գիրքերը միշտ չէ, որ կը թարգմանուին. բայց ճիշդ ատոր համար է, որ անոնց կարիքը ունինք:


We Need to Translate More Armenian Literature
Garen Torikian
Source: www.electricliterature.com
March 25, 2021
Անգլերէնէ թարգմանեց Արամ Արսէնեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց Վարդան Թաշճեան

7 Դեկտեմբեր 2019-ին կեանքէն հեռացաւ Արա Պալիոզեանը: Գրեթէ աննկատ: Ուիքիփետիան կը հաւաստէ, որ ան տակաւին ողջ է, որովհետեւ անոր մահուան միակ ապացոյցը հայերէն ծանուցումն է վստահելի աղբիւր չհամարուող ընկերային լրատուամիջոցներէն մէկուն մէջ: Լրացուցիչ ապացոյցներ փնտռելով` քրքրեցի Օնթարիօ նահանգի անոր բնակավայր Քիչընըր քաղաքի լրագրային պահոցները, սակայն` անօգուտ: Որեւէ փաստաթուղթ գտնելու յոյսով Ֆեյսպուքով կապուեցայ անոր ընկերներուն հետ, բայց առցանց նման վկայութիւն գոյութիւն չունի: Հայ գրականութեան անխոնջ ջատագով Պալիոզեանը երկու տասնեակէ աւելի արձակի եւ բանաստեղծութեան հատորներու հեղինակ էր, իբրեւ բեղմնաւոր գրական թարգմանիչ, մոռացութենէն փրկած է ժամանակի եւ տարածութեան մէջ աշխարհասփիւռ հայ գրողներու գործերը` ընթերցողը, նաեւ գրողները հարկադրելով խորահայեաց սեւեռելու մեր անցեալին վրայ եւ ուռուցքը հեռացնող վիրաբոյժի պէս` ազատելու զայն խոցէն, զոր կը կրենք մեր հոգիին մէջ:

Աւելին կրնամ պատմել Պալիոզեանի կեանքին մասին, բայց մահախօսական չեմ շարադրեր, ատոր ժամանակը անցեր է: Սա գործի կոչ է:

***

Մեծ առաւելութիւն մը ունեցած եմ հասակ առնելու այնպիսի տան մը մէջ, ուր յատակէն մինչեւ առաստաղ հասնող բազում գրադարակները կը պայթէին գիրքերու առատութենէն: Որքան կը յիշեմ, անոնք մեծապէս զարդարանք էին, բայց դժուար է հաւատալ, որ ընթերցուած չէին, քանզի ծնողներս կուտակող տեսակը չէին: Քոլեճը աւարտելէն կարճ ժամանակ անց, օր մը տունը մնացեր էի եւ քանի որ ընելիք չունէի, առաջին անգամ սկսայ իսկապէս զննել գիրքերը: «Ես լաւ եմ, դուն լաւ ես» տիպի հանրամատչելի փաստագրական, մեծ պահանջարկ ունեցող գիրքերը հանգրուաներ էին ամէն հայու տունէն անպակաս «Ճակատագրի սեւ շունը» գործին նման յուշագրութիւններու դրացնութեամբ։ Աչքս ինկաւ անոնց միջեւ խցկուած Կոստան Զարեանի «Անցորդը եւ իր ճամբան» գիրքին վրայ, որ հայերէն հրատարակուած էր 1926-ին, իսկ Արա Պալիոզեանը թարգմանած էր 1981-ին:

Կողքը իրօք խեղճուկ էր` գոց կանաչ ներկը տափակ, պէժ հիմնագոյնին վրայ. անմիջապէս գրադարակին վրայ կը վերադարձնէի, եթէ չկարդայի Պալիոզեանի ներածականը. «ապա [Զարեանը] կը գտնենք Սթամպուլի մէջ, որ այն ժամանակ հայկական սփիւռքի կարեւորագոյն մշակութային կեդրոնն էր, որտեղ ալ 1914-ին Դանիէլ Վարուժանի, Յակոբ Օշականի, Գեղամ Բարսեղեանի եւ խումբ մը այլ գործիչներու հետ ան հիմնած էր «Մեհեան» գրական հանդէսը: Երիտասարդ խռովարարներու այս համաստեղութիւնը յայտնի դարձաւ որպէս մեհեանական գրողներու խումբ եւ եւրոպացի ժամանակակիցներուն` ֆրանսական գերիրապաշտներուն (սիւրռէալիսթներուն), իտալական ապագայապաշտներուն (ֆութուրիսթներուն) եւ գերմանական արտայայտապաշտներուն (էքսփրեսիոնիսթներուն) պէս մերժեց հաստատուած կարգը` պայքարելով քարացած աւանդոյթներուն դէմ եւ ճանապարհ հարթելով նորին համար»:

Արա Պալիոզեան (1936–2019)

Պալիոզեան հայկական սփիւռքին ցոյց տուաւ, որ ունինք մեր սեփական ձայնը, մեր սեփական բանաստեղծութիւնը, նաեւ մեր սեփական պատմութիւնները, զորս պէտք է պատմենք:       

Մինչ այդ պահը միտքէս երբեք չէր անցած, որ հայկական գրական աւանդոյթ գոյութիւն ունի: Գրականութեան մէջ մասնագիտացող ուսանողները գրեթէ գոց գիտեն տարբեր գրողներու եւ արուեստագէտներու փոխազդեցութիւններու այլազան ցանցերը, բայց այն գրողներն ու արուեստագէտները, որոնք բաւարար ժողովրդականութեան չեն հասած, կը մնան այդ բոլորէն դուրս: Անչա՜փ յուզուեցայ այն միտքէն, որ Զարեանի գրական գործերը կը համապատասխանեն քսաներորդ դարու բոլոր չափանիշներուն: Աւելին, ան սորված էր, թէ ինչպէս կարելի է կրկին տիրապետել քսանհինգ տարեկանին Եւրոպայի մէջ բնակելու ատեն մոռցած լեզուն: Ես աներկբայօրէն հարազատ կը մնամ անհերքելի պատգամին, որ սփիւռքահայու կարգավիճակը յաղթահարելի խոչընդոտ մըն է: Երբ հարցուցի հօրս, թէ ինչո՞ւ պահած է այդ գիրքը, ան նշեց, որ բնագիրը ընթերցած է տակաւին դպրոցին մէջ, սակայն Զարեան-հեղինակը չի հաւնիր, քանզի կը համարէ, որ անչափ դժուար է զայն հասկնալը: Արդարամիտ գնահատանք է, բայց այդպէս ալ չի բացատրեր, թէ ինչպէ՞ս այդ գիրքին թարգմանութիւնը, ի վերջոյ, հանգրուաներ է իր գրադարակին:

«Անցորդը եւ իր ճամբան» ընթերցելէն յետոյ ձեռք բերի Պալիոզեանի բոլոր թարգմանութիւնները եւ ցուցակին մէջ եղած բոլոր գիրքերը կարդալ-սպառելէն յետոյ ինքս դարձայ գրական թարգմանիչ: Քանզի ինծի եւ գրական հետաքրքրութիւն ունեցող շա՜տ հայերու համար Պալիոզեանը բացայայտեց, որ մեր սեփական ժառանգութիւնը հարուստ է այնպիսի հեղինակներով, որոնք դոյզն չափ չեն զիջիր այն գրողներուն, զորս ուսումնասիրեր ենք եւ որոնցմով հիացեր ենք դպրոցին մէջ, նոյնիսկ առաւել արժէքաւոր են մեզի համար, քանզի անոնց գիրքերու բնագիրները գրուած են այն լեզուով, որով մենք կը խօսինք:

***

Պատահական չէ, որ հայ գրականութիւնը դուրս մնացած է համաշխարհային գրական ժողովածուներէն: 1915-ին օսմանցի թուրքերը պարբերաբար կը ձերբակալէին եւ կը սպանէին հայ համայնքին հազարաւոր առաջնորդները` իրենց իսկ երկիրին քաղաքացիները, կատաղի ջանքեր թափելով լռեցնելու գրեթէ չորս հարիւր տարուան բռնագրաւումէն ու վայրագութիւններէն յետոյ հնչող անկախութեան անոնց կոչերը: Նոր թափ կը հաղորդուէր բռնութիւններուն, որոնք սկիզբ առած էին 19-րդ դարու վերջերուն, միայն թէ այս անգամ փաշաները թիրախաւորած էին յատկապէս արուեստագէտներն ու մտաւորականները, որպէսզի ի սպառ ջնջեն հայոց մշակոյթի եւ պատմութեան հետքերը: Այդ ցեղասպանութիւնը ոչ միայն բնաջնջեց 1,5 միլիոն հայ` երկիրին հայ բնակչութեան գրեթէ կէսը, այլեւ արտաքսեց վերապրածները: Սեփական հայրենիքէն վտարուած հայերը սփռուեցան աշխարհով մէկ եւ հարկադրուած էին իւրացնելու իրենց նոր երկրիրներուն լեզուն ու սովորոյթները:

Ցեղասպանութեան հետեւանքով յառաջացած սփիւռքը սաստկացուց նաեւ մինչ այդ գոյութիւն ունեցող լեզուական պառակտումը: Հայաստան պետութեան մէջ գործածուող բանաւոր եւ գրաւոր հայերէնը ոչ պաշտօնապէս յայտնի է որպէս արեւելահայերէն` լեզուի ճիւղ մը, որ զարգացեր է, երբ հայերը շփուեր են երկիրին արեւելեան սահմաններուն երկայնքով բնակող դրացիներուն, հիմնականին մէջ ռուսերու հետ: Իսկ արեւմտահայերէնը հայոց լեզուի այն ճիւղն է, որուն վրայ ազդեցութիւն ձգած են Կոստանդնուպոլսով մէկ հնչող բիւրաւոր լեզուները: Օսմանեան կայսրութեան փլուզումէն յետոյ` 1922-ին, այն, ինչ մնացեր էր Հայաստան երկիրէն, ամբողջութեամբ ներառուեցաւ Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ, եւ արեւելահայերէնը դարձաւ փաստացի պաշտօնական լեզուն:

Պատահական չէ, որ հայ գրականութիւնը դուրս մնացած է համաշխարհային գրական ժողովածուներէն:     

Այն հայերը, որոնց բախտը բերաւ եւ խուսափեցան ցեղասպանութենէն ու արտագաղթեցին, հին արեւմտահայերէնը իրենց հետ տարին նոր տուները: Թէեւ ինչպէս արեւմտահայերէնով, այնպէս ալ արեւելահայերէնով բոլորիս համար մեծ մասամբ դիւրին է հաղորդակցիլ, քերականական եւ ուղղագրական փոփոխութիւնները բաւարար են, որպէսզի անոնք առանձին ճիւղեր համարուին: Որպէս բռնի երկատման հետեւանք, լեզուի մէկ ճիւղը կը փթթի, միւսը` կը թառամի. արեւելահայերէնը կը շարունակէ տարածուիլ` ընդարձակելով գործածութիւնը, քանի որ անորմով ի ծնէ խօսողները ամբողջ կեանքին մէջ կ՛ապրին Հայաստանի մէջ: Միեւնոյն ժամանակ, հայկական սփիւռքին մեծ մասը կը հաղորդակցի վերամբարձ, հնամենի արեւմտահայերէնով, զոր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն դասած է վտանգուած լեզուներու շարքին եւ համարած է, որ անհետանալու սպառնալիքին տակ է: Եւ միառժամանակ կը մնայ սառած-քարացած` չորցուած ձուկի մը պէս, սոսկ կ’աճի` սնանելով մեծաթիւ հիւրընկալներէ, բառեր կը ներառէ անգլիական, ֆրանսական ու արաբական համայնքներէն, որտեղ հայերը հիմնած են իրենց նոր տուները: Այն, ինչէն արեւմտահայերէնը կը կառչի որպէս աւանդական, արեւելահայերէնը կը պահպանէ որպէս հնաոճ, եւ այն, ինչը արեւելահայերէնը կը դիտարկէ որպէս ակնյայտ, արեւմտահայերէնը կը համարէ անյայտ:

Իհարկէ, հայերը միակ ցիրուցան ժողովուրդը չեն, որ կը պայքարին իրարու հետ կապ հաստատելու համար: Սփիւռքի համայնքներուն մէջ մայրենի լեզուի կենսունակութեան պահպանման մարտահրաւէրը աւելի կը սրէ անոնց սկզբնական մասնատումը, քանի որ այլոց հետ միաձուլման հետեւանքով սփիւռքի երկրորդ-երրորդ սերունդներուն` մայրենիով հաղորդակցելու կարողութիւնը հետզհետէ աւելի անկում կ’արձանագրէ: /Իմս էլ անոնց հետ. մինչեւ տասը տարեկանս պաշտօնական կրթութիւնս հայերէն էր, սակայն կեանքիս մեծ մասը ապրած եմ անգլերէնին հետ: Նոյնիսկ քսանհինգ տարի անց ես ինծի կը «բռնեցնեմ» հայերէն գունագեղ մանկական գիրքերը թերթատած ատեն, որպէսզի վերյիշեմ ամենատարրական քերականութիւնը/: Բազմակեդրոն այս լեզուներուն վարքը կը նմանի տարբեր որբանոցներու մէջ անսպասելիօրէն յայտնուած հարազատ քրոջ ու եղբօր վարքին: Անոնք կրնան հաւասարապէս կիսել անցեալին յիշողութիւնները, բայց ի վերջոյ իւրաքանչիւրը հասակ կ՛առնէ`  նոր փորձառութիւն ձեռք բերելով սեփական, իւրօրինակ ճանապարհով:

Որեւէ սփիւռքի եւ հայրենիքի միջեւ հեռաւորութիւնը կը չափուի  ոչ թէ մղոններով, այլ տարիներով: Որքան կը հեռանանք սկզբնական խզումէն, այնքան տեղին կը դառնայ պահպանել այն, ինչ գոյութիւն ունեցած է պառակտումէն առաջ:

***

Պալիոզեան ի սկզբանէ թարգմանած է տիրող վիճակին դէմ ընդվզող հայ հեղինակներ, որ վտանգաւոր դիրքորոշում է ոեւէ գրողի համար, անկախ ժամանակաշրջանէն, լեզուէն ու ինքնավստահութենէն: Ան թարգմանած է լեզուի թէ՛ այս եւ թէ՛ այն ճիւղով ստեղծագործողներ, աւելի ստոյգ, համոզուած էր, որ կարիք չկայ առանձնացնելու զանոնք. մեծ գրականութիւնը միշտ մեծ կը մնայ, լեզուն կապ չունի: Մէկ կողմը 19-րդ դարու վերջաւորութեան արեւմտահայ գրողներն էին, որ անողոքաբար կը քննադատէին իրենց ստորաքարշ վիճակը Օսմանեան կայսրութեան մէջ, միւս կողմը` 20-րդ դարակիսու արեւելահայ գրողները, որոնք կ’արարէին գրեթէ չքողարկուած կշտամբանքներ խորհրդային բռնապետութեան եւ գրաքննութեան հանդէպ: 1880-էն մինչեւ 1960-ը աշխարհը կ’արդիականանար, ինքնութիւնները կը բարեշրջուէին, ի պատասխան այդ փոփոխութիւններուն գրականութիւնը նորովի կը զարգանար Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ: Փոն յօրինեց կարճ պատմուածքին ձեւաչափը, Պալզաքն ու Չեխովը կը փոխանցէին իրական կեանքին դաժան պայմանները, Վուլֆն ու Պրոնթէ քոյրերը ազդարարեցին աւելի ծաւալուն ֆեմինիսթական շարժման մասին: Հայ գրողները նոյնպէս ընդունեցին այս շարժումները. Գրիգոր Զօհրապ այնքա՜ն հմուտ էր իր արուեստին մէջ, որ մեծարուեցաւ որպէս «նորավէպի իշխան», Յակոբ Օշական կը քարոզէր մարդկութեան չիրականացած իղձերը, Զապէլ Եսայեան ջանք կը թափէր կիներու ազատագրութեան համար: Իսկ Պալիոզեան թարգմանեց անոնց բոլորը:

Հայերը, որ փոքրամասնութիւն մըն են փոքրամասնութիւններու մէջ, Պալիոզեանի գործերուն հետ շփուելով կը հաւաստիանան, որ հայուն ինքնութիւնը կազմուած է ոչ միայն վսեմաշուք նշանաւորներէն ու զուարճալի պատմութիւններու թեթեւ աւարտէն, այլ շա՜տ աւելի կարեւոր բաներէ:

Պալիոզեան յաճախ կը վշտանար, որ իր գիրքերը տպագրել ուզող հրատարակիչներ չի գտներ: Անոր անտիպ գործերը կարելի է տեսնել ոսկէփոշիի պէս ցրուած համացանցին մէջ՝ կամ ինքնատպագիր ձեւով կամ ալ պահպանուած ոչ մեծ անկախ պարբերականներու ու գրախանութներու անվեհեր ջանքերուն շնորհիւ: Տարիներ շարունակ թարգմանութիւններու եւ գրական վերլուծութիւններու փոքր կտորները ան կը տեղադրէր իր պլոկին մէջ /համացանցային օրագիրին մէջ/` ինքն իրեն ազատութիւն շնորհելով քարոզելու առանց ընդհատումներու ու խանգարող այլ հանգամանքներու: Լրատուական դաշտը անոր պատկերացումով զանգուածային միջոց մըն է, որ նուազագոյնը պէտք է ապահովէ իրեն համար թանկագին բառերու առնուազն տարբերանշումը, տեղադրումը պահոցին մէջ, եւ եթէ անոնք նոյնիսկ պիտի չընթերցուին` մշտապէս պէտք է հասանելի ըլլան: Հայերուն համար, որ փոքրամասնութիւն են փոքրամասնութիւններու մէջ, Պալիոզեանի գործերուն հետ շփումը մխիթարանք է,  յիշեցում եւ հաւաստիացում, որ անոնց զգացումներն ու պատմութիւնը օրինական են, որ հայուն ինքնութիւնը կազմուած է ոչ միայն վսեմաշուք նշանաւորներէն ու զուարճալի պատմութիւններու թեթեւ աւարտէն, այլ շա՜տ աւելի կարեւոր բաներէ:

Արա Պալիոզեանի նուիրուածութիւնը առաջին հերթին կը սնանէր այն հիասթափութենէն, որ ան ապրեր էր` չյաջողելով միակ ճշմարտութեան հարցին մէջ. հայ գրականութիւնը համապարփակ գրաւչութիւն ունի, զոր ոչ ոք չ’ընդունիր: Դժուար է չպատկերացնել, որ ան համաձայն է «Անցորդը եւ իր ճամբան»ի առաջին էջին մէջ յայտնուած այս տողին հետ. «Ամէն մի խորհող հայ` մրրկահար այս դարու ալիքների կատարին` նմանում է յուսահատ ռադիօ կայանին, որ անյայտ տարածութիւններին պատգամներ է ղրկում, բայց ոչ մի պատասխան չի ստանում»: Պալիոզեան երբեք յոյսը չկտրեց, որ հայ գրականութիւնը պիտի արժեւորուի: Ան հետամուտ կերպով կը գովէր հայ գրողները` ընդամէնը անտեսուելով թէ՛ գրական վերնախաւին եւ թէ՛ ընթերցողներուն կողմէ կեանքի ընթացքին եւ անորմէ յետոյ: Անոր աշխատանքին միակ հանրային ապացոյցը այն մէկ ծանուցումն էր «անվստահելի» հայկական ընկերային ցանցին մէջ եւ, իհարկէ, անոր թարգմանութիւնները:

Հարիւրամեակներու հայ գրականութիւնը կը մնայ չթարգմանուած:

Հարիւրամեակներու հայ գրականութիւնը կը մնայ չթարգմանուած: Ինչպէս «Ասիմթոութ» հանդէսի փոխ-խմբագիր Անտրէա Սքրիտոն գրած է 2018-ին, «զարմանալի է, որ Ք.Ա. 400-ականներէն թուագրուող վաղեմի գրական աւանդութիւններ ունեցող երկիրը գրական ժառանգութեան մեծ մասը չէ թարգմանած անգլերէնի»: Սկզբնաղբիւրային /բնագիր/ թեքսթերու սակաւութիւնը գրեթէ հաստատապէս խոչընդոտած է թարգմանական գործերու առկայութեան: Մեծ ցանկութիւն, հետաքրքրութիւն կամ հակում ունեցող ոեւէ մարդու համար թարգմանելու ճոխ հնարաւորութիւններ կան, նոյնիսկ եթէ ան միայն իրեն համար կը թարգմանէ: Եթէ անթաքոյց կողմնակալ տեսակէտս չհամոզեց, որ հայերէնէն թարգմանելու անվեհեր ջանքերու կարիքը կայ, հաւանաբար լորտ Պայրընը ատիկա կ’ընէ: Ան քանի մը ամիս հայերէն սորված է, աշխատած է սեփական թարգմանութիւններուն վրայ եւ նկատած է, որ «ճոխ է հայոց լեզուն, եւ առատօրէն կը վարձատրուի ան, որ կ’ուսումնասիրէ զայն»:

Անգլիոյ մեծագոյն բանաստեղծներէն մէկուն հաւաստումին աւելցնելու բան մը այլեւս չկայ: Սակայն խնդիր մը առկայ է. նոյնիսկ յիսուն տարուան թարգմանական գործունէութեան շնորհիւ Պալիոզեան չյաջողեցաւ ապահովել հայ գրականութեան վերածնունդը, ինչին յոյսը ունէր: Անոր մահէն ամիսներ անց սկսայ կասկածիլ. արդեօ՞ք ի զուր չեն արեւմտահայ գրականութիւնը անգլիախօս ընթերցողին համար թարգմանելու ջանքերս: Ի՞նչ իմաստ ունի, եթէ ոչ ոք պիտի հրատարակէ, ալ չեմ խօսիր ընթերցելու մասին:

***

Այս անդրադարձը սկսած էի մտմտալ Պալիոզեանի մահէն կարճ ժամանակ անց եւ պէտք է աւարտին հասցնէի 2020-ին: Գուցէ շա՜տ ուշ յայտնուեցաւ, սակայն երբեք այսքան արդիական չէր: Մինչ մնացեալ աշխարհը մէկ անգամ կ’ապրի պատմութիւնը, հայերը երկու անգամ կ’անցնին անոր մէջէն: Անցեալ տարի Թուրքիա եւ Ազրպէյճան նոր պատերազմ սանձազերծեցին Հայաստանի դէմ այն տարածքին համար, որ Հայաստանի մասն է եղած տակաւին Ք.Ա. 5-րդ դարէն: Ազրպէյճանցի օգտատէրերը ընկերային ցանցերը ողողեցին հայերը եւ մեր մշակոյթը պարսաւող հաղորդագրութիւններով, հրապարակեցին սոսկալի գլխատումներ եւ ռմբակոծուող եկեղեցիներ պատկերող լուսանկարներ` երդուելով բնաջնջել բոլորս, մինչեւ վերջին հայը: Անհնար է զուգահեռներ չգծել այսօրուան եւ 1915-ին միջեւ, քանի որ հերթական ցեղասպան զտումը կը թարախակալի, մինչ միւս երկիրները մէկ կողմ քաշուած են․ այս անգամ զանոնք շեղած է ոչ թէ համաշխարհային պատերազմը, այլ Քովիտ-19-ը:

Թարգմանութիւնները քննելու ատեն յաճախ հարց կը ծագի` ինչպէ՞ս մօտենալ թարգմանութեան: Բայց հազուադէպ կը հարցնենք` ընդհանրապէս ինչո՞ւ կը թարգմանենք:

Թարգմանութիւնները քննելու ատեն յաճախ հարց կը ծագի` ինչպէ՞ս մօտենալ թարգմանութեան, ի՞նչ մեթոտաբանութիւն կիրառել, որ լեզուի մը մտապատկերներն ու պերճախօսութիւնը հնարաւոր ըլլայ փոխադրել մէկ այլ լեզուի: Բայց հազուադէպ կը հարցնենք` ընդհանրապէս ինչո՞ւ կը թարգմանենք: Դիւրին, զուարճալի պատասխան մը կայ. թարգմանիչը ընթերցող մըն է, իսկ բոլոր ընթերցողները նոյն խանդավառ ակումբէն են: Մինչ թուային այլ զուարճութիւնները դուրս կը մղեն գեղարուեստական արձակն ու բանաստեղծութիւնը, կը փորձենք մեր սիրեցեալ ընթերցանութեան համար երկրպագուներ հրապուրել` անվերջ պաշտպանելով մեր բացայայտած պատմութիւնները իրենց իսկ անունէն, եւ անչա՜փ փոքրաթիւ են անոնք, որոնց երբեւէ մեղադրած են անյագուրդ ընթերցանութեան համար: Ամէն բանէ առաւել կը թարգմանենք սոսկ յանուն մեզի, որպէսզի ըլլայ եւս մէկը, որուն հետ կը կիսենք այդ պատմութիւնները:

Դժուար պատասխանը շա՜տ աւելի երկար է:

Ազգային մեծամասնութիւններու եւ փոքրամասնութիւններու լեզուներէն կատարուած ու հրատարակուած թարգմանութիւններուն միջեւ անհաւասարակշռութիւն մը գոյութիւն ունի: Հրատարակութիւններուն մեծ մասին բնագիրը եւրոպական նոյն լեզուներու շարքէն է` սպաներէն, ֆրանսերէն եւ գերմաներէն, թերեւս գումարած ռուսերէնը, ճաբոներէնն ու քորէերէնը, եթէ հրատարակիչը անոնց տպագրումը «բազմազանութիւն» կը համարէ: Ընդհանուր առմամբ, ինծի համար ընդունելի է լեզուներու վերոյիշեալ շարքը սահմանափակելու որոշումը. հրատարակչական գործը նուրբ է եւ փխրուն, ներյատուկ վտանգներ կան զանազան աշխատանքներ հրատարակելու ատեն` սկսնակ գրողներու գիրքեր, անյայտ թարգմանիչներու գործեր կամ «չստուգուած» լեզուներէ կատարուած թարգմանութիւններ: Եւ այս ջղայնութեան հետեւանքը գրականութիւնը համահարթեցնելն է, աննշան բանի մը վերածելը: Օրինակ, պատկերացնենք Վալերիա Լուսէլիի զայրոյթը, երբ լսէ, որ լատին-ամերիկացի գրողը այսօր պարտաւոր է Պալանէոյին նմանիլ, այլապէս չի հրատարակուիր /ան այդպէս արտայայտուած է «Դէմքեր ամբոխին մէջ»ին մէջ, զոր թարգմանած է Քրիսթինա Մաքսուինին/: Թարգմանուող լեզուներու ուսումնասիրման հրատապ խնդիրները այժմ կը գերակշռեն մշակոյթը կարգաւորողներու դրսեւորած աշխուժութեան, բոլոր առումներով. ո՞վ կ’որոշէ, թէ ի՞նչն է արժանի հրատարակելու, անոնք կը գնահատե՞ն, թէ՞ կը սեփականացնեն ներկայացուած գործը: Մինչ ընթերցողներուն համար տօն է, որ համաշխարհային գրականութեան աւելի շատ նմոյշներ կը հասնին իրենց, պէտք է հարցնել` որտեղէ՞ն այդ պատմութիւնները, անոնք իրօ՞ք կ’արտացոլացնեն այն մշակոյթը, որմէ կը թարգմանուին, թէ՞ սոսկ կը վերահաստատեն արդէն առկայ պատումներն ու գաղափարները, որոնք շատոնց կը գերակշռեն ազգային մեծամասնութեան լեզուով ստեղծուած գրականութեան մէջ:

Ընթերցողի մը մշակոյթէն ու գաղափարներէն տարբերող մշակոյթին եւ գաղափարներուն վրայ ուշադրութիւն հրաւիրելէն զատ թարգմանութիւնը ընթերցողին իր իսկ գրական ժառանգութիւնը ուսուցանելու ներուժը ունի: Ազգային մեծամասնութեան լեզուով թարգմանութիւնը յաճախ սեփական պատմութիւնը հասանելի դարձնելու միակ ուղին է սփիւռքի այն ներկայացուցիչներուն համար, որոնց մայրենի լեզուն անհասանելի է ճնշումներու կամ ձուլման պատճառով: Պատմութիւններ պատմելը սոսկ զուարճալիքի ձեւ մը չէ, անիկա նաեւ անվերջանալի յիշողութիւն մըն է:

Պատմութիւններ պատմելը սոսկ զուարճալիքի ձեւ մը չէ, անիկա նաեւ անվերջանալի յիշողութիւն մըն է:   

Ազգային փոքրամասնութեան լեզուով խօսողներս պարտաւոր ենք յանձն առնելու թարգմանութեան լուրջ պատասխանատուութիւնը: Ընթերցողը սոսկ հայ գրականութեան կարիքը չունի, ան Եւրոպայէն դուրս պատմութիւններու կարիքը ունի, յետգաղութային երկիրներու եւ անոնց մասին պատմութիւններու կարիքը ունի, անհետացող լեզուով պատմութիւններու կարիքը ունի: Սա է միակ իրական ուղին վստահանալու, որ մեզ ազնուօրէն կը ներկայացնեն: Մեր թարգմանութիւններուն միջոցով կարեկցանք կը ցուցաբերենք ազգային մեծամասնութեան լեզուով ընթերցողին, մեր աշխատանքը անոր հրաշալի հեքիաթներ կը բերէ, որոնք այլապէս երբեք պիտի չգիտնար: Պալիոզեան հասկցած էր այս եւ ընթերցողները կը խրախուսէր հեղինակի գործին մասին դատել «որպէս մարդ արարածներ, ոչ թէ որպէս հայեր»:

Որեւէ լեզուով գրականութեան թարգմանութիւնը անվերջանալի ձեռնարկ է: Եւ ազգային փոքրամասնութեան լեզուէն թարգմանութեան կարիքը ունինք ոչ թէ այն պատճառով, որ հնարաւորութիւն կը փնտռենք գրական գոհարներու ցանկերուն եւ տարբեր ժողովածուներու մէջ ընդգրկուելու, այլ լոկ մեր գոյութիւնը հաստատելու համար: Նման փորձը վեր է հայ գրականութիւնը պարզապէս անտեսելէն եւ կը վերաբերի բնիկ ժողովուրդները աշխարհի երեսէն ջնջելու ցանկութեան չէզոքացման: Ազգային մեծամասնութեան լեզուն կարիքը չունի մտահոգուելու, որ իր պատմութիւնները պիտի գրուին անհետացող թանաքով, իսկ մենք ունինք: Որքան աւելի հասանելի կը դառնան ազգային փոքրամասնութիւններու լեզուներէն կատարուած թարգմանութիւնները, այնքան վաւերական բնոյթ կը ստանան, այսպէս կոչուած, համաշխարհային գրականութեան մէջ անհամաչափօրէն ներկայացուած միւս լեզուները: Տեղահանուածներու ժառանգներս պարտաւոր ենք յիշատակի եւ պահպանման գործողութիւններ իրականացնել ոչ միայն մեր մայրերուն ու հայրերուն եւ վերապրածներուն անվնաս շառաւիղները յարգելու համար: Նման կերպ կը վարուինք, որպէսզի ոգեշնչենք մեր եղբայրներն ու քոյրերը, որոնց պատմութիւնները թաղած են նուաճողական մեքենայութիւնները: Մենք մեզի պատմութիւններ չենք պատմեր միայն այն բանին համար, որպէսզի ապրինք, մեր պատմութիւնները կը պատմենք ուրիշներուն, որպէսզի վերապրինք:


Հեղինակին մասին.

Կարէն Թորիքեան գրող է, ակնարկագիր, անգլերէն կը թարգմանէ արեւմտահայերէնէ: Գրական թարգմանութեան ծրագիրով վերջերս աւարտած է Իսթ Անկլիայի համալսարանին մագիստրոսականը, այժմ Քոլոմպիայի համալսարանին մէջ գեղարուեստական գրականութեան գծով գեղեցիկ արուեստներու մագիստրոսականի թեկնածու է: Իր նախաձեռնութեամբ, այս տարի Իսթ Անկլիայի համալսարանի հրատարակչական ծրագիրին ծիրին մէջ լոյս պիտի տեսնէ ժամանակակից արաբական գրականութեան Mo(a)t ժողովածուն:

Արամ Արսէնեան թարգմանիչ է եւ արձակագիր, Հայաստանի գրողներու միութեան անդամ է 2001-էն:
Աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական կաճառի ռոմանագերմանական բաժինը, աշխատած է Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան մէջ, դասաւանդած է Երեւանի պետական եւ Վ. Պրիւսովի անուան լեզուագիտական համալսարաններուն մէջ: Անոր պատմուածքները, թատերգութիւնները եւ թարգմանութիւնները տպագրուած են հայաստանեան եւ արտասահմանեան թերթերու եւ ամսագիրներու մէջ: Անգլերէնէ թարգմանած է քառասուն գիրքեր եւ գրական ժողովածուներ եւ աւելի քան 30 գեղարուեստական ֆիլմեր (անգլերէնէ եւ ռուսերէնէ):

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x