Ընկերային ցանցերուն դերը երեխայի հոգեկան աշխարհին մէջ

Ծնողներու պարտականութիւնն է օգնել երեխաներուն առողջ եւ տրամաբանական յարաբերութիւն մը ստեղծելու իրենց եւ ընկերային ցանցերուն միջեւ, նախքան որ անոնք ինքնուրոյն կապեր հաստատեն համացանցի հետ։

Փոքրամասնութիւններու լեզուներն ու արհեստագիտութիւնը

Արհեստագիտութիւնը կրնայ նպաստել փոքրամասնութիւններու լեզուները հասցնելու աւելի լայն լսարանի մը։ Լեզուական արհեստագիտութեան արագ աճը նոր դռներ կը բանայ այդ լեզուներու պահպանման ու ուսուցման համար` միեւնոյն ատեն այդ խնդիրներուն առնչուող մարտահրաւէրներ ներկայացնելով։

Այսօրուան ընթերցողը՝ վաղուան առաջնորդը

Խրախուսելով եւ օրինակ դառնալով, ծնողներ կարեւոր քայլ մը կ'առնեն իրենց զաւակի ընթերցանութեան զարգացման նպաստելու ճամբուն վրայ, ինչ որ իր կարգին կը նպաստէ պատրաստելու հմուտ, զարգացած եւ վերլուծական մտքով մարդ՝ ապագայ առաջնորդ։

Դպրոց․ տան պարտականութիւնը օգտակա՞ր թէ ո՝չ

Երբ յանձնարարուած տան պարտականութիւնը իր քանակով, ժամանակով եւ նպատակով լաւապէս մշակուած ու կազմակերպուած է՝ ըստ աշակերտին տարիքին, կարիքներուն, ունակութեան եւ հետաքրքրութեան, անպայմանօրէն կ՛ունենայ իր դրական արդիւնքը։