Առցանց կրթութեան մարտահրաւէրները

Որպէս համաճարակ, Covid 19-ը դարձաւ համամարդկային սպառնալիք՝ կասեցնելով գրեթէ ամէն տեսակի գործունէութիւն, ներառեալ՝  կրթականը։

Կրթական գործունէութեան դադարեցման հետեւանքով, առցանց ուսուցումը նկատուեցաւ որպէս առկայ կրթական միակ հարթակն ու հնարաւորութիւնը: Կրթական եւ ուսումնական նիւթեր մշակելու համար պէտք էր օգտագործել համացանցն ու այլ կարեւոր արհեստագիտական գիտելիքներ, որոնք հիմքը պիտի կազմէին առցանց ուսուցման։

Թէեւ թուայնացումը նորութիւն մը չէր կրթական մարզին համար, եւ անիկա տարիներ շարունակ մաս կը կազմէր շարք մը երկիրներու բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու համակարգին, Covid-19-ի ստեղծած համաշխարհային փոփոխութիւնը ստեղծեց այնպիսի իրավիճակ մը, ուր բոլորը ստիպուած էին յարմարիլ անոր պարտադրած նորութիւններուն՝ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ: Մինչ այդ, օգտագործուող ուսուցման համակարգը պէտք է տեղի տար, ճամբայ բանալու համար արհեստագիտական սարքերու, կիրառումներու եւ համացանցին՝ կրթական եւ ուսումնական նոր հորիզոն մը բանալով առնչակից կողմերուն առջեւ։

Մասնագէտներու եւ հետազօտողներու համաձաին, այս հազարամեակին սկիզբէն իսկ, արհեստագիտական նորութիւններու աշխարհին մէջ համացանցի հասանելիութեան աճը բարձրացուցած էր առցանց ուսուցման հանդէպ խանդն ու հետաքրքրութիւնը։ Այսուհանդերձ, համաճարակի ընթացքին առցանց կրթութիւնը պէտք է նկատել «արտակարգ վիճակի հեռակայ ուսուցում», որովհետեւ անիկա կը հակասէր որակաւոր եւ արդիւնաւէտ առցանց ուսուցման. հոն կը պակսէին խնամուած ծրագրումն ու ձեւաւորումը, ինչպէս նաեւ՝ մասնագիտական եւ արհեստավարժ զարգացման հեռանկարները։

Հասարակական հեռաւորութիւն պահելու եւ առ այդ Covid 19-ի  համաճարակին տարածումը կանխելու նպատակով, աշխարհի տարածքին դպրոցներու եւ համալսարաններու փակումը ստիպեց կրթական պատասխանատուները՝ արագօրէն փոխելու ուսումնական կիրարումները եւ որպէս միակ հնարաւոր տարբերակ ստեղծել հեռակայ ուսուցման հարթակներ՝ ներկայացնելով դասանիւթերու առաքման եւ տեսադիտման միջոցներով գնահատման նոր կարելիութիւններ։

Այս բոլորը շատ աղէկ։ Սակայն գործնական գետնի վրայ, ինչպէ՞ս պիտի ընթանար այս բոլորը։ Որո՞նք էին մարտահրաւէրները։ Արդեօք այնքան ալ դիւրին է՞ր այս քայլը առնելը։

Մեկնելով Լիբանանեան իրականութեան, ներկայ ուսանողներն ու ուսուցիչներուն մէկ մասը վստահաբար կարելի է նկատել «թուայնացած աշխարհի բնիկներ», որովհետեւ ծնած ու մեծցած են թուայնացումի ժամանակաշրջանին, եւ կ’ակնկալուէր, որ անոնք ունենային արհեստագիտական բաւարար գիտելիքներ։ Սակայն, անոնց զգալի մասը չունէր ակնկալուած հմտութիւնը, որուն վրայ կ’աւելնային այլ մարտահրաւէրներ, ինչպէս՝ համաճարակի պատճառած անհանգստութիւնը, տնտեսական եւ  ընկերային հարցերը, սարքերու անհամապատասխան որակները (սարքերը երբեմն այնքան հին էին, որ կարելի չէը ըլլար զանոնք օգտագործել որոշ աշխատանքներու համար)։

Մեծ թիւ մը ուսուցիչներու պատրաստ չէր հեռակայ կարգով բարձրորակ դասաւանդութեան, աշակերտին մնայուն ուշադրութիւնը ապահովելու, ինչպէս նաեւ՝ գնահատման վաւերական եւ վստահելի  համակարգ օգտագործելու։ Կային այլ դժուարութիւններ, ինչպէս գրաւորներու ընթացքին զեղծարարութիւնները կանխելու կամ վերահսկելու չափազանց մեծ դժուարութիւնը կամ նոյնիսկ անկարելիութիւնը, համացանցի վատ կապը, ելեկտրականութեան հոսանքի ընդհատումները եւ այլ  խնդիրներ։

Առցանց ուսուցման այլ  մարտահրաւէր մըն էր աշակերտին ուշադրութեան շեղումը։ Ընտանիքի անդամներու եւ երբեմն նոյնիսկ տնային կենդանիներու անսպասելի ներկայութիւնը կամ յառաջացուցած աղմուկը արագօրէն կրնար ընդհատել դասաւանութեան մասնակցողներուն կեդրոնացումը։ Տան մէջ գտնուելով՝ առանց դասատուին կողմէ հնարաւորինս պատշաճ եւ արդիւնաւէտ վերահսկողութեան, աշակերտը արդէն իսկ ենթակայ կը դառնար ցրուածութեան եւ անկարգապահութեան։

Ժամանակի կարգաւորումը առցանց ուսուցման ընթացքին կը դառնար ուրիշ մարտահրաւէր մը աշակերտին համար, որովհետեւ ստեղծուած այս վիճակը նախապէս փորձուած չէր անոր կողմէ, այնպէս, որ ինք ստիպուած ըլլար ստանձնել իրեն համար նոր պատասխանատուութիւն մը եւ պատրաստել անհատական իր ժամանակացոյցը։ Ուսուցման այս նոր եղանակը կը պահանջէր բոլորովին այլ տեսակի աշխատանք։ Հոն ուսանողը կարիքը ունէր լուրջ ծրագրաւորումի՝ արդիւնաւէտօրէն տնտեսելու համար իր ժամանակը։

Առցանց դասընթացքներով, ուսուցիչը կը ներկայացնէ ընթերցանութեան նիւթեր,  կը վարէ կենդանի զրոյցներ, կը փոխանցէ առաջադրանքներ, նամակներ, դասախօսութիւններ, կը ձայնագրէ տեսանիւթեր եւ այլն․․․։ Հակառակ այս բոլոր աշխատանքներուն, կարգ մը ուսանողներու համար այս բոլորը կրնան նուազ գրաւիչ եւ նուազ ուսուցողական համարուիլ՝ համեմատած աւանդական դասաւանդման ձեւին։ Մանաւանդ այն աշակերտները, որոնք կրթական դժուարութիւններ ունին առաւել չափով դէմ յանդիման եկան նոր խոչընդոտներու՝ չկարենալով փոխանցել իրենց մտահոգութիւնները, ուսուցիչին հետ դէմ յանդիման շփման բացակայութեան պատճառով։ Իսկ այն դասանիւթերը, որոնք աւելի շատ գործնական փորձի կարիքը ունէին, գրեթէ անհնարին կ’ըլլար լիարժէք փոխանցել ուսանողին։

Աւանդական դասարաններէն դէպի առցանց ուսուցման անցումը դժուար հանգրուան մըն էր աշակերտին, ուսուցիչին եւ ծնողներուն համար։ Թուանացած ուսուցման միջավայրը չի կրնար փոխարինել աւանդական դասարանը, որովհետեւ ան իր էութեամբ կամ բնոյթով ամբողջովին իրական չէ։ Համացանցով դասաւանդելը թուայնացած իրականութեան մէջ դասաւանդել է, ոչ իրական, որովհետեւ մթնոլորտը իրական չէ։

Վերջապէս, կրթութիւնը միայն առարկայական գիտելիքներու փոխանցում չէ, այլ նաեւ աշակերտներու ընկերային հմտութիւններու եւ մարմնամարզական պատրաստուածութեան զարգացման աշխատանք մը, որ կը ձեւակերպուի տարիներու ընթացքին, աշակերտ-ուսուցիչ փոխ-յարաբերութեամբ եւ դէմ առ դէմ շփումով։

Երբ առցանց ուսուցումը միակ ելքն է, արդէն իսկ ըսելիք չի մնար։ Սակայն միայն առցանց կրթութեան վրայ յոյս դնելը կրնայ խոչընդոտել երեխաներու ամբողջական զարգացումը՝ իր ժխտական հետքը ձգելով անոնց ապագայ մասնագիտական թէ անձնական կեանքին մէջ։

Ըստ կարգ մը ուսանողներու, առցանց ուսումը  անանձնական է, մեկուսացնող եւ ոչ հետաքրքրական․առաւել, անոնք երբեմն այնպէս կը զգան, որ իրենց առցանց ուսուցիչները այդքան ալ հետաքրքրուած չեն իրենցմով։ Աշակերտը կարիքը կը զգայ ուսուցիչի ֆիզիքական ներկայութեան եւ անոր հետ մարդկային փոխ-յարաբերութեան։

Աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ շատեր հարց կու տան, որ արդեօք առցանց ուսուցման ձեւը պիտի պահպանուի՞ յետ-համաճարակային ժամանակաշրջանին, եւ թէ այդ փոփոխութիւնը համաշխարհային կրթութեան մէջ ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ։ Մինչ ոմանք կը կարծեն, որ դէպի առցանց ուսուցում արագ եւ ոչ ծրագրուած անցումը, առանց վերապատրաստման եւ բաւականաչափ փորձի, չի կրնար նպաստել ուսանողի մտային թէ հոգեկան կայուն աճման, ուրիշներ կը հաւատան, որ զգալի առաւելութիւններով կրթական նոր համակարգ մը կրնայ ստեղծուիլ խառնուրդովը առցանց եւ դասարանային ուսուցման։

Ժամանակը ինք միայն կրնայ տալ այս հարցադրումներուն պատասխանները եւ պատկերացումներուն գնահատականը:

Մասնագիտութեամբ մանկավարժ եւ անգլերէնի ուսուցչուհի, մօտ երեսուն տարուայ ուսուցչական փորձառութեամբ՝ Եւա Գորեսեան (Պէյրութ, Լիբանան) լիբանանահայ մամուլին մէջ ստորագրած է մանկավարժական նիւթերու մասին բազմաթիւ յօդուածներ: Պարգեւատրուած է Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան «Երախտագիտութեան» մետալով:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x