Քննական մտածողութեան հիմնական սիւներէն մէկը հարցական դիրքորոշում ունենալն է

Արհեստագիտական եւ մասնագիտական գիտելիքներու կողքին, կարեւոր է նաեւ անհատի մը առարկայական եւ սիսթեմաթիք՝ համակարգային ձեւով մտածելու կարողութիւնը որոշումներու կայացման ու խնդիրներու լուծման գործընթացներուն մէջ, եւ այս է քննական միտքին էութիւնը:

Պարտաճանաչութիւնը եւ հաստատակամութիւնը հիմք` յաջողութեան

Փորձենք գնահատել մանուկներուն պարտաճանաչութիւնը, ինքնամղումը, յարատեւութիւնը, հաստատակամութիւնը, ջանքը, աշխատանքը, կեդրոնացումը... որպէսզի անոնք հասնին աւելի կայուն արդիւնքներու:

Դասաւանդութեան մեթոտի ընտրութիւնը կախեալ է դպրոցի առաքելութենէն

Նախքան մեթոտի մը ընտրութիւնը, հաւանաբար աւելի ճիշդ կ’ըլլայ, երբ դպրոց մը ունենայ իր կրթական փիլիսոփայութիւնը եւ ճշդէ իր առաքելութիւնը... որոնց հիման վրայ հաւանաբար աւելի դիւրին կ’ըլլայ այլ բաներ ճշդելը: